Ատանայի կեանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ՏԵՂԱԳՐԱԿԱՆԸ

ԿԻԼԻԿԻՈՅ կեդրոնն եղող Ատանա՝ Օսմանեան Տէրութեան ամենէն կարեւոր եւ պտղաբեր նահանգն ըլլալով, կը գտնուի Փոքր Ասիոյ հարաւային կողմը եւ Միջերկրական Ծովուն հիւսիսային եզերքը, Հալէպ, Գոնիա եւ Էնգարէ նահանգներուն մէջտեղը: Ատանայի նահանգին կեդրոնն եղող Ատանա քաղաքն՝ որ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին աջ բազուկն էր, կը գտնուի Կաթողիկոսանիստ Սիս քաղաքին մօտիկը 18 ժամ անդին դէպ ի հարաւ, իսկ Սիսէն դէպ ի հիւսիս 18 ժամ անդին կը գտնուի Հաճընի Հայաբնակ քաղաքը: Ատանայի հիւսիսային կողմէն հսկայ Տաւրոսի լեռնաշղթաներուն ստինքներէն քամուած ջուրերէն կը կազմուի Սիհուն գետն որ ոլոր մոլոր երկար ճամբորդութիւնով մը կուգայ կ’անցնի Ատանայի արեւելեան կողմէն՝ Ատանայի պատմական դարաւոր քարաշէն եւ ամուր կամուրջին տակէն, եւ քիչ անդին Ճիհունի հետ կը թափին Միջերկրականի ծովը:

Ատանան՝ հին դրութեամբ շինուած պատմական քաղաք մ’էր [1] եւ վերջին տարիները, շնորհիւ մուտ գտած քաղաքակրթութեան եւ ստացած կարեւորութեան, նոր դրութեամբ շէնքերով զարդարուած եւ Եւրոպական քաղաքի մը տեսքն առած էր: Ատանայի գլխաւոր նաւահանգիստն է Մէրսին որուն հետ կը միանայ 67 քիլօմէթր երկարութեամբ երկաթուղիով (2 ժամ), որոնց երկուքին մէջտեղը կը գտնուի Տարսոնի հին պատմական քաղաքը:

Ատանա քաղաքն կը բաղկանար 20. 000 տուներէ, որոնք կը պարունակէին տոմարով 80. 000 բնակիչ, իսկ տոմարէ դուրս կը մնային ամէն ազգէ պանդուխտներն, որոնց թիւը փոփոխական էր տարւոյն եղանակին համեմատ եւ միջին հաշւով 20. 000 կը սեպուէր: Սոյն թիւը ձմեռուան կ’աւելնար շրջակայ քաղաքներէն գլխաւորաբար Հաճընէն եւ Կեսարիայէն ու Մարաշէն եկած արհեստաւորներով ու մանրավաճառներով եւ գարնան ա՛լ աւելի կ’աւելնար հեռաւոր տեղերէ Խարբերդէն, Տիգրանակերտէն, Մուշէն, Էրզրումէն եւ այլ տեղերէ եկող Հայ եւ Քիւրտ մշակներով եւ ամառուան կը պակսէր բոլորովին, պանդուխտներն չուելով իրենց երկիրները եւ տեղացիք կը մնային առանձին, արդէն վարժուած տաքին:

Ատանայի քաղաքին բնակչութիւնը (1909 Մարտ ամսոյն վերջը) կը կազմէին միջին հաշւով Իսլամ 62. 250, Հայ 30. 000 (1908 թուականին պաշտօնական մարդահամարով Հայերէն արձանագրուածներուն թիւն է 17844 տասնեւեօթը հազար ութը հարիւր քառասուն եւ չորս), Յոյն 5000, Ասորի 1250, Քիլտանի 8000, Արապ քրիստոնեայ 500 եւ օտարահպատակ 200:

Իսլամներուն մէջ հաշուեցինք այն Արապ Ֆէլլահ կոչուած երկրագործ դասակարգը որոնք աներեւակայելի ստորնութեամբ մը նախայարձակն եղան Ատանայի թալանին:

Ատանայի քաղաքին ամէնէն պատուաւոր, փառաւոր ու բանուկ թաղերն էին Հայոց եւ Յունաց: Իսկ իսլամներն, մանաւանդ Արապ Ֆէլլահներն նստած են քաղաքին շուրջը եւ պարտէզներու մեջ:

Ատանայի մեջ կային, յիսունի մօտ հին ձեւով շինուած մեծ խան-պանդոկներ, տասնէ աւելի նորաձեւ օթէլ-իջեւաններ, տասը հատի չափ թատրոններ, քսանի մօտ մզկիթ ու նոյնչափ վարժարաններ եւ տասը հատ եկեղեցի:

Ատանայի նշանաւոր շէնքերն են, Սիհուն գետին վրայի 22 կամարներու վրայ շինուած եւ 400 կանգուն երկայնութեամբ եւ ութը կանգուն լայնութեամբ պատմական կամուրջը, զոր շինելու տուած է նշանաւոր Դշխոյն Հեղինի, Միսիսի աննման կամուրջին հետ մէկտեղ: Մեծ շուկան, Պատէսթէնը որ Պոլսոյ շուկային պէս մի քանի դուռով կը գոցուի, եւ մեր Մայր Եկեղեցին եւ Ուլու Ճամին, եւ այլն:



[1]            Ատանա քաղաքին դարաւոր պատմական շրջաններուն մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ առնել ուզողներուն կը յանձնարարեմ կարդալ «Բնաշխարհիկ Բառարան»ի «Ատանա»ի մասը։