Նորավէպեր եւ այլ գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՂԴԻՆ ՔՄԱՀԱՃՈՅՔԸ

Ձիով երկար պտոյտէ մը վերադարձեր ու սենեակիս մէջ միս մինակ բազմոցին վրայ ընկողմաներ էի ուժաբեկ, այն կիրակի իրիկունը՝ երբ Տիգրան ներս մտաւ։

Բայց ի՞նչ այլանդակ մենասիրութիւն է աս ըրածդ, բարեկամ, ըսաւ ինծի. քանի որ պտոյտի պիտի երթայիր, ինչո՞ւ մեզի հետ յեկար, այնքան պնդեր էի. հոգիդ սիրես ըսէ՛, ինչո՞ւ խոյս կուտաս կոր մենէ։

Որպէս զի միշտ այս յանկերգովդ գլուխ ուռեցնելէ դադրիս, ճշմարիտ պատճառը անկեղծօրէն պիտի ըսեմ քեզի այսօր. առաջ՝ երբ դուն ալ ամուրի էիր՝ գիտես օր չէր անցներ որ միասին չըլլայինք. բայց սիրելի՛ս, հիմա այդքանը պահանջելդ անտեղի է. երբեմն, կը հասկնամ. բայց միշտ՝ աւելորդ է իմ ներկայութիւնս։ Ձեր կտուց կտուցի, անվկայ պտոյտներուն հաճոյքները խափանած կ՚ըլլամ եւ ատով ես ալ կը նեղուիմ։

Երբեք դուն մեր մտերմութիւնը չես խանգարեր։

Ատիկա իբր compliment աղէկ. բայց եթէ կատարեալ անկեղծութեամբ պիտի խօսինք, փցուն խօսք մը կ՚ըլլայ։ Էրիկ կնկան միջեւ այնպիսի գողտրիկ, այնպիսի անուշ հմայքներ, խօսակցութիւններ, գուրգուրանքներ կան՝ զորս անկարելի է որ երրորդի մը ներկայութիւնը չխանգարէ որչափ ալ ընտանիքիին մտերիմ մը ըլլայ այդ երրորդը. դուն, իբր խանի մը տարիներու ամուսնական կեանքի փորձառութեամբ օժտուած մարդ պէտք է գիտնաս ասիկա։ Եւ դեռ աւելին ըսեմ. քանի հեղ որ ես կնոջդ վարուելու կերպին մէջ նշմարեցի զսպուած գորովանքի, կամ սրտազեղումի արտայայտութեան մը սեթեւեթը, շատ բնական գտայ ատիկա եւ գոհ եղայ։ Հասկցա՞ր։

Վայրկեան մը մտածկոտ կեցաւ Տիգրան, տաղտուկի յօրանջում մը ունեցաւ եւ յետոյ պատասխանեց։

Լա՛ւ ուրեմն, հիմա կարգը ինծի եկաւ սրտաբաց խօսելու. պէտք է գիտնաս որ պարզապէս Մաքրուհիին հետ առանձին շուրթ ալ շուրթ ըլլալու պէտքէն խոյս տալու համար է որ քու ներկայութիւնդ կուզեմ կոր ես ալ։ Հասկցա՞ր հիմա։

Սակայն…

Կեցի՛ր, վրայ բերաւ բարեկամս, գիտեմ ըսելիքներդ, քարոզ չեմ ուզեր. պիտի ըսես ինծի թէ ամուսնացած ատենս խենդի պէս կը սիրէի Մաքրուհին, թէ անոր մէկ ժպիտին, մէկ նայուածքին հոգի կուտայի. յետոյ պիտի հարցնես թէ քու բացակայութեանդ տարիներուն մէջ ի՞նչ տեղի ունեցած է իմ սէրս պակսեցնող ու պիտի եզրակացնես որ, եթէ այդպիսի բան մը տեղի չէ ունեցած՝ անբացատրելի եւ աններելի է հիմակուան անտարբերութիւնս։ Ասոնք են ըսելիքներդ, անա՞նկ չէ՞։ Հարկ չկայ, կեցիր ես բացատրեմ քեզի։ Իրա՛ւ է, գիտես արդէն, սիրեցի Մաքրուհին, խենդի պէս սիրեցի, այն ատեն միակ իտէալս, երազս, մտասեւեռումս եղաւ անունս իրեն տալ. եւ ունեցած դիրքիս շնորհիւ դժուար չեղաւ այդ երազս իրագործել՝ հակառակ տարիքի մեծկակ տարբերութեան մը որ կար իմ ու Մաքրուհիին մէջ, որ դեռ տղայ մըն էր այն ատեն։ Այդ անմեղ, միամիտ, սիրուն, կարճ շրջազգեստ կրող աղջիկը, իր մանկական շարժուձեւերովը գրաւեր էր սիրտս։ Անիկա ոչ նուազ տղայ մըն էր իր հարսանեկան ճերմակ շրջազգեստին մէջ։ Ատիկա ատենուան մը համար աղէկ. պուպրիկի պէս սիրեցի զինքը. բայց վերջ ի վերջոյ սրտիս մէջ խօլ, անսահման գորովը, սէրը, իր փոխադարձը ուզեց. հոն արծարծուած կրակը՝ իրեն հաւասար ջերմութիւն փնտռեց կնոջս սրտին մէջ. բայց իմ բոլոր ճիգերս ապարդիւն եղան Մաքրուհիին հասկցնելու սէրը՝ այնպէս ինչպէս ես կը հասկնայի. ի՞նչ կուզես, տղայ մըն էր դեռ անիկա։ Կրքոտ, ջղագրգիռ վայրկեաններ կ՚ունենայի. որոնց միջոցին Մաքրուհին՝ անտարբեր կերպով ուսերը կը թօթուէր ու մէկդի կ՚ընէր զիս։ Կուլայի երբեմն, ձեռքերը թմրեցնելու աստիճան համբուրելով, ծունգերուն քով ծնրադրած կուլայի. խեղճ աղջիկը տակնուվրայ կ՚ըլլար, վախցող տղում մը պէս։ «Ի՞նչ ունիս լալու, բարեկամս», կ՚ըսէր վախկոտ ձայնով մը։ Եւ երբ կը պատասխանէի թէ կը սիրեմ զինքը՝ այնքան միամիտ կերպով մը՝ «Ատոր համար կուլա՞յ միթէ մարդ» կ՚ըսէր ինծի որ կը մեղքնայի զինքը ու կը յուսահատէի ա՛լ սէրս իրեն կարենալ հասկցնելէ ու փոխադարձը ներշնչելէ։ Ասոր համար բռնադատեցի ինքզինքս աւելի հանդարտ ըլլալու, զգացումի յորդումներս զսպելու, աշխատութիւնս անհամեմատ կերպով շատցուցի՝ հոն մոռնալու համար ինքզինքս. այդպէսով, պաղ ըլլալը վարժութիւն մը եղաւ տակաւ, սիրտը այրելով, այրելով՝ զինքը միշտ վառ ու արծարծուն պահող փոխադարձ սէր չգտնելէն՝ մոխիրի խաւ մը կապեց ու մարեցաւ գրեթէ վերջապէս։ Մի կարծեր թէ դիւրին բան մը եղաւ ատիկա. ոչ. տարիներ ամբողջ տառապեցայ իրապէս անտարբեր ու անզգայ հանդարտութիւն մը գտնելու համար եւ այլի։ Ինչ որ ուրիշներ սովորաբար քառորդ դարի մը մէջ կ՚ապրին, ես հինգ տարիի մէջ ապրեցայ։ Դժբաղդութիւնը միայն հոս չէր սակայն։ Մաքրուհին անզգայ մը չէր, բայց տղայ էր, եւ այդ տղայութեան շրջանը պիտի անցնէր բնականաբար եւ անցա՛ւ. իր կարգին տեղի տալով հասունութեան շրջանին ուր սիրտը կը ծլի, կը սիրէ եւ սէր կը պահանջէ. հիմակ այդ շրջանին մէջն է ահա կինս, շատ քիչ տարբերութեամբ ճիշդ իմ առաջուան վիճակս ունի հիմա. խենդի պէս կը սիրէ զիս եւ ատիկա կը տառապեցնէ երկուքնիս ալ։ Ան կը տառապի յիշելով իմ առջի բուռն անյագ պաշտումս եւ կարծելով թէ ուրիշ մէկը կը սիրեմ ես, միշտ կասկածելով, մինչ ես ալ կը տառապիմ սիրտիս խորը քննելով ու մոխիր, պաղած մոխիր միայն գտնելով հոն, չկարենալ փոխադարձելուս համար անոր սիրաբորբոք փղձկումները։ Կերդնում քեզի որ Մաքրուհիէն ուրիշ կին չեմ սիրած բնաւ. եւ բոլոր կիներուն մէջ հիմա մինակը որուն հանդէպ քիչ մը համակրութիւն զգամ, ինքն է դարձեալ. եւ սակայն այդ համակրութիւնը չբաւեր իրեն, ինչ որ կը հասկնամ, շատ լաւ կ՚ըմբռնեմ՝ ճիշտ միեւնոյն վիճակէն անցած ըլլալուս համար ես ինքս ալ։ Փորձեցի, ճգնեցայ ես ալ իմ կրակոտ սէրս վերարծարծել, բայց ի զուր, ինչպէս ըսի, տարիքի խնդիր է, ծերացեր եմ սրտով։ Հիմա հասկցա՞ր թէ ինչո՛ւ կ՚ուզեմ խոյս տալ գոնէ դուրսը, պտոյտներու, զբօսանքներու մէջ կնոջս հետ գլուխ գլխի ըլլալէ. արդէն տունը կը տանջէ զիս իր յաւիտենական «Վրաս առաջուան սէրը գուրգուրանքը չունիս, Տիգրան կը պաղատիմ ըսէ՛ պատճառը» յանկերգովը, զոր սակայն կը ներեմ իրեն ու կը ջանամ կարելի եղածին չափ համոզել զինքը թէ դարձեալ կը սիրեմ ինչ որ զուր փորձ է, գիտեմ, որովհետեւ շրթունքներուն «կը սիրեմ» ըսելը չբաւեր անոր։ Կեանքիս բոլոր մանրամասնութիւններուն, վարուելու կերպերուս, խօսքերուս, ամէն բանի մէջ յայտնի է վերջապէս որ անզգայ ու անտարբեր եղած եմ ա՛լ. ըստ իս ամէն բան կը կեղծուի, բայց սէրը կարելի չէ կեղծել։

* * *

Երբ բարեկամս դադրեցաւ խօսելէ, առանց իրեն պատասխանելու՝ խորհեցայ թէ, այս հիմա ապերջանիկ եղած միութեան պատասխանատուն ո՞վ կրնար ըլլալ։ Բարեկամս սիրոած ու ամուսնացած էր, բայց սիրոյ կրակը անփոխադարձ մնալուն մարած էր. ի՛նչ յանցանք ունէր խեղճը։ Աղջիկը տղայ մըն էր երբ ամուսնացուցեր էին զինքը, մարդու մը հետ որ կը խենդենար իր վրայ եւ զոր սակայն չէր հասկնար, ի՞նչ ընէր։ Եւ երբ սկսած էր հասկնալ, սիրել, մարդը անյգայ մը եղած էր ի՞նչ յանցանք ունէր ինք։

Բաղդի անշահ քմահաճոյք մը ասիկա, այս դժբաղդութիւնը։ Եթէ աղջիկը հինգ տարի ետքը կամ տղան հինգ տարի առաջ ծնած ըլլային, երջանկութեան բոյն մը պիտի կրնային շինել անտարակոյս։

Ու այնպէս չըլլալը իրենց դժբաղդութեանը պատճառ եղած էր ահա՛։

Բաղդի քմահաճոյք։ Ուրիշ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ասոր։

 

«Մասիս», 1903, 8 Նոյեմբեր, թիւ 45, էջ 711—712