Քաղաքավարութեան վնասները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Աթանաս աղան կոշտ մարդ մը ճանչցուած է։

Բայց գիտէ՞ք Աթանաս աղան ինչու համար կոշտ մարդ մը ճանչցուած է։

Աթանաս աղային կոշտ մարդ մը ճանչցուած ըլլալուն գլխաւոր պատճառը սա է, թէ Աթանաս աղան չհաճիր, որ երիտասարդները, մանաւանդ իրեն անծանօթ երիտասարդները չափազանց մտերմաբար վարուին իւր կնոջը հետ եւ յօժարութիւն ունենան ամէն առթիւ ծառայութիւն մատուցանել իւր կողակցին։ Պէտք չէ ասկից հետեւցնել սակայն, թէ Աթանաս աղան նախանձոտ է կամ Աթանաս աղան կնոջը հաւատարմութեանը վրայ կասկած ունի. բնաւ երբեք։ Աթանաս աղային, վերջապէս, հաճոյ չթուիր, երբ երիտասարդ մ՚իրմէ աւելի անձնանուիրութիւն ցոյց կու տայ իւր տիկնոջը։ Պատճա՞ռ։ Թերեւս ինքն ալ չգիտեր եւ թերեւս կը վախնայ իսկ պատճառ մը փնտռելու։

Եւ եղաւ, որ գիշեր մը քանի մ՚ընտանիքներ այցելութիւն ըրին Աթանաս աղային։ Աթանաս աղան, այր հիւրասէր, ընդունեց հիւրերն այն պատուով, որուն արժանի էին։ Քանի մը վայրկեան յետոյ դուռը զարնուեցաւ, բացուեցաւ, եւ քսանչորս տարեկան երիտասարդ մը, Աթանաս աղային անծանօթ, ներս մտաւ սենեակէն եւ երկու ծունկերն իրարու կցելով, գլուխը մինչեւ գետինը խոնարհեցնելով՝ բարեւեց ներկաները եւ թիկնաթոռի մը մէջ ընկղմեցաւ` ոտք ոտքի վրայ դնելով։ Այս երիտասարդն, որպէս վերջէն հասկցուեցաւ, Աթանաս աղային տունն այցելող հիւրերուն միոյն տունը գնացեր էր եւ անկից տեղեկանալով, թէ Աթանաս աղային տունը գնացեր էին, պահապանի մ՚առաջնորդութեամբ Աթանաս աղային դուռը զարկեր էր։ Գիծ մը քաշենք հոս։ Հօրեղբայր մ՚ունէի, որ կ'ըսէր. «մարդիկ կան, որ եթէ քիչ մը բարձրէն նուագարանի ձայն մը լսեն, կը հարցնեն. ո՞ր կողմն է երկնից սանդուխը»։ Եւ այսօր իսկ շատ կան այս կարգի մարդիկ, որոնց դասուն կը վերաբերէր նաեւ մեր երիտասարդը։— Փակենք գիծը։ Արդ, հարկ չկայ ըսելու, թէ Միհրան այսպէս կ'անուանուէր երիտասարդը առաջին անգամն էր, որ կը մտնէր Աթանաս աղային տունը, բայց սենեակը մտնելուն պէս այնպիսի եղանակով մը սկսաւ վարուիլ, որ կարծես թէ Աթանաս աղային եւ անոր տիկնոջը հետ քառասուն տարիէ ի վեր կը տեսնուէր։ Այսպէս, հազիւ քանի մը վայրկեան մնաց թիկնաթոռի վրայ եւ ահա ոտք ելաւ եւ մօտենալով Աթանաս աղային տիկնոջն, որ աթոռի մը վրայ նստած էր`

—Կ'աղաչեմ, տիկին, ըսաւ, թիկնաթոռի վրայ նստեցէք։

—Հոգ չէ, հոս աղէկ եմ։

—Տիկին, կ'աղաչեմ։

—Շնորհակալ եմ։

—Ոտւընիդ պագնեմ, խօսքս մի՛ կոտրեր, ձեր փափուկ մարմինը փայտի վրայ հանգչելու սահմանուած չէ։

—Պարոն, առաւ անդիէն Աթանաս աղան, տիկինը հոն հանգիստ է, դուք նստեցէք ձեր թիկնաթոռը եւ անհանգիստ մի՛ ըլլաք տիկնոջ համար։

—Այո, այո, հոս շատ աղէկ եմ, յարեց տիկինը։

—Ոչ, ոչ ըրաւ Միհրան, կարելի չէ, որ հոս թողում զձեզ, եւ Աթանաս աղային կինն թեւէն բռնելով առաւ, թիկնաթոռը տարաւ եւ հոն նստեցուց։

Աթանաս աղան չհաճեցաւ այս արարողութեան վրայ, բայց քաղաքավարութիւնը խնդրեց, որ իւր տհաճութիւնն ինքը միայն զգայ ու գիտնայ։

Աթանաս աղան հնազանդեցաւ քաղաքավարութեան եւ բերանը չբացաւ, սակայն կը ջանար հնարք մը գտնել իմանալու համար գոնէ, թէ ով էր այն երիտասարդն եւ ինչու համար եկած էր։ Աթանաս աղային այս հետաքրքրութիւնը բարեբախտաբար չուշացաւ փարատուելու։ Հիւրերէն տիկին մը տեսնելով, որ Միհրան Աթանաս աղային հետ որպէս ծանօթի մը հետ կը վարուէր, հարցուց անոր.

—Միհրանիկ, շատո՞ւնց կը ճանչնաք Աթանաս աղան։

—Ես չեմ ճանչնար զինքը, պատասխանեց անմիջապէս Աթանաս աղան։

—Ես ալ չեմ ճանչնար, յարեց Միհրան, բայց ուրախ եմ, որ ձեր շնորհիւը ճանչցայ։ Ձեզի գնացի, տիկին, եւ սպասաւորէն իմացայ, որ հոս եկեր էք, ես ալ եկայ` մեր բարեկամներուն բարեկամները մեր ալ բարեկամներն են ըսելով

—Աթանաս աղայ, յարեց տիկինը, Միհրանիկը եղբօրս տղան է։ Միհրանիկ, Աթանաս աղային հետ եղբօր պէս կը տեսնուինք, տիկինն ալ Աթանաս աղային տիկինն է. ազնիւ տիկին մ՚է, Աթանաս աղան ալ բարի մարդ մ՚է։

—Շատ աղէկ, պատասխանեց Աթանաս աղան։

—Ինքնզինքս բարեբախտ կը համարիմ Աթանաս էֆենտիին եւ անոր տիկնոջը հետ ծանօթանալուս համար, ըսաւ Միհրան եւ գրպանէն ծխախոտի տուփն քաշելով` սիկարայ մը հրամցուց Աթանաս աղային կնոջը։

—Շնորհակալ եմ, չեմ գործածեր։

—Տիկին, իմ ծխախոտս առաջին տեսակն է։

—Շնորհակալ եմ։

—Առէ՛ք, կ'աղաչեմ։

—Բայց չեմ ծխեր։

—Եթէ կ'ուզէք, աւելի բարակ շինեմ։

—Բարակութեան վրայ չէ, սովրած չեմ…

—Մի՛ մերժէք։

—Չեմ ուզեր։

—Չէ մի՛ ըսէք։

—Պարոն Միհրան, տիկինը սովորութիւն չունի սիկարայ ծխելու, կ'աղաչեմ, մի՛ ստիպէք զինքը…

—Աթանաս աղայ, շատ մեղմ է իմ ծխախոտս. առէք, տիկին, առէք. Աթանաս աղայ, կ'աղաչեմ, հրաման ըրէք ձեր տիկնոջն, որ չմերժէ։

—Կարծեմ` ըսինք, թէ չգործածեր։

—Կը խնդրեմ, ըսէք, որ առնէ, ձեր խօսքը չմերժեր… ծխախոտս ընտիր է… մասնաւորապէս տիկիններու համար է… անուշ է… կ'աղաչեմ, հրաման ըրէք, որ առնէ։

Տիկինը խնդիրը չերկարելու համար կ՚առնէ սիկարը։

Միհրան քիչ մը ներկայից խօսակցութեանը կը խառնուի, յետոյ հայելիին առջեւը կ'երթայ եւ ձեռքով մազերը կը շտկէ։ Սենեակին մէջ փոքրիկ պտոյտ մը կ՚ընէ` Ֆաուսթէն քանի մը կտորներ մրմռալով եւ նորէն կը դառնայ Աթանաս աղային տիկնոջը.

—Ա՛հ, տիկին, կ՚ըսէ, կարմրցեր էք, եթէ նեղուեցաք, պատուհան մը բանամ։

—Հարկ չկայ։

—Կաս֊կարմիր կտրեր էք, տիկին, կը քրտնիք, վերջը կը մսիք, հիւանդ կ'ըլլաք։

—Հոգ մի՛ ընէք։

—Չէ, չէ, պիտի բանամ պատուհան մը։

—Չուզեր։

Տիկինը նեղութիւն կը զգայ Միհրանին ընթացքէն։ Աթանաս աղան, որ բնաւ ունկն չդնէր հիւրերու խօսակցութեան եւ միայն Միհրանը կը դիտէ, կը նեղուի նոյնպէս։ Բայց ճար չկայ, համբերելու է, մինչեւ որ վտանգն անցնի։

Միհրան կը շարունակէ իւր ընթացքը։

—Չըլլա՞յ, որ գլուխնիդ ցաւի, տիկին։

—Բան մը չունիմ, ճա՛նըմ։

—Քովս աղէկ լաւանտայ ունիմ, տամ քիչ մը ու շփեցէք ձեր ճակատը։

—Գլխու ցաւ չունիմ։

—Պարոն Միհրան, չգա՞ս քովերնիս նստիլ ու խօսելու, յոգնեցաք պտտելով, կ՚ըսէ անդիէն Աթանաս աղան։

—Գամ պիտի, տիկինն անհանգիստ է, ու քիչ մը լաւանտայ տամ, կ'ըսեմ։ Բացէք քիչ մը, տիկին, ձեր թաշկինակը, սանկ քիչ մը դնեմ, քանի մը կաթիլ, հոտւըտացէ՛ք, քիչ մ՚ալ քիթերնիդ քաշեցէ՛ք։ Ասոր հոտը շուտ չելլար, ամիսներով կ'երթայ։ Ի՜նչ անտանելի ցաւ է գլխու ցաւն, իմ գլուխս եկած է տէ, գիտեմ։

Տիկինն հնազանդելով ակնարկին, զոր Աթանաս աղան ըրաւ իրեն, տեղէն կ՚ելնէ ու էրկանը քով կ'երթայ կը նստի։

—Ես կ'երթամ, հօրաքոյր, ըսաւ Միհրան բարկութեամբ այն կնոջ, որ քիչ մ՚առաջ ներկայացուցած էր զինքն Աթանաս աղային։

—Ինչո՞ւ։

—Վերջը կ'ըսեմ։

—Ի՞նչ եղար մէկէն ի մէկ, Միհրանիկ։

—Էնսիւլթ… էնսիւլթ… ես էնսիւլթի չեմ կրնար դիմանալ։

—Ի՞նչ եղաւ, ոտքդ պագնեմ, Միհրանիկ։

—Էնսիւլթ… էնսիւլթ… եւ կ'ուզեմ, որ դուն ալ հետս գաս… ինձի էնսիւլթ հէ՜է… էնսիւլթ հէ՜է, ես մարդու զաւակ եմ… Աթանա՛ս աղա…ընկերութեանց մէջ շատ մտած եմ… ինձի հէ՜է… էնսիւլթ հէ՜ է՜… էնսիւլթ հէ՜է… հէ՜է էնսիւլթ… ինձի… ինձի էնսիւլթ… ինձի պէս մարդու էնսիւլթ… վնաս չունի… ե՛լ, սիրելի հօրաքոյրս, երթանք… էնսիւլթ հէ՜է… շուտ ըրէ, ինձի հէէ՜… շալդ դիր… ինձի էնսիւլթ հէ՜է… տուներնիս երթանք վնաս չունի, Աթանա՛ս աղայ…

—Ի՞նչ ըրին քեզի, պարոն Միհրան։

—Անանկ է եա՛, հասկնանք գործը, ըսին քանի մը գլուխներ, որ քիչ մը ծանր ըլլալ կը թուէին։

—Տիկինին լաւանտայ պիտի տայի, որ ճակատը շփէ եւ հոտւըտայ… տիկինը մերժեց եւ ամուսնոյն քովը նստեցաւ… ասկից աւելի ի՞նչ ծանր էնսիւլթ կրնար ըլլալ զգայուն սրտի մը։

—Ես ասոր համար չգնացի եւ եթէ լաւանտան մերժեցի, պատճառն այն էր, որ գլխու ցաւ չունէի, պատասխանեց տիկինը։

—Տեսա՞ք մի եա, սխալ հասկցողութիւն, էֆենտիմ։

—Շատ սխալ, յարեց Աթանաս աղան` միմիայն փակելու համար միջադէպ մը, որուն վրայ բառի մ՚արտասանութիւնն իսկ իրեն նեղութիւն կը պատճառէր։

—Դուն ալ կը նայիմ, քի խենթ ես, պարոն Միհրան, պոռաց անդիէն հօրաքոյրը։

Ամէնքը խնդացին։

—Տղա՞յ ես, ի՞նչ ես… Աթանաս աղան անանկ մա՞րդ է… տիկինն էնսիւլթ ընող կնի՞կ է… խումրիի պէս կենճ է նէ… բերան ունի, լեզու չունի…թոաֆ տղայ մ՚ես… հայտէ ելէք, քատրիլ մը դարձուցէք։

—Անանկ է նէ, ներումն կը խնդրեմ. ես, շիտակը, հասկցայ, որ Աթանաս աղան աչք ըրաւ, ու տիկինն ալ քովէս ելաւ։

—Հայտէ, ելէ՛ք, քատրիլ մ՚ըրէք։

Միհրան կ՚ընտրէ իւր պարուհին եւ կը յայտնէ զայն.

—Մատամ Աթանաս իմ տամաս է։

Դարձեալ կրճտումն ատամանց Աթանաս աղայի։ Կը սկսին քատրիլի ։ Աթանաս աղան մէկ անկիւն քաշուած` Միհրանին ոտներուն ու ձեռներուն շարժմանցը կը հետեւի աչքերով։ Քատրիլին բոլոր ձեւերը կը կատարուին, կը սպառին։ Միհրան կը ստեղծէ նորանոր ձեւեր, որոց տրամադրութեան համեմատ քաւալիեները տամաներուն հետ անանկ շղթաներ կը կազմեն, որ աղէկ տպաւորութիւն չեն ըներ Աթանաս աղային վրայ։ Շղթաներն երթալով կ'երթան եւ կնճռալի երեւոյթ մը կ'առնեն։ Աթանաս աղան հաճոյք չզգար այն շղթաներէն, բայց հաճոյք չզգալը չկրնար յայտնել` վախնալով, որ էնսիւլթ մ՚ալ ըրած կ'ըլլայ, բայց հաճոյք չզգալն ալ չուզեր շարունակել, ուստի պարողներուն ուղղելով խօսքը կ՚ըսէ.

—Չյոգնեցա՞ք, չյոգնեցա՞ք, հիւանդ պիտի ըլլաք, եկէք նստեցէք, քիչ մ՚ալ խօսինք։ Քատրիլն ալ բան մ՚ըլլայ պարէ։

—Մենք չյոգնեցանք, չյոգնեցանք, կը պատասխանեն։

—Ան ձեւերն հեռուանց շատ տձեւ կ'երեւան կոր, քատրիլի չեն նմանիր կոր… թեւերնիդ պիտի ցաւցնէք… այսչափ խաղացիք, հերիք է… կենէ դուք գիտէք, ամա…

—Աթանաս աղայ, անհոգ եղիր, մենք չենք ցաւցներ, չենք ցաւցներ մենք։

—Քրտնեցաք, վերջը պիտի մսիք։

—Չքրտնեցանք, չենք մսիր։

Աթանաս աղան նկատելով, թէ չյաջողեցաւ այս հնարքը, հրաման կ՚ընէ, որ քոնեաք բերեն։ Քոնեաքը կը բերուի։

—Մէյ֊մէկ քոնեաք խմեցէք։

Պարողներն նախ կը մերժեն եւ ապա, Աթանաս աղային թախանձանաց վրայ, կ՚ընդունին քոնեաքը, եւ այս եղանակաւ կը վերջանայ պարը։ Պարը կը վերջանայ, բայց Աթանաս աղան «անձրեւէն փախչիմ» ըսելով` կարկուտի կը բռնուի։ Միհրանն Աթանաս աղային տիկինը թեւը կ'առնէ, ու կը սկսին սրահի մէջ ճեմել։ Աթանաս աղան կը կանչէ տիկինը։ Միհրան թող չտար` առարկելով, թէ քաւալիէի մը նուիրական պարտականութիւնն է իւր տաման պտտցնել, զի մի՛ քրտինքն պաղի եւ հիւանդութիւն բերէ։ Միհրան քառորդի մը չափ պտտելէն յետոյ Աթանաս աղային տիկնոջը հետ` թիկնաթոռի մը վրայ կը նստեցնէ զայն եւ իրար կ'անցնի մուշտակ մը գտնելու եւ տիկնոջը կռնակը դնելու համար։

—Քիւրք մը, քիւրք մը, պզտիկ քիւրք մը… տիկինը չմսի… Աթանաս աղայ, տիկնոջ քիւրքն ո՞ւր է…

—Սենեակը տաք է, կը պատասխանէ Աթանաս աղան։

—Ի՞նչպէս տաք… չըլլար, էֆենտիմ, չըլլար… իմ բարտըսիւս բերեմ… եւ իւր թիկնոցը կը բերէ։

—Չեմ ուզեր, չեմ ուզեր, կ՚ըսէ տիկինը։

—Կ'աղաչեմ, տիկին, պարէ յետոյ զգուշութիւններ պէտք է… Ի՞նչ վնաս ունի… սանկ քիչ մը շարժեցէք, որ դնեմ կռնակնիդ։

—Թող մնայ, չուզեր, շնորհակալ եմ։

Միհրան մտիկ չըներ, իւր կամք կը կատարէ։

Աթանաս աղան չգիտ է ր, ինչպէս մեկնել Միհրանին այս վարմունքը։ Կը խորհի, կը դատէ, կը տրամաբանէ, բայց չուզեր եզրակացութիւն մը հանել։

Մեկնելու ժամը կու գայ։ Հիւրերն ոտք կ'ելնեն, մնաք բարովները, մեզի ալ հրամմեցէք ները իրարու կը յաջորդեն։ Ասդին ալ Միհրան Աթանաս աղային տիկնոջը ձեռքն ափին մէջ առած կը թօթուէ ու կը թօթուէ զայն` հազար ու մէկ յարգանքներ արտայայտելով տիկնոջ։

—Շատ երջանիկ եղայ` զձեզ ճանչնալու պատիւը վայելելուս համար, ո՜ւր էր, թէ շատոնց ճանչցած ըլլայի զձեզ, տիկին, որ գեղեցիկ սեռին մէջ կը փայլիք, որպէս ակն պատուական, կը յուսամ, թէ այսուհետեւ յաճախ զձեզ տեսնելու բարեբախտութիւնը չպիտի զլանաք ինձ… դուք ալ հրամմեցէք հօրաքրոջս տունը… ժամանակ կ՚անցնենք… միջադէպին համար ձեր ներողութիւնը կը խնդրեմ… վերստին տեսնուինք. եթէ լաւանտան հաւնեցաք, լաւանտային շիշը հոս թողում… բայց չէ, ուրիշ մը կ'առնեմ ձեզի համար… մնաք բարով… մեծապէս գոհ եմ այս գիշերուան զբօսանքէ… ներեցէք, եթէ պակասութեան մը մէջ գտնուեցայ… մնաք բարով… կը սպասենք ձեզի… հրամմեցէք… կեցէք բարեաւ…

Հիւրերը կը մեկնին, ինչպէս նաեւ Միհրան։

—Աս ի՞նչ պուլաշըխ զեւզեկ է եղեր, կ՚ըսէ Աթանաս աղան տիկնոջը` հիւրերուն մեկնելէն ետքը։

—Դուն ալ կը նայիմ, որ թոհաֆ մարդ մ՚ես. պուլաշըխ է նէ, մեզի ի՞նչ. պոշ բաներու համար սիրտ կը հատցունես։

—Ըրածները վայլո՞ւն բաներ էին։

—Է, ի՞նչ ըրաւ չոճուխը, գլուխնուս ելաւ, նստեցա՞ւ. քիչ մը զեւզեկ է եղեր, ի՞նչ ընենք։

—Կը նեղուիս կոր տէի, բարկացայ ես։

—Է, քիչ մը նեղացայ առջի բերան, բայց վերջը վարժուեցայ։

—Ոչ խիպ ունի, ոչ ամօթ։

—Խիպի, ամօթի բան չկայ հոս. չեմ հասկնար, ինչու այսչափ կը բարկանաս։

—Անոր համար բարկացայ, որ քեզի սըխընթը կու տար կոր… չէ նէ, ինչուս պէտք իմին… բայց կը վայլէ՞, որ երիտասարդ մը ուրիշի կնոջը հետ այսչափ թեքլիֆսիզ տեսնուի… տեսնողները ծուռ մտքի կը տանին. ես ալ եթէ ուրիշի մը կնոջ հետ անոր այսպէս վարուիլը տեսնամ, ի՞նչ մեղքս պահեմ, կը գայթակղիմ…

—Պարէ տղան մտքէն անցունէ անանկ բան մը…

—Սանքի ուրիշի կնոջ մը հետ այսպէս վարուիլը տեսնամ նէ, կ'ըսեմ կոր ես, դուն չհասկցար… բայց ինչ որ ալ ըլլայ, վայլուն բան չէ։

—Պոշ խօսքե՜ր…

Աթանաս աղան խնդիրը փափուկ կը գտնէ եւ կը լռէ։

Հետեւեալ գիշերն Աթանաս աղան եւ իւր տիկինը կ'ընթրէին։ Յանկարծ Միհրան երեւցաւ անոնց։

—Բարիկուն, տիկին, բարիկուն, Աթանաս աղայ, ձեզի տեսնելու համար եկայ. այս գիշեր հօրաքրոջս տունը պիտի երթանք` քիչ մը ժամանակ անցունելու։

—Շնորհակալ եմ, բայց ժամանակ չունիմ այս գիշեր, պատասխանեց Աթանաս աղան։

—Անկարելի է, մինչեւ որ ձեզի չառնեմ, չեմ երթար։

—Սարսափելի սանճի մը ունիմ։

—Ատ ուրիշ։

—Այո՛, սարսափելի սանճի մը։

—Իրաւունք ունիք։

—Այո՛, սարսափելի սանճի մը։

—Ատոր ըսելիք չունիմ։

—Այո՛, սարսափելի սանճի մը. ի՞նչ է, չիյտեմ։

—Հանգիստ ըրէք ուրեմն այս գիշեր։

—Այո՛, սարսափելի սանճի մը, նստելու իսկ ժամանակ չունիմ, երթամ պառկիմ պիտի, սարսափելի սանճի մը։

—Գացէք, պառկեցէք, ես տիկինը կ'առնեմ, կը տանիմ, հոգ մի՛ ընէք, վերջն ալ կը բերեմ. Աթանաս աղայ, դուն հանգիստդ նայէ։

—Ան ալ չկրնար գալ, ան ալ սարսափելի գլխու ցաւ ունի։

—Դուրս ելլալուն պէս գլխու ցաւը կ'անցնի։

—Չանցնիր։

Տիկինը ձեռնպահ է։

—Գոնէ տիկինն առնեմ, տանիմ պիտի։

—Չըլլար։

—Իլլեքի պիտի տանիմ, որոշուած է։ Կը սպասեն կոր նէ…

Խիկարի էջերն չեն բաւեր, եթէ պատմել սկսինք Միհրանին թախանձանքը, Աթանաս աղային բարկութիւնն եւ տիկնոջն անտարբերութիւնը. ուստի փութանք յայտնելու, թէ Աթանաս աղան ճարահատեալ ստիպուեցաւ համակերպիլ Միհրանին հրամանաց։ Միհրան մեծ փոյթ եւ եռանդն ցոյց տուաւ, Աթանաս աղային տիկնոջ թուալեթի միջոցին ետեւէն հայելի բարձրացուց, վերարկուն բռնեց, որ հագնի, կօշիկները հագցուց եւ անոնց խրացքը կապեց։ Աթանաս աղան չճաթեցաւ։ Միհրան փողոցն ալ մեծ հոգ տարաւ, որ տիկինը ցեխոտ տեղեր չկոխէ, շատ անգամ թեւը մտաւ, քանի մ՚անգամներ ձեռքէն բռնեց ու ջուրերու հոսանքէն անցուց` ցատկեցնելով զայն։ Աթանաս աղան ալ ինքզինքը հոսանքի տուած կը հետեւէր անոնց` իւր անձին երեք քառորդն ուտելով։ Վերջապէս հասան Միհրանին հօրաքրոջը տունը, Միհրան ուզեց Աթանաս աղային տիկնոջ լաստիքները հանել։

—Ի՞նչ կ'ընէք, պարոն Միհրան, թող տուէք, որ հանէ լաստիքները, զահմեթ մի՛ ընէք, շնորհակալ ենք, ըսաւ Աթանաս աղան` վերջին բառերը շեշտելով։

—Ի՞նչ վնաս ունի, էֆենտիմ, մեր պարտականութիւնն է։

—Բնաւ ձեր պարտականութիւնը չէ, կ'աղաչեմ, ինքը թող հանէ։

Տիկինը հանեց լասթիքներն, ու վեր ելան։

Տան տէրերն ու հիւրերը բարեւներ փոխանակեցին իրարու հետ, յետոյ սկսան խօսակցիլ այլ եւ այլ նիւթերու վրայ, քանի մը տիկիններ եւ օրիորդներ բամբասեցին, յետոյ քիչ մ՚երգեցին, քիչ մ՚ալ պարեցին Աթանաս աղային տիկինը չպարեց եւ վերստին սկսան խօսակցութեան։ Պէտք չէ մոռնալ սակայն, թէ Միհրան մերթ ընդ մերթ Աթանաս աղային տիկնոջ քով կ'երթար եւ ձեռներն շփելով այնպիսի շարժումներ կ'ընէր, որք կրնային թարգմանուիլ այսպէս. «Պատրաստ եմ ձեզի ծառայելու»։ Տիկինն ալ ժպիտով մը կը պատասխանէր. «պէտք չունիմ ձեր ծառայութեանէ։ Իրերն այսպէս կը շարունակուէին, երբ յանկարծ պզտիկ միջադէպ մը իրաց վիճակը ծանրացուց։

Միհրանին հօրաքոյրն, որ Միհրանին քով նստած էր բազմոցի մը վրայ, հրաւիրեց Աթանաս աղային տիկինն, որ իւր քովը նստի։ Տիկինն ընդունեց հրաւէրը, բայց տեղը քիչ մը նեղ էր։ Ամուսիններ կան, որ չեն ուզեր իրենց կանանց նեղ տեղեր նստիլը։ Ուստի`

—Անհանգիստ եղաք հոն, պարոն Միհրան, պոռաց Աթանաս աղան տեղէն ելնելով, եկէք իմ տեղս նստեցէք։

—Կ'աղաչեմ, Աթանաս աղայ, ոտքդ պագնեմ, արեւդ սիրեմ, անհանգիստ չեմ, շատ աղէկ եմ հոս, նստեցէք տեղներնիդ։

—Իրաւ, նեղեցի զձեզ, պարոն Միհրան, յարեց Աթանաս աղային տիկինը։

—Ամենեւին, Աստուած վկայ, որ չնեղեցիք ինձի, հօրս հոգւոյն վրայ կ՚երդնում, որ շատ հանգիստ եմ, կ ե նճութեանս խէրը չտեսնամ, թէ որ հանգիստ չեմ, ինչո՞ւ պարապ խօսքեր կ'ընէք։ Աստուածդ սիրես, նստէ տեղդ, Աթանաս աղայ, չէ նէ, մէյ մ՚ալ երեսդ չեմ նայիր։

—Ինչո՞ւ սիրտ կը հատցնէք, Աթանաս աղայ, նեղուի նէ, թող ելլայ, տղայ չէ եա՛։

—Իրաւ որ նեղեցի, ես կ'ելլամ, ըսաւ Աթանաս աղային կինն ու ելաւ էրկանը քով նստաւ։

—Տեսա՞ք մի, դարձեալ էնսիւլթ, էնսի՜ւլթ է այս ինձի, պոռաց Միհրանը։

—Աթանաս աղայ, իրաւ որ այս քիչ մը էնսիւլթ է, կրկնեցին քանի մը տիկիններ։

—էնսիւլթի ի՞նչ կայ, հարցուց Աթանաս աղան։

—Ի՞նչ էնսիւլթ, կրկնեց Աթանաս աղային տիկինը։

—Մենք գիտենք եա՛, բայց մեր տունը պատուաւոր է…

—Քանաբէի վրայ երեք հոգի նստեր էին, տեղ չկար, տիկինը մազ մնաց, որ Միհրանի ծունկին վրայ պիտի նստէր եւ նեղէր պիտի տղան։

—Թող նեղէր, քեզի չպիտի նեղէր ա՛, անոր ծունկին վրայ պիտի նստէր, տղայ չէր ա՛, թող ելնէր, թէ որ ծունկը ցաւէր… ասանկ բաներ չվայելեր, Աթանաս աղայ, ձեր ըրածն ամէնուս ալ կը դպչի, ներեցէք։

—Բայց բան մը չըսինք, կարծեմ։

—Կարծեմ, թէ էնսիւլթի բան մը չեղաւ, ըսաւ Աթանաս աղային տիկինն` ուժ տալով իւր էրկանը։

—Եթէ չըրիք, կու գաք նորէն քովս կը նստիք, որ մենք ալ հասկնանք, թէ էնսիւլթ ըրած չէք, ըսաւ Միհրանին հօրաքոյրը։

—Հարկ չկայ, ա՛լ երթանք պիտի։

—Տիկին, քիչ մը նստեցէք, որ սա խօսքը գոցուի։

Տիկինը կ'երթայ, քանի մը վայրկեան կը նստի` այս անգամ Միհրանին հօրաքրոջը տալով մարմնոյն ծանրութեան մեծ մասը։

—Այսչափ ալ լրբութիւն կենացս մէջ տեսած չունէի, ըսաւ Աթանաս աղան ինքնիրեն։

—Էնսիւլթի խնդիրն ալ վերջացաւ, ըսաւ Միհրան եւ տեղէն ելաւ։

Քանի մը տիկիններ իրարու փսփսացին.

—Աթանաս աղային համար կոշտ է կ'ըսեն նէ, իրաւունք ունին եղեր։

—Է՛հ, երթանք, ըսաւ Աթանաս աղան եւ ոտք ելաւ։

Տիկինն ալ մնաք բարովները լմնցուց, եւ էրիկ կնիկ դուրս ելան։

—Տեսա՞ր մի խայտառակութիւնը։

—Ինչո՞ւդ պէտք։

—Վրան նստելու պէս կ'ընես կոր տէ, տեղէն չերերար կոր սրիկան։

—Չէ՛, ճանըմ, չէ՛, սրիկայ չէ, միամիտ է։

—Միամի՞տ է մի, լիրբին մէկն է։

—Տեսա՞ր, որ անանկ չէ գործը։

—Անանկ չէ տէ, ի՞նչպէս է գործը։

—Ատ զեւզեկին ո՞վ կարեւորութիւն կու տայ. գացի նստեցայ, շրջազգեստս ծունկին դպաւ քիչ մը, ի՞նչ վնաս ունի, ով կը սեպէ ան թեթեւը. բայց դուն մէկէն ի մէկ խոյլանմիշ կ'ըլլաս, պարապ տեղը խօսք կը հանես։

—Միամիտ է եղեր…

—Միամիտ է եա՛։

—Ես անանկ միամտութենէն չեմ ախորժիր եւ մէյ մ՚ալ դուռ չեմ բանար այդ անառակին։

Արդարեւ, կան կանայք, որ միամտութեան կը վերագրեն ամէնէն աւելի յստակ եւ զուտ անառակութիւնները, բայց Աթանաս աղային տիկինն կանանց այդ դասուն չվերաբերիր, միայն թէ առանց գիտնալու՝ թեթեւ հաճոյքներ կը պատճառէ երբեմն ուրիշներուն, բայց երբ համոզուի, թէ դիմացինին միտքը ծուռ է, անմիջապէս կը սկսի զգուշանալ, որպէս այս անգամ կը համաձայնի Աթանաս աղային` իւր տանը դռները փակել Միհրանին, որ դեռ կը շարունակէ շաբաթը երկու երեք անգամ անոնց դուռը զարնել։ Աթանաս աղան որոշած է, կ'ըսեն, Միհրանին գլուխն ի վար ջուր թափել պատուհանէն, եթէ օր մ՚ալ իրենց դուռն ափ առնէ։ Եւ տուշը ոչ էնսիւլթ է եւ ոչ ալ քաղաքավարութեան հակառակ։