ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԷՕՐԹ—ԵՕԼԻ [1] ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ

Ինքնապաշտպանութեան ականատես եւ մասնակից տեղացի հայ մը կը պատմէ—

«1909 Ապրիլ 2 Հինգշաբթի օրը՝ երբ Ատանայի կողմերը սկսած ջարդի գոյժերը հասան եւ մեր շրջակայ գիւղերուն հրեդհի մուխերն բարձրացան դէպ ՚ի վեր, հասկցանք ահռելի աղէտի մը մեզ մօտենալը։ Մեր շրջակայ գիւղերուն հայ բնակիչներն սկսան թափուիլ Տէօրթ-եօլ եւ մենք ստիպուեցանք ինքնապաշտպանութեան պատրաստութիւններ տեսնել։

Ուրբաթ առաւօտուն՝ հրդեհներն սկսան մօտենալ մեզ մեր մօտակայ արուարձարաններուն տնակները կ՚այրէին մեր դրացի թուրքերը, որոնք օրեր առաջ երդումներով ապահովցուցած էին զմեզ թէ երբէք չի պիտի շարժին եղբայրութեան եւ բարի դրացնութեան հակառակ։ Կէս օրուան մօտ էր որ յանկարծ, մեզմէ 8 ժամ հեռու գտնուող եւ1200 հայութիւն ունեցող Նաճարլը գիւղին բնակիչները սկսան խումբով եւ հետիոտն թափուիլ Տէօրթ-Եօլ, որոնք ահագին թիւով խուժանի մը հետ ժամերով արիւնալի ընդհարումներէ ետքը՝ ճարահատ Տէօրթ-եօլ կուգային նոյն իսկ խուժանը ճեղքելով եւ խուժանէն հալածուելով մինչեւ գիւղին եզերքը։

Նաճարլըյի ջարդէն ազատած հայերը Տէօրթ-եօլ ժամանելէ ետքը սկսաւ բուռն յարձակումն Տէօրթ-եօլի վրայ։



ՏԷՕՐԹ-ԵՕԼԻ ՇՈՒԿԱՆ

Խուժանը զինուած էր զինուորական մարթիններով եւ մավզէրներով, զորս բաժնել տուած էր իրենց Էրզինի Կառավարիչ միւթէսարըֆ Մուհամմէտ Ասաֆ պէյը։ Խուժանը յարձակման միջոցին անընդհատ կը պոռար «Եաշասըն փատիշահըմըզ Ապտիւլ Համիտ»։ Բարեբախդաբար մեր տղաքները անմիջապէս անցան գործի գլուխ եւ սկսան բուռն դիմադրութեան մը գիւղին շուրջը բոլորուած պատնէշներու ետեւէն։ Խուժանը ստիպուած ետ նահանջեց եւ սակայն քիչ ետքը դարձեալ սկսաւ յարձակումի աւելի բուռն թափով մը։ Երկու օր ետքը խուժանը ա՛լ աւելի զօրացաւ. անշուշտ տեղական կառավարութեան օգնութեամբը։ Թնդանօթներով մավզէրներով ահռելի յարձակումով մը գրաւեց մեր արեւելեան կողմի պատնէշները, որուն օգնութեամբը մեր գիւղին խմելիք ջուրը կտրեց, այս միայն պակաս էր եւ մեր փորձառու թշնամիները կամ զանոնք վարող վարժ հրամանատարները, փոխանակ քաջաբար ճակատ ճակտի կռուելու ջուր կտրելու վատութեան դիմեցին։ Ժողովուրդը արդէն սնունդի սովին ենթարկուած երբ ջուրի սովն ալ եկաւ, այլեւս յուսահատութիւնը պատեց զմեզ։ Ամէն բանի կը դիմացուի բայց ջուրի ծառաւութիւնը անտանելի է եղեր։ Եւ սակայն «պէտք չէ ընկրկիլ եւ յուսահատիլ, դիմադրելու է դիմադրել անպայման, մինչեւ մեր վերջին շունջը»։

Ահա այս էր մեր վերջնական որոշումը։ Բարեբախտաբար օր մը ետքը մեր փոքրաթիւ եւ սակայն քաջարի երիտասարդներուն գերմարդկային դիմադրութեամբը յաջողեցանք գիւղին ջուրը ձեռք ձգել, մեր դիմադրութիւնը ստացաւ դարձեալ իր կանոնաւորութիւնը։



Տէօրթ-Եօլի ինքնապաշտպանութեան վարիչներէն

Այս ճգնաժամային դիմադրութեանց միջոցին մի քանի անգամներ մասնաւոր լրատարի մը միջոցաւ դիմումներ ըրինք խուժանը վարող միւթէսարըֆ Ասաֆ պէյին, հրաւիրելով իր գութը, հայրենասիրութեան պարտաճանաչութիւնը մեր մասին եւ սակայն քարսիրտ կառավարիչը փոխանակ գթալու մեր վիճակին, ա՛լ աւելի կատաղութեամբ կը գրգռէր խուժանը որ կը բաղկանար, Թուրք, Չէրքէզ, Քիւրտ, Կրետացի եւ Րումելիցի եւ տեղացի գաղթականներէ։

Տասն օր անընդհատ գնդակներու կարկուտին եւ թնթանոթի հարուածներուն դիմանալէ ետքը որոշեցինք վերջին միջոցին դիմել, այն էր օտար հիւպատոսներու գթութիւնն հայցել. քանի որ մեր պաշտպանութեան պաշտօն ունեցողները կամ աւելի ճիշտը մեր տէրերը, երկրին վարիչները չէին գթար մեր վրայ եւ իբրեւ ոչխար կ՚ուզէին մորթել տալ զմեզ։ Օտար հիւպատոսներու մօտակայ կեդրոնն էր Իսկէնտէրուն եւ սակայն ինչպէ՞ս երթալու է, ինչպէ՞ս անցնելու է այն արիւնի ծարաւ կատաղիներուն մէջէն, որոնք տասնեակ հազարաւորներով պաշարած էին քաղաքը։

Հազիւ թէ Իսկէնտէրուն երթալու պէտքը ցոյց տուինք քսանի չափ կրակոտ երիտասարդներ առաջարկեցին որ իրենց երթան։ Այս անձնուիրութեան մարմնացում տղաքները քաղաքին քսան կողմերէն այլ եւ այլ ճամբաներէ երթալու պայմանաւ կէս գիշերին ճամբայ հանեցինք։ Դժբախտ երիտասարդներէն տասն եւ ութը հատը զոհուած էին խուժանին ճիրաններուն մէջ իյնալով, եւ միայն երկուքը յաջողած էին ողջ առողջ Իսկէնտէրուն հասնիլ։ Իսկէնտէրունի Անգլիական, Ֆրանսական եւ Իտալական հիւպատոսները երբ մեր վտանգալի կացութեան տեղեկացած են. իսկոյն ժողով գումարելով իրենց կողմէ ներկայացուցիչ կարգած էին Անգլիացի միսիօնար Մր. ՊԷնէթթի, որն որ փութացած էր գալ մեր օգնութեան Բ. Զօրաբանակի հայրենասէր զօրքերէն 520 զինուորներով։ Տասներորդ օրը իրիկունը Տէօրթ-եօլի շուրջը հասած էին բարեսիրտ Անգլիացին եւ իրեն հետեւորդ զինուորները, որոնք իսկոյն դադրեցնել տուին  յարձակումները եւ մենք ազատեցանք ստոյգ մահէ մը։ Այս կերպով քաղաքին պաշարումը վերցաւ եւ մենք վար դրինք մեր զէնքերը»։

Տէօրթ եօլցիք հազիւ թէ պաշարումըն եւ ընդհարումներէ ազատած հանգիստ շունչ մը կ՚առնէին, երկրորդ դէպք մը եկաւ խանգարել իրենց հանգիստը, նոյն իսկ վտանգի ենթարկելով իրենց գոյութիւնը։

Տէօրթ-եօլի պաշտպանութեան համար ղրկուած զօրքերուն հրամանատարը հազարապետ Տիգրանակերտցի ՆԷտիմ պէյ՝ զէնք փնտռելու պատրուակով սկսած էր նեղել Տէօրթ-եօլի ժողովուրդը։ Տէօրթ եօլցիք՝ բնականաբար մերժած էին յանձնել իրենց զէնքերը, առարկելով որ դեռ իրենց կեանքերը վտանգի տակ են։ Հազարապետն սպառնացած եւ նոյն իսկ 12 ժամ պայմանաժամ տուած էր հակառակ պարագային թնդանօթի բռնելու սպառնալիքով։ Տէօրթ եօլցիք յանկարծակիի եկած՝ իսկոյն լուր ղրկած էին Իսկէնտէրուն, եւ Ատանա գտնուող Երեսփ[ոխանական] եւ կառավ[արական] պատուիրակութեանց, յայտնելով որ իրենց կեանքերը վտանգի տակ են։ Ատանա գտնուող Քննիչ Յանձնախումբը՝ բարեյիշատակ Յակոբ Պապիկեան, Յարութիւն Մոստիչեան, Եուսուֆ Քէմալ եւ Ֆաիգ պէյերը այս լուրը առածնուն պէս իսկոյն կառք նստած էին կարելի եղածին չափ շուտով Տէօրթ-եօլ հասնելու դիտաւորութեամբ, եւ սակայն ասոնք դեռ Տէօրթ-եօլ չի հասած, հազարապետը իր կամքը քալեցնելու համար Մայիս 21 ին գիշերը թնդանօթի մը քանի հարուածներ արձակել տուած էր, որոնց ազդեցութեամբ մի քանի տուներ փլած եւ մի քանի անձեր վիրաւորուած էին։ Թնդանօթներուն արձակումէն ետքը հազարապետը լսելով որ Ատանայի Քննիչ Յանձնախումբը սուրալով կուգայ Տէօրթ-եօլ, իսկոյն զինուորներու ջոկատներ ու պահակներ ղրկած էր զօրանոցէն քաղաք, յայտնելով որ քաղաքին բնակիչները թող չվախնան, եղածը բան մը չէ… այլ միայն զինուորներու գինովութենէ առաջ եկած սխալմունք մը։

Հետեւեալ օրը կանուխէն դեռ Քննիչ Յանձնախումբը չի ժամանած, հազարապետ Նէտիմ պէյ՝ կախաղան հանած էր Իւսկիտարցի Րուհի անունով թուրք զինուոր մը, որն որ՝ իբր թէ ինքնագլուխ եւ գինովութեան հետեւանքով թնդանօթ արձակած էր Տէօրթ-եօլի վրայ։ Մինչդեռ իրականութեան մէջ հակառակն էր, որովհետեւ խեղճ Րուհի կախաղան ելլելէ առաջ յայտարարած էր որ հազարապետին հրամանովը արձակած էր թնդանօթը։

Միեւնոյն հազարապետը՝ աղէտէն ետքը Տէօրթ-եօլի երեւելիներն բանտարկած էր կրօնափոխ մատնիչի մը սպանման պատճառաւ, եւ տեսակ տեսակ պատրուակներով խոշտանգումներու ենթարկած էր ժողովուրդը, որոնց հետեւանքով վերջապէս Քննիչ պատուիրակութեան Էրզինէն տուած մէկ ազդու հեռագրով՝ Տէօրթ-եօլէն հեռացուեցաւ այն հայատեաց հազարապետը։



[1]            Տէօրթ-Եօլ կամ Չօգ-Մարզուան՝ կը գտնուի Ատանայի հարաւային կողմը Միջերկրական ծովու եզերքին մօտ, ունի 4850  Հայ բնակիչ։ Տէօրթ-Եօլ՝ իր քաջ եւ անձնուէր ժողովուրդին շնորհիւ միշտ այս տեսակ անակնկալ յարձակումներու դէմ յաղթող հանդիսացած է եւ սարսափ կազդէ շրջակայ գիւղերուն։ . Յ. Թ. )