Քրիստոնէական բողոքականութեան եւ գըզըլպաշներու աղանդին ծնունդը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Գ.
Գըզըլպաշութիւն

Տեսանք՝ թէ ինչպէս Փոքր Ասիոյ մէջ ծնունդ առնող ու ապրող քրիստոնէական զանազան աղանդներ, ընդհանրապէս իրարմէ սերած, յանգած են Արեւմտեան եւ կամ Արեւելեան Բողոքականութեան:

Պաւղիկեան եւ Թոնդրակեան աղանդաւորաց հալածանաց դարերուն, անոնցմէ անոնք որք իրենց հալածիչներու դիմադրելու համար Հագարացւոց մերձեցան, ու անոնց պաշպանութեան տակ մտան (որպէս Վլիթ ոստիկանին, Եզիտ Բ. ամիրապետին, եւն. ), առին անոնց անուններն ու առ երեւոյթս անոնց կրօնն, ու նոյն իսկ իրենց զաւակաց ուսուցին անոնց Սբ. Գիրքը, ըստ Յովհ. Օձնեցւոյն, որպէս տեսանք (էջ 19) եւ Հագարացւոց կռթնած կ՚ընէին ամէն կարգի անօրէնութիւններ, որպէս Սմբատ աղանդաւորն, ըստ Իմաստասէր հայրապետին վկայութեան՝ զոր յիշատակեցինք: Նոյն իսկ գուցէ այն ժամանակէն սկսեալ՝ թլփատութիւնն ընդունեցին՝ պահելով իրենց աղանդը:

Ահա այս անուանաբար իսլամացած աղանդաւորներն են, որք կ՚ապրին բովանդակ Հայաստանի մէջ, եւ ճանչուած են Գըզըլպաշ անուան տակ: Ասոցմէ են անշուշտ Հայր Պօղոս Վ. Մէհէրեանի [1] ՝ Խնուսոյ, Պուլանխի եւ Մանազկերտի կողմերն 1773ին տեսած՝ Մահմետականացած հայազգի Մանիքեցիներն, որք Քրդաց հակառակորդներ էին, եւ իրենց ցեղակից Հայոց բարեկամ:

Գըզըլպաշներն՝ ինչպէս պիտի տեսնանք՝ Թոնդրակեցւոց եւ անոնցմէ սերող Արխվալցւոց նման Քրիստոնէական երեք խորհուրդները սկզբամբ ունին, թէպէտ Մկրտութիւնը Թլփատութեան փոխած են, սակայն պահած են Խոստովանութիւն –Ապաշխարութիւն եւ Արձակում Հաղորդութիւն: Ունին նախնի Քրիստոնէից նման սաղմոսերգութեամբ գիշերային հսկումներ, պահած են Քրիստոնէական ինչ ինչ տօներու յիշատակն ու պահեցողութիւնը, ունին նուիրական գաւազան (Իսրայելացւոց ահարոնեանն եւ Քրիստոնէից հովուականն), ոմանք Մանիքեցւոց նման կը հաւատան հոգեփոխութեան [2], վերջապէս ընդունած են Ալէվի իսլամաց ինչ ինչ հաւատալիքն ու սովորութիւններն:

Գըզըլպաշներն թուով մէկ միլիոնը կ՚անցնին [3], երկրագործ ու կենդանաբոյծ ժողովուրդ մ՚են, բացառաբար առուտուրով կը զբաղին, ընդհանրապէս բարձունքներու վրայ եւ ամայի վայրեր կղզիացած կ՚ապրին, հետեւանք իրենց երբեմնի կրած հալածանաց:

Կառավարութիւնը անոնց որեւէ քաղաքական պաշտօն ու ընկերական գործ չյանձներ, զանոնք հերձուածող Իսլամներ կը համարի, եւ իբր անարգ ցեղ մը կը նկատէ. առ այդ բազմիցս նոյն իսկ հալածանաց ենթակայ եղած են [4]: Երբեմն իբր ոչ Իսլամ անոնցմէ զօրք ալ չէր առնուեր, սակայն ապա զանոնք իսլամացնելու մտօք սկսուած է առնել:

Պիտի քննենք այժմ Գըզըլպաշներու աղանդը, իրենց վարդապետութիւններն եւ սովորութիւնները: Մենք այս հարցի գրեթէ առաջին հրատարակիչն ըլլալնուս՝ հաւանաբար ունինք շատ մը թերութիւններ, գուցէ եւ սխալներ, սակայն քաղցր է մեզ յուսալ թէ՝ հմտագոյնները ներողամիտ պիտի գտնուին եւ պիտի ջանան սրբագրել ու ամբողջացնել մեր ձեռնարկը:

Թլփատութիւն. Գըզըլպաշները Մկրտութիւն չունին, կը թլփատուին: Ըստ ոմանց սա առ ահի կը կատարեն եւ ոչ սկզբունքով, կ՚ընդունին սակայն զայն, զի Քրիստոս իսկ թլփատուեցաւ, կ՚ըսեն:

Թլփատութեան արարողութեան ծախսը [5] կը հոգացուի պապալըգ կամ քիրվա [6] անուանեալ բարեկամի մը կողմանէ, որ Քրիստոնէից մկրտութեան կնքահայրին կը համապատասխանէ: Մանուկը թլփատութեան պահուն քիրվային գիրկը կը գտնուի, ինչպէս Քրիստոնէից մէջ Մկրտութեան առթիւ երեխան կը մնայ կնքահօր գիրկը: Թլփատութիւնը տեղի կ՚ունենայ առաջին մանկութեան ատեն, մերթ աւելի ուշ, ընդհանրապէս կատարուելով սակայն մինչեւ 15 տարեկանին: Անոնց մէջ չթլփատուողներ ալ կը գտնուին:

Գըզըլպաշները Հայոց քիրվայութիւնը կ՚ընդունին, սակայն երբէք Իսլամացը: Քիրվայութեամբ ընտանիքներն իրարու կը կապուին ու մեծ բարեկամներ կը դառնան: Գըզըլպաշ աշիրէթներու մէջ կռիւներու ու արիւնահեղութեանց վերջ տալու համար՝ իրարու մէջ քիրվայութիւն մը յառաջ կը բերեն: Քիրվայութեամբ կապուած ընտանիքներն իրարու աղջիկ չեն տար՝ նման Հայոց կնքահայրերու եւ սանահայրերու ընտանեաց:

Մուսահիպութիւն. Ամէն այր Գըզըլպաշ պարտի ունենալ իր խորհրդական ընկերը՝ մուսահիպը: Մուսահիպներն ամէն պարագայի մէջ իրարու խորհրդական, աջակից ու օժանդակներ են, եւ զորս աշնա, ու ճանիկ եւս կ՚անուանեն:

Մուսահիպութեան ընտրութիւնն ընդհանրապէս 15 տարեկանին տեղի կ՚ունենայ, եւ երբեմն աւելի ուշ:

Մուսահիպի ընտրութիւնը մասնաւոր արարողութեամբ տեղի կ՚ունենայ: Երկու մուսահիպութեան թեկնածու ընկերներ՝ վզերնին թաշկինակ մը կը կապեն, անոնց երիցագոյնը միւսին կապած թաշկինակի օղակէն կը բռնէ, իսկ րահպէրը [7] երիցագոյնին թաշկինակի օղակէն բռնելով՝ զայն տէտէին [8] առջեւ կը տանի, ուր անոնք ծունկ կը չոքին՝ աջ ձեռքերնին տէտէին ծունկին վրայ դնելով: Տէտէն անոնց խրատական մը կը խօսի, բացատրելով իրարու հանդէպ ամէն պարագայի օգնելու ու մինչեւ մահերնին իրարու հետ իբր եղբայր ապրելու պարտականութիւննին: Երիցս խոստում կ՚առնէ ուխտերնուն հաւատարիմ մնալուն, ներկաները վկայ կը կոչէ, ու աղօթքով մը արարողութիւնը վերջ կը գտնէ, եւ րահպերը զանոնք իրենց տեղը կը տանի:

Մուսահիպներու երիցագոյնը կենդանի մը՝ (ընդհանրապէս ոչխար կամ գառ) կը զենու, իսկ կրտսերագոյնը պտուղներ կը նուիրէ հանդիսականաց սեղանին:

Այս արարողութեան առթիւ մուսահիպներու վիզը կապուած թաշկինակներն իրենց համար նուիրական կը համարուին, զայն կը պահեն ու խոստովանութեան առթիւ մէջքերնին կը կապեն:

Կիները մուսահիպ չունին, իրենց ամուսիններու մուսահիպներու կիները՝ իրենց քրոջ պէս կը յարգեն: Երկու մուսահիպներու կիներն իրարու հետ մեծ բարեկամներ կ՚ըլլան:

Մուսահիպներէ մին օտար երկիր երթալուն՝ իր կնոջ եւ ընտանեաց պաշտպանութիւնը կը յանձնէ իր մուսահիպին:

Մուսահիպներէ միոյն մահուամբ անոր առանձին մնացած ընկներն իրեն համար ուրիշ մուսահիպ մը կ՚ընտրէ. ընդհանրապէս իրեն պէս ընկերը կորսնցնող մը, եւ կամ մեռնող ընկերոջ զաւակը, եթէ 15 տարեկանի մօտաւոր հասակ մ’ունի:

Մուսահիպներու ընտանիքներն իրարու աղջիկ չեն տար, քիրվաներու ընտանեաց նման:

Կը կարծենք թէ՝ Քրիստոնէական հին աղանդներուն մէջ՝ այժմու Գըզըլպաշներու մուսահիպութեան պէս բան մը գտնուելու է:

Խոստովանութիւն. Գըզըլպաշներու երէցները (տէտէ, սէյիտ) պարբերաբար կ՚այցելեն իրենց ծուխերը, զանոնք խոստովանցնելու եւ ապաշխարութեամբ մաքրագործելու համար: Խոստովանութիւնը թրքախօս Գըզըլպաշները կէօրիւլմէք վէ սօրուլմաք կ՚անուանեն:

Խոստովանցնելու համար շրջող տէտէն իրեն հետ կ՚ունենայ րահպէր (առաջնորդ) անուանեալ օժանդակ պաշտօնեայ մը (սարկաւագ): Րահպէրը՝ մուսահիպ զոյգերը առանձին առանձին առնելով՝ զանոնք իրենց գործոց մասին կը հարցաքննէ, եւ նկատելի յանցանաց համար զանոնք տէտէին կ՚առաջնորդէ, որոյ առջեւ տեղի կ՚ունենայ հրապարակային խոստովանութիւն մը՝ նման նախնի Քրիստոնէից: Սա աւելի դատավարութիւն մ՚է ի ներկայութեան համայնքի երիցագոյն ու կարեւոր անդամոց եւ նախագահութեամբ տէտէին:

Րահպէրի այդ ժողովին տարած զոյգերը՝ իրենց մէջքը կապած ըլլալու են մուսահիպութեան առթիւ վզերնին կապած թաշկինակնին:

Մեղաւոր զոյգը տէտէին ու ապա ներկաներու ձեռքը համբուրելէ ետք՝ անոնց առջեւ կը կենայ ոտից վրայ. անոնք բոկոտն են եւ աջ ոտքերնուն բթամատը ձախ ոտից վրայ դրած: Տէտէն կը հարցաքննէ զանոնք իրենց վարուց, բարուց, գործոց եւ ծանօթ յանցանաց մասին, ի հարկին դիմելով ներկաներու վկայութեան, եւ կը տնօրինէ պէտք դատած պատիժներն:

Խոստովանութիւնն ընդհանրապէս տարին մէկ անգամ տեղի կ՚ունենայ եւ հինգշաբթի գիշերները (ուրբաթ լուսնալիք), սակայն գիւղերուն մէջ գտնուող տէտէներու փոխանորդները (պապա)՝ ձմեռնային եղանակին՝ հինգշաբթի գիշերները կը հաւաքեն ժողովուրդը, եւ անոնց իրարու հետ ունեցած խնդրոց մասին քննութիւն կ՚ընեն, կը հաշտեցնեն եւ նոյն իսկ մերթ պատիժներ կը տնօրինեն:

Կանանց համար խոստովանութիւն չկայ, եւ անոնց յանցանաց պատասխանատու են իրենց այրերը:

Ապաշխարութիւն. Խոստովանահայր կրօնաւորն իրեն դիմողին մեղաց համաձայն պատիժներ կը տնօրինէ եւ տուգանքներ կը սահմանէ: Ընդհանրապէս ի գործ դրուած պատիժներն են՝ յանդիմանութիւն, ապտակում, ֆալախան, վզէն քար կախելով ոտքի վրայ կեցնել ժամերով ու օրերով, աղքատաց ողորմութիւն տալու, սրբավայրերուն դրամական կամ այլ նուէրներ ընելու հարկադրել:

Երզնկայի կողմերը շատ անգամ տէտէներն ապաշխարողին Վաղաւեր գիւղի գանլը օճախ անուանեալ սրբավայրը երթալ կը պատուիրեն, նա այդ ուխտավայրին նուէրներ ընելով՝ հոգին կը փրկէ:

Տէտէներն ու րահպէրները ապաշխարողաց տունը չեն երթար մինչեւ որ անոնք արձակման չարժանանան: Ժողովուրդն ալ ապաշխարողին հետ իբր օտար կը վարուի. ապաշխարողը կրօնական հաւաքումներու չկրնար մասնակցիլ։

Գըզըլպաշներու մէջ ամէնէն մեծ մեղք համարուած են արուագիտութիւնը եւ կին արձակելը: Կնաթողը 7 տարի իր համայնքին հետ հաղորդակցութենէ կը դադրի, տէտէն զայն չկրնար ընդունիլ:

Ուրիշի կնոջ հետ յարաբերութիւն ունենալն ալ մեղք է, նամանաւանդ օտարազգիի մը հետ:

Ապաշխարութեան սկզբունքն է նախ իր հասուցած վնասը հատուցանել: Վնասեալ անձանց կողմանէ ներողամտութեան արժանանալ, եւ զղջալ: Հատուցումի դժուարին պարագաներուն խնդիրը կը կնճռոտի. զոր օրինակ, եթէ մէկը ուրիշի մը կնոջ հետ յարաբերութեան մտած է՝ պէտք է որ անպատուեալ ամուսինի ներողութեան արժանանայ, որ շատ անգամ առ այդ խստապահանջ կ՚ըլլայ, կարեւոր գումար մը կը պահանջէ, եւն.:

Հայհոյողներուն պատիժն է լեզուն այրել, որ սակայն ընդհանրապէս ուրիշ պատիժով կը փոխարինուի:

Արձակում. Յետ խոստովանութեան եւ ապաշխարութեան տէտէն կը հարցնէ զոյգերուն ի ներկայութեան համայնքի ծերոց ժողովին, «Ամէն ոք գոհ ըրի՞ք, հատուցի՞ք ձեր հասուցած վնասները, գոհ ըրի՞ք դժգոհներն, արդա՞ր էք խղճներուդ առջեւ, ամէն մարդու հետ հաշտ է՞ք»: Եթէ Այո պատասխանեն եւ առ այդ րահպէրները ու ներկայք վկայեն՝ հրաման կ՚ընէ անոնց պառկիլ: Զոյգը երեսն ի վար կը տարածուի տէտէին առջեւ, որ իր նուիրական գաւազանով 12 փոքր հարուածներ կու տայ անոնց իւրաքանչիւրին, եւ զանոնք արձակեալ կը հռչակէ:

Յաջորդ հինգշաբթի երեկոյները տէտէն եւ կամ անոր փոխանորդը (պապան), յետ հրապարակային հարցուփորձի, երեքական հարուած կու տայ միեւնոյն կերպով պառկած զոյգերուն՝ Ալլահ, Մուհամմէտ, Ալի ըսելով [9]:

Երբ մուսահիպներէ մին բացակայի, միւսն իրեն նման անընկեր մնացողի մը հետ կը ներկայանայ տէտէին՝ արձակում ստանալու համար:

Աղօթք. - Գըզըլպաշներն երբեք Իսլամաց պէս չեն աղօթեր, չեն երկրպագեր: «Նամազը աւելորդ է», կ՚ըսեն. սակայն երբ Իսլամաց մէջ գտնուին, առ ահի անոնց կը հետեւին:

Գըզըլպաշներն ապտէս չեն առներ եւ կ՚ըսեն թէ «Ջուրէն անցած ատեննիս ապտէս կ՚առնենք», այսինքն այն ատեն ստիպեալ կ՚ըլլան ոտքերնին թրջել:

Գըզըլպաշներու գիշերային կրօնական հսկումները Զիքր կ՚անուանին, եւ անոնց սկսելէ անմիջապէս առաջ ձեռքերնին կը լուան: Այս առթիւ՝ Հաղորդութեան համար զենեալ ոչխարի ճարպով պատրաստուած պատրոյգներով՝ ճրագ մը կը վառեն մասնաւոր ամանի մը մէջ, որ աղօտ լոյս մը կու տայ. որով եւ այս գիշերային կրօնական հաւաքումները կէս մութի մէջ տեղի կ՚ունենան նման մեր Աւագ Հինգշաբթիի գիշերային հսկումին (Լացի գիշեր): Այս ճրագը տէտէին քով կը գտնուի, զայն վառելու պաշտօն ունեցողը տէլիճի (լուսարար) կ՚անուանի:

Այս ճրագը վառելէ ետք՝ տէտէն աղօթքով մը արարողութեան կը սկսի, զոր Ալլահ, Ալլահ ըսելով կը կնքէ, եւ քնարի (սազ) ընկերակցութեամբ սաղմոսերգութիւնք կը սկսին: Քնարերգակները զաքիր (սաղմոսերգու) կ՚անուանին: Սաղմոսերգուներու գլխաւորն է տէտէն, որոց կ՚ընկերակցին րահպէրները, եւ համայնքին պապաները (տէտէներու փոխանորդը):

Այդ միջոցին ժողովուրդը իր մեղաց վրայ կը խորհի ու կը զղջայ:

Այդ սաղմոսերգութիւններով զԱստուած կը փառաբանեն, մարգարէներն եւ մասնաւորապէս Մովսէս, Դաւիթ, Յիսուս, Ալի ու ապա այս վերջնոյն սահիպ անուանեալ 11 յաջորդները ( [10] ) կը գովաբանեն:

Գըզըլպաշներն այս եղանակաւ պաշտօն մատուցանելնուն համար ինքզինքնին Դաւիթ մարգարէի հետեւակ կը դաւանին:

Սաղմոսերգութեանց կը յաջորդէ աղօթք մը, եւ կը սկսի բուն զիքրը՝ որ կը կայանայ Աստուծոյ, մարգարէից անունները տալով իրանի շարժումներ ընելու մէջ՝ զոր տալկա (ալիք) կ՚անուանեն: Այս շարժումները երթալով կը սաստկացնեն եւ ոմանք իբր հետեւանք կը մարին իսկ: Այդ կրօնական շարժումներու միջոցին շատ անգամ տէտէն նուիրական գաւազանը կ՚ունենայ ի ձեռին:

Այս շարժումներէ ետք աղօթք մը կ՚արտասանէ տէտէն, եւ ապա Մուհամմէտի Միրաճ երթալը կ՚երգեն ոտքի վրայ: Այս միջոցին սագաները (մատռուակ) ի ձեռին ունեցած գաւաթ մը օշարակին քանի մը կաթիլը ճրագին առջեւ թափելէ ետք՝ հանդիսականաց կը հրամցնեն զայն, որք մէկ մէկ ումպ կը խմեն: Ապա ճրագին առջեւ խոնարհութիւն ընելէ ետք՝ շրջանակ կը դառնան աղօթելով. ու հսկումը վերջ կը գտնէ:

Այս հսկումներու ղեկավարը կեօզճի կ՚անուանեն՝ որ մինչեւ վերջը ոտքի վրայ կը մնայ:

Հսկումներու միջոցին՝ պաշտամունքի տան շուրջ բոլորը պահապաններ կը դնեն, օտարներու մուտքը արգելելու համար:

Մուսահիպ չունեցողները չեն կրնար զիքրի ներկա գտնուիլ, սակայն մուսահիպնին բացակայ եղողները կը գտնուին: Կիներէ երեք ներկայացուցիչներ կրնան միայն զիքրին ներկայ գտնուիլ, որք ամուսնացեալ եւ 40 տարեկանէն մեծ ըլլալու են: Անոնց մին տէլիճի քով կը կենայ, մին զաքիրներուն եւ միւսը կէօզճիին եւ անոնց կ՚օժանդակեն: Միւս կիներն խմբովին հեռի կը մնան զիքրի մասնակցող խումբէն:

Այս հսկումը վերջ գտածին պէս տէլիճ, զաքիր, կէօզճի, պահապանք, եւ ներկայ գտնուող երեք կանայք՝ նախագահին ձեռքը կը համբուրեն, օրհնութիւնը կ՚առնեն ու կը հեռանան:

Զիքրէն վերջ՝ երբեմն տեղի կ՚ունենայ Հաղորդութեան խորհուրդը:

Հաճոյից հաւաքումներ. Կրօնական հսկումներու հետ շփոթելու չէ հաճոյից հաւաքումները, ուր սազով կէս կրօնական բանաստեղծութիւններ կ՚երգեն, եւ գինի ու օղի կը գործածեն եւ աղանդերներ կ՚ուտեն: Շատ անգամ՝ ամէն մէկ գաւաթ սուրբի մը յիշատակին կը խմեն:

Գինին միշտ երկիւղածութեամբ կը խմեն, երկու ձեռքով բռնելով գաւաթը, ինչպէս կ՚ընեն մեր քահանայք սկիհը:

Գինին ամէն տեղ դիւրութեամբ ձեռք չանցնելուն օղի կը գործածեն շատ անգամ:

Ինճէ եօլլու եւ գարապաթախի ըսուած Գըզըլպաշներն աւելի ոգելից ըմպելի կը գործածեն:

Այս գիշերային կրօնական ու կէս կրօնական հաւաքումներուն՝ օտարները խառնակեցական արարքներ կը վերագրեն, իբր թէ անոնք ճրագները մարելով հանդիպող կնոջ հետ կը պառկին, ու այդ առիթներէ ծնած զաւակները սուրբ կը համարին: Ասոնք զրպարտութիւններ են:

Հաղորդութիւն (լոգմա). Զիքրէ մը վերջ տեղի կ՚ունենայ Հաղորդութեան խորհուրդը:

Խոստովանութեամբ եւ ապաշխարութեամբ մաքրուելով՝ արձակման արժանացողներն եւ մինչեւ 15 տարեկան եղող տղայները կ՚արժանանան Հաղորդութեան:

Շատ անգամ պաշտօնական Հաղորդութեան խորհուրդը տեղի կ՚ունենայ Արաբական Մուհարրէմ ամսուն 10րդ օրը, ուրիշ օրեր ալ կրնան կատարուիլ եւ ընդհանրապէս կը սկսին կէս գիշերէն ետք:

Հաղորդութեան խորհուրդը կը կատարուի բաղարջակերութեամբ եւ գառնակերութեամբ:

Հաղորդութեան ծառայելիք հացի ալիւրը կ՚օրհնէ տէտէն, եւ կը յանձնէ պատրաստութիւնը այն տան տիկինին՝ որոյ տան մէջ տեղի պիտի ունենայ Հաղորդութեան խորհուրդը:

Զանգուած խմորը առանց խմորման ենթարկելու, նուրբ թերթերու կը վերածեն ու կ՚եփեն, նման մեր եկեղեցական մասին: Այդ հացը Հաղորդութեան սեղանին վրայ կ՚օրհնուի տէտէին կողմանէ եւ կը բաշխուի սեղանին մասնակցողաց:

Զենուելիք ոչխարը զոր թերճիման (թարգման, միջնորդ) կ՚անուանեն՝ գոնէ մէկ տարեկան ըլլալու է: Աղքատները կրնան ուլ մը եւ կամ աքլոր մը զոհել՝ անոնց վիզէն խնձոր մը կախելու պայմանաւ:

Զոհելի կենդանին կ՚օրհնեն՝ որպէս նաեւ զայն խաշելու յատուկ ջուրը, զայն աղելիք աղը (նման մեր մատաղին), եւ սեղան գալուն անգամ մը եւս աղօթք կը կարդացուի անոր վրայ:

Տէտէն ապա հացի պատառի մը վրայ՝ պատառ մը զոհուած գառնէն դնելով՝ կու տայ հաւատացեալներուն իւրաքանչիւրին, որք ձեռքը համբուրելով՝ պատառը բերանին կը դնեն: Ապա տէտէն կ՚արտօնէ ներկաներն անկէ ուտելու:

Հաղորդութեան համար պատրաստուած հացէն երբեք օտարներուն չեն տար, եւ ոչ ալ զոհէն: Այդ սեղանին վրայ ուրիշ հաց ալ կրնայ ուտուիլ՝ երբ մասնաւոր պատրաստուած անխմոր հացը պակսի: Գառնէն զատ այլ կերակուրներ ալ կրնան ուտուիլ. շատ անգամ փիլավ ալ կը պատրաստեն:

Կիները զատ սեղան կը նստին լոգման ուտելու համար: Այդ սեղանին կրնան ընկերանալ այն կիները, որոց ամուսինները լոգման ուտելու համար պատրաստուած կը համարուին:

Հաղորդութեան խորհուրդին առթիւ ջուրէն զատ ուրիշ ըմպելի չգործածուիր:

Հաղորդութեան խորհուրդին օտարները ներկայ չեն կրնար գտնուիլ:

Զոհուած կենդանւոյն արիւնը, աղիքներն ու ոսկորները կը թաղեն, անոր ճարպով կը պատրաստեն գիշերային հսկումներու ատեն վառուած պատրոյգները: Զոհին գեղմը րահպէրներուն կը տրուի:

Հաղորդութեան սեղանին ծառայողները Նագիպ կ՚անուանին, որք այր կ՚ըլլան, նոյն իսկ կանանց սեղանին համար: Նագիպները կեօզճիի կողմանէ կ՚անուանուին:

Զոհ. Իսլամաց զոհի տօնին (Գուրպան պայրամի) զոհ չեն ըներ, սակայն երբ քաղաքաց մէջ գտնուին՝ առ ահի այդ տօնը կը կատարեն:

Փափաքի մը յաջողութեան համար զոհեր կ՚ընեն թէքքէներու եւ սրբավայրերու մէջ, եւ միսը աղքատաց կու տան: Զոհուած կենդանին որչափ որ արժէքաւոր ըլլայ՝ զոհը այնչափ յարգի կը համարուի:

Անգամ մը քիչ շատ զարգացեալ Գըզըլպաշի մը ըսի թէ այդ զոհերը Աստուծոյ հաճոյք պատճառելու համար կ՚ընէ՞ք: «Ո՛չ, ըսաւ, աղքատաց հաճոյք պատճառելու համար»:

Նուիրական գաւազանը. Գըզըլպաշները կը յարգեն եւ գաւազան մը զոր ասա կամ եէշիլ տէյնէկ կ՚անուանեն, եւ այս հաւանականաբար Ահարոնեան գաւազան է: Այս գաւազանները հոտաւէտ կեռասենիի (մահալէպ) ծառի փայտով կը պատրաստուին եւ շուրջ 75 հրդմ. երկարութիւն ունին, ընդհանրապէս գլանաձեւ ուղիղ փայտ են, երբեմն ալ վերին մասը եկճիղ է կամ մեր վարդապետաց գաւազաններու նման այդ վերին մասերը կորութիւններ կը գծեն:

Նուիրական գաւազանները կը գտնուին ուխտատեղիներն եւ գիւղերու պապաներու (տէտէներու փոխանորդ) քով: Արձակման առթիւ այն գաւազաններով հարուածներ կու տան ինչպէս տեսանք: Երդումի համար ալ երեւան կը հանեն զայն: Տգէտ հաւատացեալք երբեմն գործի մը յաջողութեան համար նուիրական գաւազանին պահարանին առջեւ մոմ կը վառեն. խելահասները այս ու ասոր նման աւելորդապաշտութիւնները կը քննադատեն իբր իրենց սկզբունքներուն հակառակ: Նուիրական գաւազանի գործածութենէն ետք կը լուան զայն, վրան 12 թաս ջուր լեցնելով. այդ ջուրն իբրեւ օրհնեալ կը խմեն, վրանին կը սրսկեն, հիւանդաց իբր դարման կը գործածեն զայն: Գաւազանը չորցնելէ ետք իր պատեանին մէջ կը դնեն եւ իրեն յատուկ պահարանը կը զետեղեն:

Աղօթատեղի. Գըզըլպաշները մասնաւոր աղօթատեղիներ չունին: Կառավարութեան կողմանէ կարեւոր գիւղերու մէջ շինել տրուած ճամիները չեն յաճախեր, իսլամական ըլլալնուն համար: Մերթ իրենց զաւակաց ձեռքով անոնց մէջ քար նետել կու տան, որով քարերու կոյտեր կը պարունակեն անոնք: Երբեմն ալ զանոնք իբր շտեմարան կը գործածեն եւ կամ անոնց մէջ կենդանիներ կը պահեն:

Անգամ մը անոնցմէ մէկին հարցուցի թէ ինչո՞ւ այդ մզկիթներուն մէջ չեն կատարեր իրենց կրօնական արարողութիւնները: Պատասխանեց թէ «Աստուած մէծ է, այնպէս չէ՞»: «Այո», ըսի: «Ուրեմն ի՞նչպէս կ՚ուզես որ այդ չորս պատերուն մէջ սղմի…». «Բայց Աստուած ամէն տեղ է», ըսելուս՝ պատասխանեց, «Ուստի եւ մեր տուներու մէջ ալ է, ուր կը կատարենք մեր պաշտամունքը»:

Գըզըլպաշներն իրենց կրօնական հաւաքումները տուներուն մէջ կը կատարեն, եւ կամ իրենց ուխտատեղիներու (թէքքէ) սրահներուն մէջ:

Աղօթատեղիներուն մէջ Իսլամաց նման ղպլէ չունին, եւ ոչ ալ Հայոց պէս արեւելք կը դառնան. «Տէտէն ո՛ր կողմ նստի, հոն է ղպլէն», կ՚ըսեն, այսինքն այն կողմը կը դառնան: Տէտէները սրահի մը մտից դրան աջ կողմը կը նստին ընդհանրապէս:

Գըզըլպաշներն ունին թէքքէներ (վանքեր), ուր կ՚ապրին տէտէներու խումբեր: Ամէն թէքքէ իրեն յատուկ գիւղերու խումբ մը ունի, այս գիւղերն երբեմն շատ հեռի են: Միեւնոյն տէտէն միշտ միեւնոյն գիւղերը կը հովուէ:

Ուխտատեղի. Գըզըլպաշներն երբեք Մէքքէ չեն երթար. բացառաբար Քերպելա [11] կ՚երթան: Մեծ ուխտատեղի է Հաճի Պէքթաշի չէլէպիի թէքքէն [12] որ Էնկիւրիւէն 12 ժամ հեռի՝ Գըրշէհիրի մօտերը կը գտնուի: Սրրաճ անուանեալ Գըզըլպաշներն այս ուխտատեղին չեն երթար, անոնց մեծ ուխտատեղին է Կ. Պոլսոյ Գարաճա Ահմէտի թէքքէն:

Գաւառի ամէն կողմերը թէքքէներ ունին: Ամէն թէքքէ իր ծուխերը (թալապները) ունի: Սեբաստիոյ վիլայէթի ամէնէն կարեւոր ուխտատեղին է Խուպիար գիւղի թէքքէն, որ Սեբաստիայէն 55 քիոլմեթր հիւսիս արեւելք կը գտնուի (Գողասարէն 7 ժամ հիւսիս արեւելք): Յիշատակենք եւ այս կողմերու Սէվիճի, Փիր-Սուլթանլը, եւ Եալանճագ թէքքէները:

Երզնկայի շրջակայից Գըզըլպաշներու թէքքէներն են Աղային շէնլիքը (Քղիի մօտերը գիւղ մը), Պաղր պապային լեռը, Հաճըլըգ, Թախոնք, Պուք, Գըշտըմ, Նէվրուզ եւ Գըրգ քիլիսէ գիւղերու ուխտատեղիներն: Նէվրուզ գիւղի թէքքէն՝ իրենց սէյիտներու գերեզմանատունն է: Պաղր լեռան ուխտը տեղի կ՚ունենայ մեր Վարդավառի կիւրակէն:

Գըզըլպաշները Քրիստոնէից վանքերն ալ ուխտի կ՚երթան:

Զիլէի արեւելեան կողմը Աճը-Սու գիւղը կայ Քէչէճի անուանեալ թէքքէ մը, ուր ուխտի կ՚երթան աւելի Սրրաճ Գըզըլպաշներն:

Հաճի Պէքթաշիի եւ այլ ուխտատեղիներու մէջ կը գտնուին սրբոց գերեզմաններ, որոց հողէն հետերնին կը բերեն ուխտաւորք, զայն իրենց անբեր հողերուն վրայ կը ցանեն, ջուրի մէջ լուծելով հիւանդաց կը խմցնեն իբր դարման, տկար, հիւանդ ու որեւէ թերութիւն ունեցող տղայք՝ այդ սուրբերու գերեզմանաց շուրջը կը դարձնեն երիցս: Քիչ շատ զարգացում ունեցողները կը քննադատեն այս աւելորդապաշտական արարքները:

Տօն եւ պահեցողութիւն. Գըզըլպաշներն երկու գլխաւոր տօն ունին, Մուհարրէմի 10ին եւ Խըտր Էլլէսին: Արաբական Մուհարրէմ ամսոյ տասը կը տօնեն նման Ալէվի Իսլամաց, ի յիշատակ Հասանի եւ Հիւսէյինի՝ Ալիի երկու որդւոց՝ մահուան: Այս տասն եւ նախորդ ամսուն երկու վերջին օրերը (ընդ ամէնը 12 օր) ծոմ կը պահեն՝ ի պատիւ 12 սահիպներու. երեկոյները միայն կը ճաշեն, մսեղէն չեն ուտեր, զուտ ջուր ալ չեն խմեր, զի Ալիի երկու զաւակները ծարաւ մնացած են, եւ կաթ ու պտղոց ջրեր կը խմեն: Մուհարրէմի 10րդ օրը աշուրէ [13] կը պատրաստեն (Հայոց անուշ ապուրի նման ուտեստ մը) եւ կրօնական հսկումներ կը կատարեն:

Խըտըր Էլլէսը Հայոց Սբ. Սարգիսին կը համապատասխանէ, անոր տօնէն առաջ 3 օր ծոմ կը բռնեն, երեկոյները ամէն ինչ կ՚ուտեն, զուտ ջուր ալ կը խմեն: Այդ երեք օրերը գըզըլպաշներու համար զուարճութեան օրեր են:

Ոմանք հինգշաբթի եւ այլ օրեր ալ ծոմ կը պահեն՝ որեւէ խնդրոյ յաջողութեան համար: Ծոմերնին ջրով չեն աւրեր՝ Իսլամաց պէս չընելու համար:

Թրքաց մեծ պայրամներուն ձեւական կերպով կը մասնակցին՝ երբ անոնց մէջ գտնուին, եւ աւելի առ ահի:

Րամազանին երբեք ծոմ չեն բռներ: Այդ առթիւ կառավարութիւնը իրենց քարոզիչներ կը ղրկէ, սակայն անոնք առ ի քաղաքավարութիւն ընդհանրապէս անգամ մը միայն ներկայ կը գտնուին քարոզին:

Հայոց Զատկի օրը սուրբ կը պահեն եւ Համբարձումին Հայոց պէս վիճակ կը ձգեն: Մեզի հետ կաղանդ կ՚ընեն:

Մարտ 9ին տարեմուտ (գարնանամուտ) նէվրուզ կը տօնեն: Այդ օրը ծնած է, կ՚ըսեն, Ալին:

Մեր Վարդավառի օրը եւս սուրբ կը պահեն, եւ ոմանք այդ առթիւ զոհ կը մատուցանեն լերանց բարձունքներուն վրայ: Այդ օրը՝ Քղիի շուրջ բոլորի Գըզըլպաշները Հէրտիֆ գիւղի Սուրբ Լոյս լեռը կ՚երթան զոհ մատուցանել, իսկ Բոլոմորիք գաւառակին մէջ՝ Բերկրի գիւղին մօտակայ Պաղր պապա լեռը կ՚ելնեն զոհ ընելու:

Օգոստոս 15ին Արեգական ծագումը կը դիտեն խմբովին, ու այդ առթիւ մերթ խնջոյքներ կ՚ընեն:

Ոչխարաց աշնանային զուգաւորութենէն (ղոչ)՝ Հոկ[տեմբեր] 5էն՝ 100 օր ետք, բոցին վրայէն կը ցատկեն Հայերու Տեառնընդառաջի առթիւ ըրածին նման:

Կրօնաւորք. Գըզըլպաշներու քահանաները տէտէ (տէրտէր) կ՚անուանին Թրքախօսներու մէջ, իսկ Քրդախօսներու մէջ սէյիտ կ՚ըսուին: Ասոնց ընկերացող եւ ստորակարգեալ պաշտօնեաները (սարկաւագ) րահպէր կը կոչուին. իսկ իւրաքանչիւր գիւղի մէջ՝ տէտէներու փոխանորդները պապա կ՚անուանին:

Տէտէները կը հպատակին Միւրշիտներու՝ որք Քրիստոնէից եպիսկոպոսներուն կը համապատասխանեն:

Կրօնաւորները Ալիի ցեղէն կը համարուին, եւ իրենց իշխանութիւնն որդւոց որդի կը շարունակուի ըստ Ղեւտական օրինաց: Տէտէներու զաւակաները տէտէ, իսկ միւրշիտներունն միւրշիտ կ՚ըլլան: Տէտէներն ալ միւրշիտներուն կը խոստովանին: Այս ամէնուն պետը կը համարուի մեզ ծանօթ Գըրշէհիրի թէքքէի Հաճի Պէքթաշի Չէլէպին:

Տէտէները մէչքերնին կամար (քէմէր), մէկ ականջնին օղ, եւ վզերնին ակատ քար մը կը կրեն ընդհանրապէս:

Ամէն տէտէ կարգ մը գիւղեր ունի զորս կ՚այցելէ պարբերաբար: Ընդհանրապէս գիւղի մը բոլոր ժողովուրդը միեւնոյն տէտէին ծուխն են, սակայն երբեմն գիւղի մը ժողովրդեան մի մասը տէտէի մը եւ միւս կէսն ուրիշ տէտէի մը ծուխն են:

Կրօնաւորները երկրագործութեամբ կամ արհեստով կը պարապին, եւ պարբերաբար ընդհանրապէս աշունին կը կատարեն իրենց այցելութիւնները: Իրենց իջեւանած տուները ճէմ տամի՝ ժողովատեղի՝ կ՚անուանուի: Ժողովրդէն կամաւոր նուէրներ կ՚առնեն, զոր սիրման [14] կ՚անուանեն: Դրամական նուէրը աւելի չրալըգ (մոմագին, իւղագին) կ՚ըսուին: Երկու երեք տարին անգամ մը նուիրակ մը (նազեր) կու գայ գիւղերը:

Տէտէները ջրօրհնէքի պէս բան մ՚ալ կը կատարեն, ջուրի մէջ նուիրական գաւազան մխրճելով:

Կրօնաւորները զէնք չեն կրեր եւ ոչ իսկ զմելի. գուցէ Յիսուսի՝ Պետրոսի տուած պատուէրին հետեւելով:

Դաւանութիւն. Գըզըլպաշները կը հաւատան անտեսանելի, յաւիտենական, անմահ, ամենակարող եւ տիեզերաց արարիչ ու ղեկավար Աստուծոյ մը:

Աստուածը կը սահմանեն «Պիր գանտիլտէ իւչ նուր», այսինքն «Մէկ կանթեղի մէջ երեք լոյս», որ երրորդութեան գաղափարը կու տայ: Այս լոյսերէ մին սպիտակ է, միւսը կարմիր, իսկ երրորդը կանանչ: Երբ ստիպեցի որ մեկնաբանեն, ըսին՝ սպիտակը Աստուած է, կարմիրը Ալի, իսկ կանանչը Մուհամմէտ: Հաւանականաբար երրորդութեան գաղափարը աղաւաղմամբ այս ձեւը առած է:

Մովսէս, Դաւիթ, Յիսուս եւ Ալի միեւնոյն անձերն են, կ՚ըսեն. Աստուած անոնց ձեւով երեւցաւ, եւ անոնց նուիրական գրքերը ընդունելի են: Մուհամմէտ Ալիի միջոցաւ փայլեցաւ, ուստի եւ երկրորդական է Ալիի նկատմամբ:

Յիսուսը հոգեծին (րուհուլլահ) կը դաւանին, որ մեռած չէ, եւ պիտի գայ դատել զաշխարհ ընկերակցութեամբ Մուհամմէտ Մեհտիին (12րդ յաջորդ Ալիի), որ նմանապէս մեռած չէ, անհետացած է Սամիրայի Սէրմէնրէյ անուն այրին մէջ, եւ որ Գըզըլպաշ կամ Ալէվի գիւղի մը մէջ երեւան գալով՝ իրենց միութեան կապ պիտի ըլլայ:

Մարիամը կոյս ըլլալով՝ Աստուծոյ կամօք յղացած է, կ՚ըսեն:

Կ՚ընդունին հինգ հրեշտակապետներ՝ որք Աստուծոյ օժանդակած են ստեղծման գործոյն:

Սատանան անկեալ հրեշտակապետ մ՚է, որ չարութիւն ընել կու տայ մարդոց, նա է որ Կայէնի ձեռքով Աբէլը սպաննեց, Յուդայի ձեռքով Յիսուսը մատնեց եւ Եզիտի միջոցաւ Հիւսէյինը սպառեց: Սատանան յետ աշխարհի պիտի յաղթուի Յիսուսէն:

Կ՚ընդունին նաեւ Խըտըր Իլիան [15] (Եղիա մարգարէ) իբր ոչ մեռեալ, եւ որ մարդոց օգնութեան կը հասնի:

Ինչպէս կը տեսնուի, ասոնք աւելի Ալէվի Իսլամաց կրօնի արտաքին ձեւն առած են քան Սիւնիներունն, Շիիներու նման կը յարգեն Ալին, անոր զաւակաց Հասանի եւ Հիւսէյինի սուգը կ՚ողբան, եւ պարսից նման Զրադաշտականութենէ մնացած ինչ ինչ պաշտամունքներ ունին:

Արեգակը եւ Լուսինը կը յարգեն, առաջինը Աստուծոյ՝ իսկ երկրորդն Ալիի պատկերը կը համարին: Յարգանք ունին նաեւ նախնեաց հոգիներուն:

Աստուած հաւասարապէս չնպաստաւորեր մարդիկ. ոմանց շատ կու տայ, այլոց քիչ. ու քմածին տնօրինութիւններ կ՚ընէ: Աստուած նկատի կ՚առնէ իր մօտ գտնուող հրեշտակաց բարեխօսութիւնները: Ամէն մարդ իր պահապան հրեշտակը ունի: Գէշ գործ մը դժբաղդութիւն մ՚է, եւ մարդոց պահապան հրեշտակին այլ գործով զբաղվելուն հետեւանք:

Կը հաւատան հոգւոյ անմահութեան, կ՚ընդունին Հոգեփոխութիւն: Չար մարդոց հոգիներն անարգ եւ վայրի կենդանեաց մէջ կը մտնեն. երբ բարելաւին՝ ընտանի կենդանեաց կ՚անցնին, ու եթէ ուղղուին՝ նորէն մարդոց մէջ կը հաստատուին: Ոմանք սակայն կը մերժեն հոգւոց փոխանցումը:

Գըզըլպաշներու օրինագիրքը պույրուխ (հրաման) կ՚անուանի. անհնար եղաւ մեզ ձեռք անցունել զայն: Երկու պույրուխ ունին, մին Իմամ Ճաֆէր Սատըգինն եւ միւսը Շէյխ Սաֆիինն՝ որ աւելի ընդարձակ է: Ունին եւ Ֆազիլէթ, Հիւսնիյէ, Մէհլէմիյէ, Ֆէզայիլ Շիյա, եւ այլ բարոյական ու խրատական գրքեր [16]: Ունին եւ մարգարէից ու սրբոց մասին գովասանքներ եւ սաղմոսներ:

Գըզըլպաշներն ինքզինքնին Ալիի 5րդ յաջորդ խալիֆային՝ Իմամ Ճաֆէրի (80-148 Հիճրէթի)՝ դաւանական գրութեանց հետեւակ կը համարին Պէքթաշիներու նման, իսկ Իսլամներն Իմամ Ազամի [17]:

Յարանուանութիւնք. Մեր նկարագրած աղանդը Սոֆիյէ ըսուած Գըզըլպաշներունն է, որք մեր երկրի այս աղանդաւորաց մեծամասնութիւնը կը կազմեն: Ասոնցմէ փոքր ինչ կը տարբերին Փոքր Հայքի ինչ ինչ կէտերուն մէջ գտնուող սըրրաճները: Այս վերջինները Զիքրի առթիւ, բոլորաձեւ դառնալնուն փոխան Ալլահ, Ալլահ ըսելու՝ շահ, շահ կ՚ըսեն, եւ որով Շահ-շահ ալ կ՚անուանին: Ասոնց կրօնապետները կիներ ալ կրնան ըլլալ [18]: Սըրրաճները նուիրական գաւազանի չեն հաւատար. ծխախոտ, սուրճ եւ օղի չեն խմեր, ծոմ չունին, Սոֆիյէիներուն աղջիկ չեն տար:

Կիլիկիոյ կողմերը գտնուող Գըզըլպաշները Ինճէ եոլլու կամ Կիզլի եոլլու կ՚անուանին, ասոնք իբր թէ Զիքրէն վերջ կը մերկանան եւ մէկ կին երկու այրի ընկերակցութեամբ շրջանակ կը դառնան: Այս երեքին ուրիշ երեքներ կը յաջորդեն եւ այսպէս շարունակաբար: Ասոնց ու այդ կողմանց մեր հայ Րուհճիներու մէջ նմանութիւն մը կը տեսնանք եւ հինաւուրց մծղնէական արարքները կը յիշեցնեն մեզի:

Պէքթաշիութիւնը բաւական կը մօտենայ Գըզըլպաշութեան եւ այժմ սկսած է տարածուիլ մեր երկրի Գըզըլպաշներուն մէջ, որու յարողներն ուղղափառ Գըզըլպաշներու կողմանէ Փրոթէստան կամ տէօնմէ կ՚անուանին, ասոնք կը մերժեն բուն Գըզըլպաշներու աւելորդապաշտական արարքները եւ կը ծաղրեն զանոնք:

Պէքթաշիներու կրօնականները պապա կ՚անուանին եւ պապայութիւնը ժառանգական չէ: Անոնք մուսահիպ չունին, եւ կամ աւելի ճիշդը միեւնոյն օրն ի միասին այն աղանդին յարողները զիրար մուսահիպ կ՚անուանեն, մեր լոյս աղբարներու պէս բան մը:

Ամէն տարիքի մէջ կարելի է Պէքթաշիութեան մէջ ընդունուիլ, բայց ընդհանրապէս 15 տարեկանէն վերջ տեղի կ՚ունենայ:

Պապաները տարին մէկ անգամ կ՚այցելեն իրենց ծուխերն, անոնց գլխուն կը կարդան, խրատներ կը խօսին: Խոստովանութիւնը աղանդին աշակերտ հռչակուելուն առթիւ տեղի կ՚ունենայ, եւ գաղտնի պապաին ականջին կ՚ըսուի, ու նա իր նոր ծուխին ականջին խրատներ կու տայ: Անկէ վերջ խոստովանութիւն չկայ, միայն մեծ յանցանաց մասին հրապարակային դատաստան տեղի կ՚ունենայ:

Ապաշխարութեան համար իբր պատիժ նուիրական քարով (ակատ) մեղաւորին մէջքին կը զարնեն: Այդ քարը պապային առջեւ մարմարիոնէ սեղանի մը վրայ կը գտնուի, Պէքթաշի պապաներն այդ քարն իրենց գօտիին առջեւի մասին վրայ կը զետեղեն:

Արձակումը նուիրական գաւազանով չտրուիր, այլ ձեռքով (փէնչէ) կու տան: Պէքթաշիները Զիքր չունին, թէքքէներու մէջ միաբանք առաւօտ եւ երեկոյ աղօթքի համար կը հաւաքուին, զոր կիւլպէնկ չէքմէք կ՚անուանեն. սակայն գլխաւոր հաւաքումնին հինգշաբթի եւ կիրակի գիշերները տեղի կ՚ունենայ: Այս հաւաքումներուն չեն նուագեր, ճրագներ կը վառեն եւ լուսարարը չրաղճի (ճրագճի?) կ՚անուանեն: Հաճոյից հաւաքումներուն քնար (սազ) կը գործածեն:

Հաղորդութիւնը՝ լոգմա՝ ամէնուն կու տան: Նուիրական գաւազան չունին: Մուհարրէմի պահոց առթիւ ծոմ չունին, միայն միս չեն ուտեր, եւ ցերեկին ջուր չեն խմեր: Հոգեփոխութեան կը հաւատան եւ ավելի համաստուածեան են:

Ամուսնութիւն եւ նամէհրամ. Գըզըլպաշներն օտարներէ աղջիկ կրնան առնել, իրենց աղանդին հետեւելու պայմանաւ, սակայն երբեք այլոց աղջիկ չեն տար:

Ինչպէս ըսինք, քիրվայներու եւ մուսահիպներու միջեւ ամուսնութիւն չկնքուիր, սակայն իրարու բաւական մօտիկէն աղջիկ կ՚առնեն, զոր օրինակ հօրեղբօր եւ մօրեղբօր աղջիկները:

Տէտէն երիցս հարսնացուին կը հարցնէ այնինչին հետ ամուսնանալու մասին իր կամքը, հաւանութիւնը առնելէ ետք տեղի կ՚ունենայ պսակը, ըստ Իմամ Ճէֆէր Սատըգի օրինաց. Իսլամաց նիքեահը ըստ Իմամ Ազամի օրինաց կը կատարուի:

Ամուսնացնողի մուսահիպը կնքահայրի դեր կը կատարէ, եւ կը հոգայ հարսանեաց ինչ ինչ ծախսերը, գոնէ հարսի կօշիկը, ձեռքերը ներկելիք հինան եւ հարսանիքի մոմերը. մուսահիպի կինն իբր հարսնքոյր կ՚երթայ:

Փեսան ու իր մուսահիպը հարսին գլխուն մէկ մէկ խնձոր կը նետեն, մաղթելով՝ որ բաղդը յաջողութիւն տեղայ անոր գլխուն:

Միակին են, զաւակ չունենալու պարագային կրնան երկրորդ կին մը առնել, սակայն առաջինը չարձակելու պայմանաւ: Եթէ նոյն իսկ կնոջ մը ուրիշի մը հետ յարաբերութիւնը հաստատուի, այրը կրնայ զայն պատժել՝ սակայն ոչ արձակել: Եթէ կին մը իր ամուսինը թողլով ուրիշի մը հետ կենակցի՝ բնականաբար արձակեալ կը համարուի, եւ զայն առնող այրն ապաշխարութեան եւ պատժի կ՚ենթարկեն: Ըստ Աւետարանի ըսածին «Եւ որ արձակեալն առնէ շնայ»։

Գըզըլպաշներն ոչ միայն իրենց մէջ՝ այլ եւ Քրիստոնէից եւ մանաւանդ Հայոց հանդէպ նամէհրամ չունին, նոյն իսկ շատ ազատ են, սակայն իրենց կիները Թուրքերուն չեն ցուցներ:

Սըրրաճ Գըզըլպաշները Քրիստոնէից հետ ալ նամէհրամ կը պահեն, բայց ոչ իրենց մէջ:

Մաքրագործում. Երկար ատեն Իսլամ միջավայրի մէջ գտնուողներն եւ նամանաւանդ իբր զինուոր բանակին մէջ Իսլամաց հետ ապրողներն՝ իրենց վերադարձին, մինչեւ որ չմաքրագործուին եւ տէտէին կողմանէ չարտօնուին, կրօնական արարողութեանց չեն կրնար մասնակցիլ:

Մաքրագործում կը կատարուի խոստովանութեամբ, ապաշխարութեամբ, հաղորդութեամբ եւ իր Թէքքէին նուէր մը տալով:

Թաղում եւ սուգ. Մեռեալը լուալէ ետք՝ պատանքով քանիցս կը փաթթեն, երկու անգամ արանց եւ երեք անգամ կանանց համար:

Թաղման՝ օտարներուն ներկայութիւնը չեն ուզեր: Թաղման արարողութիւնն իրենցմէ որեւէ կարդացող կրնայ կատարել:

Մեռնողի թանկագին զգեստները դագաղին՝ եւ եթէ հարուստ է՝ իր ձիուն վրայ դնելով գերեզմանատուն կը տանին: Մեռելի բարեկամներն ալ զգեստեղէններ, տպածոյ եւ կամ արժէքաւոր կերպասներ կը նուիրեն մեռեալին, եւ ապա զանոնք մեռելական արարողութիւններ կատարողներու եւ մեռելաթաղներու միջեւ կը բաժնեն: Հարուստներու յուղարկաւորութեան առթիւ նուագածութիւն ալ տեղի կ՚ունենայ:

Սուգ ունին, կանայք ողբեր կը հիւսեն Քրիստոնէից նման, ու բարձրաձայն կ՚ողբան:

Երիցս հոգեհաց կ՚ընեն, մին թաղման օրը, երկրորդը յաջորդ հինգշաբի երեկոյին, եւ վերջինը քառասուն օրէն: Այս երրորդ հոգեհացի առթիւ մեռեալին յատկութիւնները կը ջատագովեն: Հայերն ալ այս երեք հոգեհացերն ունին շատ տեղեր: Քառասուն օրեր մեռեալի բաժինը գիւղի աղքատաց կու տան:

Մեռեալի գերեզմանին վրայ յաջորդ Մայիսին միայն քար կը դնեն, եւ այդ առթիւ հոգեհաց մը տեղի կ՚ունենայ գերեզմանին վրայ: Անկէ վերջ միայն մեռեալի այրին կրնայ ամուսնանալ:

Հաւատալիք եւ սովորութիւնք. Ամէնէ մեծ երդումնին Լոգմայի (հաղորդութեան) վրայ կ՚ընեն: Պույրուխի, նուիրական գաւազանին, ուխտատեղիներու եւ տէտէներու տան սեմին վրայ ալ կ՚երդնուն. տէտէներու ներկայութեան եւ մանաւանդ անոնց զգեստները բռնելով երդնուլը շատ կարեւոր է:

Խոզի միս չեն ուտեր, սակայն զայն կը բռնեն ու կը ծախեն Հայոց նման: Նապաստակ չեն ուտեր, զայն Էօմէրին կատուն կ՚անուանեն. Հայերն ալ նապաստակ չեն ուտեր: Իրենց կտրած կենդանին կ՚ուտեն ընդհանրապէս: Գինի կը խմեն, սակայն երբեք անով չեն գինովնար:

Կը յարգեն մահլէմի ծառը, յորմէ կը պատրաստեն նուիրական գաւազանը, ինչպէս առիթ ունեցանք ըսելու:

Յարգանք ունին խոշոր ծառերուն՝ մանաւանդ թէքքէներու մօտ գտնուածներուն համար. անոնցմէ ճիւղ մը կտրելն իսկ մեղք կը համարին:

Արեգակին կ՚երկրպագեն ծագման ատեն՝ նամանաւանդ Քիւրտ Գըզըլպաշները: Լուսինը ծագելուն ալ խոնարհութեան պէս բան մը կ՚ընեն:

Թուրքերը կ՚արհամարհեն եւ անոնց տրուած սնունդին հիլլէ կ՚ընեն, այսինքն մէջը որեւէ աղտեղութիւն կը խառնեն: Թուրքերը զայս գիտնալով՝ անոնց որեւէ սնունդը չեն ընդունիր:

Լուսնոտութիւնն ու ջղագարական բուրհանները չար ոգիներու ազդեցութեան հետեւանք կը համարին եւ աղօթքով միայն բուժելի կը կարծեն: Այս կարծիքը ընդհանուր է մեր երկրաց մէջ եւ ոչ թէ Գըզըլպաշներու յատուկ: Թուրք Գըզըլպաշները մօրուքնին չեն կտրեր, Քիւրտերն երիտասարդութեան ատեն կ՚ածիլուին, բայց մկրատով չեն կտրեր: Ընկերական դիրք ունեցողները նուազ կը յարգեն այս սովորութիւնը: Իրարու մօրուք համբուրելով կ՚ողջագուրուին:

Կարմիր փաթթոց կը կապեն գլուխնին, զի կ՚ըսեն. Յունաց թագաւորը իրենց պետին կարմիր թագ մը նուիրած է [19], եւ ըստ այլոց զի Ալի կարմիր գդակ կը կրէր: Իրենց կրօնաւորները կրնան կանանչ փաթթոց գործածել, սակայն երբեք սպիտակ փաթթոց՝ որ Իսլամաց յատուկ է:

Ֆէսերնին ծոպ (փիւսկիւլ) չունենար, զի սա աշխարհիկ աւելորդ զարդ մ՚է, Սըրրաճները թաղարեայ գդակ մը կը դնեն ընդհանրապէս, եւ հաւանաբար ասոր համար Քէչէլի ալ կ՚անուանին:

Հինգշաբթի գիշերները իրենց կնոջ քով չեն մերձենար, սուրբ կը պահեն, զի Քրիստոս այդ օրը խաչուած է: Հինգշաբթի գիշերներն, եւ Մուհարրէմի 12 օրերը՝ պսակ չըլլար, ինչպէս որ Հայոց մէջ պահոց օրերուն պսակ տեղի չունենար:

Խմորը կը խաչակնքեն, նկանակը խաչակնքելով փուռ կը դնեն: Հաց եփելիք սաճը օխլավուով կը խաչանշէ հացեփը: Կերակուր ուտելէ առաջ խաչակնքելու պէս բան մը կ՚ընեն ու ձեռքերնին կը համբուրեն սեղան համբուրելու տեղ:

Մասնաւոր նշաններով [20] ու խօսքերով [21] զիրար կը ճանչնան. կշիռ չեն գործածեր, եւ ապրանքները չափով ու հատով կու տան կ՚առնեն, զի Աստուած, կ՚ըսեն, զանոնք կշիռով տուած չէ մարդոց: Կ. պոլսոյ մէջ ասոնցմէ շատեր կշիռի ենթակայ չեղող պտուղներ եւ ընդեղէններ կը ծախեն, որպէս ձմերուկ, սեխ, նարինջ, պատինճան, եւն., ելակը իսկ՝ սակառով կը ծախեն ու եթէ գնորդը կշիռ պահանջէ՝ անոր կը թողուն կշռելու հոգը:

Արդ ո՞վք են Գըզըլպաշներն. Տեսանք թէ Գըզըլպաշները խոստովանութեան –ապաշխարութեան, արձակման հաղորդութեան Քրիստոնէական խորհուրդներէ զատ ունին եւ Քրիստոնէական ինչ ինչ տօներու, վանօրէից եւ եկեղեցեաց մասին յարգանք, Քրիստոնէից նման իբր նուիրական ըմպելի կը վերաբերուին գինիին հետ. հացի խմորը ու նկանակը կը խաչակնքեն, եւ սեղան նստելուն խաչակնքելու պէս բան մը կ՚ընեն, ամուսնական կեանքով ու իրենց սուգով Քրիստոնէից մեծապէս կը նմանին, որով եւ կարելի է վստահօրէն վճռել թէ ասոնք մեզ ծանօթ Քրիստոնէական վաղեմի աղանդաւորներ են, որք հալածող ցեղակիցներու դէմ զիրենք պաշտպանող Իսլամաց անուններն եւ անոնց առերեւոյթս ձեւն առած են, սակայն կ՚ատեն զանոնք: Սոֆիյէները Քրիստոնէից եւ մանաւանդ Հայոց մօտութիւն կը ցուցնեն, ու իրենց եւ անոնց միջեւ տարբերութիւնը խիստ աննշան (մազաչափ, սոխի միզնի չափ) կը համարին: Հայերը իրենց վաղեմի թշնամիները կ՚անուանեն, անշուշտ ակնարկելով անոնցմէ իրենց կրած վաղեմի հալածանքին: Իսկ Սըրրաճները ատելութիւն ունին Հայոց մասին: Գըզըլպաշներէն ոմանք նոյն իսկ Քրիստոնեաներէ սերած ըլլալնին կը խոստովանին:

Գըզըլպաշները բոլոր աշխարհագրերու վկայութեամբ երկրի բնիկներն են եւ չեն կրնար դուրսէն եկած գաղթականներ ըլլալ. կը կրեն գանկաբանական եւ մարդաբանական տեսակէտով տեղական ժողովրդեան տիպարը: Սոֆիյէները Հայոց կը նմանին եւ ունին անոնց շատ մը սովորութիւնները՝ ինչպէս ըսինք. արեւմտեան կողմիններն՝ (Սըրրաճները) աւելի Յունական տիպար ունին, իսկ արեւելեան հարաւայինները Քիւրտերու. կը խօսին Թուրքերէն կամ Քիւրտերէն: Մեզ համար կասկած չկայ թէ Գըզըլպաշներն՝ ինչպէս ըսինք՝ Պաւղիկեաններու ու Թոնդրակեցիներու Հայ աղանդին շարունակողներն են, իրենց աղանդը տուած են արեւմուտքի Յոյներուն (սըրրաճ), արեւելեան հարաւի Քիւրտերուն ու իրենք կ՚անուանին Թուրք Գըզըլպաշներ, եւ ցեղով Հայ են:



[1]            «Կենսագրական պատմութիւն», ձեռագիր ի Վենետիկ. յիշատակեալ Հ. Բ. Սարգիսեանէ:

[2]            Յորմէ կը հետեւի թէ՝ Պաւղիկեանց եւ Թոնդրակեցւոց համար չյիշատակուած հոգեփոխութիւնը բոլորովին անհետացած չէր անոնց մէջ:

[3]            Սեբաստիոյ վիլայէթին մէջ շուրջ 350, 000 են եւ իրենց գլխաւոր կեդրոններն են Տիվրիկ, Թօնուս, Եըլտզէլի, Զառա, Հաֆիք, Զիլէ, Մէճիտ Էօզիւ, Հաճիրէօ: Մամուրէթ իւլ Ազիզ վիլայէթի մէջ 300, 000 են՝ գլխաւորապէս Տէրսիմի եւ Մալաթիոյ սանճագներն: Էրզրումի վիլայէթին մէջ 100, 000էն աւելի են, գլխաւորապէս Բաբերդի, Քղիի, Դերջանի զազաներն: Էնկիւրիւի վիլայէթին մէջ 100, 000ը կ’անցնին, կան նաեւ Պիթլիզի եւ Տիարպէքիրի վիլայէթներուն եւ Սամսոնի սանճագին մէջ:

[4]            Սուլթան Սէլիմ Ա. ի ժամանակ, Սուլթան Մահմուտի օրով (1825) եւ Սուլթան Ազիզի իշխանութեան սկիզբները (1864) հալածանաց ենթարկուած են:

[5]            Թլփատութեան վարձք, թլփատեալ մանկան զգեստ, եւ անոր տան տղայոց եւ նոյն իսկ մերթ մեծերուն նուէրներ:

[6]            Թուրք Գըզըլպաշներն ընդհանրապէս պապալըք կ’ըսեն, իսկ Քիւրտերը քիրվա:

[7]            Րահպ է րն (առաջնորդ) ասոնց երէցներու (տէտէ) օժանդակներն են, եւ կը համապատասխանեն Քրիստոնէից սարկաւագաց:

[8]            Տ է տ է (երէց) մեր քահանայից տուած տ է րտ է ր բառին աղաւաղեալը կը կարծուի:

[9]            Գուցէ նախաբար յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ կ’ըսուէր, ու ապա Իսլամական ձեւն առնելով այսպէս փոխուած է:

[10]          Հասան, Հիւսէին, Զէյն էլ Ապէտին, Մուհամէտ, Պազիր, Ճաֆէր Սատըգ, Մուսայի Գասըմ, Ալի Րիզա, Մուհամմէտ Թագի, Ալի Նազի, Հասան Ասկիրի, Մուհամմէտ Մէհտի, որք խալիֆայութիւնը վարած են Հիճրէթի 37 էն մինչ 266: Մէհտին անյայտացած ըլլալուն ցեղը գոյութիւն չունի, ուստի ոչ ոք կրնայ անոր յաջորդել, այդ թուականէն խալիֆայութիւնը բարձուած է, կ'ըսեն:

[11]          Պաղտատի մօտ, տեղի սպանման Ալիի զաւակ Հիւսէյինի. մեծ ուխտատեղի Ալէվի կամ Շիի Իսլամաց, ուր հարուստ Պարսիկներու մարմինը կը փոխադրուի թաղուելու համար: Քերպելա գացողները կ’այցելեն ընդհանրապէս եւ Ալիի գերեզմանը ի Նէճէֆ, Մուսա Քեազիմի գերեզմանն ի Քեազմէ, եւ Մուհամմէտ Մեհտիի՝ Սէրմէնրէյ անուն այրն ի Սամիրա:

[12]          Այս թէքքէն Օրխան Սուլթանի օրերէն իրենց ձեռքն անցած է. առաջին վանահայրն եղած է Հաճի Պէքթաշի Վէլի, ունենալով 11 միաբաններ (ընդ ամէնը 12): Այս առաջին միաբանութեան անդամները շատ յարգի են, անոնց նստած գեղմերը (փէօստ) կարգաւ շարուած են, եւ 12 միաբանից իւրաքանչիւրն այն ատենի պաշտօնին անուամբ կը կոչուին, Պապա փոստը, Աշճի փոստը, Էքմէքճի փոստը, Նագիպ փոստը, Աթաճի փոստը, Մէյտանճի փոստը, Թիւրպէտար փոստը, Քիլէրճի փոստը, Գահվէճի փոստը, Գուրպանճի փոստը, Արագճի փոստը, Մէհմանտար փոստը: Տօնական հանդէսներուն միայն ներկայիս միաբաններ այդ գեղմերը կը գրաւեն՝ ըստ իրենց այժմ ստանձնած պաշտօններուն:

         Այժմ Չէլէպի անուանեալ վանահայրէն զատ՝ որ ամուսնացեալ է՝ կան եւ խումբ մը ամուրի միաբաններ:

[13]          Աշուրէ ն կը պատրաստուի կորկոտ, ընկոյզ, եգիպտացորեն, չամիչ, եւն. խաղողի արիւնի ( շիրա ) հետ եփելով՝ որոց պատրաստութեան միջոցին աղօթքներ կ’արտասանեն:

[14]          Հաւանաբար սա հայկական սէրմ բառէն է եւ կը համապատասխանէ մեր վանօրէից կողմանէ ժողովրդէն գանձուած պտղքի տուրքին:

[15]          Ասիկա Սբ. Սարգիսի համապատասխանող՝ կանխաւ յիշատակուած՝ Խըտըրէն տարբեր ըլլալու է:

[16]          Ասոնք աւելի Ալէվի Իսլամաց յատուկ բարոյախօսական գործեր են:

[17]          Իմամ Ազամ ծնած է ի Քուֆէ՝ Հիճրէթի 80 թուականին. իր անունն է Նոման, իսկ հօրինը Սապիթ: Նոման Պարսկաստանի Նուշիրվա արքայական ցեղին կը վերաբերի, Պաղտատ եկած է, Իմամ Ճաֆէրին աշակերտած է: Իսլամութեան վրայ գրած է ու մեռած է Հիճրէթի 150 թուականին:

[18]          Այժմ կրօնապետնին կին է, Անշա պաճը կ'անուանի, որով ասոնք Անշապաճըլը ներ ալ կ'ըսուին:

[19]          Գուցէ Բիւզանդական կայսրերէ մին զանոնք շահասիրելու համար այսպիսի գդակ մը նուիրած է:

[20]          Զոր օրինակ աջ ձեռաց մատնեմատով եւ ճկոյթ մատով պեխերը շտկել եւ մօրուքը շոյել:

[21]          Զոր օրինակ « վալէքիմ սէլամ »ի տեղ « ալէքիմ սէլամ » ըսելով բարեւել։