Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Եւ իրիկուն մը, գործէս վերջ,

Ես կ’երթայի յոգնած՝ ծորուն

Մըշուշին մէջ, խորհելով պերճ

Ու զուր ու նենգ մեր յոյսերուն,

Երբ ըստահակ մ’իբրեւ ըստուեր՝

Յայտնուեցաւ իմ կողքս ի վեր։

 

Մըշուշին մէջ շողեր արնոտ

Ու շարաւոտ վէրքեր, հեծքեր…

Անցնող ամէն մէկ կառք կարօտ,

Հըզօր հառաչ մը կ’արձակէր։

Ամէն անցորդ իր վիզէն կախ

Կը տանէր իր պատանքը պաղ։

 

Մենք կ’երթայինք, մերթ իրարու

Մօտ, մերթ հեռու, անդնդային

Ժայռերու պէս ցցուած արու

Պատերն ի վար։ Մենք կ’երթայինք,

Ան՝ Արտաւազդ եւ Աժդահակ

Ես՝ հայութիւն կորաքամակ։

 

Բոցերուն տակ կանաչ, դեղին,

Մենք քալեցինք, ան՝ քաջաբար

Ու սուլելով, հպարտ՝ իր հին

Հագուստներուն ներքեւ թշուառ,

Երազելով մահ ու աւեր,

Ես՝ յիշելով զուր խանդը մեր…

 

Ան խինդ ունէր, ես՝ վախ, կսկիծ։

Ան անցեալիս կը նըմանէր։

Հազար դեւեր կուտային կից,

Կը փըլէին անթիւ սիւներ։

Բոց մը կ’իյնար ծառի նըման

Փոթորկումով մը տապալման։

 

Կը խորհէի. կրկին ի զուր՝

Չարիքն այս մեծ, ուրկէ մարդիկ

Կը սպասէին բարիք մը սուրբ։

Տըղան եկաւ մօտըս, մըտիկ

Ըրաւ կարծէք ու հեռացաւ։

Ու տխրութիւն տուաւ ու ցաւ։

 

Ես զգացի. հաւատքն իր խենթ

Յիմարութեանց դարմանն էր միակ՝

Որ կուտար կեանք, ե՛ւ խանդ, ե՛ւ տենդ։

Ան իմ հոգւոյս մէջ աւերակ,

Որ գիտութիւնն այրեց, թափեց,

Իմաստութիւն կը դառնար մեծ։

 

Կանչեր յանկարծ կանչեցին մեզ՝

Ճամբորդներու սիրտը ծակող

Ըսփինքսներու կանչերու պէս,

Մուրճեր յանկարծ եւ ամէն կողմ

Թաւալեցաւ շղթայ մը ծով։

Երկինքը մեզ ծեփեց բոցով։

 

Ու բացուեցան հրդեհավառ

Դռներ իսկոյն՝ ցուրտ փողոցին

Մէջ։ Սուրալով, յանկարծ իրար

Աղերսելով, հալածեցին

Տուներ, ծառեր՝ ձիւն ու ըստուեր

Գրկած՝ ելան երկինքն ի վեր։

 

Կը թափէին հուր ու պողպատ։

Կը տեղային արնոտ միսեր։

Կը վառէին մայթ, ծառ ու պատ։

Տըղան յանկարծ ինծի կ’ըսէր.

-Ես աւելի ազատ եմ քան

Դուն, դուն քու մէջդ աքսորական…

 

Եւ երբ կանչել զայն ուզեցի

Վիրապէն ներս փրկութեան, ան՝

Տապալելով ժայռ մը բոցի,

Անհետացաւ խորն իրիկուան,

Ուր փայլակներ կը դողային

Եւ ըստուերներ հըրէշային։