Բանաստեղծութիւններ, հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հետագայ  էջերուն  մէջ  տրուած  են  Զահրատի  մեծ  մասամբ  «Ճառագայթ»ի  մէջ  հրատարակուած  ու  գիրքերէն  դուրս  մնացած  վաղ  շրջանի  բանաստեղծութիւնները ինչպէս  նաեւ  թրքերէնէ  կատարած  իր  թարգմանութիւնները, ինքնակենսագրականը…։

Զահրատ 1947– 1951ին «Ճառագայթ»ի մէջ, առաջին թիւէն սկսեալ, ստորագրած է քսաներկու բանաստեղծութիւններ. 1960ին հրատարակուած իր անդրանիկ հատորին մաս կազմած այդ բանաստեղծութիւններէն  միայն վեց հատը, որոնք են՝  Անձրեւ  . I. 21. 5. 1947) Մեհմետ պէյ փողոցը  . 113. 15. 7. 1949) Թաղը  . 114, 22. 7. 1949) Հաճը Պէքիր  . 124, 1. 10. 1949) Պատմութիւն հանրակառքով ճամբորդութեան մը  . 127, 22. 10. 1949), եւ  Կաղանդ պա­պային մօրուքը  . 137, (6. 1. 1950) (տե՛ս Հատոր Ա, էջ 14, 20‚ 29‚ 21, 19‚ եւ 79)։

Յաւելուածը հեռու է ընդգրկելէ Զահրատի վաղ շրջանի բոլոր բանաս­տեղծութիւնները թէեւ տուած ենք «Ճառագայթի»ի մէջ հրա­տարա­կուածները ամբողջութեամբ։