Ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ԸՆԿԵՐՈԻԹԵԱՆ Ի ՆՊԱՍՏ

Տեա՛րք եւ Տիկնայք

Յառաջ քան վերջին ողջոյն մը տալու այս փոքրիկ թատերաբեմին, հաճեցէք ունկնդիր ըլլալ քանի մը խօսքերուս, զոր կը թելադրեն ինձ սրտիս լիալիր զգացմունքը եւ նիւթոյն կարեւորութիւնը։

Փոքրիկ ըսի այս հանդէսին, բայց ինչպիսի՜ խորհրդաւոր, մեծատարած տեսարան մը բացաւ մեր սրտին ու մտացը առջեւը. ժիրաժիր, անվեհեր երիտասարդք, ո՛չ ի հուր եւ ո՛չ ի սուր արշաւելով՝ արենացայտ դափնիք ի գլուխ, կը մատչին առ Հայրենիս, եւ ոչ մէնամարտ խաղուց եւ մրցանաց մէջ յաղթականք՝ քրտնահար ճակատնին կը մատուցանեն մօր մը խանդաղատելի համբուրից։ Ա՛յլ են սոցա խաղերը, ուրիշ կերպով թափեցան սոցա քրտինք, ա՛յլ են սոցա յաղթանակն ու դափնիք: Նոցա կողոպտած գանձերն ու ճոխ աւարները չկանգնեցին եւ չզարդարեցին բարձրաբերձ պարիսպներ եւ պալատներ, փարթամ վայելից եւ շռայլութեան ճարակ չմատուցին, այլ աղքատին դատարկ գիրկը լեցուեցան, նորա արցունքը դադրեցուցին, թշուառութեան ճիրաններէն յափշտակեցին զնա, որ հիացմամբ կը հարցնէ, թէ ուստի՞ եկան իրեն այս նոր բարերարները։ Ուստի՞ եկան. գթութեան ոգին ղրկեց զիրենք. այն, որ երկնային բնագաւառներէն իջնալով՝ երկրիս վրայ կը դեգերի միշտ, թշուառ մարդկութեան դողդոջ քայլից առջեւ յոյս եւ մխիթարութիւն կը սփռէ, անողօք բախտին հարուածները կը զարմացնէ, արեանց վրայ ծաղիկ կը ցանէ եւ աւերակաց վրայ լոյս կը ծաւալէ։ Ուր որ ինքը կ'երեւնայ, ամէնայն ինչ կը ժպտի, ամէնայն ինչ նորոգ կը ծաղկի ու կը կենդանանայ. ինքն է, որ փափուկ ու վեհ սրտերը իրեն օթեւան ընելով՝ մարդկային ցեղը տագնապող աղէտից դէմ խնամակալու անձինք կը յարուցանէ, որ չեն սպասեր, թէ աղքատը իրենց գայ, իրենք աղքատին կ'երթան՝ հացը ձեռքերնին, անուշ ու սփոփիչ խօսքեր ի շրթունս։ Այսուհետեւ աղքատը գիշերն ի բուն յուսահատութեան եւ հեծութեանց մէջ պիտի չտքնի, կամ ցաւոց անկողնոյն մէջ տարածուած՝ յուղասպառ կանթեղին առկածեալ լոյսը մինակ պիտի չհսկէ իւր վրան։ Ո՜հ, եթէ երկնից աչքին քան զբնաւս սխրալի եւ հաճելի տեսարան մը կայ, մարդոյ առ մարդն ցույց տուած գթասիրութեան տեսարանն է։ Մէկը, որ կ'իյնայ, եւ միւսը, որ անոր ձեռք կը կարկառէ. մէկը, որ կու լայ, եւ միւսը, որ նորա արցունքը կը սրբէ. մէկը, որ վիրաւոր կը հեծէ, եւ միւսը, որ նորա վերքը կը պատէ. այսպէս՝ գթոյ եւ թշուառութեան, ցաւոց եւ մխիթարութեան խորհրդաւոր եւ անքննելի լծորդութեամբն եւ հակադրութեամբը կը վերականգնի, կը վսեմանայ եւ բարձրագլուխ յառաջ կը քալէ առ նպատակն իւր տիեզերաց ներդաշնակութեանց մէջէն։

Բայց մինակ մարդասիրութեան օրինակը ու գաղափարը չէ, որ ընծայեցին մեզ այս երիտասարդները, այլ անցելոյն մթին վարագոյրն ալ բացին մեր մտաց առջեւ, եւ տեսանք, բա՜բէ, տեսանք հոն մեր ազգն ալ, մեր հայրենիքն ալ, իւր դիւցազունքը, իւր թշուառութիւնքը, իւր թաղեալ մեծութիւնը։ Արշակայ նման թագազարդ եղեռնագործք ի վիհ կորստեան կը գլորեն ազգը, եւ Անյուշ բերդին արհաւրայցը մէջէն իրենց խղճին, անհուսութեան եւ շղթայից ձայները կը խառնեն համակործան խորտակմանց շառաչմանցը։ Ատելութիւն, նախանձ, մատնութիւն կը դաշնակցին արտաքին թշնամեաց հետ. ի զուր Վահան եւ իւր նմանները հրաշալի քաջութեան եւ հայրենախանձ սիրոյ փայլ մը կը ցոլացնեն այդ տխուր ժամանակաց վրայ։ Հայ ազգը դարերու հոսանքին մէջ ապառաժէ ապառաժ զարնուելով՝ ոգեսպառ ինկաւ, եւ մոտ էր իւր ոսկորները խառնելու ընդ ոսկերս այնքան մեռեալ ժողովրդոց, որք աստուածային խորախորհուրդ ակնարկութեամբ երեւցան, փայլեցան եւ աներեւոյթ եղան։ Սակայն նոյն դարուց մէջէն ձայն մը լսուած է, թէ «Պետք չէ յուսահատիլ ազգի մը փրկութենէն, եթե յանձն առնու կրթուիլ, եւ թէ նախախնամական եւ բարոյական մեծագոյն օրինաց մեկը դաստիարակութիւնն է, եւ անով աստուած բժշկելի ըրաւ ազգերը: Այդ փրկաւէտ ձայնէն շուտով արթնցաւ ու շարժեցաւ Հայութիւնը, եւ հանկարծ կանգնեցան վարժարանք եւ ուսումնարանք, յորոց մին է նաեւ այս յարկը, որ զմեզ հաւաքեր է, եւ զոր կառուցին բազմերախտ ձեռքեր, որպէսզի դաստիարակութիւնը իր ամէնէն քաղցր եւ ամէնէն մաքուր աղբիւրներէն բղխի, այսինքն՝ մայրենի սրտէն։ Այդքան ճիգ ու այդքան զոհ, որ ի գործ կը դրուին այժմ ազգին մէջ կրթութեան բարիքը ու լոյսը ընդհանուր ծաւալելու, մեծ երաշխաւորութիւն մ'են, ուրեմն, որ հին քաղաքականութեան փլատակաց վրայ նոր քաղաքականութեան մը շէնքը պիտի բարձրանայ՝ ընդ հովանեաւ մեր բարեխնամ եւ մեծազօր տերութեան, եւ թե սէրն ու միութիւնը պիտի քաւեն նախանձու եւ ատելութեան ոճիրները, եւ ծէր Հայաստան նման Յակոբայ նահապետին, սքանչելեօք աչքերն ի լոյս բացուելով՝ իւր ծոցը պիտի գգուէ վերջապէս իրարու հետ հաշտուած իւր ամէն որդիքը։

Իսկ դուք, ազնի՛վ երիտասարդք, որոնք այս գործը մեզի համար մեծ դաս եւ յիշատակելի դեպք մ'է, մի՛ կարծէք, որ ձեր անձնուիրութեան հանդեսը անվարձ պիտի մնայ, երբ աղքատին շնորհապարտ սրտէն ու շրթունքէն հրավառ մաղթանքներ սլանան երկինք իրենց խնամակալուաց համար, երբ օրհնութեան ձայներ մինչեւ անմահութեան աթոռը բարձրանան։ Յիշեցե՛ք, որ ձեզի համար ալ անոնց մէջ մեծագոյն բաժին մը կայ, յիշեցե՛ք, որ աղքատին սրտին մէջ անկեղծ արձան մը եւ ազգին մէջ նախանձելի օրինակ մը կանգնեցինք։