Նախիջեւանի Հայոց վարժարանը եւ Հռոմը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊՕՂՈՍ ՊԻՐՈՄԱԼԼԻ` ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ

Ջահուկի եւ մանաւանդ` Ապարաների վարժարանները միշտ աւելի տկարանալու ենթակայ էին թէ' արտաքին աննպաստ պայմաններուն եւ թէ' մանաւանդ` կարող ու պատրաստուած ուսուցիչի մը պակասին պատճառով: Հռոմէն հոն ղրկուեցան աւելի կամ նուազ չափով պատրաստուած անձեր, որոնք չդիմանալով` հեռացան Նախիջեւանէն: Հասած ենք 1643 տարին եւ տեսանք, որ Մայիս ամսուն ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկոս Նազարեան թողուց Ապարաները եւ մեկնեցաւ` ձգելով վարժարանը իր ճակատագրին, ծերունի Օգոստինոս արքեպիսկոպոս Բաջենցի պատասխանատուութեան:

ՊՕՂՈՍ ՊԻՐՈՄԱԼԼԻ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՇՐՋԱՆԸ

Հռոմի մէջ ՀՍ-ի Ժողովը ճիշտ այս տարիներուն կը զբաղէր լեհահայոց խնդիրներով ու անկէ աւելի հետամուտ էր իրագործելու եկեղեցական միութիւն Հայ Եկեղեցւոյ հետ: Այս նպատակով է, որ ՀՍ-ի Ժողովը պաշտօն կը յանձնէ Պօղոս Պիրոմալլիի` երթալ նախ Լեհաստան, ապա Էջմիածին, իբր ներկայացուցիչ Հռոմի աթոռին, անձամբ խօսելու եւ բանակցելու Փիլիպպոս կաթողիկոսին հետ:

Մեր նիւթէն շատ շեղած պիտի ըլլանք, եթէ ծանրանալու ըլլանք այս բոլորին վրայ, որ ամփոփ եւ գոհացուցիչ կերպով համառօտուած է այլուր [1]: Մենք պիտի նկատենք միայն այն մասերը, որոնք առընչութիւն ունին Նախիջեւանի վարժարանին հետ:

Ֆրա Պօղոս Պիրոմալլի Էրզրում է 1 Յունուար, 1643-ին, իսկ 7 Փետրուարին հանդիսաւոր եւ փառաւոր ընդունելութեամբ կը մտնէ Էջմիածին: Փիլիպպոս կաթողիկոսին հետ խօսակցութիւնները նախ յուզիչ, ապա Ջուղայեցի Սիմոն վարդապետի միջամտութենէն ետք հարցերը կը պղտորին: Պիրոմալլի, գրեթէ յուսալքուած, Երեւանէն չհեռացած, 27 Փետրուար 1643-ին կացութիւնը կը տեղեկացնէ ՀՍ-ի քարտուղարին` առաջարկելով, որ անցնի Սպահան, վարժարանի մը մէջ պատրաստելու համար նոր սերունդ, որպէսզի յաջորդաբար անոնք իր հետ կարենան իրագործել Եկեղեցիներու միութիւնը [2]:

Պիրոմալլիի այս նամակը կը զեկուցուի ՀՍ-ի 19 Յունուար, 1644-ի նիստին եւ կ՚որոշուի գրել ու թելադրել Պիրոմալլիի, որ զգուշանայ Փիլիպպոս կաթողիկոսի հետ անօգուտ վիճաբանութիւններէ. իսկ Սպահանի մէջ բանալիք վարժարանին համար իսկոյն կը սահմանեն տարեկան 60 սկուդի թոշակ մը, ինչ որ կը մատնանշէ, թէ ՀՍ-ի Ժողովը լիուլի համաձայն էր Պիրոմալլիի գործելակերպին [3]:

Բայց Պիրոմալլի փոխանակ Սպահան երթալու, կ՚ուղղուի Ապարաներ, ուրկէ կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին 31 Օգոստոս, 1643-ին, թէ` «Մեր կրօնակից եղբայրներուն հետ քաշուած եմ Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսին մօտ, որ ինծմէ շատ խնդրեց, որպէսզի ուսուցանեմ իր աշակերտներուն: Այս ձմեռ պիտի մնամ իրենց մօտ, բայց երբ Սուրբ Ժողովէն կամ քեզմէ ինծի հասնի հրահանգ, պիտի կառավարուիմ անոր համաձայն»: Ապա կը շարունակէ նկարագրել տեղւոյն յետին աղքատութիւնը, թէ երկու տարի մարախին պատճառով փճացած է երկրին բերքը, եւ սակայն աշակերտները «լեցուն են սորվելու բարի փափաքով. եւ այսօր ուսումը աւելի քան երբեք հարկաւոր է վիճաբանելու եւ կռուելու համար հայերուն հետ: Կան շատ ատակ երիտասարդներ, սակայն կը կարօտին օգնութեան, եւ ես այսօր աւելի սիրով քան անցեալին պիտի ուզէի օգնել ասոնց սորվեցնելու. բաւական է, որ Սուրբ Ժողովը դրամով օգնէ իրենց եւ ինծի... Արքեպիսկոպոսը, բոլոր կրօնաւորները եւ կաթողիկէ ժողովուրդը կ՚աղաղակեն` խնդրելով, որ մնամ իրենց մօտ, բայց ես կը սպասեմ Ձեր պատգամին» [4]:

Վեց ամիս կը մնայ Ապարաներ` զբաղելով դասաւանդութեամբ, որու ընթացքին երեք անգամ տեսակցութիւն կ՚ունենայ Փիլիպպոս կաթողիկոսին հետ` երկուքը Էջմիածին եւ անգամ մըն ալ Թաւրիզ` միշտ բանակցելով վարդապետական հարցերու շուրջ: Պիրոմալլի, տեսնելով, որ խօսակցութիւններուն մէջ գլխաւոր արգելքը տգիտութիւնն է, որ պատճառ կ՚ըլլայ փակելու դռները, դարձեալ կը հասնի նոյն եզրակացութեան եւ 1 Ապրիլ, 1644-ին իր տեսակէտը կը հաղորդէ ՀՍ-ի քարտուղարին. «Ատենն է վերականգնելու Ապարաների վարժարանը, մանաւանդ որ հոն կան շատ լաւ տարրեր: Արքեպիսկոպոսը զիս պատիւով ընդունեցաւ, եւ վեց ամիս հայերէն քերականութիւն դասաւանդեցի. բայց ես սիրով չէր, որ կը մնայի հոն, որովհետեւ արքեպիսկոպոսը կ՚աշխատցնէր աշակերտները, մինչ ինծի ճիշտ հակառակը կը խոստանար: Լաւ կ՚ըլլայ զանոնք հոս Սպահան փոխադրել, քանի Բաբելոնի եպիսկոպոսը հոս հող գնած է, եւ ես կրնամ շինել վարժարանը, եթէ ինծի օգնելու ըլլաք: Քաղաքս կը բնակին հայերու գլխաւորները, եւ որով լաւ կ՚ըլլայ, որ հոս շինուի վարժարանը [... ]: Հոս կեանքը սուղ է. ես կը բնակիմ օգոստինեան կրօնաւորներու մօտ: Հայոց գլխաւորները կը խնդրեն ինծմէ, որ մնամ հոս, բայց Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսը զիս կը կանչէ` իր կրօնաւորներուն իբր վարժապետ» [5]: Իսկ աւելի ուշ, 21 Յունիս, 1644-ին, կը գրէ Սպահանէն. «Որոշեցի դառնալ Ապարաներ եւ նուիրուիլ պատանիներու ուսուցումին, հասցնելու համար պատրաստուած սերունդ մը. այս գործին համաձայն են թէ' փորթուկալցի ֆրա Անտոն գաւառապետը եւ թէ' մանաւանդ` Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսը» [6]:

Մինչ այս, ՀՍ-ի 21 Յունիս, 1644-ի, նիստին կը զեկուցուին Պիրոմալլիի Ապարաներէն գրած նամակները [7], որոնց կը պատասխանուի` քաջալերելով եւ հաճութիւն ցոյց տալով, որ ձեռք առած է կացութիւնը ու կը յորդորեն չյուսալքուիլ Փիլիպպոս կաթողիկոսի ժխտական դիրքէն` աւելցնելով նաեւ, թէ` «Կարդինալները գոհ են, որ վերսկսած ես հայ դոմինիկեան աշակերտներու ուսուցումը` սահմանելով 60 սկուդի թոշակ մը երեք տարուան համար» [8]:

Սպահանէն Ապարաներ ճամբորդութիւնը կը տեւէ 45 օր: 7 Օգոստոս, 1644-ին Պիրոմալլի կը գրէ Ապարաներէն, թէ` «Հակառակորդներս կը մեռնին` լսելով, թէ չեմ դառնար Եւրոպա, այլ կը մնամ հոս  դասաւանդելու համար մեր կրօնաւորներուն: Անցեալ դէպքերուն համար անոնք կը կարծեն, թէ ես չեմ ուզեր զիրենք տեսնել, մինչ ես մտածեցի ընել Յովսէփի նման` կերակրելով զիս վաճառողները: Իմ այս գործելակերպս շինիչ թուեցաւ բարիներուն, ցաւ` թշնամիներուս» [9]:

Հազիւ թէ ամիս մը Ապարաների մէջ կը նուիրուի վարժարանին, զինքը կը գտնենք Երեւան, ուրկէ զանազան նամակներով, ուղղուած պապին եւ ՀՍ-ի քարտուղարին, դարձեալ կը հաղորդէ Փիլիպպոս կաթողիկոսի հետ ունեցած տեսակցութեան ձախող արդիւնքին մասին` առաջարկելով, որ Իտալիոյ մէջ ճնշում բանեցուի հայ վաճառականներուն վրայ` զիրենք Իտալիայէն վտարելու սպառնալիքով, եթէ Հայաստանի մէջ համաձայնութիւն չկնքուի Եկեղեցիներու միութեան: Սա Պիրոմալլիի վերջին զէնքն էր, ու գրեթէ յուսալքուած` 12 Սեպտեմբեր, 1644-ին կը գրէ Երեւանէն ՀՍ-ի քարտուղարին, թէ ահա Երեւանէն կը դառնայ Ապարաներ, ուր Հայր Անտոն Մարդեղութեան օգոստինեան կրօնաւորին հետ պիտի աշխատի վարժարանին մէջ, սակայն «[Օգոստինոս] արքեպիսկոպոսը ծանր կերպով փորձուած է սատանայէն»` ակնարկելով դժուարութեան մը, որ ծագած ըլլալու էր [10]:

Դրած ծրագրին համաձայն` Պիրոմալի Երեւանէն Նախիջեւան դառնալուն, կը կազմակերպէ Քռնայ սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ նոր վարժարան մը ու կը սկսի սորվեցնել ութը աշակերտի, որոնց համար 150 սկուդ պարտք ընելով` շինել կու տայ սենեակ մը իրեն համար եւ մեծ սենեակ մը` աշակերտներուն համար: Ութը աշակերտներէն չորսը կը կերակրուին վանքերուն նպաստով, իսկ մնացածներուն կը հոգայ Պիրոմալլիի իր անձնական ծախսով` տասը ամսուան համար պարենաւորելով մառանն ու հանդերձատունը: Մինչ այս, կը լսէ, թէ Հռոմէն իրեն համար տրամադրուած է 60 սկուդի նպաստ մը: Այս լուրը հաղորդելէ ետք Պիրոմալլի 10 Հոկտեմբեր, 1644-ին կը գրէ  ՀՍ-ի քարտուղարին. «Գերապայծա'ռ, տո'ւր հրահանգներդ, որպէսզի գործեմ, բայց գործելու կերպին մասին մի' տար օրէնքներ» [11]:

Շուրջ տարի մը (1645) Պիրոմալլի շարունակական կերպով դասաւանդած ըլլալու է, որու ընթացքին չունինք նամակներ գիտնալու համար մանրամասնութիւններ վարժարանին ընթացքի մասին: Շատ հաւանաբար, Օգոստինոս արքեպիսկոպոսին հետ բախումները սաստկացած ըլլալով` Պիրոմալլի հեռացած է Նախիջեւանէն Սպահան, ուրկէ կը գրէ 4 Փետրուար, 1646-ին. «Իմ այս երկրորդ գալուս [Նախիջեւանի մէջ] չորս անգամ ուզեցի վերսկսիլ վարժարանը, սակայն [եպիսկոպոսը] կը հակառակի` ըսելով, թէ` հոս դրամի կարիք կայ եւ ոչ ուսումի. ուստի թոյլ չտուաւ»: Բաջենց, լսելով, թէ Հռոմէն սահմանուած է որոշ թոշակ մը Նախիջեւանի վարժարանին համար, կը համարի, թէ Պիրոմալլի զայն իւրացուցած ըլլայ. «Ամբողջ Հայաստան տարածուած է լուրը, - կը շարունակէ Պիրոմալլի, - թէ ես Հռոմէն արքեպիսկոպոսին հասած դրամը կը գրաւեմ» [12]: Պիրոմալլի, գրեթէ դառնացած, 3 Մարտ, 1646-ին Սպահանէն գրած նամակով չի քաշուիր ըսելու, թէ Ապարաների մէջ չէ կարելի բարիք ընել, մինչեւ ողջ է տեղւոյն արքեպիսկոպոսը, որովհետեւ ան չ՚ուզեր եւ գէշ կը վարուի միաբաններուն հետ [13]: Երկու օր յետոյ գրուած նամակով, 5 Մարտ, 1646-ին, Պիրոմալլի վերջին առաջարկ մը ունի ՀՍ-ի քարտուղարին, այն է` ցոյց կու տայ պատրաստակամութիւն Սպահանի մէջ բանալու վարժարան` տեղւոյն լատին եպիսկոպոսին հովանիին տակ, սորվեցնելու համար լատիներէն ու առ այս` կը խնդրէ դրամական նպաստ [14]:

Ահա այսպէս ընդ միշտ կը փակուի Պիրոմալլիի դպրոցական գործունէութիւնը, ու քաշուելով Սպահան` կը սկսի սորվիլ պարսկերէն լեզուն, այդ ուղղութեամբ շարունակելու համար իր առաքելութիւնը: Իսկ ծերունի Օգոստինոս արքեպիսկոպոս Բաջենց 1 Ապրիլ, 1646-ին կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին, թէ Իտալիայէն Նախիջեւան գացող դոմինիկեաններէն ոչ մէկը կրցած է բարիք ընել ո'չ հայերուն եւ ո'չ թուրքերուն. «... մանաւանդ` պատրի Պօղոսն, զի որքան նա չէր եկեալ սէր եւ միաբանութիւն ի մէնջ պակաս չէր. յորժամ եկն, խռովութիւն եւ շփոթութիւն, մանաւանդ` գայթակղութիւն: Եւ այն բանք, զոր գրեալ կայ ի սուրբ ատեանդ, ամենայն սուտ է. ոչինչ բան չէ արել»: Օգոստինոս այս տողերը գրած է` «յԱրարատեան գաւառիս ի Վաղարշապատ քաղաքիս, ի վանս Սուրբ Էջմիածնի, ի թվին Տեառն ՌՈԽԶ[1646], Ապրիլի Ա [1] գրեցաւ» [15]:

ՊՕՂՈՍ ՊԻՐՈՄԱԼԼԻ` ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ

Պիրոմալլի Սպահան կը մնայ 1646-1652 տարիներուն` ոչ մէկ յարաբերութիւն ունենալով հայոց հետ: Ան կը նուիրուի պարսկերէն լեզուին եւ առաքելութիւնը կը շարունակէ այդ ուղղութեամբ, առանց հրաժարելու հայերու օգտակար ըլլալու ծրագիրէն: Իր խնդրանքին վրայ, ՀՍ-ի 18 Յունիս, 1652-ի նիստին հրաման կը տրուի, որ կարենայ դառնալ Հռոմ [16], որով 8 Ապրիլ, 1653-ին կը մեկնի Պարսկաստանէն եւ թունիզցի ծովահէններէն կը բռնուի գերի, եօթը ամիս ծովու վրայ շրջելէ ետք կը վերջանայ Թունիզի բանտերը [17], ուրկէ կ՚ազատի 1654-ի Յունիս-Յուլիս ամիսներուն:

Մինչ այս, ՀՍ-ի 2 Յունիս, 1654-ի նիստին կը ներկայացուին Նախիջեւանէն նոր հասած ֆրա Յովհաննէս Նազարեանի ձեռքով տեղւոյն կրօնաւորներուն եւ հաւատացեալներուն նամակները, որոնք վախճանող Օգոստինոս արքեպիսկոպոսին իբր յաջորդ կը ներկայացնէին երկու թեկնածու` ֆրա Յովհաննէս Նազարեան եւ ֆրա Յակոբ Յիսուսի: Ժողովականները երկար խորհրդակցելէ ետք յարմարագոյն կը նկատեն Պօղոս Պիրոմալլին, քանի տեղեակ էր տեղւոյն հարցերուն, գիտէր հայերէն, թուրքերէն, պարսկերէն եւ արաբերէն լեզուները, եւ որով զինքը կ՚անուանեն արքեպիսկոպոս Նախիջեւանի, հակառակ, որ տեղեակ էին անոր բանտ գտնուելուն [18]:

ՀՍ-ի Ժողովին կողմէ կը գրուի Պիրոմալլիի 28 Սեպտեմբեր, 1654-ին` հաղորդելով նոյն օրերուն ժողովական նիստին որոշումը [19], եւ թէ գումար մը կը յանձնուի դոմինիկեաններու ընդհանրական մեծաւորին, որպէսզի հասցնէ իրեն, եւ ինքը ազատի բանտէն. միաժամանակ իմացնելով, թէ իր արժանիքներուն համար ՀՍ-ի Ժողովը զինքը ընտրած է արքեպիսկոպոս Նախիջեւանի [20]: Պիրոմալլի Քիոսէն կ՚անցնի Վենետիկ, ուրկէ 28 Նոյեմբեր, 1654-ին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին` շնորհակալ ըլլալով, որ դրամագլուխ մը յատկացուցած են զինքը բանտէն ազատելու համար, եւ թէ Նախիջեւանի արքեպիսկոպոս ընտրուած ըլլալու լուրը իմացած է Վենետիկի մէջ ու կը յայտնէ իր անարժանութիւնը [21]:

ՀՍ-ի 24 Մայիս, 1655-ի նիստին կը տրուի Պիրոմալլիի` Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսութեան վերջնական վճիռը [22], ու մագաղաթի վրայ կը գրուի հայերէն լեզուով պապական կոնդակը, որու թուականն է` 18 Յուլիս, 1655 [23]: Պիրոմալլի Հռոմ կը հասնի 25 Դեկտեմբեր, 1655-ին [24]:

1656-ին, երբ ՀՍ-ի քարտուղարը կը ստիպէ, որ Պիրոմալլի փութով մեկնի իր թեմը Նախիջեւան, Պիրոմալլի ընդարձակ գրութեամբ մը Սուրբ Ժողովին դիմաց կը դնէ իր դժուարութիւնները` տալով պատմական շատ մը մանրամասնութիւններ` ըլլա'յ Նախիջեւանի հայ դոմինիկեաններու կեանքին եւ բարքերուն, ըլլա'յ իր անյարմարութեան այդ պաշտօնին [25]: Հետեւելով այս գրութեան` կը քաղենք հետաքրքրական մանրամասնութիւններ:

Պիրոմալլի կը գրէ, թէ 24 տարի, իբր միսիոնար, յոգնելէ ետք հասած 65 տարեկան հասակին` մտածած էր Սպահանէն քաշուիլ Հռոմ ու սենեակի առանձնութեան մէջ աւարտել կեանքը` ջանալով տպել տալ հայերէն եւ պարսկերէն լեզուներով շարադրած գիրքերը: Գերութենէն ազատելուն, երբ կը հասնի Վենետիկ, իմանալով Օգոստինոս արքեպիսկոպոս Բաջենցի մահը, Հռոմի դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորին կ՚առաջարկէ յաջորդ մը, որ չըլլայ տարեց ու բացի առողջ վարդապետութենէ, ունենայ հոգեւոր կեանք ու կորով, որպէսզի դիմանայ յոգնութեան եւ ճամբորդութեան, եւ յանուանէ կու տայ ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկոս Նազարեանի անունը, որ թէ' երիտասարդ, թէ' տեղացի եւ թէ' լեզուագէտ ու կորովի, կրնայ ստանձնել այս պատասխանատուութիւնը: Կ՚ընդունի ընդհանրական մեծաւորին պատասխանը, թէ վեց ամիս առաջ հարցը վճռուած ըլլալով աւելորդ է մտածել անոր մասին: Պիրոմալլի կը պնդէ գրեթէ խնդրելով, որ արքեպիսկոպոս անուանումը փոխադրուի ֆրա Յովհաննէսի վրայ, որպէսզի ինքը կարենայ երթալ Վիեննա կարեւոր հարցերու համար:

Պիրոմալլի, հնազանդելով, կը դառնայ Հռոմ. ՀՍ-ի քարտուղար Մասսարիի կը ներկայացնէ իր դժուարութիւնները, այն է` յառաջացած տարիքը, դէպի Նախիջեւան 160 օրուան անտանելի ճամբորդութիւնը, թեմին աղքատութիւնը, իր շարադրած գիրքերուն տպագրութեան անհրաժեշտութիւնը հայոց դարձին համար: Սակայն տեսնելով անտեղիտալի դիրք` առ այժմ կը զիջանի:

1655-ի Ապրիլին, երբ կ՚ընտրուի նոր պապը` Աղեքսանդր Է, ֆրա Յովհաննէս Նազարեան, փափաքելով հասնիլ իր նախկին փափաքին, Պիրոմալլիի կը յայտնէ, թէ կ՚ուզէ վերջին փորձ մը ընել` դիմելով պապին, որպէսզի ինքը ստանձնէ Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսութիւնը: Պիրոմալլի ցոյց կու տայ իր անկեղծ գոհունակութիւնը, խոստանալով ոչ մէկ արգելք հանել: Ընտրութիւնը դարձեալ կ՚իյնայ Պիրոմալլիի վրայ, որ դիմում կ՚ընէ` խնդրելով, որ Նախիջեւան մեկնելէ առաջ գոնէ տպագրուին շարադրած գիրքերէն մէկ քանին:

Նախիջեւանի միաբաններն ու ժողովուրդը, ֆրա Յովհաննէս Նազարեանէ իմանալով, թէ Սուրբ Ժողովը արքեպիսկոպոս անուանած է մէկը որ իրենց ներկայացուցած թեկնածուն չէ եւ ոչ ալ տեղացի հայ մը, կը սկսին աղմկել, թէ ոչ մէկ կերպով կ՚ուզեն ընդունիլ Պիրոմալլին: Նախիջեւանի դոմինիկեաններու գաւառահայր ֆրա Յակոբ Յիսուսի յատուկ կերպով առ այս Հռոմ կը ղրկէ իր եղբօրորդին` ֆրա Դոմինիկոս Մկրտչին` տալով զանազան նամակներ` ուղղուած պապին, թէ չեն կրնար ընդունիլ Պիրոմալլին, որովհետեւ այս կերպը հակառակ է իրենց 350 տարուան աւանդութեան: Ֆրա Դոմինիկոս 1655-ի Հոկտեմբերին Լիվոռնոյ հասնելուն, կը փութայ գրել Հռոմի դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորին, որպէսզի չթողու, որ Պիրոմալլի մեկնի Հռոմէն, որովհետեւ պիտի չընդունուի Նախիջեւանի ժողովուրդէն: Ֆրա Դոմինիկոս այս ուղղութեամբ կը գրէ նաեւ ֆրա Յովհաննէս Նազարեանի եւ տէր Զաքարիա Աղամի, ու այս նամակները տեսած ու կարդացած է Պիրոմալլի:

Ֆրա Դոմինիկոս Հռոմ հասնելուն, դոմինիկեանց մեծաւորը ՀՍ-ի Ժողովին կը փոխանցէ Նախիջեւանէն հասած նամակները, իսկ ՀՍ-ի Ժողովէն հրահանգը կը տրուի Պիրոմալլիի` օր առաջ մեկնիլ իր թեմը` վստահ ըլլալով, որ անգամ մը հոն հասնելուն, ամէնքը ստիպուած սիրով պիտի ընդունին իրենց արքեպիսկոպոսը [26]:

Սակայն Պիրոմալլի չէր կրնար համոզուիլ, թէ իր ներկայութեամբ հարթուէին դժուարութիւնները, որովհետեւ գիտէր, որ չհնազանդող եւ չենթարկուողները առաջին` են տեղացի վանականները, որոնք կը վախնան կորսնցնելէ իրաւունք մը, որ դժուարութեամբ ստացած էին, այն է` ենթարկուիլ իրենց կողմէ չընտրուած արքեպիսկոպոսի մը եւ այն` օտարի մը: Պիրոմալլի կ՚ըսէ, թէ  այս ճշմարտութիւնը շատ անգամ իրեն խոստովանած էր ֆրա Յովհաննէս Նազարեան, եւ թէ տեղւոյն աշխարհական դասն ալ իրենց շահին համար նեցուկ պիտի կանգնէին վանականներուն: Պիրոմալլի կը յիշէ, թէ ներկայ վանականներէն շատեր կ՚ապրին 1632-էն ի վեր, որոնք զինքը բանտարկեցին, շղթայեցին 22 ամիս եւ փորձեցին թունաւորել: Իսկ ներկայ կրօնաւորներու գլխաւորը, ակնարկելով ֆրա Յակոբ Յիսուսի, 1633-ին զինքը կապած էր Պօլու կոչուած լերան վրայ, եւ ինքը հրաշքով ազատած էր թուրքի մը միջնորդութեամբ: Նոյն այս կրօնաւորներն են, որ վարժած հանգիստ կեանքի` 1632-ին թշնամացած էին Պիրոմալլիի, որովհետեւ զիրենք կը հրաւիրէր զգաստութեան: Ու Պիրոմալլի հոս կը յիշէ ֆրա Յովհաննէս Նազարեանի իրեն դէմ բացայայտ թշնամութիւնն ու հակառակութիւնը, քանի չհասաւ ակնկալած արքեպիսկոպոսութեան, ու Պիրոմալլի այն վստահութիւնն ունի, թէ դէպի Նախիջեւան ճամբուն վրայ կարող է նա մատնել զինքը թուրքերուն` յայտնելով անոր անցեալին դեսպան եղած ըլլալը քրիստոնեայ թագաւորներու եւ Պարսից Շահին միջեւ:

Պիրոմալլի դեռ ուրիշ դժուարութիւն մըն ալ կը ներկայացնէ ՀՍ-ի Ժողովին, որպէսզի անպայման ազատի այս ծանր լուծէն. «Նախիջեւանէն առաքուած նամակներէն ու դեսպանէն (իմա' ֆրա Դոմինիկոս Մկրտչի) յայտնի է, որ արքեպիսկոպոսը պիտի չընդունուի, մանաւանդ թէ հազար ձեւով պիտի մատնեն զինքը. կրնան նոյնիսկ դառնալ իրենց հին հերձուածին եւ կամ դիւրաւ կրնան թրքանալ, ինչ որ այդ երկրին մէջ շատ դիւրին է. այս կերպով կորսուած են 35. 000 հայ ընտանիքներ: Այս ճշմարտութիւնը կը հաստատէ նաեւ ֆրա Յովհաննէս Նազարեան, ու Պիրոմալլի արքեպիսկոպոս պիտի չփափաքէր, որ ասիկա պատահէր իր առաջնորդութեան ընթացքին»:

Դեռ վերջին դժուարութիւն մը, որ Պիրոմալլի կը ներկայացնէ, դրամի պակասն է, քանի տեղւոյն արքեպիսկոպոսը, չունենալով հաստատուն եկամուտ, պիտի դառնար գերի տեղւոյն վանականներուն` ենթարկուելով անոնց, ստիպուած ձգելով, որ անոնք ապրին թոյլ ու մեղկ` «նման Մատթէոս արքեպիսկոպոսին, որ ըսած է անոնց` տուէ'ք իմ կերակուրս եւ ըմպելիս, ու բոլորդ արքեպիսկոպոս էք»:

Այս բոլոր դժուարութիւնները պարզելէ ետք Պիրոմալլի օրինակելի կերպով ցոյց կու տայ պատրաստակամութիւն հնազանդելու իրեն տուած հրամանին. բաւական է, որ վերջին անգամ մը նոյնը նորոգուէր իրեն:

7 եւ 27 Մարտ, 1656-ի նիստերուն կը ներկայացուին Պիրոմալլիի նոր աղերսագիրները, ի պատրաստութիւն կատարուելիք ճամբորդութեան: Պիրոմալլիի աղերսագիրներն ու անոնց պատասխանները հետեւեալներն են.

1. Սուրբ Ժողովը վերահաստատէ զինքը պատասխանատու ամբողջ Հայաստանի վրայ, այնպէս ինչպէս էր արքեպիսկոպոս անուանուելէն առաջ (պատասխան` ժխտական. որովհետեւ իրարու հետ անհաշտ են երկու իշխանութիւնները):

2. Յանձնարարական նամակներ գրուին իրեն համար Էջմիածնի եւ Գանձասարի կաթողիկոսներուն (պատասխան` ժխտական. «Անյարմար է, որ կաթողիկէ մը յանձնարարուի հերձուածողի. Պիրոմալլի պէտք է զիրենք յորդորէ, որ միանան [Հռոմի]):

3. Տրուի յանձնարարական մը Պարսից Շահին. (պատասխան` դրական` գովելով Շահին բարեացակամութիւնը կաթողիկէներու եւ միսիոնարներու հանդէպ):

4. Ապրուստի համար առատ թոշակ (պատասխան` թող տրուի 200 սկուդ` միայն այս անգամ իբր տարեկան կանխիկ թոշակ):

5. Ճանապարհի ծախս (պատասխան` 200 սկուդ):

6. Տրուին իրեն ցարդ հրատարակուած վճիռները` նկատմամբ Նախիջեւանի. (պատասխան` ժխտական):

7. Հայոց մոլորութիւններուն դէմ շարադրած գիրքերը տպագրուին. (պատասխան` ժխտական) [27]:

1656-ի Մայիս ամսուն Պիրոմալլի կը մեկնի Հռոմէն` ընկեր ունենալով Նախիջեւանէն հասած պատուիրակ ֆրա Դոմինիկոս Մկրտչի, որ 7 Յուլիս, 1656-ին Վենետիկի դրամատունէն կը գանձէ Նախիջեւանի 12. 000 դուգաթ դրամագլուխի առաջին շահը [28]: Պիրոմալլի նոյն ամսուն ցամաքի ճամբով [29] կը մեկնի Վիեննա ու կը մնայ երկու ամիս, եւ բերիացի Թոմաս վարդապետ Պոլսոյ ընտրեալ պատրիարքին հանդիպած ըլլալուն համար կը մատնուի դժուարութիւններու: Վիեննայի մէջ Պիրոմալլի թեթեւցնելու համար ծախսերը ետ կը դարձնէ իրեն ուղեկից ֆրա Դոմինիկոսը [30] ու հետը կ՚առնէ աւստրիացի դոմինիկեան ֆրա Սեբաստիանոս Քնապ` «գիտուն անձ եւ բարի վարքով», Նախիջեւանի ապագայ արքեպիսկոպոսը, որպէսզի Ապարաների վարժարանին հոգը յանձնէ անոր: Պուտայէն անցնելուն, կը ստիպուի առնել սպասաւոր մը, իսկ Պոլիս, ուր կը հասնի 25 Փետրուար, 1657-ին, ուղեկից կ՚առնէ հայազգի ծերունի ու աղքատ ֆրա Ամբրոսիոսը [31]: 60 օր կը տեւէ Պոլիսէն Թոխաթ ճամբորդութիւնը, ուրկէ կը գրէ 13 Մայիս, 1657 թուակիր նամակները, ՀՍ-ի Ժողովին եւ կարդինալներուն [32]: 23 Յունիս, 1657-ին կը գրէ Կարինէն, թէ երկու օրէն պիտի մեկնին Նախիջեւան [33]:

Կարինէն գրած նամակներէն կ՚իմանանք, թէ հոն հանդիպած է Նախիջեւանէն եկող վաճառականներու, որոնք պատմած են իրեն, թէ անոնք, որոնք յանդգնած են գրաւել Օգոստինոս արքեպիսկոպոսի Աթոռը, ուզած են գրել բողոքի նամակներ` ուղղուած պապին, հակառակ Պիրոմալլիի արքեպիսկոպոս անուանումին: Երբ սոյն վաճառականները սպառնացած են անոնց անցնիլ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կողմը, եթէ այդ նամակը գրուելու ըլլար, գրողները կասած են իրենց արարքէն: Նոյն նամակով Պիրոմալլի կը փափաքի, որ ՀՍ-ի նախագահը թելադրէ դոմինիկեաններու ընդհանրական մեծաւորին` գրել Նախիջեւանի գաւառահայրին` արգիլելով սուրբ խորհուրդներու վաճառումը. «հակառակ պարագային, կը գրէ Պիրոմալլի, անոնց կու տամ բանադրանք. իմ շրջանիս նման բան պիտի չպատահի, նոյնիսկ եթէ ստիպուիմ մուրալ հացս»:

Նախիջեւանէն գրած առաջին նամակով, 28 Յուլիս, 1567 թուակիր, Պիրոմալլի կը հաղորդէ, թէ ամէնքը ուրախութեամբ ընդունած են զինքը, եւ թէ անցեալին գրուած գանգատի եւ բողոքի նամակներուն համաձայն` չեն գտնուած բոլորը միաբերան: Կը մտածէ չվիճել վանականներուն հետ ու կը գիշերէ բացօթեայ, որովհետեւ կործանած է եպիսկոպոսարանին բնակարանը: Ապա իսկոյն կ՚անցնի էական կէտի մը` պարզելով, թէ Քռնա եւ Սալթաղ 130 ընտանիք չզրկուելու համար իրենց ինչքերէն, դարձած են մահմետական, իսկ Ապարաներէն` 60 ընտանիք [34]: Պիրոմալլի կը խնդրէ, որ Սուրբ Աթոռը միջամտէ Սպանիոյ թագաւորին մօտ, եւ պահուի գոնէ թուրքերու օրէնքը, ուր մահմետական դարձողը իրաւունք չէր ստանար գրաւելու քրիստոնեայ ազգականներու ինչքերը [35]: Պիրոմալլի նոյն այս բովանդակութեամբ, 6 Սեպտեմբեր, 1657-ին գրած է նաեւ Աղեքսանդր Է պապին [36]:

Նախիջեւան հասնելուն, երկու ամիս ամէն ինչ խաղաղ կ՚ընթանայ: Պիրոմալլի կը կատարէ բոլոր արարողութիւնները, մինչեւ որ կը հասնի իր նախկին ուղեկիցը` ֆրա Դոմինիկոս Մկրտչի, անուանուած «Քիւրտ», որ տեսնելով, թէ հօրեղբայրը` ֆրա Յակոբ Յիսուսի, որ չորս տարի վարած էր թեմը, մնացած է շուքի մէջ, կը գրգռէ միաբանակիցները Պիրոմալլիի դէմ: Այս է Պիրոմալլիի տուած մեկնութիւնը` 17 Դեկտեմբեր, 1663-ին գրած տեղեկատուութեան մէջ, գրուած Հռոմ [37]:

Մենք վերեւ տեսանք, որ ֆրա Դոմինիկոս Վենետիկի դրամատունէն գանձեց Նախիջեւանի վարժարանին համար պահեստի դրուած դրամագլուխին շահերը եւ երբ դրամով կը մտնէ Նախիջեւան, Պիրոմալլի, իբր միակ պատասխանատուն թեմին եւ վանքին, կը պահանջէ, որ իրեն յանձնուի գումարը, մինչ կրօնաւորները, յատկապէս` ֆրա Յակոբ կը հակառակին: Պիրոմալլի կը դիմէ Թավրիզի վեղարաւորներու մեծաւորին` Հայր Գաբրիէլ Շինոնի:

Բոլոր այս մանրամասնութիւնները քաղած ենք Շինոնի 6 Ապրիլ, 1658 թուակիր նամակէն [38], ուղղուած Հալէպի ֆրանսական դեսպան Պիքէի, որ իր կարգին նոյն նամակը կը ղրկէ ՀՍ-ի Քարտուղարին, որ հետեւեալ կերպով կ՚ամփոփէ ֆրանսերէն լեզուով ընդարձակ նամակը. «Հայր Գաբրիէլ [Շինոն] կը ներկայացնէ վտանգաւոր կացութիւնը, որու մէջ կը գտնուին Հայաստանի կաթողիկէները, Պիրոմալլի արքեպիսկոպոսին եւ սուրբ Դոմինիկոսի միաբաններուն միջեւ ծագած անհամաձայնութեան պատճառով: Այսքան գայթակղութեան սկիզբ տուողը եղած է գաւառահօր (իմա' ֆրա Յակոբի) եղբօրորդին (իմա' ֆրա Դոմինիկոս Մկրտչի), որ Վենետիկէն տարած է հնչուն դրամ. այն է` դրամագլուխի մը հասունցած  շահը եւ ուրիշ ողորմութիւններ, որոնք սահմանուած են վերաշինելու վանքեր ու եկեղեցիները եւ ուրիշ հարկաւոր կարօտութիւններ: Նոյն գումարին տէրն ու մատակարարը կ՚ուզէ ըլլալ Պիրոմալլի, իսկ կրօնաւորները կը հակառակին, ըսելով, թէ ճակտի քրտինքով շահած են զայն: Արքեպիսկոպոսը կը բանեցնէ ամէն միջոց, մինչեւ իսկ բանադրանքը` վերցնելով անոնցմէ ամէն հեղինակութիւն, ձեռնադրելով աշխարհական քահանաներ, հակառակ անոնց տգիտութեան: Վանականները դեռ աւելի կ՚ընդդիմանան եպիսկոպոսին, ու ժողովուրդը կը ձայնակցի վանականներուն: Պիրոմալլի, տեսնելով վտանգը, կը գրէ Հայր Գաբրիէլ Շինոնի` կանչելով զինքը Նախիջեւան, որպէսզի օգնէ խորհուրդներով: Հայր Շինոն կը զգուշանայ երթալէ` մտածելով, որ արդարութեան դէմ պիտի պակսի, եթէ պաշտպանելու ըլլայ եպիսկոպոսը. կը զգուշանայ նաեւ, որպէսզի չմեղանչէ եպիսկոպոսին դէմ, որ Սուրբ Աթոռէն անուանուած է. ուստի կը խնդրէ, որ երկու կողմերը հանդարտ մնան, մինչեւ որ այս նամակը հասնի Հռոմ, եւ տրուի լուծումը» [39]:

5 Մայիս, 1658-ին Պիրոմալլի շրջաբերական մը կը հանէ` ուղղուած Նախիջեւանի հաւատացեալներուն, որոնց կը ծանուցանէ, թէ եօթը ամիս ունայն տեղ յորդորած է կրօնաւորները զգաստանալու իրենց անկարգութիւններէն եւ որով ստիպուած կախակայած է անոնց գլխաւորները. ու կը թուարկէ անոնց 14 զանցառութիւնները [40]:

Պիրոմալլի նախ կը կախակայէ գաւառահայր ֆրա Յակոբ Յիսուսի, որ արգիլած էր արքեպիսկոպոսին օրհնել ժողովուրդը, ապա ուրիշ հինգ կրօնաւորներ, այն է` ֆրա Դոմինիկոս Մկրտչի, ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի, ֆրա Մատթէոս Ապարաներցի, ֆրա Թոմաս Ապարաներցի եւ ֆրա Ղուկաս: Ասոնց յանցանքներէն գլխաւորներն են` պսակել, ապաշխարութեան խորհուրդը մատակարարել առանց արքեպիսկոպոսէն իրաւասութիւն ստանալու, ինչպէս նաեւ Պիրոմալլիի սենեակէն կատարուած գողութեան մը համար: Վաւերաթուղթը կը կրէ 8 Մայիս, 1658 թուականը` գրուած Հին Ջուղայէն [41]:

7 Մայիս, 1658-ին, գեղեցիկ գրաբարով, հաւանաբար շարադրուած ֆրա Գրիգոր Ծործորեցիի գրիչով, 22 աշխարհականներ պապին կը գրեն իրենց բողոքի նամակը, հակառակ Պիրոմալլիի` գովելով ֆրա Յակոբ Յիսուսի անձը, որ նամակը անձամբ պիտի տանէր Հռոմ լուծելու համար այս կնճռոտ հարցը [42]: 8 Մայիսին ֆրա Գրիգոր Ծործորեցին ալ կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին` իմացնելով, թէ  ֆրա Յակոբ ուրիշ միաբաններու հետ կ՚ուղղուի Հռոմ` անշուշտ այս հարցերուն մասին լուսաբանութիւն տալու եւ լուծումներ խնդրելու:

Պիրոմալլի Նախիջեւան կը մնայ 15 Յուլիս, 1657-էն մինչեւ 5-6 Մայիս 1658` ոչ իսկ տարի մը, ու կը քաշուի Սպահան: Հինգ կրօնաւորներու կախակայութեան լուրը Թավրիզէն Հայր Գաբրիէլ Շինոն 6 Յունիս, 1658 թուակիր նամակով կը հաղորդէ Հալէպ` Պիքէի [43], որ թէ' այս նամակը եւ թէ' նախորդ 6 Ապրիլ, 1658 թուակիր կը ղրկէ պապին` միասին դնելով իր 30 Հոկտեմբեր թուակիր նամակը, խնդրելով պապէն, որ անձամբ միջամտէ, որովհետեւ վտանգ կը սպառնայ Հայաստանի կաթողիկէ եկեղեցիին, որ սառերու եւ ձիւներու մէջ այսքան դար մնացած էր անարատ. խնդրելով միաժամանակ, որ անձամբ գրէ Նախիջեւանի հայ կրօնաւորներուն եւ հաւատացեալներուն, որպէսզի անոնք քաջալերուին [44]: Պիքէ 1 Նոյեմբեր, 1658-ին գրած է նաեւ ՀՍ-ի Ժողովին, որու քարտուղարը, գուցէ առանց կշռելու խնդրին իրական ծանրութիւնը եւ անոր հետեւանքները, նոյն նամակին անկիւնը ձգած է սա դիտողութիւնը. «Պիքէ չափազանցեալ կը ներկայացնէ Հայաստանի կաթողիկէներու եւ Պիրոմալլիի միջեւ ծագած անհամաձայնութիւնը» [45]:

Պիրոմալլի Սպահան առանձնանալէ ետք ունի նամակներու շարք մը` ուղղուած Սուրբ Աթոռին, միշտ նոյն բովանդակութեամբ. կ՚ընդլայնէ Նախիջեւանի դոմինիկեաններու եւ իր միջեւ ծագած անհամաձայնութիւնները` շեշտելով, թէ անոնք չեն ուզեր ենթարկուիլ օտար արքեպիսկոպոսի` նոյնիսկ բանադրանքի սպառնալիքի տակ, եւ ասոր լուծումը կը տեսնէ միայն, երբ նոյնանալու ըլլան գաւառահօր եւ արքեպիսկոպոսին պաշտօնները, որոնք միշտ գոյութիւն ունեցած են դոմինիկեան հաստատութիւններու մէջ:

Պիրոմալլի Սպահանէն Հռոմ կը ղրկէ երկու պատգամաւոր` ֆրա Թոմաս եւ ֆրա Ղուկաս, որպէսզի բերանացի բացատրեն կացութիւնը [46]: Տեսանք, որ նոյնը ըրին նաեւ Նախիջեւանի կրօնաւորներն ու աշխարհականները, ամբաստանելով Պիրոմալլին, որ զիրենք կը նախատէր եւ կ՚անտեսէր իրենց իրաւունքները: Ֆրա Յակոբ Յիսուսի Հռոմ հասնելով` բերանացի կը պաշտպանէ իր եւ վանքին իրաւունքները [47]:

Արքեպիսկոպոսին եւ վանականներուն միջեւ ծագած հարցը բարդ ու դժուարին ըլլալով` ՀՍ-ի 16 Մարտ, 1660-ի նիստին կ՚որոշուի Նախիջեւան ղրկել դոմինիկեան Հայր Անտոն Տանի` լիազօր իշխանութեամբ, որպէսզի տեղւոյն վրայ քննէ հարցերը [48]:

27 Մայիս, 1660-ին Տանի Զմիւռնիա է [49], 15 Հոկտեմբերին` Թոխաթ [50], ու քիչ ետք մտած ըլլալու է Նախիջեւան: 1 Սեպտեմբեր, 1661 թուակիր նամակով մը Նախիջեւանի չորս կրօնաւորներ կը յայտնեն ՀՍ-ի Ժողովին, թէ ստացած են ազդարարութեան նամակը ու կը խոստանան ուղղել իրենց ընթացքը: Նամակին ստորագրած են` “Fra Gregorio Zorzorense, Fra Matteo, ֆրա Միքա[յ]էլ` մեծաւոր ի վանս Ամենայն Սրբոց ի գիւղն Ապարաներ, ֆրա Պետրոսս` մեծաւոր ի վանս Սուրբ Ըստեփանոս Նախավկային, ի գիւղն Խօշկաշէն» [51]:

Հոս կամաւոր կերպով կ՚ընդհատենք պատմութեան թելը, որովհետեւ չափազանց կ՚ընդարձակուի, եւ կը հեռանանք մեր նիւթէն, եթէ իջնելու ըլլանք մանրամասնութիւններու, որոնք անտեղի են եւ կամ առանձին ուսումնասիրութեան մը նիւթը կը կազմեն: Ֆրա Անտոն Տանի 1662-ին Պիրոմալլիի հետ կը դառնայ Հռոմ [52]: 1662 տարւոյն ընթացքին ՀՍ-ի ժողովական նիստերուն կը քննուին Պիրոմալլիի ներկայացուցած եկեղեցական այլ խնդիրները [53], ու միայն 10 Ապրիլ, 1663-ի նիստին է, որ կը զեկուցուի Նախիջեւանէն հասնող այցելուին` ֆրա Անտոն Տանիի տեղեկագիրը, որու դէմ կը բողոքէ Պիրոմալլի` ըսելով, թէ Տանի Նախիջեւանի մէջ ներկայացած է պապին անունով եւ հեղինակութեամբ, մինչ ղրկուած էր դոմինիկեաններու ընդհանրական մեծաւորին կարգադրութեամբ եւ ՀՍ-ի Ժողովին հաւանութեամբ [54]: Ի վերջոյ, հարցը մասնական կերպով կը լուծուի` Պիրոմալլի արքեպիսկոպոսին Նախիջեւանի թեմէն հրաժարականը ընդունելով, որու փոխարէն իրեն կը յանձնուի Իտալիոյ Բիզինիանոյի թեմը [55]:

Պատմական անկիւնադարձ մը կը յայտնուի այս տարիներուն` Նախիջեւանի Միաբանող եղբայրներուն միաբանութեան կեանքին մէջ: Անտարակոյս, դարաւոր վանականութիւնը կ՚ապրէր ճգնաժամային տարիներ` մատնանշելով ներքին փլուզում մը:

Պայքարը ներքին էր եւ միաժամանակ արտաքին: Արտաքին` քանի աղքատութիւնը կը ճնշէր վանականներուն վրայ, սովն ու դրամի պակասը կը դառնար գլխաւոր մտահոգութիւնը վանականներուն, ինչ որ քայքայիչ դեր ունի կրօնաւորական հաստատութեան մը մէջ:

Օգոստինոս արքեպիսկոպոս Բաջենց իր ճարտարութեամբ կը ջանայ ոտքի կանգնել տնտեսականը, գտնելով դրամի աղբիւրներ, սակայն կարիքը այնքան մեծ էր, որ անկարելի էր հասնիլ ամէնուն:

Տնտեսականին հետ եւ աւելի ուժեղ կը յայտնուի կրօնաւորական սկզբունքներու եւ հեղինակութեան տկարացում, ինչ որ դուռն է վանականութեան մը բնաջնջումին:

Հռոմի հեղինակութիւնը գիտակից էր ասոր եւ դարման մը ընելու համար կը ղրկէր պատրաստուած անձեր, որոնք չյարմարելով կացութեան` մէկը միւսի ետեւէն կը հեռանան, առանց դրական օգուտ մը ընելու: Արդարեւ, համեմատելով արեւելեան եւ արեւմտեան վանականութիւնը` դժուարին էր եւրոպացի վանականի մը, որ` վարժած կեանքի հանգստութեան, յարմարէր արեւելեան խիստ կեանքին` ծոմապահութեան եւ նիւթական յոգնութեան: Այս տեսակէտով Հռոմէն հեռաւորութիւնն ալ ունէր իր աննպաստ կողմը, որովհետեւ ստէպ հրատապ հարցերու որոնք կը տառապեցնէին Նախիջեւանի վանականները` լուծում մը գտնելու համար ստիպուած էին դիմել Հռոմի հեղինակութեան, որ դարաւոր իր աւանդական գործելակերպով չունէր աճապարանք եւ կը սիրէր յետաձգել` շատ անգամ գործելով մեծամեծ եւ անդարմանելի վնասներ:

Գուցէ այս ամէնուն դարման մը ըլլար, եթէ գտնուէր իմաստուն հովիւ մը, որ տէր դառնար կացութեան եւ վերականգնէր վանական կեանքը իր ներքին հիմերէն: Այնպէս կը թուի, որ զառիվայր ընթացքը սկսած էր Մատթէոս եպիսկոպոսի օրերէն, ու նոյնը շարունակեց Օգոստինոս Բաջենցի առաջնորդութեան ընթացքին, եւ երբ ասոնց յաջորդեց Պիրոմալլի, հակառակ ունեցած հոգեւոր ու մտային պաշարին, իր բիրտ նկարագիրով, աւելի եւս ցրուեց վանականները, որոնք հետամուտ էին գտնելու առաջնորդ մը, եւ դժբախտաբար, շատեր կը փափաքէին այդ Աթոռին` չեմ գիտեր որքան ուղիղ դիտաւորութեամբ:

Այսուհետեւ պատմութիւնը, որ պիտի շարադրենք, միշտ աւելի պիտի մատնանշէ այս բոլորը. իսկ մենք հիմնուելով միշտ վաւերաթուղթերու վրայ` պիտի շարունակենք հիւսել Նախիջեւանի վանականութեան պատմութիւնը, ինչպէս որ է:



[1]           ԱՄԱՏՈՒՆԻ եպս. Կ., Ոսկան վրդ. Երեւանցի ..., էջ 102-125:

[2]           SOCG, vol. 123, ff. 25-26. Այս հանդիպումին, Փիլիպպոս կաթողիկոս հազիւ խօսակցութիւնը սկսած Պիրոմալլիի հետ, «երբ սկսայ պատասխանել իր հարցումներուն, առաջին առիթով յայտնեց իմ մասին իր դժգոհութիւնը եւ յիշեց, որ ես անցեալին, հակառակ իր կամքին, ընդունած էի Կիրակոս եւ Ոսկան վարդապետները»:

[3]           Acta, vol. 16, f. 12, n. 28.

[4]           SOCG, vol. 123, f. 23.

[5]           SOCG, vol. 62, ff. 233, 238. Նոյն բովանդակութեամբ Պիրոմալլի գրած է 5 ապրիլ, 1644-ին ՀՍ-ի նախագահ կարդինալին (SOCG, vol. 62, ff. 229, 243):

[6]           Acta, vol. 16, f. 128, n. 30.

[7]           Lettere volgari, vol. 22. Հատորին թուղթերը չեն նշանակուած, թուականն է` 2 յուլիս, 1644:

[8]           SOCG, vol. 64, ff. 277, 284. Պիրոմալլի նոյն 21 յունիս, 1644 թուականով գրած է նաեւ ՀՍ-ի քարտուղարին` կրկնելով ՀՍ-ի կարդինալներուն գրածը, աւելցնելով, թէ Հռոմի դոմինիկեան (Minerva) վանքին մէջ կան 2000 օրինակ “Ateismo trionfato” կոչուած գիրքէն, որու 800-ը կը պատկանի Նախիջեւանի, իսկ մնացած 1200 օրինակը` գիրքին հեղինակին: Padre Campanello-ի Պիրոմալլի խորհուրդ կու տայ, որ ծախուին 800 հատորները եւ անոնց գինը յատկացուի Նախիջեւանի վարժարանին (SOCG, vol. 64, f. 278):

              Պիրոմալլի Սպահանի մէջ իջեւանած էր օգոստինեաններու վանքը, որու մեծաւորը` padre Giosef del Rosario (Vic. Gen. di Miss. di Bagdad), 21 յունիս, 1644-ին կու տայ տեղեկութիւններ Պիրոմալլիի մասին, թէ հալածուած է Փիլիպպոս կաթողիկոսէն, որ արգիլած է ազգայիններուն որեւէ յարաբերութիւն մշակել Պիրոմալլիի հետ, եւ որով Պիրոմալլի ուղղուած է Ալինճա, որպէսզի ֆրա Անտոնի հետ նուիրուի աշակերտներու դաստիարակութեան. ուստի խորհուրդ կու տայ, որ Սուրբ Ժողովէն արգիլուի Պիրոմալլիի եւ ֆրա Անտոնի հեռանալ Նախիջեւանէն, որովհետեւ նուիրուած են օգտակար գործի մը (SOCG, vol. 62, ff. 188-191):

[9]           SOCG, vol. 62, ff. 248-257.

[10]        SOCG, vol. 62, f. 251. Պիրոմալլի Երեւանէն 10 սեպտեմբեր, 1644-ին ալ գրած է ՀՍ-ի քարտուղարին (SOCG, vol. 62, f. 206), իսկ 12 սեպտեմբեր, 1644-ին` պապին (SOCG, vol. 64, f. 280), որոնց բովանդակութիւնը միշտ նոյնն է:

[11]        SOCG, vol. 62, ff. 246-259. Մինչ Պիրոմալլի օրը օրին Հռոմ կը հասցնէր լուրերը, իր 5 ապրիլ, 1644 թուակիրը կը զեկուցուի 25 մարտ, 1645-ի նիստին ու կը գրուի իրեն քաշուիլ Ապարաներ եւ նուիրուիլ նորընծաներու ուսուցումին` 60 սկուդ տարեկան թոշակով (Lettere volgari, vol. 23, ff. 43-44): Եւ որովհետեւ Սպահանի օգոստինեան մեծաւորն ալ` padre Giosef del Rosario, 21 յունիս, 1644-ին գրած էր ՀՍ-ի Ժողովին` թելադրելով այն ինչ որ վերեւ տեսանք ՀՍ-ի Ժողովին 5 օգոստոս, 1645 թուակիրով, հրահանգ կը տրուի Պիրոմալլիի եւ ֆրա Անտոնի (padre Antonio dell' Incarnazione) հետեւեալ կերպով. «Ժողովս մտածելով, որ ձեր այդ այգին պէտք ունի քաջ մշակներու, եւ Տէրը կրնայ ձեր միջոցով ծաղկեցնել եւ տալ տեղւոյդ իր նախկին փայլը, դուք ձեր օրինակով եւ քաղցրութեամբ կրնաք նպաստել անոր եւ այդ ժողովուրդը առաջնորդել խաւարէն կաթողիկէ հաւատքի լոյսին` հրահանգ կու տանք երթալ այդ գաւառը եւ աշխատիլ կրօնաւոր ուսանողներուն եւ նորընծաներուն վրայ` սորվեցնելով լատիներէն, գիտութիւններն ու կրօնաւորական բարեկարգութիւնները... » (Lettere volgari, vol. 23, f. 141):

[12]        SOCG, vol. 64, ff. 286-291.

[13]        SOCG, vol. 64, ff. 287-290.

[14]        SOCG, vol., 64, f. 288.

[15]        SOCG, vol. 65, f. 312. Նոյն թուականին Օգոստինոս արքեպիսկոպոս գրած է նաեւ Ուրբանոս Ը պապին (որ վախճանած էր)` հայերէն նամակին ստորագրելով լատիներէն` “fra Augustinus Arcepiscopus Naxivansis” (SOCG, vol. 65, f. 310): Նոյն նամակին իտալերէն թարգմանութիւնը կատարուած է Կղեմէս Կալանոսի գրչութեամբ (f. 309):

[16]        Acta, vol. 21, f. 68, n. 23.

[17]        Ճամբու ընթացքին նաւը կը հանդիպի Քիոս, ուրկէ 18 սեպտեմբեր, 1653-ին fra Francesco Bendici di Reggio Calabria կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին` հաղորդելով Պիրոմալլիի գերի բռնուած ըլլալը, եւ թէ` «Ջանացինք ազատել զինքը` ուզելով թուրքին տալ 100 կամ 150 սկուդ, սակայն թուրքը մերժեց` ըսելով, թէ թունիզինները պիտի կարծեն, թէ 1000-2000 սկուդ առած եմ միջնորդելու համար. ուստի ստիպուած Պիրոմալլին պիտի տանին Թունիզ. այսուհետեւ միայն Դուք կրնաք միջնորդել» (SOCG, vol., 292, f. 333): Նոյն այս նամակի թուղթին վրայ կայ Պիրոմալլիի 31 օգոստոս, 1653 թուակիր նամակը, թէ` fra Bendici Ձեզի պիտի գրէ ամէն բան (SOCG, vol. 292, f. 350):

              Հազիւ Թունիզ հասած, 7 նոյեմբեր 1653-ին Պիրոմալլի կը գրէ առաջին նամակ մը ՀՍ-ի կարդինալներուն` առաջարկելով միջոց մը բանտէն ազատելու, ըսելով, թէ քրիստոնեայ վաճառական մը ուրիշ առիթով յաջողած է եւ այս անգամ ալ կարող է զինքը գերութենէն ազատել 550 րէալէով. ուստի նոյն գումարը կը խնդրէ ՀՍ-ի Ժողովէն (SOCG, vol. 292, f. 338): 9 փետրուար, 1654-ին Պիրոմալլի դարձեալ կը գրէ բանտէն` խնդրելով ՀՍ-ի միջնորդութիւնը (SOCG, vol. 292, f. 334): 9 ապրիլին կրկին անգամ կը գրէ բանտէն` յիշեցնելով ՀՍ-ի Ժողովին, թէ 13 ամիս է կը գտնուի բանտ, ուր ցուրտէն տառապած ըլլալով` կը վախնայ ամառուան ջերմութենէն (SOCG, vol. 292, f. 335): 21 յուլիս, 1654-ին կը գրէ Քիոյէն, թէ ազատած է բանտէն Քիոյի եպիսկոպոսին 300 սկուդ վճարելովը, որու փոխարէն կը խնդրէ, որ վճարուի եպիսկոպոսին Հռոմի մէջ իրեն յատկացուած թոշակներէն (SOCG, vol. 292, f. 336):

[18]        Acta, vol. 23, f. 54, n. 29.

[19]        Acta, vol. 23, f. 102, n. 19.

[20]        Lettere volgari, vol. 30, f. 52.

[21]        SOCG, vol. 292, f. 337.

[22]        Acta, vol. 24, f. 13, n. 17.

[23]        SC Armeni, vol. 1, f. 140.

[24]        Պիրոմալլի Հռոմի մէջ կ՚իջեւանի դոմինիկեաններու Sopra Minerva վանքը, ուր ապրելուն եւ 25 սկուդի պարտքով զգեստ մը գնած ըլլալուն համար գումար մը կը խնդրէ ՀՍ-էն: Այդ աղերսագիրով կը խնդրէ նաեւ տպագրութիւնը իր շարադրած գիրքերուն` հայերէն եւ պարսկերէն, նոյն ժողովուրդներուն մոլորութիւններուն դէմ: Բայց որովհետեւ գիրքերէն մաս մը թուրքերուն ձեռքը վերջացած էին իր գերութեան ընթացքին, կը խնդրէ ունենալ երկու գրագիր իր տրամադրութեան` մին հայ եւ միւսը` լատին, որպէսզի կրկին շարադրէ` խոստանալով պարսկերէնը անձամբ շարադրել (SOCG, vol. 292, f. 308): Միշտ 1655-ին Պիրոմալլի երկրորդ աղերսագիր մը կը ներկայացնէ, որ կը զեկուցուի 3 օգոստոս, 1655-ի նիստին. ան կը խնդրէ` 1. գումար մը, որպէսզի կարենայ ապրիլ մինչեւ մեկնիլը. 2. դէպի Նախիջեւան 150 օրուան ճանապարհորդութեան համար որոշ գումար մը իրեն եւ սպասաւորի մը համար. 3. Նախիջեւանի մէջ եկամուտ չունենալով` թոշակ մը ՀՍ-ի Ժողովէն. 4. տարեկան տուրքը Պարսից Շահին եւ զանազան նուէրներ` սուլթանին, որպէսզի խաղաղ կերպով կարենայ հովուել իր ժողովուրդը (SOCG, vol 292, f. 381):

[25]        SOCG, vol. 292, ff. 186-195.

[26]        Ֆրա Դոմինիկոս Մկրտչի Հռոմ հասնելուն, Պիրոմալլի գրած է այս աղերսագիրը (զեկուցուած` 7 մարտ, 1656-ի նիստին)` ուղղուած ՀՍ-ի կարդինալներուն. «Պիրոմալլի պատրաստ է կատարելու Սուրբ Ժողովին հրահանգը: Միաբանութեանս ընդհանրական մեծաւորը իր բարութեամբ չներկայացուց Նախիջեւանէն առ պապն գրուած նամակը նկատմամբ չընդունելուն Նախիջեւանի նոր եպիսկոպոսը: Մեր ընդհանրական մեծաւորը, նկատած նամակին ունեցած անպատշաճ շեշտը, յարմար չնկատեց յանձնել պապին, եւ որով չընդունեցաւ նաեւ անոնց անձնական ներկայացուցիչը (իմա' ֆրա Դոմինիկոս Մկրտչին): Այս բոլորին տեղեակ է խնդրագիր գրողս եւ, չուզելով ձեռքը դնել կրակին վրայ, կը խնդրէ Ձեր վսեմութենէն, որ ձեռք առնուի խիստ քննութիւն այսքան կարեւոր հարց մը քննելու համար» (SOCG, vol 292, f. 481):

[27]        Acta, vol. 25, f. 25, n. 3; f. 31, n. 1. Պիրոմալլիի աղերսագիրին (SOCG, vol. 292, f. 482) մէջ կայ ուրիշ կէտ մըն ալ, որ կը նշենք հոս` ծանօթութեան մէջ, կարենալ ազատօրէն բացատրելու համար: Պիրոմալլի երկրորդ անգամ Հայաստան ղրկուելուն իրագործելու համար եկեղեցական միութիւնը` տեսնելով, թէ կը ձախողի, Սուրբ Ժողովին կ՚առաջարկէ լուծում մը, այն է` Վենետիկի Հանրապետութեան եւ  Թոսքանայի դուքսին միջոցով բռնութիւն բանեցնել իտալահայ վաճառականներու վրայ` զիրենք արտաքսելու սպառնալիքով, որպէսզի անոնք իրենց կարգին ստիպեն կաթողիկոսը` իրագործելու եկեղեցական միութիւնը: Աղերսագրին մէջ Պիրոմալլի կ՚առաջարկէ, որ ինքը Էջմիածնի դիմաց կարգուի ներկայացուցիչ Վենետիկի հանրապետութեան եւ Թոսքանայի դուքսին, եկեղեցական միութեան ի նպաստ: Սուրբ Ժողովը ժխտական կը պատասխանէ:

              Անկախ այս աղերսագիրէն, Պիրոմալլի ունի երկրորդ մը` ուղղուած Աղեքսանդր Է պապին, որմէ կը խնդրէ յանձնարարական նամակներ` Պարսից Շահին, Յակոբ Դ Ջուղայեցի կաթողիկոսին, Գանձասարի Գրիգոր կաթողիկոսին, որ տրամադիր էր միութեան (SOCG, vol. 292, f. 485): Պիրոմալլի օգնած ըլլալու համար պապին քարտուղարութեան միասին դրած է անցեալ նամակներու նմոյշներ. այսպէս` Ուրբանոս Ը պապին 16 յուլիս, 1640 թուակիրը` առ Փիլիպպոս կաթողիկոս, Իննովկենտիոս Ժ պապին 30 յունուար, 1646 թուակիրը` ուղղուած Պարսից Շահին. երկու նամակներն ալ շարադրուած են լատիներէն:

[28]        Ասոր մասին պիտի խօսինք, երբ անդրադառնալու ըլլանք ֆրա Յակոբ Յիսուսի:

[29]        Պիրոմալլի, սարսափած ծովահէններէն, կը նախընտրէ ցամաքի ճամբան:

[30]        Պիրոմալլիի համաձայն` ֆրա Բենդիչի, Նախիջեւանի մէջ տեսնելով, թէ հակակրանք ունի Պիրոմալլիի հանդէպ, թողած է վարժարանը եւ ուղղուած  Հռոմ, արքեպիսկոպոսական աթոռը գրաւելու համար:

[31]        Այս մանրամասնութիւնները քաղած ենք Պիրոմալլիի 28 մարտ (որ ունի երկու օրինակ` SOCG, vol. 222, f. 16; vol. 316, f. 112) եւ 10 ապրիլ, 1657 (որ նոյնպէս ունի երկու օրինակ` SOCG, vol 222, f. 12; vol. 316, f. 120) թուակիր նամակներէն` երկուքն ալ գրուած Պոլիսէն:

[32]        SOCG, vol 222, ff. 6, 13.

[33]        SOCG, vol. 222, f. 4.

[34]        Պիրոմալլի Հռոմ դառնալուն, նոյն այս նիւթին մասին կը գրէ 11 դեկտեմբեր, 1663-ին` խօսքը ուղղելով ՀՍ-ի Ժողովին. «60 տարուան ընթացքին երկու գիւղ դարձան հերձուածող` մին Աստապատ` 1000 ընտանիքով, միւսը` Շորոթ` մեծ եւ հարուստ. երեք գիւղ ալ թրքացան` Քռնա[յ], Սալթաղ եւ Գանձակ, իսկ չորրորդը վտանգի մէջ է, որ կը կոչուի Շապունիս, ուր 130 ընտանիքէն 100-ը թրքացան» (SOCG, vol 224, f. 5):

[35]        SOCG, vol. 316, f. 117.

[36]        SOCG, vol. 316, f. 118. Պիրոմալլիի փափաքը նկատի առնուած է ՀՍ-ի Ժողովէն (Acta, vol. 27, f. 183), որուն նախագահը` կարդինալ Բարբերինի, 1 յուլիս, 1658-ին գրած է Սպանիոյ առաքելական նուիրակին, որպէսզի միջնորդէ եւ Սպանիոյ թագաւորին գրել տայ նամակ Պարսկաստանի Շահին, ի մեղմացումն ելած օրէնքին, «որովհետեւ երկու ամբողջական գիւղ մահմետական դարձած են» (Lettere volgari, vol. 32, f. 80): 12 մարտ, 1659-ին կը պատասխանէ Սպանիոյ նուիրակը, թէ թագաւորը կը դժուարի գրելու, որովհետեւ 30 տարի չէ գրած, եւ ներկայ Շահը անծանօթ է իրեն (SOCG, vol. 222, f. 30):

[37]        SOCG, vol. 224, ff. 1-10.

[38]        SOCG, vol. 224, ff. 16-18.

[39]        SOCG, vol 224, f. 17. Նամակին մէջ ակնարկուած գումարին համար ծագած անհամաձայնութիւնը պատահած ըլլալու է 1658-ի մարտ ամսուն, քանի Պիրոմալլի 22 մարտին է, որ ուղղած է նամակ մը Վենետիկի ծերակուտարանին: Այս նամակին մասին պիտի խօսինք, երբ անդրադառնանք ֆրա Յակոբոս Յիսուսի կենսագրութեան:

[40]        SOCG, vol. 222, ff. 37-38.

[41]        SOCG, vol. 221, ff. 37-40.

[42]        SOCG, vol. 221, f. 9.

[43]        SOCG, vol. 224, ff. 19-21.

[44]        SOCG, vol. 224, f. 25.

[45]        SOCG, vol. 224, f. 23. Այս նիւթին եւ ուրիշ պատմական տուեալներու պիտի անդրադառնանք, երբ խօսինք ֆրա Յակոբոս Յիսուսի կենսագրութեան մասին:

[46]        Պիրոմալլի Սպահանէն գրած է երկու նամակ` 20 օգոստոս եւ 3 նոյեմբեր, 1659 թուականներով (SOCG, vol. 222, ff. 35-36, 34; Acta, vol., 28, ff. 197-198, n. 14):

[47]        Սա զեկուցուած է ՀՍ-ի յունուար եւ դեկտեմբեր ամիսներուն գումարուած ժողովական նիստերուն (Acta, vol. 28, ff. 16-19, 224, n. 41): Պիրոմալլիի եւ Նախիջեւանի վանականներուն անհամաձայնութեան մասին վկայաթուղթեր տե'ս SOCG, vol. 221, ff. 25-68; vol. 224, f. 29-31:

[48]        Acta, vol. 29, f. 97. Տե'ս նաեւ SOCG, vol. 222, ff. 46-47, 93-94.

[49]        SOCG, vol. 284, f. 139.

[50]        SOCG, vol 222, f. 58. Տանի խորհուրդ կու տայ ՀՍ-ի քարտուղար Ալբրիցցիի, որ միջամտէ պապը եւ յորդորէ քրիստոնեայ թագաւորները, որպէսզի անոնք գրեն Պարսից Շահին, ի նպաստ քրիստոնեաներուն, եւ ուրացող քրիստոնեաներ չկարենան տէր դառնալ չուրացող ազգականներու ինչքերուն:

[51]        SOCG, vol. 222, f. 82.

[52]        Ֆրա Տանի 25 մարտ, 1662-ին կը գտնուի Ֆիրենցէ, ուրկէ կ՚իմացնէ շուտով Հռոմ մեկնիլը (SOCG, vol. 222, f. 105): Պիրոմալլի Լիվոռնոյէն ունի նամակ մը ՀՍ-ի Ժողովին` 28 փետրուար, 1662 թուակիր (SOCG, vol. 222, f. 76):

[53]        Պիրոմալլի կը ներկայացնէ Յակոբ կաթողիկոս Ջուղայեցիի Հռոմի Աթոռին հետ ունեցած յարաբերութիւնները եւ անոր նամակը: Այս նիւթին մասին տե'ս ԱՄԱՏՈՒՆԻ եպս. Կ., Ոսկան վրդ. Երեւանցի..., էջ 139-145:

[54]        Acta, vol. 32, f. 94, n. 22.

[55]        Ֆրա Անտոն Տանիի հարցը տարիներ ամբողջ կ՚երկարաձգուի, որովհետեւ ան ղրկուած էր իբր այցելու եւ քննիչ, երեւան կու գայ, որ կը մսխէ ահագին գումարներ: ՀՍ-ի դիւանին SOCG, թիւ 443 հատորը ֆրա Տանիի դատին վերաբերեալ նիւթերն են: 4 ապրիլ, 1672-ի նիստին կը պատմուին Տանիի ունեցած անցեալ դէպքերը (Acta, vol. 42, f. 95, n. 17), որոնց համապատասխան վկայաթուղթերը պէտք էին գտնուիլ SOCG, vol. 434-ի մէջ, ուր կը գտնենք միակ յայտարարութիւն մը քարտուղարութեան գրիչով, թէ բնագիրները փոխանցուած են քրէական ատեանին (SOCG, vol. 434, f. 405): 1673 տարւոյն մէջ դոմինիկեան ընդհանրական մեծաւորը ՀՍ-էն կը խնդրէ Տանիի դատին վերաբերեալ վկայաթուղթեր (Acta, vol. 43, f. 3, n. 10; f. 212, n. 14; f. 330, n. 38). 1674 տարւոյն գրուած աղերսագիր մը` ուղղուած պապին. «ֆրա Ազարիա եւ ֆրա Անտոն դոմինիկեան հայերը խոնարհաբար կը ներկայացնեն Սրբութեանդ, թէ անցեալին ֆրա Անտոն Տանի եկաւ Հայաստան` իբր այցելու, եւ իր անկարգ կեանքով վիրաւորեց թէ' միաբանները եւ թէ' միսիոնարները: Հարցը քննելու համար Սուրբ Աթոռը ղրկեց ֆրա Փրանկիսկոս Պիսկոբոն: Ֆրա Տանի ՀՍ-ի Ժողովէն գանձած է 600 սկուդ, որ Նախիջեւանի դրամն է, եւ այդ գումարը չէ հասած մեր ձեռքը»  (SC Armeni, vol. 2, f. 242): 1677-ին ֆրա Տանի ՀՍ-ի Ժողովին կը յանձնէ, ի պաշտպանութիւն իր անձին, գրաւոր հսկայ թղթածրար մը, քանի, իբր կրօնաւոր, չունի միջոց` բազմացնելու օրինակներ եւ բաժնելու կարդինալներու ժողովին (SC Armeni, vol. 2, f. 626): 5 հոկտեմբեր, 1677-ի նիստին կը զեկուցուի ֆրա Տանիի խնդրագիրը, թէ իբր Նախիջեւանի այցելու կատարած է պարտքեր եւ որով կը խնդրէ դրամական նպաստ (Acta, vol. 47, f. 242, n. 20; SOCG, vol. 466, ff. 79-80): Սա առանձին եւ ընդարձակ նիւթ է ուսումնասիրութեան: