Սիլիհտարի պարտէզները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մեր տան կիները, բացի Երանիկ մօրաքոյրէս, արհամարհական որակումներով կը խօսէին կամ կ’ակնարէին այն փողոցներու մասին, որոնց ամբողջութիւնը կը կոչէին վարի թաղերը։ Այդ փողոցներու բնակիչները, ըստ մեր տնեցիներու հեղինակաւոր կարծիքին, գռեհիկ էին. կիները՝ ջլդիկ, տղամարդիկ՝ այագ թախըմի [1] ։

Մախառնաճիին տունը փոխադրուելէ յետոյ այդ թաղերու գռեհկութիւնը կարծես աւելի խտացաւ մեր տնեցիներուն համար եւ երբ մօրաքոյրերս դուրս կ’ելլէին այցելութիւն մը ընելու կամ բաղնիք երթալու համար, հակառակ որ մեր յաճախած բաղնիքը, Չինիլի Ճամիի համամը, կը գտնուէր Ենի Մահալլէի վերջաւորութեան, մեծ շրջաններ կ’ընէինք, որպէսզի չանցնէինք այդ վարի թաղերէն։

Բայց ես ամենափոքր հասակէս քանիցս անցեր էի այդ թաղերէն Երանիկ մօրաքրոջս հետ եւ յաճախ այցելութեան գացեր էի այդ փողոցներուն մէջ գտնուող տուներ։

Երանիկ մօրաքոյրս թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ ներքին էութիւնով բոլորովին տարբեր էր իր քոյրերէն։ Ան թուխ էր եւ կարճահասակ։ Ունէր շատ սեւ մազեր եւ մանր, սեւ աչքեր։ Ծաղիկը չեչոտ դարձուցեր էր Երանիկ մօրաքոյրս եւ ան հաստատ կարծիք գոյացուցեր էր որ ինքը տգեղ է։ Իրականութիւնը սակայն այն էր որ մեր տնեցիներէն ոչ մէկը այնքան սիրուած եւ փնտռուած չէր հեռու եւ մօտ ազգականներէ, դրացիներէ, ամբողջ թաղեցիէն, որքան Երանիկ մօրաքոյրս։

Երբ անիկա իմ ձեռքէս բռնած կ’իջնէր մեր փողոցին վարի մասերէն, նեղ փողոցներու երկու կողմերէն, պատուհաններէն եւ դրան սեմերու վրայէն՝ մեծ ու պզտիկ պաղատագին մեզ կը հրաւիրէին ներս մտնել, խահուէ մը խմել, «երկու խօսք ընել»։ Մենք երկուքով դանդաղօրէն կը յառաջանայինք եւ Երանիկ մօրաքոյրս, մերժելով հանդերձ հրաւէրները, կը խօսէր մէկին եւ միւսին հետ։ Այդ կիները կ’ոգեւորուէին լսելով մօրաքրոջս խօսքերը եւ երբեմն լիաթոք կը խնդային։ Չեմ գիտեր ի՛նչ կ’ըսէր կամ ի՛նչպէս կ’ըսէր, բայց կը զգայի որ մօրաքոյրս ամենուն հոգերը կը ցրուէր, իր խօսքերը առաջ կը բերէին ժպիտ եւ ծիծաղ, մինչ ինքը կը մնար անայլայլ։ Եւ ես կը սիրէի որ մեր անցքին այսպէս ուրախութիւն, հաճոյք եւ ծիծաղ կը սերմանէինք մեր ճամբուն վրայ։

Մեծ մայրս եւ մօրաքոյրերս տհաճութեամբ կ’անդրադառնային Երանիկ մօրաքրոջս «յարաբերութիւններուն» եւ կը քննադատէին իր ճաշակը, որ գռեհիկ կը համարէին։

Տանը մէջ ան գրեթէ չէր մասնակցեր ընդհանուր կեանքին։ Ունէր իր առանձին սենեակը, ուր թեզկեահի վրայ եազմա կը բանէր։ Ան չէր սիրեր որ յանկարծակի խանգարէինք իր առանձնութիւնը։ Միւս կողմէ, երբ մեր տունը հիւր մը ըլլար, ինքը չէր երեւար, քոյրերուն չէր ընկերանար, երբ այցելութիւն մը ընէին։ Կարծես թէ ան կ’ուզէր բաժնուիլ տնեցիներէն, ունենալ իր յատուկ որջը, ուր կը պահէր իր ինքնութիւնը եւ նաեւ իր անձնական ինչքերը։

Այդ ինչքերը հազար ու մէկ գիշերներու սքանչելիքներ էին մեզ, երեխաներուս համար։ Պզտիկ քոյրս սկսած էր մեծնալ։ Անիկա առողջ, կայտառ եւ հանդարտ երեխայ էր։ Մեզ երկուքս կը կոչէին ոչ թէ մեր անունով, այլ կ’ըսէին մեծը, պզտիկը։ Պզտիկը ուրեմն կատարելութիւն մըն էր, ուրուր չէր մեծին պէս։ Ան կը վայելէր ընդհանուրին համարումը եւ Երանիկ մօրաքրոջս մասնաւոր հոգացութիւնը։ Ան յաճախ պզտիկը կը տանէր իր սենեակը, կը բանար իր գանձերը անոր առաջ եւ ժամերով պզտիկը հանդարտ կը խաղար։ Ինձ համար այդ դրախտին դռները հազուադէպ կերպով կը բացուէին, բայց երբ բացուէին, ուրախութիւնս այնքան մեծ կ’ըլլար որ երբեմն տենդ կ’ունենայի։

Երանիկ մօրաքոյրս կը սիրէր բուրումները եւ դարանին մէջ ունէր ամէն տեսակ անուշահոտութիւններ։ Իմ պաղատագին խնդրանքիս վրայ ան կը բանար դարանը եւ ես վերացած կը դիտէի այդ զանազան ձեւի սրուակները եւ անոնց գոյնզգոյն բովանդակութիւնը։ Այդ փակ սրուակներէն դուրս կը սպրդէր խառն բուրումներու տարտամ հոտ մը, որ հոգիս կը պարուրէր գերագոյն զգայութիւններով։ Բուրումները կը վերացուէին տեսիլքներու եւ անորոշ երաժշտութեան մը։ Կը տեսնէի եւ կը լսէի բաներ, որոնք ոեւէ կապ չունէին անմիջական իրականութեան հետ եւ յետոյ, երբ այդ տպաւորութիւնները իմ մէջս կը վերածուէին պատմութիւններու, որ ինքզինքիս կը պատմէի, ինձ համար կը դառնային աւելի իրական, քան ինձ շրջապատող իրականութիւնը։

Բայց Երանիկ մօրաքոյրս դեռ ուրիշ հրաշալիք մը ունէր իր սենեակին մէջ։ Այդ՝ իր սնտուկն էր։ Այնտեղ պահած էր իր մանկութեան տարիներէն ձեռքը անցած իրերը։ Այնտեղ կային հին եւ մաշած հնդկական շալերու բեկորներ, պարսկական մետաքսեղէններ, ոսկեթելով բանուած Պրուսայի շղարշներ, վառ եւ շլացուցիչ գոյներով կերպասի կտորներ, նմուշներու ծրարներ, փղոսկրէ եւ արծաթաթելէ շինուած պզտիկ առարկաներ, բաժակներ, սկահակներ, մետաքս գոյնզգոյն թելեր, սաթէ մանեակ մը եւ դեռ անհամար ուրիշ բաներ։

Այդ իրեղէններուն եւ մօրաքրոջս պատմութիւններուն մէջ սերտ աղերսներ կային։ Ան միակ անձն էր տանը մէջ որ կը խօսէր իր մեծ մօրը, Շիրին օղլու Յակոբին մօրը մասին։ Անոր տունը լիքն էր այն բոլորով, որ կարաւանի առաջնորդները, իրենց երկար ճամբորդութիւններու ընթացքին, առեր ու բերեր էին տուն։ Երանիկ մօրաքոյրս կը պատմէր որ իր մանկութեան նեղ օրերուն, զառամած հանիին ձեռքէն մէկիկ-մէկիկ խլած էին թանկագին շալերը եւ կերպասները ու ծախեր էին։ Ամէն ինչ ցրուեր, «ուրին ջուրին» գացեր էր։

Բան չմնաց, կ’ըսէր ան ցաւելով, մինակ աս մնաց, կը հառաչէր ցոյց տալով սնտուկին մէջ հաւաքած բեկորները։

Արդարեւ, մեծ հայրերուս անհետացած ուժեղ սերունդէն մնացեր էին պատմութիւններ, իրենց կարգին անցնելու վրայ եղող կիներու եւ այլասերած տղամարդոց բերանը եւ Երանիկ մօրաքրոջս սնտուկին մէջ՝ նախկին շքեղ շալերու, գեղեցիկ կարպետներու, թանկագին բեհեզներու փեռեկտուած եւ ցեցերէ ծակոտկէն աննշան բեկորներ։

 

* * *

Իր սենեակին մէջ, երբ «էշրէֆ սահաթն» [2] էր, անիկա կը բանէր եւ միեւնոյն ատեն կ’երգէր կամ կը պատմէր։ Այդ սենեակին մէջ է որ գտած եմ լուսաբանութիւնը ընտանեկան կարգ մը անցեալ եւ ներկայ դէպքերու։ Եւ անտարակոյս Երանիկ մօրաքոյրս մետտահի [3] տաղանդ ունէր, ինչպէս իր մեծ հօրեղբայրը, Ֆերհատը, բայց իր ժամանակի իրականութեան մէջ այլեւս մետտահի տեղ չկար։ Ան նուազ ոգեւորութեամբ կը խօսէր իր մեծ հօր՝ Շիրինի՝ աշուղի տաղանդի մասին, քան Ֆերհատի պատմելու հրաշագործ յատկութիւններու վրայ։

Քերուանները կ’երթային եւ ներսերը կը տանէին պազիրկեաններ, կառավարութեան մարդիկ, սնտուկներով զէնկինութիւն... [4] ։ Կ’երթային Քիւչիւկ Չամլըճային ետեւէն, կ’երթային, կ’երթային օրերով, ամիսներով... վեր երկինք՝ վարը քերուանպաշին...

Ու կը պատմէր թէ ի՛նչպէս Ֆերհատ, կարաւանի պետը, իր ճամբորդները կը կառավարէր հաստատակամութեամբ եւ արդարութեամբ։ Եթէ պատահէր որ կարաւանին ընկերացող թուրք աստիճանաւոր մը պահանջէր բացառիկ վերաբերմունք, Ֆերհատ կը մերժէր ու կը կատղէր, եթէ պնդէին։ Ոչ սպառնալիքը, ոչ խոստումները չէին զօրեր իր վրայ։ Բայց Ֆերհատ իր կարաւանի առաջնորդի յատկութիւնները երեւան կը բերէր, երբ ոեւէ վտանգ սպառնար կարաւանին։ Ան աղուէսի պէս խորամանկ էր, երբ պէտք ըլլար, եւ աւելի կ’ընտրէր ճամբու աւազակներու պետերուն հետ համաձայնութեան գալ, քան թէ վտանգի ենթարկել ճամբորդներու կեանքը եւ ինչքը։

Երբեմն ալ ձիւնը կը գոցէր ճամբաները, հարկ կ’ըլլար օրերով կանգ առնել եւ սպասել։ Կարաւանի ուտեստի եւ ջուրի պաշարը կը սպառէր պէտք էր համբերել։ Ֆեհրատ իր շուրջը կը հաւաքէր ճամբորդները եւ կը պատմէր։ Երանիկ մօրաքոյրս կ’ըսէր որ Ֆերհատ այնպիսի կատարելութեամբ այդ անօթի մնացած մարդոց կը նկարագրէր խնջոյքներ, կերուխում, տեսակ-տեսակ խորտիկներ, որ լսողները ոչ թէ աւելի կը զգային իրենց քաղցածութիւնը, այլ կը յագենային եւ թմրած կը մնային։ Իսկ երբ վտանգ մը սպառնար, Ֆերհատ այնպիսի շնորհով եւ ուժով կը պատմէր առասպելական քաջութիւններու մասին որ ճամբորդներէն ոմանք կը ցանկային որ յարձակում ըլլար, ոեւէ դէպք պատահէր, որպէսզի իրենք այլ ցոյց տային իրենց քաջութիւնը, դառնային մետտահի արժանի զահրիման [5] ։

Երանիկ մօրաքոյրս այս բաները պատմած ատեն կը ժպտէր արցունքոտ աչքերով եւ երբեմն կ’արտասուէր ժպտելով։ Յուզմունքը եւ ոգեւորութիւնը կ’այլափոխէին իր ծաղկաւեր թուխ դէմքը, եւ իր աչքերը կը վառէին հրայրքով եւ յաճախ հեգնութիւնով։

 

* * *

Երանիկ մօրաքոյրս արագութեամբ կ’անցնէր բուռն աշխուժութենէ ափրիկեցիի մեղկութեան։ Երբեմն ան կը մնար ժամերով անշարժ եւ յամր, ընկղմած ծուլութեան մէջ։ Նոյնիսկ երբ միւս տնեցիներուն հետ ըլլար, խօսակցութեան չէր մասնակցեր եւ այնպէս կը ձեւացնէր որ մրափելու վրայ է։ Երբեմն կը պատահէր որ հետեւեալ օրը պատասխանէր իրեն եղած հարցումի մը, ըսելով որ ան միջոցին «իւշէնմիշ [6] եղաւ խօսելու»։ Նոյնիսկ իրիկնադէմին, քաֆէի ժամուն, յուսահատական դանդաղութեամբ կը վերցնէր բաժակը եւ նոյնքան դանդաղութեամբ կը տանէր շրթունքին։ Այդ ծուլութեան ժամերուն անոր մարմինը այնքան կատարելապէս կ’անշարժանար որ ծալած սրունքները կը թմրէին եւ իր քնած նայուածքը կը պտըտցնէր ամենուն վրայ, ինչպէս եթէ երազէ մը արթննար ու իր շրջապատը չճանչնար։

Բայց երբ իր թմրած միտքը կ’արթննար յանկարծական կայծկլտումներով, այն ատեն ոչ միայն կը դառնար սրամիտ եւ պատրաստաբան, այլեւ հակում կ’ունենար դուրս գալու իր առանձնութենէն, հաղորդակցութեան մտնելու արտաքին աշխարհին հետ, խառնուելու ամբոխին, հասարակ ժողովուրդին եւ այդ ընելու համար ան կը դիմէր ամէն կարգի միջոցներու։

Տանը մէջ կար ջրամբար մը, երկու հոր եւ ջուրը առատութեամբ կը գործածուէր, բայց Երանիկ մօրաքոյրս յանկարծ գաղտագողի կ’առնէր դոյլ մը եւ սափոր մը եւ պարտէզին դռնէն կ’երթար փողոց, հասարակաց աղբիւրէ մը ջուր բերելու։ Ան կը սիրէր բաց օդը, փողոցը, հաղորդակցութիւնը դրացիներուն, նոյնիսկ անծանօթներու հետ։ Այդպիսի տրամադրութեան մէջ եղած ժամանակ էր նաեւ որ վարի թաղերը կ’երթար, կը դեգերէր փողոցները կամ ուղղակի կ’երթար տուն մը այցելութեան։

 

* * *

Երբ տունը հիւանդ ըլլար կամ ոեւէ տիրապետող հոգ մը անուշադիր դարձնէր տնեցիները, Երանիկ մօրաքոյրս ձեռքէս կը բռնէր եւ հետը դուրս կը հանէր։ Ան կը ծածկէր ինձմէ մեր պտոյտին նպատակակէտը։ Մտքովս ենթադրութիւններ կ’ընէի եւ ամէն անգամ որ փողոց մը կը դառնայինք, իմ ենթադրութիւններս կա՛մ կը հաստատուէին, կա՛մ կը խախտէին։ Իմ մանկական յիշողութիւններուս մէջ, Երանիկ մօրաքրոջս հետ կատարած մեր այցելութիւնները եւ մեր անցքերը վարի թաղերէն՝ մնացած են որպէս ֆէէրիկական յուշեր։ Անակնկալը, զուարճալին, արտառոցը կը դառնային սովորական։ Կը հիանայի այն բանին վրայ որ ոչ միայն ամէնքը կը ճանչնային Երանիկ մօրաքոյրս, այլեւ մտերիմ էին իրեն հետ ու կը սիրէին զինքը։ Ամէնքը հաղորդակից կ’ընէին մօրաքոյրս իրենց հոգերուն եւ խոնարհ ուրախութիւններուն։ Չքաւորութեան մէջ տուայտող այդ ընտանիքները ունէին իրենց բոլորովին տարբեր կեանքը, որ անծանօթ էր վերի թաղերը բնակողներուն։

Մեր յաճախած տուներէն գլխաւորաբար կը յիշեմ ձկնավաճառ Նիկոթին եւ Կարիանէ հանըմին տուները։

Նիկոթ արդէն ծերացած մարդ էր, բայց երբեմն կ’երթար ձուկ որսալու եւ կը ծախէր փողոցները կամ Ենի Մահալլէի շուկան։ Բայց աւելի յաճախ կը գնէր ուրիշ ձկնորսներէ եւ պզտիկ շահով մը կը ծախէր յաճախորդներուն։ Անիկա ալեխառն մազերով մարդ մըն էր որ ժամանակին եղեր էր նաւավար։ Մազերը բուսած էին գրեթէ մինչեւ յօնքերը եւ ծոծրակին վրայ կը կորսուէին շապիկին օձիքին մէջ։ Դէպի դուրս ցցուած խիտ եւ մացառուտ յօնքերուն տակէն անոր գորշ աչքերը վարէն վեր կը նայէին այնպէս, ինչպէս եթէ նայուածքը աւելի հեռուն երթար, քան իր նպատակակէտը։ Անիկա տարօրինակ խօսուածք մը ունէր, որ սկիզբները բնաւ չէին հասկնար, բայց քիչ մը հեռուէն կարծես իր խօսքերը թիերու հարուածներ էին նաւակի մը կողմերուն կամ ճողփիւններ՝ ջուրի մէջ։ Ան անզգալաբար տոգորուեր էր նաւավարութեան րիթմով եւ երբ պատմութիւն կը պատմէր իր երիտասարդական տարիներէն, իր խօսքը կը դառնար պատկերաւոր, գրեթէ շօշափելի։

Անիկա մերաք [7] մը ունեցած էր կեանքին մէջ, հեյալ կը խաղցնէր։ Իր պառաւ կնոջ ըսելով այդ հեյալն էր որ մոխիրի վրայ նստեցուցեր էր ամբողջ ընտանիքը։ Անոնց զաւակները իրար ետեւէ մեռեր էին փոքր հասակէն։ Իրենց պապենական տունը, չորս սենեակով, այրեր էր Վանքին պաղի հրդեհին։ Այս բոլոր դժբախտութիւնները չէին զօրեր Նիկոթը ետ կեցնել իր մենամոլութենէն։ Տունը այրելէն ետքը ան իր ձեռքով փայտաշէն պարանկա մը շիներ էր եւ առաջին գործը եղեր էր սաւան մը կախել միակ սենեակին մէջ եւ հեյալ խաղալ։ Նիկոթ իր կարասիներու կորուստէն աւելի ցաւեր էր իր շինած փայտէ խամաճիկներու կորուստին, բայց չէր յուսահատեր, բան գործ թողած, իր տնակի սեմին վրայ, իր թանձր մատներով, զմելիի մը օգնութեամբ սկսեր էր կրկին շինել իր դերակատարները, որոնց գլուխը եւ անդամները մեծ ճկունութեամբ շարժման մէջ կը մտնէին առասաններու ճարպիկ խաղով մը։

Ձմեռուան երկար գիշերներուն ան կը հրաւիրէր քէօշէին ձկնավաճառները եւ սաւանին վրայ կը ցուցադրէր իր հնարած խաղերը։ Անգամ մը յաջողեր էր հրաւիրել Սամաթիայէն հռչակաւոր հեյալճի Աթովթոսը եւ անոր խաղէն յետոյ, որ սովորական գարակէօզն էր Աթովթոսի ինքնայատուկ տարբերակներով, Նիկոթ ներկայացուցեր էր իր խաղերը։

Երբ Նիկոթի պառաւ կինը կը հասնէր իր պատմութեան այս կէտին, Նիկոթ իր մացառուտ յօնքերուն տակէն նայուածքը երկարելով Երանիկ մօրաքրոջս, կ’ըսէր.

Աթովթոսը ճակատս պագաւ...

Դիտեր էի որ Երանիկ մօրաքոյրս առերես համաձայն գտնուելով պառաւին գանգատներուն, մեծ հետաքրքրութեամբ կը լսէր Նիկոթին նկարագրութիւնները իր նոր հնարած խաղերուն մասին։ Ան հարցումներով կը ճշդէր կէտեր եւ երբեմն ալ թելադրութիւններ կ՚ընէր որ կը գնահատուէին Նիկոթի կողմէ։

Քա Երանիկ հանըմ, իրիկուն մը չգա՞ս հեյալ խաղցունեմ... ։ Չոճուխն ալ հետդ բեր։

Բայց այդ անկարելի բան մըն էր։ Նոյնիսկ մօրաքոյրս մինակը չէր կրնար ելլել տունէն գիշերով, ո՞ւր մնաց ինձ հետ։ Բայց ձմեռուան իրիկուն մը, մայրամուտէն յետոյ, հապճեպով տեսանք Նիկոթի խաղը։ Սենեակին մէկ կողմը պիրկ կախուած եւ չորս ծայրերէն բռնուած սաւանին ետեւէն Նիկոթ խաղցնել տուաւ իր խամաճիկները։ Իւրաքանչիւր դերակատարին խօսքերը ինք կ’ըսէր տարբեր ձայներով. նոյնիսկ կին մը կար այդ դերակատարներուն մէջ։ Յետոյ էշ մը զռաց, աքաղաղներ պոռացին ու կռիւ մը յառաջ եկաւ շուկայի մը մէջ։ Ինձ կը թուէր որ մարդոց բազմութիւն մը կար սաւանին ետեւ եւ երկար ատեն չկրցայ հաւատալ որ մինակ ձկնավաճառ Նիկոթն էր որ այդ բազմամարդ խաղը կը խաղար։

Նիկոթ իր նիւթը կ’ընտրէր պարզ եւ խաղի միջոցին է որ իր ներշնչման համեմատ կը բարդացնէր, կը ճիւղաւորէր եւ բանաւոր վախճանի մը կը հասցնէր։ Երանիկ մօրաքոյրս ստիպուած կ’ըլլար իմ անհամար հարցումներուս պատասխանելու եւ այդ հեյալի խաղէն վերադարձիս է որ ինձ ըսաւ՝ թէ Նիկոթը ըսուած խօսքերը «ույտուրմիշ» [8] կ’ընէ, առաջուընէ բան մը չի պատրաստեր։

Այդ հեյալի խաղը խոր տպաւորութիւն գործեց իմ վրաս։ Ես ալ իմ կարգիս պատրաստեցի անհամար քուրջէ պուպրիկներ, որոնց իւրաքանչիւրին դեր մը կու տայի։ Բայց ես իմ պատմութիւններս կը պատրաստէի առաջուց եւ մտքովս բոլոր հաւանական խօսակցութիւնները իրենց վերջնական ձեւին կը հասցնէի։ Մնաց որ իմ պատմութիւններուս տուեալները կը վերցնէի իրական կեանքէ, միայն եզրակացութիւնները կը յարմարցնէի իմ փափաքիս համեմատ։

Կարիանէ հանըմին տունը բոլորովին ուրիշ բան էր։ Ան այրի մնացեր էր երիտասարդ տարիքի մէջ եւ եազմա բանելով կը մեծցնէր երկու մանչ զաւակներ, որոնց մէկը ինձ տարեկից էր։ Ան ունէր նաեւ իր հայրը եւ մեծ հայրը, որուն համար կ’ըսէին թէ հարիւրի մօտ է։ Հայրը նոյնպէս եազմա կը բանէր եւ երբեմն գանգատելով կ’ըսէր.

Է՜յ, Երանիկ հանըմ, հէ՜յ կիտի ժամանակներ, ո՞վ կ’ըսէր որ ասանկ պիտի ըլլայինք, տունը նստեցանք, կնիկ ապլա դարձանք։

Անիկա ժամանակին եղեր էր եազմաճիի խալֆա, «ուժը, լուսը տեղը մարդ», բայց յօդացաւի հետեւանքով հարկադրուեր էր գործէ քաշուիլ, տունը նստիլ։

Կարիանէ հանըմ, հակառակ իր վրայ ծանրացող բեռին եւ հակառակ մնայուն չքաւորութեան, ուրախ զուարթ կին էր։ Երբ շատ մեծ եռանդով կը խնդար Երանիկ մօրաքրոջս ըսած մէկ խօսքին, յանկարծ կը սթափէր, կը լրջանար եւ խոր հառաչելով կ’ըսէր.

Ինչի՞ս կը խնդամ կոր աճապ... քա մի՛ մեղադրէք ինծի, Երանիկ հանըմ, սիրտս շէն է, գրողը տանի, Ֆուխարէ [9] ենք ամա, սիրտս հարուստ է։

Երբ մօրաքրոջս ձեռքէն բռնած կ’իջնէինք մեր փողոցը, իմ բուռն ցանկութիւնս ան էր որ երթայինք Կարիանէ հանըմին տունը։ Կ’անցնէինք Ենի Մահալլէի աղքատիկ փողոցներէն, կը բարձրանայինք Պաղլար Պաշըի պողոտան, կը շեղէինք դէպի Վանքի պաղը եւ կ’երթայինք զարնելու միյարկանի փայտաշէն տան մը ճախջախը։

Երբեմն, դեռ տանը չմօտեցած, տնեցիները կը տեսնէին մեզ, ուրախութեամբ կը խուժէին մեր վրայ եւ գրեթէ ձեռքի վրայ մօրաքոյրս կը տանէին կը նստեցնէին բազմոցին անկիւնը, եւ անմիջապէս կը սկսէր այն գունագեղ շատախօսութիւններէն մէկը, որուն նմանը չէի լսեր ոչ մեր տան մէջ եւ ոչ ալ մեր սովորական ծանօթներուն մօտ եւ որ մեծ հրապոյր ունէր ինձ համար։ Ըլլար այդ տունը Ենի Մահալլէ, թէ Չինիլի ճամիի հեռաւոր թաղին մէջ, Վանքին պաղ, կամ Տաղ համամի, միշտ չքաւոր մարդոց տուն էր, լիքը կիներով, երեխաներով, որոնց կու գային կը միանային դրացիներ, վայելելու համար Երանիկ մօրաքրոջս ներկայութիւնը։

Այդ տուներուն մէջ մօտէն ճանչցած եմ չքաւորութեան քստմնելի երեւոյթները, այդ տուներուն մէջ լսած եմ ինքնաբուխ ըմբոստութեան խօսքեր, բնորոշում եազմայի գործատէրերու, որոնք չարաչար կը շահագործէին բանուորները, բայց մանաւանդ բանուորուհիները, լսած եմ թէ ի՛նչպէս պակաս ոսկի կը քշէին, հաշիւներու վրայ խարդախութիւն կ’ընէին, գին կը կոտրէին եւ նեղ օրի երեսնին չէին նայեր։ Լսած եւ տեսած եմ նաեւ իրարու օգնելու, հիւանդութեան եւ այլ պարագաներու իրարու հանդէպ անձնուիրութեան դէպքեր, ապշեցուցիչ անձնազոհութիւններ։ Տեսած եմ թէ ի՛նչպէս արցունքը եւ ծիծաղը միեւնոյն ատեն կ’երեւային այդ խոնարհ մարդոց դէմքերուն վրայ եւ թէ ի՛նչպէս համով-հոտով կը խօսէին եւ հիւմուրով կը պատմէին իրենց գլխուն եկած բաները։

Այդ տուներուն մէջ Երանիկ մօրաքոյրս կ’այլափոխուէր, կարծես կը բազմապատկուէր եւ իր սրամտութիւններով, տեղին ակնարկներով, իր սուր եւ ճիշդ դատողութիւնովը կը զբօսցնէր եւ կ’ամոքէր այդ մարդիկը։ Երբեմն կը պատահէր որ մեզ ճաշի վար դնէին։ Այդ կը պատահէր միշտ, երբ Կարիանէ հանըմին կ’երթայինք։

Տնեցիներէն մէկը յանկարծ կ’ըսէր, երբ մօրաքոյրս շարժում կ’ընէր ոտքի ելլելու.

Քուզում Երանիկ հանըմ, մնացի՛ր, միասին պատառ մը բան կ’ուտենք, ետքը կ’երթաս։

Երանիկ մօրաքոյրս կը մերժէր. ինձ պատրուակ կը բռնէր։

Հարը չ’ուզեր քի ուշ պառկի...

Ուրիշ առարկութիւններ կ’ընէր։

Կարիանէ հանըմ կը պնդէր, տանը ծերունիները եւ երեխաները կը պնդէին, դուռ դրացի կը միջամտէին։ Ես սրտատրոփ կը սպասէի բանակցութիւններու ելքին եւ երբ կ’որոշուէր որ ճաշի պէտք է մնային, այն ատեն երջանկութիւնս չափ չէր ունենար։

Շտապով ճաշը կը պատրաստէին սենեակին մէջ դրուած սաճէ վառարանին վրայ, եթէ արդէն պատրաստ կերակուր չկար։ Ես որ ընդհանրապէս դժուարապէս դժուարահաճ էի ուտելիքի, ախորժակս սրած կը սպասէի որ սեղանը դնեն։ Երբեք ոչ մէկ տեղ այնքան հաճոյքով չեմ կերած, որքան այդ տուներուն մէջ։ Երբեմն այնքան անյագ ախորժակով կ’ուտէի որ նոյնիսկ մօրաքոյրս կը զարմանար եւ կը սրդողէր, որովհետեւ իմ մասիս այն համբաւը հռչակած էր որ «թեմիզ պողազ չոճուխ եմ» [10] ։

Վերջապէս կը հասնէր ճաշի ժամը։ Կարկտած սինի պեզին [11] կը փռէին թեզկեհին մը վրայ եւ մենք շուրջը կը նստէինք ծալապատիկ, գետինը դրուած մինտէրներու [12] վրայ։ Մէկ տեսակ կերակուր կ’ըլլար։ Խաշած լուբիա, փիլաւ կամ խաւիծ, որ մեծ պնակի մը մէջ կը դնէին սեղանին մէջտեղը։ Ամենուն առաջ թէեւ կը դնէին փոքրիկ պնակներ եւ պատառաքաղներ, բայց ամէն մէկը իր պատառաքաղով մէջտեղն ափսէէն կ’առնէր եւ կ’ուտէր։ Սեղանին վրայ կ’ըլլար նաեւ թթու եւ ձիթապտուղ։ Պանիրը այդ տուներուն համար թանգ ապրանք էր, բայց ես արդէն կը նախընտրէի ձիթապտուղը եւ հրճուանքով կ՚ուտէի, միտքս լարած մեծերուն խօսակցութեան։

Ժամանակները գէշ են, առաջուան պէս չէ...

Մի՛շտ այդ մորմոքը անցեալին համար... Եթէ հաւատայի մեծերու խօսքերուն, առաջ ամենուն համար առատութիւն էր եւ մթերքներու առասպելական աժանութիւն։

Երկու ահչէով օխա մը բրինձ կ’առնէինք, կ’ըսէր Կարիանէ հանըմին ծերունի հայրը երկու վտիտ ձեռքերը տաքցնելով կրակարանին վրայ։

Աւելի խոր ծերութեան մէջ ընկղմած մեծ հայրը կը միջամտէր խռպոտ ձայնով.

Դուք ի՞նչ տեսած էք... Ես Մահմուտիէի ոսկիները մէջքս, գօտիիս մէջ կապած, մէկ ահչէով հինգ օխա բրինձ կ’առնէի։ Պելետիէ [13] հացը, թիւթիւնը ձրի կու գար։ Երկու ղրուշով արապա մը խաւուն, խարբուզ [14] կ’առնէինք։ Ձմեռ չեկած, երկու-երեք մահմուտիէ կը խարճէի, ամբարներս կը լեցուէին, դուռս, պատուհաններս կը գոցէի, չոլուխ չոճուխս թոփ կ’ընէի, քէֆիս կը նայէի... հիմա մեծ ու պզտիկ չինկեանէ [15] դարձեր էք։ Անցած օր քէօշէի պախալն էի։ Թորոս էֆէնտիի տունէն եկան պինլիք մը զէթին եաղի ուզեցին... հէ՜յ կիտի ժամանակներ, հէ՜յ, վախտին ալ չմեռանք, տեղերնիս չտեղաւորուեցանք, սա զալըմ օրերը տեսանք։

Թորոս էֆէնտին ո՞վ է... կ’ըսէր մօրաքոյրս հարցական եւ արտեւանունքը կծկելով։ Պէրպէր Նիկողոսին տղան չէ՞... հիմա է քի վիւքելա դարձեր են, ամա՜ն... բերանս բանալ մի տաք։ Ի՞նչ ճամբաներով առաջ եկած մարդիկ են։ Պէրպէր Նիկողոսը Փիշմիշ ամիրային քեսէճին էր... Կնիկն ալ... Ամա՜ն, սուս եղէք, աւելցուց մօրաքոյրս, շատ բան կայ ըսելիք, ամա պատին վրայ ճանճ կայ...

Պուլղարը քարոտ է, կրկնեց Կարիանէ հանըմ ակնարկովը մեզ՝ երեխաներս ցոյց տալով, որ քով քովի նստած մինտէրի մը վրայ, թուշերնիս ցցած մտիկ կ’ընէինք մեծերուն խօսքերը։

Եւ մօրաքոյրս աւելի քողարկուած խօսքերով սկսաւ պատմել իրեն ծանօթ պատմութիւններէն մէկը, որով կը յայտնուէին թեւ առած եւ հետզհետէ հեղինակութիւն ձեռք բերող «չտես» ընտանիքի մը գաղտնիքները։

Ատ ճինսը, կ’ըսէր ան ակնարկելով նոր հարստացող առեւտրականներու, անանկ ճինս մըն է քի մէկ օր քէֆ ընելու, ճախա ընելու համար, հիչ հոգը չէ, քանի մը ընտանիք մոխիրի վրայ կը նստեցնէ, հարը մարը կը ծախէ։

Իրենց ալ չի մնար... կ’ըսէր ինքզինքը մխիթարելով Կարիանէ հանըմին հայրը։

Կ’ուզէ մնայ, կ’ուզէ չմնայ, կ’ըսէր Երանիկ մօրաքոյրս սրտնեղած, մենք մեր գործը նայինք։

Ճաշից անմիջապէս ետքը Կարիանէ հանըմ ճէզվէն կը քշէր կրակարանին տաք մոխիրին մէջ եւ քաֆէ կը պատրաստէր։ Այդ միջոցին ծերունիները կը խօսէին Շիրինի եւ Ֆերհատի մասին։

Անոնք ուրիշ մարդիկ էին, կ’ըսէին իրարու խօսք կտրելով, քօռ գինով կ’ըլլային, ճիշդ է, բայց թապիէթ սահապըսը [16] էին։ Իրենց հախը [17] կը պաշտպանէին, ուրիշին հախին մազաչափ ձեռք չէին տար... դեռ աւելին. ուրիշին հախն ալ կը պաշտպանէին։

Ծերունիները ճանչցած էին Շիրինը եւ Ֆերհատը։

Քա՛, Երանիկ հանըմ, հարիւր տարեկան մը կային... շա՜տ ապրեցան։ Աճի պատեմի արապաճիներու խանին առաջ քով քովի կը նստէին։ Ճերմակ մօրուքներով, հասակնին շիտակ, մէշէի ծառի [18] պէս ամուր մարդիկ էին... Էսկի քէրէստէ [19]... հալա թուրքերը պիլէ խօսքերնին կը յարգէին, աք սաքալլար [20] կ’ըսէին, Շիրինն ալ ամա, Ֆերհատը եաման մարդ էր։ Քէօշէին մէջ բան մը ըլլար, կռիւ մը ծագէր, կ’երթային Շիրինին ու Ֆերհատին վրայ։ Անոնք մտիկ կ’ընէին, դատաստան կ’ընէին։ Ֆերհատ զոբան հազըր կը պահէր եւ յանցաւորը ձեռքովը կը ծեծէր։ Ես իմ աչքովս տեսած եմ որ մէկը քովը կանչած է պատիժը տալու համար, ան ալ եղած է... Չէ՛, փարա-մարա չունէին, ամա կէօնիւլ ունեցող մարդիկ էին... արդար էին, էսնաֆին թեւ ու թիկունք էին... հիմա ո՞ւր են ատանկ մարդիկը...

Երանիկ մօրաքոյրս կը հառաչէր, եւ միւսները արձագանգ կու տային։

Ումետիկը անոնց պատկերները շինած էր, կ’ըսէր մեծ հայրը։ Տունը էրեցաւ, պատկերներն ալ էրեցան։

Ոմանք կ’ըսէին որ նոյն նկարիչ Ումետիկը Շիրինին եւ Ֆերհատին վրայէն նկարած էր Պօղոս Պետրոս առաքեալներու պատկերները, որոնք օծուած եւ կախուած էին Սուրբ Խաչ եկեղեցիին խորանին երկու կողմերը։

Ժամանակին, սկիւտարցի ամիրա մը լսելով թէ որո՛նց օրինակովը շինուած էին «սուրբ առաքեալ»ներուն պատկերները, գայթակղեր էր եւ ուզեր էր այդ սրբապիղծ նկարները վերցնել։ Լուրը հասցուցեր էին Շիրինին ու Ֆերհատին ականջը, եւ թաղին բոլոր ջրհանկիրները ոտքի ելեր էին եւ պաշտպան կանգներ ծերունիներուն։ Պատկերները մնացեր էին իրենց տեղը եւ ամիրան ամիսներով զգուշացեր էր Աճի պատեմի ճատտէէն անցնիլ։

Ակնարկելով այդ հին եղելութեան, Երանիկ մօրաքոյրս կ’ըսէր.

Մեծ հարս ու աղբարը արապաճի էին, ճիշդ է... ամա չէ՞ մի որ Պօղոս Պետրոսն ալ պալըխճի էին, ամիրա չէին... ։



[1] Այագ թախըմիի մաս կը կազմէին այն մարդիկ, որոնք որոշ արհեստ մը չունէին եւ եղանակին համեմատ գործ մը կ’ընէին իրենց օրապահիկը ճարելու համար։

[2] Ուրախ ժամը։

[3] Պատմող։

[4] Հարստութիւն։

[5] Հերոս։

[6] Ծուլացաւ։

[7] Մենամոլութիւն, մանիա։

[8] Կը յարմարցնէ։

[9] Աղքատ։

[10] Ժուժկալ, քիչ ուտող երեխայ։

[11] Սեղանի սփռոցը։

[12] Տափակ բազմոցներ։

[13] Պետական։

[14] Սեխ, ձմերուկ։

[15] Գնչու։

[16] Բնաւորութեան տէր։

[17] Իրաւունքը։

[18] Կաղնի։

[19] Հինգ գերան։

[20] Ճերմակ մօրուսաւոր։