ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ԻԹԻՏԱԼ» ԼՐԱԳՐԻ ԳՐԳՌԻՉ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Զինադադարի երրորդ օրն էր Ապրիլ 7ին, յանկարծ թուրք լաճեր ինկան մէջտեղը Իթիտա՜լ պոռալով, որոնք նոյն օրուան թիւէն հազարաւոր օրինակներ առած թուրքերուն ձրի կը ցրուէին իսկ մեզի դրամով կը ծախէին։ Օսմ[անեան] Սահմանադրութենէն ետքը ինքզինքը ծայրահեղ ազատական ցուցնող եւ մանաւանդ Իթթիհատ Թէրագգըի Ատանայի մասնաճիւղին զգացումներուն թարգման եղող Իթիտալ լրագրին հրատարակուիլը ուրախութեամբ ողջունելով՝ անմիջապէս հարիւրաւոր օրինակներ գնեցին, յուսալով որ Իթիտալը իբրեւ ազատական թերթ պիտի պախարակէր ու խայտառակէր ջարդը կազմակերպողները, պաշտպանելով անմեղ Հայերուս կորսուած իրաւունքները, եւ պիտի պահանջէր որ ջարդի կազմակերպիչները եւ ջարդարարները անմիջապէս ձերբակալուին ու պատժուին օրէնքին ամենախիստ տրամադրութիւններովը։ Եւ սակայն յուսախափութի՜ւն, թերթը կը բանանք եւ ի՞նչ տեսնենք ծայրէ ի ծայր հայհոյութիւններ, զրպարտութիւններ մեզ՝ անմեղ ջարդուողներուս հասցէին, ներկայացնելով հայերը իբրեւ ապստամբ, նախայարձակ, անմեղ թուրքեր ջարդող եւ դեռ հազար ու մէկ յերիւրանքներով նախատինքներով ու լուսանքներով լեցուն, որոնք ուղղուած էին դժբաղդ հայերուս հասցէին։ Այսչափ վրան բաց խեղաթիւրում աշխարհի մէջ երբէք չէր տեսնուած։ Կարծես ջարդէն առաջ տպագրուած ու պատրաստուած էր մասնաւոր կարգադրութեամբ եւ առաջին ջարդէն անմիջապէս վերջը, կամ Իթիտալի բերնով՝ զինադադարի միջոցին ցրուեցին եւ ղրկեցին Թուրքիոյ բոլոր նահանգները նոյն իսկ ամենայետին գիւղերը, ջարդին պատասխանատուութիւնը բեռցնելու համար դժբաղդ հայերուս վրայ։ Այդ ծրագիրը բաւական ալ յաջողեցաւ. որովհետեւ յիշեալ թերթի 33րդ նշանաւոր թիւը կարդացող թուրքերը՝ առաջին տպաւորութեամբ յանցանքը հայերուն քով գտան եւ այդ տպաւորութիւնը ոմանց քով դժբաղդաբար կը մնայ մինչեւ այսօր եւ չեն ուզեր համոզուիլ թէ Ատանայի հայերը բացարձակապէս անմեղ էին։

Կիլիկիոյ ջարդին պատասխանատուութիւնը հայոց վրայ բեռցնող եւ հայերը ապստամբ ներկայացնող Իթիտալի 33րդ նշանաւոր թիւը՝ իր բոլոր խեղաթիւրումներովը կը պարունակէ շատ կարեւոր կէտեր, որոնք աննուղակիօրէն կը յայտնեն ջարդին նախապէս եփուած թափուած գործ մ՚ըլլալը։ Յիշեալ թերթի 33րդ թիւը որ ծայրէ ծայր ջարդին կազմակերպիչներուն հոգեբանութան ու տրամադրութան թարգմանն է, կարժէ որ ամբողջապէս թարգմանենք եւ ներկայացնենք հոս [1] ։ Առանց բարկանալու ու պաղարիւնութեամբ պէտք է կարդալ եւ գրուածները միշտ հակառակ կողմէն ըմբռնել…։

«Իթիտալ» լրագրի 7 Ապրիլ 1325 ու 33րդ թիւին մէջ հրատարակուած եւ ջարդին կրկնութեան պատճառ եղող գրգռիչ յօդուածներուն թարգմանութիւնները։



[1]            Իթիտալ ի 33րդ թիւը այնչափ սպառեցաւ որ իւրաքանչիւր օրինակին գինը՝ մինչեւ 1-5 ոսկիի բարձրացաւ եւ այսօր շատ հազուագիւտ է։