Հայապատում

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Ինչ զարմանալի հոգեբանական բերումն է մարդոյ, որ ի ծագել մտաբացութեանն՝ ախորժի լսել Պատմութիւն կոչուածը. եւ շատ հեղ իր կենաց սննդատուն՝ մայրիկն կամ դայեակն՝ է իր առաջին Պատմաբանն որ զկենսապահ գոյութիւնը (կաթն) երախային շրթանց ծծել տուած ատեն, անոր դատարկ եւ թարմ մնաց այլ ծծել տայ իմաստից ախորժելի սնունդ մի, որպիսի եւ է պատմութեամբ, ըլլայ եւ առասպել, այլ եւ երբեմն (իցէ՜ թէ միշտ) ստոյգ եւ սրբազան աւանդութիւն, որով տղայն ոչ պակաս քան զմարմնոյն՝ այլ եւ աւելի եւս հոգեկան սնունդ առնում, եւ այսպէս շատ հեղ մարդկութեան եւ երկնից ընծայուի իմաստուն մի, հայրենասէր մի, սուրբ մի ինչ անոյշ է այն քունն՝ որ յետ անոյշ կաթին եւ անուչագոյն շրթանց օրօրախառն պատմաբանութեան՝ յափշտակէ զստնդիայն եւ բայց նա քիչ ատենէ եւ արթըննայ նիւթական սնունդն արդէն սպառած է. նորէն կ՚ուզէ եւ կը տրուի. բայց մտաւորն՝ շատ շեղ գոյացեալ կամ տպաւորեալ մնայ մնացը մէջ. եւ թէ եւ փափագի նորէն լսել՝ սակայն ոչ զնոյնն, այլ նման կամ աննման: Շատ վայրենի ոմն պիտի ըլլայ՝ որ ի տղայութեան սիրած չըլլայ զՊատմութիւնս։ Այս յայտնի է հասարակաց. ոչ պակաս եւ այն՝ որ եթէ ամենուն այլ նման է նիւթական սնունդն, բայց մտաորն իրարմէ տարբեր, ըստ զանազանութեան ազգի եւ լեզուի, եւ ըստ տարբերութեան ընտանեկան եւ քաղաքական վիճակի ծնողացն եւ հոգեկան կրից:

Անտարակոյս է որ այդ ազգային եւ լեզուային զանազանութիւնն՝ Պատմութեան զանազան գաղափարներ աւանդէ նորածին մարդոյն. թէ եւ քիչ շատ ամենն այլ հաճոյականք տղայոց, բայց քիչ ատենէ ընտրութեան կարողութիւնն այլ զարգանալով ի մանուկն, հաճոյագոյն կ՚ըլլայ իրեն՝ իր պապերու՝ իր սեփական ազգի պատմութիւնն, իսկ օտարացն՝ ընտրանզք։ Զարմանք չէ ուրեմն որ հայու զաւակն այլ սիրէ զՊատմութիւնս հայուն. շատ խորթ եւ անկիրթ պիտի ըլլայ մէկն՝ որ չզգայ այդ ազգային հաճութիւնը, թ է եւ կրնայ ճանչնալով օտարաց որպիսութիւնն այլ՝ տանիլ կամ չտանիլ ասոնց կամ անոնց եղած ին եւ ըրածին, դատելով հասարակաց մարդկութեան գործերը, կամ բաղդատելով իր ազգն ուրիշներուն հետ. բայց ի վերայ ամենայնի սիրողաբար սաւառնի հայրենեաց զգացումն ի սեփական ազգային Պատմութեան: Դիպուածք եւ գործք կրնան աւելի կամ պակաս սիրելի ընել զհայրենիս, ինչպէս աւելի կամ պակաս զբաղդաւոր եւ ընչեղ ծնողս. բայց ազնիւ սրտի միշտ սիրելի են ծնողքն՝ թ է չարուստ թ է աղ. քատ, թէ բարեբաղդ թէ դժբաղդ- այսպէս եւ Հայրենիքն եւ յիշատակք հայրենեաց։

Եւ որպէս «քաղցրագոյն են մանկան՝ մայրենի քան օտարի շրթամբ աւանդածն, նոյնպէս եւ մեծ տղայոց՝ ամեն հասակի մարդկան (բայց բարեայն մարդկան)՝ իրենց մայրենի լեզուով գրուած Պատմութիւնք Հայրենեաց. պարզապէս ըսել՝ իր ազգային Պատմչաց լեզուով, ոճով, գրով աւանդեալքն, որ կենդանական եւ մտերմական ինչ կ՚ազդեն կիրթ ոգւոյ՝ քան օտարալեզուքն։ Աւելի պարզ ըսելով, Հայրենի պատմութիւնն՝ Հայրենի լեզու կ՚ուզէ. մանաւանդ եթէ այն լեզուն ունենայ իր յատուկ շնորհքն, վայելչութիւնն եւ ճաշակն (համն)։

Բաղդաւոր համարելի է յայսմ մեր ազգն կամ իր ազգային Դպրութիւնն՝ երկու մեծ բարեմասնութեամբ կամ շնորհր– նախ, ոչ սակա թուով Պատմիչներ ունենալով՝ գրեթէ անընդհատ գազար չորս հարիւր տարուան ընթացին մէջ, ինչպէս պիտի ցուցընէ ՀԱՅԱՊԱՏՈՒՄՍ Առաջին Մասին մէջ: Երկրորդ, որ Պատմիչեք մեր բանական վայելուչ յստակ լեզուով եւ ոճով գրած են, եւ ոմանք կատարեալ եւ գերագույն հայկաբանութեամբ, որոց ճաշակ պիտի ընծայէ Երկրորդ Մասին ԳՐՈՑՍ։ Եւ կրնայ Հայն իր առաջին դարուց Պատմաբաններով պարծիլ եւ չնախանձիլ օտարաց, եւ նոյն իսկ դասական կոչուած (Classiques) մատենագրաց։

Միով բանիւ, կրնամ ըսել կամ խոստովանիլ, որ մեր ազգային Դպրութեան աւանդից մէջ հաճոյագոյնն եւ իսկագոյնն՝ իր Պատմագիրքն են, որք եթ է եւ հասած չբլլան ի ճարտարութիւն եւ ի բարձրութիւն քանի մի ճառագարաց եւ երգողաց (Շարականաց), սակայն եւ ոչ շատ վար կամ հեռու մնան։ Ով որ մեր այդ Ճառագրաց, Երգողաց եւ Հին Պատմչաց լեզուն չի հասկանար, իրեն խորթ եւ խրթին կու գայ անոնց ձայնն, եւ անհնար է որ ճաշակէ արժանապէս, այսինքն անոնց Տան՝ քաղցրութիւնն եւ վսեմութիւնն ըմբռնէ, եւ գոհ ըլլայ այժմու կերպ կերպ աշխարհաբար կամ աշխարհաբառ կոչուած բարբարիկ բարբառներով, յորոց գէթ զոմանս մեր Խորենացին կրնար կոչել աղխատրոյզ եւ խեցբեկագոյն։ Սակայն եթէ մէկն ասոնցմով այլ զմայլի, ըստ խրատու հին առածին՝ չեմք վիճեր, բարով վայլէ իր հանածը. բայց չեմը կրնար չկաիլ մեր այժմ գիտնոց եւ հանճարեղ գրչաց վրայ, որ իրենց ոսկեղինիկ նախնեաց՝ Թարգմանչաց Աստուածաշունչ մատենին եւ Ս. Հարց գրոց գերագույն ճաշակը չեն կրնար կամ չեն ուզեր վայլել՝... Հապա ով չցաւի իմ իսկ վրայ՝ որ ոչ միայն գրոցս Երկրորդ Մասին ծանօթութիւններն, այլ եւ ողջոյն Առաջին Մասնը՝ զիջանելով ի պէտս Բամբակաց եւ անէմից՝ բռնադատուեցայ նմանապէս ռամկօրէն գրել, իբրեւ կերպասեղէն եւ ոսկեթել հագուստը թանձր քթանով կարկա. տելով. մանաւանդ որ նպատակս էր՝ ոչ այնքան ազգային պատմութեան գիտելիք աւանդել, որքան մեր Պատմեաց բացատրութիւնը իրենց հարազատ հայրենի լեզուաւ, ինչպէս կ՚ընեն ամեն ազգի ուսուցիչք, իրենց հեղինակաց գրածներէն ընտրանօք Հատուածներ քաղել՝ յօրինակ եւ ի ճաշակ աշակերտաց եւ բանասիրաց:

Ոչ ամէն տեսակ գրուածներէ ընտրեցի այս ճաշակներս, այլ ի Պատմչաց, ըստ վերոյգրելոյս, զասոնք հաճոյագոյն համարելով յընթերցումն քան զայլաւ։ Աւելի այլ հաճոյ եւ դիւր ընելու համար՝ ընտրեցի ժամանակագրական կարգ մի պատմութեան քան Պատմչաց, թէ եւ շատ տեղ զուգընթանան ժամանակք Պատմեաց եւ Պատմութեան. եւ որ եւ է կերպով չի խափանուիր հեղինակաց լեզուի եւ ոճոյ զանազանութիւնն։ Ուզեցի միանգամայն եւ ժամանակի չափ մի սահմանել Պատմչացս, սկսելով ի Դ. կամ Ե. դարու Հեղինակներէ մինչեւ ի ԺԷ, այսինքն մինչեւ ի 1600 թուականն Քրիստոսի։ Ասկէ վար՝ միայն քանի մի Յօդուածք կան, զի կամ Առաքել Դաւրիժացւոյ գրած էն են՝ որ մեր վերջին օրինաւոր Պատմիչն կրնայ համարուիլ, կամ կարեւոր դիպուածք են եւ Հնագույն պատմչաց ըսածը պարզեն կամ լրացընեն։ Վերջին երեք դարուց (ԺԷ. ԺԸ. ԺԹ. ) գրողները թողի, զի ընդհանրապէս անոճ են, եւ լեզունին շատ խանգարած. որոց քիչ շատ նման գտնուին եւ ընտրած Յօդուածոյս մէջ եւս, ինչպէս 381. 387. 391։

Յետ այսր ամենայնի եթ է ընթերցողացս մէկն հարցընէ, թէ ինչու այդչափ (400) Յօդուած միայն առած եմ այնքան Պատմիչներէն եւ Յիշատակագրողների, ասոր պատասխանը գտնէ վերջին (400դ) Յօդուածին գրող մեզմէ հինգ վեց դար առաջ ապրող հեղինակէն: Արդարեւ երկու երեք հազար պատմական տարիներուն մէջ ապրող ազգի մի համար՝ շատ փոքր նմոյշ մի է այդ: Հանդերձ այսու սակաւ կոտորոց (Յօդուածոց) մէջ այլ՝ բանասէր եւ զգայուն միտք կրնան գտնել բաւական ինչ տանելու, սիրելու, նաեւ լալու. - իսկ թէ հարցուի, ինչու այս եւ այն Յօդուածներն են ընտրուած եւ ոչ այլք նմանիք կամ լաւագոյնք, այդոր պատասխանը նոյն ինքն արցընողին թողում, զոր՝ եթէ ինքն այլ ուզէ այսպիսի ինչ հաւաքել, յառաջագոյն պատրաստէ տալու պատասխանը իրեն հարցընողաց: Այսպէս այլ իմանայ խնդրողն՝ թէ ինչու այդչափ միայն քիչ կամ կարճ ծանօթութիւնք գրուած են մեր Պատմութիւնը պարզելու, ստուգելու, եւ այլն. այսչափս կ'ըսեմ՝ կամ՝ կրկնեմ, որ իմ նպատակս չէր պատմութեանց ստուգութիւնը քննադատել, ինչպես հիմայ կ'ընեն ոչ սակաւ բանասէրք մեր (իմաստութեամբ եւ իմաստակութեամբ եւս, չափով եւ չափազանց), այլ մեր հեղինակաց հաւատքն եւ կարծիքը ներկայացընել, ավելի իրենց պատմական ոճը դիտելով քան գիտութիւնը. միայն ուր յայտնի սխալ կամ մրթութիւն կամ տարակոյս կար՝ ուզեցի չակել կամ պարզել որչափ պատշաճ համարեցայ կամ կրցայ:

Չեմ ուզեր գրոցս Առաջին Մասին (որ իմ՝ գործս է) վրայրք գրել. թողում՝ բանասիրաց ճաշակին եւ դատաստանին. միայն յուսամ՝ որ գէթ ոմանք գտնեն նոր ինչ եւ անծանօթ գիտելի, իսկ այլք այլ թերեւս եւ պակաս ինչքան իրենց գիտցած եւ ուզածն։

Գալով առ բովանդակութիւն գործոյս եւ հրատարակութիւն, հարկ համարի խոստովանիլ՝ որ քանի մի տասնեակ տարիներով առաջ սկսած էի հաւաքել այս Յօդուածներս, մասամբ ինքնին, մասամբ ձեռօք ընկերաց եւ աշակերտաց, որոց հիմայ հրապարակաւ շնորհակալ կըլլամ, որք եւ մինչեւ այս ետքի օրերս պէսպէս կերպով շարունակեցին իրենց ձեռնտուութիւնը, իսկ ես յետ այնքան երկար ամաց սկըզբնաւորութեան, այն ինչ անցեալ դարում վերջին տարին (1900) եւ նորոյս առաջին տարին (1901) լրացընելով եւ ծանօթաբանելով զհաւաքածս, յայնժամ՝ գրեցի եւ զԱռաջին Մասն գրոցս, արդէն յոգնած անձամբս՝ եթէ ծերութեամբ եւ եթէ որ եւ է տկարութեամբ, որք (եթ է ներուի ըսելս) ինքնին պահանջեն զանկատարութիւն գործոյս։ Անշուշտ նոր հրատարակեալ բնիկ եւ օտար գրոց եւ օրագրոց մէջ կան կարեւոր գիտելիք այս գործոյս համար, որք կամաւ եւ ակամայ վրիպած են աչքէս, կամ չեմ ուզած երկար քննաբանութեանց առիթ տալ, յորոց թէ եւ օգտուեր եմ, երբեմն, բայց եւ ձանձրացեր ի չարաբանութեանց, եւ չեմ փափագիր ձանձրացընել զուրիշները։

Արդ, որպէս եւ այլք դատին այս երիտասարդութեան մտածութիւնս եւ ծերութեան ծնունդս, որովհետեւ մարմին գործոյս (Յօդուածքն), հարազատ եւ անփոփոխ բանք են մեր նախնեաց, չեմ քաշուիը յուսալու որ ցորչափ պատուին այդ մեր նախնի գրիչք եւ ՊԱՏՄԻՉՔ՝ պատուի եւ անմահանայ անոնց գործն եւ անունն եւ պիտանի ըլլայ: Այսու. յուսով եւ իմ Պատուական Եղբարքս հաճեցան որ ՀԱՅԱՊԱՏՈՒՄՍ այս՝ ընդ գործոց այլոց՝ նուիրի ի Յիշատակ ԵՐԿԴԱՐԵԱՆ ՅՈԲԵԼԻՆԻ հաստատողի Ուխտիս՝ ՄԽԻԹԱՐԱՅ ԱԲԲԱՀՕՐ, եւ կամեցան եւս որ սույն գործս առանձին փոքրադիր եւս տպագրուի ի պէտս եւ ի դիւրութիւն Համբակաց:

Իսկ ես նուաստաբար դնեմ՝ զգործս առ ոտս նոյն իմ հոգեծնող հօրս եւ Նոր մի Լուսաւորչիս Հայոց, պատկառանօք խնդրելով ի նմանէ, որ թէ զայս եւ թէ զայլ նմանիս՝ որոց համար այնչափ ժամանակ կենացս ծախեր եմ (իցէ թէ լաւ եւս ըլլային եւ առ լաւագոյնս), եթէ երբէք զառածեր եմ ասոնց մէջ եւ ոչ միշտ նուիրես առ Կենսատուն իմ Աստուած եւ յօգուտ իմ եւ այլոց, մաղթէ եւ արժանացընէ ներողութեան Նորա (Աստուծոյ). եւ մինչ ահա Տրապցիք երկրաւոր եւ սգաւոր հայրենեաց իբրեւ երազ ցրուին եւ ցնդին յաչացս եւ ի կամաց, բորբոքէ յիս զփափագ վերին հայրենեաց եւ անդատապարտ հասցընէ ի նոյն. որոյ համար եւ յազգասէր եւ բարեսէր ընթերցողացդ՝ խնդրեմ, աղօթս, եւ այլ ինչ ոչ. բայց զի եւ Պատմիչքս եւ Հաւաքողս եւ ընթերցողը՝ ընդ ամենայն սիրողս եւ սիրելիս Աստուծոյ՝ հանդիպինք հօն՝ իրարու, մի անգամ միայն ժպտելով այս սաչուն երկրիս մէջ կրածներնուս եւ գրածներնուս վրայ, եւ ապա միշտ վայելելով զանսպառ ճշմարիտ յաւիտենական Բարին... զՅաւիտենակա՛նն: