Պատմութիւն Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ ԿԲ.
Յաղագս Համազգեաց ընկերութեան:

  (1848) Ի սմին ամի ազգասէր եւ ուսումնասէր անձինք ՚ի Հռովմէական հայոց՝ յորոց բազումք աշակերտեալք էին ՚ի Մուրատեան եւ ՚ի Ռափայէլեան վարժարանսն եւ ՚ի վանսն Վէնետկոյ եւ Վէննայու եւ համամիտ եւ համակամ խորհրդով եւ հաւանութեամբ կամեցան հաստատել զընկերութիւն իմն ընդ Լուսաւորչեան Հայոց:

Նպատակ ընկերութեանն էր ազգասիրութիւն եւ ուսումնասիրութիւն եւ յառաջադիմութիւն ՚ի բարոյական մասին, եւ բացէ ՚ի բաց հերքումն տարապարտ վիճից եւ բանակռուութեանց վասն հաւատոյ խնդրոց, յորս արդէն միաբան են երկոքին կողմանք յէական մասունս հաւատալեաց, եւ տարբերին միայն ՚ի վարդապետական բացատրութիւնսն դժուարիմաց բառից, որպիսիք են բառքս, բնութիւն, անձն, բղխումն, եւ քաւարան կամ կայան:

Իւրաքանչիւր ընկեր պարտ էր տասն դահեկան ամսական տրօք նպաստել ընկերութեանն առ ՚ի հայթայթել զմեծ գումար դրամոց՝ բաւական լինել դպրոցական ծախուց: Եւ մինչ յառաջասցին իղձք եւ աշխատութիւնք ընկերութեանն, տեսանելով օր քան զօր զանդամս յաւելեալ եւ բազմացեալ եւ հասեալ ՚ի նպատակն, ունելով պատրաստ ՚ի ձեռին զգումար դրամոց, գնեսցեն նովաւ եկամուտս, կամ շահեցուսցեն տոկոսեօք, եւ բացցեն նոքօք դպրոցս ՚ի հայաբնակ քաղաքս Ասիոյ, յորս ոչ գոյ դպրոց, ոչ ընթերցանութիւն եւ ոչ ուսումն զանազան արուեստից, վարժեսցեն եւ հրահանգեսցեն զնոսա ՚ի կարեւոր ուսմունս հայկաբանութեան թուաբանութեան եւ  աշխարհագրութեան եւ  երկրագործութեան, եւ զամենայն փոյթ ՚ի մէջ առեալ, զխաւար տգիտութեան  հալածական արարեալ, զլոյս  գիտութեան  առ համազգայինս տարածեսցեն ՚ի փառս Աստուծոյ եւ ՚ի պարծանս Հայկազեան ազգիս:

Զկանոնս ընկերութեանն խմբագրեաց Հ. Պետրոս վարդապետ միաբան Վէնէտկեան վանից, եւ զանուն նորա կոչեաց Համազգեաց Ընկերութիւն. եւ սկսան ազգասէր երիտասարդքս այսոքիկ իւրեանց եռանդուն եւ աշխոյժ բնաւորութեամբն քարոզել միմեանց զազգասիրութիւն, ջանալ օր ՚ի յօր աճեցուցանել զընկերութիւնն, եւ միաբանասէր ոգւով ընդգրկել զիրեարս: Եւ այսպէս ՚ի սակաւ ինչ միջոցի բացաւ ընդարձակեցաւ ընկերութիւնն:

Լուեալ զայս ամենայն Հասուն վարդապետ, եւ իւրով բնական հեռատեսութեամբն նշմարեալ զապագայ նուաստութիւն միապետական ինքնիշխանութեան իւրոյ, ՚ի խորհուրդ կոչեաց զհամախոհս իւր եւ զարբանեակս, եւ յոտն եկաց քայքայել ըզնորոգ սկսեալ ընկերութիւնն. ցրուել զանդամս նորա համոզելով եւ յորդորելով, թէ այս ջան եւ վաստակ ձեր ընդդէմ է Հռովմէական սուրբ եկեղեցւոյ, որ արգելու իսպառ յարիլ եւ միաբանիլ ընդ հերետիկոս, եւ հաղորդակցիլ ընդ նոսա հոգեւոր սիրով. ուստի ոչ կարեմք  տալ  ձեզ  արձակումն  եւ  հաղորդութիւն մինչեւ  ոչ զղջասջիք եւ յետս կացջիք յայդոցիկ ընկերութենէն, որ ոչ միայն հոգւոց եւ մարմնոց ձերոց է վնաս մեծ, այլնաեւ անարգութիւն եւ նախատինք է ձեզ առաջի գահին Հռովմայ:

Եւ այսոքիւք քարոզութեամբք սերմանեցին յամենայն տունս որոմն եւ ատելութիւն, կագ եւ կռիւ. հակառակութիւն ՚ի մէջ հօր եւ որդւոյ, եղբօր ընդ քեռ, եւ որ այլ եւս են չարիք:

Գրեաց Հասուն վարդապետ գանգատ իմն զսոցանէ ՚ի Հռովմ, որպէս ինքն կամեցաւ. գրեցին եւ սոքա բողոք եւ գիր աղերսանաց յայտ առնելով զանմեզ նպատակ եւ զկանոնադրութիւնս ընկերութեան իւրեանց, եւ զհակառակութիւն Հասուն վարդապետին՝ որ ջանայ ՚ի կոր կործանել զնորահաստատ ընկերութիւն իւրեանց: Եւ Հռովմ զդատ սոցա յանձն արար ՚ի Վինչէնցիոս Ֆէրիէրի կարտինալ իւր, որ էր յայնժամ ՚ի Կոստանդնուպօլիս, յատուկ գրով, յորում էր ստորագրութիւն Տարածման հաւատոյ կոչեցեալ ժողովոյն նախագահ Յ. Փ. Ֆրանսօնի կարդինալին, եւ Ա. Պառնապօ ատենադպրին:

Տարածման հաւատոյ սուրբ ժողովքին գերաստիճան ու գերապատիւ կարդինալ նախագահին 28 մայիս 1850 Կոստանդնուպօլսոյ Հայոց նախագահ եպիսկոպոսապետին  Հասունեան  գերապայծառ  Անտոն  վարդապետին  խրկած թղթոյն թարգմանութիւնը:

 

Վերջի երեք տարուան ընթացքին մէջ թէ սրբազան պապը ու թէ սուրբ ժողովքը Համազգեաց անունով Պօլիս կանգնուած, ու ուրիշ տեղեր ալ ուղղափառ Հայոց մէջ քանի մը փոփոխութենով վերերեւցած  ընկերութեան  վրայօք  զանազան  ծանօթութիւններ առին. աս ծանօթութեանց վախճանը նոյն ընկերութեան վրայ հրահանգներ առնել էր: Հրամանքնիդ արթուն հովուի մը պաշտօնը կատարելով՝ ձեզի յանձնուած հաւատացելոց առաջուց ծանուցիք այդպիսի ընկերութեան մը մօտակայ վտանգները, ոչ ալ զանց ըրիք իմացընելու միանգամայն սուրբ ժողովքին ու սա գործքիս մէջ ձեր բռնած ճամբան ու ձեր յայտնած կարծիքը անոր առջեւը դնելով՝ անոր դատումը խնդրեցիք: Միանգամայն ընկերութեան  գլխաւոր  պաշտօնատարներէն  քանի  մը  անդամք անգամէն աւելի սրբազան հօրը դիմեցին ու իրենց կանոններուն օրինակը խոնարհութեամբ անոր ներկայացընելով վէճը եղած ընկերութեան վրայ օրհնութիւնը խնդրեցին:

Աս զանազան առնուած տեղեկութեանց կատարածը կրնար ծանրապէս խուճապել սուրբ ժողովքը Հայոց ազգին հոգեւոր նախազգուշութիւններ գործքի դրուեցան՝ որոնց վախճանը աւելի բուն իրաց վրայօք լիով ու ճիշտ ծանօթութիւններ առնել էր: Աս պաշտօնը մասնաւորապէս յանձնուեցաւ Սիդենոյ արքեպիսկոպոսին գերապայծառ Վինչենցիոս Ֆէրրիէրիին՝ որն որ սրբազան պապէն խրկուած էր բիր դեսպան վեհանձն ինքնակալ Սուլթանին ու նոյն առթիւ ալ առաքելական այցելուի պատուաւոր պաշտօնը իրեն յանձնուած էր: Աս բաներուս վրայ եկան ողբալի դիպուածները՝ որով կրօնքի թշնամիները սկսան յարձակիլ անոր վրայ բուն իր կեդրոնին մէջ, ուր գերագոյն գահն է. կարելի ալ չէր   ասանկ դժուար  պարագաներու մէջ  աս գործքիս  պարապիլ այնու ծանրութեամբ՝ զոր նոյն ինքը գործքը կը պահանջէր: Փոթորիկը դադրելէն ետեւ՝ սուրբ ժողովքը իր ընդմիջեալ ընդհանրական ժողովքները նորէն սկսելու կարող ըլլալուն պէս, իմ գերաստիճան  պաշտօնակիցներս  պէտք  եղած  մտադրութիւնը  ըրին աս գործքիս վերաբերեալ ամեն տեղեկութեանց վրայ, ու սրբազան հայրերնիս ալ սուրբ ժողովքին դատմունքը հաստատած ըլլալով՝ կը փութամ ձեզի զանի հաղորդելու:

Սուրբ ժողովքը Համազգեաց ընկերութեան վերաբերեալ բաները ու մասնաւորապէս իրեն կանոնները, ու որչափ ալ անոր փոփոխութիւններ մտցընել ուզուեր է նէ ալ, այսու ամենայնիւ իրեն մէջ օրէ օր աւելի յայտնուած հոգին ճիշտ քննութեամբ մտածելով պարտք դատեցաւ իրեն՝ ձեր արդէն յայտնած դատմունքին յարմարիլը ու աս առաջիկայ թղթովս վերոյիշեալ ընկերութեան  վրայ  իր  տհաճութիւնը  ցըցընելը մասնաւորապէս վտանգներուն պատճառաւը՝ ու ուղղափառ Հայոց հոգեւոր աղէկութիւնը կրնան հոնկէց առաջ գալ: Ու յիրաւի աս ընկերութիւնը անանկ անորոշ անսահման նպատակ մը կը ցըցընէ, որ անզգոյշները քիչ ու առանց իմանալու իրենց խղճմտանքին դատապարտած գործքերու ալ կրնան դիւրաւ ձգուիլ, աս բանս աւելի դիւրութեամբ կրնայ հանդիպիլ, որովհետեւ իր կառավարութեան մէջ աս բանս արգիլելու բաւական ապահովութիւններ չիկան:

Ուրիշ ծանր վտանգ մ՚ալ կերեւի որ չըլլայ թէ աս ընկերութիւնը մինչուկ հիմայ Աստուծոյ ողորմութեամբը Հայոց ազգին մէջ պահուած ան հաստատուն բարեպաշտութեան ու քրիստոնէական կրթութեան կորսուելուն ու զանի մոլորեցընող սկզբունքներ մտնալու միջոց ըլլայ: Որովհետեւ հաւատքը Աստուծոյ ծանրագին պարգեւն է, պէտք է զանի նախանձով պահել ու հեռուանց ալ անոր մաքրութիւնը մթնցընող ու վնասող ամեն պատճառները մէկդի ընելու է: Ու թէպէտեւ 1848ին քանի մը թեթեւ փոփոխութեանց վրայ ճառուեր է, բայց նոյն բնաւորութիւնը՝ ու նոյն հոգին մնալուն համար ընկերութեան մէջ՝ նոյն հիմնական վտանգն ալ կը մնայ կոր, որ չըլլայ թէ անոր պատճառաւը ուղղափառ կրօնի եղած սերտ սէրը երթալով տկարանայ, մանաւանդ որ դեռ ամեն իշխանութենէ ազատ ըլլալու կը ջանացուի, ու ասանկ ճամբայ կը բացուի վերջապէս բանւորականաց աղանդին հասնելու՝ որ ազգային բարութեան ու յառաջադիմութեան պատրուակներովը՝ կրօնքը կը փճացընէ: Չէ թէ եկեղեցին դէմ կը կենայ ճշմարիտ բարութեան ու յառաջադիմութեան, որ ինչպէս յայտնի է կրօնքի ուղիղ սկզբունքներուն հետ միշտ կից կերթայ, նա մանաւանդ որ՝ ինչպէս քաջայայտ է, եկեղեցին աս պայմանաւ միշտ ու ամեն տեղ անիկայ առաջ տարած է: Բայց ուրիշ այսչափ ազգերուն ողբալի դիպուածները յայտնապէս կը ցըցընեն թէ ինչպէս աս անուններս չարաչար կը գործածուին, ուսկից ալ շատ գէշ հետեւութիւններ առաջ կուգան: Աս տարիներուս փորձն ալ կը հաստատէ՝ թէ ո՞րչափ իրաւամբ կը վախցուի՝ որ ան վերոյիշեալ անկարգութիւնները, Հայոց ուղղափառ ազգին մէջն ալ հանդիպին, որոնք ալ աւելի ողբալի կրնան ըլլալ, թէ որ ժամանակին յառաջատութեամբը իրօք կատարուին նէ: Ընկերութենէ ծագած բաները հրապարակապէս ծանօթ են ազգին, ու բոլոր բարի անձինք՝ որ բարեբախտութեամբ ազգին մեծագոյն մասն են, անոնց վրայ կուլան, աս պատճառներուս համար ով որ սրտին մէջ կրօնի ուղիղ սկզբանց փոյթն ու հոգը ունի, ապագային վրայ աղետալի նախագուշակութիւններ ընելու կըստիպուի:

Ուստի սուրբ ժողովքը յիշուած ընկերութեան որ եւ իցէ եղանակաւ կողմ բռնելը ու անոր ուղղակի կամ անուղղակի օգնելը թէ աշխարհական թէ կրօնաւոր կղերին բացարձակ արգիլելէն ՚ի զատ, ձեզ ալ կը փութացուցանէ որպէս զի ձեր խնամոցը յանձնուած հաւատացելոց այդպիսի ընկերութենէ ետ քաշուելնուն պարապիք, ու ատ ալ ամեն փութով գործ դնելնուն բնաւ չերկբայիր, որովհետեւ համոզուած էր որ մեծ մասը միամտութեամբ գրուած է անոր, ու առանց կարող ըլալու առաջուց աղէկ մը իմանալու թէ ի՞նչ հետեւութիւններ ու պտուղներ կրնան անկից ծագիլ:   Կը   վստահի   մանաւանդ   թէ   Կոստանդնուպօլսոյ   Հայոց ազգը ապագային համար իրեն կանոն ու օրինակ բռնելով քիչ տարիներէ առաջ իրեն գլուխը եկած դիպուածները չի մոռնար, իրենց մէջ աւելի տարւոք եղողները աղէկ կը յիշեն ան ամեն բաները, որով կը սորվին զգոյշ կենալ ուր եւ իցէ ծածկուած վտանգներէն՝ որ կրնան զիրենք մոլորեցընել ուղղափառութեան միութենէ՝ որուն մէջ մինչեւ հիմայ՝ հաստատուն մնալուն համար թէպէտ ոչ զըրկանաց՝ ու ոչ այնչափ նեղութեանց խնայեցին, որն որ իրենց ազգին օգուտն ու փառքը եղաւ: Յիշելով ուրեմն որ թէպէտ եւ կրթութիւնը ըստ ինքեան մեզ Աստուծոյ կառաջնորդէ ու մեզ կրօնի մէջ կը հաստատէ, բայց շատ անգամ ալ գէշի գործածուելով գլխովին ուրիշ վախճան կունենայ, անշուշտ իրենց պարտքը մը պիտի սեպեն զանիկա ստանալու, ուր որ Աստուծմէ իրենց հոգեւոր բարութիւն կարգած անձինք՝ անոր ուղղափառ կողմանէ ողջամիտ ու մոլորութեան ամեն վտանգէն ազատ ըլլալը յայտնի ընեն: Ուստի սուրբ ժողովքն ալ հրամանոցը ուղիղ ու ճշմարիտ կրթութիւնը ժողովուրդիդ մէջ առաջ տանելու յայտնած ջանքը թէպէտեւ գովելու պարտական է, բայց միանգաման պատշաճ ալ կը դատի ձեզ փութացուցանելու, որպէս զի յարատեւէք ոչ միայն հովուի մը պարտք եղած հսկողութիւնը պահելու, այլ յաւէտ անիկայ տարածելու յարմար միջոցները շատցընելու, եւ բնաւ տարակոյս չկայ՝ որ հրամանոցը հպատակ եղող երկաքանչիւր գղերին ալ եկեղեցականները ամեն ջանքով  ձեզի հետ աս նպատակին գործակից ըլլան: Աս ճամբով անզգոյշները խաբելու համար ու անմաքուր աղբիւրներէ թունաւոր վարդապետութիւնները ծծելու զանոնք առաջնորդելու համար՝ Հայոց ազգին  հոգեւոր  աղէկութեանը  դէմ  զինողներուն  ամենեւին  պատճառանք չմնար Վերջապէս ձեր  հօտին  իմացընելու  չըլլայ  թէ զանց ընէք, որ թէպէտ աւետարանական օրէնքը մեզ պիտի շարժէ ամենուն սէր ցըցընելու, ու թէ առ Աստուած աղօթքով թէ առաքինի վարուց օրինակաւ ու թէ պատշաճ յորդորանքներով ճամբէ ելած եղբարներնուս ուղղափառ կրօնի հետ միաբանութիւնը դիւրինցընելու. այսու ամենայնիւ զգոյշ կենալու է ան անձերէն, որ բոլորովին ուրիշ միտքի ծառայելով, ան մասերուն վրայօք պայմանադրութեանց զիջանել կը պահանջեն, որոնց վրայ եկեղեցին իրաւամբ միշտ անդրդուելի կեցաւ որովհետեւ  ճշմարտութեան ու ստութեան մէջ միաբանութիւն չկրնար ըլլալ:

Մինչեւ հիմայ յայտնուած միտքն են եւ սրբազան հօրերնուս միտքն, որովհետեւ ինչպէս ՚ի սկզբան ալ ձեզի ծանուցի, սրբազան պապը սուրբ ժողովքին ան յայտնած դատումը լիով հաստատել հաճեցաւ:

Կաղաչեմ զԱստուած որ, եւայլն:

 

Յ. Փ. Կարդինալ Ֆռանսոնի նախագահ

Ա. Պառնապօ ատենադպիր

 

Գլխաւորք միաբանասէր կողման տեսեալ եւ լուեալ զայս ամենայն առաւել  եւս  բորբոքեցան  հրով  ազգասիրութեան եւ գուն գործեցին յաղթանակ կանգնել ընդդէմ Հասունեանց զտուն մի մեծ ՚ի Բերա, զոր նորոգ շինեցին արդեամբք ընկերութեանն, եւ կոչեցին «Խորհրդարան Համազգեաց Ընկերութեան» եւ  օր քան զօր յաւելոյր թիւ անդամոց նորին. եւ բազումք ՚ի լուսաւորչածին Հայոց յաւելան յարձանագրութիւնս ընկերութեանն:

Լուեալ զայսոսիկ Հասուն վարդապետ, խորհրդով համախոհից իւրոց ամբաստան եղեւ զսոցանէ առ Բ. Դուռն. զօր իմացեալ միաբանասէր կողման ետուն գիր աղերսանաց առ արքայ՝ յայտ արարեալ ՚ի նմին, եթէ Տէր արքայ՝ ըստ բարձր հրամանի եւ կամաց ձերոց՝  զոր  ետուք արքունի  հրովարտակաւ առ ամենայն ազգս հպատակեալս մեծազօր տէրութեան ձերում, փոյթ յանձին առաք կազմել զընկերութիւն իմն մեք ազգակից եղբարքս, եւ դիտումն եւ ջանք մեր են ծաղկեցուցանել զուսումն եւ զգիտութիւն ՚ի մերազնեայս ՚ի գաւառս Անաօլուի շնորհիւ կայսերական ակնարկութեան ձերոյ բայց այժմ ազգապետ մեր Հասուն վարդապետ հակառակ ջանից եւ դիտաւորութեան մերոյ կամի ցրուել եւ կործանել զընկերութիւն մեր, եւ ոչ թոյլ տայ մեզ յառաջ վարել զփափաք ուսումնասիրութեան մերոյ:

Ընթերցեալ արքայի զաղերսագիրն, հրամայեաց, զի հաստատեսցի ազգային ժողովն ՚ի Պատրիարքարանի հռովմէական Հայոց, եւ մի ոք խափան եւ արգել լիցի Համազգեաց ընկերութեան, եւ զկարեւոր հանգամանս հաստատութեան սոցին յանձն արար ՚ի Բ. Դուռն հոգալ եւ տնօրինել զամենայն, որ ինչ կարեւոր եւ արժանն էր:

Եւ Բ. Դուռն հրաւիրեաց զհնգեսին երեւելի անդամս ընկերութեանն Համազգեաց, եւ զհինգ կուսակիցս Հասունեանց, ընդ որս եւ զնախագահ նոցին զՀասուն վարդապետ ՚ի Բ. Դուռն, եւ յետ բազում բանակռութեանց եւ խօսակցութեանց պատշաճ դատեցաւ առաքել զերեւելի պաշտօնատար ոմն ՚ի կողմանէ Բ. Դրան յեպիսկոպոսարանն նոցին, առնել անդ ժողով յերկուց կողմանց, եւ ՚ի ժողովին յայնմիկ քննել զկանոնս Համազգեաց ընկերութեան, եւ եթէ փոփոխութեան եւ սրբագրութեան  կարեւորութիւն ինչ  պատշաճ դատիցի համաձայնութեամբ  որոշեսցի:

Եւ հրամանաւ Բ. Դրան առաքեցան առաջին թարգման Էմին Էֆէնտի, եւ թահրիրաթ միւտիրի Սայիտ Էֆէնտի յեպիսկոպոսարանն նոցին առնել ազգային ժողով եւ քննել ըզմիտս եւ զբաղձանս երկուց կողմանցն, զվայելուչսն տնօրինել եւ զանվայելսն բառնալ. եւ եթէ հնար իցէ, հաշտեցուցանել զնոսա ընդ եպիսկոպոսին իւրեանց:

Եղեւ ժողովն ՚ի 28 յունիսի 1848, եւ Հասուն վարդապետ ընթերցաւ զպահանջմունս իւր, յորում փոփոխեալ էին կանոնադրութիւնք ընկերութեանն, որոց գլխաւորն էր այս, զի լուսաւորչածին Հայք ելցեն յընկերութենէն, եւ մի ընդունելի լիցին յայսմհետէ իբրեւ անդամ ընկերութեան:

Այսմ հակառակ կացին միաբանասէրքն եւ վիճեցան յոյժ, բայց վասն զի դատաւորն եկեալ ՚ի Բ. Դրանէ որոշեաց վըճռաբար յասելն, թէ որովհետեւ սա գլուխ ձեր է հաստատեալ արքունի հրովարտակաւ, եւ  սմա  յանձնեալ  է  տէրութիւնն  կառավարել զձեզ ըստ իւրումն խոհականութեան եւ ըստ քաղաքական օրինաց պարտաւորութիւն  ձեր  է  հնազանդիլ  հրամանաց  եւ  կարգադրութեանց սորա, եւ որ սմա ոչ հնազանդի, այնպիսին եւ արքայի իսկ է անհնազանդ:

Զայս լուեալ նոցա եւ ելեալ արտաքս, յոգի խոցեցան. եւ թէպէտ չեղեն հնազանդ հրամանաց նորա, բայց ցրտացան ՚ի ջերմեռանդ սիրոյ եւ վաստակոց իւրեանց, եւ ցրուեցաւ ընկերութիւնն առաւելապէս, որ գերապանծ հանդիսանայր օր ըստ օրէ, եւ մեծամեծ օգուտս ունէր ցուցանել Արամեանս ազին շնորհիւն Աստուծոյ:

Գլխաւոր  միաբանասէրք  ընկերութեանն  էին  իննեքին  սոքա, զորս ոչ կամելով անյիշատակ թողուլ յապայս ժամանակի, ՚ի ճահ դատեցայ նշանակել աստանօր յականէ յանուանէ, որք էին Մկրտիչ Սամանճեան, Յակոբ Տավութեան, Ա. Լութֆեան, Խաչատուր Գազազեան, Յովսէփ Վարդանեան, Կարապետ Թիւլպէնտճեան, Սարգիս Ասկէրեան, եւ Սերովբէ Ազնաւուրեան: