Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
6. ԱՇՆԵՐԳ
       Ե. Պ. ին
       Սա՜րն ի վեր, թռաւ֊գնաց հոգիիս սպիտակ աղաւնին. անո՛ւշ հոգեակ. բայց իր թռիչքին ճերմակ աղօթքը, բայց իր նայուածքին մեղրիկ կաթիլքը, հոգւոյս մէջ է դեռ. հոգւոյս մէջ է դեռ:
       Ամրան տաք երազիս այդ ճերմակ թռչունը սահեցաւ֊անցաւ, աշնահար ծառերուն սրսփուն հեծեծանքին մէջէն, ու ծովուն ալեդող փրփուրներուն վրայէն. մինչեւ հորիզոնին ծայրը, աւելի անդին՝ հոգւոյս յուսաբեկ դառնանուշ գալարումին վրայ. աւելի՜ անդին` կորսուած հորիզոնի մը ոսկեջինջ արշալոյսին մէջ, ո՜հ, իմ երազիս ճերմակ աղաւնի՜ն:
       Հո՞վը, հովը` որ ահա պատուհանս փակեց. հո՜վը, գիսախռիւ, մոլեկա՛ն Սեպտեմբերին հովը` որ ահա՛ կ՚իջնէ մինչեւ հոգւոյս ալ լուսոռոգ պատուհանները, մինչեւ ծիրանի ճրագները իղձիս, իր անձրեւոտ, ցուրտ ու փրփրուն շունչը նետելու համար հոն. հո՜վը, որքա՜ն մսեցուց արդեօք հոգեակդ, ա՜հ, որքա՜ն, որքա՜ն, երազանքիս սպիտակ աղաւնին:
       Ամպամած գաղջ իրիկուն մըն է հիմակ, հոգւոյս համար, հոգւո՛յդ համար. լուսինը` Տիրամօր քաղցր, թախծագին, լացող նայուածքի մը պէս ժպտեցաւ այս իրիկուն ամպերուն շէկ շղարշին մէջէն. ու մանրհատ անձրեւ մը ուրախութեան արցունքի քաղցրութեամբ իջաւ մինչեւ հոգւոյս յուշքերուն մէջ, ուր սիրացոլ նայուածքներուդ ողկոյզն է կախուեր` անշիջանելի՜: Այս իրիկուն, ո՜հ այս իրիկուն, ի՜նչ անբացատրելի քաղցրութիւն է, որ կը ծորի լուսնին փախստեայ նայուածքներէն, ի՜նչ երանութիւն, ինծի համար՝ որ լուսնին ուխտաւորն եմ, երբ ան մթագին գիշերներու ապաշխարանքին մէջէն յանկարծ կը բացուի լիարծաթ, լիաբակ, վազքի մը պէս՝ որ հորիզոնին ծայրը կը բարձրանայ` աղօթաւոր, քմայական, միստիք շրջագիծով, ո՜հ, ի՜նչ քաղցրութիւն է այս` զոր անտես ցայտք մը սրտիս մէջ կը հոսեցնէ, ա՜հ, այն ոսկի արշալոյսին կուսութեանը մէջ թառած, դո՞ւն ալ, սպիտա՜կ աղաւնիս, դո՞ւն ալ լուսնին նայեցար…