Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼՈՒԽ Է. ՄԵԿՆՈՒՄՆ Ի ՀԱՐՔ ԳԱՒԱՌ
       Առաւօտնիս աստ՝ ի Դաշկըն գիւղն ըրած եմք եւ այժմ մեր Արեւն ծագած ելնեմք յուղի:
       Դաշկընէն 11/2 ժամ ճանապարհորդելէն զկնի մեզ կը հանդիպի մի ընդարձակ եւ երկայն ձորակ, որ սահմանն կը կազմէ ընդ մէջ Հարք գաւառի (Մանազկերտու) եւ Խոռխոռունեաց:
       ՄՈՒՏՆ ԻՄ Ի ՀԱՐՔ ԳԱՒԱՌ ՏՈՒՐՈՒԲԵՐԱՆ ՆԱՀԱՆԳԻ
       Այսուհետեւ մեր առնելիք ճանապարհն կը կոչուի “Մանազկերտու (Մանծկերտու այժմեան յորջորջմամբ) քռէն” (քարոտ տեղ) որ կը տեւէ 21/2 ժամ. մեր ճանապարհի Հիւսիսակողմ մի քանի այրեր կան, զորս սովորաբար մաղարաներ կ’անուանեն, որ այժմ անմարդաբնակ լինելով վայրի գազանաց կատարեալ որջեր եղած են:
       Սոյն քարադաշտերուն մէջ հազուագիւտ է ջուր, ասոր համար բազմաբնակութիւնք չ’կան, միայն ‘ի Հիւսիսակողմնն, բաւական հեռու նոյն այրերէն, կը գտնուին 3-4 քուրդ գիւղեր՝ 3-5 տնական բնակուած, որոնք գետնի տակի խորունկ տեղեաց ջրերովն աւելի կապրին քան թէ մասնաւոր աղբիւրներով:
       Սոյն խեղճ բնակութեանց վերաբերմամբ հետաքրքիր ուղեւորի միտն կը զարթնու բնականաբար եւ կ’ուշաւորի, եթէ պահ մը հոգնութենէն ննջած իսկ լինի, թէ արդեօք անահ եւ աներկիւղ այդ կասկածոտ վայրաց մէջ ի՛նչպէս կապրին դոքա խաղաղ եւ անխռով:
       ***
       Այս կողմերու արտօրայքն արդարեւ շատ քիչ են, սակայն բուսականութիւնն ընդարձակ եւ առատ է, լի ծաղիկներով բուսեղինաց տեսակներովն: Այսպէս ահա կը հասնիմք ի Մանազկերտ, իւր սահմանին մէջ 5-6 ժամ ուղի կտրելէն զկնի. սոյն պահուն Տեղագիր-Ուղեւորիս բերանն ծարաւէն ցամքած, սիրտն չորցած, հոգին յուզեալ եւ միտքն յափշտակուած էր
       ՄԱՆԱԶԿԵՐՏ` ՀԻՆ ԲԵՐԴԱՔԱՂԱՔ
       Հարք գաւառի սոյն իշխանանիստ քաղաքն, զոր շինած է Հայկ Նահապետի Մանաւազ որդին, կը գտնուի գրեթէ Ապահունեաց սահմանակից, Արածանի գետոյն առընթեր, մեր Մահմետական հայրենակիցք զայն կանուանեն “Մելազկերտ”, որ ‘ի հնումն նշանաւոր տեղերէն մին էր ‘ի Հայս. զարմանալի ընդարձակութեամբ, պարիսպներով ու այլ եւ այլ աշտարակներով ամրացեալ: Մենք թողումք տեղւոյս պատմականն եւ տեղագրեմք զոր ինչ տեսած եւ անձամբ շօշափած եմք ներկայիս մէջ:
       ***
       Մանազկերտ կը գտնուի սեւորակ-քարոտ մի ընդարձակ եւ բարեբեր դաշտի վերայ, իւր անուամբ այժմ կը կոչուի նաեւ գաւառն:
       Քաղաքիս օդն եւ ջուրը խիստ առողջարար, հողն բարելից ու տեսարանն վսեմ է եւ վեհ. մերձակայ դաշտօրայքն քիչ խոտաւէտ, ապառաժուտ է եւ քարերով լի: Գլխաւոր բերքերն են առատօրէն ցորեան, կտաւատ եւ կանեփ, քաղաքն բոլորովին անծառաստան է, աստ փոքրիկ ուռենւոյ մը շուքն տասն անգամէն աւելի արժէք ունի քան թէ Պօլսոյ հասարակաց պարտէզներն եւ այս մասին արդար է ըսել որ բնակիչքն դատապարտելի անտարբերութիւն մի ունին, որ կը թուի յառաջ եկած լինիլ ամառ եղանակին բնութեան ցոյց տուած մասնաւոր զովութենէն, որ բնակիչքն պարտական են մօտակայ լեռնակարկառներուն, որոց մէջ տեղէն համարեա թէ շարունակ կը փչէ օդն զորավար:
       ***
       Մանազկերտու այժմեան բնակութեանց թիւն է 200, յորմէ 85-90 տուն Հայկական են եւ մնացածն Մահմետական. ամենքն անխտրապէս երկրագործութեամբ կը պարապին, աստ մի քանի փոքրիկ կրպակներ կան՝ պատկանող Բաղիշեցի Հայոց, որք բազմաթիւ գիւղերու հետ մասնաւոր առ եւ տրով կ’զբաղին: Անցնիմք ուրեմն նկարագրել եւ տեղագրել քաղաքիս ներկայ Պատկերն:
       Քաղաքիս մեր դրացի Մահմետականներն ունին իւրեանց նուիրական վայրերն եւ բաւական հաստատուն են:
       Հայք ունին երկու հին եւ հոյակապ եկեղեցի, մին յանուն Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ եւ միւս յանուն Ս. ՍԱՐԳՍԻ կառուցեալ. վերջնոյն կից կայ դրօքն փակելօք մի այլ եկեղեցի՝ դարձեալ սիրուն եւ գեղեցիկ, որ ամառ ատեն կը ծառայէ ցորեանի ամբարատեղւոյ:
       Նախորդ երկու եկեղեցիք ընտիր ճարտարապետութեան գործ են` քառակուսի սիւներով: Կրօնական այս տեղիքն շէն եւ պայծառ պահելոյ նպատակաւ ժողովրդեան երկու քահանաներէն մին առաջնոյն եւ միւսն երկրորդին մէջ երեկոյ եւ առաւօտ կը կատարեն անխափան իւրեանց ժամասացութիւնք, ‘ի մխիթար ժողովրդեան, եւ իրենց տրտում սրբավայրիցն ու չը մոռնամ ասելոյ որ առանց տիրացուի եւ բազում անգամ եւս առանց գոնէ մէկ հատ փոխասաց մանկան կը կատարեն այդ արարողութիւնքն, զորս իրենք միայն կը լսեն, զի ունկնդիրք երկու կամ երեք խուլ պառաւներ են:
       Սոյն պատկառելի քաղաքն շատ իրաւունք ունի արտաքին օժանդակութեամբ ծաղկոց մը ունենալ, որով տեղւոյս բոկոտն մանկանց՝ թերեւս Մանաւազայ թոռներուն կանոնաւոր կրթութիւն մի տրուի եւ այսպէս այդ օժանդակողքն միջնորդ հանդիսանան նոցա (ուսանողաց) կլորիկ բերնին մէջ Ա եւ Բ դնելով պատիւ բերել, Ազգին եւ միանգամայն Տէրութեան, ոյր հովանեաց ներքեւ որչափ աւելի ողջամիտ լինիմք, այնչափ կը յաւելումք փառքն Օսմանեան գահուն եւ կը պսակի գովելի նպատակն նորա լուսամիտ Գահակալին: Մանազկերտու Հայք ունին 40-50 հատ մանկիկներ ծաղկոցի վերաբերեալ եւ բաւական թուով մանկիկուհիներ. ամենքն առ ‘ի չ’գոյէ դպրոցական տեղւոյ կը խամրին եկեղեցւոյ մի խանաւ անկիւնը, ո՛ւր ‘ի ձեռին բռնած են բազմատեսակ գրեանք, զոր օրինակ շարականի մի կտոր, նարեկէն “ձայն հառաչանաց” թուղթ մը, ժամագրքէն “արի՛ Տէր օգնեա՛ ինձ” թերթ մը, գործոցէն Պօղոսի այլափոխութեան մի քանի պարբերութիւնք. եւ ոմանց ձեռք Աւետարան աշխարհաբար (բողոքականի). զայս ամեն կ’անուանեն դասագիրք, ուղղութեան վերայ չեմ խօսիր, ըստ որում ինքնին մակաբերելի է շատ դիւրաւ. ինձ գալով ես աւելի ուրախ կը լինէի, եթէ հարցմանս պատասխանն “դպրոց չ’կայ” լինէր, վասն զի երբ չ’կայն կայէն աւելի օգտակար լինի, Ուղեւորն իրաւունք չունի՞ ցաւ զգալ այս օրինակ ծաղկոցի վերայ: Մանուկներն են աշխոյժ եւ կայտառ. այլ որպէս ասացի, են անտէր ու անտիրական, որով կարեկցութեան արժանի վիճակի մը մէջ կը գտնուին. իսկ իւրեանց հարց գալով` շատ կարճամիտ են բառին կատարեալ նշանակութեամբ:
       Շարունակեմք տեղւոյս սրբագրութիւնն (նուիրական վայրեր գրելը): Վերոյիշեալներէն զատ կան նաեւ հետեւեալք. Ա. մի մատուռիկ՝ յանուն Ս. Ներսիսի շինուած, որ այժմ այնչափ փոքրացած է՝ որ հազիւ 3-4 խորանարդ մեթր տարածութիւն ունի, որմէ ներս մտնել ուզողն պարտի խոնարհիլ. Բ. կամարակապ եկեղեցի մը (անունն անծանօթ) կը տեսնուի գետնի տակ, որոյ տանիքն երթեւեկութեան ճանապարհ է, իսկ մէջն յարդով լի. Գ. տաղաւարիկներ թուով վեց, յորոց երկուքն անորոշաբար սուրբ կը կոչուին եւ մնացեալ չորսն թուխ մանուկ (սոքա նման նախորդաց թիւ եւ յիշատակարան չ’ունին, ուստի ո՛ր դարէն կը գան եւ ի՛նչ անցքեր տեսած են կը մնան անծանօթ տակաւին. դոքա տեղացի Հայոց մասնաւոր ուխտատեղիներն են, մանաւանդ իգական սեռի համար, որ ամեն շաբաթ երեկոյներն անմոռաց, խունկ, մոմ, եւ ոմանք եւս ձէթ (կտաւատի իւղ) հետերնին առնելով կը տանին հոն տեղերը ու կը վառեն եւ կը ծխեն կուրծքի տակից մրմնջելով “Աստուած ողորմի մեր նախնեաց հոգւոյն”: