Ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՕՍԵՑԵԱԼ Ի ԽՆՃՈՅՍ ՄՈԻՐԱՏԵԱՆ ԵՎ ՌԱՓԱՅԵԼԵԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ

Տեա՛րք.

Երկրիս վրայ ամէնայն ինչ մշտաշարժ եւ յառաջխաղաց ազդեցութեամբ տնօրինեալ է։ Մարդկային սերնդոց անցած ճամփաներուն վրայ յայտ յանդիման կը տեսնենք այս անփոփոխ օրենքը։ Այս օրինաց հպատակելու համար ազգերն ամէն կողմ ծաւալելով, ամէն կողմ ցանուելով եւ ամէն տեղ խոր արմատներ ձգելով՝ բողբոջեցին, աճեցան եւ բարձրացան, սերունդ սերնդոյ յաջորդելով՝ ազգ զազգ մղելով լեցուցին զաշխարհ, կանգնեցին քաղաքներ եւ պետութիւններ, լեռներ հարթեցին եւ հարթայատակ գետնէն երկնաչափ շինուածներ բարձրացուցին, անդունդները հետազօտեցին եւ ծովը սանձելով՝ անհուն սահմանները համառօտեցին։ Իզուր մահը զանոնք կը հնձէ, իզուր ժամանակը իւր ոտքին տակ զանոնք կը ճմլէ, հսկայակերպ կոթողներն ու շէնքերը հող կը դարձնէ ու իւր թեւրուն վրայ կը յափշտակէ, կը տանի փլատակաց փոշին։ Անխոնջ ու անընկճելի գործաւորք միշտ դարձեալ կը կանգնեն՝ երբեմն ստութիւնը պաշտելով, երբեմն ճշմարտութեան ծունր դնելով, երբեմն սիրով ու կրակով արիւնանիշ ճամփայ մը թանաքով, երբեմն ալ քան զսուր եւ զկրակ զօրաւոր իրաւանց եւ բանականութեան զինուքը յաղթանակելով։ Անոնցմէ ոմանք Սինայի որոտմունքներէն օրենքներ կ՚ընդունին, ոմանք լիբեական աւազուտին մէջ բրգանց վրայէն ապագայ ժամանակաց ասպարեզ կը կարդան, այլք Աղեքսանդրի, Կեսարու, մեծին Կառլոսի եւ Նապոլեոնի հետ գերանդազէն կառքով երկրիս շրջանը կ'ընեն, եւ ուրիշները անդնդոց վրայ ուղեւորեալ՝ փոթորկաց մէջէն նոր աշխարհքներ դուրս կը հանեն։ Մերթ բռնութեան լուծին տակ ընկճուելով եւ մերթ բռնութիւնը շանթահարելով, ու ստութեան եւ բռնութեան փչմունքովը մարմրած բոցերն ու լոյսը միշտ իրենց զօրաւոր շնչովը կենդանացնելով՝ յառաջ քալած են ազգերն, վասնզի տիեզերաց օրենքին մէջ դադարման կամ հանգստեան միջոց չկայ. անընդդիմակաց ոյժ մը կը մղէ զիրենք դեպի յառաջ, ու քանի որ յառաջացեր, այնչափ ալ մարդկութեան հորիզոնն ընդլայներ, ընդարձակեր է աչքերնուն առջին, ու իրենք չեն ընկրկած անբաւութեան դիմաց։ Այդ ազգերուն մէջ մէկ ազգ մը կայ, ու այդ ազգը Հայոց ազգն է, Վանայ ծովուն հանդիպակաց դաշտէն սկսեալ, ուր հայու արիւնը առաջին անգամ վազեց ամէնասուրբ իրաւունքի մը համար, ու Գերեզմանոց բլրէն, ուրկէ ազգութիւնը բարձրացաւ բռնութեան հողամած դիակին վրայ, մինչեւ Կապան բերդը, ու անկէ մինչեւ մեր օրերը՝ ի՛նչ շարժում, ի՛նչ ժամանակի շրջան, ո՛րչափ դիւցազունք, ո՛րչափ արիական գործեր ու վեհ առաքինութիւնք, ո՛րչափ փառաց ու զարմանաց յիշատակներ, բայց եւ՝ ո՛րչափ թշուառութիւնք եւ ոճիրք, ո՛րչափ արիւն արտասուք, կործանումն եւ աւերակք… Բայց ես սրտահառաչ ձայնիւ կը հրաւիրեմ զձեզ, կը հրաւիրեմ բոլոր ազգը ու ծունր դնելով մեր պատմութեան անհուն դամբանին առջին՝ կը յորդորեմ զամէնքն ալ մէկդի դարձնել աչքերը աւերակաց վրայէն, վեր առնուլ գլուխները անցելոց վհէն ու դիմաց նայիլ ու յառաջ քալել. յառա՜ջ, այս է մշտաթաւալ աստեղաց ձայնը, բոլոր բնութեան ձայնը, վերջապէս՝ Աստուծոյ ձայնը, յառա՜ջ՝ ժամանակիս լուսովը, յառա՜ջ դեպ այն ճամփան, ուր առաջնորդ կեցած են այնչափ վսեմ հանճարներ ու բարերարներ, ուր առաջնորդ կեցած են նաեւ Մուրատ եւ Ռափայէլ։ Հարկ էր այս երկու անուններուն դիմաց մեծարանօք կանգ առնուլ ու խօսիլ, ինչ որ ժամանակք ու երախտագէտ պատմութիւնը պիտի խօսին իրենց վրայ, հարկ էր յիշել մեր մանկութեան երջանկաւէտ օրերը օտար, բայց բարերար աստեղաց տակ, սակայն անոնց վեհազուն ոգիքը ժամանակ չեն իտար ինծի ու հետս կը կոչեն։ Յառա՜ջ առ զարգացումն եւ առ լոյս, ու այդ անեզր ճամփորդութեանց, դժվարութեանց ու վտանգացը մէջ զիրար աւելի աղեկ ճանչնալու համար իրարու, «եղբայր» անունը տուէք. աւելի զօրաւոր եւ աննկուն ըլլալու համար ամէնքնիդ ալ մէկ սիրտ եղէք, եւ եթէ փորձանք եւ արգելք բուռն զօրութեամբ կանգնին ձեր դիմացը, մի՛ երկնչիք անոնցմէ, ալեկոծմունք եւ փոթորիկք աւելի յառաջ պիտի մղեն զմեզ ժամանակաց ճամփուն վրայ, մինչեւ հասնինք աստուծոյ՝ մեզի մատնանիշ ըրած լուսաւոր ժամակետը, ու երանի՜ մեզի, եթէ ետ մնացողներէն չըլլանք մենք՝ որդիք Հայկայ, ծնունդք երախտեաց Մուրատայ եւ Ռափայէլի։