Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
4. ՋՐԻՆ ԾԱՌԸ
       * , ու շաչելով, շչելով կ'անցնի հպարտ, խարակներուն առջեւէն՝ որոնց մէջ կարծես զայն իր անպարագիծ յոխորտանքին մէջ արգիլելու շարժումներ ընողներ կան։ Ահա մէկը, որ իր տեղը թողած գացեր, կեցեր է ճիշդ հոսանքին մէջտեղը. եւ անտարբեր ու լուրջ, կուրծքը հեղուկ խարազաններուն հարուածներէն կապուտցած, զայն պիտի պատուաստէ՜ր կարծես։ Քիչ մը վարը, ճիշդ հոն՝ ուր ափունքի քարշէպներուն շղթայէն պրծած, գիւղ պիտի մտնէ վիժանուտ ջուրը, երկու յաղթ ծառեր , դէմ դէմի նստած, իրենց թոյլ բազուկները կ՚երկարեն իրարու, հոն գետը այնքան նեղցած, ամփոփ ու լռին է՝ որ կարծես պզտիկ ճիգ մըն ալ՝ ու ժայռերը յաւիտենապէս պիտի ցցէին հոն իրենց անընկճելի ամբարտակը, ու կապտէին խեռ տղան: Բայց ջուրը ճապկտուն է, եւ ճուկ կու տայ, կը սահի դընդերոտ բազուկներու կամարին տակէն, ու դարձեալ, չարանճար , կը վազէ դէպի գիւղ, միւս ժայռերուն առջեւէն՝ իրենց անգայումին մէջ մեկուսացած։ որոնց բացատքին ընդմէջէն երկինքը կը հեռանկարուի եւ անոնց գլխուն վրայ կը հանգչի կապոյտ կափոյրի մը պէս. մինակ թէ, Սակայն երբ հոսանքը պիտի անցնի կամուրջին տակէն, հոն՝ ուր ժայռերու յոխորտանքը կ'իյնայ, եւ սպիտակ գմբէթարդ Աստուածամայրը կը ժպտի անուշ, կամուրջին տակէն՝կը սահի անշշուկ, հանդարտած եւ բարի Աստուածամայրը, զինքը շրջապատող ամբարձուղէշ ու բազմաստեղ ծառերէն, ստուերի խունկ մը, ՝օրհնութիւն մը կը թօթուէ, որ կը շղարշանայ իր դարաւոր անկողինին մէջ երկարած գետին ողորկ ու դողդոջուն մարմինին վրայ` գրեթէ հոլանի: Եւ այս այսպէս կ՚ըլլայ միշտ. գիւղին է՛ն տարեցն անգամ պիտի վկայէր, թէ գետը, իր գարնանային յորդումներուն ամէնէն յուռթի եւ տարփոտ վայրկենին իսկ, գէթ անգամ մը վեր չէ ելած ջուրին ծոցը իջնող վանքին քարէ սանդուխներէն:
       * * *
       Տարի մը, կ՚ըսեն, գետը, գարնան ատեն, անսահման տարածուած էր. ամայի դաշտավայրերէն անցած պահուն, յանկարծ իր կայքէն դուրս նետուած, եւ իր ափունքէն շատ անդին, բոլոր դալար թուփերուն, բոլոր խատուտիկ ծաղիկներուն, քումայթ ու թուխ հողերուն իր բազուկներն երկարած, անոնցմէ բուռ֊բուռ խլած, առած֊փախած էր։ Եւ որովհետեւ գետը անսահման քմայքներ ունի, պչրանքի նոպայէ մը գրաւուած այդ ժամուն չէր խնայած նոյնիսկ իր դրացի ալոճիներուն, ժանտաթուզերուն, ու բոլոր այն բաներուն՝ որոնց իր անցքին մէջ ցանկութեամբ նայած էր այնքա՛ն ատեն, ու գրկած, տարած էր զանոնք ամէնն ալ, ու խեղդած էր իր ընթացքին մէջ գտնուող խութերը, պարեխները, կղզեակները, ամէն բան. որովհետեւ գետը անսահման քմայքներ ունի:
       Բայց իր ցանկութիւնը չէր յագենար տակաւին, եւ յայրատ, իր կուրծքին վրայ երկարած ծառերուն փարելէ վերջ, դեռ կ՚ըղձար, վարար աղջկան մը պէս, կ'ըղձա՛ր, կըղձա՛ր, ժայռերու բարձունքին վրայ թառած տուներու տանիքներէն ապշահար ու հետաքրքիր զինքը դիտող մարդերուն ալ կ'ըղձար։ Կ՚ուզէր զանոնք ալ իր թեւերուն մէջ ունենալ, հոգ չէ թէ անկենդան, անհոգի՜: Եւ այս մոլեկան բաղձանքով չէ՞ր՝ որ արդէն, պարտէզ գացող կնոջ մը քղանցքին փակաւ ու քաշեց իր վիհէ սրտին մէջ. եւ այս խօլ տենչանքէն չէ՞ր՝ որ իր ափունքին վրայ խաղցող զոյգ մը կայտառ մանուկներ ալ առաւ֊տարա՜ւ. առաւ֊տարա՜ւ այն պզտիկները՝ որոնք իր կարմրորակ ջուրին մէջ ձեռքերնին լուալու, եւ իր վայրի գեղեցկութիւնն ըմպելու եկեր էին. եւ այս անպարփակ, շամբուշ քմայքով չէ՞ր վերջապէս՝ որ նոյն գետը, անծայր ցանկութեան վայրկեանի մը մէջ, կամուրջն ալ առեր՝ վար էր իջեր, անոր վրայ քանի մը մարդիկ գտնելու յոյսով:
       Անյագ արշաւը դեռ կը տեւէր սակայն, գետեզերքի աղբիւրներն ալ խեղդեր, թաղեր էր իր ծոցին մէջ. ջաղացքին դուռը ափ առած՝ ջրանիւները խորտակած էր, եւ առուէն նախանձոտ, վազած էր ծործորն ի վեր, իրեն անծանօթ վարդերուն բոյրը ծծելու, ու նշենիի ծաղիկներէն քանի մը շափրակ խլելու իղձով, ու ոռոգած էր ամբողջ սեւ խաղողի այգեստան մը, ու պարտէզի մըն ալ ծառերը հետը տարած:
       * * *
       * մէջ, ջուրերուն մէջտեղը, ի՞նչ պիտի ըսէր արդեօք ու չէր ըսեր, չէ՛ր կրնար ըսել, ինքը հմայքի պէս բան մը ունէր իր չորցած զոյգ մը բազուկներուն մէջ. եւ երբ ամառ իրիկուններու քաղցր ու տարածուն, բուրումնաւէտ դաշնակութիւնը թաւշափափուկ կը շօշափէր յոգնած, դադրած գեղջուկներուն քրտնխաշ հոգին, երբ յոգնած մարմիննին գետին մէջ երթալ թաղելու, ջուրը ծծելու, զովանալու, ապրելո՜ւ անընկճելի պէտք մը զգային, կարծես , Ջրին ծառըե, ինչպէս կը կոչէին զինքը, աւելի կը ցցուէր իր ինքնութեան մէջ, իր պաղատանքին մէջ, իր կարեկից շարժումին մէջ, օր մըն ալ, լուսինկայ գիշեր մը, քանի մը մարդեր գացին ծառին տակ լոգանք առնելու, եւ երբ հանուած ջուրը պիտի նետուէին, շշուկ մը կառչեցաւ իրենց ականջին, կարծես ծառը կը խօսէր. խօսեցաւ. բայց բո՛ւհ, ծառը կը խօսի՞ միթէ, ու բըլ մբ, նետուեցան ջուրին մէջ, ջուրին տակ գացին ու ա՛լ չեկան։
       * * *
       Հիմա գիւղացին կը հասկնայ ծառին լեզուն, կը հասկնայ լեզուն այն երկճիւղ ծառին՝ որ թեւաբաց կայներ է ծանծաղուտքին մէջ, եւ լոգանքի գացողներուն մի՛ ի պէս ցոյց կու տայ իր առջեւ սիւնացող պտոյտքը:
       Ու երբ իրիկուան արեւին կամ լուսնի լոյսին մէջ, իր սիլուէթը կը գծագրուի ջուրերուն վրայ՝ ինքն ալ խըղդուող մը կը թուի ըլլալ, բազուկները միայն ջուրէն դուրս մնացած: