Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՐՕՏ

Իրար հըրող ամէն մէկ ամպի արնոտ երախէն

Յորդող կարմիր լոյսին տակ՝

Հեքիաթային թռչուններ թեւերն իրենց կը բախեն

Մեծ շէնքերուն աւերակ։

 

Ծառերն ոսկի՝ կը ցցուին գիշերին մէջ։ Կը ժայթքին

Շատըրուաններ հըրավառ։

Հրդեհագիծ փամփուշտներ ակերու պէս թանկագին,

Աստղերու պէս կ’իյնան վար։

 

Ու կը սուրան հըրթիռներ՝ դեղին բաշեր հողմակոծ

Նըժոյգներու երկնամուխ։

Հուրիի պէս կը քալէ, հրաշք մը կ’երգէ ամէն բոց,

Պայթող ամէն հըրաբուխ։

 

Օ՜ մանկութի՜ւն, մանկութի՜ւն… Օ՜ իրական կեանքը մեր՝

Անուշ, խաղաղ… կ’աղուորնաս

Գիշերին մէջ այս յիմար, ռումբերուն տակ մահաբեր՝

Կ’ըլլաս կարօտ ու երազ։