ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ
ԱԲԵՂԱԹՈՂ.
–
Մեծ
բարեկենդանի
առթիւ
ամէն
կարգի
եւ
ամէն
հասակի
անձերու
վայելած
սանձարձակ
թոյլտուութիւնը`
զուարճութեան
համար
իրենց
ամէն
ուզածն
ընելու,
նոյն
իսկ
հակառակ
պատշաճից
սովորական
պայմաններու:
ԱԼԱՓՈՒՇՏ.
(ելլել)
–
Բարկել
(բերանը):
ԱԾ.
(ելլել)
–
Հաւուն
ածելու
սկսիլը:
Ածէ
կտրիլ
կ’ըսուի`
երբ
ածելէ
դադրի:
ԱԾԼԵԼ.
–
Կսկծացընելը
(ցուրտին,
ցուրտ
հովին):
ԱԿՆՋԴՐՈՒԹԻԻՆ.
–
Մէկու
մը
խօսքին
ունկնդրութիւն
ընել
հեռուանց
կամ
գաղտնաբար:
ԱԿՌԱԺԱԺԻԿ.
(ակռա-շարժ-իկ)
–
Նոր
հարսին
առջեւ
առաջին
անգամ
կերակուր
դրուելուն
առթիւ
հարսին
տրուած
նուէր:
ԱՂԱՊ-ՃԱՂԱՊ.
–
Ցիրուցան,
խառնափնդոր:
ԱՂՏԿՈՐՈՒՍՏ.
–
Աղտը
չցուցընող,
մթագոյն
(կերպաս,
հագուստ):
ԱՂՕԹԵԼ.
–
Չար
աչքի
(նազար)
հանդիպած
մէկուն
վրայ`
յատուկ
աղօթքներ
ըսել
մասնաւոր
արարողութիւններով:
Այս
աղօթքներն
ու
արարողութիւնները
գիտցող
ու
գործածող
մասնաւոր
կլիներ
կան
որոնց
կ’ըսուի
աղօթնող
կնիկ
[1]:
ԱՃԱ.
(մանկական
բառ)
–
Դէմքը
մէյ
մը
պահելով,
մէյմը
ցուցընելով
եղած
մանկական
խաղ:
ԱՃԱՌ.
–
Բոլորովին
նոր
(ընդհանրապէս
առանձին
չի
գործածուիր
եւ
կʼըսուի
նոր-աճառ):
ԱՄԲՈՒՆ
(կոտրել).
–
ՄԷկը
վշտացընել,
սիրտը
կոտրել:
ԱՅՊԼՈՒԿ.
(թերեւս`
այպն-ուկ,
«այպանել»-էն)
–
Լղրճուած,
մալակօնուած,
խայտառակ:
ԱՆԻԾ.
–
Ոջիլի
ձուիկ:
ԱՉՔՈՏԻԼ.
–
Գարնան
սկիզբը`
ծառերու
կամ
որթատունկերու
բողբոջելիք
տեղերուն
ուռենալ
կամ
ցցուիլը.
տե՛ս
նաեւ
կոնճկոտիլ:
Այդ
բողբոջելիք
տեղերուն
կ’ըսուի
աչք:
ԱՊԻՍ.
(մանկ.
բառ)
–
Ձեռք
համբուրել:
ԱՌՆՒՈՐԻԼ.
–
Ո՛ր
եւ
է
խօսքէ
կամ
ակնարկութենէ
վիրաւորուիլ,
վշտանալ.
թրք.
ալընմաք:
ԱՌՈՒՆՏԱՔ.
–
Հարսի
մը
ամուսնոյն
պարագաները
(հայրը,
մայրը,
քոյրը,
եղբայրը,
հօրեղբայրը
եւն):
ԱՌՋԻՆԵԿ.
–
Մօր
մը
առաջին
անգամ
ծնած
տղան,
անդրանիկը:
ԱՍՂՆՏԵԼ.
–
Ասեղով
ծակծկել:
ԱՍՂՆՏՈՒԻԼ.
–
Մարմնոյն
վրայ
ասղնտուքի
զգայութիւնն
ունենալ.
(Մշոյ
բարբառին
մէջ
մի
եւ
նոյն
զգայութիւնը
կը
բացատրուի
փշամզիլ
բառով):
ԱՍՏՈՒԱԾ-ՊԱՊՈՒԿ
–
Լուսնկայ
(զոր
ցուցընելով
մայրերը
կը
խաղցընեն
իրենց
տղաքը,
«Աստուած
պապուկ,
եկու,
եկու,
մանչուս
ծոցոխը
մտիր
եւն»
ըսելով.
շատ
անգամ
ալ
«Աստուած
պապուկ
գլխուդ
քար
կը
ձգէ»
ըսելով
կը
վախցընեն
զանոնք,
զգուշացընելու
համար
որ
եւ
է
գէշ
արարքէ:
ԱՐԵՄ-ԾՐԵՄ.
–
Շատ
աշխատութեամբ,
դժուարութեամբ,
յօգնութեամբ.
զ.
օր.
կ’ըսուի.
«արեմ-ծրեմ
զաւակ
մը
մենծցուցի,
անի
ալ
մահը
ձեռքէս
առաւ…»
եւն:
ԱՐԵԻՑԱԹ.
–
Արեւածագ:
ԱՐԷՆՔ.
–
Տարիք,
հասակ.
զ.
օր.
կ’ըսուի.
«այն
ինչը
իմ
արէնքս
է.
եւն»
փոխանակ
ըսելու`
«իմ
տարիքս
ունի
կամ
ինձի
հասակակից
է»
եւն:
ԱՐԻ-ՃԱՐԻ.
–
Ճարպիկ,
ժիր,
գործունեայ
(հականիշն
«անճարակ»ին):
ԱՐԻԻՆՓԱԹԱԹ.
–
Արիւնաշաղախ:
ԱՒՏՆԱԼ.
–
Հաւատալ:
ԲԱԺՆՏԻԼ.
–
Առտուն
լուսնալու
ատեն`
լուսոյ
առաջին
տարտամ
ճառագայթներուն
մաղմղուիլ
եւ
խաւարը
ճերմկցընելը.
զ.
օր.
կ’ըսուի.
«վանգուց
տեղէս
ելայնէ
տահա
լուսը
նոր
բաժնտէր
կոր»
եւն:
ԲԱՂՆԵՑ-ՏԻՐԱՑՈՒ.
–
Հեգնական
մակդիր`
որ
կը
գործածուի
յոռի
երգիչներու,
լաւ
ձայն
չունեցողներու
համար,
(որոնց
ձայնը
բաղնիքին
մէջ
միայն
կրնայ
լաւ
հնչել,
շնորհիւ
բաղնիքին
արձագանգներուն):
ԲԱՆԴԻՐ.
–
Միշտ
ուրիշին
գործ
դնող,
ուրիշն
իր
ծառայութեան
գործածել
ուզող
(մարդ):
ԲԱՆՏԵՂ.
–
Աշխատութեան
վայր,
գործատեղի
արհեսաւորի,
բանւորի
եւն:
ԲԱՆՏՍՏԻԼ.
–
Քիչ
ու
շատ
գործ
գտնիլ,
բանիլ,
աշխատիլ:
ԲԶԻԿ-ՔՌԻԿ
(գալ,
ըլլալ).
–
1.
Չափազանց
գրգռուիլ,
պոռալ,
կանչուըռտել,
կտոր
կտոր
ըլլալ.
2.
տե՛ս
ցլիկ-ցլիկ
ըլլալ:
ԲԶԿՏՈՒԻԼ.
–
Չափազանց
գրգռութեամբ
ընդդիմախօսել,
պոռալ,
կանչուըռտել:
ԲՃՈՒԿ.
–
Բղուկ
(ընդհանրապես
երկու
բառը
մէկէն
գործածուի
եւ
կ’ըսուի
բզուկ-բճուկ
[2]:
ԳԱԼՈՒ-ԱԻԵՏԱՐԱՆ.
–
Դատարկաբանութիւն,
խաբեպատիր
խօսք:
ԳԱՆԳՏԻԼ
(գանգատ-իլ).
–
Մէկու
մը
դէմ
դատ
բանալ:
ԳԱՌՆԱԳՈՉՈՒՄ.
–
Ժխոր,
գոռում-գոչուն:
ԳԻՇՈՏՈՒԻԼ.
–
Մէկու
մը
հետ
գժտիլ,
աւրուիլ:
ԳԻՏՑՈՒՆ.
–
Ճանչւոր,
ծանօթ:
ԳՈՒՆԵՎԱՆ.
–
Գունաւոր:
ԳՈՒՇ.
–
Փայտէ
աման`ուր
ընդհանրապէս
հաց
կը
դնեն:
ԴԱՆԿԵԼ,
ԴԱՆԿՏԵԼ.
–
Դանակով
զարնել,
կտրտել:
ԴԱՏԻԼ.
–
Շատ
աշխատիլ,
ճգնիլ:
ԴԵՂՆՈՒՑՔ.
–
Դեղին
մասը
(հաւկթին,
շուշանին
եւն):
ԴԷՄԵԼ.
–
1.
Դէմ
դնել,
հակառակախօսել.
2.
Դէմ
երթալ,
դիմաւորել:
ԴԻՄԱՆԱԼ.
–
1.
Երկար
ատեն
տոկալ,
չմաշիլ
(հագուստի,
կոշկի
եւն).
2.
Հանդուրժել
(որ
եւ
է
ցաւու,
նեղութեան):
ԴԻՄԱՑԵԼ.
–
Մէկուն
դէմն
ելլել,
առջեւը
կտրել.
2.
Դիմացէ
դիմաց
գալը
(ժամանակի
երկու
համապատասխան
կէտերուն,
տեւողութենէ
մը
հետոյ).
զ.
օր.
կ’ըսուի…
«հօրս
մեռնելուն
տարին
դիմացէ
կոր…
քաղքէն
ելլելուս
ամիսը
դիմացեց…»
եւն,
փոխանակ
ըսելու`«հօրս
մեռնելէն
ի
վեր
տարի
մը
ըլլալու
վրայ
է…
քաղքէն
ելլելէս
ի
վեր
ամիս
մը
եղավ»
եւն:
ԴԻՄԱՑԿՈՒՆ
(դէմ-աց-իկ-ուն).
–
1.
Դժուար
մաշող
(հագուստ
եւն).
2.
Տոկացող,
հանդուրժող:
ԴՈՒՐԵԼ.
–
Հարթել,
հաւասարեցընել:
ԴՐԽՏԱԼ.
–
Դղրդիլ:
ԴՐՍՆՈՑ.
–
Տունէ
դուրս
գործածելու
որ
եւ
է
բան
(հագուստ
եւն):
ԵՏՔԻՆԵԿ.
–
Մօր
մը
ամէնէն
վերջին
ծնած
զաւակը
(հականիշն
առջինեկի):
ԵՐԵՍԵԼ.
–
Կերակուրին
կամ
որ
եւ
է
բանի
վրայ
լեցուած
ջուրին`
մինչեւ
ամանին
մէջի
նիւթին
երեսը
ելլելը:
ԵՐԵՍՈՒՔ.
–
Որ
եւ
է
բանի
մը
երեսի
մասերը,
մաղուած
բանի
մը
մաղէն
չանցած
մասը:
ԵՐԵՍՒՈՐԻԼ.
–
Մէկու
մը
հետ
դէմ
դիմաց
գալ,
երես
երեսի
ելլել.
(իսկ
երեսուորցնել
կը
նշանակէ
երկու
մարդ
իրարու
հետ
դէմ
դիմաց
հանել,
երես
երեսի
բերել):
ԵՐԿՈՒ-ՀՈԳԻՔ.
–
Յղի
(կին):
ԵՓՋՈՒՐ.
–
Եռացեալ
ջուր:
ԵՕԹՆՕՏԱՐ.
–
Բոլորովին
օտար,
եօթը
պորտ
ազգականէ
դուրս`
օտար:
ԶԱՄԱՀՒՈՐԻԼ.
–
Խելքը
երթալու
տալ,
երթալու
պատրաստուիլ:
ԶԱՏԻԿ
(պօճիկ).
–
Տեսակ
մը
կարմրագոյն
միջատ`որ
զատկի
ատենները
երեւան
կ’ելլէ:
ԶՆԿԶՆԻԿ
(մանկական
բառ).
–
Նուագ,
նուագածութիւն:
ԶՆԿՌՏԱԼ.
–
Ցորւտէն
սաստիկ
մսիլ,
դողդողալ:
ԷՇ-ՆԱՀԱՏԱԿ
(ըլլալ).
–
Պարապ
տեղը
նեղութիւն
կրել,
չարչարուիլ,
մեռնիլ:
ԷՏԻՆՔ
(թերեւս`յետ-ինք).
–
Օրհասարակէն
յետոյ
իրիկուան
դէմ
մինարէներու
վրայ
կանչուած
իսլամական
ի
զէն։
ԷՐԻՉՔ
(այր-իչք).
–
Սաստիկ
վիշտ,
տոջորմունք:
ԸԽՏԱՄԱՍԻԿ
(ուխտ-մաս-իկ).
–
Ուխտատեղւոյ
մը
մէջ
կերուած,
խմուած
որ
եւ
է
բանի
մնացորդը,
որ
տուն
կը
բերուի`նոյն
ուխտագնացութենէն
զուրկ
մնացողներն
անոր
մասնակից
ընելու
համար:
ԸՄՊՈՒ
(մանկական
բառ).
–
Ջուր
[3]:
ԸՆԿԶՄԷՋ.
–
Ընկուզի
միջուկ:
ԸՐԻ-ՑՐԻ.
–
Շռայլօրէն.
զ.
օր.
կ’ըսուի…
«ունեցածը
ըրիցրի
խարճեց,
հատուց…
եւն:
ԹԱԼԼԵԼ
(թրք.
թալամաք
էն).
–
Կողոպտել
[4]:
ԹԱՂՈՒՄՒՈՐ.
–
Յուղարկաւոր
մեռելի:
ԹԱՓԹՓՈՒԻԼ.
–
Չափազանց
ծախուց
ենթարկուիլ,
(արտաքոյ
կարգի
առթիւ
մը.
զ.
օր.
հիւանդութեան,
դատի,
հարսանեաց
եւն
առթիւ):
ԹԷԹԻԿ
(մանկական
բառ).
–
Ձեռք:
ԹԷԹԻԿ
(թաթ-իկ).
–
1.
Հրացանի
կամ
ատրճանակի
բլթակ.:
2.
Շատ
զգայուն
(քուն
որ
պզտիկ
ազմուկէ
կը
խանգարի).
զ.
օր.
կ’ըսուի…
«քունիս
շատ
թէթիկ
եմ…»,
փոխանակ
ըսելու
«քունս
խորունկ
չէ,
պզտիկ
շշուկէ
մը
կ’արթննամ»
եւն:
ԹԸԹՆԿԻԼ.
–
Մէկը
չափազանց
թախանձել,
ստիպել
այն
ինչ
բանն
ընելու:
ԹԻԱԿԷՕՄ.
–
Ապուխտին
մէկ
կտորը
(թրք.
կէօմ)
որուն
այդ
անունը
կը
տրուի`
թիու
ձեւ
ունենալուն
համար:
ԹԻՍ.
–
Փուք
որովայնի:
ԹԽԻԿ
(դնել).
–
Գէշ
խաղեր
խաղալ,
չարիք
հասցընել
մէկու
մը:
ԹՆԱԽՕՍ.
–
Ընդվայրախօս,
դաժանաբարոյ:
ԹՈՒՆԴՈՒՐԵԼ.
–
Մեղմանալ
(ցաւու):
ԹՍՏԵԼ.
–
Փուք
արձակել:
ԹՐԵԼ.
–
Հացի
խմորը
շաղուելէ
յետոյ՝
հաւասարցընելու
համար
կռուփով
զայն
տակն
ու
վրայ
ընել:
ԹՐՋՈՑ
(դնել).
–
Որ
եւ
է
բան
ջուրի
մէջ
թրջելու
(դնել):
ԹՕՖՒՐԵԼ.
–
Առիթէ
մը
օգուտ
քաղելով
ինչք
կամ
դրամ
իւրացընել,
դիզել
(ապօրինաւոր
կերպով):
ԺԷՆԳԷՌԻ.
–
Պղնձի
ժանգի
գոյն,
բաց
կանաչագոյն:
ԺՐԵԼ
(ժիր-ել).
–
Առուգանալ,
ժրանալ:
ԻԶԻՆԿՐՆԿԻ.
–
Անմիջապէս,
շատ
շուտ.
զ.
օր.
կ’ըսուի.
«իզինկրնկի
ետ
դառնալ…»
եւն
[5]:
ԻՆՉՆՈՐԷՆ.
–
Որ
եւ
իցէ,
ամէն
տեսակ
բան.
զ.
օր.
կ’ըսուի,
«ինչնորէն
կերան,
հատուցին…
[6]
»
եւն:
ԻՇՈՒ-ԱՐՔԱՅՈՒԹԻՒՆ.
–
Հեգնական
յորջորջում
բանտ
նշանակութեամբ:
ԻՇՈՒ-
ՀԱՒԿԻԹ.
–
Անկիրթ,
կոշտ:
ԻՇՈՒ-ՀՐՇՏԱԿ.
–
Անկիրթ,
վայրենաբարոյ:
ԻՇՈՒ-ՇԱՐԱԿԱՆ.
–
Շաղփաղփանք,
անհաճոյ,
խաբեպատիր
խօսք,
տե՛ս
նաեւ
Գալու-աւետարան:
ԻՐԱՐԵԼ.
–
Իրար
բերել,
իրարու
միացընել:
ԼԱՐՄԱՆ.
–
Լայն,
լարուած:
ԼԱՓԵԼ.
–
Բարկել
(բերնի,
պղպեղի
կամ
որ
եւ
է
բարկ
բանի
ճաշակմամբ):
ԼԵՂՈՒԵՆԱԼ,
ԼԵՂՒՈՏԻԼ.
–
Լեղի
համ
առնել:
ԼԶՈՒԸՌՏԻԼ.
–
Բան
մը
ուտելէ
կամ
խմելէ
յետոյ`
լեզուն
դուրս
հանելով
պռկունքներուն
չորս
կողմը
լզել,
կերակրոյ
մնացորդները
մաքրելու
համար:
ԼԷԿՏԷՄԻՒՐ
(=
լէնկ-թիմուր).
–
Յամառ,
դէգ,
չարաբարոյ
մարդ:
(Լէնկթիմուրի
աշխարհաւեր
արշաւանքին
յիշատակը
ուրիշ
յարակից
պարագաներով
պահուած
չէ
ժողովրդեան
մէջ,
բայց
միայն
իր
անունովը,
որ
յատկանշական
բառ
մը
դարձած
է):
ԼԷՆԿ.
–
Կատակախօս,
միմոս:
ԼԸՍԼԸՍ.
–
Դանդաղ,
անպիտան,
կնամարդի:
ԼԼԵԼ
(=
լնուլ).
–
Լեցընել:
ԼՆՃԻԼ
(=
ննջել).
–
Քնանալ
[7]:
ԼՈՂ
(=
լոգ)
ՀԱՆԵԼ.
–
Առատ
ջուր
թափել,
լիառատ
ոռոգել:
ԼՈՃ.
–
Չափազանց
եփուած
եւ
հալելով
իրար
խառնուած
կերակուր:
ԼՈՒՍԱՂԲԱՐ.
–
Ուղեկից
ուխտագնացութեան
յԵրուսաղէմ:
ԼՕԹՈՒՌԱՆ.
–
Շատակեր,
որկրամոլ:
ԼՕԼՕՔ.
–
Բարձի
ոսկոր:
ԽԱԲԽԲՈՒԿ.
–
Հրապուրիչ,
սիրուն
(աղջիկ,
խիստ
չափաւոր
գեղեցկութեամբ,
որ
սակայն
կը
բաւէ
տեսնողը
խաբելու
եւ
կարծեցընելու
թէ
բաւական
գեղեցիկ
է):
ԽԱՇՈՒՔՋՈՒՐ.
–
Եռացեալ
ջուր`
որուն
մէջ
լուացուելիք
լաթերը
նախ
կը
խաշեն:
ԽԱՇՈՒԹՓԱՏ.
–
Մասնաւոր
փայտ`
որով
խաշուքջուրին
մէջէն
դուրս
կը
հանեն
լաթերը:
ԽԱՌՆԱԲԺԻԺ.
–
Իրար
խառնուած,
խառնափնթոր:
ԽԱՍԿԻԼ.
–
Հիւանդութենէ
մը
յետոյ
նիհար
ընկնիլ,
վատառողջ
մնալ,
կատարելապէս
չառողջանալ:
ԽԼԷԶ.
–
Խղնջակերպ
թուլամորթ
մը`
առանց
խեցիի,
որ
բոյսերը
կ’ուտէ:
ԽՄԽԻԼ.
–
Վրան
թուլութիւն,
թմբրութիւն
գալ,
մնալ
(քնայ,
գինովութեան
կամ
տկարութեան
հետեւանքով):
ԽՇՐՏԱԼ.
–
Չոր
տերեւներուն
խըշ
խըշ
ձայն
հանելը:
ԽՈՐԻՍ.
–
Իւղի
մէջ
բօհրուած
ալիւր:
ԽՌԽԻԹ.
–
Չափազանց
չորցած,
կարծրացած:
ԽՌՍՏԻԿ.
–
Տե՛ս
խռխիթ:
ԽՏՄՐՏԿԱԼ.
–
Քթին
տակէն
ծիծաղիլ:
ԽՐԹԻԼ-ՓՐԹԻԼ.
–
Քիչ
անգամ
բան
մը
ընելու
փորձուիլ.
զ.
օր.
կ’ըսուի.
«խրթեցայ
փրթեցայ
աս
տարի
թիւթիւն
արի
(տնկեցի)
նէ`
անի
ալ
կարկուտը
զէրկաւ»
եւն:
ԽՕՌԿԱԼ.
–
Աններող
աչքերով,
խոժոռ
խոժոռ
նայիլ:
ԾԱԽՒՈՐԻԼ.
–
ծախել.
զ.
օր.
«ունիմը
չունիմը
(բոլոր
ունեցածը)
ծախեց
ծախւորեցաւ,
Ամերիկա
գնաց»
եւն:
ԾԱԿԱՍԵՂ.
–
Տեսակ
մը
կար`
որուն
ասեղին
տեղերը
ծակ
ծակ
կը
մնան:
ԾԱՄՈՑ.
–
1.
Ծամելու
մը
չափ,
զ.
օր.
«ծամոց
մը
ձիւթ…».
2.
Ծամուելու,
խծբծուելու
առարկայ.
զ.
օր.
«ալէմին
(աշխրքին)
բերնին
ծամոցն
եղայ»
եւն:
ԾԱՐԿՈՐՈՒ
(ծայր-կորու).
–
Ծայրը,
ճոթը
կորսուած,
կնճռոտ
(գործ,
հաշիւ
եւն)։
ԾԱՒԼԻԼ
(ծաւալիլ).
–
Հռչակուիլ,
տարաձայնուիլ:
ԾԻԼԻՄ.
–
Տափակցած,
մէջը
չեփած
(հաց):
ԾՓԱԼ.
–
Իբր
թէ
լողալ.
զ.
օր.
կ’ըսուի.
«աղտին
մէջ
ծփայ
կոր…»
(չափազանց
աղտոտ
է):
ԿԱԿԱ
(մանկ.
բառ).
–
Որ
եւ
է
տեսակ
պտուղ:
ԿԱԿՈՒՌ
կամ
ԿԱԿՈՒՌԻԿ.
–
Ծուռումուռ
սրունք
ունեցող,
երկու
կողմը
կաղալով
քալող:
ԿԱՊԱՍԵՂ.
–
Տեսակ
մը
կար`
որ
հանգոյց
ձգելով
կը
կարուի:
ԿԱՍԿԱՄ.
–
Հաստատուն:
ԿԱՍԿՐԱԿ.
–
Եռոտանի
երկաթէ,
որուն
վրայ
կը
դնեն
սանը
կերակուր
եփելու
համար:
ԿԱՐԳԵԼ.
–
Ամուսնացընել:
ԿԵՆՍԱՏ
(կեանք-հատ).
–
Ուժէ,
ախորժակէ
կտրած:
ԿԵՌԱԼ.
–
Եռք
ունենալ,
եռալը
(մարմնոյ
որ
եւ
է
մէկ
մասին).
զ.
օր.
կ’ըսուի.
«գլուխս
շատ
աղտոտեր
է,
կեռայ
կոր
եւն»
[8]:
ԿԵՌՈՒԸՌԱԼ.
–
Չափազանց
եռք
զգալով`
քերուըտելու
շարժումներ
ընել:
ԿԵՐՏՐՈՐ
(ըլլալ).
–
Մէկու
մը
համար
շատ
ծախքերու
ենթարկուիլ,
անոր
կերցընել,
խմցընել:
ԿԸԾ
(մանկ.
բառ).
–
Խածնել:
ԿԻԼԻԿ
(մանկ.
բառ).
–
Տղոց
համար
եփուած
փոքր
նկանակ:
ԿԻՐԱՄՈՒՏՔ.
–
Կիրակէի
նախընթաց
իրիկունը,
կիրակամուտք:
ԿԻՒԼԻՒԿ.
–
Շնիկ:
ԿԼԱՅԵԿ
(թրք.
ղալայ-էն).
–
1.
Անագ.
2.
Փախուկ,
խենդ։
ԿԼԱՅԿԵԼ.
–
Պղնձէ
ամանները
անագի
բարակ
խաւով
մը
պատել,
անագել:
ԿՆՏԻԿ
(մանկ.
բառ).
–
Գլուխը
մէյ
մը
ասդին,
մէյ
մը
անդին
դարձնելով
եղած
մանկական
խաղ:
ՀՆՏԱՏԻԼ.
(հունտ-հատ-իլ)
–
Բոյսի
մը
հունտ
շինելը,
հունտը
թափելը:
ՂՈՒՃՈՒԽ.
(անել,
մանկ.
բառ)
–
Գիրկընդխառնուիլ:
ՃԶՐՏԱԼ.
–
Ճըզ
ճըզ
ձայն
հանել:
ՃՂԼՏԱԼ.
–
Խոխոջել
(ջրի):
ՃՂՔՑՈՒ.
(ճեղք-ցու)
–
Ապուխտին
մէկ
կտորը
որ
մէջտեղէն
ճեղքուելով
երկու
կէօմի
կը
վերածուի:
ՃՕՓՆԵԼ.
–
Կոխկրտել,
աւերել:
ՄԱԶԿԱՊ.
–
Ժապաւէն`
որ
մազի
հիւսքերը
կապելու
կը
գործածուի
[9]:
[1]
«Աղօթել»
բառն
այս
առումէն
զատ`
իր
բուն
նշանակութեամբը
չի
գործածուիր
Եւդոկիոյ
բարբառին
մէջ.
պէտք
է
ըսել
աղօ
թք
անիլ
որպէս
զի
«Աստոուծոյ
երկրպագել»
նշանակէ:
[2]
Հայէրէն
լեզուի
եւ
մասնաւորապէս
գաւառաբարբառներու
մէկ
շատ
գեղեցիկ
յատկութիւնն
է
նմանաձայն,
եւ
հոմանիշ
եւ
երբեմն
ալ
յանգաւոր
բառերու
անբաժան
գործածութիւնը
որ
գոգցես
երաժշտական-բանաստեղծական
ներդաշնակութիւն
մը
կ’ընծայե
լեզուին:
Բառացուցակիս
ընթացքին
մէջ
շատ
հանդիպեցանք
այսպիսի
օրինակներու,
որոնցմէ
մին
է
նաեւ
վերի
ասացուածը
«բզտակ-բճ
ուկ»:
Յիշուածներէն
դուրս`
գործածական
են
նաեւ
ուրիշ
բազմաթիվ
նմանօրինակ
ասացուածներ
ալ.
զ.
օր.
տեղ-դեհ,
տուն-տեղ,
դուռ-դրացի,
գող
ու
գաղտուկ,
խաղք
ու
խայտառակ,
խաղ
ու
խնդում,
ցաւ-ցեց,
նեղ-նուազ,
կեանք-կենդանութիւն,
թեւ-թիկունք,
տուն-դուռ,
հարել-թրել,
ծլիլ-ծաղկիլ,
շէնք-շնորհք,
մորթել-քերթել,
շարուկ-շարմղուկ
(=
շարմաղէ
անցած
ալիւրի
պես
սպիտակ),
երդում-ջարդում,
արեւ-աշխարհք,
աշխարհք-արարած,
դար
ու
դուր,
գերել-գերփել,
մութ-մլար
(=
մռայլ),
քէն-
քիթ
եւն
եւն:
Ասոնց
մեջ
կան
այնպիսիններ`
որոնց
երկրորդ
բառն
առանձին
նշանակութիւն
մը
չունի
զ.
օր.
տղայ-տէվշէկ,
քար-քէօճէկ,
փոր-փսոր:
Կան
նմանաձայն
կրկնաւոր
ասացուածներ
ալ`
որոնց
երկրորդ
բառն
առջի
բառէն
տարբեր
ձեւով
կրկնուած.
զ.
օր.
շուն-շնւոր,
չունիմ-չունեւորակ
(=
չունեւոր),
հոտ-հոտուրանք,
ճար-ճարակ,
տէր-տիրական,
կեր-կերակուր,
մազ-կուզ
եւն:
Այս
տեսակ
կրկնաւորներ
են`
բայց
տաճկախառն,
սէր-
ս
էվտա,
բայ
-բաժին
եւն:
Կան
ուրիշ
գործածական
ասութիւններ
ալ`
դարձեալ
երկու
հոմանիշ,
բայց
տարաձայն
բառերով
ձեւացած.
զ.
օր.
քար-ապառաժ,
եղ-ճինճ,
ծեծ-փէտ
(=փայտ),
սուղ
ու
կրակ,
խուլիկ-մնջիկ,
տէր-ապաւէն,
մազ-կծիկ,
օր-արեւ,
կտոր-փրթուճ,
թքնել-մրել,
էրիլ-մրկիլ,
չորնալ-աղնկիլ
եւն
եւն:
Մի
եւ
նոյն
բառը
մի
մը
յաւելմամբ
կրկնելով
գործածել`
հա
լեզուի
ամէն
գաւառաբարբառներուն
ալ
սովորական
է,
զ.
օր.
կնիկ-մնիկ,
աղջիկ-մաղջիկ,
տղայ-մղայ,
էգի-մէգի,
ծուռ
ու
մուռ
եւն,
բայց
Եւդոկիոյ
բարբառին
մէջ
գործածական
են
ուրիշ
ձեւ
ասացուածներ
ալ
որոնց
մէջ
մի
տեղ
ուրիշ
տառեր
կը
փոխանակեն.
զ.
օր.
աման-չաման,
էմել-չէմել,
բարակ-շարակ,
սուտ
ու
փուտ,
պատիկ-պուտիկ,
կոշտ
ու
պոլոշտ,
աղապ-ճաղապ,
ուղիկ-ճուղիկ
եւն:
Ինչպէս
բոլոր
հայ
գաւառաբարբառներուն`
նոյնպէս
Եւդոկիոյ
բարբառին
մէջ
շատ
յաճախեալ
են
նաեւ
միս-մինակ,
կաս-կարմիր,
կափ-կանանչ,
ճեփ-ճերմակ,
դեփ-դեղին,
շիփ-շիտակ
եւն
ձեւերով
ասութիւններն
ալ
որոնք`
յայտնի
է,
տաճկերէնի
նմանողութեամբ
յօրինուած
են:
[3]
Ուշադրութեան
արժանի
է
որ
ջուր
նշանակող
այս
մանկական
բառն
ըմպ
ու,
զարմանալի
կերպով
կը
համապատասխանէ
հին
հայերէնի
ըմպ
ել
ին:
[4]
Շատ
սովորական
է
թրքերէնի
բայերը
հայացնելով
գործածել:
Ասոնց
մէջ
անոնք՝
որ
բոլորովին
հայացածի
ձեւ
առած
են
եւ
ընդհանուր
գործածութիւն
ունին
բառացուցակիս
մէջ
առնուած
են.
իսկ
դուրսը
կը
մնան
պաշլըյել
(
պա
շլամա
ք
),
խարճել
(
խարճամա
ք
),
սրայել
(
սրա
լամա
ք
),
չոքիլ
(
չ
էօ
քմէք
),
սըխմել
(
սը
քմա
ք
),
մնտռել
(
մ
ունտառ
),
խօրաթել
(
խօրա
թա
),
տիւզել
(
տի
ւզլ
էմէք
),
խասիլ
(արաբ.
խ
էլասէն
),
հազըրել
(արբ.
հազըր
էն),
լէհիմել
(
լ
էհ
էմ
էն),
թէրկել
(արբ.
թէրք
էն),
եւ
այլ
ասոնց
նման
խիստ
բազմաթիւ
ձեւեր
որոնց
նմանները
թրքերէն
բառերու
եւ
բայերու
վրայ
ամէն
օր
կը
շինէ
ժողովուրդն
եւ
կը
գործածէ
ամէն
անգամ
որ
պէտք
ունենայ:
[5]
Իզինկրնկի
անշուշտ
բաղադրեալ
ձեւ
մըն
է
որուն
մէջ
կ’երեւին
կր
ունկ
բառին
հետքերը,
եւ
եթէ
իզին
ը
թրքերենի
իզ
(=հետք)
բառն
է,
այն
ատեն
այս
ասացուածը
կրնայ
մեկնուիլ,
(իբր
թէ
կրունկի
վրայ`առանց
նստելու,
իր
ոտից
հետքերուն
վրայէն
ետ
դառնալ):
[6]
Այս
ձեւին
սկիզբը
ինչ
ը
կը
հասկցուի,
բայց
նոր
էն
ը
կը
մնայ
դժուարամեկնելի.
արդեւք
ինչն
որ
է՞ն
է:
[7]
Այս
վերի
լնճիլ
եւ
նախընթաց
լլել
ձեւերը
յայտնապէս
գրաբարի
լնուլ
եւ
ննջ
ել
բայերն
են`
փոփոխութեամբ
վերջաւորութիւններու
եւ
ձայնափոխութեամբ
ն
երու
ի
լ,
ինչ
որ
շատ
սովորական
է,
ինչպէս
տեսանք
ձայնագիտութեան
մասին
մէջ:
Իսկ
ջ
-ի
բուն
հնչումն
ճ=dj,
որպէս
յայտնի
է:
[8]
Այս
ձեւը
կ
եռալ
պարզապէս
ծանօթ
եռալ
բառն
է,
սկիզբը
կ
մը
աւելցուած:
Որովհետեւ
վերի
իմաստով`
եռալ
բային
սահմանականը
գործածական
է
ընդհանրապէս
(կ’եռայ,
կ’եռայ
կոր
եւն),
ասկէ
ժողովուրդը
սահմանականի
կը
մասնիկը
նոյնացուցեր
է
բային
հետ,
այնպէս
որ
հիմայ
նոյն
բային
կատարեալը
կը
գործածէ
կ
եռաց
(փոխանակ
եռաց)
եւ
անցեալ
դերբայը`
կեռացած
(փոխանակ
եռացած)
ձեւով.
հետեւաբար
բային
աներեւոյթի
ձեւն
ալ
դարձած
եղած
է
կեռալ`
փոխանակ
եռալի:
Նոյնը
պէտք
է
իմանալ
նաեւ
կ
եռուը
ռալ
ին
համար
(=եռուըռալ):
[9]
Բառացուցակս
աւարտելէն
եւ
տպագրութեան
յանձնելէն
ետքն,
մինչ
մէկ
կողմանէ
տպագրութիւնն
մինչեւ
Կ
գիրը
հասած
էր`
մէկալ
կողմանէ
մենք
կարող
եղանք
բազմաթիւ
բա
ռեր
ալ
հաւաքել:
Կ
գրէն
ետքն
եկող
մասն
կարելի
եղաւ
հետեւաբար
բառացուցակիս
մարմնոյն
մէջ
անցընել,
իսկ
նախորդ
մասն
հոս
իբր
յաւելուած
կը
հրատարակենք`
որուն
վրայ
աւելցուցած
ենք
եւթն
ի
չափ
ուրիշ
ժողովրդական
բառեր
եւս: