Նմանութիւն սրբոյն Ալոզիոսի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ

Դուք էք լոյս աշխարհի

ՄԱՏԹ․

1. Ինչպէս որ արեւն իր լույսը չի կրնար ծածկել, եւ ոչ մուշկն իր հոտէն դադրիլ, Ալոզիոսի սուրբ վարքն ալ ինքիրէն ամէն տեղ կը յայտնուէր։ Մանդուա եղած ատենը Յիսուսեանց դպրատանը մէջ՝ իրեն քարոզ մը տալ տուին, որ միայն մեծաւորներու ու գլխաւոր քահանայներու պատիւ էր, Ալոզիոս չի հնազանդիլ չէր կրնար, անանկ սրբութեամբ մը խօսեցաւ  որ լսողները վարպետ ու աշկերտ կը կարծէին թէ ան միջոցին Հոգին սուրբ փառքով Ալոզիոսի սիրտը ինջած ըլլայ,

2․ Երբոր Գասդիլիոն բանը լմընցընելէն վերջը Միլան երթալու եղաւ, Բիաչէնցա քաղաքը քահանայ մը եկաւ ասոր հետ տեսնուելու. սենեակը մտաւ տեսաւ որ Ալոզիոս ոտքի ամանները կը մաքրէ․ տաս քահանայն ատենօք տեսած էր զինքը իր պալատին փառքին մէջն ալ, զարմացաւ մնաց իր խոնարհութեանը ու աղքատութեանը վըրայ․ Ալոզիոս պալատն ալ տունն ալ իր վանքը կը դարձընէր, ճգնութիւնները միշտ հետն էին, ինչպէս որ ճառագայթը լուսէն չի զաշտուիր։

3․ Միլանի վանքը աստուածաբանութիւն կը սորվէր հոն տեղի եղողներուն հետ, աւելցած ատենը հրաման առաւ ու խոհակերանոցը կ’աշխատէր, պնակները կը լըւար, ջուր կը քաշէր, եւ ասոնց նման անարգ ծառայութիւններ կ’ընէր․  կը նայէր որ ընկերներուն մէջ ետքինը երեւայ թէ պատուով թէ կարգով. օր մ’ալ իր կարկըտած հին զգեստը հագաւ եկաւ սեղանատուն ամենուն դիմացը թողութիւն խընդրեց բանի մը վրայօք, որ ինքը յանցանքի տեղ դրեր էր։ 

4. Սովորութիւն կար Միլան որ կրօնաւորներն երբեմն հրապարակի մէջ քարոզ կու տային. Ալոզիոս շատ խնդրեց մեծաւորէն. որ ան քարոզ տուողին հետ երթայ սպասաւորի պէս, ճամբայները ո՛վ որ տեսնար՝ կը կանչէր որ գան անոր քարոզը մտիկ ընելու, ինքն՝ որ Գասդիլիոն մէկ քարոզով հարիւրաւոր մարդիկ զղջումի բերաւ։ Ուրիշ հեղ ալ երբոր մուրալու համար կը ղըրկուէին եղբայրները՝ շատ աղաչանքով հրաման կ'առնուր որ խոնարհութեան համար ինքն ալ մուրայ, եւ անանկ ուրախութեամբ կը պտըտէր կարկտած հագուստովը ինչպէս թէ գանձ ժողվելու կ’երթար։

5. Վանք եղած ատենն ալ, մանաւանդ երբոր իշխան մը կամ եպիսկոպոս մը գալու կ’ըլլար, ձող մր կ’առնուր, ծայրը աւել անցուցած սրահները կը պտըտէր սարդի ոստայները մաքրելով, որպէս զի անով եկողին երեւայ թէ իր ձեռքէն ուրիշ բան չի գար բայց եթէ աս պաշտօնը, ու անով արհամարհուի. բայց բանը գիտցողները բարի օրինակ կ՝առնուին։