Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ա հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱՀԱՊԵՏ ՌՈՒՍԻՆԵԱՆ 

Զարթօնքի Սերունդին ձախ թեւը իր գործունէութեան մեծագոյն ներկայացուցիչը կը դաւանէր Նահապետ Ռուսինեանը (1819 1876). կեսարացի մը, որ կանուխէն Պոլիս գալով, ուր հայրը գաղթած էր իրմէ առաջ, կ՚ընէ գաղթական տղու նախնական ուսումը, եւ բախտին կ՚արժանանայ Բարիզ համալսարան գացող խմբակին միանալու: Իր ընտրած մասնագիտութիւնը բժշկութիւնն էր, որ 1850-ին աւելի բան մըն էր քան մեր օրերու անկնիք ու անաւանդ, չըսելու համար չարչի դասակարգը՝ մարդ դարմանելով իրենք զիրենք դարմանողներուն (բացառութիւնները կը յարգենք)։ Մեր հասարակութեան մեծագոյն մարդերը տուաւ մեզի այդ ասպարէզը տակաւին բաւական մը տարիներ վերջն ալ

Ռուսինեանի Բարիզը կրկնութիւնն է Միսաքեանի, Զօրայեանի, Ոսկանի, Ծերենցի, Իւթիւճեանի Բարիզին. 1848ը կանխող ու անոր անմիջապէս հետեւորդ խռովայոյզ տարինե րուն Բարիզը։ Օտեան, Ռուսինեանի Փիլիսոփայութեան Դասագիրքին յառաջաբանին մէջ մէկ երկու էջի վրայ կը սեւեռէ այդ Բարիզին հոգին: Էականը՝ Կեսարացի այս երիտասարդին աշխարհի այն օրերուն ամէնէն կեդրոն ոստանէն իւրացուցած ըլլալն է այն ոգին որուն ցուցմունքներուն ներքեւ անիկա` պիտի ապրի իր չափահասութեան քառորդ դարը, լուրջ, խանդոտ, կրքոտ ու անյողդողդ գործիչի կեանք մը ուր այսօր մենք կը տեսնենք թերեւս աւելին որքան չըրին ատիկա իր ժամանակակիցները:

Ոչ մէկ ամիրայ, այս երիտասարդին կռնակը։ Բայց անիկա կեդրոնական անձնաւորութիւնն է այն խմբակին որուն մտատանջութիւնը պիտի ըլլար հիմնական բարեկարգումը ապրումի մեր բազմազանակ պայմաններուն, անշուշտ ազգային վերանորոգման աշխատելու համար, ամէնէն առաջ սեպհական կազմաւորումը: Այնքան ճիշտ սա առաջադրութիւնը քանի քանի անգամ ինքզինքը ըրեր է զգալի դարու մը ընթացքին: Զարթօնքի Սերունդին յաջողութեան գրաւականը ուրիշ տեղ պէտք չէ փընտրռել, այլ անոր գործաւորներուն սա արմատական վերակազմութեան ներսը: Ռուսինեան ամենախոր, պայտագին հիացումով մը պիտի վերաբերուի Նիկողոս Պալեանի, այդ վաղամեռ սքանչելի երիտասարդին զոր Օտեանն ալ կը գնահատէ նոյն չափերով։ Հարուստներէն այս երիտասարդը, մի մոռնաք, հոգին իսկ է  մօտիկ ապագային իրագործելի ընդարձակ ձեռնարկներուն որոնք մեզի պիտի տան մեր լեզուն, գրականութիւնը, մամուլը, դպրոցները եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը։ Յակոբ Պալեանը մեր փառքերուն ամէնէն ազնիւներէն, նոյն ատեն մեր գրական վաստակաւորներուն ինքնաբեր մեկենասը։ Օտեանը ուրիշ գեղեցկութիւն։ Այսպէս, այդ Բարիզին շնորհիւ աղքատուկ ներկիչի, նկարչի մը տղան՝ Ռուսինեան, կը դառնայ տիրական, մղիչ ուժ մը:

Ռուսինեանի Բարիզը ուրիշ կերպով մըն ալ կը գրաւէ իմ ուշադրութիւնը։ Հոն անիկա ունեցած է սրտի տագնապ մը, սիրահարուելով Ալզասցի ուսանող աղջկան մը։ Այս յիշատակութիւնը հոս վեր է անէքդոտին վարկէն, վասնզի, այդ ուսանողութեան մէջ Ռուսինեան մինակն է որ լրջութեան, նկարագրի պարկեշտութեան, արիութեան փաստը պիտի արժեւորէ, արիաբար ամուսնանալով իր սիրած աղջկան հետ, երբ պղատոնական համակրանքէն [1] դուրս ոչինչ ունի իրեն նպաստող կամ նպաստաւոր: Առանց ապրուստի որ եւ է միջոցի, Ռուսինեան կը յօժարի կորուստին որ հարուստ ամուսնութեան մը գրաւականով, պարզ էր բոլոր մագաղաթեայ վկայականներով պատուուածներուն համար: Շիտակութիւն, պարզութիւն, վճռականութիւն: Ու խորհիլ թէ որքան բնական էր հետեւիլ հասարակաց սովորութեան, գլուխը առնել ու ձեռքերը թօթուելով հեռանալ, ու Զօրայեանի պէս մահուան նախատարր սերմը ողնածուծին ու ուղեղին՝ իյնալ Պոլիս: Փաստ մը աւելին կայ սակայն։ Հայ բժիշկին կինը պիտի սորվի մեր լեզուն, պիտի գրէ անով պիտի մասնակցի իր ամուսինին իմացական, առաքելական տագնապանքին, պիտի ըլլայ լայնօրէն հաղորդ մեր, ժողովուրդի հոգեկան կիրքերուն, հոգեբանութեան, մանաւանդ այդ խռովայոյզ երկունքի օրերուն կենալով ամուսինին կողքին, անոր ուժերը խորանարդելով ճշմարիտ ներշնչողի մը ջերմութեամբը, պաշտամունքովը։ Կ՚ըսեն թէ բոլոր ցանկութիւնները իր ամուսինին անիկա կը բաժնէր զարգացած կնոջ մը թափանցումով, ինչպէս զգացումէն պաշտպանուած հաւատքով մը։ Այդ ամուսնութիւնը չէ նուիրագործուած զաւկի բարիքով, պարագայ՝ որ իր կարգին այդ սէրը ըրած է տեսակ մը վերնական յարդարում, Ռուսինեանը ամբողջութեամբ գերեվարելով իր դերին։ Հոս հովուերգութիւն չունիմ պատմելիք: Սրտառուչ է սակայն վախճանը: Այդ օտարուհին երբ հողը պիտի դնէ իր մեծ մարդը, հազիւ յիսունը անցած, իր երազներուն ամբողջ պսակները գլխուն, ու կարօտներով թերեւս աչքերը փակելու իսկ անկարող, գերագոյն իմաստութեամբ մը, candeurով մը, թերեւս իր մարդուն հանդէպ ազնուական յարգանքի պարտքէ մը մղուած, պիտի խնայէ այրիութեան տրտմութիւնները, մելոտռամը։ Պարզ, պարկեշտ, թերեւս հոգիին մէջն ալ իր առջի աղջիկնութեան, առանց ազգային հիւանդանոցին չարաշուք յաճախանքէն քաշուելու կամ պատրիարքները ձանձրացնելու՝ իբրեւ «սգաւոր այրի», պիտի դառնայ իր Ալզասը, ապրելու համար երազներուն ամէնէն անթառամը, իր սէ՛րը, զոր ա՛լ չեն կրնար վիրաւորել աշխարհին բոլոր չարքերը՝ այնքան առատ՝ Պոլիս, մեծ մարդոց շրջանակին։ Ֆրանսացի կնոջ մը յիշատակին սա տողերը թող չատ չթուին։ Ազնուութիւնը այն դժբախտ առաքինութիւնն է որմէ ամէնէն շատ զուրկ է եղած այս ժողովուրդին բարձր դասակարգը

Այս առիթով չեմ կրնար մոռնալ Ռուսինեանի մայրը՝ Տեսէք թէ ի՛նչ կը գրէ Բարիզ նոր ամուսնացած զաւկին, սարսափին մէջը՝ ալ այդ զաւակը ընդմիշտ կորսնցուցած ըլլալու, «Քու սիրոյդ համար գիր գրել սորվեցայ ծեր հասակիս մէջ. նամակս հասնելուն պէս գիրկս դարձիր, եթե ոչ՝ կաթս, մօր իրաւունքս հէլալ չեմ ըներ»: Իր պարզութեան մէջ սա երկու տողը ինծի կ՚ըսէ այնքան բան որքան պիտի չըսէին անոր պարունակած բառերուն թիւով քերթուածներու հատորներ՝ մեր անզուգակա՜ն քերթողուհիներէն: Անոնք կը պարունակեն մայրական զգացման վսեմը, գործածելու համար գրագիտական գէշ բառ մը։ 

Սակաւախօս, անժպիտ, մտածման շուք մը վրան, երբեք թեթեւ, երբեք Բարիզեան՝ այդ կեսարացին իր բժշկական թէզն ալ գրած է յառաջահայեաց, առնուազն ոչ սովորամոլ ոգիով։ Ինք որ հանդիսաւորութիւնը պիտի անգիտանար, ամէնէն բարձր դիրքերու իսկ վրայ, երիտասարդի ամբողջ լաւատեսութեան ու խանդին մէջ, պիտի ներէ իրեն այդ արարքը (իր թէզին խմբագրումը) ընել հանդէս մը հոգեկան խռովքներու: Տքթ. Թորգոմեան, որ նուիրած է երկար ուսումնասիրութիւն մը Ռուսինեանի, տեսած է այդ թէզին բնագիրը ու կուտայ շատ յատկանշական քանի մը մանրամասնութիւններ: Այսպէս, գրքոյկին առաջին հինգ էջերը Ռուսինեան յատկացուցած է ձօներու՝ բժշկական աշխատասիրութեան մը մէջ մեզի համար քիչ մը տարօրինակ: Առաջին էջը անիկա կը ձօնէ հօրը, մօրը, քոյրերուն. եւ գոլէճի իր երկրորդ հայրը նկատուող տնօրէնին։ Կ՚արձանագրեմ այս փաստը, մտքովս երկարելով դէպի իր աշխատասենեակը ուր իր հազար հոգերուն մէջ այս պատուական գիտունը ատեն պիտի ճարէ ու յատկացնէ Հիւկօ, Լամառթին հայացնելու: Երկրորդ էջը կը պարունակէ՝ «Իբր երախտեաց տէրեր», անուները Յովհաննէս Սերվիչեան, Կարապետ Պալեան, Պօղոս Պետրոսեան (հայրը Գր. Օտեանին) արքունի ճարտարապետներուն որոնց շնորհիւ էր որ յարդարուեցաւ իր ուսանողութիւնը, ու խնամուեցաւ իր մայրը իր Բարիզ գտնուած միջոցին։ Կ՚արձանագրեմ այս փաստն ալ ու կը լռեմ։ Այդ էջին մէջ կան դարձեալ անունները Խաչատուր Պարտիզպանի, Պալեան հարազատներուն Անտոն, Նիկողոս, Սարգիս, երեքն ալ իրեն պէս Բարիզ ուսանող: Որոնցմէ Նիկողոսին համար անոր սէրը (ըսի անգամ մը) կը հասնի անբացատրելի խորութեանց [2] ։ Եթէ աւելցնէք Օտեանի շատ սրտայոյզ դամբանականն ալ այդ երիտասարդին դագաղին վրայ, դուք կ՚ունենաք զգայնութիւնը որ հասարակաց էր այդ սերունդին ու այդ օրերուն։ Զարթօնքի Սերունդին քիչ մը շատ գրապաշտ, գործնական հերոսներուն մօտ իմ հաստատած հաստութիւնը, եւ կամ բանապաշտ կարծրութիւնը չեն արգիլեր այս զգացական հարստութեան, նրբութեան ալ զեղումը։ Անբնական պիտի ըլլար որ մարդիկ շուկայ, դրամ, հաց միայն հոլովէին եւ իրարու դաւէին . Զօրայեան, Իւթիւճեան, Միսաքեան) ու պարզ էին՝ մեր խուզարկու աչքերուն, պատկերը իրենց տրտմութիւններուն

Աւարտական ճառին վերջին Ձօնը յաւիտենական Ֆրանսայինն է: Կը լռեմ։ Զիս շահագրգռողը այս ձօները կարելի ընող հոգեվիճակէն յետոյ, Ռուսինեանի իմացական տարողութիւնն է անշուշտ։ Էրնեսթ Ռընան 1848-ին, իր Գիտութեան ապագան (L'avenir de la Science) գրութեան մէջ իր ապրելիք մօտ կէս դարու իմացական իր գործունէութեան ինչպէս իր ժամանակի մեծ, կարելի կրթանքներուն մտատեսութիւնն ունի այդ մատաղութեան իսկ սեմէն: Ռուսինեան իմացասէր-գրագէտ մը դառնալու չէ հանդերձուած վանախոյս Ռընանին նման։ Բայց սահմանուած է իր կարգին իրաւ դերի մը։ Անիկա բժիշկ մըն է

Այդ թէզին գրուած ժամանակ, պաշտօնական բժշկութիւնը դեռ չէ ազատագրուած աւանդութեան խանձարուրէն: Դեռ բժշկական աշխարհը կ՚անգիտանայ մանրէն։ Մարդկային մարմինը, իր մեծ régionներով իրաւ է թէ խուզարկուած է բաւարար խղճմտութեամբ, բայց բժիշկները դարմանումին նկարագիրը չեն փոխած, հաւատարիմ մնալով դարերու փորձառականութեան (empirisme)։ Այդ օրերուն՝ տիրական է հիւանդը իբրեւ միութիւն: Հիւանդութիւնը՝ վերացեալ յղացք մը, բոլոր վերացեալ բաներուն մշուշովը, անկատարութեամբը: Ախտանշանները` այդ յղացքը քիչ շատ լուսաւորող բայց անվստահելի ուրիշ միութիւններ։ Ռուսինեան, իբրեւ Կեսարացի, իրեն համար առաւելութիւն կը նկատէ հնութեան համբաւեալ բժիշկներէն Առետէոսի (Arétie) մէկ վարկածը արդիացնել: Կապադովկիացի բժիշկը, Քրիստոսի առաջին դարուն իսկ գտած էր խարանը մեր օրերու այրումները իր սաղմին մէջ պարունակող: Ռուսինեան, փոխանակ դարմանումը վարելու ախտանշաններու շիջումին կամ ասոնց կշիռին, կ՚առաջարկէ դարմանումը գործարաններուն որոնց մէկ այլասերումը, մնայուն կամ առժամեայ խանգարումը կ՚արտարձակեն այդ նշանները, եւ հետեւաբար իրենք են որ կարօտ են դարմանուելու եւ ոչ թէ ախտանիշները, սահմանուած ինքնաբերաբար անհետանալու երբ հասնինք գործարանին օգնութեան, իր անձկութեան մէջ անոր պաշտօնագործութիւնը (fonction) դիւրացնելով, կամ առժամաբար առկախելով, մինչեւ որ փոխադարձ նպաստի սկզբունքին հիմովը, ուրիշ աւելի քիչ վնասուած գործարաններ, իրենց կարգին ընեն անհրաժեշտը մարմինը վտանգէն զերծելու: Անշուշտ այս տեսութիւնը Ռուսինեանի ուղեղին ծնունդը չէր կրնար ըլլալ: Գործարաններու եւ ասոնց պաշտօնագործումին գաղափարները՝ 1850-ին բժշկական ուսումներու մէջ նորութիւն, մուտք ունէին միայն բժշկական գրականութեան մէջ։ Ռուսինեանի համար պատուաբերը այդ ոչ-պաշտօնականացեալ տեսութեան վրայ իր թէզը հիմնաւորելու յանդգնութիւնն էր: Վարկածը՝ ամէնէն պահպանողական գիտութեան մէջ (բժշկութիւն, զինուորականութիւն, պատմագրութիւն) դուռ է վտանգի: Իր գիտակցութեան առաջին արարքը ուրեմն փաստ մըն էր իր նկարագրին, յանդուգն, արկածախնդրական, նորութեանց հետամուտ, ու իր ճամբուն մէջ ետ նայելէ չախորժող։ 

Ռուսինեան, այդ Բարիզէն իսկ կը թուի գտած ըլլալ իր կեանքին մեծ դարձուածքները։ Իր Ուղղախօսութիւնը հոն է ծրագրուած։ Իր Տարեցոյցը հոն է պատրաստուած։ Բայց մանաւանդ հոն է յօրինուած, ամենայն ապահովութեամբ, իր անյողդողդ կամքին դրութիւնը (թող ներուի այս գէշ բայց արտայայտիչ բացատրութիւնը, որ միս մինակը կ՚արժէ քան բոլոր իմացական շնորհները միասին: Անիկա պիտի քալէ այդպէս որդեգրուած քանի մը հզօր առաջադրութեանց ուղիով։ Մտիք ըրէք Օտեանը։ 

«…Եւ ազգը՝ առաջին բառն էր զոր արտասանեցին Պալեան եւ Ռուսինեան, երբ միացան սոյն տողերս գրողին հետ։

«Այդ օրերուն՝ Ազգը Վարչութեան պէս բան մը ունէր, լեզուի պէս բան մը, ու դպրոցի պէս բան մը։ Սոքա ձեռն արկին կերպարանել այս երեք բաներն որ երեք էական պայմաններն են ազգային յառաջդիմութեան։ Այս ձեռնարկութենէն ծնած Սահմանադրութիւնը, ուղղախօսութիւնը եւ 1854-ի Ուսումնական խորուրդը, աւելի երկունք, տքնութիւն եւ զոհողութիւն պատճառած է իր հեղինակաց քան Սահմանադրութիւնը». Ռուսինեան, Յառաջաբան Փիլիսոփայութիւն)

Այնքան իրաւ այս կշիռին վրայ սրբապղծութիւն պիտի ըլլար որ եւ է մեկնութիւն: Բայց ահա աւելի սրտառուչը, միշտ նոյն Յառաջաբանէն

«Երբ այնքան տարիներէ [3] ետքը մտքովս կը յածիմ այն ժամանակներուն մէջ ուր լաւ պատերազմը պատերազմեցանք երբ աչքիս առջեւ կը բերեմ այնքան խոչընդոտները, այնքան սպառնալիքները, այնքան ահ ու դողը, այնքան վտանգը, որոնց մէջէն անցանք, երբ կը յիշեմ վնասներն ալ զոր ըրինք եւ անոնց ներգործութիւնը զոր կրեցինք առ յապայն, զարմանքը կը պատէ զիս ու կ՚ըսեմ. Ի՞նչ վեհ է երիտասարդութիւնը» (Փիլիսոփայութիւն, Ռուսինեան, Յառաջաբան)։ 

Իրենց թատերական emphaseին մէջ սա տողերը ինծի կ՚ըսեն ամբողջ տագնապը որ այդ երիտասարդութեան սրտին մէջ տուն տեղ էր եղած։ Ի՞նչ դժբախտութիւն որ այսօրուան Սփիւռքի Սերունդը կ՚անգիտանայ ոչ միայն տագնապը, այլ անոր պակասն իսկ կը վերածէ դրօշակի

Ռուսինեան անդամ է առաջին՝ Ուսումնական Խորհուրդին Պոլիս (1854), կազմուած գրեթէ համալսարանականներէ։ Ծերենցին նման որ գրեթէ պիտի մոռնայ իր վկայականը՝ եւ պիտի ախորժի թաղէթաղ վազել՝ պայքարելու, բանախօսելու, ինք ալ դժուարութեամբ կ՚ենթարկէ իր երիտասարդութիւնը իր արհեստին պահանջներուն: Սերվիչէնի բարեխօսութեամբ իրեն կը` բացուին պետական թուրք բարձր անձնաւորութեանց՝ պալատները։ Տան բժիշկ, անձնական բժիշկ, Նահապետ Ռուսինեան կենսաշահութեան (բառը Չրաքեանն է եթէ գէշ կը գտնէք) տագնապը այսպէս լուծելէ վերջ, պիտի ունենայ իմաստութիւնն ալ իր ժամանակը լաւագոյնս յարդարելու որպէսզի իրագործուին Օտեան–Պալեան—Ռուսինեան առաջադրութիւնները: Տալ այս ժողովուրդին լեզու մը, կազմակերպել անոր վարչական մեքենան, օժտել զայն դպրոցներու հզօր, հաստատ բարիքովը: Այս հանգանակային արարքներուն համար Օտեանի մատաղութիւնը, Ն. Պալեանի փափկակազմ մարմինը բաւարար երաշխիքներ չեն սակայն: Հաստատ կեսարացիին պիտի իյնայ հերոսական բաժինը, զոր առաքելական եռանդով, անձնուրացութեամբ պիտի չվարանի կատարել, սերունդին ամէնէն հաւատաւոր, գործօն, գործնական ինչպէս դաժան, կրքոտ ու երազապաշտ Սողոնը (վերադիր զոր իր ականջները չլսեցին, քանի որ Ն. Վարժապետեանի բերնէն թռաւ՝ իր աշխարհիկ վերջին հանդէսին, մահուան արարողութեան ընթացքին)։ Վարժապետեան որ խորհրդաւոր հմայքի մը ետին կրցած էր անաղարտ պահել հայ եկեղեցւոյ պաշտօնեայի աւանդական մտապատկերը, ունէր այս կարգի արտայայտիչ դամբանականներ։

Ռուսինեանէն ունինք Ուղղախօսութիւն մը (1853), Տարեցոյց մը` 1854 (ասոր մէկ կրկնութիւնը, 1873-ին), Ազգային Հանգանակութիւն (1865), Ներքին Կանոնագիրը (1874) որ Ազգային Ժողովին մէջ գործադրութեան դրուած է, Քերթուածներ (թարգմանութիւններ՝ Տերեւաթափ, Փառատենչիկ անուրջ, Կիլիկիա, Հուսկողջոյն, Մանուկ եւ Արտուտիկ, յիշելու համար մեր գրականութեան մէջ ընդհանրացածները)։ Երուանդ Օտեան որ տեսած է իր ձեռագիրները, կը խօսի Մայրերու Դաստիարակութիւն գործին վրայ (Էմէ Մարթին)։ Իր Ռիւյ Պլասը (Հիւկօ) տպագրած է առանձին։ Իր Դասագիրք Փիլիսոփայութեանը՝ գրուած ու հրատարակուած ֆրանսերէն (1876), թարգմանուած է հայերէնի եւ լոյս տեսած Օտեանին յուզիչ յառաջաբանով, 1879-ին։ 

Այս ցուցակը պերճախօս ինքնին՝ Ռուսինեանի տաղանդին, ախորժանքին ու ձգտումներուն տեսակէտէն, անշուշտ հիմնովին անբաւարար պիտի գար, անոր անունը կորուստէ փրկելու, ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐի մը մէջ որ շատ բան զեղչելու հարկին տակն է դժբախտաբար, կենալու համար հիմնականին ծիրին մէջը: Նոյնիսկ երբ գրաւոր սա վաստակը փորձենք պաշտպանել այն միւսով ալ որ Ռուսինեանինը եղաւ, Ուսումնական Խորհուրդի, Ազգային Կանոնադրութեան, աւելի վերջի տիտղոսով՝ Ազգային սահմանադրութեան պատրաստութեան, ու ժողովին հաստատումէն յետոյ տարիներ տեւող իր գործունէութեան՝ այդ ժողովին մէջ (կը սրբագրէր բոլոր ատենագրութիւնները ու կ՚օրինակէր իր ուղղախօսական հայերէնով), դարձեալ չենք կրնար գրագէտի դէմք մը երեւան բերել: Այս մասին չունիմ վարանում: Բայց այս աշխատանքի մուտքին ես պարզեցի իմ կեցուածքին զսպանակները, հանդէպ այս սերունդին: Ինծի համար չափազանց դիւրին զոհողութիւն մը պիտի ըլլար Թովմաս Թէրզեանի ամբողջ բանաստեղծական դիւանը, թատերական վաստակը, գեղեցկագիտական թարգմանածոյ աշխատութիւնները մոռնալ, պարզ այն պատճառով որ այդ ամէնէն այս ժողովուրդին գրականութիւնը աւելորդ տարրեր է ժառանգած: Ռուսինեան մը, գէթ իբր ձգտում, կը զատուի կարաւանէն։ Իր մէջ մարդը, գործիչը, խոշոր առաջադրութեանց սպասարկու արկածախնդիր հերոսը լայնօրէն ստուերի տակ կը ձգէ պատեհապաշտ թէկուզ տաղանդաւոր վարժապետը որ կը կոչուէր Թովմաս Թէրզեան։ Ահա թե ինչու, իր յիշատակին կը նուիրուին սա տողերը, երբ մեր գրականութիւնը քանի մը երգէ զատ (Կիլիկիան կ՚արժէ աւելի քան որ եւ է ինքնագիր քերթուած, նոյնիսկ Թովմաս Թէրզեանի ամէնէն մեծահամբաւ քերթուածներէն չվախնալու բախտով մը: Անոր բնագիրը, հաւանաբար միջակ քերթուած մը, այդ փոխադրումով գտած է գեղեցկութիւն մը, խորհրդանշական տարողութիւն մը, որոնք մեր պայմանները, մեր 1860ը կը սեւեռեն ընդմիշտ մեր հոգիին խորը) բան մը չունի՝ իր անունը, ըստ արժանւոյն, ազատագրելու ընդունակ։ 

Ուղղախօսութիւնը, իբրեւ լեզուական ձեռնարկ, դուրս է իմ հետաքրքրութենէն. ՝ բայց իր ունեցած անդրադարձումներովը շրջանին մտայնութեան ու մեր բարքերէն իր վերբերած փաստերովը կը մղէ զիս զիջումի։ Նախ՝ անոր առաջաբանը (ինչպէս կը գրէ ինքը) Ռուսինեանի իմացական կորովէն, որոշ ընդարձակութենէն վաւերական վկայութիւն մըն է: Մի մոռնաք որ անիկա Բարիզ է ծրագրուած, խմբագրուած գրեթէ։ Յառաջաբանին մէջ՝ «… վերջապէս, տղայական միտքը՝ ուրիշ լեզուներու ուսման` անզգալի կերպով մը պատրաստէլու դիտաւորութեամբ հայ ուղղախօսութեան մասնաւոր ըսկըզբունքնէրը՝ իմաստասիրական ուղղախօսութեան ըսկըզբունքնէրուն վերածել ջանացինք, որչափ կարելի էր: Բայց աս ամէն բան չէ թէ նորաձեւութեան մը մըտքով, այլ լեզուին կանոնաւոր ընթացք մը տալու դիտաւորութեամբ. եւ ասոր համար՝ թե ազգային եւ թե այլազգի ուղղախօսութիւննէր ու բառցոյցնէր երկար խորհըրդակցությամբ քըննէլով. » (պահած եմ Ռուսինեանի ուղղագրութիւնը), գործածուած խոշոր տարազը՝ իմաստասիրական ուղղախօսութեան ընդհանուր սկզբունքներ, 1850-ի եւրոպական նորութեան թելադրանքն էր Ռուսինեանի ուղեղին վրայ: Գրական ռոմանթիզմին մէկ անուղղակի բարիքն էր ատիկա արեւմտեան մտածողութեան ճամբով, քանի որ բնագիրներու ուսումնասիրութիւնը լայնօրէն կը պաշտպանուէր լեզուաբանական ուսումներուն անհերքելի բարիքովը: Ի՞նչ փաստ, սակայն, որ այդ ուսումը պիտի մնար անծանօթ, անոր ամէնէն աւելի պէտք ունեցող մարդոց՝ Վենետիկցիներուն, (Վիէննան Ռուսինեանէն ուշ պիտի գտնէ զայն) ու պիտի խօսէր բժիշկի  մը։ Ռուսինեան բանասէր մը չէր ծնած: Կը ճշդեմ ասիկա։ Բայց ինչպէս իր աւարտական ճառին մէջ ապաստանած էր նորութեան, հոս ալ, իր բնածին հետաքրքրութեամբը զգացեր էր, անշուշտ տարտամ, մթին չափերու մէջ, թէ լեզուները աւելի բան մըն են քան ինչ որ կ՚ընդունուէին մինչեւ այն ատեն։ Յետոյ այդ բնագիրներէն անդին նայող հետաքրքրութիւնը նորոգած էր մէկէ աւելի կրթանքներ: Վերջապէս մարդիկ գտած էին բուն պատմութիւնը . Թիէռի եւ իր դպրոցը, միջնադարու ուսումնասիրութիւնը, հնդկաբանութիւնը, արեւելեան լեզուները), գրելու առողջ, իրաւ եղանակը։ Միւս կողմէն այդ 1850-ը շրջանն էր ամէն բան իմաստասիրութեան վերածելու: Օրէնքներու, գրականութեան, պատմութեան, ժողովուրդներու իմաստասիրութիւնները օրուան կարգախօսութիւնները կը կազմէին։ Բանասիրութիւնը կ՚ընդարձակէր իր յաւակնութիւնները, ընդգրկելու համար քիչ մը ամէն բան։ Հէկէլ, իր աշակերտը Թէն, ասոր բարեկամը Ռընան, այդ գաղափարները տարածելու մէջ ոչ միայն խելք դրին այլեւ գրական ճաշակ, վայելչութիւն: Ռուսինեանի հետաքրքրութիւնը, լեզուական հարցերու շուրջ, ծագում առնելով հանդերձ այդ ընդհանուր խանդավառութենէն, կը սնանի դարձեալ մասնակի ալ հանգամանքով. ատիկա մեր աշխարհաբարին պարզած վիճակն էր 1850-ին

Թէ Ռուսինեան հանգամանաւոր միտք մը չէր այդ դերին, դուրս է կասկածէ: Բայց միւս կողմէն անիկա երբեք չի նմանիր այն երկրորդ իմաստակին, որուն անունն է Մինաս Չերազ՝ 1870-ի Պոլսոյ ճպուռը, որ իր ճառերուն, քերթուածներուն խանդավառութեանը մէջ կը մոռնայ ինքզինքը ու առտու մը կանուխ 7 էջի մէջ արեւմտահայ բարբառին քերականութիւնը կը խտացնէ, ստեղծելով Ընտողական Աշխարհաբարը։ Կը յիշեմ այս փաստը, մտայնութիւնները հասկնալի ընելու նպատակով մը: Ռուսինեան իր Ուղղախօսութիւնը տարիներով մտածած է, բարեփոխած, ենթարկած է իր ընկերներուն խորհուրդին: Պարկեշտ է առնուազն, երբ կը կարծէ թէ կարիք մը կը դիմաւորէ ու պակասի մը դարմանը կը հայթայթէ, առանց յաւակնութեան, միշտ օգտակար ըլլալու աւագ նախանձաւորութեամբ մը։ 

Ուղղախօսութիւնը՝ լեզուին լուրջ հետաքրքրութիւն ու ձեռնարկ, մանաւանդ իր արդիւնքին մէջ ալ ժխտական դուրս եկած, զիս կը զբաղեցնէ իրմէն դուրս ուրիշ թելադրութիւններով։ Ասոնք գրքոյկին ստեղծած հակազդեցութեանց հանդէսը կը պարզեն ու ատով՝ վաւերաթուղթեր կը դառնան բարքերէ, մտայնութենէ: Հազիւ թէ լոյս տեսած, գրքոյկը ծնունդ կուտայ ազգին գիտնական նկատուած եւ պահպանողական դասին մէջ մեծ վրդովումի։ Դէմ էին անոր հիները, հարկ չի կայ այդ հակառակութեան պատճառները հետազօտելու։ Ամէն նորութեան ճակատագիրն է ասիկա։ Բայց դէմ էին անոր Զօրայեանի խմբակցութիւնը, Տէրոյենցը մարմնաւորած մարդերը ու թերեւս այն միւսները, այս անգամ իսկապէս մտաւորականներ (Սերվիչէնի խումբը)։ Կ՚ըսեմ թերեւս, վասնզի ոչ մէկ փաստ այդ ուղղութեամբ: Բայց տրուած ըլլալով Ռուսինեանի նկարագիրը, յանձնապաստանութիւնը եւ հաւանաբար ընկերային դիրքը, ջոջերը հաշտ աչքով պիտի չդիտէին այս նախաձեռնութիւնը որ դժբախտաբար խոցելի կողմերով հարուստ ալ էր

Այս հակառակութիւնները չուշացան իրենց արդիւնքէն։ Ուսումնական Խորհուրդը գրքոյկին նկատառումը կը փոխանցէ յանձնաժողովի մը որ երկու նիստի մէջ կը կատարէ իր քննութիւնները եւ Ռուսինեան որ անդամ էր այդ յանձնաժողովին, ստիպուած է Պոլսէն հեռանալ պաշտօնով։ Յանձնաժողովը եզրակացութեան մը չի կրնար յանգիլ: Մենք մեր հաշիւները կը ծածկենք, մանաւանդ իմացական ծուլութեան մը ետին

Ռուսինեանի գիրքին յանցանքը նորութիւնն էր: Ռուսինեանին՝ պատկանիլն էր, բխած չըլլալն էր պաշտօնական դիւաններէ: Արուեստակեալ լեզու որակեցին մարդիկ այդ գիրքին մէջ գործածուած լեզուն: Ռուսինեան պարզած էր հոլովման ձեւերը, միօրինակութեան վերածելով զայն: Պարզած էր խոնարհման յանգերը (իր բառն է՝ որ կը նշանակէ վերջամասնիկը)։ Գրեթէ ջնջած էր ե գիրը։ Ուղղագրութեան արտառոցութիւնները մեղմացուցած։ Ածանցումի ու բարդութեան ալ մօտեցած օգտապաշտ նկատումներով։ Կ՚առաջարկէր կարճ ձեւերը բառերուն: Անցը առանցի տեղ, օրինակի համար, երկը երկուքի տեղ։ Չորս լծորդութիւնները կը վերածէր երեքի: Կը պահանջէր պարզութիւն, պարզեցում։ Իր համաձայնութիւնը կը պահէր միջին մը ընդմէջ գրաբարին եւ աշխարհաբարին, առաջինին շատ մանուածոտ (մանաւանդ քերթողականին ու Վենետիկեան հայրերէ ոմանց ձգձգուն արձակին մէջ, ինչպէս է օրինակի համար Զուգակշիռքին [Պլուտարքոսի թարգմանութիւնը, ու ոճաւոր գրաբարը Մասիյեօնի Քառասնորդացին), չփացուած, ծանրաբեռն նախադասութեան, ու երկրորդին գրեթէ գռեհկութիւն կամ տաճկաբանութիւն հոտող տափակ նախադասութեան: Չէր արհամարհեր գրաբարը, իբրեւ մեռեալ լեզու: Բայց կը զգուշացնէր անոր  ներքին ոգին որուն գլխաւոր արտայայտիչներն էին այն ժամանակ Վենետիկեան հայրերը ներշնչող ունենալէ։ Միւս կողմէն դէմ էր դարձեալ Զօրայեանի ամօրֆ աշխարհաբարին: Ու այս միջին կեցուածքն էր որ դժգոհ ձգեց երկու դասերն ալ: Բայց ահա տարօրինակը եւ 1880-ին դեռ ողջ էին հարկաւ Ռուսինեանի հակառակորդները երբ Վիէննացի կարգաթող վարդապետի մը . Գարագաշ) գլխաւորութեամբ ամբողջ խմբակ մը մտաւորականներու (Չերազի Ընտրողական աշխարհաբարին թերեւս իբր հակահարուած) ստեղծեց ոչ միայն արուեստակեալ այլ անտարազելի լեզու մը։ Թ. Թէրզեան, Ռ. Պէրպէրեան, Յ. Գուրգէն, Եղիշէ Վրդ. Դուրեան եւ ընկերութիւն, աշխարհաբարը զօրացնելու սրբազան առաջադրութեամբ, աղճատեցին անոր ալ գրեթէ կայունացած կերպարանքը, ու մէջտեղ դրին որձեւէգ բարբառը զոր ոչ ոք կը խօսէր: Մարդիկ, Ռուսինեանի հակառակած ըլլալու գերազանց ցանկութեան մէջ, կործանեցին գրքոյկին իրաւ ալ պահանջները: Այն լեզուն որով խմբագրուած է Ուղղախօսութիւնը, տրամաբանական, առոյգ, ժուժկալ լեզու մըն է, հարիւր անգամ նախընտրելի քան Եղիշէ Վրդ. Դուրեանի գործածած աշխարհաբարը։ Ուղղախօսութիւնը, բառակազմութեան մէջ մանաւանդ, յաջող որքան նոր կարելիութիւններ զգալի ընող գիրք մըն էր: Կիրքը, նախանձը իրենց դերը ունեցան, մանաւանդ երբ Ռուսինեան այդ լեզուով հրապարակ հանեց, 1854-ին, Տարեցոյցը

Աս ալ ֆրանսացիներուն ալմանախն էր, շատ հաւանաբար Բարիզեան ուսանողութեան շրջանէն Ռուսինեանի մտքին մէջ արմատաւորուած։ Գիրքին հրատարակութիւնը շղթայազերծեց կիրքերը: Պայքարին ուղղակի կը մասնակցեր հոգեւոր իշխանութիւնը, իր հոգեւոր պետով եւ ժողովով։ Գումարուեցաւ մեծ ատեան, ինչպէս գումարուած է Զօրայեանի Վարք Յիսուսի անուն թարգմանածոյ դասագիրքին առիթով (1848)։ Ի՞նչ հարկ այս տգեղութիւնները թարմացնելու: Պատրիարքը պաշտօնապէս կը պարսաւէ երկու գիրքերն ալ։ Ժողովը պահանջած էր եկեղեցւոյ բեմէն բանադրել Տարեցոյցը, իբրեւ հակառակ՝ ուղղափառ եկեղեցւոյ դաւանութեան: Ու խորհիլ որ այս բանադրանքը մտածող ուղեղը Ն. Զօրայեանն էր: Այնքան ասպարէզին նախանձը մարդուն հոգին կը սեւացնէ: Զուր տեղը չէ որ, Եղիշէ, նախանձին՝ կապուտիկ արմատները կ՚ըսէ, իր նշանաւոր գլուխին մէջ (Տիկնայք Փափկասունք)։ 

Այս խաչակրութիւնը, իր պաշտօնին աստանդական հանգամանքը, իր ժողովուրդին խեղճութիւնը զինքը ըրած են լայն չափով մը յուսախաբ։ Պաշտօնական այս հալածանքը Տարեցոյցին [4] դէմ, Ուղղախօսութեան հանդէպ գործադրուած վանտալութիւնը (Գերագոյն Ժողովին որոշումով այդ հատորին վրայ դասախօսութիւնը արդէն քանի մը դպրոցներու մէջ սկսած, կ՚արգիլուի գիրքերուն հաւաքումովը) երբ աւելցնէք հոգեբանական ուրիշ ալ տրամադրութեանց (իր արհեստին բերումը՝ գլխաւորաբար, որ զինքը պարտաւոր կ՚ընէր անդադար նորոգուելու, հետեւելու անոր մէջ ամէն օր երեւան գալիք գիւտերու, նորութեանց, ու այս պարտքը կատարելու համար իր դժկամութիւնը, որոնք բոլորը մէկ կը ճնշեն բժիշկին վրայ զայն ձգելով ետ իր ասպարէզին անհրաժեշտ maîtriseէն ու կը վերածեն պատուակալ տիտղոսաւորի, առանց իրաւ բժիշկի մը անխուսափելի վարկին որ մինակը կը տիրէ ասպարէզին: Տքթ. Թորգոմեան շատ յարգելի բժիշկ մըն էր ազգային շրջանակներու մէջ, Պոլիս, բայց կը կանչուէր Ազգային Հիւանդանոց, ազգային հիւանդներու ձրի դարմանումին, չունենալով ոչ մէկ տուն ուր իր սպասարկութիւնը փնտռէին մարդիկ), իրմէ նուազ տաղանդաւոր, թէկուզ  արհեստին մէջ անբաւարար պաշտօնակիցներու յարաճուն վերելքին իր մէջ ստեղծած արդար տրտմութիւնները, դուք կ՚ունենաք պատկերը վրիպած (raté) բժիշկին որ նոյն ատեն անկարող է իր նախասիրութիւններն ալ մշակելու, իրագործելու, այս անգամ արտաքին ազդակներու ճնշումով։ Ռուսինեանի գրական ճիգը այսքան մը բացատրելէ վերջ, աւելորդ կը նկատեմ խօսիլ իր միւս հատորիկներուն վրայ (Ազգային Հանգանակութիւն, Ներքին Կանոնագիր) որոնք կը պատկանին անոր գործունէութեան միւս երեսին երեսփոխանի, ազգային գործիչի, օրենսդիրի, ատենաբանի, Սահմանադրութեան հիմնադիր անդամի (Սողոնը Ն. Վարժապետեանի) իր տիտղոսներուն

Ատեն է որ կատարելատիպ տրուի մարդը: Ինկած են՝ Ռուսինեանի երիտասարդութիւնը, չափահասութեան առաջին շրջանը, բաւարար վերլուծման: Ի՛նչ որ մութ է այդ կեանքէն, ատիկա մարդոց շատ չհասկցած մասն է, մանրամասնութիւններն են, որոնք վրիպած տաղանդաւոր անձնաւորութեան մը հէքիաթը պիտի յօրինեն: Ինչո՞վ պակաս էր այս մարդը Սերվիչէնէն, Գ. Աղաթօնէն որոնք չեն վարանիր ծանր, վարկաբեկիչ  ակնարկութիւններով ընդմիջել ու արգիլել անոր՝ ընթերցումը ատենաբանութեան մը, Ազգային Հանգանակութեան (իմացէք ազգային տուրքը մեր օրերու) հարցին շուրջ, զայն անուանելով երկար, քրտնաջան, բանագողեալ: Ռուսինեան կ՚ատենապետէր այդ ժողովին (1864 Յուլիս)։ Կ՚երեւակայէ՞ք դառնութիւնը՝ իր ճառը ընդհատելով գրպանը թխմել ստիպուած տրիբունին, ատեանի մը մէջ որ իր սեպհական հեղինակութիւնն էր թերեւս, այնքան իր ժամանակը, խելքը, աշխատանքը տրամադրած էր Ազգային Սահմանադրութիւնը իրականացնելու հերոսական արարքին, զինքը հրապարակաւ վարկաբեկողներէն քանի մը պատիկ աւելի եռանդով։ Յետոյ, շրջանին մեծ, տիրական անձնաւորութեանց մօտիկ ինչո՞ւ իրեն չէ յաջողուած խորտակել ստորադասութեան complexeը որուն ընդմէջէն կ՚երեւան մեր գրողները, բարձր դասակարգի միւս՝ անդամներուն հետ բաղդատուած: Ամիրայութիւնը կը հասկնանք։ Բայց չենք հասկնար որ իրեն պաշտօնակից մը (Սերվիչէն), պետական պաշտօնատար մը . Աղաթօն), իրենց ներել կարենան այդ արհամարհանքը: Բարքերու մա՞ս։ Ռուսինեանի մօտ տկարութի՞ւն: Ո՛րը որ կ՚ուզէք։ Իրողութիւնը ան է որ բոլոր յանձնախումբերուն մէջ (երեք անգամէ աւելի է՝ թիւը այդ յանձնաժողովներուն որոնք կը խմբագրեն Ազգային Կանոնագրութիւնը՝ յետոյ Ազգային Սահմանադրութիւն քիչ մը յաւակնոտ մակդիրով մը նուիրագործուած, ասոր վերաքննութիւնը, բարեփոխեալ նոր պատճէնին խմբագրումը) կայ Ռուսինեանի ոչ միայն անունը, այլեւ աւանդութիւնը այդ գրաւոր աշխատանքները անոր կողմէն կատարուած ըլլալուն։ Իրողութիւն է որ Սահմանադրութեան մէջ դիտուած թերութիւններուն բարձումին համար ընդարձակ առիթ կը բացուի ճպուռներու, որոնք իրենց խօսելու առաքինութիւնը փայլեցնելէն անդին ոչինչի կը մտածեն, անշուշտ Ռուսինեանի ճառերէն խթանուած. իրողութիւն է որ սահմանադրական անոր կեանքին (քանի մը անգամներ փոխ ատենապետ, անգամ մը ատենապետ, աւելի յաճախ երեսփոխան, միշտ խռովայոյզ, միշտ աղմկոտ նիստերու մէջ) մօտ քսան տարիները կը վկայեն անվախ ատենաբանէն, որուն խօսքի կարողութեան համար առանձին գովեստը կը լրջանայ տրամաբանութեան ալ ուղղուած գնահատանքներով: Ազգային Ժողովին ամէնէն պերճախօս երեսփոխանը կը նկատուի: «Ազգային Ժողովոյ ատենագրութիւնք»ը, մեծ մասը իր ջանքովը տպագրուած, անկէ կը բովանդակեն երկար, լաւ մտածուած, կառուցուած tiradeներ, հարցին, հարցերուն շատ մօտէն տեղեակ, զանոնք շատ մօտէն սեղմելով։ Յետոյ, իր խառնուածքին ալ ջերմը, խանդը, որով մեր խօսքը կենդանի յոյզի մը պէս կ՚անցնի դիմացինին։ Անարդարութիւն պիտի ըլլար, Ատենագրութեանց copieին վրայէն դատել ատենաբանը: Այս ամէնուն իմա՞ստը, սա մարդը արժեւորելու մէջ։ Կը դնեմ հարցումը: Վասնզի նիւթական միջոցներու անբաւարարութիւնը կը տրուի պատճառ որպէսզի Տարեցոյցները չունենային շարունակութիւն: Դարձեալ, այդ նիւթական անձուկն է որ կը բարձուի միշտ Սերվիչէնին միջամտութեամբ: Սպարապետութեան հիւանդանոցին բժիշկ պիտի անուանուի այդ միջամտութեամբ։ Իր կենսագիրը, իր կարգին բժիշկ մը՝ Տքթ. Վ. Թորգոմեան, իրենց ընտանի առատաբանութեամբ մը այդ պաշտօնավարութիւնը կ՚որակէ փայլուն (ինչպէս Բարիզ՝ Պոլիս ալ Ռուսինեան անդամ [5] է անուանուած  Բժշկական Ժողովին, ուրիշ մէկէ աւելի հայերու կարգին), անոր վերագրելով շատ հետաքրքրական հիւանդութեան մը վրայ՝ Fils arabes (Dragonneaux) որուն հայերէնն է Վիշապակ, կամ՝ Արաբաթել, եւ կամ Թելակերպ ճճի, անձնական դիտողութիւն մը (observation), բժշկական ընկերութեան ծափերուն արժանացող, ու լոյս տեսած Gazette Médicale d'Orientի մէջ։ Այսինքն ճշմարիտ գիտունի մը վայել դրուագ մը։ Աւելին: 1860-ին Ռուսինեան, ողջունելէ յետոյ Սահմանադրութեան իբր զփիւնիկ յաճիւնոյ վերակենցաղ յարութիւնը, պարտաւոր է ձգել Պոլիսը, հետեւելով Ֆուատ փաշայի (Եանիայի էֆէնտին՝ չէք մոռնար) Լիբանան, հոն ծագած խռովութիւնները քննելու, եւ հանդարտեցնելու պաշտօն ունեցող ուժի մը իբրեւ բժիշկը, Սեւեանի հետ, աս ալ բժշկապետ մը որ գրած ալ է ոտանաւորներ: Ուրիշ հայ մը՝ Ապրօ Սահակ, կ՚ընկերանար իրենց։ Այս տեղեկութիւնները կենսագրական   թէեւ, կը ձգտին ցոյց տալու Ռուսինեանի անորակելի կորանքը, մանաւանդ ազգային գետնի վրայ: Տարիները որոնք կը սահին, լեցուն են այս մարդուն գերագոյն կիրքովը որ Ազգային Սահմանադրութիւն   էր, անոր շուրջը նիւթուած դաւադրութիւնները, անոր՝ պետական միջամտութեամբ, պահ մը գործադրութենէ դադրիլը, զայն վերստին ունենալու համար եղերականի մօտեցող հոգեվիճակի մը մէջ տուայտանքը, անոր բարեփոխումին առաջարկները, վերաքննութիւնը, ինչ գիտնամ : Այսպէսով է որ կը uահին Ռուսինեանի տարիները, զինքը հետզհետէ տկարացնելով։ Ու 1870էն վերջ, անյաճախորդ բժիշկ, անպաշտօն պաշտօնեայ, ազգային օրէնսդիր, ու… հացի կարօտ։ Սերվիչէնի միջամտութիւնը անոր կը բանայ դուռը պետական վարժարանին, ուր անոր կը յանձնուին իմաստասիրութեան դասերը: Տարիքէն ընկճուած, իր յոյսերուն մէջ պատրուած ու պարտուած, Ռուսինեան կը փարի իր դասին, զոր, միշտ Տքթ. Թորգոմեանի հաւաստումով, կ՚աւանդէ մեծ ձեռնհասութեամբ ու ճարտասանութեամբ: Այդ դասերուն ֆրանսերէն ամփոփոյքը իրեն իր կեանքը պիտի արժէր։ Երկու ամսուան մէջ, անիկա գոհացում տալու համար Տնօրէնութեան պահանջին կ՚ենթարկէ ինքզինքը ծանրագոյն աշխատանքի: Հետեւանքը՝ գրքոյկին կազմութիւնը եւ իր ուղեղային արեան համախռնումով (Congestion cérébrale) մահացումը պիտի ըլլար։ Այս ծանօթութիւններուն թելադրա՞նքը ձեր մտքին մէջ։— Ապահովաբար իր ուժերուն լիութեանը համար տառապող մտաւորականին կերպով մը կամաւոր ընդ առաջումն [6] իր մահուան։ 

Այս տողերէն յետոյ, ինծի կը մնայ արագ նշմարներով [7], խօսիլ

ա) Ատենաբանէն. տիտղոս մը զոր իր ժամանակը չսակարկեց իրեն։ Աւելորդ է դիտել տալ թէ խօսելու արուեստը եթէ չի պատկանիր ուղղակի գրականութեան, բայց իրաւ գրագէտներու բերնին մէջ անարժան չէ գրականութեան (Տէմոսթէն, Կիկերոն, Պոսուէ, Մասիյեօն)։ Ռուսինեան ունի սեռին անհրաժեշտ պահանջներէն մէկէ աւելիները։ Անոր խառնուա՞ծքը, որ զօրաւոր կիրքերու, զգացումներու, երազներու հանդէս մը իբրեւ, աւելի քան քառորդ դար պաշտպանած է իր բերնէն ելած ամէն բառ, տարածելու համար իր երանգը (colorisն) անոր բառերուն ալ։ Անոր հմտակառոյց իմացական դրութիւնը, սովորական termeով մը՝ անոր տրամաբանելու կորո՛վը, որ իր ուժին, հեղինակութեան գլխաւոր զսպանակը, ու թերեւս իր չհանդուրժուելուն ազդակը կազմեց, քանի որ իր ընկերներուն մէջ զինքը ցայտեցնող կարողութիւն մը իբրեւ, հիացում պատճառելով հանդերձ զանգուածին, պիտի ունենար ձախորդ ազդեցութիւն այլապէս կորովի, բայց խօսքէն աւելի գործին զգայարանքովը (օժտուած անձնաւորութիւններու վրայ, ինչպէս էին Սերվիչէնը, Կրճիկեանը, Ապրօն, Օտեանը, Ֆերուհխանը, այսինքն լուրջ, գործօն, բայց աղմուկէ, ցոյցէ համ չառնող անձնաւորութիւնները: Խօսեցայ թէ ինչպէս Աղաթոն եւ Սերվիչէն վիրաւորեցին իր խօսողի արժանապատուութիւնը, Ազգային տուրքի վրայ իր ատենաբանութիւնը շարունակել է արգիլելով զինքը կծու բառերով։ Պատմիչները, մատենագիրները, ժամանակը կը համաձայնին սակայն անոր տալու ուրիշ ալ առաքինութիւններ, միշտ՝ խօսելու մարզին վրայ: Անիկա գիտէր իր նիւթերը։ Կը պատրաստէր իր ճառերը, բեմ ելլելէ առաջ, ծոցին ունենալով շատին ծրագիրները։ Կը յղկէր զանոնք, խօսքէն վերջ, երբ պիտի յանձնէր ատենագրութեան, արձանագրութեան, ու ատկէ՝ մամուլին (Ազգային Ժողովի բազմամեայ իր մասնակցութեան ընթացքին անոր հոգածութեամբն է որ տպուած են հոն խօսուած բոլոր վիճաբանութիւնները)։ Այս արարքները կը վերածուին հմտութեան, նիւթ մը իր լայնքին ու խորքին հետազոտելու պարկեշտ աշխատանքին, խօսքի հերոսներուն մօտ այնքան դժուար հանդիպելի։ Մենք գիտենք որ երեսփոխանները ինչպէս կը կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Կը վերածուին խղճմտութան, այս անգամ բառին տալով գրական ալ՝ տարողութիւն: Ռուսինեան կը յարգէ զինքը մտիկ ընողները, անոնց մատուցանելու համար կիրթ, քիչ թերիով խօսք մը, որ իր կրթութեան նուէրն էր իրեն։ Բարիզ ընող մեր գործիչները բոլորն ալ ունին այս յարգանքը ունկնդիրին։ Կը վերածուին գրական խղճմտանքին որմէ այնքան յաճախ զուրկ են ամէն ազգի մէջ մանաւանդ քաղաքական խօսողները։ Այս անհրաժեշտութիւններէն յետոյ Ռուսինեանի ի՞նչն է պակսած, որպէսզի միշտ մնար երկրորդ բլանի։ Դեռ մինչեւ այսօր իր ճառերէն ոմանք չեն կորսնցուցած իրենց ջերմութիւնը։ Պալեանի հրաժարականին, Ազգային տուրքի, իր հրաժարականին, Սահմանադրութեան վերաքննութեան, Սիսի, Աղթամարի կաթողիկոսական ընտրութեանց առիթներով իր՝ խօսածները կը բաբախեն յուզումով, կիրքով նոյնիսկ, երբ կէս դար է անցեր այդ ձայնին վրայէն, մանաւանդ յուզուած հարցերը հինցեր են ու թաղուեր անվերադարձ: Այս մէկ հատիկ հանգամանքը տիրական տրիբուն մը կը պայմանէ ինքնին: Այն ատե՞ն: Այսինքն, ինչո՞ւ՝ բերանը բանալու անկարող մարդ մը (Աղաթօն), խօսքի կրկէսի մը մէջ, նահանջի, պարտութեան կը մատնէ այս բանախօսը: Դի՞րք: Ազդեցութի՞ւն: Երկկողմանի են ասոնք։ Ռուսինեան վնասուած է, իմ կարծիքով, իր խանդէն, որ տեսակ մը ռոմանթիզմ կը խառնէ իր փաստերուն. իր կիրքէն, որ կը նեղցնէ իր հայեացքը, աչքին առջեւ կարմիրի խաւ մը բերելով՝ իր կուռ տրամաբանութենէն որուն շատ քիչ անգամ պիտի զիջինք։ Ռուսինեան վնասուած է իր թերութիւններէն, որոնք իր խօսքինն են, ամուր, կազմակերպուած, պիրկ, առանց լուսամուտի ու առանց լայնքի։ Ռուսինեան վնասուած է յամառութենէն, մոլեռանդութենէն, իմացականութեան վրայ իր անսասան հաւատքէն։ Կ՚աւելցնեմ՝ այս շարքին, իր միամտութիւնը, պարկեշտութիւնը, ինքնիրեն հաւատարիմ մնալու տոնքիշոթութիւնը, բոլորը լաւագոյն առաքինութիւններ, արժանիքներ, սոսկական կեանքի, բայց բեմի համար յաճախ վտանգաւոր: Մի՛ մոռնաք. խօսողներուն ամէնէն հեղինակաւորը, Տուկիդէսի հաւաստումով, Պերիկլէսն էր, այսինքն մարդը որ իր գրպանին մէջ պատրաստ ճառեր չունէր, բայց կը հասկնար զինքը մտիկ ընողներուն տրամադրութիւնը, հովին որ կողմէն գալը, ինչպէս կ՚ըսեն: Իր խօսածները, առանց զգալի ընելու իրենց աղբիւրը, կը վարէին այդ ամբոխները, զանոնք պատրելու մէջ ըլլալով ամենազօր: Ռուսինեան այդ բեմէն քանի քանի անգամներ արհամարհուած, վիրաւորուած է։ Պատահած է որ առնէ քալէ սրահէն: Այս ամէնը կը բաւե՞ն բացատրելու համար այս իրաւ խօսողին վրիպանքը։ Կ՚ենթադրեմ: Բայց պէտք է աւելցնել, այս գլխաւոր ազդակներուն, ուրիշներ ալ, Ռուսինեանէն դուրս։ Ատոնցմէ մէկն է բուն իսկ շրջանակը որուն մէջ գործել է ստիպուած այս խորապէս պարկեշտ, հաւատաւոր մարդը եւ որ երբեմն մտերիմ, հասկցող, փոքր, գրեթէ համասեռ (ինչպէս են 1859-ի Ուսումնական Խորհուրդը, ասկէ առաջ Բարիզի աւելի մտերիմ լօճը, եթէ կ՚ուզէք, 1857-ի մասնաժողով ները, 1860-ի աւելի լայն բայց դարձեալ իրար հասկցող մարդոց կոկիկ խմբակը, բայց աւելի յաճախ այլատարր միտքերէ, խառնուածքներէ երեւան եկած ու ինքիրմով հիանոսացած, անորակելի խումբն է երեսփոխաններուն, տուէք շքեղ ալ վերադիրը՝ ազգայի՛ն երեսփոխաններուն: Մարդ կ՚ապշի այս անմահներուն մօտ ոչ թէ խելքին քանակէն կամ որակէն, այլ այն ահաւոր փաստէն թէ ո՜ր հրաշքին գինովը, իր պատմական կեանքին մէջ երբեք ժողով չըրած այս աւագանին այս ժողովուրդին, կը հանդուրժէ քովինը, ընկերը, պաշտօնակիցը, երբ կը խօսին: Ազգային Ժողովը ես տեսայ երբ կը գործէր, 1909էն  վերջ ու չեմ կրնար այս զարմանքիս ընթացք մը չտալ: Մարդեր էին որոնք միայն խօսքին փառասիրութիւնը, հմայքը ու տենդը ունէին։ Ու չունէի՜ն ոչ իսկ հիւլէով sensը իրենց խօսքին ետին կարելի խելքին: Մարդեր էին որոնք կը խօսէին որպէսզի ճերմակը սեւ դառնալ այդ խօսքին կախարդական ուժին տակ: Մարդեր էին, որոնք չէին ամչնար այդ անբարոյութենէն ու իրենք զիրենք ոտքի հանելու, թեւ շարժելու, կեցուածք շտկելու արարքները կը վերածէին ահաւոր սոփեստութեան մը։ Ան ի՞նչ հեշտանքով անոնք կը հպատակէին օրուան հերոսներուն, ասոնք ալ խօսողներ, քիչ մը աւելի կանոնաւոր, քիչ մը աւելի պատմութեան, մօտիկ անցքերուն, հին աւանդութիւններուն տեղեակ (գիտէի որ երեսնամեայ դադար մը այդ ժողովին՝ բռնադրուած Համիտի կողմէ, կ՚ընէր այդ ժողովին խորհուրդը քիչ մը աւելի խորունկ, ու ժողովականները աւելի հանդիսաւոր երբ կ՚ոգեկոչուէր առաջին սահմանադրութիւնը) ու աւելի տրտում։ Կեդրոն, աջ, ձախ անուննե՜րը՝ որպէսզի կատարեալ ըլլար ապուշութիւնը կապկումին: Ու, իմ աչքիս տակ ըրին իրենց ամէնէն շնական հարկինքը, պատրիարքական աթոռէն վար առնելով Դուրեան Սրբազանը որ առնուազն քաղցր իմաստութիւն մըն էր, անոր տեղը բերելու համար ուրիշ մը: Ու երբ հարցուցի այս հերոսական արարքը նիւթող, գլուխ հանող տրիբունին՝ որ զաւակն էր առջի սահմանադրական պայքարներուն մէջ իբր շիտակ մարդ խառնուած հրապարակագրի մը (Օգսէն Խոճասարեան), թէ ի՞նչ կը պահէր ազգը, անանուն, անկշիռ մարդ մը, նոյնիսկ պարկեշտ, Քիւրտիստանի խորերէն Պոլիս կանչելով ու բարձրացնելով գահը մեծ մարդոց, առի անմոռանալի պատասխանը. «Հարցը պատրիարքին անձին վրայ էր, ոչ թէ պատրիարքին արժանաւորութեան»։ Իրենց կուսակցութիւնը միշտ մեծամասնութիւն տէրն էր Խորհրդարանին, ու հետեւաբար իրաւասու նոյնիսկ փողոցէն անցնող բեռնակիրը, քուէին ուժովը բերելու այդ գահին: 1910էն վերջ իրաւ այս հոգեվիճակը ես հիմա կը փոխադրեմ 1860-70 շրջանին: Ու ընդհանուր անուններէն կը զատեմ քանի մը հատ մի այն Ս. Փափազեան, Ք. Ղազարոսեան, Կ. Իւթիւճեան, այսինքն խօսքին ախտագին տարփաւորները որոնք երդում են ըրած դէմ խօսիլ, միայն ու միայն դէմ խօսիլ։ Խօսքի այս հիւանդութիւնը հեղինակ այն մեծ գայթակղութեան զոր պատմութիւնը չի կրնար մոռնալ: Ատիկա՝ ազգային գործերուն չը քալելն էր, գէթ այնչափով որչափով կը քալէին անոնք ամիրաներու օրին։ Քառակուսի անիւը՝ Խրիմեանին պատկերաւոր բացատրութեամբ, այդ Սահմանադրութեան խմբագրումին մէջը չէր, այլ Ռուսինեանին բառովը` երեսփոխաններու ուղեղին մէջ։ Ամէն մարդ ձայն ունէր ու մատի մը անբռնաբարելի իրաւունքը։ Լաւ։ Բայց ամէն մարդ ես մը ունէր։ Ամէն մարդ բան մը ըսելու հեշտանքը: Ռուսինեան որ գրեթէ միշտ վարիչ դիրքերու վրայ կը գտնուէր, պարտքին տակն էր այս անբանութիւնը խելքի ճամբուն բերելու, առնուազն իրենց ժողովուրդին օգուտին, բարիքին նախանձախնդիր ընելու: Ու հասկանալի էր որ վրիպէր: Ձեր բոլոր բարի կամեցողութիւնը, խելքը իրենց պտուղները կրնան տալ երբ իյնան տրամադիր մարդերու: Բարին վրայ սերմը չի բուսնիր Քրիստոսի առակին մէջն անգամ։ Ձեզ կործանելու երդում ըրած մարդոց մօտ ատոնք կը դառնան չարիքի աղբիւր՝ Ռուսինեանի երեսփոխանական գործունէութիւնը բախած էր այս կարգէ արգելքներու, անընկալչութեանց։ Թուղթի վրայ իր գծած օրէնքները հրաշալի՝ այդ մարդոց ուղեղին առջեւ կը դառնային վերացեալ կիրքերու, պզտիկ փառասիրութիւններու: Մեր երեսփոխանները իրենք զիրենք կը շփոթէին մեծ ազգերու Խորհրդարաններուն անձնակազմին ու այս պատրանքը այնքան հզօր էր որ Ռուսինեանն ` անգամ զառածեցուց: Այդ երեսփոխանները սանձելու, «օրինաւորութեան շաւղին» բերելու համար Ռուսինեան խմբագրեց, Ժողովին իսկ խնդրանքով Ներքին Կանոնագիր մը, անշուշտ ֆրանսականէն փոխադրութիւն: Ու միամտաբար, ծափերու մէջ, Ժողովը վաւերացուց զայն «ի գործադրութիւն», առանց մտածելու որ անկարգութիւնները թուղթի վրայ սրբագրելի՝ ուղեղներուն խորը տուն տեղ եղած էին։ Ու չքալեցին այս ազգին գործերը։ Խրիմեան Սահմանադրութիւնը կ՚ամբաստանէ։ Սերվիչէն կը զգայ անոր մէջ անգործնական մասեր: Կառավարութիւնը կը միջամտէ այդ խրտուիլակ ժողովը տեսնելով իր յիմարութեան մէջ խորասոյզ։ Անդին՝ տառապող մեր ժողովուրդը, կը հաւատայ թէ իր ցաւերուն դարմանը այդ կախարդական շէնքէն միայն կրնայ յուսալ: Ազգային Սահմանադրութեան տարեդարձները իսկական յուզումի, դիւցազնական խանդավառութեանց օրեր են: Թափուր գահերուն համար (Պոլիս, Էջմիածին, Սիս, Աղթամար) գահակալ ճարելու իսկ դժուարացող այս ժողովին առջեւ դրուած էին իրարմէ կարեւոր, «հրատապ» հարցեր: Բոլոր այս հարցերուն լուծումը ահա վստահուած էր խօսքի այդ ճպուռներուն: Ռուսինեանի տեղ ուրիշ որ եւ է մէկը պիտի չդիմանար անոր չափով իսկ: Դուք գիտեք  թէ ինչ կը նշանակէ ձեր լռութեամբը փայլիլ ժողովի մը մէջ որուն հեղինակն էք եղած, որ ձեր գոյութեան ամէնէն սրբազան ուժերն է սպառած, որուն կը հաւատաք ձեր բոլոր կարողութիւններովը եւ զոր կը տեսնէք իր դերէն հեռու, զայն մոռցող, ու բառացուցութեան կրկէսի մը վերածուած։ Իրա՜ւ որ դժբախտ էր այս Կեսարացին։ Անիկա այդպէս տարիէ մը աւելի, իբր երեսփոխան, փայլեցուց իր լռութիւնը, մինչ մարդիկ իր գլխուն վրայէն սուր կը ճօճէին իրարու կիրքերուն դէմ: Ռուսինեան ոչ մէկ մեղք ունէր սակայն: Ապագան, այսինքն 1910ը, դատեց զինքը, անոր գաղափարները անգործնական, անգործադրելի գտնելով, ու կարծեց թէ արդարութիւն կ՚ընէր: Այդ օրերուն (1860–70) երկինքէն իջած Աստուած մըն ալ մենք պիտի ենթարկէինք Ռուսինեանի ճակատագրին։ 

բ) Օրենսդիրէն. Վարժապետեանի բառով` Սողոնէն: Կարճ կ՚ըլլամ, պարզապէս այն աւագ պատճառով որ այդ օրէնսդրական աշխատանքը փոխադրութիւն մըն էր եւրոպական նման աշխատանքներէ։ Չ'արժեր զբաղիլ այդ օրէնքներուն մեր միջավայրին յարմարեցման մէջ զգալի պակասով, քանի որ Ռուսինեան, խորապէս պարկեշտ, միշտ իր փոխադրումները ենթարկած է իր մտերիմներուն քննութեան, որոնք իրեն չափ ու աւելի ազգասէր, փորձառու, զգօն անձնաւորութիւններ էին: Ըսին թէ Ռուսինեան չէր ճանչնար մեր պայմանները. Ղալաթիոյ խեղճ ու կրակ հաւաքավայրը շփոթած էր Բարիզի, Լոնտոնի խորհրդարաններուն հետ: Կը մերժեմ ամբաստանութիւնը։ Ռուսինեանի օրէնքները մարդկութեան կը պատկանին։ Ու մենք տակաւին մարդեր չէինք այդ թուականին: Մենք տիրական անարդարութիւն մը ցոյց տուած կ՚ըլլանք, ամէն անգամ որ հանրային կեանքը (տուէք բառին մշակութային իր ամբողջ ընդարձակութիւնը, թատրոն, գրականութիւն, մամուլ, զանազան կազմակերպութիւններ ու ասոնց շարքին ազգային սահմանադրութեամբ գոյաւոր մեր ներքին իրաւակարգը որպէսզի միանգամ ընդմիշտ պարզուին կնճիռները, անհասկացողութիւնները) ենթարկենք վերլուծման մեր մշակոյթէն վեր ուրիշներու եղանակներով։ Դատել մեր Ազգային Ժողովը ֆրանսական կշիռով այդպէս ըրին Իզմիրը, արեւելահայ մտաւորականութիւնը կը նշանակէ անգիտանալ մեր իսկ կարելիութիւնները եւ Ռուսինեանի մտածած ու գործադրութեան թափած օրէնքները, ծրագիրները, ձեռնարկները բանով մը աւելի էի՞ն իրաց վիճակէ մը որ կը կանխէր 1850ը։ Այս հարցումին ամէն պարկեշտ հայ ունի  մէկ պատասխան: Ռուսինեան չէ յաջողած բարեփոխել` լեզուի հարցը: Բայց չէ ալ քալած սխալ, գէշ քայլովը Գարագաշներուն։ Ռուսինեան չէ յաջողած Սահմանադրութիւնը ընդունակ դարձնել իր հոգիին, դերին։ Բայց Զօրայեանին պէս չէ դաշնակցած խաւարեալներուն։ Ռուսինեան չէ յաջողած արդիացնել մեր վարչական կարգերը, բայց՝ ծառացած է ամէն կամայականութեան դէմ։ Միակ մեղքը, օրէնքներ թելադրողի իր պարկեշտ փոյթին մէջ, իր անկարողութիւնն է հակակշռելու իր իսկ ընկերները, որոնք թէեւ խորապէս ռամկավար ոգիով մարդեր, իրմէն շատ աւելի առաջ համոզում են կազմած այս ոգիին անգործնականութեան ու գացած են աւելի անդին իրմէն։ Սերվիչէն պիտի չվարանի իր ազդեցութիւնը գործածել, գէթ առժամապէս կիրքերը մեղմելու համար, այնքան դժուարութեամբ ու վտանգներու գինով ձեռք ձգուած Սահմանադրութիւնը պետութեան միջոցով դադրեցնելու գործելէ (ինչ որ 1860-ի մարդերը կ՚անուանեն պետական հարուած), ու ըրած է այս պատասխանատու արարքը, խորունկ գիտակցութեամբ մը իր ըրածին, անշուշտ անհանդուրժելի գտնելով ազգային ճպուռներուն (երեսփոխաններ) ահաւոր այլուրութիւնը իրենց դերէն ու իմաստէն: Ռուսինեանին պակսածը ահա այս ծանր որոշումներուն խելամտումն է, իր իսկ ճարած օրէնքներուն տառին կառչելու միամտութեամբ մը պաշտպանուած։ Բայց ելլել ըսել որ անիկա չէ հասկցած իր շրջանը, մարդերը, միջավայրը, կը նշանակէ այդ մարդուն ընդարձակ, պայծառ իմացականութենէն կասկածիլ։ Ռուսինեան օրէնսդիր մը չէ, եթէ երբեք այս բառը իմաստ մը ունի իրեն յատուկ: Գերի ժողովուրդներուն օրէնքնե՜րը։ Ո՜րքան սնամէջ են բառերը երբեմն: Ի՞նչ շուտ ալ կը մոռնանք որ Արեւմտահայ գրականութիւնը, ու անոր ամբողջ մշակոյթը գերի ժողովուրդի մը ստեղծումները կը մնան, տակաւին մինչեւ այսօր, պարագայ որ կրկնապէս կ՚արժեւորէ արդիւնքը։ Մենք՝ պայքարեցանք մեզ գերողներուն կամքին ու ներքին վէրքերուն, ախտերուն դէմ: Ու ասիկա աւելի քան սրտառուչ կ՚ընէ Արեւմտահայ ճիգը Զարթօնքի կրկէսին մէջ։ Մի խօսիք օրէնքի անունով։

գ) Բժիշկեն. որ, ըսի վերերը, Ռուսինեանէն անկախ գեղեցկութիւն մըն էր, միշտ այդ սերունդին ներսը։ Չէր՝ անիկա այսօրուան մասնագիտացած արհեստաւորը։ Բայց կը պատկանէր իր արհեստին, ինչպէս իր ժողովուրդին սպասը կ՚ընէր մշակութային գետնի վրայ, հաւասար պարկեշտութեամբ, օգուտով խանդով: Ռուսինեան հիւանդ չէ նայած: Օտեան (Երուանդ) կը պատմէ որ իրեն դիմողները՝ հիւանդտեսի համար, կը վռնտէր, չխանգարուելու համար իր աշխատանքներուն մէջ։ Գիտութեան մարդ մը կա՞ր այս ատենաբանին ետին։ Կը կասկածիմ: Պատուակալ բժիշկները մեր մէջ յաճախադէպ են: Ու 1860-ին բժշկութիւնը ամէնէն յարգի ազատ արհեստն էր մեր մէջ, ամէնէն հարուստ աղջիկներու ակնկալութեամբը փառաւորուած ալ: Կա՞ր նոյն ատեն այս մարդուն ետին այն միւս տիպարը որմէ կարելի է նմոյշ ունենալ Քեաթիպեանը։ Այսինքն` սիրտի տէր մարդը: Չէ ունեցած, որպէսզի ատոր փաստովը ներելի ըլլար զբաղիլ։ Միւս կողմէն, չէ խնայած իր միտքը։ Ըսի թէ բոլոր մասնաժողովներուն, յանձնախումբերուն մէջ ինք կը վերցընէր սեւագրական, խմբագրական, ատենագրական, արձանագրական տարապարհակները: Պիտի ուզէի՞ք քանի մը ուրիշ ալ կողմեր որոնք բժիշկէն անդին, մարդը սեւեռել յաւակնէին: Օտեան կը յիշէ քանի մը տիպարային դրուագներ։ Թաղած է իր մայրը, միս մինակը, քահանայի մը հետ, առանց ազդի, առանց ցոյցի։ Էմե Մարդէնի գործին թարգմանութեան օրերուն, կրակ կ՚իյնայ իրենց փողոցը։ Ահաբեկ՝ կինը կուգայ զինքը անհանգիստ ընելու: «Դեռ մեր տունին չէ հասած կրակը, զիս հանգիստ թող» կը պատասխանէ անըմբռնելի թարգմանիչը: Պալեան Յակոբի սրահներուն մէջ իր անկիւնակալ բազմիլը բացատրութիւն մըն է որուն տարողութիւնը ընդարձակ է շատ: Իր օրերու մեծագոյն մարդերէն մէկուն հետ սա մտերմութիւնը՝ ուսանողական օրերուն Բարիզ սկիզբ առած, հասուն մարդու բոլոր վտանգները անցուցած է առանց տոյժի։ Կը սիրէին այս մարդը իր բարեկամները, անշուշտ ոչ իր սեւ աչքերուն կամ յօնքերուն համար, այլ անկէ ծորող լուրջ, բիրտ, բայց նոյն ատեն քաղցր ուժին, ուժերուն հաշուոյն: Այս չոր, խիստ գիտունին մէջ կ՚ապրէր հաւանաբար մեր ժողովուրդի այն պարզ, ցոյցէ համ չառնող, էականին միայն հետամուտ տիպարը որ մեր միջինին կնիքը ունէր սանկ հարիւր մը տարի առաջ։ Որուն կրնայիր վստահիլ քու ցաւերդ։ Որմէ չունէիր կասկած։ Մե՞ծ։ Ի՜նչ գիտնամ թէ ի՞նչ պիտի ուզէիք դնել այդ եռագիր վանկին ետին: Տալը, ունեցածէն, անշուշտ բան մըն է։ Տալը՝ քիչէն, առաքինութիւն մը։ Բայց տա՞լը՝ չունեցածէն։ Ռուսինեան քանքար ունէր իր ուղեղին խորը։ Ու տուաւ անկէ մինչեւ իր կործանումը: Ալ ձեզի կը ձգեմ իր աշխատանքի սեղանին առջեւ, դեռ հազիւ իր լիութիւնը ամբողջացուցած բանուորին  աչքը ընդ միշտ գոցելուն սրբազան հերոսութիւնը: Ա՛ն որ իր ժողովուրդի կամ մարդոց (ուսանողութիւնը ամէնէն սիրելի մասն է երբեմն մարդկութեան) օգուտին, բարիքին, մարդկութեան համար կ՚իյնայ դանակին տակը թշնամիին (մեր Արուեստագէտ Սերունդին բոլոր ազնուական դէմքերը ուրիշ կերպ չփակեցին իրենց աչքերը) կամ անկէ հալածական կ՚իյնայ օտարութեան դժոխքը ու ցաւագար իր մարմինը կը տրամադրէ հոգէառին, սիրտը ամբաւ կարօտով դէպի այդ ժողովուրդը, եւ կամ Ռուսինեանին պէս պիտի տապալի իր սեղանին առջեւ, մեծ մըն է, առանց այլեւայլի։

դ) Թարգմանիչէն. որ բացառիկ կողմերով եղած է ուշագրաւ։ Հ. Արսէն Ղազիկեան որ հայացուցած է դասական գլուխ–գործոցները, պիտի յիշուի անշուշտ մեր մատենագրութեան մէջ, բայց մեր գրականութիւնը պիտի չկրնայ, այդ իսկ արարքին զիջումով մը, անոր անունը ազատագրել: Նոյնն է պարագան Բագրատունիին, ու բոլոր այն ոտանաւորի աշխատաւորներուն որոնց արդիւնքը սովորական փոխադրում մը միայն կը մնայ: Ռուսինեանի Փառատենչիկ Անուրջը (Ժոզեֆին Սուլարի) քերթուած մըն է, որուն մենք չենք իսկ կասկածիր բնագիրը։ Ամէն բառ հոն ինծի կը թուի խորունկ կերպով մը հայեցի: Ու ահա տարօրինա՛կը այդ քերթուածին շեշտը, հոգին, Պոլիսն ալ չի թելադրեր ինծի, այլ իմ ժողովուրդին ամբողջական զգայնութիւնը, այդքան կանուխէն իմ շատ սիրած տոհմիկ, գաւառիկ յոյզերը։ Ո՞վ սորվեցուց Ռուսինեանի թէ թարգմանութիւնը քերթուած մը գրել է միշտ եւ կամ ոչինչի շատ մօտիկ փոխադրութիւն մը։ Այս մտածումներու գիծով ստիպուած եմ խօսիլ Կիլիկիա քերթուածին ալ վրայ: Ռուսինեան, լիբանանեան խռովութեանց ժամանակ (1861), իր պետին՝ Ֆուատ փաշայի հետ, եղած է Պէյրութ, ու չես գիտեր ինչ յոյզերու խթանին տակ այցելած է Կիպրոսը, Կիլիկիան, ձիու քամակին, ոտքերուն վրայ դանդաղ օրօրուելէն, որպէսզի մորթովը զգար հայրենի հողին անմեռ ծորումները։ Այդ պտոյտներուն ընթացքին է որ ունեցած է հաւանաբար սրբազան ներշնչումը Կիլիկիան թարգմանելու: Բնագիրը, Ma Normandie, ֆրանսական բանաստեղծութեան մէջ հասարակ քերթուած մըն է գրեթէ, որոշ ջերմութեամբ: Բայց անոր թարգմանութիւնը գոհար մը, այս անգամ՝ հայ բանաստեղծութեան մէջ: Ի՞նչն է հեղինակը սա իրողութեան: Ռուսինեան չի թարգմանած, այլ, ամէն իրաւ բանաստեղծի նման, գրած է իր քերթուածը։ Վասնզի ունինք Մ. Պէշիկթաշլեանէն նոյն քերթուածին (թարգմանօրեն Երգ) փոխադրուածը Մինչդեռ յուսով խայտայ բնութիւն, անկանգնելի, ողորմելի քառակոյտ մը որ կը զարմացնէ զիս, իրաւ բանաստեղծի մը գրիչէն գալուն: Մեր բանաստեղծութիւնը սակայն այդ անունին կը մնայ պարտական տասնեակ մը անգերազանցելի քաղցրութեամբ, դաշնակութեամբ, գեղեցկութեամբ քերթուածներ։ Բայց այս վրիպանքն ալ իր կարգին անհերքելի ողբերգութիւն: Մ. Պէշիկթաշլեան չէ ապրած իր Կիլիկիան, Ռուսինեանին նման, ոտքերովը, աչքերովը, մարմնին բիւրաւոր խորշերովը։ Ահա թէ ինչու Կիլիկիա քերթուածը խանդավառած է սերունդներ։ Կը պատմեն թէ կիլիկեցիք այնքան սիրած են զայն որ թարգմանած ալ են թուրքերէնի (իրենց խօսած լեզուն) ու երգած…: Իր կարգին բնագիրէն քանի մը պատիկ քաղցր ու տրտում քերթուած մըն է Տերեւաթափը (Միլվուա), արժանի աւելի իմաստնացած Դուրեանի մը փառքին: Ունի տակաւին, նուազ յաջող, երեսունի մօտ թարգմանութիւններ, մեծ մասը Լամարթինէն եւ Հիւկոյէն։ Միտք բանի՞ն սա տողերուն, ա՛ն՝ որ Ռուսինեանի զգայնութիւնը հարազատ արուեստագէտի մը զգայնութիւնն էր ամէն բանէ առաջ։ Ռիւ-Պլասի իր թարգմանութիւնը ընդունուած է իբրեւ խուժ, ան ալ Գ. Օտեանէն որ առնուազն դաշնակութեան խոր թափանցումն ունէր: Օտեան սխալի մէջ է երբ թարգմանութեան կը վերագրէ աններդաշնակութիւն ու չի տեսներ, չի կասկածիր բուն ազդակը որ հեղինակն է այդ դժբախտութեան: Թատերական եւ քնարական բանաստեղծութիւնները՝ իրարմէ բոլորովին հեռու, տարբեր ապրումներու անդրադարձն են: Ռուսինեան տրտում, ցաւոտ, ջերմագին զգացումներու փակ անօթ, քնարական զեղումներու մէջ, առաջին իսկ բխումով կը պարզէր ինքզինքը: Թատերական քերթուած մը առնուազն երկար ներշնչումներու կարօտ ստեղծում մըն է: Մնաց որ Հիւկօ ամէնէն գէշ, անբաւական, անտանելի թատերագիրն է, միջակէն ալ վար, եթէ զիջում մը չընենք իր լեզուին շքեղ գեղեցկութեանց։ Ու այդ շքեղ գեղեցկութիւնն է որ ամէն թարգմանութեան մէջ դատապարտուած է շոգիանալու: Հոս է գաղտնիքը Ռիւ-Պլասի թարգմանութեան համեմատական վրիպանքին: Օտեան կը խօսի դարձեալ ձեռագիր ուրիշ թարգմանութիւններէ, գրաբարո՜վ ալ: Տուած է նմոյշ մը այդ լեզուով ալ, Թիթեռնիկին, այնքան իրաւ, պարզ, տաղաչափեալ՝ որքան են Մխիթարեան դպրոցին անուանի բանաստեղծներէն մեզի հասածները

ե) Ձեռագիրներէն, զորս տեսած է Երուանդ Օտեան, ըստ  իր վկայութեան (Մասիս, 1893), Ռուսինեան ունեցած է երեսունի մօտ թարգմանութիւններ, ոմանք վերջնական իրենց կնիքը առած, ուրիշներ ուրուագրային, լեցուն՝ սրբագրումներով։ Այս խղճմտանքը իր գրածներուն հանդէպ երբեք արհամարհելի առաքինութիւն մը չէ, քերթողականին մէջ: Ամէն իրաւ արուեստագէտ ենթակայ է այս կարգի տագնապներում Օտեան տեսած է ճառեր, ծրագիրներ, կանոնագիրներ, քերթուքներով, յապառումներով, յաւելումներով ծանրաբեռն։ Ուշագրաւ է Ուղղախօսութիւնին երկրորդ տպագրութեան համար պատրաստած ձեռագիրը, ճոխացեալ ու յաւելեալ, ինչպէս կ՚ըսեն: Առջի հրատարակութեան կրկինին մօտեցող ծաւալ մըն ալ ունէր այդ ձեռագիրը։ Ռուսինեան ինչ խնամքով կատարած է այդ սրբագրութիւնը։ Ո՜րքան գիտէր օգտուիլ ժամանակէն: Տքթ. Թորգոմեան, եթէ երբեք իր քիչ մը շատ թացիկ լաւատեսութեան չենթարկեր այդ գրքոյկին տարողութիւնը, մեծ բարիքներ ակնկալած է անոր վերհրատարակութենէն։ Տարակոյսի տակ ձգելով հանդերձ այդ բարիքին կարելիութիւնը այն գլխաւոր փաստով որ Ռուսինեան բանասէր մը չէր, ոչ ալ այդ կարգի հետաքրքրութեանց հերոս մը պարտք կը զգամ ըսելու որ իր բառակերտութիւնը աւելի էր՝ քան իմացական ընդունակ խաղարկութիւն մը բառերու վրայ: Ունինք Եղիան որ այդ գիծէ ընդունակութիւններ է պարզած, անշուշտ առանց բանասիրական հնհնուքի։ Ունինք Չրաքեանը որուն կերտած բառերը կը մատնեն, սնոպութեան քովն ի վեր, համադրական ամուր, զօրաւոր ախորժակներ: Ռուսինեանին, պարագան երկուքէն ալ հեռու կը թուի ինքզինքը արժեւորել: Այս զբաղանքը, անոր մօտ, զուտ օգտապաշտիկ նկատումներէ կը բխի: Անիկա, իր ընկալուչ երիտասարդութեան, ապրած է Բարիզը, այսինքն ապրած անոր argotն։ Ու ամէն մեծ քաղաքներու արկօն, միշտ զգայնութեան տարրերով հարուստ յօրինուածք մըն է, պաշտօնական բառարանէն չհայթայթուելիք թանձրութեամբ մը կեանքի: Յետոյ, լեզու մը կերտելը փառասիրող մը, հարկադրաբար պիտի աշխատի բառերուն վրայ որոնք նախանիւթն են լեզուներուն։ Ռուսինեան ոչ միայն իր գրած բառերուն դպած է իր մոգական մկրատով գլխաւորաբար կրճատելու նպատակով - այլ լեզուին պակսած բառերը, շէնք շնորհք, առանց արարողութեան, միակտուր դարբնած է ինքնագլուխ: Իր այս ախորժակը այնքան ընդհանուր էր, իր դիւրութիւնը այնքան ընդունուած իր շրջապատէն որ մարդիկ հաճոյքով կ՚ընդառաջէին իր թափծու  բառերը։ Կը յիշուին ճաշարանի յատուկ տարազներ։ Պալեանին սեղանին շուրջը բոլոր եւրոպական menu-ն ունէր իր համապատասխան հայերէնը, Ռուսինեանի creuset-էն: Այնքան որ Պալեանի, նամակի մը մէջ հիասքանչ բացագանչութիւնը «Առանց Ռուսինյանի բառ կը շինուի՞» աւելի է քան սրամիտ boutade մը։ Ամէն ֆրանսերէն ընթացիկ բառի մը տեղ յարմար հայերէն մը ճարելը ոչ միայն հեղինակի արժանապատուութիւն մըն էր իր մօտ, այլ իր իսկ առաքելութեան թելադրանքը, խուլ, խորունկ, իրաւ: Իրմէն բաւական բառեր մտած են գործածութեան: Արեւմտահայ աշխարհաբարին ներքին շարադասութեան, նախադասութեանց ներքին դրութեան վրայ իր կնիքը թեթեւ է սակայն, այն պարզ պատճառով որ քիչ գրած, շատ մտածած է, ինչ որ հոմանիռ կուգայ իր ակօսը անմշակ ձգելուն

Արեւմտահայ գրականութիւնը այս մարդէն ոչ միայն իր յիշատակը կը պահէ, այլեւ իր աշխատասիրութեան, լրջութեան, հաւատաւոր խառնուածքին, մարդկային միջին, երբեմն միջինէն վեր առաքինութիւններուն փաստերը պարտաւոր է արժեւորել: Այսօր ալ ունինք այդ Բարիզին մէջ տասնեակներով գրողներ: Անոնցմէ տաղանդաւորները կրցածնին ըրին որպէսզի մոռնային՝ իրենց չկրնալ սիրած հայ ժողովուրդը, ու կտրէին իրենց կապերը։ Ռուսինեան, իր սերունդը, ըրաւ այդ Բարիզը, իր ժողովուրդին համար միայն ու միայն։ Ահա դասը, զոր 1943-ին գրուած ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը կը հաւատայ հանել, ասկէ մօտ հարիւր տարի առաջ գործող խումբի մը թէկուզ ապարուեստ աշխատանքին, վաստակին նուիրելով սա պարզ, անաղմուկ, անյաւակնոտ գնահատանքը

Ռուսինեան երախտիքներով հարուստ աշխատաւոր մըն է. արիասիրտ, ամուր մարդ մը, կորովի մտածող մը, արդար համբաւ մը



[1]       Ռուսինեանի ուսանողութիւնը, նախ Սէնդ-Պարպի մէջ, յետոյ բժշկական համալսարանը, նոյն ատեն գրական հետաքրքրութիւն ները մեզի կը թուին արդար ու հասկնալի, Խ. Միսաքեանի վկայութիւնը անոր անկանոն սորվող մը ըլլալուն՝ կարօտ է ապացոյցի։ Իր Աւարտական ճառը ինքնին իրողութիւն մըն էր, այդ շշուկը քաջաբար հերքող՝ Տէրոյենցի թերթը, Հայաստան, 1850-ին կը հպարտանայ Ռուսինեանի յաջողութիւններով։ Ըստ այդ վկայութեան, անիկա Բարիզի բժշկական խորհրդին հաւանութեամբը եւ առաջարկովը այդ ժողովին անդամ կ՚անուանուի։ Որքան ալ տարտամ՝ այս փաստերը, կ՚ըսեն սակայն Ռուսինեանի իբր ուսանող բացառիկ վարկին վրայ քչատ աւելի իրաւ քան Միսաքեանը Եւ սակայն գիտենք թէ որքան քիչ է տարողութիւնը պղատոնական համակրանքին։ Օտար երկրի մը մէջ, Ռուսինեանի քաջութիւնը՝ իր ոտքը ձեռքը կապելու, Պոլսէն հարուստ աղջկան մը երազովը չվատանալու, միշտ արարք մըն է հպարտ, ազնուական արիութեան մը։ Նորահաս բժիշկները, մանաւանդ Ռուսինեանին նման ոչ-օգտապաշտ, ՝ յաճախ պիտի տառապին օրուան հացին հայթայթումին համար իսկ։

[2]       1870-ին, Ազգային Ժողովի իր ատենապետութեան միջոցին, դիւանը կը կարդայ Յակոբ Պալեանի հրաժարականը։ «Ռուսինեան, յանկարծ տեղէն ելլելով, ընթերցեալ նամակն ատենապետին ձեռքէն առնելով՝ Մէկը թող նստի ատենապետութեան աթոռս, ես պիտի խօսիմ, կ՚ըսէ, եւ Պալեանի հրաժարականին առիթով կ՚արտասանէ հետեւեալը, զոր Ազգային Սահմանադրութեան պատմութեան խիստ մէկ կարեւոր Էջը համարելովս՝ կ՚ընդօրինակեմ ամբողջովին…» (Տքթ. Թորգոմեան Հ. Ամսօրեայ 1902, էջ 324): Կը հետեւի ատենախօսութեան բնագիրը։ Արդ, այդ քանի մը էջ բռնող ատենաբանութեան մէջ ոչ միայն Ռուսինեանի հոգին մեզի կը տրուի զգալ, գրեթէ շօշափելի իսկութեան մը պէս (եթէ կը ներուի այս բացատրութիւնը), այլ մանաւանդ գնահատել՝ այդ բառերուն ետեւէն, անգին գեղեցկութիւնը մեծ մարդերուն (թող անոնք ըսուին Պալեան կամ ուրիշ), որոնք Զարթօնքի Սերունդին յաւերժամեծ հրիտակը եղան։ Մեր Իրապաշտները մինակ էին իրենց ճիգին մէջ, նոյն իսկ որոշ չափով ալ հալածուած: Մեր Արուեստագէտ Սերունդը հազիւ կրցաւ պարտվել իր ծիծաղելին, մահուան, նահատակ մահուան մը մէջ քաելով ինքզինքը։

[3]       Յառաջաբանը գրած է Օտեան 1879-ին Փիլիսոփայութիւն դասագիրքին հայերէն թարգմանութեան հրատարակման առիթով։

[4]       ԹԷեւ Տարեցոյց մը գրականութեան չի պատկանիր, կ՚ընեմ զիջում մը, զայն ներկայացնելու առիթին մէջ դարձեալ ծառայած ըլլալու վստահութեամբ մտայնութիւններու թափանցումին: Գրքոյկ մը, 180 էջնոց, բաղկացած երկու մասերէ։ Առաջինը՝ դասական օրացոյցը։ Ֆրանսական ալմանախներու հետեւողութեամբ սակայն, այսինքն իւրաքանչիւր ամսու հողագործական աշխատանքներու թելադրանքներով, խառնուած առողջապահական ծանօթութիւններու, պատմական դէպքերու, զուարճալիքներու յաջորդութեամբ մը։ Կենդանի, պէսպիսուն, սիրուն, շատ աւելի քան այն հատորները որոնք 1900 Էն վերջը ողողեցին մեր հրապարակը, գրական ու բանասիրական անտանելի յաւակնութիւններով ալ։ Այդ մասին մէջ ուշագրաւ է թուականի վրայ յօդուածը: Նոր են հոն առաջարկուած ա) տարեգլուխը որ փոխանակ Յունվարին՝ պարտաւոր է սկսիլ Մարտի` գիշերահաւասարին (21 Մարտ). բ) ամիսներու բաշխումը եւ իրենց անունները (12 ամիս, երեսնական օր, միամիս, Երկամիս տասնամիս տասերկամիս) գ) այդ ամիսներուն ուրիշ անունները, տարիին եղանակներէն ներշնչուած։ Կուտամ ատոնք ալ՝ գարնան համար՝ Բուսին, Ծաղկին, Մարգին: Ամրան համար՝ Հնձար, Պտղար, Տoթար։ Աշնան համար՝ Կթօն, Թափօն, Միգօն: Ձմրան համար՝ Ձիւներ, Սառներ, Մրրկեր: Այս բառերը՝ հայացումն են Հանրապետական օրացոյցին (1793, Նոյեմբեր, Ֆրանսական Հանրապետութիւն)։ Հետաքրքրական է բաղդատել ֆրանսական բառերը իրենց հայացածներուն հետ, համոզուելու համար որ Ռուսինեան իսկապէս բառակերտութեան համար մասնաւոր ընդունակութիւն է ունեցեր։ Տարեցոյցին այս մասը կը պարունակէ ճիշտ ալմանախներուն մէջ հաստատուածին նման երկրագործական խրատներ։ Բ. Մասը պատմական է: Այսինքն կանխող երկու տարիներուն մէջ (1852 եւ 53) պատահած քաղաքական գլխաւոր իրողութիւններուն վրայ՝ այդ ժամանակ համակ նորութիւն մը եղող վերլուծական նշմարանք մը։ Մի՛ մոռնաք որ լրագիրը, հանդէսը շատ չեն տարածուած։ Իրենց ծաւալները արգե՛լք՝ իրենց դիւրին գործածութեան: Ռուսինեան հաճելի ոճով մը այդ տարեքաղը կը կատարէ, ամփոփ, հիմնական եղելութիւններու վրայ միայն կենալով ու խուսափելով լրագրական ճապաղանքէն։ Յետոյ, 1852-ի ազգայինը ուր գործող Հոգեւոր եւ Գերագոյն Ժողովի անդամներու անունները, ինչպէս նոր հաստատուած Ուսումնական Խորհուրդին անդամներուն անունները։ Շահեկան է սակայն 1853-ի բաժինը անով որ գլխաւորաբար նուիրուած է Օսմանեան կայսրութեան։ Խրիմի պատերազմը։ Բայց ամէնէն աւելի հաճոյքով կը կարդացուի իր դրուագումը Յունական ապստամբութեան, որուն զսպումը ըրաւ Ֆուատ էֆէնտին (ապա եպարքոս), բարեկամը եւ պաշտպանը Ռուսինեանի, որ իբրեւ անձնական բժիշկը զօրավարին հետեւեցաւ անոր բանակին մինչեւ Եանիա։ Ռուսինեան այդ էջերուն մէջ գրեթէ գրագէտ մը դուրս կուգայ: Գրքոյկը կը գոցեն երկու թարգմանածոյ քերթուածներ: Եթէ այդ համառօտագրումը ձեր մտքովը ընդարձակէք որպէսզի տեղ գտնէք բազմաթիւ խորհրդածութիւններու, որոնք առանց յաւակնութեան, կարծես ինքնաբեր կը ներկայանան էջերուն, դուք կունենաք պայծառ մտատեսութիւնը Ռուսինեանի ձեռնարկին: Էֆիմէրիտներու, տաճկաբարբառ ու հայատառ Թագվիմներու ողբերգութենէն յետոյ, այս ձեռնելի (maniable), հիւթեղ, առնուազն լաւ գրուած հատորիկը ոչ միայն քայլ մըն էր դէպի առաջ այլ եւ այդ հեռուներէն պարկեշտ թելադրանք մը՝ ապագայ Տարեցոյցներու պազիրկեաններուն, որոնք շահու, փառասիրութեան, ախտագին ախորժակներու սպասարկու, պիտի լեցնէին մեր հրապարակը 1900էն ասդին, լուսանկարներու վաճառանոցի մը անփառունակ, Միսաքեան պիտի ըսէր՝ մրգուզ նանրամտութեամբը՝ Ռուսինեանի Տարեցոյցը, հակառակ հալածանքին, լաւ ընդունելութիւն գտաւ ժողովուրդէն: Անոր երկրորդ փորձը, լոյս տեսած նոյն անունով 1873-ին, կը պարզէ որոշ տարբերութիւններ։ Ռուսինեան կատարած է ամիսներու անունին վրայ քանի մը սրբագրումներ (միամիuը՝ նախամիս, տասերկամիսը՝ երկտասնամիս, Պտղարը՝ Մրգար, Թափօնը՝ Թառմօն): Ազգային ընդհանուր վերնագիրը հոս կը գտնենք փոխանակուած Հայքով, բովանդակ հայութեան վրայ տարածուող հետաքրքրութեամբ մը։ Իր տուածն է չորս միլիոնը այն ատեն հայերուն իբրեւ թիւ: Նորութիւն՝ ցուցակը շքանուններուն (վեհաշնորհ` կաթողիկոսի համար, բարձրաշնորհ՝ պատրիարքի, արհիաշնորհ՝ սրբազանի, բարձրապատիւ՝ փոխարքայի, հոգեշնորհ՝ վարդապետի, հայրաշնորհ՝ քահանայի, բարեշնորհ՝ սարկաւագի, վսեմապատիւ՝ նախարարի, արժանապատիւ՝ Էֆէնտիի, պարոնի)։ Պատմութիւն Երկրագունտի համառօտ երկրաբանութիւն մը: Միշտ թարգմանութիւններ քերթուածներու: Այս հատորն ալ ծնունդ տուաւ աղմուկի։ Բայց ոչ 1853ի երանգէն։ 1873ի Օրագիրը (թերթը Օգսէն Խօճասարեան լրագրողին որ այդ թուականներուն Արծրունին էր Պոլսոյ մէջ, ընդդիմադիր, ազատաբան ու ամբոխավար նոյն ատեն). պատիւ կը համարէր իրեն համար Ռուսինեանի առաջարկած ամսանունները գործածել, ու գործածեց՝ Ազգին բանիմաց մասը քաջալերեց հեղինակը: Հրապարակով գովեստներ գրուեցան անոր մասին։ Անշուշտ այս փոփոխութիւնը, տասնըհինգ տարիներու ընթացքին, գործն էր Սահմանադրական ոգիին ծաւալման, նոյն ատեն փաստը մեր շատ արագ շրջափոխման: Ռուսինեան չտուաւ յաջորդ տարիները, պարզ այն պատճառով որ միսմինակը ստիպուած էր լեցնել թէեւ փոքր, բայց շատ բազմազան աչխա տանք պահանջող այդ հատորիկը։Ի վերջոյ Թէոդիկին պէս լուսանկարներ չունէր ցոյցի հանելիք! ! !

[5] Բժիշկներու դերը, Զարթօնքի սերունդին բովանդակ շրջանին, այսօր մեզի կը թուի քիչիկ մը դժուարհասկնալի, թերեւս անոր համար որ Սփիւռքի եւ զայն անմիջապէս կանխող քառորդ դարուն մեր բժիշկները տակաւ հեռացած են ազգային գործունէութենէ, շատ շատ պատուակալ պաշտօններու համար (թեմական, երեսփոխանական, քաղաքական, կրթական ժողովներու քիչ մը նազանքոտ մասնակցութեամբ մը գոհանալով, ու երբեք չյիշեցնելով 60ի մարդոց, անոնք ալ բժիշկ, հսկայ պատկառանքը, հմայքը, ազդեցութիւնը, ազգին ներսը ինչպէս անկէ դուրս պետական եւ օտար շրջանակներու մէջ) զիջելով իրենց ժամերը: 1860-ին Սերվիչէն ոչ միայն առաջնակարգ բժիշկ մըն է, թրքական բարձրագոյն ընկերութեան մէջ իր փնտռուած մուտքը ունեցող, այլ այդ շրջանի Օսմանեան քաղաքականութեան վրայ իր ազդեցութիւնը բարիքով տարածող՝ խոհուն, հանճարել, թափանցող այս գիտունը, ամիրաներու դերով մը չէ պսակած իր անունը, բայց վայելելով թուրքերուն արդար ու բացարձակ վստահութիւնը (թուրքը ձրի չի տար ասիկա։ Մի երթաք առաջ այս վերագրումէն հանելու տխուր հետեւանքներ, մատնութիւն, դաւաճանութիւն, ազգավաճառութիւն, ինչպես սովոր է ռամիկը տրամաբանել) անիկա վարած է մեր ազգային խռովայոյզ կեանքը անշուշտ բարձր իմացականութեան մը վայել խոհականութեամբ մը։ Մամուրեան, իր Հայկական Նամականիին մէջ, զայն՝ իր ճիղճ մարմնին հակառակ, հսկայ մը կ՚անուանէ, անշուշտ անոր ազդեցութեանը ակնարկելով։ Բարունակ Ֆէրուհխան, Սեւեան, Փէշտիմալճեան, Քեաթիպեան, Ասլանեան միայն բժիշկներու անուններ չեն, այլեւ մեր միտքին համար կորովի աշխատողներ։ Հոս կը դրուի հարցը Զարթօնքի սերունդի այն աշխատաւորներուն որոնք գրաւոր վաստակ մը չեն ձգած մեզի, բաւարար՝ իրենց անունը ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին մէջ պարտադրելու։ Բայց որոնց գործունէութիւնը լայնօրէն կը հակակշռէ, իր արժած բարիքովը, սա տողերուն տագնապը։ Ամբողջ այդ շրջանին, քիչ մը աւելի առաջ ու մանաւանդ քիչ մը աւելի վերջը, հայ ժողովուրդը իր լաւագոյն զաւակները տուաւ թուրքերուն զարգացումին. բժիշկ, պետական պաշտոնատար (մինչեւ նախարարութիւն), գիտուն, խմբագիր, ուսուցիչ, գրող նոյնիսկ: Այդ saignéeն, մեր միտքէն դէպի թուրքը, անշուշտ պատշաճ է որ դատեմ իմ տեսակէտէս որուն ծանրութեան կեդրոնը միշտ կ՚իյնայ իմ ժողովուրդիս իմացական շնորհներուն հանգոյցին։ Արեւմտահայ գրականութեան Զարթօնքի Սերունդին մէջ իրաւ գրագէտներու պակասը, կամ համեմատաբար քիչ թիւը, արդիւնք է սա իրողութեան։ Եթէ երբեք ժամանակին պահանջներուն ընենք կարեւոր զիջում մը, քանի որ մարդիկ գործնական էին ու անմիջական օգուտին միայն հետամուտ, դարձեալ դժուար կ՚ըլլայ հասկնալ թէ ինչո՞ւ մեծ իմացականութիւններէն մեզի եկածը ըլլայ այդքան անբաւարար։ Բոլոր այդ մարդերը խորունկ, իրաւ հայեր էին, իրենց հայրենիքին սիրովը լեցուած։ Էին նոյն ատեն խելացի հայեր, զիրենք շրջապատող պայմաններուն թափանցումը անսխալ ընող, ինչպես իրենց նախնիքը։ Թուրքին սպասարկող այդ անձնաւորութիւններուն մեղադրանք չեմ բանաձեւեր։ Իմ նպատակը փաստ հաւաքելն է այն իրողութեանց հասկացողութեան որ ամէն վերլուծողի համար տագնապ մը կը կազմէ։ Ինչո՞ւ մեր ամէնէն պատրաստուած սերունդը մեր գրականութեան ձգած ըլլայ այնքան անկշիռ ժառանգութիւն մը։ Այդ աւագանին, իր էութեանը մէջ իրական աւագանի մըն է, այսինքն նիւթեղէն հոգերու համար հանդերձուած իմացական ուժերու փաղանգ մը։ Արուեստը՝ ուրիշ իսկութիւն։ Թէ մեր պաշտօնակալներէն մեր գրականութիւնը բարիք է տեսած, դուրս է կասկածէ։ Թէ Նիկողոս Պալեան մը առանց տող մը բան ձգած ըլլալու մեր գրականութեան, ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին մէջ մէկէ աւելի անգամներ արժանի է եղած յիշատակուելու, փաստ մըն է ահա այդ հասկացողութեան։ Մարդիկ իրենց ձեւերով ծառայեցին իրենց Ժողովուրդին: Այս մէկը՝ իր խելքովը, միւսը իր արհեստովը, երրորդ մը իր դրամովը, ուրիշ մը իր ճարտարութեամբը։ Ծառայեցին, անշուշտ ամէնէն առաջ թուրքին, բայց հարուստ իրենց անձնաւորութեանց ճառագայթումը եղաւ բաւական ուժով որպէսզի ատկէ տաքնար իրենց ալ ժողովուրդը։ Այժմու նսեմաuտանը կ՚ողբայ այդ սերունդին պակասը ահա։

[6]       1939-ին Թորգոմ Սրբազան նման հերոսութեան մը զոհ գնաց, երբ Օրմանեանի գրաբար (Կովկաս դասախօսուած) Աստուածաբանութեան ընթացքը փոխադրեց մեր աշխարհաբարին, քանի մը շաբթուան մէջ, իր միտքը ենթարկելով հսկայ սպառման մը։

[7] Ռուսինեանի մէջ գրագէտը անկարելի է ազատագրել մարդուն ուրիշ կողմերէն։ Բայց նոյն ատեն անիրաւութիւն պիտի ըլլար գոհել այդ կողմերը, այն պատճառին համար որ անոնք ուղղակի չեն պատկան իր գրականութեան։ Այս սերունդին աշխատաւորներուն շատ մեծ մասին դէմ գործածուելիք եղանակ մըն է ասիկա։ Եթէ հնչեակ մը մարդ մը կ՚անմահացնէ, ինչո՞ւ երկու քառորդ դարու վրայ տարածուող վաստակ մը մեզ չհարկադրէ զիջումի։ Ո՞ր սիրտով պիտի բանայինք դուռը Արեւմտահայ գրականութեան Գարեգին Պէշկէօթիւրեանի մը, ու գոցէինք պիտի զայն Ռուսինեանի մը երեսին։