Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՅԱՅՏ ՍԻՐՈՒՀԻՆ

Գիշեր մ’իր տունը տարի խաւարին մէջ առխարխափ

Կոյրի մը պէս իր ճամբան որոնող կին մը օտար,

Որ հեզութեամբ մը հանդարտ ինծի իր թեւը կուտար

Ու կը քալէր իմ քովէս վստահութեամբ, գոհութեամբ։

 

Սե՞ւ էր, թէ՞ շէկ, թէ՞ մեղրի, ցորենի գոյն՝ խարտեաշ, կամ…

Ես չգիտցայ, չուզեցի գիտնալ անգամ, ան ըլլար

Կարծես մութին մէջ աշնան միայն հոգի մը մոլար,

Միայն խորհուրդ մ’որուն միշտ ձայնն իմ հոգւոյս մէջ կը զգամ։

 

Բաժնըւեցանք - կրնայինք փորձել սիրել մենք իրար, -

Բաժնըւեցանք բարութեամբ, կարօտ՝ երկուքս ալ կարծես

Սիրոյ մը՝ որ անկատար սէրերուն պէս չընկճէր մեզ։

 

Եւ գիշերներն ահա մենք՝ յաւերժական սիրահար՝

Տարածութեան մէջ անհուն, չտեսնելով մեզ երբեք,

Խաւարին մէջ կը գտնենք ու կը սիրենք մէկըզմէկ։