Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻԳ
       Բինգէօլ՝ այն բարձր եւ աննման լեռն է, որ մեծ եւ փոքր Հայաստանի կեդրոնը կամ սրտի վրան բուսած է եւ որ ամէն հիներէն եւ նորերէն կը համարուի Ադամայ Եդեմ դրախտը։ Ինքն անկցորդ է Տօրոսի լեռներու գօտւոյն եւ Ծաղկեայ լերանց շղթային։ Ասոր գագաթն ելլողը կը վայելէ անապական օդ։ Շատ ջինջ կ՚երեւայ իրեն երկնից եթերը եւ, քիչ մը ի խոնարհ առնելով իւր աչքերը, շուրջանակի կը տեսնէ Հայաստանի ամէն կողմերը, կ՚ողջունէ Մասիսները եւ Արագած հանդերձ համայն հիւսիսականօք եւ արեւելեան կողմամբ։ Արմաւրի եւ Դւնայ աւերակաց փոշիները կը նշմարէ իբրեւ արեւուն շողին շամանդաղը, որք կուգան հոտաւէտելու այս լերան անթիւ ծաղկանց կոկոններն ու թերթերը։
       Այստեղ Անիին գմբէթներուն ու բերդերու բեկորներուն վրայ վայող բուերու արձագանգն ու սոյլը կը բերէ գարնան սիւքը եւ կը խառնէ Բինգէօլի բիւլբիւլներուն եւ հովուաց սրինգներու ձայները անուշցընելու. Վասպուրականի ծովը, Տիգրանակերտն իւր Միջագետով, Ծոփք, Բալա հովիտն, Երիզա՝ Դերջանով, Կարինը՝ կրկին Բասէնով, Բինգէօլէն կ՚երեւին սրատեսաց. եւ ասոնք Բինգէօլէն ջուր կ՚ընդունին։
       Արդէն Վարդօ, Խնուս, Շուշար, Գօյնուգ, Քղի, Ճապաղջուր, Կարնոյ հովիտը, ասոնք բոլոր Բինգէօլի ածուներն են, եւ բնակիչքը անկէց իրենց հացն ու ջուրը կ՚ընդունին։
       Տեսե՞ր ես հայոց հին քերականներուն մէջ հալւոր Յակոբ նահապետի պատկերը, որ ընկողմնած կը քնանայ, եւ իւր պորտէն մէկ ծառ կը բարձրանայ բազմոստեայ. եւ ոստերուն վրայի պտուղներն են Իսրայէլի նահապետք եւ թագաւորք։ Տո՛ւր Հայաստանին ալ մի այդպիսի այրական պատկեր, որ ընկողմնած լինի իւր պառեկին վրայ, անոր գանգն արա՛ Մասիսը եւ աղեղնաձեւ դաշտն Արարատայ՝ անոր յօնքեր։ Պինչերը կամ ռնգունք՝ ծով Կապուտան եւ ծով Գեղամայ, իսկ աչերը՝ դառն ու աղի լիճեր Որմեայ եւ Աղթամարայ։ Իւր մէկ թեւը տարածէ հիւսիսէն Կասպից ծովի ափերով եւ ձեռքի մատները ցից պահելով, կը ձեւանայ Կովկասը։ Հարաւէն Վասպուրականի սահմանագլխով պարզէ իւր միւս թեւը մինչ ի Ծոցն Պարսից եւ թաթիկն բաց արած լինի՝ Միջագետք է դաշտն Թէերայ։ Իւր ոտները ձիգ երկարցուցած հասնի մինչեւ ի Կապադովկիա եւ Կիլիկիա, եւ այն ժամանակ Բինգէօլը այդ պառկածին ճիշդ պորտն եղած կը լինի։ Միւս լեռները դիւրին է յարմարցընել կողերուն, սրտի տախտակին, թոքին, պօլօճիկներաց, ողնաշարին։ Գետերն արա՛ արեան երակ եւ անտառ ու մացառ՝ անոր մորթի մազերը եւ այլն։ Բայց ի քուն եւ ընկողմնած լինի նա, ոչ արթուն եւ ոչ ոտքի վրայ, ոչ աշխատի, ոչ ուտէ, ոչ իւր տեղէն ու դիրքէն երերայ։ Շնչէ միայն, եւ թոքերը տրոփեն, սիրտը բաբախէ, բազկերակը զարնէ, պորտը բաց ու խուփ անէ։ Բինգէօլը դժնդակ տարտարոս մ՚ է ձմեռուան եղանակին եւ դրախտ բացեալ՝ ի գարնան եւ ամռան։ Բինգէօլը վեհ եւ ահաւոր չէ, այլ սիրուն։ Թագաւորի չի նմանիր, այլ թագուհւոյ. քնքուշ է եւ փափուկ, կոյս մ՚ է պճնազարդ եւ փափկասուն. շնորհաց լեառն է, քան թէ քաջաց եւ դիւցազանց. ասոր համար իւր վրայ եղած վէպերը ոչ ազնաւուրի, ոչ դեւի, ոչ յաղթողի եւ ոչ զինուորի ու թագաւորի են. այլ սիրոյ, զուարճութեան, առողջութեան, գեղոյ եւ զարդու, անուշութեան, պարարտութեան, գուսանութեան։ Որովհետեւ ասոր բիւրաղբերաց եւ հազար ականց բոլորը բիւր տեսակ բուսոց եւ ծաղկանց փռուած են։ Ջրարբի մարգեր, ամենադալար բանջարներ եւ խոտեր իրենց արմատներով, ուտելու, բուժելու, գոյն գոյն ներկելու կը գործածեն։ Իւր վայրի կենդանիները առիւծ եւ վագր չեն, այլ եղնիկ եւ այծեամն։
       Հոն նախրի կովերը, մատակ ձիերը, խաշանց մաքիները հօտով կ՚արածան. հորթ, քուռակ եւ գառներ կը ծնանին։ Հաւերը, իրենց ձուերը ծաղկանց բոյլերու մէջ ածելով, թուխս կը նստին եւ ձագերով կը թռչտին։
       Հոս զբօսասէրները կուգան ուրախանալու, հիւանդները, օդ եւ ջուր ծծելով, կեանքը նորոգելու‚ կոյսեր եւ հարսները՝ ձեռագործի թելերը ներկելու համար ծաղիկ եւ արմատ ժողովելու, ժրաջան տանտիկինները՝ բանջար ժողվելու, բժիշկները՝ դեղ ու դարմանի համար ամէն բոյսէն ծիլ մը կամ ծաղիկ մը կամ թուփ մը առնելու. իսկ մեղուներու տզզոցն ու բզզոցը հիանալի ներդաշնակ մը կուտան մարդկանց եւ թռչնոց երգերուն, անասնոց բառաչին, գորտերու կառաչին, գլգլացող առուակին եւ սուլացող սիւքի ձայնին։ Անթիւ անհամար մեղուներ։ Բայց միեւնոյն ժամանակ օձերն ալ կը սողոսկին այդ ծաղկանց կողակի քովերէն, իրենք ալ կ՚առնեն միեւնոյն ծաղիկներէն հիւթը եւ կը վայելեն սուրբ օդը։ Հոս մեղուներով մեղր կը շինուի եւ օձերով՝ թոյն։
       Տաճկերէն լեզուով գովասանք տէստէն խաղ մը կայ Բինգէօլի վրայ, զոր շատ գաւառներու բնակիչներ գիտեն եւ սրտագին ու մխմխուն եղանակաւ մը կ՚երգեն, որոյ սկիզբն է «Աղալ բահար աղըլտի» , եւ նագարաթն է «Ախար կիտէր Բինգէօլի»։ Սքանչելի նկարագիր եւ դիմառնական ոճ մը ունի այս խաղը, որով լերան բարեվայելչութիւնը կը գովէ երգիչը, եւ արարածները կը հրաւիրէ հոն Աստուծոյ սքանչելիքը տեսնել վայելել, կեանք առնուլ, եւ թէ ի՛նչպէս անմահական ջուրեր կը բաշխէ երկրին եւ այլն։
       Շատ ցաւ է ինձ, որ ինչպէս շատ տեղերու, նոյնպէս եւ Բինգէօլի բազմամասն վէպերը ամբողջ չեմ կրցեր ձեռք բերել։ Մէկը միայն պատմեմ հոս։
       Մի քիւրդ հովիւ Բինգէօլի լեռը գառներ կ՚արածայ եղեր։ Օր մը կը տեսնէ, որ մէկ վիրաւորուած, մէկ ջախջախուած եւ մէկ ալ քոսոտած երեք օձեր կուգան ջրերու ակունքներէն մէկին ափը, ծաղիկէ մը մէկ-մէկ թերթ կը փրցընեն կ՚ուտեն եւ, մտնելով այն ջուրին մէջ, կը լողանան՝ բաւական միջոց մնալով ի ջուր։ Հովիւը, որ անթարթ աչօք կը նայէր անոնց, յանկարծ կը տեսնայ, որ երեքը մէկէն առողջ, առոյգ եւ աշխոյժ սողալով դուրս կ՚ելլեն ջրէն՝ ապաքինած, եւ արագ-արագ կը սահին կ՚անցնին հովուի աչքէն անհետ։ Այս հովուի տէրը երեւելի հարուստ մի Քիւրդ է եղեր՝ երկար ժամանակէ հետէ քոսոտած, ախտացած։ Կը վազէ հովիւը եւ իւր տեսածը պատմելով, կը վերցընեն տէրը, կը բերեն այն տեղ, բայց անհնարին կը լինի հովուին ճանաչել, թէ ո՞րն էր այն ծաղիկն եւ այն ակն։ Եւ որովհետեւ մէկ չէ, հազար չէ աղբիւրն ու ծաղիկն այն տեղին, որ փորձի համար ուտէր եւ խմէր, ու միանգամայն թունաւոր լինելէ ալ կասկած ընելով, խեղճ քոսոտ Քիւրդը կը նեղանայ հովուին, թէ ինչու չէ կրցեր նշանել, միտ պահել ծաղիկն ու ակն։ Հովիւը կը պատասխանէ. «Բինգէօլ, հէզար գէօլ. աղ չի՞ զանըմ քիժան գէօլ» (Բիւր ակն, հազար ակն, ես ի՞նչ գիտեմ՝ ո՛ր այն ակն)։ Եւ այս է եղեր իբր թէ տեղւոյն անուանակոչութեան սկիզբը՝ ըստ պատմելոյ ոմանց։ Բայց այդ լեռն իւր հին անունն ունի եւ իւր հնագոյն վէպերը։ Այս վէպիս մէջն ալ եթէ դերասանները Քիւրդ կը ներկայանան, ինչպէս շատ քրդերէն ու տաճկերէն լեզուով ասացուածքներ, թէ՛ երգ եւ թէ՛ զրուցատրութիւն եւ թէ՛ բառեր ու բառերու յարմարական ստուգաբանութիւնք կան։ Ադոնց հեղինակ Հայ եղած են անշուշտ։ Բայց երբ շատ անգամ հայերը գաղթեր ու փախչեր են կամ կրօնափոխ եղեր են‚ ասոնց տեղը գրաւող Քրդերը իրենց լսածը իրենց լեզուով սկսեր են պահել ու պատմել. կամ կրօնքն ու լեզուն փոխող հայերը այս վէպերն ալ իրենց լեզուին հետ փոխած են։ Որչափ խաղեր կան քրդերէն ու տաճկերէն լեզուով, բայց ըստ որում, անոնց նիւթը հայոց տեղեր, հայոց դէպքեր եւ անձինք կը ներկայացընեն, անոնց յօրինողներն Հայ եղած են, սակայն օտար լեզուով յօրինած, ինչպէս որ մինչեւ այսօր ալ յօրինողներ կան։ Նոյնիսկ Քրդերու եւ Տաճկաց կեանքին վերաբերեալ խաղերէն ալ շատը կը յօրինեն Հայեր։ Ընդհանրապէս քիչ են Քրդերէ ու Տաճիկներէ աշուղները Հայաստանի մէջ. այդ երկիրը եւ այդ կլիման Հայուն է թողուցեր այդ միակ ձիրքը, որ անկողոպտելի է մնացեր։ Այդ երկիրը կ՚ըսեմ, որ Քիւրդիստան չէ, ինչպէս անգթութեամբ եւ անգիտութեամբ կ՚անուանեն ոմանք, այլ տակաւին մինչեւ այսօր եւ մինչեւ յաւիտեան Հայաստան է ու Հայաստան պիտի մնայ։