Սիլիհտարի պարտէզները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այդ տանը մէջ, որ հետագային մեր ընտանեկան յիշողութիւններուն մէջ կը կոչէինք մախառնաճիին տունը, իմ մանկական տպաւորութիւններս հետզհետէ փոխակերպուեցան զգացումներու եւ երբեմն ալ յանգեցան դատողութիւններու։

Տիգրան մօրեղբայրս յաճախ կու գար մեզ այցելութեան, բայց առանձին։ Իր կինը, Մաքրուհի, որ պզտիկ հարս կը կոչէինք, հեզ եւ խոնարհ կին էր, չափազանց աշխատասէր. ան եազմա կը բանէր եւ մեծ համբերութեամբ կը տանէր ամուսինին արբեցութիւնը եւ արհամարհական բռնապետութիւնը։ Որովհետեւ թէեւ մեզ հետ գողտր սիրով կապուած, Տիգրան մօրեղբայրս արհամարհանք ունէր կնոջը եւ անոր ընտանիքին համար։ Ոչ թէ այն պատճառով որ չքաւոր էին, այլ որովհետեւ, ինչպէս ինքը կ’ըսէր, «թապիէթ սահապը» [1] չէին, ինքնուրոյն զգացում, խառնուածք չունէին եւ յետոյ խնայասէր էին։ Պզտիկ հարսը տասնոցը տասնոցին վրայ դնելով կը ձգտէր տուն մը գնել, «կուլիպա»յի [2] մը տէր ըլլալ։ Բացի ծայրայեղ չքաւորներէն, բնիկ սկիւտարցիներուն մէջ, ինչպէս էր մօրս ընտանիքը, գրեթէ մարդ չկար որ տան տէր չըլլար։ Բայց մերինները որդւոց որդի սորված էին ոչ միայն իրենց բոլոր վաստկածը ծախսել, այլեւ ինքզինքնին մսխել։ Ոչ միայն մօրս մեծ հայրը եւ եղբայրը, այլեւ մօրս հօրեղբայրները, ամուճաները, նետուող, ամէն բանի խառնուող, ինքզինքնին վտանգի դնող մարդիկ եղած էին։

Այդ ամուճաներէն ես անձամբ ճանչցած եմ Արթին ամուճան։

Անիկա արհեստով սայլապան էր եւ ունեցած էր սայլեր եւ ջուխտակ եզեր, որ շահագործման կը դնէր։ Ան երկար ատեն իր իշխանութեան տակ պահած էր Սկիւտարի սայլապանները, որոնց եւ քեհեան եղած է։ Կռուազան եւ մեծաբարբառ՝ ան անձնատուր եղած է ամէն կարգի արկածախնդրութիւններու։ Իր ժամանակը չէ եղած հասարակական կամ համայնական շարժում մը, որուն մասնակցած չըլլայ։ Իր երիտասարդական տարիներուն տեղի ունեցած է Սկիւտարի հայոց գերեզմանատան կռիւը բողոքականի մը թաղման առիթով։

Այն ժամանակ բողոքականութիւնը նոր սկսած էր մուտք գործել Կ. Պոլսոյ հայ հասարակութեան մէջ։ Մատով կարելի էր դեռ համրել այն հայերը, որոնք դարձեր էին բողոքական։ Պատրիարքարանը անողոք պայքար կը մղէր անոնց դէմ եւ Արթին ամուճան եղեր էր նախապէս անոնցմէ, որոնք ամէն միջոցներով կը հալածէին «բրոտ»ները [3] ։ Այդ օրերուն սկիւտարցի բողոքական մը կը մեռնի եւ անմիջապէս հարց կը ծագի թէ ո՞ւր պիտի թաղեն մեռելը։ Դեռ բողոքական հայերը չէին ճանչցուած կառավարութեան կողմէ, որպէս առանձին համայնք, եւ հետեւաբար չէին կրնար ունենալ իրենց յատուկ գերեզմանատունը։ Լուսաւորչական Պատրիարքարանը ոչ միայն խստիւ կը մերժէ հերետիկոս բողոքականի դիակը թաղելու արտօնութիւնը «սուրբ հող»ի մէջ, այլեւ կը պատուիրէ որ պահակներ դրուին հայոց գերեզմանատան շուրջը, որպէսզի գաղտնի կերպով թաղում չկատարուի։

Օրերը կ’անցնին եւ բողոքական մեռելը կը մնայ անթաղ իր տանը մէջ։ Դրացիները, ամբողջ թաղը կը յարձակին մեռելի տէրերուն վրայ եւ կը ստիպեն որ «լէշ»ը վերցնեն։ Այն ժամանակ ճարահատ, չեմ գիտեր ի՛նչ հնարքով, գիշերը, գաղտագողի, թերեւս պահակները կաշառելով, մեռելը կը թաղեն հայոց գերեզմանատան այն մասին մէջ, որ «հիւրանոց» անունը կը կրէ եւ ուր կը թաղեն ընդհանրապէս ճամբորդութեան մէջ եղող եւ «թաղ» չունեցող մեռելները, պանդուխտները եւ չմկրտուած երեխաները։ Այն ատեն դեռ Սկիւտարի հայոց գերեզմանատունը շրջապատող պարիսպ չունէր եւ «հիւրանոցը» կը տարածուէր դէպի ամայի տարածութիւններ։

Երբ Պատրիարքարանը կը լսէ որ բողոքականի մեռելը թաղուած է, կը հրամայէ հողէն հանել դիակը եւ վտարել հայ համայնքի սեփական գերեզմանատունէն։ Այդ դաժան հրամանը կը սթափեցնէ վերջապէս թաղեցիները, որ կը բաժնուին երկու մասի։ Անոնք, որ կողմնակից էին Պատրիարքարանի որոշումին եւ անոնք, Սկիւտարի էսնաֆները, որ անհանդուրժելի կը գտնեն այդ կարգի բարբարոս միջոցի մը կիրառումը։ Արթին ամուճան, որ եղեր էր «բրոտ»ներու հալածիչներէն, կը միանայ էսնաֆին եւ ըմբոստացած թաղեցիներու հետ կը դիմէ գերեզմանատուն, արգիլելու համար Պատրիարքարանի որոշումին գործադրութիւնը։ Պատրիարքարանի բարապանները իրենց համախոհ թաղեցիներու եւ կառավարական ոստիկաններու հետ երբ տեղ կը հասնին, կը տեսնեն որ դիրքերը գրաւուած են արդէն էսնաֆներու կողմէ, որ նախատելու համար կը կոչէին «այագ թախըմը»։

Բուռն կռիւ մը տեղի կ’ունենայ երկու հակամարտ կողմերուն միջեւ եւ Արթին ամուճան կռիւի միջոցին կը վիրաւորէ ոստիկան մը։ Այդ խնդրին հետեւանքով ան երեք տարի բանտը նստած էր։

Արթին ամուճա ոչ միայն նսեմացած չէր համարել ինքզինքը այդ բանտարկութեան պատճառով, այլեւ պարծանքով կը յիշատակէր այդ եղելութիւնը։ Ինքզինքը բաղդատելով ոեւէ քաղաքացիի հետ, ան արհամարհանքով կ’ըսէր.

Ես անոր պէս խամ մարդ չեմ, ես երեք տարի բանտը նստած եմ։

Այդ բանտը իրեն համալսարանն է։ Իր ըսելով այնտեղ սորված էր կեանքը եւ որոշած էր այդ կեանքին բարին ու չարը։ Ան երբեմն կը պատմէր արենապարտ դատապարտեալներու բանտային կեանքէն ապշեցուցիչ դրուագներ եւ առանց վարանելու կ’ըսէր ակնարկելով մարդասպանի մը.

–Հասանը ազնիւ եւ մեղմ մարդ էր…

Բնական է որ այն բարոյականը, որ բանտին մէջ որդեգրեր էր, համապատասխան չէր հասարակութեան ընթացիկ բարոյականին եւ Արթին ամուճան այդ պատճառով կ’արհամարհէր ընդունուած օրէնքները։

Երանիկ մօրաքոյրս միայն կ’ըմբռնէր ամուճային ներքին էութիւնը եւ միշտ պաշտպան կը կանգնէր անոր։ Մեծ մայրս կ’ատէր իր տագրը եւ կը դժկամէր նոյնիսկ երեսը տեսնել։ Երբ հիւանդութենէ եւ անտէրութենէ ընկճուած ան կու գար երբեմն մեր տունը մնալու, յուսահատութիւնը կը պատէր տնեցիները։ Արթին ամուճան առանց նախապէս զգուշացնելու, այնպէս ինչպէս մէկը իրիկունը իր տունը կը դառնայ, կարմիր թաշկինակին մէջ կէս օխա թուզ կամ եղանակին ոեւէ միրգը դրած, կու գար մեր դուռը կը զարնէր։ Երբ ներս կը մտնէր, կը նստէր բակի բազմոցին վրայ, կօշիկները կը հանէր, կարմիր թաշկինակով միրգը կ’երկնցնէր մօրաքոյրերէս մէկուն եւ գրեթէ անմիջապէս կը դառնար պահանջկոտ։

Մէկը ղրկեցէ՛ք, թազէ միս առէք, ամա խվըրճըխ ըլլայ, ես ղարաման չեմ կրնար ուտել, խաշլամա մը դրէք կրակին վրայ։

Մօրաքոյրերս կը մտադրէին ճամբու դնել ամուճան, ատ փորձանքը հեռացնել տունէն, բայց Երանիկ մօրաքոյրս պաշտպան կը կանգնէր անոր.

Իմ ամուճաս է, կ’ըսէր վճռականօրէն, դուք չէք ուզէր նէ ես իմ օտաս կ’առնեմ, ես կը նայիմ։

Բարեբախտաբար Արթին ամուճան ինքը կը ձանձրանար հանգիստ եւ ընտանեկան կեանքէն։ Քանի մը օր մնալէ ետք մեր տունը, որու միջոցին կը հրամայէր, կը պահանջէր, կը սպառնար, վերջապէս ամենուն հետ կը կռուէր, նոյնիսկ մայրիկիս հետ, եւ ցուցարար կերպով դուրս կ’ելլէր տունէն, առանց մնաս բարով մը ըսելու։

Երանիկ մօրաքոյրս կը պատմէր որ Արթին ամուճան ժամանակին շատ դրամ վաստակած է. բայց մսխած է։ Ան ունեցած է նոյնիսկ այգիներ Քիւչիւկ Չամլըճային ետեւը եւ միջոց մը քաշուած է իր այգիներուն մէջ եւ հողը մշակած է, միեւնոյն ատեն մինակը պաշտպանելով իր ստացուածքը թափառականներու եւ ամէն տեսակ աւազակներու դէմ, որ այն ժամանակները պատուհաս դարձած էին այդ շրջանի անպաշտպան թրքական գիւղերուն։

Օր մըն ալ Արթին ամուճան ծախեր էր այգիները եւ դրամը կերեր էր «գէշ» կիներու հետ։ Այդ «գէշ» կիներէն մէկը, որ մահալլէպի Բուբուլ կը կոչէին, հաւատարիմ մնացած էր իրեն։ Արթին ամուճան իր ծերութեան օրերուն, երբ այլեւս բան մը չունէր եւ ի փոխարէն ունէր միզային գործարանի ծանր հիւանդութիւն մը, որ մշտատեւ խնամք կը պահանջէր, ապաստան գտած էր մահալլէպի Բուբուլին տունը, որ մինչեւ ամուճային մահը խնամած է հաւատարմութեամբ եւ անձնազոհութեամբ, անշշուկ կրելով անոր բռնաւոր քմահաճոյքները։

Իմ մանկութեան տարիներուն անիկա դեռ իր ուժին եւ զօրութեանը տէր մարդ էր։ Կը յիշեմ զինքը իր թուխ եւ արեւահար կնճռոտ դէմքով, կայծկլտող աչքերով, թաւ յօնքերով եւ պեխերով։ Ան երբեք չէ ուզած հագնիլ եւրոպական հագուստ ըսելով թէ ինքը մարդ է, մայմուն չէ։ Կը կրէր բաց գոյն ասուիէ շալուար, սրունքներուն վրայ սեղմուած, կռնակին՝ ձմեռը մուշտակէ կարճ վերարկու, ներքեւէն Պրուսայի մետաքսէ շապիկ, լայն թեզանիքներով, մէջքին կարմիր լայն գօտի, դաշոյնը խոթած մէկ կողմէն, գօտիի ծալքերուն մէջ։ Գլխու ֆէսին շուրջ կապած ունէր կարմիր եազմա, ինչ որ անատոլցի իսլամներու սովորոյթն էր եւ որով կը ջոկուէին քրիստոնեաներէն։ Չափազանց հոգածու մաքրութեան, ան երբ կու գար մեր տունը եւ բակը բազմոցին վրայ կը նստէր, անմիջապէս կը հրամայէր.

Ինծի ճուր մը տուէք, ամա պարտախը մաքուր ըլլայ, հա՜…

Մեր տնեցիները, որ բծախնդիր հոգածութիւն ունէին ջուրի ընդունարաններու եւ բաժակներու մաքրութեան, սաստիկ կը զայրանային Արթին ամուճայի այս պատուէրէն։

Բայց անոր հոգը չէր կանանց զայրոյթը, որ իրենց համար կշիռք չունեցող արարածներ էին։

Կը սիրէր հրամայել ոչ միայն տան մէջ, այլեւ դուրսը։ Փողոցը քալած ատեն, երբ առիթ չունենար ոեւէ վէճի միջամտելու, շուները կը հալածէր կամ դիտողութիւն կ’ընէր սարսափահար կիներու իրենց դրան առաջ ինկած միրգի կճեպներու կամ ոեւէ ուրիշ բանի համար։ Եւ ո՞վ կը համարձակէր դիմադրել իրեն։ Կիները կը հնազանդէին անշշուկ, իսկ տղամարդիկ կը քաշուէին տան ներքնամասերը, իրեն հետ վէճի չբռնուելու համար։

Արթին ամուճան, հակառակ տնեցիներուն ներշնչած տհաճութեան, ինձ տեսակ մը հիացում կը պատճառէր։ Ութ տարեկան էի արդէն, դարձեր էի անզուսպ երեխայ, երբ օր մը վէճի բռնուեցաւ ինձ հետ։

Սկսեր էի սորվիլ Լաֆոնթենի առակներէն «Ճպուռը եւ մրջիւնը»։ Ամբողջ օրը սանդուխներէն վեր վար վազելով անձրեւոտ օրեր էին եւ կարծեմ լոտոս էր կ’արտասանէի բարձրաձայն։ Արթին ամուճան, բազմոցին անկիւնը նստած, չիբուխը ձեռքը, միւս ձեռքով հաստ գաւազանին կոթը փայփայելով, կը գոռար.

Հերի՜ք է, պէ՜… Ճպուռը մրջի՜ւնը, ճպուռը մրջի՜ւնը… Եւ սարսափելի ու թրքաբարբառ հայհոյութիւն մը կ’ընկերանար այս խօսքերուն։

Ես պահ մը կը լռէի, յետոյ կրկին կը վերսկսէի։

Արթին ամուճան տեղէն ելլելու եւ գաւազանով վրաս յարձակելու շարժում մը կ’ընէր, բայց պէտք է ենթադրել որ չէր համարձակեր գործադրութեան դնել իր սպառնալիքը։ Ան կը դիմէր հրամայաբար մօրս եւ մօրաքոյրերուս՝ ըսելով.

Սուս ընել տուէք լակոտը, ա՞ս է ձեր ըրած թերպիէն… ծօ ի՞նչ խազէպ պիտի ըլլայ վաղը մէկալ օր, ամա Աստուած ըրածը գիտէ, բանով մը կը զսպէ… աս խազէպն ալ զսպողը ան պիտի ըլլայ, որ աղջիկ ծներ է… եւ դարձեալ բուռն հայհոյութիւն։

Իրիկունը՝ հայրս մինչ իր սովորական անդորրութեամբ թէյը կը պատրաստէր եւ ես իր մօտերը կը դեգերէի, ինձ պատուիրեց արտասանել ինչ որ սորված էի «Ճպուռը եւ մրջիւնը» առակէն։ Ես ծայրէ ծայր արտասանեցի, չարաճճի գոհունակութեամբ եւ շեշտելով առակին իմաստը։

Յանկարծ Արթին ամուճան իր կէս թմրած վիճակէն դուրս ելաւ, գլուխը ցցեց, ուշադրութեամբ լսեց եւ կատղեցաւ։ Անիկա այդ առակին մէջ անձնական ակնարկութիւն գտեր էր, ինչպէս յետոյ գանգատեր էր մօրեղբայրներուս, եւ ամբողջ օրուան կուտակուած զայրոյթը պոռթկալով ոտքի ելաւ, դուրս նետուեցաւ սենեակէն եւ սկսաւ լուտանքներ թափել եւ անլուր հայհոյութիւններ ընել այդ առակը գրողին, սորվեցնողին եւ սորվողին հասցէին։

Քիչ յետոյ տանը դուռը փակուեցաւ ահագին դղրդոցով, պատուհանները զնգացին եւ մօրաքոյրերս պիտի սկսէին իրենց դառն կարծիքը յայտնել, երբ հայրս ձեռքով նշան ըրաւ որ լռեն։

Եւ ան կը ժպտէր ներողամտութեամբ։



[1] Բնաւորութեան տէր։

[2] Շատ փոքր հիւղակ։

[3] Նախատական անուն, զոր լուսաւորչականները կու տային բողոքականներուն։