Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ա հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՄԻՍԱՔԵԱՆ 

ԺԹ րդ դարու մեր իմացական ամէնէն ընդարձակ ու տարածուն ախորժակին ներկայացուցիչ ու նոյն ատեն Զարթօնքի Սերունդին մտադրութեանցը քովէն իր շքեղ այլուրութեամբը երեսը ետ քալող Տէրոյենցի յատկացուած էջերը ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին՝ իրենց լիութիւնը կը գտնեն երբ հետեւին սա միւսին ալ կենդանագրով որ ոչ նուազ տարակարգ, թելադրիչ գիծերով, առեղծուածային, մթին համբաւի մը ծնունդ է տուած։ Իր ժամանակը զայն չէ կրցած ուրանալ բայց գիտցած է խուսափիլ անկէ, անշուշտ անոր տուրքերը, շնորհները կասկածելով, բայց անոր թերութիւնները օգտագործած է մեծ ճարտարութեամբ: Ասիկա՝ պուետ Խաչատուր Միսաքեանն է, իր վերադիրը ճակտին քրտինքովը շահած՝ դպրոցական հանդէսի մը մէջ, դեռ ոչ քսանամենի, շատ խրթին գրաբարով մը սպառազէն քերթուած մը կարդալով: Ամիրայ մը զայն վարձատրած է այդ մակդիրով որուն պահպանմանը համար անիկա գրած է, կը պատմեն, փառասիրութեան սահմանները անցնող ու ծիծաղելին ողջունող եւ ուշադրութիւն: Պարոնեան չէ չափազանցած. երբ անոր ընկեր կուտայ, փողոցն ի վար քալելու ատեն, հնութեան բոլոր մեծանուն պուէտները։

Խաչատուր Միսաքեան կուգայ գրեթէ պատուելիին պայմաններէն։ Իրենց ծննդեան թուականներուն տարբերութիւնը աննշան ըսուելու չափ (Միսաքեան` 1805, Պատուելին՝ 1801։ Մօտեցուցէք մահուան թուականներն ալ Միսաքեան՝ 1891, Պատուելին՝ 1888), փոքր է արդարեւ։ Այս վերջինին Պրուսան անշուշտ որոշ կնիք մը պիտի տար իր այն տարիներուն որոնց մէջ կը յօրինուի մեր ամէնէն ամուր մասը, մեր հոգեյատակը, այսինքն մեր առաջին ու երկրորդ մանկութիւնները, մանաւանդ մեր առաջին պատանութիւնը։ Չեմ կրկներ այդ Պրուսային բնախօսական նկարագիրներուն համար քիչ վերը համառօտակի թելադրուածները: Գերազանց քաղաքն էր անիկա։ Իմ ժամանակս, կը պարզէր պատկերը բոլորովին efféminé, քաղցր, իրաւ, նրբացած հասարակութեան մը, արիւնէն աղքատացած, քանի որ շրջակայ հայ գիւղերէն ոչ մէկ արեան նպաստ, գաղթականութեան ձեւով, չէր նորոգած անոր բջիջները: Բայց իմացապէս այդ քաղաքը կը մնար իր բութ, անհաղորդ ԺԸ րդ դարը ապրելով մինչեւ իմ օրերը: Միսաքեան ալ չէ ունեցած բախտը կանոնաւոր կրթութեան մը: Իր արտակարգ ընդունակութիւնը սորվելու արարքին մէջ, զայն մղած է կայքէ կայք, անոր մէջ մշակելով աւելորդ ինքնավստահութիւն որ շատ դիւրաւ կը վերածուի անհանդուրժելի յաւակնութեան։ Բացառապէս օժտուած պատանիները հարուածող այս հիւանդութիւնը հոս կը դնեմ առաջին գիծի։ Ինչպէս որ պատուելին իր իմաստութեան վրայ դողդղագին հպարտութեամբ մը պիտի մնար կառչած, արի ու աննահանջ, պուէտն ալ իր ճարած ուսումը պիտի արժեւորէ շատ թանկ։ Եթէ երբեք իրաւ է իր կենսագրին (դարձեալ Յ. Գ. Մրմրեան) սա վկայութիւնը. «… Մեռնելէն քանի մը ժամ առաջ, ճակատը շփելով՝ ըսեր է իր կրտսեր աշակերտներուն իր ունայնութիւն ունայնութեանցը. հո՛ս, հո՛ս մարգարիտի պէս շարուած են գրուելիք եւ ըսուելիք ա՛յնպիսի բաներ որ ո՛չ ըսուած են եւ ո՛չ ալ պիտի ըսուին» (Հին Օրեր, էջ 124, Յ. Գ. Մրմրեան), մենք կ՚ունենանք ամբողջ հասակը ոչ միայն Միսաքեանի փառասիրութեան այլ եւ բանալին անոր անմեկնելի վրիպանքին։ Մահուան մէջ մարդիկ յաճախ իրաւ կ՚ըլլան երբ ապրած են արի։ Կ՚աւելցնեմ այդ ոգեւարքի վկայութեան մէկ ուրիշ տողն ալ. «Ելնեմ նէ պիտի սրբագրեմ բոլոր գրածներս»։ Ասիկա ըսողը ութսունէն վեր գրագէտն է որ քսանէն վար շահած էր չնաշխարհիկ վերադիրը, ու վաթսունէ աւելի գործօն կեանքի տարիներու ընթացքին չունէր ոչինչ աւարտուն: Ինչպէ՞ս կ՚անդրադառնայ արդէն իր գրածները կրկին սրբագրելու սրտառուչ պարտքը դիմաւորելով քիչ մը աւելորդ, ապաժամ արիութեամբ։ Երկու հազար էջը անցնող իր ձեռագիրները (միշտ Մրմրեանն է վկայողը) 1909ին աչքէ անցուեցան որպէսզի նիւթ հայթայթէին Թիֆլիս տպուած Հայ Գրողներ (Բ) հատորին։ Իր ողջուցը, քանի մը ճիղճ պրոշիւրներ, (Եպիմէնտէս ի Վոսփոր, Կուրաց Դաստիարակութիւն), քրօնիկներ (գլխաւորաբար՝ Մասիս թերթին մէջ, (1858-61) ու հոս ու հոն քերթուածներ միայն ստորագրող այս երանելի մահամերձը կը հեգնէ՞ր թէ կը ստէր, երբ իր ճակտին տակ անտիպ աշխարհի մը գոյութիւնը կը վայէր աւաղագին։ 

Խաչատուր Միսաքեան չի նմանիր սակայն պատուելիին, այն հիմնական զգայարանքով՝ որ արուեստին հանդէպ մեր մէջ իրաւ է այնքան անգամներ։ Կրնամ ենթադրել, որ պատուելին տող մը ոտանաւոր չէ փորձած, իր ահագին արձակին տաժանքէն սանկ քիչիկ մը թեթեւնալու համար իսկ։ Միսաքեան քերթող մըն է: Ծնա՞ծ։ Ի՜նչ գիտնամ: Այնքան տարօրինակ է մեր գրականութեան ճակատագիրը, քանի որ հոն միայն մեզի կը  տրուի հանդիպիլ վաւերական, ծնած խառնուածքներու զառածումին։ Ո՞ր սեւ բախտին գինով Պէշիկթաշլեանի պէս հարազատ քերթողէ մը մենք ունինք հազիւ տասնեակ մը իրաւ քերթուած ու հարիւրով անհարազատ ծնունդ։ Միսաքեան ունի զգայնութիւն, կիրք, ճաշակ, արուեստագէտի խառնուածք (իր ապրած կեանքն ալ ատոր մէկ ապացուցումը չէ՞, երբ հակառակ իր իրաւ տաղանդին, կը դժուարանայ կայան գտնել այդ տաղանդին ամէնէն կարօտ կալուածներուն մէջ իսկ: 1852ին մարդիկ Պոլսոյ մէջ թերթ կը ջանան հրատարակել: Պուէտը, իր բոլոր ուժին մէջ, Բարիզ թութակ կը խնամէ, կատու կը փայփայէ, իրեն յանձնուած աշակերտներուն բարոյականին կը հսկէ, ու կը սպասէ որ Պոլիս լոյս տեսնալիք թերթին համար իր արժանիքները յիշուին: Իր միջակ մէկ աշակերտը որ հետն էր Բարիզ եւ` իբր թէ վաճառականական ուսումներու էր հետեւած, ինչ որ հոմանիշ է բան մը չսորվելուն, առնուազն առաւ- փախաւութիւն մը սորվելուն կերպը կը գտնէ այդ թերթին խմբագրութենէն Տէրոյենցը նետելէն զատ, Միսաքեանն ալ անկէ հեռու պահելու: Այս իրողութիւնը ցոյց կուտայ թէ որքան իրաւ էր անոր տաղանդը, անաշխարհիկ, ու ատով՝ անօգուտ)։ Եւ աշխատանքի զօրաւոր կամեցողութիւն: Միւս կողմէն Ակնցի հօրմէ մը ծնած Պոլսեցի մըն է անիկա։ Այսինքն առաջին croisementը գաւառին ու ոստանին։ Առանց աւելորդ շահադիտութեանց, Միսաքեանի ուսուցչութիւնը, առջի երիտասարդութեան ապրումները, շրջանին գրական ախորժակները կը բացատրեն որոշ չափով անոր վարկը։ Քերթողական իր շնորհը, չեմ երթար առաջ, մինչեւ Ակն իջեցնելու։ Բայց կը կենամ փաստին դիմաց որ բան մը կ՚ապացուցանէ անշուշտ, Արեւմտահայ գրականութեան բազմազանութիւնը [1] հասկնալի ընծայող։ 

 

ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը չի կենսագրեր, այլ կը կենդանագրէ: Մինչեւ 1848ը, Միսաքեան Պոլսոյ մէջ կ՚ապրի կեանքը իր դասակարգին, վարդապետութիւն մը ուր հմտութիւն, կարողութիւն, կիրք, արհեստին փառքն ու կորանքները կը պաշտպանուին գրելու, քերթելու առանձին վարկով մըն ալ: Մեծ այդ վարժապետները, այդ դարու առաջին կէսին, թէեւ ենթակայ ամիրաներուն ու կրօնականներուն, կը վայելեն համարում ու յարգանք, չնմանելով մերօրեայ տժգունութիւններուն, չունենալով ալ այն տիրական դերը որ Սահմանադրութենէն (Ազգային) անմիջապէս վերջ կ՚ըլլայ զգալի։ Տասնութամեայ վարժապետ Չերազ մը եօթանասնական թուականներուն երջանիկ է այս ժողովուրդին իմացական ու քաղաքական ղեկը իր ձեռքին մէջ կարծելուն, ու կը վարէ այդ օրերու հանրային կարծիքը, երբ Օտեաններ, Խրիմեաններ, պետական բարձրորակ հայ պաշտօնատարներ, պատրիարքներ պատկառանքն ունին այդ անպեխ տրիբունին հրաշքի՜ մօտեցող կարողութիւններուն: Միսաքեան շատ չերեւար իր Բարիզէն առաջ։ Բայց Ճեմարանի մէջ (1846) դէմքէ մը աւելի է, հակակշռելու չափ Տէրոյենցը որ ուրիշ սքանչելիք մըն է ասպարէզին համար, տալու կարող հայկաբանութեան բոլոր վսեմութիւնները, աստուածաբանութիւն, ու  Մաթեմաթիք, մասնագէտներէ բարձր հեղինակութեամբ մը։ Առանձին տուներու մէջ դասատուութիւնը, այդ օրերու բարքին մաս կը կազմէր։ Միսաքեան իբր պուէտ, բաց գտած է առջին մեծահարուստներու դռները։ Իր ուսուցչի վարկին կը պարտի իր Բարիզը ուր կը ղրկուի, աւագանիին պատկանող մարդու մը զաւակները հսկելու այսօր դժուար ըմբռնելի դերով մը։ Կ՚աւելցնեմ որ Բարիզէն առաջ, անիկա իր տունին մէջ գիշերօթիկ առած է Խորասանճեանի երկու տղաքը, անոնց ուսումը եւ յանձանձումը ստանձնելով։ Այդ տղոց վրայ ուրիշներու ալ յաւելումը (որոնց մէջն է Մասիսի ապագայ խմբագիրը) իրեն կը բանայ Ֆրանսայի ճամբան։ 

Աւելի քան քառորդ դար Միսաքեան կ՚ապրի Բարիզ։ Ու այս մարդուն դերին, տաղանդին, հէքիաթին համար այս շրջանը կ՚ունենայ վճռական ազդեցութիւն։ Անիկա չի նմանիր Ռուսինեաններու, Ոսկաններու եւ յարակից միւս դէմքերուն (Աղաթօն, Կրճիկեան, Սէրվիչէն, յիշելու համար ուրիշ ասպարէզներու ալ հետամուտ մեծ դէմքերէն քանի մը հատ) որոնք այդ Բարիզը կ՚իւրացնեն երիտասարդական արագ ընկալչութեամբ։ 1805ի ծնունդ, Միսաքեան կարծրացած է բաւական, կէս դարու ապրումի մը գինով, իւրացնելու համար ինչ որ 1825ի ծնունդ տղաքը ըրին այնքան բնականութեամբ ու համապատասխան հետեւանքներով։ Այնպէս որ Միսաքեանի Բարիզը բոլորովին տարբեր արդիւնք մը պիտի ունենայ իր իմացականութեան բարգաւաճման վրայ: Դուք գիտէք որ Զարթօնքի Սերունդէն ոչ ոք միտքէն անցուց այդ Բարիզին մէջ տեղաւորուիլ, յօրանալ ու չքանալ այն հեշտանքով զոր ինծի համար դժուար չէ մտապատկերել: Տարիքն առած մարդու հոգեբանութիւն մըն է որով Միսաքեան մսխած է այդ քառորդ դարը։ Այդ Բարիզին մէջ հաւանաբար իր հիւանդութեան նախաւոր ժահրը առաւ Զօրայեան, ինչ որ համազօր կուգայ սրտի կապերու: Այդ Բարիզին մէջն է որ Ռուսինեան սիրահարուեցաւ Ալզասցի ուսանող աղջկան մը։ Բայց երկուքն ալ դարձան Պոլիս։ Միսաքեան նման հաւու մը որ իր ձագերը կ՚ազատագրէ իր խնամքէն (իրեն յանձնուած տղաքը իրենց ուսումը ընելէ վերջ դարձած են Պոլիս), կը թափառի մեծ ոստանին մռայլ հրապոյրներուն մէջ։ Հետաքրքրական մանրամասնութիւններով համեմուած պատմում մը ունի այդ քառորդ դարուն շուրջը` Մրմրեան, դուրս՝ իմ նախասիրութիւններէս: Զիս շահագրգռողը իր իմացականութեան վրայ այդ քաղաքին ներգործութիւնն է

Անյագ, զարհուրելի ընթերցող մը, գրականութեան անսբագրելի սիրահար մը, իր վրայ մեծ համարումներ արթնցնող ու ատոնց արժանաւորութիւնն ալ ներսէն հաստատող միտք մը ի՞նչ է ըրած այդ թանկագին կարելիութիւնները բեղմնաւորելու համար, անշուշտ ամէնէն առաջ իր հաշուոյն: Դժբախտաբար քիչ բան է մեր գիտցածը։ Ունինք իր վկայութիւններէն քանի մը հատ: Ան կը գրէ նամակներ Բագրատունիին, Հիւրմիւզին, Վենետիկեան գրաբարին անշէջ տարփանքը անգամ մըն ալ յայտնաբերելով, գրականութեան ամէնէն իրաւ, շքեղ ոստանին մէջ կազմելու չափ ամէնէն յիմար հակասութիւնը: Ի՞նչ ունէր այս մարդը սպասելիք այդ աբբաներու քերթողութենէն, երբ իր շուրջ կարելի փառքերը կային գրականութեան։ Գիտենք իր յարասութիւնը (բարաֆրազ) Տելեմաքի ոտանաւոր պատմումէն: Գիտենք իր նամակներէն իր գանգատները որոնք իրեն պակսող քաջալերը կը պատմեն, գրական հանդէս մը հրատարակելու իր ծրագիրը [2], իր նիւթական տագնապները, իր գրական մտահոգութիւններէն մէկ քանին: Ուրի՞շ: Մրմրեան կուտայ անոր օրէն  հաճելի զուարթ դրուագներ։ 

Անշուշտ կան իր երկու հազարի մօտեցող էջերը, նա խանիւթ այդ հանդէսին համար: Սուտ չեն անոնք, քանի որ թէ Մրմրեան, թէ Հրանդ, թէ Թէոդիկ այդ մասին ունին անհերքելի վկայութիւններ: Խօսեցայ Սոֆիայի ձեռագրէն 1892ի Մասիսին մէջ անկէ հատուած մը, Դիպուածը հետաքրքրական էջ մըն է: Հայ Գրողները (Բ) հատորին մէջ անկէ արտագրուելով լոյս տեսածը ստիպուած եմ բաւարար նկատել, դատելու համար Միսաքեանի տաղանդին ամբողջ տարողութիւնը

Սովորութիւն է ընդունիլ վէպի մը յաջողութիւնը երբ անոր առաջին պրակը կը կապէ ընթերցողը է Սօֆիային համար այդ պատեհութիւնը ունի գոյութիւն։ Արդ, այդ վէպին հրատարակուած մասէն իմ առած տպաւորութիւնը երբեք չեմ կրնար մօտեցնել ոչ Վէրք Հայաստանիին, ոչ նոյն իսկ Սօս եւ Վարդիթերին: Աբովեանին հանճարը, Պռօշեանցի պարկեշտութիւնը չեն հեղինակը այս վճռական հաւաստումին: Սոֆիան Բարիզ գրուած հայ վէպ մըն է, չմոռնանք ասիկա: (Հիսարեանի Խոսրով եւ Մաքրուհին, լոյս տեսած Բանասէր հանդէսին մէջ (1851), առաջին ինքնագիր հայ վէպն է ինծի ծանօթ)։ Հաւանաբար 1855- 60 շրջաններուն

Ուրեմն՝ Սթանտալ, Պալզագ, ապահով կերպով։ Հաւանաբար Ֆլոպէռ (Մատամ Պօվարին 1857ն է)։ Խաչատուր Միսաքեան յիմար մը չէր այդ գրական գործերուն անտեղեակ մնալու աստիճան։ Սոֆիայի մէջ վիպասան մը չի կայ, այլ տարօրինակ, դժուար տարազելի գրագէտ մը: Մարդ կը վարանի այդ գրագէտին հետ ընելու վերլուծական մերձեցումներ, շրջանէ մը վկայաբերական հաւաստումներ։ Իր հերոսն ու հերոսուհին մանրամասն կը պատկերացուին մեզի, Պալզագեան եւ Ժորժ-Սանեան եղանակով մը։ Փաստ է ասիկա։ Ասոնց երկու զաւակներուն նկարագրութիւնը, տղայաբանութիւնները, մանր շփացածութիւնը կը մատուցուին մեզի անծակ երանութեամբ մը։ Ասոնք ալ վերագրենք 1850ի վիպամոլ ախորժակներուն: Բայց չենք կրնար հարցը չտալ - ինչո՞ւ ֆրանսական վէպին այդքան ընտանի, կերպով մը ֆրանսական միտքին այդքան հաղորդ, եւ գրելու որոշ տաղանդ մը ցոյց տուող մէկը չըլլայ իւրացուցած վէպի մը ճարտարապետութիւնը։ Սոֆիան վէպ մը իբրեւ զարգանալ ուզող բայց տեղ քայլի միայն ընդունակ ու կարող թոթովանք մըն է, երբ զայն ուզենք զարնել միջին դժուարահաճութեամբ կշիռի մը: Հասկնալի է ի վերջոյ Հայկունիի մը վրիպանքը (Էլիզա) վասնզի բարի կամեցողութենէն դուրս ոչինչով է պաշտպանուած։ Դարձեալ կարելի է բացատրել Խոսրով եւ Մաքրուհին որուն հեղինակը Միսաքեանէն աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ ըրած է այդ Եւրոպան բայց առանց գրական յաւակնութեան, ինչ որ քսանամենի իսկ չեղող Կամսարական մը, անկէ քիչ մը աւելի տարէց Զօհրապ մը պիտի ընեն անհամեմատ հասկացողութեամբ, ու Արեւմտահայ գրականութեան պիտի տան անդրանիկ յաջողուածքները վիպելու արուեստին։ Ինչո՞ւ՝ մինչեւ եղունգները գրականութեամբ շաղախուած Միսաքեան մը, մէջն ապրելով իրական շարժումին, ամէն ժամ աչքին առջեւ ունենալով ֆրանսական վէպին գլուխ գործոցները, պիտի ըլլայ այդքան նախնական, այդքան անբաւարար։ Վասնզի Սոֆիան ունի պիրկ, յստակ, կանոնաւոր լեզու, մարդեր, մթնոլորտի նմանող բան մըն ալ: Ունի տակաւին արուեստի վրայ, կեանքի վրայ, ազգային իրողութեան վրայ եթէ ոչ խոր գէթ ընթացիկ, սուր նշմարանքներ։ Եւ ունի էջերու վրայ տարածուող խորհրդածութիւններ, քրոնիկ հոտող, որոնք եթէ ոչ հաճոյքով կամ օգուտով գէթ որոշ հետաքրքրութեամբ կը կարդացուին։ Զգացի՞ք որ չկրցայ բուն վիպողը յատկանշող ոչ մէկ առաքինութիւն արձանագրել: Վերի տուիքները քովտի շահագործուելիք տարրեր են, հիմնական՝ շէնքի մը կառուցման մէջ իրենց տեղը ունեցող, բայց այդ շէնքը չեն կրեր իրենց վրայ: Ու ասիկա տրտում է, չըսելու համար եղերական: Ձեռագիրը տեսնողներ չեն ըսեր թէ՝ ամբողջացա՞ծ էր Սոֆիան։ Բայց տրցակ տրցակ անաւարտ գործերու հեղինակ մը պիտի տկարանար վէպ մը իր կատարին առաջնորդելու այլապէս դժուարին պարտականութեան առջեւ: Սոֆիան վրիպանք մըն է, եթէ երբեք մեր դատաստանը չուզենք բարեխառնել իր լեզուին կարելի մաքրութեամբը, կորովովը, որոնք գրագէտ մը չեն փրկեր բայց գրող մը կ՚ընեն յիշատակութեան արժանի։ 

Մրմրեան որ տրամադրութեան տակ ունեցած է այդ ձեռագիրները, կը խօսի տարտամ կերպով մը ուրիշ աշխատանքներէ. «վէպեր, թարգմանութիւններ, ճաշակներ, տաղեր, ընտիր աշխարհաբարով մը որոնցմէ Սոֆիան ու Կաղ Սատանաները եւ Հայկանուշեայ ժողովը խմբագրուած են Եպիմենիդեսի կուռ ոճովը»։ Ուրեմն մէկէ աւելի են վիպական գործերը Միսաքեանի։ Այն պարագային՝ ուր անոնք կը մնան ենթակայ Սոֆիայի թէքնիկին, չեն կարող փրկել իրենց հեղինակը։ 

Միսաքեանի քրօնիկները (գլխաւորաբար Մասիսի 1858–61 տարիներուն մէջ լոյս տեսած) հանած են որոշ աղմուկ։ Արդար ըլլալու համար, պարտաւոր եմ խոստովանիլ որ անոնց լեզուն, կառոյցը, ծանրութիւնը ոչ աւելի ոչ ալ պակաս են այդ թուականին մեր մէջ իր սկիզբը ընող քրօնիկէն, որուն նմոյշները տակաւ հանդիպելի են մանաւանդ 1865էն վերջ, Մամուրեանի, Ծերենցի գրիչներուն ներքեւ: Ինչ որ Միսաքեանին համար բնորոշիչ կը նկատեմ, ատ ալ իր նկարագրին հեղումը եղող արտայայտութեան շիտակութիւնը, բռնութիւնը, խածանութիւնն է, երանգներ՝ որոնք իր խառնուածքէն կուգան հաւանաբար: Կուռ, ամուր, իրաւ՝ այդ քրոնիկները, շատ շատ, մարդ մը կը մատնանշեն, հազիւ թէ՝ գրող մը, երբեք՝ գրագէտ մը: Անոնց մով Պոլիսին խանդավառուիլն ալ՝ հասկնալի, քանի որ կարճ այդ կտորներուն մէջ, այդ թուականներուն, մարդիկ մէկէ աւելի հեշտանքներ կը ճարէին, զարնելու, բանգիտութեան, հանրային սպասի, մանաւանդ իրար վարկաբեկելու փոքրոգի արարքներուն հաճոյքները։ Դէգ, յախուռն, մռուտ (բառը Մրմրեանը կը գործած է Միսաքեանին նկարագրին համար), յաւակնոտ ու տէնտի հաւանաբար (իր երիտասարդութիւնը խօսուած ու խօսեցուցած է այդ ուղղութեամբ ալ: Մրմրեան կը յիշէ նոր սպրիկ հագուած, սիրասպատակութիւնները, հարուստներու դռներէն ներս  սանձարձակութիւնները՝ խոշոր զայրոյթներ ստեղծող), մանաւանդ արտակեդրոն մարդու մը գրիչին տակ այս՝ filetները կը հաւատամ թէ ունեցած են որոշ շահագրգռութիւն, գրեթէ գայթակղութեան շահագրգռութիւնը: Կը յիշեմ Պարթեւեանի ահաւոր վարկը որ սնունդ է առած նման պայմաններէ։ Պուէտին Բարիզն ալ ուրիշ աղ ու պղպեղ։ 

Այդ քրոնիկները ունին Բարիզեան սրամտութիւն, յղկուն ու աւարտուն կառոյց, անկախութեան, կտրիճ բառերուն թելադրած համակրանքը: Պարոնեան՝ նոյն այդ, տուրքերով, օրուան կիսաստուածն է: Միսաքեանին պակսածը սակայն կենդանի իրականութեան այն անփոխարինելի նպաստն է որով մեր բառերը կը թուին համակուիլ, հագուիլ ու դառնալ անկորուստ վկայութիւն։ Աւելի քիչ խառնուածք բայց աւելի մօտէն այդ կեանքը իր ջիղերուն վրայ ունեցող Մամուրեան մը շատ աւելի բարիքով գործածած է քրօնիկը, պատրանք ստեղծելու չափ մեծ գրագէտի, երբ այս շնորհէն հիմնովին զուրկ էր ծնած, ինչպէս է փաստը իր վէպերուն, ստեղծագործ էջերուն։ Յետոյ՝ չմոռնալ միւս ահաւոր իրողութիւնն ալ: Չերազին մեծ փառքը, անձնաւորութիւնը իր լրումը պիտի ապահովէ նոյն այդ զէնքերով։ Եղիան՝ ուրիշ հրաշք։ Պէրպէրեանը՝ ուրիշ։ Միամիտ մի ըլլաք այդ կտրատ էջերուն մէջ գտնելու հասարակութեան մը խուլ, խոր ցանկութիւններուն անդրադարձը, որով միայն շահեկանութիւն կը զգենուն այդ կտորները, իրենց ժամանակը, անկե առաջը, ցեղայինը արձագանգելով։ Միսաքեանի Բարիզը զինքը կ՚արգիլէ ինքնին այդ դերէն։ Յետոյ՝ գրողին ալ մայր խառնուածքը կայ: Միսաքեան լուսանցքի մարդ մը չէ անշուշտ: Բայց տեղի մըն ալ, ժամանակի մըն ալ, մտայնութեան մըն ալ զինուորը, բնակիչը, դրօշակիրը չէ: Ասկէ՝ իր դերին աննշանակ ստուգութիւնը։ Զայն կարդացողները կը զգան համը այդ ճարտար յօրինումներուն բայց չեն անցնիր անկէ անդին, ճիշտ ինչ պէս պատահած է Եղիային, որ առանց դրական յաւելումի մը մեր գրական հարստութեան վրայ, նկատուեցաւ մեծատաղանդ վարպետ մը: Սերունդ մը ետքը երբ այդ հէքիաթին մօտեցանք աւելի հանդարտ, գտանք որ Եղիան մեր գրականութեան ոչ մէկ նպաստ էր բերած. զինքը կարդացած ու անցած էին անդին։ Հիմա, մտածումներու նոյն շարքով, բերէք միտքերնուդ առջեւ օգուտը որ Արփիարեանինը եղաւ: Մարդիկ զայն կարդացին ու չանցան սակայն անդին: Այդ գրագէտը ուժ մըն էր, ապահովաբար ոչ` իր չունեցած տաղանդով, այլ իր իսկ հաւատքովը, ինչպէս ուժեր էին Գր. Արծրունի, Նալպանտեան, նոյնիսկ Ստեփանոս Նազարեան, Մ. Մամուրեան։ Միսաքեանի դերը, ազդեցութեան ծիրը անգոյ է մեր գրականութեան մէջ։ Ու ասիկա տրտում է հոս գրելը։ Աս մարդուն մէջ դիտող մը կար, խորհրդածող մը կար, իմացական իրողութեան հանդէպ հզօր համակրանք մը կար: Կար՝ ասդին, այդ ամէնուն բարիքին անհունապէս կարօտ գրականութիւն մը։ Ան որ Բարիզի մէջ աւելի քան քառորդ դար ապրեցաւ Ժընէիցի իմաստասէրին (Ռուսո) տարակեդրոն կենցաղը, անշուշտ հաւերուն, կենդանիներուն հանդէպ (իր մասնuարտին մէկ մասը հողով գոցելով հաւբակ մը ստեղծած է Բարիզի իր բնակարանին մէջ) իր հիւանդ համակրանքը չունէր միայն իրեն զբաղում, այլ աւելի ազնիւ կիրքեր, առնուազն իր բազմակարօտ ժողովուրդը, առնուազն շատ մը բաներու ետեւէն վազող իր ինքնատիպ ուղեղը։ Երբ յամառելով մնալ Բարիզ, կը սպառէ Պոլիս զինքը սպասողներուն, իր վրայ յոյս դնողներուն, հիացողներուն համակրութիւնը, անշուշտ կը զգայ իր ալ պատասխանատուութեան բաժինը: Ապրելու համար, եթէ Ռուսո նօթայի գօփիներ կ՚օրինակէր, Միսաքեան լուսանկարի բրեբարաթէօռ մը կը դառնայ ստիպեալ: Բարիզէն իր ստացածներուն հաշիւը չունինք։ Ձեռագիրներուն մէջ կը կասկածիմ թէ զիրենք արդարացնող վկայութիւններ ըլլան պահուած։ 

Բարիզէն առաջ՝ հասկանալի որ Միսաքեան ինքնատիպ, օժտուած վարժապետի մը վարկը պտտցուցած ըլլայ իր ետեւէն, զօրաւոր հակակրութիւններ ինչպէս անօգուտ համակրութիւններ ստեղծելով: Իր հասունութիւնը գտած, իր տաղանդին սահմանը չափած, մանաւանդ Բարիզի պէս իմացական կարելիութիւնը տարօրէն արագ սրող, պտղաբերող միջավայրի մը պաշտպանութեամբն ալ բախտաւորուած այս ապահովաբար ոչ ապատաղանդ գրագէտէն մեզի եկած բարիքին քիչը, ասոր ալ որակին հասարակութիւնը (քանի մը քրօնիկներ են ատկէ մեզի եկած էջերը: Ի՞նչպէս չմտածել մեծ Օտեանին որ շատ աւելի քիչ ժամանակի մը մէջ, միշտ այդ Բարիզէն, ըլլայ մեր գրականութեան ձգած քանի մը շատ սուղ, գրեթէ անկորնչելի էջեր) պատճառնե՞ր՝ որպէսզի մարդիկ ուս թօթուեն իր անունին: Կ՚ըսեն թէ Մխիթարեան վարդապետները, Բագրատունի, Հիւրմիւզ, կը պատուէին զինքը, Բարիզ, իրենց մեծահամբաւ այցելութիւններով: Հաւանաբար այդ այցելութիւնները կը կատարուէին Միսաքեանի գրաբար ոտանաւորներուն, որոնցմով զբաղուիլ ներելի չէ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին մէջ, այն գլխաւոր փաստին համար որ անոնք կա՛մ թարգմանութիւններ են, կա՛մ Մխիթարեաններուն հեշտանքը կազմող էփիկրամներ, անէքդոտիք փոքր քերթուածներ, անշուշտ գրուած որոշ հմտութեամբ գրաբարի ու որոշ ալ կիրքով մը, բայց չեն պատկանիր գրականութեան։ 1943ին, երբ այս տողերը գրողը կը դատէ Միսաքեանի Բարիզը, գրեթէ կը կրկնէ այն պատրանաթափումը զոր 1872ին մարդիկ ունեցան Բարիզէն ժամանած այս քանքարաւոր մտաւորականին անօգուտ, ստերջ տաղանդին հանդէպ։ Այդ թուականներուն մեր իմացական կեանքը կ՚ապրի իր մեծ կիրքերը, յոյսերը, անհուն միամտութեանց քովք ի վեր (Չերազ, Եղիա, Պէրպէրեան խմբակին հերոսապատում ելոյթը) շքեղ գեղեցկութեանց իրական, սփոփիչ խանդավառութիւնը: Աւելի քան հզօր է Պէշիկթաշլեանին սրտառուչ ողբերգութիւնը: Նոր թաղուած Դուրեանը ամբողջ իր փառքը կը սկսի յաւիտեանին համար: Դպրոցները իրարու կը յաջորդեն: Պայքար, մամուլի առատութիւն: Պարոնեան եւ Մամուրեան: Ծերենց եւ ազգային իրական վերածնունդին հաստատ տարփողը։ Պալեաններն ու թատրոնը: Ո՞րը թուել: Ազգային Սահմանադրութիւնը, իր հէքիաթային ինչպէս իրական տարողութիւնը, առնուազն ժողովրդական հանդէսներովը, ազգային կեանքին մէջ իր խորհրդանշած մեծ յաղթանակովը, Պոլիսին ու անոր իմացական կեանքին համար հզօր սատարներ են: Երեսփոխանները՝ մեծ մարդե՛ր, գէթ իրենք իրենց ներսը։ Ու ահա, իմաստին մայրաքաղաքէն, շքեղ համբաւի մը վրայ իբր ձի աշտանակած, կը ժամանէ Պոլիս։ Գիտէ՞ք աւելի սրտայոյզ, տարակարգ տեսարան մը քան հանդէսը որ կը պարզուի Պոլսեցիներուն աչքին, քարափին վրայ: Միսաքեան, գոյքերը, խոհանոցային, տնային առարկաներէն մինչեւ ձեռագիրներու ծրարը, գիրքերը, մանաւանդ ֆէսը, զոր հետն էր տարած քառորդ դար առաջ ու կը բերէր ետ, հանդիսաւորապէս։ Կառքեր հարկ եղած են այդ ամէնը փոխադրելու համար: Բայց անմոռանալի է, ըլլալու է ինքը՝ այդ հնակարկատային թոհուբոհին վերեւ կանգուն պուէտը, անշուշտ քիչ մը սկեպտիկ, քիչ մը փիլիսոփոս, քիչ մը թօհաֆ, իր մաշած արտաքինով՝ լաթերէն ինչպէս մարմինէն: Ինչ փոյթ այս délabré պատկերը վերադարձող մեծ գրագէտին: Ամբողջ Պոլիսը ցնծագին կ՚ողջունէ այս իրողութիւնը։ Օտեան, իր սովորական առատաձեռնութեամբ անոր կը հասցնէ անմիջական օգնութիւնը։ Միսաքեան կը հագուի, կը լուացուի, կ՚օծուի ու կը մտնէ Հայոց նոր գրականութեան սրահներէն ներս

Այս ամէնուն մէջ կայ անշուշտ զաւեշտականին հետ եղերականը։ Քառորդ դար իմաստի ոստանին ամբողջ իմաստութիւնը իր ուղեղին տակ անպատճառ ամբարած մեծ գրագէտը ինքնաբերաբար իր վրայ կը դարձնէ՝ բոլորին ալ ուշադրութիւնը, սպասումները: Միսաքեան գիտէ ինքզինքը արժեւորել՝ լռելով։ Խանդի ու հրայրքի օրեր էին եւ Ազգային ճակատը շեշտակի բաժնուած։ Իւրաքանչիւր կողմ կ՚ընէ կարելին իր հետ ունենալու համար նորաժաման մեծ իմաստասէրը, Բագրատունիին սխալները բռնողը: Միսաքեան այս ամբողջ խաղարկութիւնը կը վարէ հանճարային դիւանագիտութեամբ մը լռելով։ Ան չի գրեր, չի խօսիր, կարծիքէ զգոյշ է: Կը խուսափի ինքզինքը անկաժէ ընելէ օրուան հրատապ հարցերուն մէջ։ Բայց իր չար բախտէն դէպքերը կը քալեն գահավէժ: «Մեծ համրը վերջապէս կը խօսի» պիտի գրէ Պարոնեան, այն օրը, երբ պուէտը գրիչը ձեռք կ՚առնէ Մամուլը յուզող մեծ տագնապի մը բերելու համար արամազդեան լուծում մը Պոլսահայ ամբողջ մտաւորականութիւնը իրար է անցած սահմանելու համար վատ, կենդանի ածականներուն իմաստը վէճի առարկայ ընդմէջ Մասիս եւ Փունջ թերթերուն: Տէրոյենց, Գարագաշ, այսինքն հայկաբանութեան կիսաստուածները, խառնուած են վէճին։ Միսաքեան քանի մը դիցաբանական, պատմաբանասիրական ճոռոմ յօդուածներով կը մասնակցի այս գորտամկնամարտին: Մարդիկ յաջողած էին կործանել Բարիզէն խորհրդաւոր կերպով ինքզինքը աշտարակող իմաստասէրը: 25 տարին այդ մարդուն մէջ ոչինչ էր փոխած։ Իր յօդուածները չէին իսկ հակակշռեր Պոլսէն չբաժնուած հասարակ խմբագիրներուն երկունքը

Յետո՞յ։ Բայց անկումը: Այս անգամ շատ արագ: Վասն զի տարիքը կ՚ըլլար զգալի։ Վասնզի շողշողուն ու շառաչուն բառերուն, Սահմանադրութեան տարեդարձներուն, ազգային երգերուն, ճառախօսներուն շրջանն էր: Մրմրեան չի յիշեր որ Միսաքեան ատենաբանութեան մարզանքներ ըրած ըլլայ: Ու ճառերու կայսրութիւնն էր որ կը սկսէր։  Եղիա, Չերազ, Ծերենց, մանաւանդ Պէրպէրեան թաղէ թաղ կը շրջէին իրենց պերճախօսութեան հեղեղներուն մէջ առնել տանելու համար հասարակութեան սիրտն ու խելքը։ Միսաքեան մինակ էր։ 

Մինակ էր ուրիշ ալ պատճառներով։ Անիկա, խառնուածքի բերումով մը առանձնութեան ո՛չ միայն դատապարտուած մէկն էր, այլեւ էր իր միտքին յօրինուածութեամբը, ներքին խոկումի, անդաճմունքի յարմարութիւններ միայն ունեցող ուղեղային մը (cérébral)։ Ու ամէն տեղ այս տիպարները կը պարզեն վախկոտութիւն մը որ թերեւս ծնունդ է իրենց անձին վրայ հսկայական համարումի մը։ Այդ վախն է որ զանոնք կ՚արգիլէ ազատ համարձակ իրենց գործունէութիւնը ներդաշնակելու տիրող պայմաններուն հետ: Խուլ զգացումը իրենց գերազանցութեան զիրենք կ՚ընէ կասկածոտ, զգոյշ, խուց: Դէպի մենագարութիւն առագաստ պարզող մարդեր են։ Այն տարաձայնութիւնը թէ Բարիզէն դարձին Միսաքեան ապրեցաւ իբրեւ «յիմար մը» (բժշկի մը կողմէ հրապարակ նետուած) ունի անշուշտ արտայայտիչ տարողութիւն մը: Զինքը կը դնեն դպրոցներու մէջ ուր իր միտքը, ճաշակները, հմտութիւնը ամէն րոպէ կը բախէին ժամանակին անողոք իրականութեան։ Երիտասարդութիւնը զոր ինք Բարիզ էր առաջնորդած, հիմա կը վարէր ազգին ճակատագիրը, առաւել՝ Խաս գիւղի դպրոցին ճպուռները։ Ամիրաները՝ հետզհետէ յիշատակ: Պատրիարքները՝ ուրիշ հովերու ուշադիր: Խաւարեալներու կողմը իր հակումը, Ռուսինեանի դպրոցը չներեց իրեն: Իր ձեռնասուն աշակերտը՝ Իւթիւճեան, ատեն մը զայն հիւրընկալելէ վերջը, իր սովորական հնարամտութեամբը զինքը ջախջախելու առիթները շահագործեց։ Իր բան մը չարտադրելը ուրիշ վտանգ

Իմաստասէր էր սակայն: Հոս ու հոն իր բանասիրական նշմարանքները մեծ ցուելով կը պտտէին։ Քաղաքական խմորումներ, արեւելքի խնդիրը օրուան հզօր հարցերը կը կազմէին: Միսաքեանի իմացականութեան ամէնէն տխուր թերութիւնը մենագարական (maniaque) իր նկարագիրն էր։ Դժուարահաճ իր ճաշակը ուրիշ մեղք: Ուրիշներէն զատուելու իր մշտական կիրքը տարբեր ազդակ։ Եղաւ անշուշտ երեսփոխան, նմանելու համար մեր գրողներուն սպասող ձրի եւ անճարակ այդ պատիւը կրողներուն միջին տիպարին: Բայց քառասուն յիսուն հոգիի հետ նստիլ ու վիճարկել իր ուժերէն վեր հերոսութիւն մըն էր: Իր դասերը ցամքեցան։ Իր համակիրները մէկիկ մէկիկ պակսեցան: Իր գրիչը աւելի քան չորցաւ: Ու իր վրայ խօսելէ կամաց կամաց դադրեցան մարդիկ: Իր նկարագիրը, խորունկ ամբարտաւանութիւնը, մանաւանդ վարած կենցաղը (ազգին պատկանող իջեւանի մը մէջ սենեակ մը յարդարած էր, զայն կիսելով երկուքի: Հոն իր խոհանոցը։ Հոն իր գրադարանը։ Հոն իր աշխատարանը, ննջարանը: Անշուշտ պժգանքով մերժեց ազգային հիւանդանոցէն պատսպարուելու թելադրանքները։ Ու եօթանասունի դռներուն միս մինակը [ալ արձակած էր իր թռչունները, հաւերը] շարունակեց իր կերակուրը եփել իր ձեռքերովը, լուացքը ընել: Դիոգինէսեան սա խստամբեր ապրուստը ազատ էք վերագրելու իր մենա. գարութեան: Մրմրեան որ տեսած է զայն իր աղտոտ խշտիկին վրայ, իր զարմանազան առարկաներուն մէջտեղը, վսեմ, այլուրային, չըսելու համար խենդ, հարիւրաւոր գիրքերու ու գրուած թուղթերու գլխուն, խստիւ արգիլելով ամէն օտար ձեռք, խնամք իրեն ինչպէս իր գիրքերուն ու գիրերուն, սրտառուչ համակրութեամբ մը տուած է այս կործանած փառքին, փառասիրութեան վերջին արարածը) պատճառներ էին որ այդ լքումը խորանար։

Յետ-Բարիզեան առաջին տասնամեակը այդ կործանումը պատրաստող, իրագործող կորանք մըն էր այդ մարդուն համար։ Արդէն գոյութիւն ունէր 1880էն վերջ 61 րդ յօդուածը: Ազգային ժողովին վրայ ճնշումը։ Երեսփոխան էֆէնտիներուն դիւանագիտական ձեռնարկները: Վարժապետեան եւ իր շուրջը դարձող մտաւորականներուն խմբակը։ Իրապաշտները որոնք Եղիային դէմ իրենց հակազդեցութեան ճիգին մէջ պահ մը փորձեցին Միսաքեանը գտնել, հանել իր մեկուսացումէն։ Անօգուտ եղան բոլոր ճիգերը: Միսաքեան, անօթի մեկուսացուած, պիտի մնայ հաւատարիմ Հիւրմիւզի գրաբարին, պիտի արհամարհէ իրմէ դուրս բոլոր հայ գրողները: Դէպքերը յեղաշրջած էին այդ Պոլիսին ոչ միայն ճաշակը այլ եւ հոգին։ Օտեան՝ տարագիր։ Վարժապետեան՝ Պէրպէրեանի ազդեցութեան տակ, որուն փառասիրութիւնը չէր անշուշտ գօլէկ մը, ան ալ կործանած գոլէկ մը, փոշիի վերածել։ Նոր մարդեր: Իրապաշտներուն տկարութիւնը պիտի ըլլար չկրնալ մոռնալը Միսաքեանէն՝ իր անիմաստ մեղքը Խաւարեալներուն կողմը անոր հակած ըլլալը

Ի՜նչ հարկ այս աւազախրումը մանրամասն պատմելու հոս։ Սոֆիան իրապաշտ վէպ մըն է գրեթէ։ Միսաքեան անգիտացած է սակայն Իրապաշտները: Թերեւս իր իմացականութիւնը՝ այն թուականներուն ուր մեր գրականութիւնը հուն կը փոխէր, (1880էն ասդին) ա՛լ դուրս էր իր հակակշռէն: Միսաքեան, Տէրոյենցին նման, չըրաւ զիջում, թերեւս ատոր հոգեբանօրէն անատակ ըլլալուն: Իրեն քանի մը վաղեմի մտերիմներ կ՚օգնէին անհրաժեշտին մէջ։ 

Կիջնար շուկայ, եօթանասնամենի, գնելու հացն ու պտուղը։ Կը մտնէր իր խշտին, օրերով մարդու երես չտեսնելու հաստատ առաջադրութեամբ։ Կը խառնէր իր թուղթերը, կը քակէր անոնց կապոցները, նորէն կը խրձէր ու նորէն կը քակէր: Ոչ ոք՝ որ իր սենեակը համարձակէր այցելել: Աղտոտութիւն, անխնամութիւն, մանաւանդ հոն ճգնողին դէգ, բիրտ անհանդուրժողութիւնը բաւարա՞ր ազդակներ այս լքումին: Մրմրեան  տուած է այս տռաման ալ իր սովորական ժուժկալութեամբը: Փափաքողները կրնան դիմել իր գրքոյկին

Կը նշեմ վերջին փաստ մը: Իր մահէն յետոյ կը գտնեն քուրջի մը մէջ ծրարուած ու աթոռի մը ոտքին կապուած 150 ոսկիի գումարը զոր իր փառքի օրերուն հանգանակած էին իր գիրքերը տպագրելու համար: Պուէտը մէկ փարա չէր խորած այդ ողորմութենէն, այնքան երեսին տուած էին այդ աղքատախնամ մեկենասութեան փառքը

Ահա մարդը, իր կեանքը։ Արեւմտահայ գրականութիւնը իր արշիւներուն մէջ անշուշտ ունի սրտառուչ անարդարութեանց մագաղաթեայ վկայութիւններ: Ունի ուրիշ ալ ոսկի անգթութիւններ, յոբելեաններուն ամօթը ու խայտառակութիւնը: Ա՛u վարժապետը իր խօսքին ու չամչնալուն ուժովը պիտի պարտադրէ իր յոբելեանը եւ պիտի անցնի իր փառքին վայելումին։ Ա՛ն գրագէտը իր շուկայից առաքինութիւններով պիտի յաջողի նոյն այդ փառքը յոբելեանով պսակաւորուելու կրկնելու, երեքկնելու: Միսաքեան ոչ մէկն էր եւ ոչ ալ միւսը։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ չկրցաւ ըլլալ։ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը շահագրգռուած է սակայն ասոնցմէ աւելիով։ 

Ի՞նչ է եղած մեր գրականութեան եկած բարիքը այս անունէն: Ահա ճակատագրական հարցումը: Երկու հազար էջ ձեռագի՞ր: Աստուած միայն գիտէ թէ որքանն այդ էջերուն կը պատկանին գրականութեան: Տպուածին վա՞րկը: Բայց տրտում է խորհիլ այդ կորանքին վրայ ալ։ Կ՚ընդունիմ որ Սոֆիայի, քրօնիկներու աշխարհաբարը պարկեշտութիւն մըն է առնուազն եթէ ոչ արժանիք մը։ Կ՚ընդունիմ որ Մխիթարեաններուն բարեկամութիւնը վայելող եւ անոնց հիացումը Պոլիս իր դասախօսսած վարժարաններուն մէջ acclimater ընելու չվարանող մարդ մը փաստը կուտայ մտքի արիութեան, երբ հրապարակի հոսանքէն առանց ազդուելու իր լեզուն կը պահէ զերծ այն սոսկալի սեթեւեթէն որ քիչ մնաց սպաննէր մեր գեղեցիկ աշխարհաբարը (կ՚ակնարկեմ Գուրգէն-Գարագաշ-Պէրպէրեան-Եղիշէ Վ. Դուրեան անուններուն չարաբաստ կերպով զուգորդ գրաբարախառն աշխարհաբարին): Բայց ասիկա, առանձինն՝ է այնքան արժանիք որքան մարդ կը փորձուի գտնել Աբրահամ Այվազեանի մը, Կարապետ Փանոսեանի մը, Օգսէն Խօճասարեանի մը լեզուներուն մօտ: Իր լեզուն պարկեշտութեամբ գրելը պարտք մըն է եւ ոչ թէ տաղանդի փաստ մը

Յետո՞յ: Երկար փնտռեցի իր քերթուածները, մանաւանդ  նախափարիզեան, այսինքն երիտասարդութեան շրջանէն: Հայաստան թերթին մէջ (1846–52) անիկա դպրոցական տղոց բերանը դրուելիք նուագներ ունի, այնքան թիփիկ իրենց խեղճութեամբը, այնքան ցաւագին՝ իրենց անբանաստեղծութեան մէջ որ մարդ կը զարմանայ իր վարկին՝ իբրեւ պուետիկոս: Մրմրեան Բարիզեան շրջանէն նմոյշներ է բերած անոր քերթողական շնորհներէն որոնցմէ զուրկ վարժապետ մը գոյութիւն չունէր մեր մէջ մինչեւ 1870–80։ Տելեմաքի ազատ յարասութիւնը ամենահասարակ տաղաչափութիւն է, առանց քերթողական պուտիկ մը իսկութեան եւ Մարդ զուր տեղը չէ որ Բագրատունի գոց կ՚ընէ ու Հիւրմիւզ կը տարփողէ: Հիւրմիւզի լուսանկարին ետին ոտանաւոր ձօնը, սիրուն, մատրիկալեան ճաշակով մը, դարձեալ չի պատկանիր բանաստեղծականին։ Իր պրօշիւրները (Կուրաց Դաստիարակութիւն, Եպիմենիդէս ի Վոսփոր) այդ օրերու ընկալեալ նորոյթի մը կը պատկանին։ Ծերենց աս ու ան հանդէսին, հաւաքումին մէջ պիտի խօսի խնամուած ատենախօսութիւն մը կամ պարբերաթերթի մը մէջ պիտի հրատարակէ գրութիւն մը: Շուտ՝ տաքը-տաքին քերականի ծաւալով տետրակ մը պիտի նուիրագործէ այդ ճառը, հայ գրականութեան պահեստին վրայ իբր յաւելուած։ Այսպէս ըրած է Եղիա որ աճպարարային ճարտարութեամբ մը շահագործած է այդ նորոյթը, եւ փիլիսոփայական բառարաններու խաչագողութենէն գոհ չմնալով, Գրական եւ Իմաստասիրական Շարժում՝ épatent տիտղոսներով շլացուցած է գաւառացի վարդապետները, անոնց ղրկելով, միշտ քերականի մը ծաւալով այդ պարբերաթերթերը։ Նոյնը ըրած է Պէրպէրեան։ Արդ, այդ անուններուն յիշատակին բեռ են այսօր այդ գրքոյկները: Ուրիշ ծանր աշխատանքներ հազիւ կը հակակշռեն պրօշիւրներու սա թեթեւսոլիկ, իսկապէս հոսհոսական զեղծումը։ Միսաքեան ոչ աւելի է եւ ոչ պակաս

Հաշուեկշի՞ռ

Ինչ գիտնամ։ 

1893-ին, 1900-ին Միսաքեանին անունը կը մնար վարշամակուած ծանր խորհրդաւորութեան մը, փառքի մը pénombreին մէջը։ Մրմրեանի գրքոյկը շատ բան չկրցաւ փոխել այդ առեղծուածային վարկէն։ Խօսեցայ Թէոդիկի ձեռնարկէն։ Սոֆիան վկայութիւն մըն է

Բայց ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին ներկայ գիրքը արդէն իր մուտքին ըրած է իր զիջումը, այդ սերունդէն չպահանջելու ճշմարիտ գրականութեան փաստեր, ու ծանրանալու անոնց անձնաւորութենէն մեզի հասած գործնական բարիքին, այդ իսկ անձնաւորութեանց փառքին, դերին ու դարձեալ անուղղակի բարիքին։ Ռուսինեան քիչ բան է թողած գրական անունին արժանի: Ստեփան Ոսկան ոտանաւորներ ու մտածման փշրանքներ ձգած է մեզի իր շատ կծու լրագրական յօդուածներուն դէզին դիմաց: Օտեան միայն քանի մը իրաւ էջեր յաջողած է ստորագրել: Հարկադրաբար կը փնտռեմ ուրեմն մարդը, անձնաւորութիւնը, գործիչը, ակօսաւոր աշխատողը այդ անունին ետին

Վերի էջերը պերճախօս են բաւական այդ ուղղութեամբ ալ։ Միսաքեան եղած է երկարակեաց (Հրանդ Ասատուր անոր ծննդեան թուական կուտայ 1805ը, Մրմրեան եւ Վ. Զարդարեան կուտան 1815ը) որպէսզի Բարիզ վատնուած իր քառորդ դարէ աւելի տարիներուն հետ ես չունենամ զբաղում, իր ժողովուրդին օգտակար ըլլալու հարցին մէջ։ Անշուշտ իմ չափերը երբեք պիտի չծանրանան, գրողներու արժէքին կշիռին պահուն, այդ օգտապաշտ նկատումներով։ Բայց միւս կողմէ պիտի չըլլամ ամէն բան քիթին չդնող հոսհոսը: Ձեզի ծանօթ են իմ տրամադրութիւնները գրականն) այս սերունդին ամէնէն մեծ անուններուն ալ համար: Միսաքեանը չի կրնար դրուիլ անուններուն հետ մեր անդրանիկ վաստակաւորներուն։ Արդէն անոնց գրեթէ տարեկից ըլլալով հանդերձ, անոնց դէմ իր դիրք բռնած ըլլալը աւելի է քան վկայութիւն մը։ Անիկա չի պատկանիր Զարթօնքի Սերունդին որուն հանգանակները ոչինչ կը խօսին իրեն: Չի պատկանիր դարձեալ այդ սերունդը անմիջապէս կանխող գրողներուն որոնք անտակ երանութեամբ՝ քառասունական թուականներուն Իզմիր, Կալկաթա, երկարապատում պօէմաներ կը ճարտարապետեն (Վանանդեցի, Թաղիադեանց եւայլն)։ Այդպէս ունայն ու երկար կառուցումներու համար իր համբերութիւնը պիտի տկարանար չափազանց արագ: Ընդունելով հանդերձ իր իմացականութեան շիջումը 1870էն ասդին (չմոռնալ իր մասին շրջող յիմարութեան զրոյցը, տարիքի անհրաժեշտութիւն մը), մարդ կը շուարի այդ շքեղ անգործութեան, անգործնականութեան վրայ: Մահուընէն քանի մը ժամ առաջ, իր ուղեղին վրայ իր դատաստանը խենդի մը խօ՞սք։ Դժուար է հաստատականը։

Ուրե՞մն։ 

Կ՚ամփոփեմ իմ դատաբանութիւնը։ Խաչատուր Միսաքեան մեր գրականութեան մէջ հէքիաթ մըն է, աւելի անհասկնալի, անարդար, քմայական, որքան ոչ ոքի մօտ տրուեցաւ մեզի հանդիպիլ այդ պատահականութեան: Կայ Եղիային հէքիաթը, մասով մը պարզ, մարդկային, զոր մեր վերլուծման միջոցները կրնան յաղթահարել: Շինեցին պատերազմէն ասդին Չրաքեանին ալ հէքիաթը որ, իր կարգին, թափանցելի միամտութիւն մըն է: Միսաքեան գրած է, 1850-ին, մաքուր, տանելի լեզուով մը։ Ատկէ առաջ՝ գրած է ոսկեճամուկ գրաբար մը։ Քանի մը մտածում։ Քանի մը նշմարանք։ Մեծաքանակ մաղձ, քինախնդրութիւն, ամբարտաւանութիւն: Աւելի մեծաքանակ կիրք, ապրելու մէջ ինքնատպութիւն, արտակեդրոնութիւն (իր երիտասարդութեան տէնտի մըն ալ եղած է, ըլլալու համար իր չափահասութեան մէջ կատարեալ Դիոգինէս մը)։ Չէ արտադրած, իմացական խօթութենէ մը տառապելո՞ւն թէ արուեստի գերագոյն խղճահարութեան մը տագնապով։ Իր ձեռագիրներուն լիակատար ուսումնասիրութիւնը միայն պիտի լուսաւորէր այս մթին կէտը։ 

Զինքը լքած են իր սերունդին աղաները, ամիրաները, գրաբարեանները, այդքան երկար համակրութեան մը բեռը տանելու անկարող ըլլալնուն: Զինքը հալածած, ծաղրած, յետոյ ուրացած են Զարթօնքի սերունդին բոլոր աշխատաւորները: Պարոնեանին կործանիչ կենսագրականը (Ազգային Ջոջեր) ո՛չ անգութ է, ո՛չ ալ չափազանց սեւացրուած, ինչպէս կը կարծէ Արշակ Չօպանեան: Այդ կենդանագրին մէջ տիրական է փաստը Միսաքեանի հիմնական անկարողութեան` գործելու, ստեղծելու: Առանց ատոր ալ, իր իմացականութեան վրայ իր ժամանակին դրած վարկը կը նմանի հողին մէջ թաղուած մնաuին: Իր շուրջը, ամէն սիրտցաւ մարդ իւր ովսանն կը ջանար բաժին մը բերել հասարակաց դատին որ մեր ընկերական, իմացական, մշակութային ազատագրումն էր, ոչխարներու թշուառ հօտէն ժողովուրդ մը գոյաւորելու սրբազան, վսեմ առաջադրութիւնը։ Միսաքեան իր դասախօսած վարժարաններուն մէջ, օրուան փառքերը զչարող, յաչաղկոտ, ձեւամոլ, քաշքշող ու հիմնովին անհամբոյր մարդ մը մնացած է։ Գիտցած է, այո, իր իմացական տուրքերով շահագրգռել մէկէ աւելի բարձրարժեք անձնաւորութիւններ, բայց չէ գիտցած այդ շահագրգռութիւնը վերածել բարերար ստեղծագործութեան մը: Օրուան արժանաւոր մարդերն էին Օտեան, Կրճիկեան, քանի մը ամիրայ: Խրիմեան իսկ, իր բուն հասկացողութեամբ, չէ վախցած անոր ղրկել է իր բառապէս հարուստ կոնդակներէն մէկը։ Բոլոր, այդ համակրութիւնները, անշուշտ Միսաքեանի սեւ աչքերն ու յօնքերը չունէին իրենց զսպանակ։ Համոզում կար իր իմացականութեան որակին վրայ: Ու այդ իմացականութիւնը որքան ալ խիստ ըլլան մեր դառնութիւնները, հիասթափումը իրմէն իրականութիւն էր, դատելով Սոֆիայի մէջ անոր իրաւ կշիռէն։ 1870-ին մենք, այսինքն Պոլսոյ ունեւոր դասակարգը տակաւին չէինք մոռցած ամիրաներուն մեկենասային բարքերը:

Տէրոյենց իր մաշկեակովը իջաւ գերեզման։ Կողմ մըն էր: Խորհրդանշան մը: Դաւանութիւն մը։ Անզիջող ծերունին տարաւ իր լքումը իրեն վայել սառնութեամբ, չըսելու համար բարձրութեամբ։ Իր կեանքին վերջին քառորդը անվախճան խաւարում մը եղաւ։ Միսաքեան Ալիշանէն 5–10 տարի միայն կանուխ ծնած էր։ Եւ սակայն մեր ժողովուրդը Միսաքեանի մահուան տարին համազգային շքեղութեամբ յոբելեան մը շատ չտեսաւ Վենետիկցի Աբբային։ 

Իր մահէն վերջ, իր շուրջ ստեղծուած այժմէութիւնը անիմաստ, սնոպային հոսհոսութիւն մը չէ սակայն: Խօսեցայ 93-ի Մասիսին մէջ Սոֆիայէն վերցուած հատուածէն: Հոն զօրաւոր դատողութիւն մը, տրամաբանելու որոշ aisance` մը, մանաւանդ ուժ մը հաստատելի են: Իրապաշտները գրական իմաստութեան իրենց րոպէներուն փոյթն ունեցան իրենց անարդարութիւնները դարմանելու: Իրենցմէ հալածուած Եղիան ոչ միայն Զօհրապի եւ Հրանդ Ասատուրի կողմէ խմբագրուած Մասիսին մէջ իր մուտքը տեսաւ արտօնուած, այլեւ իր մասին առաջին լուրջ վերլուծական դատաստանը թելադրեց Տիգրան Կամսարականին որ իր լաւագոյն թափանցումներէն մէկն էր ըրած այդ յօդուածով։ Խաչատուր Միսաքեանին վերափառք մը ապահովել ուզողները բարեմիտ մարդեր էին, գործադրուած անիրաւութեան մը զգացումէն զղջահար, քանի որ հէքիաթը միշտ թարմ կենսունակութիւն կը ստանայ մատերով։

«Արուեստագէտ»ները պատրաստ առին այդ հէքիաթը իրենց հիացումներուն ծիրին ներսը։ 1898-ին, Մասիսին մէջ Մրմրեան անոր նուիրեց իր Հին օրեր հատորիկը։ Հոգեկան ու իմացական որոշ հանգիտութիւններ, ապրելակերպի [3] ալ նմանութիւնը կը  պաշտպանէին այդ հեքիաթը, գէթ իր բիթթorէuգին մէջ: 1910ին մենք մոռցանք ոչ միայն Միսաքեանը, այլեւ ամբողջ մեզ կանխողները

* * *

Արեւմտահայ գրականութեան բուն պարունակէն դուրս ինկող Տէրոյենցը, ու այդ գրականութեան հոլովոյթին մէջ անոր օտար, անհաղորդ մնացած Միսաքեանը աւելի խնամուած աշխատասիրութեան մը իրաւունքը ունին անշուշտ։ Իմ մասիս, այդ աւելի խնամքը անկարող եմ իրենց նուիրել, իմ ուժերուս վիճակին առջեւ, իմ առաջադրութեանցս հասնիլ բաւելու համար: Երկուքն ալ, իրենք իրենց համար քիչ, իրենցմով պայմանաւոր բազմաթիւ երեւոյթներու պարզումին, թափանցումին կը բերեն բազմաթիւ ատաղձներ: Ու, եթէ երբեք իրենց վրայ ճիշտ է բարատոքսը՝ գրագէտ ըլլալով մեր գրականութեան հազիւ թէ պատկանելնուն, դարձեալ այլապէս ճիշտ է իրենց նշաննակութիւնը մեր ընկերային, մշակութային յեղաշրջման պատմութեան մէջ։ Վերարտադրեցէք 1830ը, այսինքն այդ օրերու Պոլիսը իբրեւ ընկերութիւն, համայնք, իմացական կազմակերպութիւն, դուք պիտի ունենաք շքեղ հատոր մը անփոխարինելի գեղեցկութեամբ, իրաւութեամբ կեանքէ մը ուր 1890ը, 1915ը եթէ դժուար է հեռազգալ, դիւրին է սակայն 1860ը, անոր հետեւող հսկայ շարժումը գուշակել: Վերարտադրեցէք  1850ը, այսինքն պատուելիին եւ պուէտին փառքի դարը, դուք կ՚ունենաք մեր մտքէն, հոգիէն, բարքերէն, աւագանիին մտայնութենէն դարձեալ անկորնչելի գեղեցկութեամբ վկայարան մը: Ի՜նչ մարդեր. ի՜նչ սերունդ։ Գրողն ու մեկենասը: Ուսանողն ու ուսուցանողը։ Երգողն ու պոռացողը: Հարուստն ու կարօտը: Գաւառն ու ոստանիկ նրբութեանց հանդիսարան մեծամեծներու ապարանքները։ Անշուշտ: Աւելին։ Մեր ժողովո՛ւրդը, իր մասերովը, հոն, համադրութեան պատկերի մը մէջ: Մեր աշխարհաբարը վկայութիւն մըն է այդ մարդոց կորովէն, խելքէն, շնորհներէն։ Մեր գրականութիւնը ուրիշ սխրանք այդ մարդոց նոյնիսկ մեղքերուն ընդմէջէն

Տէրոյենցն ու Պուէտը չպատկանելով հանդերձ Արեւմտահայ Գրականութեան, անարժան չեն անոր։ 



[1] Ընդհանրութեանց բաժինին մէջ ես մօտեցայ այս գաղափարին։ Հոս կուտամ անհրաժեշտ ընդլայնումները որպէսզի բացատրուին այդ գրականութեան մէջ բացի քանի մը վիճակներէ (Տէրոյենցի շրջանին՝ կրօնական, լեզուական, հայրենասիրական բուռն ախորժակներ. Զարթօնքի Սերունդին օրով՝ ընկերա-բարենորոգչական, պայքարամոլ ցանկութիւններ. Իրապաշտներուն հետ՝ ժողովուրդ տարրը. աւելի յետոյ՝ յեղափոխաշունչ ձգտումներ) որոնց ուսումնասիրութեանց մէջ դժուար չէ ընդհանուր ակօսներ ճշդել, միւսները շեշտ ինքնութեամբ մը, զանազանութեամբ մը ուշագրաւ ըլլան, թուելով հանդերձ անյարիր, առանձին, նոյնիսկ արտաքնապէս` նոյնատարր։ Բարձրանալ ծագումներու տեսութեան, այդ Պոլիսին դեռ ինքնահաշտ հոգի մը չունենալուն իր պատճառ ցոյց տալով տաղանդներուն եկուորութիւնը՝ ինծի կը թուի քիչիկ մը hasardé, ինչպէս կ՚ըսեն Գաղիացիք: Խօսեցայ թէ մայրաքաղաքը դարէ ի դար սնուցանող գաղթականութիւն ները որքան դանդաղ կը մերկանային իրենց հողերէն բերած յատկանիշներէն։ Մեր գրողներէն անոնք որ ուղղակի գաւառէն ճարած են իրենց միտքը, մարմինը, կ՚ընեն գրականութիւն մը որ շեշտ կերպով մը կը տարբերի բուն քաղաքածնունդ գրողներու արդիւնքէն։ Թերեւս այս է գաղտ ազդակը որ կը վարէ Պոլսեցիները իրենց արեան մէջ ալ կերպարանք առած յոյզերու արտայայտման, Թերեւս դարձեալ հոդ է թաքուն զսպանակը այն միւս ոգիին որ մեր գրողներու մէկ որոշ խումբին մէջ կ՚ըլլայ զգալի։ Ինչ որ ալ ընէք, Միսաքեանի մը մտածելու կերպը չէք կրնար մօտեցնել Խրիմեանի մը, Տէրոյենցի մը իմացական կաղապարներուն։ Ու մետասանամեայ Պոլիս եկած Հրանդը մինչեւ իր մահը կը հոտի Բալուցին, ջերմ, իրաւ, ժողովուրդ իր հոգեբանութեան վրայ անատակ ընդունելու լուսիններու, ժանեակներու, զեփիւռներու եւ գարուններու գեղափրփուր նրբութեանց դրասանգները։ Ռաֆֆի մը, Շիրվանզատէ մը շատ մօտիկն են իրարու, իբր արտայայտութիւն, ոգի։ Դրէք Դուրեան Պէշիկթաշլեան երկեակը իրարու դէմ ու կը զգաք թէ պատկանելով հանդերձ Պոլիսին, կը պատմեն ուրիշ, տարբեր աշխարհներէ։ Նոյնն է պարագան Զօհրապ-Արփիար, Վարուժան-Սիամանթօ երկեակին։ Արեւմտահայ գրականութիւնը իր այս զանազանութեան մէջ է որ կը ստանայ իր ամէնէն թանկ արժանիքները, ցեղային միջինին հէնքին համար այնքան անհրաժեշտ։ Նոյն իսկ սիւք ու ալեակ երգողները կուգան ով գիտէ ո՛ր խորքերէն այս ժողովուրդին, որ իր բոլոր դժոխքին հակառակ, ըսած է իր սիրտին ցաւերն ու կարօտները, իր ժողովրդական բանաստեղծներու բերանով, այնքան աղուոր կաղապարներու մէջ։

[2]       Զոր պտտցուց իր հետ աւելի քան քառորդ դար, Բարիզէն դառնալէն վերջն ալ Պարոնեան կը հեգնէ Ծաղկոցաձորը՝ անունը Միսաքեանի հրատարակելիք հանդէսին, որ երբեք լոյսին չարժանացաւ:

[3]       1912-ին ինծի տրուեցաւ, այդ Իսկիւտարին մէջ, պատեհութիւն Միսաքեանը կենսագրողին այցելութիւն մը ընելու։ Խոշոր սենեակ մըն էր իր բնակարանը, տունի մը սրահէն ձեւուած։ Քանի մը վարագոյր այդ սենեակը կը բաժնէին մասերու: Ամէն մէկ մասին մէջ գետնատարած գիրքեր, թուղթեր, թերթեր, կօշիկ, գլխարկ, զգեստ։ Չէր կարելի խոհանոցը, աշխատարանը, ննջարանը գտնել այդ իրական քաոսին մէջ։ Իսկոյն յիշեցի Հին օրերուն համբաւաւոր նկարագրականը Միսաքեանի ճգնարանէն։ Ու ինչ որ նմանութիւնը կ՚ընէր աւելի քան ակնբախ՝ անարդիութեան նոյն հեռաւորութիւնն էր Ալէլուիա՜ Երուսաղէմին եւ Սօֆիայի հեղինակներուն։ Մրմրեան կը կարդար օրուան գրականութիւնը, նուրբ, ազնուական հեգնութեամբ մը, անոր ուրանալով մեծ մասը իր յաւակնութիւններուն։ Ժառանգած էր իր երկու մտատիպարներէն՝ պատուելիին խուլ, խոր հետաքրքրութիւնը կրօնա-պատմական հարցերու շուրջ որոնք կը կազմէին անոր իմացական պահեստը, ինչպէս կենցաղական ալ նախասիրութիւնները: Միսաքեանէն իր մէջ դժուար չէր գտնել լեզուի, բառի, ձեւի հանդէպ խորունկ կիրք մը։ Բայց բարոյական այս ժառանգութիւնը Մրմրեան կրկնապէս աճեցուցած էր գրեթէ որդեգրելով Միսաքեանի յետ-Բարիզեան կենսագիծը, արեւելահայերը պիտի ըսէին վարքագիծը: Ու այդ այցելութեան օրը ապրեցայ Միսաքեանի լքումին ամբողջ հոծութիւնը։ Մրմրեան մարդ չէր ընդուներ: Ոչ ոքի կը դիմէր: Իր պարագաներուն իսկ նպաստը կը մերժէր, գրեթէ ֆաքիրային չափերու վերածելով մարմնոյն կարիքները: Ամառ-ձմեռ իր կօշիկները պիտի ըլլային քաուչուէ, քանի որ կենդանիի մորթը սրբապղծութիւն էր ոտքին անցնել Միսաքեանի մենագարութիւններէն մէկէ աւելիները կ՚ապրէին իր աշակերտին մէջ։