Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

1. գործքեր ալ կ’ուզէր ընել Ալոզիոս, բայց հնազանդութեան. տակ ըլլալով միայն հրամանի դէմ չեղածը կ’ընէր․ ինչուան հիւանդ եղած ատենն ալ ուրիշ հիւանդներու կը ծառայէր։

2. Աշխարհէ հրաժարելով չէր հոգար իր ընտանիքը, ինչպէս առաջ ըսինք․ բայց այն արեան պարտքն՝ որ Աստուած դրած է ազգականաց մէջ չարհամարհելու օրինակ մը ցըցուց որ ասանկ աշխարհատեաց սուրբի մը վրայ աւելի զարմանալի է։ Իր եղբայրը Ռոտոլփոս մարգէզն՝ Մանդուայի դքսին հետ կռիւ մը ունեցաւ՝ որ երթալով մեծցաւ, դադրեցընելու ճար չեղաւ․ ասոնց երկուքին մայրերն ալ Ալոզիոսի գրեցին թէ աս թշնամութիւնը մեր ցեղին մեծ նախատինք է, մէկն ալ չի կրնար ճար մը ընել, բայց եթէ մեծաւորիդ հրամանովը դու գաս ու հաշտեցընես։

3․ Ալոզիոս այնպէս աշխարքի բաներէ ետ կեցեր էր որ կրնար ըսել թէ ես ալ ձեռուըներս լուացեր եմ, ինչպես եւ ինչ նորէն աղտոտեմ, բայց ինքն որ գիտէր Աստուծոյ համար զԱստուած թողուլ, աս բանիա համար շատ աղօթքէ վերջը խորհուրդ հարցուց խոստովանահօրը որ էր անուանի Պելլարմինոս կարդինալն. ան ալ ըսաւ թէ մեծաւորիդ տուած խրատին հնազանդէ՝ կը յուսամ որ հնազանդութիւնդ շահաւոր ըլլայ։ Մեծաւորն մէկէն հրամմեց որ երթայ Մանդուա՝ բաները հոգայ։ Շուտով ելաւ առաքինի կրօնաւորն, ընկերներէն զատուեցաւ ամէնքը լացընելով. հետը եղբայր մը տուին, մէկ տեղ ճամբայ ընկան սեպտեմբեր ամսուն մէջ 1589ին։

4. Ալոզիոսի հայրենիքը դառնալը՝ հայրենիքէն ելլալէն ծանր էր, միայն հնազանդութիւն ու սէրն է որ ամէն դժուարութիւնն կը դիւրընցընեն. ամէն տեղ ուսկից որ անցաւ՝ բարի օրինակ տուաւ ու կամքին դէմ պատիւ գտաւ։ Մանդուա հասնելուն պէս գրեց եղբօրը․ Ռոտոլփոս մէկէն կառք մը ղրկեց ու  ինքն ալ ելաւ եկաւ եղբայրը դիմաւորելու ու փաթթուելով ուրախութեամբ բերաւ Գասդիլիոն։ 

5. Քաղքին մէջ ձայն ելաւ թէ Ալոզիոս եկեր է․ Ալոզիոս եկե՜ր է, ըսին ամէնքն մէկ բերան. մէկէն հրացաններ պարպեցին, թագաւորի պէս ընդունեցան զինքն․ պատուհաններէն պատուի անուններ տալով իբրեւ իրենց իշխանը կը հրամցընէին, ճամբան պատահողները ծունկ կը դնէին սուրբի տեղ դնելով զինքը. մայրը որ տասւերկու մղոն հեռու տեղ էր՝ լսածին պէս՝ մէկէն կառքը մտած Գասդիլիոն դարձաւ․ սանդուխէն վեր վազեց կայծակի պէս, տեսաւ իր առաքինազարդ սիրուն ու սքանչելի զաւակը` չի համարձակեցաւ պլըլւելու անոր՝ որուն որ պզտիկուցմէն ի վեր իմ հրեշտակս դրեր էր՝ անունը, հիմայ այն սքանչելի դէմքը նոր շնորհքով մը լցուած տեսնալով՝ ծունկ ինկաւ իր տղուն դիմացը օրհնութիւնը ուզեց։ 

6. Բայց Ալոզիոս շատ կամըչնար ասանկ ամենէն պատուըւելուն. միայն մեծաւորին հրամանին համար՝ պալատը բնակեցաւ, բայց իր կամքովը բան մը չուզեց, ինչ որ հարցընէին, զիտցածնուդ պէս ըրէք, կ’ըսէր․ թող չէր ’ի տար որ մէկը ծառայէ, եղբօրը տուած կառքըն ալ չառաւ, միշտ ոտքով կ’երթար, եւ այնչափ զինքը պատուող ու բարեւող կ’ըլլար, որ ինքն ալ բարեւ տալու համար կը ստիւպուէր գրեթէ միշտ գլուխը բաց պտըտելու։

7․ Երբոր ձմեռն հասաւ Ալոզիոս Պրէշիայի Յիսուսեանց վանքէն հին հագուստներ բերել տուաւ, որ տունէն բան մը չառնու․ մօրը ճարն հատաւ, ջուխտ մը բաճկոն տուաւ որ գոնէ անոնց մէկը հագնի, մէկալն ալ հետը եղողին տայ․ Ալոզիոս չառաւ մօրմէն․ բայց երբոր այն եղբայրը մօրը խրատովը ըսաւ, թէ ողորմութեան համար է տուածը, ու դու ալ թէ որ զքեզ աղքատ կը ճանչնաս պէտք է որ առնուս, Ալոզիոս սիրով ընդունեցաւ ու հագաւ, փառք տուաւ Աստուծոյ ասանկ ողորմութեան մը համար՝ ինչպէս որ սուրբն Ալէքսիանոս հօրը ծառաներուն ձեռքէն առած ատենը։

8. Մէկ անգամ մ’ալ որ հօրեղբօրը պալատը գացեր էր, (վասն զի վէճը հոգալու համար անդադար քաղաքէ քաղաք կը պտըտէր) գիշեր ատեն ճամբան կորսնցուց, խիստ ուշ հասաւ․ բայց հօրեղբայրը ջահերով, զինուորներով իշխաններով դիմացը ելաւ, բերաւ զինքը ամէն կերպով զարդարուած սենեակ մը. Ո՛հ ըսաւ Ալոզիոս իր . կրօնաւոր եղբօրը, տես թէ մեղքերնուս համար ինչ տեղ ընկանք:

9. Քանի մը ամիս աշխատելէն վերջը երբոր աղէկ մը իմացաւ կռուին ամէն պատճառները, Աստուծմէ լոյս խնդրեց, գնաց Մանդուա դքսին․ ասիկայ որ շատ իշխաններու աղաչանքին չէր լսած ու խիստ աւրուեր էր մարգէզին հետ, Ալոզիոսի հետ ժամ ու կէս խօսելուն պէս՝ յաղթուեցաւ անոր սրբութենէն. կռուին առիթն էր մէկ երկիր մը որ մէկմէկէ կ’ուզէին առնուլ, մէկէն Ռոտոլփոսին թողուց անիկայ, ու խոստացաւ ալ որ անոր անունը շտկէ. վերջը Ալոզիոս բերաւ եղբայրը դքսին քով ու սիրով հաշտեցուց։ Երկինք ուրախացաւ, աշխարհ ալ զարմացաւ։