Պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՆԵՐՈՒՄԸ

Թիւթիւնճի՜, սիկարա քէհատը՜, քա՜վ քիպրիթ:

Հիմակ հազիւ տասներկու տարու կայ Ռափիկ. երկու տարի առաջ մեծ հայրը թեւէն բռնէր ու դպրոցէն դուրս հանէր էր` սա տրամաբանական շարժառիթը նետելով թոռանը երեսին. «Ծօ՛, ուսմունքը փուլ մը չընէր, հացերնուս փարան հանելու նայինք, հայտէ նայիմ, հի՛շտ, առ սա խութին»:

Ու Ռափիկ կէս մէթր երկայնութեամբ, քառորդ մետր լայնութեամբ եւ մէկ մետր բարձրութեամբ տուփ մը կախեր էր ճիտէն վար, որուն մէջ կային ծխախոտի զանազան մեծութեամբ տուփեր, սիկարի թուղթի թերթիկներ ու լուցկիի տուփեր, զորս պարտաւոր էր փողոցէ փողոց պտըտցնել, իր մանկային սուր, կերկերահունչ ձայնովը գոչելով.

Թիւթիւնճի՜, սիկարա քեհատը՜, քա՜վ քիպրիթ:

Մեծ հայրը նախ իր խռպոտ ձայնովը կրկներ էր այս բացագանչութիւնը մէկ քանի անգամ եւ մէկ քանի ապտակներ ալ գործնականապէս ազդելով Ռափիկի մտային ու ձայնային լարերուն վրայ, հիմակ կազմած էին սոյն եղանակաւոր ելեւէջով, երբեմն մելանուշ, երբեմն սրտագոչ բացագանչութիւնը, որուն արձագանքը կը թնդար փողոցներուն մէջ, առտուընէ մինչեւ իրիկուն, ամառ, ձմեռ, ձիւնին ու անձրեւին, մերթ սոխակի մը դայլայլին տպաւորութիւնը թողլով, մերթ տխրահունչ վայոցը յիշեցնելով սգատեսիլ բուին:

Խարխուլ, ողորմելի սենեակը, ուր մեծ հայրը ու թոռ կ՚ապրէին, փլփլած տան մը գետնայարկին կրծող խոնաւութեանը մէջ, ուշագրաւ էր իր ներքին կարգ ու սարքովը: Ցածկեկ փողոցի մը անկիւնը, կորաքամակ ու ծերուկ մարդ մը նստած էր, երկայն, սեւ վերարկուի մը մէջ պահած իր ոսկրոտ մարմինը, որուն մէկ մասն անշարժութեան դատապարտուած էր: Վշտալից տարիներ քանդակագործի մը հերիւնին նրբանքովը ակօսներ փորփրած էին անոր երեսին լերկ մաշկին վրայ, անողոք ոլորքներով, ճակտէն մինչեւ վիզը:

Ռափիկին մեծ հայրն էր այս մարդը: Դէմքին դաժան ու խեռ արտայայտութիւնը, մորթին փոթերէն շեշտուելով, ահարկու տպաւորութիւն մը կը թողուր: Պղտոր ապակիներով ու Ժանգոտած ողորմելի ակնոց մը ոսկրացից քիթին վրայ կը հանգչէր միշտ, աչքն անքթիթ յառած լուցկիի տուփերուն խառնիխուռն զանգուածի մը վրայ, որուն մէջ շարունակ կը պտըտէին իր չոր ու ծռմռկած մատները, լեցուն տուփերէն գողնալով ու պարապները լեցնելով: Իր ճիշդ քովը, գետնին վրայ կը պառկէր երկայն, սեւ գաւազան մը, որ իր անթացուպն էր, եւ ի հարկին, իր ահարկու զէնքը, որուն յատկութիւնները խղճի մտօք սերտած էր փոքրիկ Ռափիկը:

Ուրիշ մանր-մունր առարկաներ կը գտնուէին այդ գարշահոտ խուցին մէջ, երկու-երէք մրոտած փոքր սաներ, կրակարան մը, որմադարանի մը մէջ կանթեղ մը, մէկ-երկու պնակներ, հին դեղնած սաղմոս մը եւ այլն:

Տախտակամածը ծածկուած էր եղի ու կերակուրի թափթփուքներու ահագին արատներով: Երկու պատուհաններուն ապակիները կ՚երեւային փտած ճաթռտած վարագոյրներու մէջէն` աղտոտ ու փոշեթաթաւ: Այդ գարշելի խուցին մէջ թափանցող նուաղկոտ լոյսը թախծկոտ տխրութիւն մը կը ցանէր հոն, առարկաներու գիծերը տարտղնելով, իրար խառնելով, ու սրտամորմոք ամբողջութիւն մը արտադրելով: Ու այս ամէնուն մէջ, շարժուն միակ բանը բազմոցի մթազգած ծերուկին երկար, ոսկրոտ մատներն էին, որոնք դողդոջուն գծեր ու շրջաններ կը ձեւացնէին օդին մէջ, լուցկիի տուփերուն մէկէն միւսին երթալով շարունակ, լուցկիի կոյտեր կազմելով պարապ տուփերուն համար, որոնք իր բացէն շահը կը ներկայացնէին, եւ որոնց վրայ կը յառէին իր մթաշող, խաժ աչուըները, թաւաստեւ, սպիտակախառն յօնքերուն տակէն:

Հաճի Մարտիրոս կսկիծ տեսած մարդ էր, հաստաբուն կաղնիի պէս մինակ ինք անխախտ մնալով այն մահաբոյր քամիներուն դէմ, որոնք բիրտ ուժգնութեամբ առեր տարեր էին իր «ճիյերներ»ը, հետզհետէ պարապութիւն բերելով իր շուրջը, խեղճութիւն սփռելով:

Եւ կսկիծն ալ կարծրացնելով այդ ծերացած, դառնացած սիրտը, անտարբերութիւն, սոսկալի անզգածութիւն առաջ բերէր էր: Ա՜լ մահուան աւերներն բնաւ սոսկում չունէին հիմակ, ամէն բան եղած լմնցած էր. ինքը կը մնար ու իր Ռափիկ թոռը, որուն գոյութիւնը միայն անոր համար կարեւոր էր իրեն, վասնզի անոր աշխատանքին արդիւնքով կ՚ապրէր, ինք աւելի գոհ կ՚ըլլար, եթէ ան ալ մեռնէր: Կը կարծէր, որ իրեն կը յիշեցնէր իր բոլորտիքէն անհետացած դէմքերը. ու երբ մէջտեղէն վերնար տղան, Հաճի Մարտիրոս պիտի ըսէր, թէ ասանկ եկած է աշխարքի վրայ, միս մինակ ու ասանկ պիտի երթայ:

Իր կեանքը աշխարհքի վրայ կեդրոնացած էր լուցկիներու, սիկարի թուղթերու եւ ծխախոտի տուփերու մէջ, զորս առտուընէ մինչեւ իրիկուն մատներուն մէջէն կ՚անցընէր շոյելով, փայփայելով ու շտկրտելով անընդհատ, իր միտքն յոգնեցնելով միայն այն ապօրէն միջոցներուն վրայ, որոնցմով կրնար աւելորդ շահ մը ընել:

Տարի մը առաջ, երբ իրիկուն մը կռուփի հարուածներ կ՚իջեցնէր փոքրիկ Ռափիկին, յանկարծ թուլութիւն մը զգացեր էր ձախ կողմին վրայ, ու մասնակի անդամալուծութիւն մը անզգայացուցեր էր իր ձախ ոտքն ու ձեռքը: Բազուկը մասամբ առողջացեր էր, բայց սրունքը նոյնը կը մնար միշտ ու այս պատճառով խուցին մէջ մտէր էր այն խոշոր անթացուպը, որ ճշմարիտ պատուհաս մըն էր եղած Ռափիկի գլխուն:

Մութը կը կոխէր, նոյեմբերի ցրտախառն այն մութը, որ մռայլով ու թախծութեամբ շինուած է: Հաճի Մարտիրոս ակնոցը հանէր էր ու իր պղտոր աչքերովը փողոցը կը դիտէր, երբեմն քթին տակէն մրմռալով.

Աս լակո՞տը վուր մնաց, ա՜խ, էյեր նորէն պակաս է նէ…

Ու աջ ձեռքովը անթացուպը կը շոյէր, դէմքի աղէտալի ծամածռումով մը:

Յանկարծ ծերունին վեր առաւ գլուխը, որսի շան մը պէս ականջները տնկելով. իրիկնամուտի յարաճուն հանդարտութեան մէջէն հեռաւոր, սրտագոչ ձայնի մը արձագանքը լսուեցաւ:

քէհատը, քիպրիթ…

Ծերունիին նուաղկոտ աչքերուն մէջ շողիւն մը փայլեցաւ ու անմիջապէս մարեցաւ:

Ան է, մրմռաց ու դողդոջ ձեռքովը շօշափեց իր անթացուպը, որ անորոշ կերպով կ՚ուրուագծուէր սենեակին մութ յատակին վրայ:

Մէկ քանի վայրկեան ետքը խարխուլ դռան բացուիլը կը լսուէր ու ծերունիի նստած սենեակին սեմին վրայ երեւան կ՚ուգար զգոյշ ու վախկոտ շարժումներով փոքր մարմինը Ռափիկին, վիզէն կախուած ունենալով իր քառակուսի տուփը:

Հազիւ երեւցած էր, ծերունին խեղդուկ ձայնով մը պոռաց.

Ծօ Ռափիկ, ինչո՞ւ ուշ մնացիր:

Տղան վարանեցաւ, դողաց, շուրթերը շարժեց ու կմկմաց.

Տէտէ, միւշտէրի էլաւ…

Վա՛յ, բէք աղէկ, հոս բեր նայիմ, ի՞նչ ծախեցիր…

Ռափիկ քիչ մը քաջասրտուած, յառաջացաւ մինչեւ ծերունիին ցած բազմոցին առջեւ ու վիզէն հանեց տուփին կապը:

Դաժան ծերուկը «սա խանտիլը վառէ» պոռաց, մինչ իր դողդոջ մատներն արդէն սկսած էին առ խարխափ շոշափել տուփին մէջ եղածները ու քթին տակէն կը մռլտար.

Մէկ, երկուք, երեք…

Ռափիկ վազեց որմադարանին մէջէն առաւ կանթեղը, սրտադողով վառեց զայն ու բերաւ դրաւ մեծ հօրը մօտ, բազմոցին վրայ: Կանթեղը սկսաւ պլպլալ, իր գորշ կարմիր բոցէն արձակելով իւղոտ ծուխ մը, որ ցած ձեղունը կ՚երկարէր մինչեւ, ու երբեմն իր տատանումներուն մէջ չկրնալով ուղղակի վեր ելլել` ծերունիին ճակատը կը մրոտէր: Գարշ հոտ մը սկսաւ տարածուիլ սենեակին մէջ:

Հիմակ Հաճի Մարտիրոսի կռնակը կլորցած էր տուփին վրայ, ակնոցով զինուած աչքերը սոսկալի սեւեռումով կը դիտէին լուցկիի, ծխախոտի տուփերն ու թուղթի թերթիկները, զոր աջ ձեռքին դողացող ազատ մատներովը կը համրէր, բաղդատելով զանոնք դեղնած թուղթի կտորի մը վրայ երեւցող ծուռիկ մուռիկ թուանշաններու հետ: Քիչ մը անդիօք կեցած էր Ռափիկ` աչքերը սարսափի բուռն արտայայտութեամբ մը յառած տուփին վրայ, շուրթերը սարսռուն, վերահաս փոթորիկի մը սոսկումներով համակ: Ծերունին անհողդողդ, աշխարքէն անգիտակ, իր կենսական գործին քննութեանը փաթթուած հոգով մարմնով, ձայն ձուն չէր հանէր, կանթեղին երերուն անփայլ լոյսին մէջ աշխատելով, որուն սեւ ծուխը երբեմն իր ճերմակ լերկ գանկը կը լզուըռտէր: Յանկարծ վեր առաւ գլուխը, ձեռքերը դուրս հանեց տուփէն եւ ըսաւ.

Ծախածներուդ փարա՜ն…

Ռափիկ դողաց, ձեռքը իր բաճկոնին գրպանը խոթեց ու շատ մը մանրուք դրամներ դուրս հանելով` թափեց բազմոցին վրայ. ծերունին սովալլուկ գայլի մը պէս, որ իր ճանկերը կը նետէ որսին վրայ, յափշտակեց առաւ դրամները եւ սկսաւ համրել իր կոշկոռոտ ափին մէջ:

Այդ միջոցին խեղճ Ռափիկին երեսը նայողը անպատճառ մեռած պիտի կարծէր զայն. չէր դողար, մարմինը սառած էր կարծես ու դէմքը դիակի գոյն:

Եւ մէկեն ի մէկ բան մը տեղի ունեցաւ սենեակին մէջ, անգութ, սրտաճմլիկ բան մը, կանթեղին ծխարձակ բոցը ա՛լ կը տատանէր խօլ շարժումներով. Հաճի Մարտիրոս իր տեղը չէր. հիմակ անոր հուժկու հասակը կը ցցուէր սենեակին մէջ, աչքերը բոցարձակ, ճերմակ մազերը գանկին վրայ խառնամառն ու սեւ, ահարկու անթացուպն իր ձեռքերուն մէջ, որ կ՚ելլէր կայծակի սլացումներով, ամէն մէկ էջքին չոր աղմուկ մը եւ սրտակտուր ճիչ մը հանելով, որ կ՚երկարաձգուէր մինչեւ յաջորդ հարուածը, նորէն արձակուելու համար աւելի բարձր, աւելի աղեկտուր:

Հաճի Մարտիրոս իր թոռը կը ծեծէր: Տուփ մը լուցկի եւ տուփ մը ծխախոտ պակսած էին, անշուշտ չարաճճի ստամբակը ծախած էր զանոնք եւ ստակովը պտուղ գնած ու կերած էր. մեծագոյն ոճիրը ընչեղ ծերունիին համար եւ այս քանի՞երորդ անգամն էր. երկու-երեք օրն հեղ մը այս յանցանքը կը գործէր Ռափիկ, ամենեւին չուղղուելով կերած սոսկալի ծեծերէն, ու երթալով ծերունին կը կատղէր, կը սաստկացնէր իր հարուածները, օր մը եւ գիշեր մը անօթի կը ձգէր տղան եւ սակայն չէր կրնար առաջքն առնել այդ աղէտին: Եւ խեղճ տղան ճղիկ-ճղիկ գալով կը պոռչտար.

Աման տէտէ… ոտկդ պագնեմ, տէտէ… էս չառի… էս չկոխծայ…

Պիտի սատկուցունեմ քեզի, շան լակոտ… կը խորդար ծերունին` յուզումէն խեղդուած ձայնով:

Բայց խոնջէնքը եկաւ կասեցուց Հաճի Մարտիրոսին ախտավարակ ձեռքը, պատին կրթնած կը հեւար կուրծքի խժլտացող ելեւէջով մը, ձեռքերը, երկու կողմէն կախուած, կը դողդողային, մինչ Ռափիկ, ահաւոր հարուածներէն խորտակուած, գետնին վրայ կը փռուէր, ցաւագին հեծծիւններ արձակելով:

Ու կանթեղը խօլակերպ շարժումներէն հանդարտած` թուխ բոցը կ՚արձակէր շիփ շիտակ` մուխի գալարներ ղրկելով օդին մէջ դէպի ձեղունը, կէս մութի մէջ թաղելով երկու թշուառ արարածները, Չըքսալընի անշուք այդ անկիւնը, խարխլիկ տան մը խոնաւ, մութ գետնայարկին մէջ:

Ծերունիին մոլեգին ակնարկը, դիւային շարժումներով, կը պճլտար դժգոյն լոյսին մէջ, գառագեղի վանդակին ծակերէն երեւցող անօթի վագրի մը բոցափայլ աչքերուն հանգունակ:

Բայց յուզումն սկսաւ անցնիլ, թունդ ելած ջիղերը հանդարտեցան ու գետնէն առնելով անթացուպը` կաղն ի կաղ մինչեւ բազմոցը գնաց ու դիակի մը ծանրութեամբ ինկաւ անոր վրայ` քթին տակէն մռլտալով.

Մէկալներուն պէս տո՞ւն ինչու չսատկեցար, ան ատեն հաց չէի կտնար ուտելու, էս ալ կը սատկէի:

Կէս ժամ ետքը կանթեղին սեւ մուրն աւելի երկնցած էր ու զազիր հոտն աւելի սաստկացած, Հաճի Մարտիրոսին հերախռիւ գլուխը բարձն ի վար ինկած էր հիմակ, դիմագծերու ահարկու ծռմռկումով մը, բերանը չափազանց բաց, կմախքի մը ցուրտ երախին նման, ու քանի շնչառութիւնը ուժգին հեւքով մը դուրս ելլէր իր հիւանդ սրտէն, երկար գիծ մը կ՚իջնէր կանթեղին մթնագոյն բոցէն լուսաւորուելով:

Անդին, իւղոտ տախտակամածին վրայ, կը ստուերարկուէր փոքր, նիհար մարմինը Ռափիկին, որ մուշ մուշ կը քնանար անմեղի քունով, հակառակ քաշած թշուառութեանը` սիրուն եւ հաճոյալի:

Եւ երկու հանդիպակաց պատերուն վրայ հիմակ անոնց ստուերներն ալ կը խաղային քմշոտ գիծերով, այլանդակ կոտրուածքներով ու երկարաձգումներով. ծերունիին գլուխը իր անդնդային երախին հետ մինչեւ ձեղունը կը բարձրանար ամէն բան կուլ տալու ահռելի թափով մը ու յանկարծ վար կը թաւալէր կանթեղին մէկ փոքր շարժումէն ու մերթ կ՚երթար մինչեւ իսկ կը խառնուէր Ռափիկին շուքին հետ, որ վտիտ ու բարակ գիծերովը անհետ կ՚ըլլար անոր տակ:

Չըքսալըն հանդարտ էր, ծանրաթախիծ հանդարտութիւն մը, որ ճիշդ հակապատկերն է ցերեկի թշուառութեանը եռացող ժխորին: Գիշերապահը ճոկանովը կը տոփէր գետինը, եւ շուն մը, հեռաւոր փողոցէ մը սուր կաղկանձ մը կ՚արձակէր:

 

* * *

Թիւթիւնճի՜, սիկարա քէհատը՜, քիպրի՜թ…

Այս տխրաշունչ վայոցը կը լսուէր դարձեալ փողոցներուն մէջ, փոքրիկ Ռափիկին յաւիտենական ձայնարկութիւնը, որուն զուարթ ու կայտառ շեշտը քիչ-քիչ տեղի կ՚ուտար լալագին եղանակի մը, հեծկլտուքներէ ու հառաչներէ պատռտուած կոկորդէ մը դուրս թռչելով: Մանաւանդ առտուները, երբ բնութիւնը դեռ բոլորովին չէր արթնցած իր մթաստուեր թմրութիւնէն, Ռափիկ առջի գիշերուան գաւազանին հարուածներուն քայքայող ազդեցութիւնէն ընկճուած ու տխրահամակ, գրեթէ լալահառաչ կը հանէր իր ձայնը, ոսկորներուն մէջ զգալով դեռ կծու ցաւ մը եւ իր մանկային երեւակայութեան մէջ հրաշէկ երկաթներու պէս ցցուած տեսնելով հազարաւոր անթացուպեր, որոնք պատրաստ էին ճղճիմ մարմնոյն վրայ ելլել իջնելու անխնայ, ջախջախիչ:

Բայց երբ արեւը կը ծփար երկնքին կապոյտ յատակին վրայ, երբ ոգեւորութիւնը կը տիրէր փողոցներուն մէջ, ու Ռափիկ կը սկսէր առուծախ ընել, իր դեղնած դէմքը վատ երեւոյթ մը կը ստանար, նուաղկոտ աչքերը կը բոցավառուէին ու իր կայտառիկ ու չարաճճի հասակը կը պտտցնէր փողոցէ փողոց, իր երկարաձիգ ու զուարթ կանչն արձակելով.

Թիւթիւնճի՜…

Ու ցորեկները, հակառակ իր մեծ հօր խիստ պատուէրներուն, սովորութիւն ըրած էր փողոցի մը մէջ վար դնել իր տուփն ու հասակակից տղաքներուն հետ զանազան խաղեր խաղալ: Երբեմն ժամէն աւելի հոն կը մնար, տղայութեան անսանձ բնազդին համակերպելով, բայց մէկեն ի մէկ, յեղակարծ վերյիշումով մը, որ պողպատէ դանակի պէս կը կտրէր կ՚անցնէր իր էութենէն, կը մտաբերէր առջի գիշերուան ահաւոր տեսարանը, կը տեսնէր տէտէին դժոխային դէմքը ու ինքզինքին գալով կը թողուր խաղ, զբօսանք, կ՚առնէր ճիտը կանցուներ տուփին չուանը ու աճապարանքով կը հեռանար հիմակ անթացուպը կռնակին մէջտեղին ուտելու սարսափելի զգայութեամբ մը:

Բայց դեռ այդ վերյիշումը չունեցած ու խոյս չտուած, խեղճ Ռափիկ վատ արարքի մը զոհ կ՚երթար, որ իր մատաղ կեանքը կը ջախջախէր: Խաղին ամենէն տաք կէտին, տղաքներեն մէկը, մանրանկարը գուցէ ապագայ այն մարդուն, որ միշտ չարիք հասցնելու հետամուտ պիտի ըլլայ ուրիշներուն, կամացուկ մը, առանց տեսնուելու, կը սպրդէր դէպի Ռափիկին տուփը ու ակնթարթի մէջ բան մը կը թռցուներ անկից, կամ տուփ մը լուցկի, կամ սիկարէթի թուղթ, կամ ծխախոտի ծրարիկ մը, ու չարութիւն մը գործած ըլլալու անգիտակից ուրախութեամբ մը համակ, կը գրպանէր զայն, Ռափիկին մէկնումէն ետք իր ընկերներուն բաժնելու համար այդ անարգ կողոպուտը: Եւ խեղճ տղան, գիշեր-ցերեկ չարաչար յոգնեցնելով հանդերձ իր ուղեղը, չէր կրնար գտնել գաղտնիքը այդ կործանարար անհետացումներուն: Շատ անգամ կը պատահէր, որ առջի գիշերուան ծեծը սաստիկ ըլլալով, չէր ուզէր մասնակցիլ տղաքներուն զբօսանքին, եւ երբ անոնք պատճառն հւսրցունէին, կը բանար իր աղտոտ շապիկին կուրծքը եւ կը ցուցուներ տէտէին իջուցած անգութ հարուածներուն երաշխէպները վտիտ ոսկորներուն վրայ, անսիրտ չարաճճիները, գործին տեղեակ, խնդալէն կը ճաթէին ու դարձեալ կը ստիպէին զայն իրենց հետ խաղալու. Ռափիկին սիրտը չէր դիմանար, վար կը դնէր անիծեալ տուփը ու կը սկսէր վազվռտել, մինչ Գարեգին, չար տղան, իր սովորութեան համեմատ, մատները գաղտագողի կ՚երկնցնէր անոր տուփին մէջ:

Ի՜նչ դժոխային սրտադողով կը պաշարուէր Ռափիկ, երբ արեւը մարը կը մտնէր ու մութի ստուերները կը սկսէին սպրդիլ փողոցներուն մէջ. քայլը առաջ չէր երթար, իր արցունքոտ աղուորիկ աչքերը երկինք կը սեւեռէր` գերագոյն անյուսալի աղաչանքովն առլի, բայց վերջապէս, ուզէր չուզէր, պիտի մտնէր այդ տանջանարանը, գետնայարկի խոնաւ խուցը, ուր. ահարկու ծերունին կը սպասէր, անթացուպը ձեռքն առած:

Երբեմն, իր անքուն գիշերները, կատաղութեան անզօր թափեր կ՚ունենար Ռափիկ, անակնկալ ներշնչումով մը կ՚երազէր գտնել հեղինակն իր չարչարանքներուն, այն աներեւոյթ էակը, որ իր տուփը կը կողոպտէր շարունակ, անխնայ. ու իր մոլեգնութեան մէջ վրէժ մը կ՚ուխտէր, անողոք, վայրագ վրէժ մը այդ անիծածին դէմ: Իր տկար բազուկներուն մէջ կ՚ուզեր խեղդել զայն, ջախջախել գանկը, կտոր կտոր ընել, կոխկռտել, չքացնել: Բայց շուտով զգալով իր անզօրութիւնը, կը սկսէր հօրդ արցունք թափել ու իր կարծր սնարը խածատել յուսահատօրէն…

* * *

«Ձո՛ւկ, ձո՛ւկ, Ռափիկին ձուկը, կ՚ըսէր ամէն մարդ, թարմ, համով, աժան»:

Եւ իրաւունք ունէին. իր ընտրած ասպարէզին պատիւ կը բերէր կորովի, հաստաբազուկ տղան. ամենէն ընտիր, պատուական ձուկերը կը բռնէր ու լեցնելով չավէլայի մը մէջ, փողոցէ փողոց կը պտտցնէր, ալ հիմակ իր հաստցած, մեծագոռ ձայնովը պոռալով.

Թազէ պալըքլա՜ր…

Կթուէր անոնց տեսակները, իր ամբողջութեամբը շրջուն ռեկլամ մը ընելով իր ձուկերուն, որոնց հետ յարգանօք ու փայփայանքով կը վարուէր միշտ, դիզելով զանոնք իրարու քով, զուգաչափօրէն, եւ ձուկի այդ շարքերը արծաթի փողփողումներով կը շողային արեւին տակ: Ամենէն աւելի ինքզինքը սիրցուցած էր իր բարեսրտութեամբը, թաղին ամենէն հարուստները անկից կը գնէին պէտք եղած ձուկը:

Շատ տարիներ անցեր էին այն ատենէն ի վեր ուր Ռափիկ, հազիւ տասներկու տարու, փողոցներուն մէջ ծխավաճառութիւն կ՚ընէր, ամէն գիշեր ծեծ ուտելով տէտէէն։

Իրիկուն մը տուն գացեր էր Ռափիկ ու ապշութեամբ տեսեր, որ տէտէն անթացուպը չի վերցուներ իրեն զարնելու եւ անկիւնը կքած կը հեւար: Անմիջապէս դրացիներն օգնութեան կանչեր էր, որոնք վազեր եկեր էին, բայց ծերունիին վախճանն հասեր էր, հազիւ ժամանակ եղեր էր քահանայ մը բերելու ու հաղորդութիւն առնել տալու մահամերձին, որ իր հուսկ յետին հառաչը չարձկած, թոթովելով ըսէր էր շուրջը գտնուողներուն.

Ռափիկին ըսէք թիւթիւն չգողնայ…

Յաջորդ օրն իսկ Ռափիկ ալ զզուած, մէկ կողմ նետեր էր դժոխային տուփը, լայն ու հանգիստ շունչ մը առնելով:

Ու ձկնորսութեան սկսէր էր, անդիմադրելի կոչում մը զգալով այս արհեստին:

Հիմակ իսկ, որ քսաներեք տարու էր, երբեմն առանձին գտնուած ատենը, մանաւանդ գիշերները անկողնին մէջ սոսկումով կը յիշէր, իր մանկութեան զարհուրելի օրերը, աչքին առջեւ կուգար տէտէին դաժան, ահարկու դէմքը, անոր աչքերուն կատաղի պճլտուքը, երբ զինքը տեսնէր եւ մանավանդ, օ՜հ, մանաւանդ այն հրէշ անթացուպը, որ իր մարմինը կը կործանէր, կը խոշտանգէր, իր քաշած աննկարագրելի տառապանքները, զրկանքները, հապա այն անլուծելի, անմոռանալի առեղծուածը, այն անծանօթ պատճառը, որով ամէն օր իր տուփին մէջէն նիւթեր կ՚անհետանային, ասիկա չէ՞ր գլխաւոր պատճառն իր թշուառութեան ու իր չարչարանքին: Եւ իր կարշնեղ ձեռքերը դեռ մոլեգնօրէն կը գոցէր այս պարագան յիշելով, որ բնաւ միտքէն չէր ելլեր ու կուզէր իր դիմացը տեսնել վատ արարածը, որ այդ անգթութիւնը կ՚ըներ իրեն, ու բզկտել զայն:

Բայց հիմակ գոհ էր իր վիճակէն, գրեթէ երջանիկ էր: Գիշերները ծովուն վրայ կ՚անցուներ շատ անգամ, ձուկ որսալու համար մէկ քանի ընկերներով, ու առտուները, չավէլան գլուխը զարկած, փողոցները կ՚ելլէր, իր ուժեղ ձայնը տարածելով:

Թազէ պալըքլա՜ր

* * *

Ցորեկ մըն էր, աշնան սկիզբը:

Ռափիկ ետ կը դառնար ձուկերուն մեծ մասը ծախած, սիրտը գոհ եւ ուրախ: Փողոցէ մը անցած պահուն, ուր շատ ծանօթ էր Ռափիկ, տունէ մը կանչեցին զինքը: Կարծելով, որ ձուկ պիտի գնեն, վար առաւ չավէլան դրանը առջեւ ու ձեռքերը մէջքին դրած, սպասեց, դուռը կամաց մը բացուեցաւ ու կնոջ վշտայայտ, գրեթէ նոր արցունքոտած դէմք մը դուրս երկննալով, մեղմիւ ըսաւ.

Ռափի՛կ, տղա՛ս, քիչ մը վեր կուգա՞ս… զաւակս կ՚ուզէ կոր քեզի:

Բէք աղէկ, մայրիկս, կա՛մ…, ըսաւ Ռափիկ ձուկերովը մէկտեղ ներս մտնելով, տղադ ի՛նչ պիտի ըսէ քի ինծի…

Կինը հառաչ մը արձակեց: Պատասխան չտուաւ:

Ձկնորսը եէմէնիները հանեց ու բոբիկ ոտքերովը կնոջէն առաջնորդուելով վերի յարկն ելաւ, ուր սենեակ մը մտաւ:

Տխուր պատկեր մը պարզուեցաւ հոն իր աչքին:

Մահճակալի մը վրայ հիւանդ մը պառկած էր կմախաձեւ. երիտասարդ մըն էր անշուշտ, զոր հիւծախտը կրծած ու մահուան դուռը բերած հասցուցած էր, կը հեւար: Սնարին կողմը աթոռի մը վրայ քահանայ մը նստած էր ու քիթին տակէն բան մը կը մռլտար, հոգեվարքներուն աղօթքը:

Ռափիկ ներս մտաւ վարանելով, շփոթուած. իրեն ընկերացող կինը կամաց մը անկողնին մօտենալով, ըսաւ հիվանդին.

Գարեգին, զաւակս, իշտէ Ռափիկը եկաւ:

Հիւանդը էլեկտրական ցնցում մը կրածի պէս, ամբողջ մարմնովը դողդղաց, աչքերը թարթափեց ու ակներեւ ճիգով մը բացաւ զանոնք, Ռափիկը տեսնելով իր դէմը, սփոփանքի լայն հառաչ մը արձակեց կոկորդէն, գլխովը նշան մը ըրաւ ձկնորսին, որ մօտենայ:

Ռափիկ արմնալով զարմնալով, մօտեցաւ հիւանդին, քիչ մը յուզուած: Մահամերձը բռնեց անոր գլուխն ու անգոյն շուրթերն անոր ականջին տանելով կամացուկ մը ըսաւ.

Ռափի՛կ, ինծի ճանչցա՞ր…

Չէ՛:

Սա կիտէ՞ս… պզտիկութեանդ թիւթիւն կը ծախէիր տէ… ցորեկները մէկտեղ կը խաղայինք…

Ռափիկ դարձաւ հիւանդին երեսը նայեցաւ, յիշատակները պտրտելով. ու կ՚երեւայ թէ անմիջապէս մտաբերեց.

Ծօ հա՛, Գարեգինը… վա՜յ զաւալլը… ի՜նչ եղար քի…

Պիտի մեռնիմ… ամա մեռնելէս առաջ աֆ ըրէ ըրածիս…

Ի՞նչ ըրիր, քի աֆ ընեմ…

Հիւանդին դիակնային դէմքը ցաւագին կծկում մը ունեցաւ, բռնեց նորէն Ռափիկին գլուխն ու ականջն ի վար փըսփըսաց.

Խութիիդ մէջէն թիւթիւն… թուղթ… քիպրիթ գողցողը ես էի… աֆ ըրէ…

Մռնչիւն մը արձակելով, ետ նետուեցաւ Ռափիկ` դէմքն ահռելի կերպով այլայլած, տժգոյն, սեւեռական, դողահար:

Վա՜յ, տուն էիր հա՛… անօրէ՛ն…

Ու փայլակի արագութեամբ, ակնթարթի մէջ յիշեց իր ամբողջ տառապագին մանկութիւնը, թշուառութիւնը, չարչարանքները, ծեծերը, ամէն բան վերջապէս, որոնց պատճառն էր, միակ պատճառն էր այդ մահամերձ հիւանդը: Ռափիկ իր ուխտին հաւատարիմ, վեր առաւ իր ահարկու սեղմ բռունցքը` մէկ հարուածով ջախջախելու համար այդ անխիղճ, անագորոյն արարածը, բայց կանգ առաւ քայլ մը հեռուն. քահանան, սպիտակամօրուս ծերուկ մը, բռնած էր իր բազուկէն, ու հիւանդը կը ցուցնէր մատովը:

Հիւծախտաւորը, մահճակալին վրայ կռնակի վրայ փռուած, հիմակ աչքերը փակ, կզակը կը շարժէր միայն.

Ա՛ֆ ըրէ… ա՛ֆ ըրէ… ա՛ֆ ըրէ…

Ի՞նյ եղաւ, ի՞նչ զգաց Ռափիկ. վար ինկան իր հուժկու բազուկները, դէմքին ահակու արտայայտութիւնը անհուն արգահատանքի մը փոխուեցաւ, թացութիւն մը շողաց աչքերուն մէջ ու կերկեր ձայնով մը.

Ա՛ֆ ըրի… ախպարս… ա՛ֆ ըրի, ըսաւ ու խենթի պէս դուրս վազեց սենեակին դուռնէն, գահավիժօրէն վար իջաւ, եէմէնիները ոտքը անցուց եւ չավէլան գլուխը զարնելով, փողոցը նետուեցաւ, իր կսկիծին ու ահռելի տագնապին մէջ սա հին վաղեմի բացագանչութիւնն արձակելով.

Թիւթիւնճի՜… սիկարա քէհատը… քիպրի՛թ…

Դրացիները, որոնք պատուհանն էին, շատ խնդացին Ռափիկին այս անուշ կատակին վրայ: