Քաղաքավարութեան վնասները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Զաքար աղան ականջի սոսկալի ցաւ ունի, ամբողջ գիշեր կը չարչարուի սպասելով արշալոյսին, որ բժիշկի մը դիմէ։— Ականջի ցաւն, որպէս յայտնի է, շատ անգամ առաջ կու գայ անպարկեշտ խօսքեր, ստութիւններ եւ զրպարտութիւններ լսելէ։— Արեգական դուստրը` չդիմանալով Զաքար աղայի ականջին ցաւուն, կը պատահի երբեմն, որ բուն ցաւակիրն այնքան չզգար իւր ցաւն, որքան փափկասիրտ ոմն որոշեալ ժամանակէն առաջ կը հասնի, եւ Զաքար աղան լապտերը վառելով կ'երթայ զարնելու դեղարանի դռան մը, որու վրայ գրուած էր` «գիշերներն ալ բաց է»։ Չբացուիր դուռը։ Զաքար աղան վերստին կը բախէ այն սաստկութեամբ, որով կը ցաւէր ականջը։ Ոչ ոք ձայն կու տայ։ Կը տանջուի խեղճը` անկարող ոտքի վրայ կայնելու կամ նստելու, խօսելու կամ լռելու, կարագէ բախումներն` աստիճանաբար սաստկացնելով զանոնք։ Վերջապէս բարակ ձայն մը կը լսուի վերէն.

—Ո՞վ է ան։

Հարցումն ընողն երեսնամեայ տիկին մը կը թուէր դէմքէն, զոր պատուհանէն ցոյց կու տար։

—Ես եմ, կը պատասխանէ Զաքար աղան ճուալով։

—Դուն ո՞վ ես։

—Ես եմ… Զաքար աղայ, կ՚ըսէ` ցաւէն գլուխն երերելով։

—Զաքար աղան ո՞վ է։

—Խօսելու ժամանակ չունիմ, տիկին, ականջի ցաւ ունիմ սարսափելի։

—Ականջի ցա՞ւ ունիք… առտուանց ասանկ կանուխ… ո՞վ կ՚ըսուիք դուք։

—Էո՜ֆ… Զաքար աղա… տիկին, Զաքար աղա… եաւրո՛ւս… Զաքար, Զաքար… Զաքար կ'ըսեն ինձի… Նոյեմիին փեսան… Զաքար… Զաքա՜աաար։

—Նոյեմին ո՞վ է… ինչ է նէ… սպասէ քիչ մը, հիմա կը բացուի։

—Էֆենտիին ըսէք, որ շուտ մը վար իջնայ, կ'աղաչեմ։

—Հիմա պիտի գայ, քիչ մը գործ ունի ձեռքը… սպասեցէք։

Տիկինը կը քաշուի` պատուհանը գոցելով, բայց Զաքար աղային ցաւը չքաշուիր։

—Շուտ ըրէք, բացէք դուռը, կը պոռայ։

Քառորդէ մը դուռը կը բացուի։ Դեղարանի սպասաւորն կը սկսի աւլել։ Դեղագործը դեռ չերեւար։ Զաքար աղան ցաւէն հազար պատկերի կը փոխէ դէմքը` մերթ ընքուիները վեր առնելով, մերթ մէկ աչքը գոցելով, մերթ քիթը սղելով, մերթ ակռաները սխմելով, մերթ բերանը բանալով։ Կը պտտի դեղարանի մէջ` նայուածքն ուղղելով միշտ դեղարանի միջին դռան, ուսկից պիտի գար դեղագործն, որուն պիտի աղաչէր դեղ մը կաթեցնել ականջին։

Արեւը կը ծագի։ Քանի մը հիւանդներ եւս կու գան սպասելու բժշկի։ Միջին դռնէն կը մտնէ դեղագործը։

—Էֆենտի, շուտ մը դեղ մը տայիք ականջիս։

—Սպասեցէք, բժիշկը հիմա կու գայ։

Զաքար աղան աթոռի մը վրայ կը նստի` գլուխն ձեռաց մէջ, աշխարհ աչքին չերեւար, խօսելու կարողութիւն չունի։ Բայց կը թողո՞ւն մարդուս չխօսիլ, բռնի խօսիլ կու տան։

—Կարծեմ ականջնիդ կը ցաւի, կ՚ըսէ հիւանդներէն մին։

Իբրեւ այո գլուխը կը ծռէ Զաքար աղան։

—Շատո՞նց ի վեր կը ցաւի։

Իբրեւ ոչ գլուխը վեր կը վերցնէ Զաքար աղան։

—Շա՞տ կը ցաւի։

Իբր շատ գլուխը կը շարժէ քանի մ՚անգամ Զաքար աղան։

—Ինչէ՞ն առաջ եկաւ։

Պատասխան գլխու շարժմամբ տալն կարելի չէր. լռութիւնն քաղաքավարութեան հակառակ էր. ինչուդ պէտք մը պիտի դատապարտուէր քաղաքավարութենէ. ուստի Զաքար աղան, թէեւ ընկճուած ցաւին ներքեւ, ձեռքն ականջին վրայ կը սկսի խօսիլ.

—Պէ աղբար, երէկ իրիկուն քիչ մը քրտնած էի… Վոսփորի թիւ 2 շոգենաւը մտայ…

—Ներեցէք թիւ 2 շոգենաւը Հիսար կը հանդիպի՞ մի, ընդմիջեց հիւանդներէն մին։

—Այո՛, կը հանդիպի։

—Շատ ծանր կը քալէ ան շոգենաւն, կ՚ըսէ հիւանդներէն ոմն։

—Ես ան շոգենաւը բնաւ չեմ մտներ, կը յարէ երրորդ մը։

—Ես ալ մտած չունիմ, կ՚աւելցնէ չորրորդ մը։

—Էյ, թիւ 2 շոգենաւը մտաք… յետո՞յ… կը հարցունէ ինչէն առաջ եկաւի հեղինակը։

—Թիւ 2 շոգենաւը մտայ, Ղազարոս աղան ըսաւ, որ…

—Խօսքդ մի մոռնար, Ղազարոս աղան ըսածդ սա մեր բարեկամ կօշկակա՞րն է, կը հարցնէ հիւանդներէն մին։

—Այո՛։

—Ի՞նչպէս եղան գործերը։

—Ղազարոս աղային գործն աւրուա՞ծ էր որ… կը հարցնէ երկրորդը։

—Մե՞ր Ղազարոս աղան, կը պոռայ երրորդը զարմացմամբ։

—Աւրուած էր եա՛, կը պատասխանէ չորրորդը, անառակ փեսայի մ՚ինկաւ մարդը… Դերենիկին… տունն ինչ կար, չկար ծախեց։

—Դերենի՞կը… սա՞ Դերենիկը… վայ անպիտան… Բարսեղին տղան… հայրը բարի մարդ էր…

—Անանկ է նէ, մօրը ելեր է, կ՚ըսէ մին։

—Մայրն ալ բարի կնիկ մ՚էր, էֆենտի՛մ, կը մրմռայ ուրիշ մը։

—Խեղճ Ղազարոս աղա… կ՚ըսէ միւսը, ի՜նչ աղէկ կօշիկ կը կարէ, աժան եւ դիմացկուն…

—Կօշիկը չկրնար ոտքի յարմարցնել, կը պատասխանէ ուրիշ մը, քանի մը խալիպներ ունի, միշտ անոնց վրայ կը ձեւէ եւ կ'ուզէ, որ բոլոր միւշտերիներուն ոտքերն իր խալիպներուն մեծութիւնն ու ձեւն ունենան։

Հիւանդաց այս խօսակցութեան միջոցին Զաքար աղան երկու ցաւ միանգամայն կը զգար. առաջինն` ականջի ցաւ, երկրորդն` ընդմիջման ցաւ։ Թո՛ղ չեն տար մարդուն, որ խօսի, ինչպէս որ քիչ մ՚առաջ թող չտուին, որ չխօսէր։ Բայց քաղաքավարութիւնը հրամայեց, որ համբերէր, եւ համբերեց, մինչեւ որ առաջին հարցման հեղինակն խօսք առնելով ըսաւ.

—Բայց թողունք խալիպները եւ մտիկ ընենք Զաքար աղան։ Էյ Զաքար աղայ, ի՞նչ ըսաւ Ղազարոս աղան։

—Ղազարոս աղան ըսաւ, որ, շարունակեց Զաքար աղան, շոգենաւին գլուխը նստինք, քիչ մը հով առնենք…

—Խօսքդ մեղրով կը կտրեմ. քրտնած֊քրտնած շոգենաւին գլուխը կը նստուի՞ մի, աղբա՛ր, ըսաւ հիւանդներէն մին, որուն համակարծիք գտնուեցան նաեւ միւսները։

—Չնստուիր ա՛։

—Մեծ անխոհեմութիւն է։

—Առողջապահական օրինաց տգէտ ըլլալ ըսել է։

—Դուք հրաւիրած էք ձեր ցաւը։

—Երկաթեայ ականջ մ՚անգամ քրտնած֊քրտնած հովին առջեւ դրուելու չէ։

—Պարզապէս խենթութիւն է։

—Շիտակն, յիմարութիւն է։

Զաքար աղային համբերութիւնն հատնելու վրայ է, քաղաքավարութիւնն կը լեցնէ անոր համբերութեան անօթն։ Կը սպասէ եւ յետոյ կը շարունակէ խօսքն ունկնդրաց հրաւէրին վրայ։

—Քրտնած եմ, կը մսիմ, ըսի, եւ վարի սենեակն իջանք, նստեցանք…

Դարձեալ ընդմիջում։

—Ապրիս… տեսա՞ր մի խելացիութիւնը։

—Ներեցէք ուրեմն։

—Խօսքերնիս ետ կ'առնենք։

—Սանկ ըսէ… մենք կարծեցինք, որ շոգենաւին գլուխը նստեր ես։

—Աղէկ որ Ղազարոս աղային խօսքը մտիկ չես ըրած. անմիտ մարդուն մէկն է Ղազարոս աղան։

—Լուսահոգի եղբայրն ալ անանկ էր։

—Ատոր կինն ի՞նչ եղաւ։

—Կարգուեցաւ Համբարձումին տղուն հետ։

—Սա Մանուկին աներձագի՞ն հետ, որ տուն մ՚ունէր…

—Ան տունը չէրեցա՞ւ մի եա՛։

—Շատոնց էրեցաւ, գետինը մոսիո Անթուանն առաւ։

—Անթուանն ի՞նչ աղուոր աղջիկ ունի։

—Շատ ալ աղուոր կը հագուի թշուառականը։

—Անցեալ շաբթու ամազոն մը հագեր էր որ… ֆիտանի պէս…

—Ամազոնները քանիի՞ կու տան կոր։

—Խումաշը գիտէ, կէս ոսկիէն բռնէ՛ ու գնա։

—Ղալաթիա Բերայէն աժան է։

—Այո՛ ես զգեստներս միշտ Ղալաթիայէն կը գնեմ… սա բանթալոնս հինգ մեճիտիէի առած եմ։

—Ես ալ բաճկոնս երկու մեճիտիէի առած եմ։

—Բարտըսիւիս ութը մեճիտիէ տուի, բայց շատ աղէկ ապրանք է։ Թող որ ապրանքը ճանչցող բարեկամի մը հետ գնեցի։

—Թող տուէք, սա մարդը լմնցնէ խօսքը… խօսեցէ՛ք, Զաքար աղայ։

Զաքար աղան որոշած էր արդէն չշարունակել խօսքը, զոր կ'ընդմիջէին, ուստի պատասխանեց.

—Լմնցաւ իմ խօսքս… այսչափ էր…

—Չէ, չէ… այսչափ չէր…

—Քրտնած եմ, կը մսիմ, ըսիք ու «վարի սենեակն իջանք. նստեցանք», ըսիք… ի՞նչ ըրիք, նայինք, վարի սենեակը։

—Ի՞նչ պատահեցաւ վարի սենեակը։

—Ո՞վ կար վարի սենեակը։

—Լմնցուցի, աղբարներս, լմնցուցի։

—Ի՞նչ եղաւ վարի սենեակին մէջ, որ ականջիդ ցաւ մտաւ։

—Պատուհա՞նը բաց էր…

—Դռնէն հո՞վ կու գար կոր…

—Մէկն ականջի՞դ զարկաւ։

—Ինչո՞ւ չէք խօսիր, Զաքար աղայ։

—Ցաւը պահողը դարման չգտներ, կ'ըսեն, մի՛ պահեր, ըսէ, թերեւս մենք ալ կրնանք քեզի դեղ մը յանձնարարել։

—Բանի՞ մը բարկացաք, որ չէք ուզեր շարունակել։

—Ամենեւին։

—Սիրով մտիկ կ'ընէինք կոր… ինչո՞ւ կտրեցիր մէկէն ի մէկ. շարունակէ, շարունակէ, ցաւդ ալ կը մոռնաս։

Զաքար աղան վերստին առաւ խօսքին թելը։

—Վարի սենեակն իջանք, նստեցանք… մեր քովի պզտիկ պատուհանը բաց էր, նոյնպէս բաց դիմացի պատուհանի…

Դարձեալ ընդմիջում։

—Քուրան տէր քուրան տէր…

—Աղբար, մէկ հատը գոցէիր…

—Քուրան տէրի մէջ կը նստուի՞ մի եա՛…

—Տղայութիւն է։

—Անմիջապէս գոցել տուի, շոգենաւէն ելայ, տուն գնացի, գիշերն սկսաւ ականջիս ցաւն, ահա այսչափ, ըսաւ եւ անուշ տեղը կապեց Զաքար աղան` ծածկել ջանալով բարկութիւնը։

—Պաղեցուցած էք ձեր ականջը։

—Այո, պաղեցուցած է։

—Բան մը չէ, կ'անցնի։

Դեղագործն, որ դռան առջեւ կեցած էր, աւետեց, թէ բժիշկը կու գար։ Զաքար աղան պատրաստուեցաւ եւ ամէնէն առաջ ներկայացաւ բժշկին, երբ դեղարանը մտաւ սա։ Բժիշկը բարեբախտաբար քիչ ընդմիջեց իւր հիւանդին խօսքը, դեղագիր մը գրեց եւ վարձքն առաւ։

Զաքար աղան պատրաստել տուաւ դեղն եւ բարկութեամբ, զոր կը ջանար միշտ ծածկել ներկաներուն, դուրս ելաւ դեղարանէն` ինքնիրեն խօսելով.

«Աս ի՞նչ գէշ բան է թող չտալ մէկուն, որ խօսքը լմնցնէ. ամէն կողմէն դիտողութիւն մը, հարցում մը… մարդս ըսածն ալ կը մոռնայ, ըսելիքն ալ։ Զղջացայ, բարով խէրով չըսէի, որ ականջի ցաւ ունիմ. մեր գիտցածը մէկուն խօսքը մտիկ կ'ընեն, վերջն ալ իրենք կը խօսին։ Խօսողն որպէս թէ ես էի… ինձմէ աւելի խօսեցան ունկնդիրներս։ Մարդ Աստուծոյ, սպասէ, լմնցնեմ խօսքս, վերջն ալ դուն խօսէ։ Կարծես ականջիս ցաւն սաստկացաւ բարկութենէս… տէր ողորմեա… տէր ողորմեա… բերան բանալու չէի, բայց ան ալ թող չեն տար»։

Զաքար աղան բարկանալու իրաւունք պիտի չունենար, եթէ զգար, թէ ինքն ալ ունէր ուրիշի խօսքն ընդհատելու տկարութիւնը, տկարութիւն մը, որ, պզտիկ բացառութեամբ, գրեթէ ամէն հայու վրայ կ'երեւայ։ Ազգային ժողովներու մէջ, յանձնաժողովներու մէջ, ընկերութեանց մէջ, մեր ընտանեկան եւ առեւտրական կենաց մէջ ամէն օր ցոյց կու տանք այս տկարութիւնն, որ սովորութիւն դարձած է ի մեզ։ Ես ալ անհամբեր եմ, չեմ կրնար ներել մէկուն, որ խօսքը շարունակէ, յաճախ կ'ընդհատեմ անոր խօսքը, խնդրէն դուրս այլ եւ այլ հարցումներով, մինչեւ որ խեղճը կը մոռնայ ըսելիքն եւ ինձ կը հարցնէ.

—Ի՞նչ պիտի ըսէի… ո՞ւր պիտի բերէի, կապէի խօսքը… ճա՛նըմ, ի՞նչ բանի վրայ էր խօսքերնիս… բան մը պիտի ըսէի, թոհաֆ տեղ մը պիտի բերէի կապէի…

Յետոյ կը սկսիմ իրեն օգնել, որպէսզի թոհաֆ տեղը գտնէ։ Չկրնար գտնել եւ կը մեկնի խոստանալով, թէ պիտի գայ զիս տեսնելու, երբ գտնէ խօսքին թելը։

Ըսել է թէ ընդմիջող մ՚եմ առաջին կարգի, բայց անանկ ընդմիջողներ կան, որոնց քով բնաւ նշանակութիւն չունիմ։ Ասոնց քով մարդս ոչ միայն խօսքին թելը կը կորսնցնէ, այլ ինքզինքն ալ։

Աստուած պահպանէ զձեզ եւ ձեր զաւակները այս տեսակ ընդմիջողներէն։