Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԱ. ՄԱԼԳԱՒԱ ԵՒ ԻՒՐ ՀԵՌԱՒՈՐ ՇՐՋԱՊԱՏ
       Գիւղս ունի 30 տուն Հայ եւ 2 տուն Քուրդ: Հայք ունին Ս. Խաչ անուամբ մի եկեղեցի, 25 տարուան նորոգուած, մի քահանա երկայնահասակ, այլ կարճամիտ, իսկ դպրոց ունին ոչ, հակառակ իւրեանց ուսումնասիրութեան:
       Տեղւոյս բնութեան վիճակն շատ լաւ է, որ իրապէս կեանք կըտայ տեղացւոց, որք արդարապէս դժգոհ են իրենց կեանքէն, որոնց առողջութիւնն տեղական կլիմային պարտական է թէեւ իրենք լինին այժմ պարտատէր:
       Գիւղիս ծառերն չեն պտղատու, այսու ամենայնիւ կրնան արեւակէզ գիւղացւոյ բաց կուրծքին շուք տալ եւ քաղցրացնել նորեկի մը վայրկենական հանգիստը:
       Աստ երբ գիւղիս բնակութեանց թիւն կը հարցանէի, մի ծերունի շատ զգայուն տեսակէն, մարմնով ուժեղ եւ կեանքով խիստ փորձառու, ինձ պատասխանեց հառաչանք մ’արձակելով իւր սրտէն՝ որ պահուըտած էր իւր լայն եւ մազոտ կուրծքի տակը. “Է՜յ պարոն, իմ աչքի լոյս օտարական, հեռու աշխարհի Հայ Մլաթէն ի՛նչ խապար, դուն ինձ զէդ (այդ) ասա՛ հերիք է”. այս ըսաւ թէ չէ յաւելցուց “Է՞ր եկած ես մեր ցաւեր եւ հոգիներ կը քրքրես, ես տեսած եմ մեր այս պրիշակին մէջ 120 տուն, որ պակսելով մնացած է 30 պքլէօզ (ողորմելի խրճիթ), ամենքն գնացին ու կորան, քէշկէմ (երանի թէ) այս տեղ կենային ու չերթային պելքի անոնք էլ Օսմանցու հողին վրայ մեզ նման կապրէին, յայս բան ծերունւոյն լճացեալ աչերէն, նման մարգարտի, կլորեցան զոյգ մ’արտասուաց կաթիլներ, ակնարկելով իւր թոռանց եւ աղջկանց անմտօրէն գաղթելուն, որոնց վերաբերութեամբ կ’ասէր թէ “երթացողաց մէջ իմ արեան կտորներ ալ կային”:
       Այս պահուս Արեգական միջօրէի տաքութիւնն սկսաւ խեթիւ հայել յիս եւ իմ ալեւորն մինչ ինձ աւելի հովանիք ունեցող ուռենւոյ շուքին տակ առաջնորդելոյ վերայ էր, ճաշի կոչուեցայ Մալգաւայիս գիւղապետի տունը, ո՛ւր հացկերութի նստած ատեն յիշեալ ծերունին իւր հաստ գաւազանին վերայ կրկին կռթնած՝ հանդէպ Ուղեւորիս ընկերին կը կենայր ոգեւորեալ դիմօքն եւ ճնշող հոգեկան վիճակի մը ներքեւ. իւր պահ մ’առաջ ըրած խօսքերն սիրտս նոր Սելովմայ աւազան դարձուցած էին եւ միտքս տակաւին կորոճար իւր տխուր պատմութեանց վերայ. վերջապէս մի տարօրինակ ճաշ ըրի գրեթէ փակուած կեռեկովս (ախորժակ), որ այս օրինակ պարագայից մէջ զգայուն սրտերու շատ բնական մի բան է:
       Մալգաւայի հեռաւոր շրջապատը
       Գիւղիս Հարաւային Արեւելակողմն 1 ժամ հեռու է Խոնջալիս գիւղն, որոյ վերայ նախորդ էջերէն միոյն մէջ արդէն խօսուած լինելով՝ թողումք զայն եւ անցնիմք ‘ի Պատկան գիւղ:
       ՊԱՏԿԱՆ. - Մալգաւայի դարձեալ Հարաւակողմն կը գտնուի, ո՛ւր մի քանի տուն Մարական թոռներ կը բնակին, իբրեւ աւատառու՝ գլխաւոր մահմետականի մ’իրաւասութեան ներքեւ. աստ կը տեսնուի մի անկեալ եկեղեցի շրջապատեալ կանգուն տապանաքարերէ:
       Մալգաւայի Հիւսիսային Արեւմտակողմն 11/2ժամ հեռաւոր կը գտնուի հետեւեալն:
       ՀԷՐԷՍԱՆ. - կը բաղկանայ 43 Հայ տներէ, ունին եկեղեցի, քահանայ, այլ ոչ դպրոց, ժողովրդեան նիւթական վիճակն բաւական լաւ է. տեղւոյ բնական դիրքն, օդն ու ջուրն պատուական, երանի թէ կարենան օգուտ քաղել:
       ԲԱԶ. - Սոյն գիւղն կը գտնուի նախորդի Հարաւային Արեւելակողմն 1 ժամ տարակայ: Ունի 60 տուն բնակիչ, յորոց 42-ն Հայ է եւ մնացածն Քուրդ: Հայք ունին պարզ եկեղեցի մը, քահանայ մը, այլ դպրոց ունին ոչ: Աստ կայ արհեստական բերդ մը, զոր տեղացիք “պարոնաց բերդ” կանուանեն, որոց մէջ այժմ կը բնակին, ‘ի հնումն հռչակաւոր, Իսահ փաշայի թոռներն: Գիւղիս արօտատեղիք շատ ընդարձակ են եւ գաւառիս գետն իւր քովէն կանցնի:
       Բազի մէջ ուրիշ երկու աւերեալ եկեղեցիք եւս կան, յորոց առաջին կը կոչուի ԿԱԹՆՈՎ Ս. ԽԱՉ, ո՛ւր խաչի տօնին երբեմն կը գան յուխտ այս կողմերու Հայ գիւղացիքն, իսկ երկրորդ որ տաղաւարեկ մի է, կանուանի շուշաշարպաթ: Տեղւոյս սոյն նուիրական աւերակաց հետաքրքիր անուններու շարժառիթներն Տեղագիր-Ուղեւորիս մնացին անծանոթ, թէպէտեւ անհետամուտ չ’գտնուեցայ առ այնս:
       Այժմ կը թողում տեղէս բաւական հեռու Շամանիս եւ Քէլակօ (քեռի Յակոբ) կոչուած աւերեալ Հայ գիւղերն, որք հայութենէ ամայացած են, այլ կը պահեն տակաւին յիշատակութեանց տխուր հետքեր: Չեմ յիշեր նաեւ լալկան գիւղն, զի արտասուելոյ ժամանակ չունիմ, եւ այս պահուս արդէն սիրտս մարմարիոնէ քար է կտրած:
       Մալգաւային մեկնելով կը կտրեմք բազմաթիւ արտօրայք, խոտնոցներ ու մարգեր, եւ գրեթէ 2 ժամէն կը հասնիմք ‘ի Պաշգալէ: