Երկունք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ՄԷՋ

Այս աղջամղջին խոր գիշերուան մէջ

Միտքըս լուռ խոկմանց հրդեհներ ունի,

Հոն՝ վառ երազներ, խանդեր տխրունի,

Հոն՝ բոցէ կիրքեր կ՚առնեն ելեւէջ։

 

Արշալոյսներուն պայծառ ու զըւարթ

Ես նախազգացումն ունիմ ցընծագին,

Ու կ՚արբեցընեն իմ դալար հոգին՝

Ջինջ առտուներուն բընդազդներն հըպարտ։

 

Գիշերն անհուն է. կ՚երակրի՜ լըռին,

Ալլ մեծ հրդեհին կիրքը չի մարիր,

Ու տարափոխիկ բացն անկարեկիր

Կ՚ուտէ, կը լափէ հոգին խաւարին։

1902