Նորավէպեր եւ այլ գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱՅՈՒԱԾՔԸ

Մութ Գիշեր մը, մեծ թթենիին մէկ ոստէն կախուած լապտերի մը աղօտ լոյսովը նստեր էինք պարտէզին մէջ, Գասպարին հետ։

Բան մը ըրած ըլլալու համար սիկառ մը վառեցի եւ բան մը խօսած ըլլալու համար ամոսնացած կնոջ մը գայթակղական ընթացքին վրայ խօսեցայ՝ ինչ որ ընդհանուր խօսակցութեան նիւթ եղած էր այն օրեր։

Լակոնական էին բարեկամիս պատասխանները եւ կը կարծէի թէ ատոնց շեշտին մէջ նշմարած յուզումս իմ երեւակայութեանս արդիւնքն էր պարզապէս, եթէ ճիշդ նոյն պահուն՝ երբ ան ալ իր կարգին սիկառ մը կը վառէր՝ լուցկիին բոցը իր դօմքին անսովոր կարմրութիւնը ցոյց չտար ինծի։

Ի՞նչ է, Գասպար, սխա՞լ տեղ զարկի արդեօք, միթէ տիկին Քոսեան ալ ազգականներուդ անթիւ համաստեղութեան մէ՞ջ կը գտնուի։

Պա՛հ, ենթադրենք թէ այնպէս ըլլայ, չես բամբասեր կոր զինքը, այլ իրողութեան մը վրայ կը խօսիս կոր։

Ուրե՞մն…

Ո՜հ, խորհի՛լ թէ այդ լկտի արարածը կրնար կինս ըլլալ, մտածե՜լ թէ Ատրինէս զիս չճանչցած կրնայի անոր տուած ըլլալ անունս… ըսէ՛, դուն իմ տեղս չպիտի՞ յուզուէիր քիչ մը, այսօր այդ կնոջ խեղճ ամուսնոյն տեղ ըլլալու անցեալ հաւանականութեան վրայ խորհելով։

Կատակ չէ՞ ըրածդ։

Ո՛չ, ընդհակառակը շատ լրջօրէն կը խօսիմ, բարեկամս։

Ինչպէ՞ս սակայն, ի՞նչ պարագաներու մէջ։

Տղայութեան ընկերուհիս եղած է  Տիկին Ք…։ Միասին մեծցած ենք գրեթէ։ Այն ատենէն իսկ չարաճճի աղջիկ մեն էր, թեեւ ես շատ ետքերը կռահեցի ատիկա. եւ սքանչելիօրէն գեղանի հիմակուընէ բիւր անգամ աւելի գեղանի իր խարտեաշ մազերով, ծաւի աչքերով եւ մորթին կաթի քնքուշութիւնով։ Իրենց պզտիկ տանը մէջ նեղուած՝ միշտ մեր ընդարձակ պարտէզը կը նետէր ինքզինքը ու ժամերով մինակնիս կը վազվզէինք, կը ցատկրտէինք կը նստէին, կը քնանայինք։ «Ելիր պտուղ քաղէ ինծի սա ծառէն» կ՚ըսէր ու կ՚ելլէի։ Ո՜հ պզտիկ չարաճճին, երբ որ եւ է փոքրիկ բանի մը համար վշտացնէի զինքը «պա՛գ զիս որ հաշտուիմ» կ՚ըսէր կեռասէ աղուոր շրթունքները ինծի մօտեցնելով. ես արդէն ամչկոտ՝ կը կարմրէի եւ սակայն կը հնազանդէի իրեն։ «Ես ինքս պիտի քաղեմ սա պտուղը, ը՛հ, գրկէ ու վերցուր զիս» կ՚ըսէր երբեմն. թեւս աղուոր մէջքին  շուրջը անցուցած վեր կ՚առնէի իր ճոխ մարմինը ամբողջ. եւ մինչ ան լեցուն կուրծքերը կը բերէր կռթնցնել գլխուս՝ տարօրինակ ու ամօթխած հեշտանք մը կը զգայի ներսիդիս, առանց ինչ ըլլալը հասկնալու. սակայն յետոյ երբ վար կը դնէի զինքը հեւալով «Ո՝ւֆ, չա՛ր, ցաւցուցիր մէջքս» կ՚ըսէր սպառնական քմծիծաղով մը, աչքերը աչքերուս մէջ սեւեռած։

Ըր մը, շատ լաւ կը յիշեմ, երբ պատուհանը նստեր էի «Մինակ կը նեղուիմ կոր, եկո՛ւր խաղանք» ըսաւ ինծի դիմացի տունէն։ Ելայ գացի։ Դեռ հազիւ 12—13 տարեկան կայինք երկուքս ալ այն ատեն։ Իր ննջասենեակը տարաւ զիս ու քիչ մը նստելէ ետքը «Տե՛ս, ըսաւ, կը մոռնայի կոր. պէտք է որ toilette—ս ընեմ, իրիկուան պտոյտի պիտի երթանք». «Ուրեմն ես մեկնիմ» ըսի ոտքի ելլելով։ Զարմանքով երեսս նայեցաւ։ «Վա՜յրենի, ըսաւ, քեզի ի՛նչ արդուզարդէ՛ս, նստէ՛ կը խօսինք միեւնոյն ատեն»։ Իմ մտածումովս ատիկա տարտամօրէն տարօրինակ կը թուէր ինծի եւ սակայն քանի որ ինք այնպէս կ՚ուզէ՜ր նստեցայ։ Հայելիին առջեւ անցաւ. քօրսաժ ը հանեց վրայէն, մարմնոյն կաթի սպիտակութիւնը, քնքուշ թեւերուն թարմութիւնը ու պրօտէ շապիկին ծակտիկներէն պոռթկացող կուրծքին հմայքը կը շողային հայելիին մէջ։ Քօռսէի մը մէջ սեղմեց մէջքը ու «կապէիր քիչ մը սա քօրսէս» ըսաւ ինծի։ Եւ երբ շուարած ձեռքերով քօրսէին լարը կապած պահուս գաղտագողի ակնարկներ կը նետէի հայելիին, տեսայ որ գոհունակ ժպիտ մը կար դօմքին վրայ իմ հնազանդ հաճոյակատարութեանս հանդէպ։ Շրջազգեստն մէջքը կոճկել տուաւ ետքը ինծի ու այն ատեն. «Պաշտօնդ վերջացաւ, ըսաւ, եւ ատոր փոխարէն յարեց ծոծորակը ցոյց տալով, հրաման կուտամ սըտեղս պագնելու»։

Դողալով գրեթէ կատարեցի հրամանը։ «Գո՞հ ես» հարցուց։ «Այո՛, ըսի, շա՜տ …»։ Խնդաց։ «Եթէ զիս առնելու ըլլաս, ըսաւ ամէն օր իրաւունք պիտի ունենաս այդ պաչիկը առնելու, հէ՞ կ՚առնե՞ս զիս, ըսէ՛, աղուոր չե՞մ …»։ «Անշու՜շտ, շա՜տ …» թօթովեցի։ «Ըսէ՛, յարեց թեւերը վիզս անցնելով, ըսէ՛, կը խոստանա՞ս, ուրիշը չպի՞տի առնես»։ Չկրցայ պատասխանել քանի մը վայրկեան, ահաւոր տրտմութիւն մը գրաւած է ր տղու միտքս։ «Է՜, ինծի նայէ տեսնեմ, չխօսի՞ս, այո կամ ոչ, կը խոստանա՞ս …»։

Աչքերս վեր առի, աչքերուն մէջ կայծ մը կար զոր չօի կրնար կոր տարրալուծել եւ որ սակայն տակնուվրայ ըրաւ, փոթորկեց զիս. կիսամերկ շքեղ մարմինը դէպի ինծի հակած էր, հրաշակերտ կիսանդրիի մը պէս, հարցումը ալ աւելի շեշտելու համար։ «Այո՛» թոթովեցի ճիգ մը ընելով ինքզինքիս վրայ։ «Ապրի՜ս աղուոր տղա՛ս, շատ պիտի սիրեմ քեզ, պա՛գ զիս, բայց մարդու բան չօսես հա՛ …»։

Երբ տուն դարձայ, զղջացի խոստացած ըլլալուս. որովհետեւ, շատ պզտիկուց խոստացուած բան մը, ինչ ալ ըլլայ, կատարելու պարտականութիւնը ներշնչեր էին ինծի եւ կը խորհէի թէ ի՞նչ պիտի ընէի եթէ ծնողքս չուզէին ետքը ինծի առնել Զարուհին։ Խոստացեր էի սակայն, լմնցեր էր. կրնայի՞ խոստումս ետ առնել։

Անկէ ետքը ա՛լ աւելի պչրոտ ձեւ մը առաւ Զարուհին ինծի հանդէպ. կը հրամայէր ինծի պարզապէս ապագայ կենակուիի իրւունքով եւ ես, վախկոտ ու հեզ տղայ, կը հնազանդէի իրեն կուրօրէն։

Տարի մը ետքը զիս գիշերօթիկ վարժարան ղրկեցին Իզմիր։ Կը սպասէի որ մեկնած ատենս Զարուհին խոստումս յիշեցնէր ինծի. այնպէս չըրաւ սակայն. «Կ՚երթաս կոր, հէ՞ ըսաւ, էհ, եկու պագտուինք աղուորս։ Եւ կուշտ ու կուռ համբուրեց զիս։

Չորս տարի դպրոցը մնաց, հետզհետէ քանի չափահաս կ՚ըլլայի՝ աւելի լրջօրէն կը ստիպուէի խորհիլ խօստումիս վրայ. եւ որքան լրջօրէն նկատի առնէի խնդիրը՝ այնքան ուղեղս կը չարչրկէր ան. պէ՞տք էր իրապէս խոստում մը նկատել զայն թէ ոչ։ Զարուհիին վարմունքը աչքիս առջեւ կը բերէի ամէն անգամ եւ կ՚ըսէի ինքնիրենս որ, եթէ իր բոլոր ըրածները անգիտակից տղու անմեղ պչրանքներ էին, այդ քնքուշ էակը կրնար կեանքի ընկերուհի մը ըլլալ ինծի, բայց հակառակ պարագա՜յին ինչ որ ենթադրել կուտային իր անմոռանալի չարաճճի քմծիծաղները ո՞վ կ՚ըսէր թէ մինչեւ հիմա տասը հոգիի հետ ալ նոյն կատակերգութիւնը չէր խաղացած։

Մօրս գրած նամակներուս մէջ իր բոլոր ընտանիքին հետ Զարուհիին ալ բարեւներ կը դնէի միշտ ու մայրս այլ կը փոխադարձէր զանոնք իրեններուն մէջ։ Վերջին տարին իր ամուսնութիւնը իմաց տուին ինծի եւ երբ դարձայ՝ Զարուհի երկու ամսու նոր հարս էր արդէն։

Մեզի անծանօթ մէկու մը հետ ամուսնացուցեր էին զայն։ Առաջին անգամ զինքը տեսնելուս, գեղեցկութիւնը իր զենիթին հասած՝ այնքան գրաւիչ հանգամանք մը տուած էր անոր որ պարզապէս համոզուեցայ, թէ գանձ մը կորուսեր էի անոր մէջ։

Հիմա, սակայն, երբ կեանքը ապրիլ սկսած երիտասարդի հեռատեսութիւնս կ՚ըսէր ինծի թէ աշխատելու էի գէթ թանկագին ցոլքեր գողնալ այդ ադամանդէն որ ատեն մը երբ արժէքին անգիտակ էի դեռ իմ տրամադրութեանս ներքեւ դրուած էր բացարձակապէս։

Եւ սկսայ ամուսնոյն հետ բարեկամութիւն մշակել իրենց տունը երթեւեկելու համար։

Հիմա առաջուան Զարուհին չէր ա՛լ. լուրջ հով մը, պատկառանք մը կար վրան՝ ինչ որ մէկ խօսքով պաշտելի կ՚ընէր կոր զինքը աչքիս, ու եթէ երբեք մտքիս մէջէն տարտամօրէն բան մը կը յուսայի այս կնիկէն, ապատովաբար մեծ զոհողութիւններէ, պաղատանքներէ, անցեալին վերյուշումովը արդարացուած խորունկ սիրոյ մը արտայայտութիւնէն եւ երկար սպասումներէ ու տառապանքներէ ետքը, արգահատանքով, գթալով նետուած ողորմութեան պէս բան մը պիտի ըլլար ան, կ՚երազէի ես, ու այդ ամէնը յանձն առնել կ՚որոշէի իր կնոջական մէկ փոխրիկ շնորհին համար։

Հետզհետէ կ՚ամրապնդուէր սա համոզումս թէ զուտ մանկական անմեղ պչրանքն էր առջի Զարուհիին ըրածը ու հիմակուան Տիկին Ք…ն ճշմարիտ ու կատարեալ կնոջ տիպարն էր, պարագային համեմատ միայն խնդացող, խօսող եւ ի հարկին լուրջ ու պատկառելի։

Իր ամուսնոյն հետ ծանօթանալէս յետոյ երբ առաջին այցելութիւնս գացի տալու իրենց, պատահաբար ամուսինը բացակայ գտնուեցաւ ու Տիկինը ընդունեց զիս։ Կէս ժամ զիս սպասցնելէ յետոյ հիւրանոցին մէջ, բաց մանիշակագոյն robe de chambreի մէջ, կէս négligé վիճակով մը եկաւ ներս ու դիմացս նստեցաւ։

Կը ներէք որ, ըսաւ, առաջին այցելութեան մը մէջ պէտք եղած պաշտօնական արդուզարդով չեմ ընդունիր ձեզ. բայց կարելի եղածին չափ շուտ գալու հապճեպս նկատի առնելով՝ ատիկա ներելի կը դառնայ, մանաւանդ մեզի պէս հին բարեկամներու միջեւ։

Անշուշտ, Տիկին, պատասխանեցի, մանաւանդ որ Նախախնամութիւնը ինք ստանձներ է արդէն ձեր արդուզարդին հոգը։

Օհօ՜, կը տեսնեմ որ առջի շիկնոտ Գասպարը չէ՛ս ալ։

Կ՛աղաչեմ, Տիկին, ըսի, յօնքերս պռստելով այդ չափազանց մտերմական խօսուածքին վրայ, ներողամիտ եղէք՝ եթէ անհաճոյ վարմունքի մը մէջ գտնուեցայ։

Ո՜հ ո՛չ, այդ որքա՜ն ձեւակերպութիւն ընդհակառակը. սանկ քովս չգա՞ս. մոռցա՞ր առջի Զարուհին, աչքերուս մէջ չնայի՞ս

Գլուխս վեր առի. իրաւ մոռցեր էի ես առջի Զարուհին. նայուածքս իրենին պատահեցաւ. բազմոցին մէջ, յուլօրէն, կէս մը ընկողմանած տարփոտ նայուածքով մը կը ժպտէր ինծի իր հին չարաճճի քմծիծաղովը՝ որուն մէջէն մոռցուած հին աղջիկը հիմա իր կնոջ դերին մէջ ա՛լ աւելի պժգալի երեւցաւ յանկարծ աչքիս ու փախայ, ամչկոտ, անփորձ տղու մը պէս փախայ։

Մէկ նայուածք մը՝ հիւսած բոլոր երազներս փճացուցեր էր։

Երջանիկ եմ հիմա որ ինձմէ տղու միամիտ խոստում մը խլելէ յետոյ, ինծի սպասելու համբերութիւնը չունեցաւ այդ կինը, եթէ ոչ՝ կեանքս անդառնալիօրէն թունաւորուած պիտի ըլլար հիմա։

Այս դէպքէն ետքը, քանի անգամ փոքրիկ նախատինքներ ըրաւ ինծի ընկերութեանց մէջ, բայց լռութեամբ պատասխանեցի։

Խեղճ ամուսնոյն կ՚արգահատիմ, լոկ անձնասիրական նկատումներով իրեն հետ սկսած բարեկամութիւնս. այդ արգահատանքով հետզհետէ ամրապնդուած է հիմա եւ ծնունդ տուած է մէջս իրեն օգտակար ըլլալու բաղձանքի մը որ սակայն աւա՜ղ անօգուտ է պարզապէս։

***

Եւ երբ բարեկամս մինակ ձգեց գնաց զիս, պարտէզին մթութեան մէջ, լապտերին երերտկացող աղօտ լոյսովը, խորհեցայ ինքնիրենս թէ կնոջ աչքը մեզ այրերուս համար հայելի մըն է՝ որուն վրայ կը յաջողին իշխել անոնք շատ անգամ, զմեզ իրենց ուզածին պէս ցոյց տալու համար ինքզինքնուս։

 

«Մասիս», 1903, 30 օգոստոս, թիւ 35, էջ 557-559։