Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԹ.
ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐՆՈՅ ԳԻՒՂՕՐԷԻՑ
       ԹՈՒԱՆՋ. - Բնակութիւն 60, որմէ 20 տուն Հայ, 33 Թուրք եւ 7 Հռովմէական. աստ կայ երկու եկեղեցի, մին մերայնոց եւ միւսն Հռոմէականաց: Մեր Հայոց եկեղեցւոյ շրջապատը լի է հին քարերով, նշմարելի են նոյնպէս աւերակաց հետքեր:
       ՍՕՎՈՒՔ-ՋԵՐՄՈՒԿ. - Կը գտնուի Կարնոյ յԱրեւելահիւսիս 1 ժամ հեռաւորութեամբ, ունի 60 տուն, որմէ 25 Հայկական եւ 35 Թուրքական են. Հայք ունին բաւական ճաշակաւոր եկեղեցի մը՝ կառուցեալ Ս. ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԻ անուամբ, մէկ քահանայ, իսկ դպրոց “Աստուած տայ”. գիւղիս շրջապատը լի են հանքային զանազան ջրեր, տաքութեան բարեխառնութեամբ իրարմէ տարբեր, որպէս եւ համով եւ գոյնով: Սոյն հանքային ջրոց վերայ աւազաններ շինուած են, յորս ժողովուրդ (թէ՛ քաղաքացի եւ թէ՛ գիւղացի) կը լողանան յառողջութիւն, զոր յիրաւի շատ անգամ կը գտնեն:
       ԴՈՒԸՆԻԿ. - Բնակութիւն 55, 40 Հայ եւ 15 տուն Թուրք. Հայոց եկեղեցին է ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ, որ ամեն տեղերու սովորական ՅՈՅՍՆ եւ ԱՊԱՒԷՆՆ է եւ այս ամենամեծ իրաւամբ. գիւղս ծաղկոց մ’ունի շատ ողորմելի եւ ժողովուրդ իրապէս ողբալի, որոց վիճակն աւելի իւրեանց տգիտութեան տալու է քան թէ դրացի Թրքաց ընկերական կացութեան, որ քաղցր բնութենէ զուրկ չէ:
       ԳՈՄՔ` (Մակաղատեղիք) - Ունի 53 տուն, մեծագոյն մասամբ Թրքական. Հայկականաց եկեղեցին է ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ, կայ քահանայ մը, իսկ ծաղկոց “Աստուած տայ” եւ ժողովուրդ ջերմեռանդ է Աստուծով եւ բնաւ դպրոցով:
       ՇԵԽՆՈՑ. - Կը գտնուի Կարնոյ յԱրեւելահիւսիս, վերոգրեալ Կան գիւղաքաղաքէն 20 վայրկենի հեռաւորութեամբ. բնակութեանց թիւն է 50, որմէ 40 Արմենական եւ 10 Թրքական են. Արմենականքն ունին կոկիկ եկեղեցի մը, անուն ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ, ժողովուրդն կրօնասիրութեան չափ չունի ուսումնասիրութիւն. գիւղիս մէջ կը պահուի մագաղաթի վերայ գրուած ձեռագիր Աւետարան մը:
       ԹԵԹԿԵՐ. - Ունի 48 տուն, 40 Տաճիկ եւ 8 Հայ. վերջնոյն համար եկեղեցի եւ դպրոց “Աստուած տայ”:
       ԳԵՂԱԽՈՌ. - 45 տուն, որմէ 35 Հայ եւ 10 տուն Թուրք են: Հայք ունին քարուկիր եկեղեցի մը՝ կառուցեալ յանուն ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ զօրավարին…
       ԱՊԸԼՀԻՆՏԻ . - Բնակ. 44 տուն, 20 Հայոց, 24 Տաճկաց, առաջինք ունին ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ կոչուած եկեղեցի մը, դպրոց չունին:
       ՍԷՕԿԻՒԹԼԻ. - Տուն 42, որմէ հանենք գլխաւոր առաքելոց թուով Հայ, մնացեալ 30 տուն Տաճկական են: Տեղւոյս առաքելաթիւ Արմենական բնակութիւնքն կը պարծին ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲՆ, որ իրենց եկեղեցւոյ անունն է, սոքա չունին վերնատուն, ո՛ւր հաւաքուելով թերեւս մի օր հոգւով սրբով լեցուին եւ սկսին քարոզել Երկրի ժողովրդեան ՀԱՑ եւ ԲԱՆ:
       ՊԱՏԻՇԷՆ. - Բնակութիւն 40 տուն, յորմէ 30 Հայկական եւ 10 Մահմետական են. վերջինքն առաջնոց եւ առաջինքն վերջնոց հետ լաւ յարաբերութեան մէջ են: Մերայինքն ունին Ս. ԳԷՈՐԳ անուամբ կոկիկ եկեղեցի մը, որոյ քահանայի տգիտութեան տխուր հետեւանքը ժողովուրդն պարտաւորուած է կրել, այս պատճառաւ գիւղիս Հայերն մարդոցմէ ալ եւ գրեթէ Աստուծմէ ալ ձեռք քաշելոյ վրայ են:
       ԳԶԸԼ ՔԻԼԻՍԷ (կարմիր եկեղեցի). - Բնակութիւն 40 տուն, կիսով չափ Մահմետական, Հայերն ունին մի եկեղեցի՝ անուամբ Ս. ՆՇԱՆ, որմէ, ‘ի զուր, նշան կը խնդրեն առանց դպրոց ունենալոյ եւ առանց գրի զօրութեան հաւատալոյ: Ես չեմ կարծեր որ սոյն օրինակ անխելք որ եւ է հպատակ մը, լուսաւորութեան հետամուտ եղող մեր Օսմ. տիրող Կառավարութեան պատուաբեր կարենայ լինիլ:
       ԲԼՈՒՐ. - Բնակութիւն 38 տուն, 20 Հայ եւ 18 Մահմետական. առաջինք ունին եկեղեցի մը Ս. ԳԷՈՐԳ անուն, իսկ դպրոց արդէն անուն չունի:
       ՄԻՒՏԻՒՐԼՈՒԿ. - Բնակութիւն 37 տուն, որոյ միաւոր թուոյն չափ Հայ եւ տասնաւորին չափ Տաճիկ են. Հայք եկեղեցի եւ դպրոց չունին: Գիւղիս մերձակայ լերինքն ունին հետաքրքրական դիրքեր, զորս բնութեան խորհրդաւոր ձեռքն պատրաստած է:
       ԹՕՓԱԼ-ՉԱՎՈՒՇ. - Բնակութիւն 37 տուն, որմէ 8 տուն Արմենական եւ 29 Մահմետական են: Տեղւոյս Հայերն ունին Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (հնազանդութիւն) կոչուած պարզ եկեղեցի մը, որոյ այդ փոքրաթիւ ժողովուրդն հոգւով ջերմեռանդ է, մտօք ‘ի խաւարի եւ մարմնով չքաւոր: Իրենց դրացի մահմետականքն փեթակ ունին, որմէ կը հանեն պատուական մեղր ‘ի վաճառ եւ դրամ (մետաղ) ունեցողներն միայն կարող են ճաշակել զայն. իսկ անկուտին ‘ի հեռուստ վիզ ծռած ուզածին չափ թող նայէ, եթէ գործ չունի:
       ՍԱԼԱՁՈՐ. - Բնակութիւն 36 տուն, որմէ 8 Հայ եւ 28 Թուրք են: Հայերն քահանայ եւ դպրոց չունին, այլ ունին եկեղեցի մը Ս. ՍԱՐԳԻՍ զօրավար: Գիւղս նախապէս բազմահայ եղած է, որպէս իւր շրջապատի հնական նշմարանքներն եւ պառկած տապանաքարինքն ցոյց կը տան:
       ՆՈՐ-ՇԷՆ. - Բնակութիւն 32 տուն, որոյ վերջի միաւոր թուովն եթէ ամբողջը բաժնենք, պիտի ունենանք քաորդին չափ Հայ, եւ նոյնչափ ալ թուրք: Մեռեալ մտօք Հայերն ունին Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ անուամբ եկեղեցի մը փայտաշէն, զոր կառուցած է Անտոն անուն Ռուսահայ մը, ‘ի յիշատակ իւր ծնողաց:
       ԱՐՔՈՒՆԻ. - Բնակութեամբ նախորդին հաւասար, Հայերն 20 տուն են Ս. ՅԱԿՈԲ եկեղեցիովն, դպրոց չ’ունին եւ քահանայ քիչ անգամ կունենան:
       ԿՐՃՆԿՈՑ. - Բնակութիւն 30 տուն, կիսով չափ Հայ, որք ունին եկեղեցի մը Ս. ԽԱՉ անուամբ, որ պահապանն է իրենց թէ՛ ‘ի գիշերի եւ թէ՛ ‘ի տուընջան. դպրոց չ’ունին ունենալոյ յոյսին հետ:
       ՍՆԿԱՌԻՆՋ. - Բնակութիւն 30 տուն, որմէ 10 Հայկական եւ 20 Մահմետական, առաջինք ունին եկեղեցի մը Ս. ՄԻՆԱՍ կոչուած:
       ԵՐԿՆՈՒՍՏ . - Բնակութիւն 28, որմէ 5 տուն Հայ եւ 23 Տաճիկ են. առաջինք ունին մի եկեղեցի յանուն Ս. ԳԱԲՐԻԷԼ ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԻ:
       ԵՐԿԱՅՆ-ՄԱՍՈՒՐ. - Բնակութիւն 26 տուն, յորմէ 20 Տաճիկ են եւ 6 Հայ, առանց եկեղեցւոյ եւ դպրոցի:
       ՇԵՓԻԿ . - Բնակութիւն 25 տուն, որոյ միաւոր թիւն Մահմետական է եւ տասնաւորն Հայկական, որք ունին ողորմելի եկեղեցի մը:
       ԱՐՇՆԻ. - Բնակութիւն 20 տուն, յորմէ 17 Հայ եւ 3 Տաճիկ են. Հայք ունին Ս. ՄԻՆԱՍ ըսուած եկեղեցի մը, ո՛ւր առաւօտ եւ երեկոյ խեղճ քահանայն կ’աղօթէ եւ կը յուսայ…:
       ԷՕԶՊԷԿ. - Ունի 17 տուն, որմէ 7 Հայ եւ 10 Տաճիկ են: Այդ 7 մահացու մեղաց թուով Հայ բնակիչներն ունին մի եկեղեցի յանուն Ս. ԹԱԴԷՈՍ եւ Ս. ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍ առաքելոց:
       ՎԵՐԻՆ ԳԻՒՂ. - Բնակութիւն 15 տուն Հայ եւ եկեղեցին Ս. ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏ:
       ***
       Կարնոյ գաւառի վերոգրեալ 40 գիւղերէն զատ կան տակաւին մի քանի աննշան գիւղեր, մեծագոյն մասամբ Թրքական:
       Որպէս յայտնի կը տեսնուի, գաւառիս բոլոր գիւղերն յանցելումն ունեցած են համեմատական բազմահայութիւն մը, որ ներկայիս մէջ շատ նուազած է, 1829-ի ընդհանուր գաղթկանութեան պատճառաւ, որոյ առաջք նոյն ժամանակի (ամիրայութեան ատեն) ազգային Վարչութիւնն կամ Պատրիարքն կարող էին առնուլ, որպէս կ’ստուգեն Կարնոյ խելահաս եւ հեռատես անձինքն, եւ չեն առած ‘ի վնաս Ազգին եւ Տէրութեան հաւասարապէս:
       ***
       Ամփոփելով գաւառիս դաշտի գիւղօրէից բնակութեանց թիւն կրնամք ունենալ 2000 տուն Հայկական եւ 1200 տուն Մահմետական. 36 եկեղեցի եւ ծաղկոց գրեթէ նոյնչափ, վերջինքն ամենամեծ մասամբ անուանական են: Մահմետականքն թէեւ լինին եկովի…, սակայն արդարութիւն պարտք կը դնէ վրաս խոստովանել՝ որ իւրեանց ունեցած յարաբերական վիճակէն Երկրի տարրական կամ բնիկ ժողովուրդն բաւական գոհ լինելոյ պատճառներ ունի:
       Կարնոյ դաշտի Հայ գիւղացին արժանի է քաջալերութեան, զի ճարտար եւ աշխատասէր է ու բնականէն ներշնչեալ մտային այնպիսի տրամադրութիւններէ եւ ձգտումներէ, որով կարող է արհեստական զարգացման մէջ մեծ տեղի մը գրաւել: Բաւական թուով Հայեր սեփհական հող չունենալով այս եւ այն գիւղերու մէջ կաշխատին այլոց. եւ ընդհանրապէս սովորութիւն չունին պանդխտութեան գնալ եւ դեգերիլ յօտարութեան շատ տարիներ եւ ընտանեսիրութեան… այդ զօրաւոր զգացումն՝ որ առանց չուանի զիրենք կը կապէ գտնուած տեղը, կարժէ գտնուիլ Հայաբնակի այլ գաւառաց անհեռատես Հայոց սիրտերուն մէջ. վասն զի պանդխտողքն, ինչ ազգէ կը լինին թող լինին, ուղղակի եւ դրականապէս վնաս կը հասցնեն թէ՛ իւրեանց ազգին եւ թէ՛ միանգամայն տիրող կառավարութեան գանձուն, եւ ըսածս այնչափ պարզ ու դիւրըմբռնելի է որ բացատրութեան բնաւ պէտք մը չ’կայ:
       ***
       Ազգային կեդրոնական Վարչութեան որոշմամբ այժմ Սպեր, Խնուս, Կեղի, Դերջան, եւ Բասեն գաւառներն, որք մասնաւոր փոխանորդներով կը կառավարուին, մտած են ընդ գերիշխանութեամբ Կարնոյ Առաջնորդութեան (այդ մերձակայ վիճակաց Ազգային գործերուն դիւրութիւն մ’ընծայելոյ նպատակաւ):
       Կարնոյ Առաջնորդութիւնն կուսակալութեան կեդրոնը գտնուելով` իրաւամբ պարտաւորեալ է, Ազգային արեան բնական մղումէն, այդ Կուսակալութեան սահմանին մէջ գտնուող այլ վիճակաց Հայերու գործոց օգնել՝ կառավարութեան հետ անոնց ունեցած յարաբերութեան մէջ եւ այդ վիճակներն են Արեւելահիւսիսէն Պայազիտ Արեւմուտէն Երիզա կամ Երզնկա, Հիւսիսային Արեւմուտէն Բաբերդ: