Բանկալթիի գերեզմանատունը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Բայց մենք կ՚կարծեմք որ, եթէ այս իբր փաստ կ՚ուզուի ծառայեցնել ապացուցանելու Քէֆէ Հայոց «ուղղափառութիւնը», ընդհակառակն կարծես կուգայ ապացուցնել անոնց մեծամասնութեան Հայ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ մնացած ըլլալը, նոյն իսկ այն ճնշումին եւ հալածանքին հակառակ, որ անոնց նկատմամբ գործադրուած է մասնաւորապէս Պապին գործակալներուն ձեռքով։

Շատերուն ծանօթ է թէ Հռոմայ Եւգինէս Պապն բանի համար ձեռնարկեց եկեղեցական ժողով գումարելու եւ թէ ի՛նչպէս յետոյ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ ներքին երկպառակութիւնները բառնալու համար գումարուած ժողովին ծրագիրն ընդարձակուեցաւ եւ Ընդհ. Եկեղեցւոյ միութեան ծրագրին փոխուեցաւ։

Այդ ժողովին, որ  1438ին Ֆէրրէրա քաղաքը բացուած է եւ յետոյ փոխադրուած է Ֆլօրենտիա (1439) եւ  աւելի ծանօթ է այն վերջին քաղաքին անուամբ, մասնակցած են Յոյները, եւ հակառակ կաթոլիկ պատգամագիրներու այն վկայութեան թէ միութիւն մը տեղի ունեցած է, ո եւ է նշանակութիւն մը չէ ունեցած։

Եւգինէոս Պապը, արեւելեան բոլոր ազգային Եկեղեցիներուն, որոնց անունը լսած էր, հրաւիրագիր ղրկեց, Արեւելքի մէջ գործ եւ իշխանութիւն ունեցող Իտալական տէրութեանց ձեռքով, որոնց մէջ առաջնակարգ գիրք ունէին Ղրիմի տէրերը, Ճենովացիները (Հմմտ. Տ. Կոստանդին Զ. Վահկացի. Մաղ. Արքեպսկ. Օրմանեան. Լումայ, 1910 թ. 5-6 էջ 63-64)։ Հայոց հրաւիրագիրը կ՚յանձնուի Երուսաղէմի Եսայի Պատրիարքին, որ կ՚հաղորդէ Կոստանդին Զ. Վահկացի կաթողիկոսին, որ ժամանակին ամէնէն նշանաւոր եկեղեցականներէն Ամիթի առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկ. Նաղաշի կարծիքն առնելէ յետոյ, նոյն իսկ Եւգինէոսի հրաւիրագրին պատասխան չի տար (նոյն էջ 64 եւ Չամիչեան, Գ. Հտ., էջ 474)։ «Եւգինէոս տեսաւ որ իր հրաւիրագիրներն ընդունելութիւն չէին գտներ… հարկադրեցաւ լոկ երեւութական ցոյցերով գոհանալ։ Յատկապէս նուիրակներ հանեց Արեւելքի կողմերն եւ Գենուացիներու դիմեց, որպէս զի իրենց ազդեցութիւնը գործածեն իրենց եկեղեւոյն օգտին »։ Եւ ահա այս դիտումով «առաջին հրաւէրէն երկու տարի ետքը նոր հրաւիրագիր մ՚ալ հասաւ Վահկացիին, այս անգամ Կաֆայի ազգայիններուն ձեռքով։ Յակոբ նուիրակ Պապին, Պօղոս հիւպատոս Գենուացւոց եւ Սարգիս եպիսկոպոս Հայոց, զատ զատ գիրերով Կոստանդինը կ՚յորդորէին, որպէս զի հաճի իր հաւանութիւնը տալ, որ իր անունով պատգամաւորութիւն մը ղրկուի Իտալիա՝ Պապին հրաւէրին համեմատ։ Ինչպէս գործին ընթացքէն կ՚տեսնուի, միայն պաշտօնական գրութիւն մ՚է Կոստանդինէ ուզուածը, մնացածը պիտի կարգադրէին Կաֆայի Հայերը, իսկ արտաքին միջոցները պիտի հոգային Գենուացիները։ Հարկաւ թելադրած են թէ այդ մօտաւորութենէն վնաս մը չի կրնար ծագիլ զի իրենց ազատութիւնը կրնան միշտ պահել. եւ եթէ օգուտ մը ծագի, այն ալ բացէն շահ մը կ՚սեպուի։ Մեծագոյն շահ մը կար արդէն, որ Կաֆայի Հայերն իրենց Գենուացի տիրապետողներու առջեւ աւելի հաճելի եղած պիտի ըլլային »։ (Օրմանեան Արքեպսկ. նոյն էջ 64-65)։ Օրմանեան արքեպսկ. ի այս նկատողութիւնները, տակաւին պէտք եղածէն աւելի զգուշաւոր են եւ չափաւոր, մինչ բուն իրողութիւնը սա է որ պարզապէտ Հայերն հալածանքի ենթարկուած էին թերեւս այս ու ասոր նման առաջարկներ մերժած ըլլալնուն համար, ինչպէս կը հաստատուի Կոստանդին Զ. Կաթողիկոսին հրամանով Ֆլորենտիա գացող պատուիրակներու ընթացքէն։ Կոստանդին՝ հաւանօրէն նկատի առնելով Ճենովական տիրապետութեան ենթարկուած Հայոց դառն վիճակը, թոյլատրած էր Քէֆէի Ս. Անտոն վանքին վանահայր եւ առաջնորդ Սարգիս եպիսկոպոսը նոյն վանքին միաբաններէն Մարկոս եւ Թովմաս վարդ. ներուն եւ պատահաբար նոյն միջոցներուն Ղրիմ գտնուող Բերիայի Յովակիմ եպսկ. ին հետ երթալ Իտալիա, հաւանօրէն Ճենովացւոց ճնշումովը։ Եթէ ակամայ եւ ճարահատ եւ առանց դիմադրութեան, յօժարութեամբ մեկնած ըլլային՝ ժամանակին հասած պիտի ըլլային, մինչ կ՚տեսնուի թէ այնքան ուշ կ՚մեկնին, կամ այնպիսի ճամբայ մը կ՚բռնեն, որ ժողովին աւարտումէն յետոյ կ՚հասնին, եւ որովհետեւ Հռոմի Պապին դէմ նոր վէճեր կային եւ երկպառակութիւններ, ուստի Հայ պատգամաւորներով զբաղելու գործն յանձնուեցաւ քանի մը անձերու։ Արդիւնքը ձեւական ու անիմաստ համաձայնութիւն մ՚է։ Եւգինէոս Դ. Պապը Հրահանգ առ Հայս կոչուած կոնդակ մը կուտայ, որուն իբր թէ կ՚հաւանին յայտարարութեամբ մը հայ պատգամաւորները։ Այս գործողութիւնները թարգմաններու միջոցաւ կատարուած, եւ տրուած յայտարարութեան ոճը, «ուղղափառական» ոգւով (??) խմբագրուած, ցոյց կուտայ արդէն թէ Հայ պատգամաւորները ձեւականութեամբ մը աւելի մեծ շահ մը հետապնդած են եւ այդ շահն իրեցն տիրապետները, Ճենովացիները գոհացնել եւ հալածանքը դադրեցնելն էր։ Ասիկա իրենց գլխաւոր նպատակն էր, վասն զի այս ձեւակերպութեան կատարումէն յետոյ, ամիս մը եւս կ՚մնան, Ֆլորենտիա եւ Եւգինէոս Դ. էն կ՚կորզեն նաեւ թուղթ մը ուղղուած Քէֆէի Ճենովացիներուն, որով կ՚համայուէր ճանչնալ Սարգիս Եպսկ. ի իրաւասութիւնն Հայոց վրայ, չանարգել անոր եպիսկոպոսական պատիւը, չկրկնել Հայոց մկրտութիւնը. եւն, եւ կամ մէկ խօսքով՝ յարգել Հայ Եկեղեցւոյ անկախութիւնը, որ կ՚երեւայ թէ վտանգուած էր, շնորհիւ լատին կղերին սադրանքներուն։ Հարիւր տարիէն աւելի ժամանակէ մ՚ի վեր «արդէն ուղղափառ» բնակչութիւն մը բնական է թէ նոր ի նորոյ ո՛չ «ուղղափառանալ»ու հրաւէր պիտի ընդունէր եւ ոչ ալ այս դիմադրական ոգին ցոյց պիտի տար լատին կղերին դէմ, որ զինքն այդ «ուղղափառութեան» առաջնորդող միակ միջնորդը կրնար եղած ըլլալ։

Սակայն ընթերցողներուն մտքին մէջ ոեւէ տարակոյս չձգելու, եւ մանաւանդ Հ. Գալէմքեարեանին կասկածները փարատելու համար, - վասն զի գիտեմ թէ իմ ըսելս բաւական չէ, թէ Հայք հալածուած են կաթոլիկ մղերէն եւ ժողովրդէն - «ուղղափառական գիրք»ի մը եւ անոր ուղղափառ հեղինակին կ՚դիմեմ։ կ՚յուսամ թէ Հ. Գալէմքեարեան, Չամիչեան Հ. Միքայէլի եւ անոր աղբիւր ծառայող համբաւաւոր Ռանայլդի ուղղափառութեան վրայ բնաւ տարակոյս չունի, մանաւանդ երբ անոնք կ՚հիմնուին Հռոմայ քահանայապետներէն մէկուն գրոյն վրայ, որմէ մէջբերումներ ալ կ՚ընեն։ [1]

Արդ, տեսէք թէ ի՛նչ կ՚գրէ Հ. Չամիչեան (Պատմ. Հայոց, Գ. Հատոր, էջ 482)։

«Տեսեալ Սարգսի վարդապետի եւ այլոց հրեշտակաց զսէր Պապին, եւ առաւել եւս վստահութիւն առեալ՝ մատեան վերստին եւ պատմեցին առաջի նորա զհարստահարութիւնս ոմանց, որք գնացեալ յարեւմտից յարեւելս՝ ձեռներեց լինէին վրդովիլ զազգն եւ զայն եւս յայտ արարին, թէ լատին եպիսկոպոսն Կաֆայու արհամարհանօք վարի ընդ եպիսկոպոսին Հայոց՝ որ կայ ի քաղաքի անդ. եւ կոչէ զնա հերետիկոս եւ թէ՝ արգելեալ է նմա չկրել ազմիթր եպիսկոպոսական ի հանդիսաւոր պաշտամանս, եւ զշրջիլ յայցելութիւն եւ յօրհնութիւն ժողովրդեան, եւն։ Են դարձեալ ասեն՝ յաճախեալ է յայնոսիկ կողմանս, որպէս եւ յայլ տեղիս կրկին մկրտութիւն տալ, զի ունի թոռք եւ գործակիցք նոցա կրկին մկրտէին զՀայս »։ «Ուղղափառութիւն»ն ընդունած գաղութի մը դէմ այս միջոցներուն կիրակութիւնը քիչ մը մեզի շատ զարմանալի կ՚թուի, արդեօք ասոնց մասին ի՞նչ կ՚մտածէ Հ. Գալէմքեարեան. շատ հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ։ Առ այժմ սակայն շարունակենք մեր ընթերցումն այդ «ուղղափառ» հեղինակին «ուղղափառական գիրք»էն։

«Զայս ամենայն իբրեւ տեղեկացաւ Եւգինէոս Պապն, զարմացաւ յոյժ, զի ինքն այլազգ էր լուեալ յամբաստանողաց, վասն որոյ գրեաց զայլ միւս եւս թուղթ առ Հռոմայեցիս եւ առ այլս, յամի Տեառն  1439-ի Դեկտեմբերի 15, յորում հրաման տայ եպիսկոպոսին Հայոց ունել զամենայն պատիւ իւր զառաջին, եւ համարձակ կրել զմիթր, եւ հովուէլ զսեփական ժողովուրդ իւր ազատութեամբ ըստ ամենայն իրաւանց եւ դատաստանաց, եւ մի՛ ոք ասէ կարող լիցի բնաւ արգելուլ զնա, եւն. որպէս է տեսանել առ Հռենալդոսի. Հատ. Թ. երես 300-301. ) Յետոյ Չամիչեան մէջ կ՚բերէ Պապին գրոյն այն մասն որով խստիւ կ՚արգիլուի կրկին մկրտութիւնը, նորադարձը ի՛նչ ազգէ ալ ըլլայ եւ ի՛նչ ծէս ալ որ ունենայ, ըլլա՛յ Յոյն, Հայ կամ ուրիշ ոեւէ ազգ։ Ասոնք ամենքն ալ կ՚միտին հաստատելու թէ 1318ին «արդէն կաթոլիկ» հռչակուած Քէֆէի Հայ գաղութը տակաւին 1439ին կ՚մնար մեծամասնաբար հաւատարիմ Մայրենի Եկեղեցւոյն եւ մինչեւ 1475- Օսմանեան տիրապետութիւնը- հաւանօրէն պահած էր իր խիղճն ազատ։ Հետեւաբար Հ. Գալէմքեարեանի բոլոր Քէֆէի Հայերն «ուղղափառ» շինելը առասպել է։ Եթէ այնպէս եղած ըլլար՝ արդէն կրկին մկրտութեան անարգանքին համար Պապերուն բողոքելու բնաւ պէտք  մը չէր ըլլար, այն ալ Ճենովացւոց տիրապետութեան վերջերը, 1439ին։ Սակայն չեմ ալ ուզեր հակառակ ծայրայեղութեան մէջ իյնալ, ժխտելով բոլորովին Հայ կաթոլիկներու գոյութիւնը, որ կ՚ապացուցուի Ունիթոռներու գոյութեամբ. առ Եւգիէոս Պապ ուղղուած բողոքով եւ այլ պարագաներով։



[1]            Բիւզանդիոն, 1911, 6-19 ապրիլ, թիւ 4404։