Թ.
  
 
   
    Ուրիշ 
   
    գիտելի 
   
    իրողութիւն 
   
    մ՚ալ 
   
    մեզի 
   
    կ՚զբաղեցնէ, 
   
    մինչ 
   
    շատ 
   
    զարմանալի 
   
    է 
   
    որ 
   
    Հ. 
   
    Գալէմքեարեան 
   
    լռութեամբ 
   
    կ՚անցնի 
   
    անոր 
   
    վրայէն։
  
 
   
    «Այդ 
   
    կաթողիկէներու 
   
    գերեզմանատունը» 
   
    ինչո՞ւ 
   
    իր 
   
    այդ 
   
    հանգամանքովն 
   
    եւ 
   
    ոչ 
   
    մէկ 
   
    հեղինակէ 
   
    յիշուած 
   
    ըլլալը 
   
    չի 
   
    յիշեր 
   
    Հ. 
   
    Գալէմքեարեան, 
   
    որ 
   
    այնքան 
   
    եռանդ 
   
    ունի 
   
    կեղծ 
   
    ու 
   
    երեւակայական 
   
    վաւերագիրներէ 
   
    օգտուելու՝ 
   
    երբ 
   
    խնդիրը 
   
    «ուղղափառ»ներու 
   
    վրայ 
   
    է։
  
 
   
    Կ՚երեւայ 
   
    թէ 
   
    այդ 
   
    վկայութիւնները 
   
    պիտի 
   
    գային 
   
    ապացուցանել 
   
    ճիշդ 
   
    հակառակն 
   
    իր 
   
    ըսածներուն, 
   
    եւ 
   
    ասոր 
   
    համար 
   
    է 
   
    որ 
   
    կ՚խուսափի 
   
    այդ 
   
    դառն 
   
    հարկը 
   
    մատուցանելէ։
  
 
   
    Արդ, 
   
    ժամանակով 
   
    հնագոյնը 
   
    եւ 
   
    Պոլսոյ 
   
    Տեղագրութեանց 
   
    Հայ 
   
    հեղինակներուն, 
   
    Երեմիա 
   
    Չէլէպի 
   
    Քէօմիւրճեան, 
   
    համբաւաւոր 
   
    Տ. 
   
    Կոմիտաս 
   
    քհ. 
   
    Քէօմիւրճեանի 
   
    եղբայրը, 
   
    իր 
   
    1681ին 
   
    գրած 
   
    «Պատմութիւն 
   
    Սթամպօլոյ»ին 
   
    մէջ. 
   
    Բերայի 
   
    Կալաթա 
   
    Սէրայն 
   
    յիշատակելէ 
   
    յետոյ 
   
    իրարու 
   
    առնջակից 
   
    գերեզմանատանց 
   
    վրայ 
   
    կ՚խօսի, 
   
    սապէս.
  
 
   
    Զտաճկաց 
   
    կեօռելն 
   
    անցանեմք՝
  
 
   
    ապա 
   
    զՀոռմոց 
   
    ապա 
   
    զՖրէնճան
  
 
   
    Ապա 
   
    զմեր 
   
    գերեզմաններս՝
  
 
   
    տես 
   
    վերայ 
   
    ծովուն 
   
    է 
   
    գիտման
  
 
   
    … 
   
    … 
   
    … 
   
    … 
   
    … 
   
    … 
   
    … 
   
    …
  
 
   
    Սա 
   
    Ղալաթացի 
   
    բնակչաց՝
  
 
   
    պանդխտից 
   
    ըստ 
   
    արարչին 
   
    հրաման,
  
 
   
    Էքմէքճոց 
   
    ՚ւայլոց 
   
    դիպեալ
  
 
   
    խոճայիցն 
   
    արեւելեան։
  
 
   
    Աղվոր 
   
    մանկունք 
   
    ՚ւ 
   
    իմաստունք՝
  
 
   
    Ճարտարք 
   
    եւ 
   
    ուժեղք 
   
    աստ 
   
    լքան.
  
 
   
    Կարօտք 
   
    յիւրեանց 
   
    յընտանեաց՝
  
 
   
    Ի 
   
    գալուստն 
   
    աստ 
   
    զնտանեցան։
  
 
   
    Յերիս 
   
    կողմն 
   
    է 
   
    արտօրայք՝
  
 
   
    ՚ւապահով 
   
    հողմով 
   
    հիւսուսեան,
  
 
   
    Յարեւելս 
   
    հային 
   
    սպասեալք՝
  
 
   
    տեառն 
   
    իւրեանց 
   
    միւս 
   
    անգամ 
   
    գալստեան։
  
 
   
    Վարդապետ 
   
    կանգեա 
   
    յոտին՝
  
 
   
    հանգուցեալ 
   
    հոգւոցն 
   
    ի 
   
    մաղթան։
  
 
   
    ՅԱԿՈԲ 
   
    ԿԱԹՈՂՈԿՈՍԻՆ 
   
    եւ 
   
    այլոց 
   
    սակս՝
  
 
   
    ասել 
   
    ըզհայր 
   
    մեղան»։
    
     [1]
  
 
   
    … 
   
    … 
   
    … 
   
    … 
   
    … 
   
    … 
   
    … 
   
    …
  
 
   
    Այս 
   
    տողերէն 
   
    կ՚հասկցուի 
   
    թէ 
   
    գերեզմանատունն 
   
    Հայոցն 
   
    է 
   
    եւ 
   
    կաթոլիկի 
   
    խօսք 
   
    չկայ։ 
   
    Նոյնպէս 
   
    անիկա 
   
    նաեւ 
   
    գերեզմանն 
   
    եղած 
   
    է 
   
    Արեւելեան 
   
    գաւառներէ 
   
    եկած 
   
    բազմաթիւ 
   
    Հայոց, 
   
    որոնք 
   
    «ուղղափառ» 
   
    չէին։
  
 
   
    Այս 
   
    մէկ 
   
    վկայութիւն։
  
 
   
    Երեմիա 
   
    Չէլէպիի 
   
    եղբօրը, 
   
    «ուղղափառ» 
   
    նահատակ 
   
    Տ. 
   
    Կոմիտասի 
   
    թոռը, 
   
    որ 
   
    միայն 
   
    «ուղղափառ» 
   
    ըլլալն 
   
    անբաւական 
   
    համարելով 
   
    իր 
   
    անունն 
   
    ալ 
   
    խեղաթիւրած 
   
    եւ 
   
    եւրոպականացուցած 
   
    էր
    
     [2] 
   
    եւ 
   
    եղած 
   
    էր 
   
    Cosma 
   
    Carbognaro, 
   
    ունի 
   
    Կ. 
   
    Պոլսոյ 
   
    տեղեկադրութիւն 
   
    մը 
   
    իտալերէն 
   
    լեզուով, 
   
    «Նկարագրութիւն 
   
    տեղագրական 
   
    ներկայ 
   
    կացութեան, 
   
    պատկերով 
   
    ճոխացեալ 
   
    ի 
   
    կողմանէ 
   
    Կոմիտաս 
   
    Քարպոնեան 
   
    (Քէօմիւրճեան) 
   
    ճակատով, 
   
    տպագրեալ 
   
    եւ 
   
    Պասանօ 
   
    1794ին, 
   
    սակայն 
   
    հաւանօրէն 
   
    աւելի 
   
    կանուխ 
   
    խմբագրուած։
  
 
   
    Եւ 
   
    տեսէք 
   
    թէ 
   
    ի՞նչ 
   
    կ՚ըսէ 
   
    այս 
   
    գերազանց 
   
    «ուղղափառը», 
   
    Բերայի 
   
    վրայ 
   
    խօսած 
   
    ատեն 
   
    (էջ 
   
    67)։ 
   
    «Այս 
   
    տեղէն 
   
    (Թագսիմ) 
   
    ետին 
   
    կ՚բացուի 
   
    ընդարձակ 
   
    դաշտ 
   
    մը 
   
    ուր 
   
    կ՚տեսնուին 
   
    քանի 
   
    մը 
   
    ջրաբաշխական 
   
    կոթողներ 
   
    եւ 
   
    որ 
   
    երկսեռ 
   
    ժողովուրդին 
   
    իբր 
   
    շրջակայութեան 
   
    տեղ 
   
    կ՚ծառայէ։ 
   
    Այդ 
   
    դաշտը 
   
    կամ 
   
    տափարակը 
    
     մեռելոց 
    
     դաշտ 
   
    կը 
   
    կոչուի, 
   
    որովհետեւ 
   
    մեծաւ 
   
    մասամբ 
   
    գրաւուած 
   
    է 
   
    ոչ-կաթոլիկ 
   
    Հայերու, 
   
    Յոյներու, 
   
    Բողոքականներու 
   
    եւ 
    
     լատինածէս 
    
     կաթոլիկներու 
    
     գերեզմաննոցներով, 
    
     ըստ 
    
     որում 
    
     հայածէս 
    
     Կաթոլիկները 
    
     կ՚թաղուին 
    
     խառն 
    
     կերպով 
    
     ոչ-Կաթոլիկ 
    
     Հայերու 
    
     գերեզմանոցին 
    
     մէջ
   
    »
    
     [3]
   
    ։
  
 
   
    Ուրեմն, 
   
    Cosma 
   
    de 
   
    Carbognaro, 
   
    այդ 
   
    թունդ 
   
    «ուղղափառը» 
   
    կ՚վկայէ 
   
    թէ 
   
    գերեզմանատունը 
   
    սկբզնաբար 
   
    եւ 
   
    իրապէս 
   
    Հայոց 
   
    կ՚պատկանի, 
   
    եւ 
   
    Կաթոլիկ 
   
    Հայերը 
   
    կ՚թաղուին 
   
    խառն, 
   
    ոչ-կաթոլիկ 
   
    Հայոց 
   
    գերեզամատունը։ 
   
    Իսկ 
   
    լատինածէսներու 
   
    Լատինաց 
   
    գերեզմանատունը 
   
    թաղուած 
   
    ըլլալն 
   
    որոշապէս 
   
    կ՚հաստատէ։
  
 
   
    Այս 
   
    ալ 
   
    եղաւ 
   
    երկու 
   
    վկայութիւն։
  
 
   
    ԺԹ. 
   
    դարուն 
   
    սկիզբն 
   
    ապրող 
   
    եւ  
   
    1750էն 
   
    սկսեալ 
   
    մինչեւ 
   
    իր 
   
    ժամանակի 
   
    դէպքերը 
   
    պատմող 
   
    Սարգիս 
   
    դպիր 
   
    Յովհաննէսեան 
   
    եւս  
   
    իր 
    
     Տեղեկագրութեան 
   
    մէջ, 
   
    որ 
   
    դեռ 
   
    անտիպ 
   
    կ՚մնայ
    
     [4], 
   
    կ՚յիշէ 
   
    այս 
   
    գերեզմանատունը՝ 
   
    Ղալաթիոյ 
   
    եկեղեցիին 
   
    վրայ 
   
    խօսած 
   
    ատեն, 
   
    յարելով 
   
    թէ 
   
    «Գերեզմանատուն 
   
    ժողովրդեան 
   
    այս 
   
    եկեղեցւոյ 
   
    (Ղալաթիա) 
   
    է 
   
    ի 
   
    Պէկօղլու, 
   
    որ 
   
    է 
   
    վայր 
   
    զուարճալի 
   
    եւ 
   
    ծովահայեաց»։ 
   
    1800ին 
   
    Ղալաթիոյ 
   
    եկեղեցիին 
   
    Հայոց 
   
    ձեռքն 
   
    ըլլալն 
   
    ապահովաբար 
   
    չի 
   
    կրնար 
   
    տարակոյսի 
   
    տակ 
   
    ձգուիլ։ 
   
    Ուրեմն, 
   
    երբ 
   
    գերեզմանատունն 
   
    այն 
   
    եկեղեցւոյն 
   
    կը 
   
    կցուի, 
   
    գերեզմանատանն 
   
    ալ 
   
    Հայոց 
   
    ըլլաnը 
   
    կ՚հաստատուի, 
   
    եւ 
   
    կաթոլիկներու 
   
    սեփականութեան 
   
    խնդիրը 
   
    կ՚ժխտուի։
  
 
   
    Այս 
   
    ալ 
   
    եղաւ 
   
    երրորդ 
   
    վկայութիւն։
  
 
   
    Հ. 
   
    Ղուկաս 
   
    Վ. 
   
    Ինճիճեան 
   
    որուն 
   
    «ուղղափառութիւն»ն 
   
    ալ 
   
    կասկածի 
   
    տակ 
   
    չի 
   
    կրնար 
   
    ձգել 
   
    Հ. 
   
    Գալէմքեարեան, 
   
    առանց 
   
    ինքզինքը 
   
    հակասութեան 
   
    մէջ 
   
    դնելու, 
   
    կ՚հաստատէ 
   
    այս 
   
    գերեզմանատան 
   
    Հայոց 
   
    պատկանիլը։ 
   
    Ահա 
   
    իր 
   
    բառերը 
   
    (
    
     Աշխարհագրութիւն 
   
    Եւրոպա, 
   
    Հտ. 
   
    Ե.
   
    )։
  
 
   
    «Առաջի 
   
    նորա 
   
    է 
   
    (Թագսիմի) 
   
    գերեզմանատուն 
   
    Լատինացւոց 
   
    ուղղափառաց 
   
    եւ 
   
    Բրօթէսդանտից, 
   
    Յունաց 
   
    եւ 
    
     Ազգիս 
    
     Հայոց
   
    ՝ 
   
    որ 
   
    է 
   
    ընդարձակ 
   
    յոյժ՝ 
   
    քան 
   
    ցայլոց 
   
    ազգաց 
   
    քրիստոնէից։ 
   
    Անդ 
   
    թաղեալ 
   
    կան 
   
    Յակոբ 
   
    կաթոիկոս 
   
    Ջուղայեցի 
   
    եւ 
   
    Յակոբ 
   
    Նալեան 
   
    Պատրիարք 
   
    Ստամպօլու»։
  
 
   
    Ապահովաբար 
   
    ուրիշ 
   
    գերեզմանատան 
   
    մը 
   
    վրայ 
   
    չէ 
   
    խօսքը, 
   
    այնպէս 
   
    չէ՞ 
   
    Հ. 
   
    Գալէմքեարեան։ 
   
    Սակայն 
   
    զարմանալի 
   
    է 
   
    որ 
   
    անոր 
   
    կարծեցեալ 
   
    ուղղափառութեան 
   
    եթէ 
   
    ոչ 
   
    խօսքը 
   
    գէթ 
   
    հետքն 
   
    ալ 
   
    չկայ։
  
 
   
    Սակայն 
   
    դեռ 
   
    շարունակենք. 
   
    միայն 
   
    չմոռնանք 
   
    թէ 
   
    այս 
   
    չորրորդ 
   
    վկայութիւնն 
   
    է 
   
    որ 
   
    զձեզ 
   
    կ՚դատապարտէ։
  
 
   
    Օտար 
   
    հեղինակ 
   
    մը, 
   
    Տոքդ. 
   
    Պրայէր 
   
    որ 
   
    1815էն 
   
    մինչեւ 
   
    1824 
   
    Կ. 
   
    Պոլիս 
   
    մնացած 
   
    է, 
   
    եւ 
   
    իր 
   
    այս 
   
    իննամեայ 
   
    պանդխտութեան 
   
    նկարագիրը 
   
    գրած 
   
    է 
   
    երկու 
   
    հատորներուն 
   
    մէջ 
   
    (Neuf 
   
    années 
   
    à 
   
    Constantinople 
   
    par 
   
    Brayer. 
   
    Paris 
   
    1836) 
   
    իր 
   
    գործին 
   
    առաջին 
   
    հատորին 
   
    մէջ 
   
    (էջ 
   
    36) 
   
    կ՚յիշատակէ 
   
    այս 
   
    գերեզմանատունն 
   
    իբր 
   
    Հայոց 
   
    սեփականութիւն, 
   
    եւ 
   
    ո՛չ 
   
    իբր 
   
    «Կաթողիկէ» 
   
    Հայոց 
   
    գերեզմանատուն։
    
     [5] 
  
 
   
    Այս 
   
    ալ 
   
    եղաւ 
   
    հինգերորդ 
   
    վկայութիւն 
   
    եւ 
   
    կարծեմ 
   
    թէ 
   
    այսքանը 
   
    կ՚բաւէ 
   
    ապացուցանելու, 
   
    եւ 
   
    ամէնէն 
   
    անհամոզելի 
   
    կարծուած 
   
    մարդիկն 
   
    համոզելու 
   
    համար, 
   
    որ 
   
    այդ 
   
    գերեզմանատունը 
   
    1560էն 
   
    մինչեւ  
   
    1800 
   
    եւ 
   
    անկէ 
   
    ալ 
   
    յետոյ 
   
    միշտ 
   
    եղած 
   
    է 
   
    Հայոց 
   
    սեփականութիւն։ 
   
    Իսկ 
   
    բոլորովին 
   
    ծիծաղելի 
   
    է 
   
    ու 
   
    քաշքշուք  
   
    1800էն 
   
    մինչեւ  
   
    1830 
   
    շրջանի 
   
    համար 
   
    Հ. 
   
    Գրիգոր 
   
    Վարդ. 
   
    Գալէմքեարեանի, 
   
    ստեղծած 
   
    փոխանցման 
   
    շրջանը, 
   
    ուր 
   
    իբր 
   
    թէ 
   
    նոր 
   
    կ՚սկսի 
   
    Հայ 
   
    կաթոլիկներու 
   
    հետ 
   
    խառն 
   
    նաեւ 
   
    Հայերու 
   
    թաղուիլն 
   
    այս 
   
    գերեզմանատան 
   
    մէջ։
  
 
   
    Աւելորդ 
   
    անգամ 
   
    մըն 
   
    ալ 
   
    շեշտելու 
   
    հարկ 
   
    չկայ 
   
    թէ 
   
    այնքան 
   
    բացայայտ 
   
    ճշմարտութեանց 
   
    դէմ 
   
    երբ 
   
    այս 
   
    լեզուով 
   
    կ՚խօսի 
   
    պատմագիր 
   
    մը, 
   
    աւելի 
   
    աճպարար 
   
    մըն 
   
    է 
   
    քան 
   
    թէ 
   
    անկողմնակալ 
   
    վերլուծող 
   
    մը 
   
    դէպքերու։
  
 
   
    Արդէն 
   
    տեսնուեցաւ 
   
    թէ 
   
    Հայ-Կաթոլիկներու 
   
    «սեփական» 
   
    (?) 
   
    այդ 
   
    գերեզմանատան 
   
    մէջ 
   
    այդ 
   
    կարծեցեալ 
   
    սեփականատէրներն 
   
    որքան 
   
    դժուարաւ, 
   
    դեսպաններու 
   
    միջամտութեամբ 
   
    եւ 
   
    բռնի 
   
    ոյժով 
   
    թաղուած 
   
    էին 
   
    1800էն 
   
    առաջ։ 
   
    Հիմա 
   
    ալ 
   
    կ՚արժէ 
   
    որ 
   
    1800էն 
   
    յետոյ, 
   
    ուր 
   
    «թոյլատրեալները» 
   
    մենք 
   
    Հայերս 
   
    կ՚ըլլանք, 
   
    տեսնենք 
   
    թէ 
   
    ի՞նչպէս 
   
    հոն 
   
    կ՚ընդունուէին 
   
    «կաթոլիկ» 
   
    մեռեալները։ 
   
    Ատաղձը 
   
    դարձեալ 
   
    Հ. 
   
    Գալէմքեարեան 
   
    ինքն 
   
    կ՚հայթայթէ 
   
    իրենց 
   
    միաբանութեան 
   
    դիւանին 
   
    մէջ 
   
    պահուած  
   
    1819 
   
    Դեկտ.  
   
    12/24 
   
    թուակիր 
   
    նամակէ 
   
    մը 
   
    քաղելով, 
   
    նամակագիրը, 
   
    Հ. 
   
    Պետրոս 
   
    Իւսկիւտարլեան 
   
    կ՚տեղեկացնէ 
   
    թէ 
   
    «
    
     Պատրիարքը 
    
     հրամայեց 
    
     որ 
    
     ուղղափառներու 
    
     մեռեալները 
    
     միայն 
    
     մէկ 
    
     տէրտէրով 
    
     թաղուին
   
    » 
   
    եւ 
   
    յետոյ 
   
    կ՚պատմէ 
   
    թէ 
   
    ինչպէս 
   
    սպառնալիքով 
   
    Հայ-Կաթոլիկի 
   
    մը 
   
    յուղարկաւորութիւնն 
   
    հանդէսով 
   
    կատարուած 
   
    է։ 
   
    Հետեւաբար 
   
    ակներեւ 
   
    է 
   
    թէ 
   
    1800էն 
   
    մինչեւ 
   
    1830 
   
    ստեղծուած 
   
    փոխանցման 
   
    շրջանը 
   
    լոկ 
   
    առասպել 
   
    մըն 
   
    է, 
   
    եւ 
   
    իրականութեան 
   
    մէջ 
   
    իրերը 
   
    կ՚շարունակեն 
   
    նախընթաց 
   
    շրջանին 
   
    պէս։ 
   
    Միշտ 
   
    գերեզմանատունն 
   
    Հայոցն 
   
    է 
   
    եւ 
   
    իրենց 
   
    դաւանութիւնը 
   
    ուրացողները, 
   
    կամ 
   
    կեղծմամբ 
   
    Հայ 
   
    Եկեղեցւոյ 
   
    հաւատարիմ 
   
    ըլլալնին 
   
    յայտարարողներն 
   
    անարգել 
   
    հոն 
   
    թաղուած 
   
    են, 
   
    իսկ 
   
    Կաթոլիկ 
   
    ծէսով 
   
    հոն 
   
    թաղուելու 
   
    թոյլ 
   
    չէ 
   
    տրուած 
   
    շատ 
   
    դիւրաւ, 
   
    եթէ 
   
    ոչ 
   
    սպառնալիքի, 
   
    բռնի 
   
    ուժի 
   
    եւ 
   
    ճնշումի 
   
    տակ։
  
 
   
    Արդ, 
   
    հիմա 
   
    կ՚մնայ 
   
    տեսնել 
   
    թէ 
   
    1830էն 
   
    յետոյ, 
   
    ինչո՞ւ 
   
    Հայ- 
   
    կաթոլիկներ 
   
    եւս 
   
    թաղուած 
   
    են 
   
    Բերայի 
   
    գերեզմանատունը։
  
 
  
  
   
  
    
   
      
       [1]            
     
      Տես 
     
      Հ. 
     
      Ա. 
     
      1909 
     
      էջ 
     
      305։
    
   
   
  
    
   
      
       [2]            
     
      Սպանոյ 
     
      Կ. 
     
      Պոլսոյ 
     
      դեսպանատան 
     
      թարգման 
     
      ըլլալուն 
     
      համար 
     
      թերեւս 
     
      այս 
     
      կերպարանափոխութեան 
     
      դիմած 
     
      է։
    
   
   
  
    
   
      
       [3]            
     
      Տոքթ. 
     
      Թորգոմեան 
     
      էֆ. 
     
      տրամադրելի 
     
      ըրաւ 
     
      բնագիրն 
     
      և 
     
      անոր 
     
      հարազատ 
     
      թարգմանութիւնը։
    
   
   
  
    
   
      
       [4]            
     
      Օրինակ 
     
      մը 
     
      ունի 
     
      Տքդ. 
     
      Վահրամ 
     
      էֆ. 
     
      Թորգոմեան, 
     
      որուն 
     
      ձեռագրէն 
     
      օգտուեցանք 
     
      այս 
     
      տեղեկութիւնը 
     
      քաղած 
     
      ատեննիս։
    
   
   
  
    
   
      
       [5]            
     
      Բիւզանդիոն, 
     
      1911, 
     
      ապրիլ 
     
      28 
     
      - 
     
      11 
     
      մայիս, 
     
      թիւ 
     
      4420։