Երկունք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՑՈՐԴԸ

Կանցնի անցորդն՝ անձնատուր

Իր տիրական խոհերուն,

Ճամբաներէ թաքթաքուր,

Քայլամոլոր, շըւարուն։

 

Մանգաղն ուսին՝ նա կը քալէ,

Մի՜շտ կը քալէ

Ո՞ւրկից ի վեր…։

Ոչ ոք գիտէ։

 

Գիտէ՞ք, սուր է գերանդին

Մտամոլոր անցորդին.

Գեղեցկութիւնն է անոր հունձքն իրական

Վայրավատին իր չորս դին։

 

Կ՚անցնի անցորդն ահա, տիկի՛ն,

Պատուհանին ներքեւէն՝

Ձեր փառաւր ապարանքին։

Ձեր իգական հըրապոյրներն անմեկին,

Ո՛վ տիկին,

Հասունութիւնն ունին փարթամ ու ոսկեզօծ

Յուլիսի բիւր պտուղներուն մսուտ ու հոծ։

 

Թողէք անցորդին մոլորուն

Քաղել քնքոյշ կարմիրն առոյգ

Այդ քաղցրահամ խնձորներուն-

Գանձեր զոյգ,

Շնչել բուրմունքն ալ անուշ՝

Մեղրածորան նարինջներուն։

 

Ձեր շնորհներն, ո՜վ տիկին,

Յատկութիւններն ունին ճոխ ու թանկագին

Ջըրուտ ու զով ձմերուկին։

Ձեր գեղն ամբողջ, ո՜վ տիկին,

Դեռ դրոշմը կը կրէ

Յօղաթուրմ ու խնկահոտ

Աստուծոյ մը մատիկին։

 

Գեղեցկութեան մանգաղն՝ ուսին,

Գոգնոցին մէջ հունձգի պաշարն ագ առատ,

Կեանքի մոլար ճամբէն ոսին

Կ՚անցնի անցորդը բազմաշխատ։

 

Անցորդը կ՚անցնի, անցորդը կ՚երթայ

Չէք գիտեր թէ ո՜ւր

Ածելով չորս դին

Վայրավատի՜ն

Գեղեցկութեանց հնձող իր սուր գերանդին։