Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ժ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Oշական, հին մատենագրութեան շուրջը իր գործադրած վերլուծումներէն [1] դուրս, ունի դարձեալ դասական կարիքներու գոհացումին համար ուրիշ աշխատանքներ։

ա) « Զուգակշիռ արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրականութեանց », խօսուած ամբողջութեամբ ժառանգաւորացի մէջ։ Հոն կ՚իյնան արագ նկատառման գրական բոլոր փորձուած սեռերը, կը կշռուին արդիւնքները, կը վերլուծուին հոգեխառնութիւնները, որոնցմէ բխած են այդ արդիւնքները։ Գործը, մշակուած [2] պարագային, կը յորդի իր դասական ծրագրէն ու կը դառնայ « Համապատկեր »ին համար /305/ յանգում մը։ Իր ձեւին մէջ, անիկա չէր կրնար ինձմէ առնել ընդարձակ յիշատակութիւն մը։ Թէ ինծի կը տրուի՞ պատեհութիւն, գործադրելու այդ մշակումը, կը մնայ աւելի քան խնդրական։ Օշականի մտածումները իրեն ամենէն ինքնաբուխ, նախնական, հում կերպարանքին տակ պիտի գտնէք այդ հատորին մէջ։ Տպագրութի՞ւնը։ « Համապատկեր »ին իբրեւ յաւելուած մը պիտի ունենար որոշ օգտակարութիւն։ Գործը խօսուած է, չէք մոռնար։

բ) « Արեւմտահայ գրականութեան համառօտ պատմութիւն » մը, դարձեալ խօսուած, դասական կարիքներու ի խնդիր։ Այս աշխատանքն ալ պատկանելով հանդերձ դպրոցական մտահոգութեանց, կը /306/ յորդի դասագիրքի մը uահմաններէն։ Չէ անշուշտ գրականութեան լրիւ ընթացք մը։ Բայց ի վիճակի էր « Համապատկեր » մը դառնալու: « Համապատկեր »ը այդ նախագիծին իրագործեալ պատկերն է ինքնին: Դասախօս մըն էր Ֆ. Պրիւնըիեռ, որ իր դասերը վերածեց հատորներու։ Սենթ-Պէօվի գլուխ–գործոցը, Port Royaleը զուիցերիական համալսարանի մը մէջ դասախօսութեանց շարքի մը յիշատակարանն է։ Օշականի այդ գործը կրնաք մեկնակէտ [3] ընդունիլ իր « Համապատկեր »ին։

գ) « Արեւելահայ գրագէտներ », դարձեալ դասական կարիքներու համար։ Մօտ տասնըհինգ հեղինակներ, ամենէն յատկանշականներէն Օշական դրած է վերլուծման սեղանին։ Արդ, Օշականի մտքին ձեւը, խորապէս վերլուծական, պարտքին տակն էր մարդու մը հետ ներկայացող բոլոր հարցերը նկատի առնելու։ Ամենէն ճիղճ հեղինակն անգամ, զեղչուելէ վերջը իր յիմարութիւններէն, կորզուելէ ետքը իր փառասիրութեանց նանրապսակ մեղքերէն, դարձեալ կը պահէր կմախք մը, հոգեղէն իրողութիւններով պայմանաւոր։ Եթէ մեր /307/ 1870ը, Արարատի ոտքին հզօր անդրադարձում մը ունի Րաֆֆիի հոգիին մէջ, ատոր մօտիկ ուրիշ ազդեցութիւններով սեւեռուած է… Պերճ Պռօշեանցի մէջ։ Այս վերջինին վէպերը կրնաք կործանել, բայց լրբութիւն պիտի ըլլար մարդուն հոգին ուրանալ։ Վերլուծական միտքը այս ազդակներով իսկ կրնայ խանդավառուիլ։ Ամէն հեղինակ հատոր մըն է, երբեմն քանի մը, Oշականին հոգետունին մէջ։ Ու դաս մը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հատոր մը ապրում խտացնել չորս-հինգ էջի մէջ։ Ու ահա հանելուկին լուծումը։ Քննադատը այն մարդն է, որ ապրումները պիտի վերածէ տարազներու, կաղապարներու, ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ։ Արուեստագէտը՝ ա՛ն՝ որ տարազները, կաղապարները պիտի վերածէ ԿԵԱՆՔԻ: Օշական կ՚արհամարհէ առաջինը, քանի որ կաղապարներ կազմելու համար մեր միտքը բաւ է մեզի, խանդավառ է երկրորդով, քանի որ կեանք մը ապրելու պարտքին է հպատակ։ Ու մենք կ՚ապրինք, առաւելագոյն չափով մը մեր արիւնով, անտես ջիղերով։ Վերակազմել հեղինակ մը, Օշականին համար, ապրիլն է այդ հեղինակը, խորացնել անկէ անբաւարար չափով մը նուաճուած ուրիշ մասեր, երկարաձգել այդ ապրումները իր ներսի անթիւ բաւիղներն ի վար ու տառապիլ, ինչպէս է ճակատագիրը արդէն իրաւ արւեստին, քանի որ կեանք մը միշտ մահ մըն է, իր ամենէն յորդ արբունքին ալ մէջը։ Այս նկատողութիւննե՛րը՝ որպէսզի դառնան զգալի բոլոր վարանքները, որոնցմով տառապած է ամբարտաւան, անարդար, անգութ անուանուած քննադատ Օշականը: 1937ին, Րաֆֆիի հարիւրամեակին առիթով Փարիզի մտաւորականութիւնը հատոր մը ծրագրած էր հրատարակել։ Օշական խօսեցաւ (դեռ անկարող էր գրիչ բռնելու հիւանդութեան առաջին մեղմացումին օրերուն) ու ատեն չունէր գրելու խօսածը: Իր այդ կերպարանքին տակ խօսքին մէկ մասը լոյս տեսաւ « Սիոն »ի մէջ։ Միւսին համար, Փարիզ, ուզեց ժամանակ։ Հատորին կազմութեամբը զբաղող մարմինը նոթերը բաւարար կը նկատէր։ Ու այդ ձեւին տակ անոնք լոյս տեսան հատորին մէջ։ Անշուշտ, Արեւելահայ գրականութեան վրայ լայն, յատկանշական վերբերումներ Օշական չէ յաւակնած գործադրած ըլլալ, քանի որ չէր ճանչնար մորթով ու արտաքին զգայարանքներով այդ գրականութեան ամենէն ամուր թելադրանքներէն մէկը, հողը, զոր կը գործածեմ առանց գիտական յաւակնութեան։

Դասականէն վեր տարողութեամբ անիկա գրած է ա) « Թումանեանի մէջ բանաստեղծը » Հայրենիք », 1924), բ) « Աւետիք Իսահակեան » Ճակատամարտ »ներու մէջ, 1921, « Աբու Լալա Մահարի »ին առիթով), գ) « Շիրվանզատէ եւ իր թատրոնը » Բարձրա /308/ վանք » 1922), դ) « Եղիշէ Չարենց » Հայրենիք » 1925)։ Հոս գործադրուած մեթոտը գրական է, ոչ անշուշտ հակասելու չափ՝ « Համապատկեր »ին տիրական մեթոտին, որ կը սնանի անձնական զգայութիւններով։ Միւս կողմէն՝ այս հեղինակները գաղիացի կամ գերման չեն, հոգեկան բոլորովին տարբեր դրութիւններով։ Աւելի, անոնց մէկ մասին մէջ գո՛յ՝ յոյզերն ու կիրքերը, որոնք հայ հաւաքական հոգին կ՚ընդգրկեն։ Եթէ իրաւ է, որ գրական յղացքը տարբեր նկարագիրներու կը սպասարկէ Թիֆլիս ու Պոլիս, իրաւ է նոյնքան, որ հոգեղէն միութեան տեսակէտէն Վենետիկը շատ աւելի խորթ է այդ Պոլիսին, որքան չէ Թիֆլիսը։

Արեւելահայ հեղինակներու վրայ այդ վերլուծումներուն պակսածը անձնական շփումին ծանր բարիքն է եղած, զոր պէտք չէ սակայն ուռեցնել։ Մէկը ինծի պատմեց, որ Յովհաննէս Քաջազնունի անունին տակ արեւելահայ ծանօթ միտքի մարդը « Հայրենիք »ի մէջ լոյս տեսած « Յ. Թումանեան »ը կարդալէ վերջ յայտարարած ըլլայ, կարծեմ Պուքրէշ, « Թումանեանի վրայ նոր բան ըսող առաջին մարդն էր Օշականը »։ Փարիզէն երիտասարդ մը, կարդալէ վերջ « Չարենց »ը, դարձեալ այդ « Հայրենիք »ին մէջ, Օշականին կը գրէր «ՉԱՐԵՆՑ»ը կարդալէ վերջ ճանչցայ ինքզինքս »։ Այս երիտասարդը գաղթականութեան հետ Վանէն անցեր էր Կովկաս, ապրեր՝ Հայկական Հանրապետութիւնը, անոր կործանումէն վերջ, առաջին զինադադարին Պոլիսը (1919–1922) ու ինկեր Փարիզ, ապրելու համար ահաւոր սկիզբը ահաւոր Սփիւռքին։ Գրող։ Կատաղի։ Բայց իրաւ տղայ մըն էր։ Միւս կողմէն արեւելահայ պաշտօնական դատողները տարիներով ուրացան Օշականը ոչ միայն Արեւելահայ գրականութիւնը դատող իր ձեռնարկներուն մէջ, այլեւ՝ իր ընթացիկ գրական աշխատանքին մէջ։

Կ՚ընդունիմ, որ այդ ուսումնասիրութիւնները չունին արեւմտահայ հեղինակներու նուիրուած փորձերուն վճռական տարողութիւնը (գիտէք ասոր պատճառը), բայց կը կրեն կնիքը Օշականի թեքնիքին, նորոգող, բարձրագոյն կաղապարներու սպասարկող ու հասարակէն, ըսուածէն, տափակէն գարշանք զգացող աշխատաւորի մը տագնապը։ Անշուշտ Շիրվանզատէ մը կարդաց Օշականին ուսումնասիրութիւնը Բարձրավանք »ի մէջ) ու թեթեւ մը դառնացած գտաւ Կամսարականը, Փարիզ, այդ դառնութիւնը յայտնելու համար Շիրվանզատէն ապոթէոզի արժանացող բարի ու արդար այդ գրագէտին, քանի որ առանց ստորագրութեան իրմէ նամակի մը մէջ ես գտեր էի ֆրանսական թերթէ մը վերցուած coupure մը, ուր հինի եւ նորի պայքարը կը վերլուծուէր: « Բարձրավանք »ը, ինչպէս « Մեհեան »ը հինի /309/ եւ նորի հարց մը չեն ունեցած նկատի։ Օշական գրականութիւնը ընելու, գործադրելու իր եղանակը միայն պարզած է ու պաշտպանած։ Կամսարականին դիւրազգածութիւնը 1922ին մենք կ՚ըմբռնենք։ Բայց հեռու էինք հիները կործանելու սուտ, կեղծ վերագրումէն։ Օշական չէր կրնար կործանել վիպասան Շիրվանզատէն, Րաֆֆին, Մուրացանը, Նարդոսը, բայց թուղթէ արձանի մը պէս կտոր-կտոր ըրաւ անզուգական թատերագիրը, վասնզի այդ թատրոնը տեղական պատահար մըն էր, արդիւնք՝ քուլիսներու մտերմութեան մը, դերասանական ընկերակցութեան աս ու ան շանթաժի ձայնելու քիչ մը պղտոր մտադրութիւններու։ Եթէ երբեք մեր սովորական չտեսութեամբը այդ հասարակ խօսքերուն մենք բաշխեցինք արուեստին փառքն ու պատիւը, ատիկա չէր բաւեր գրականութեան պատմութեան խստապահանջ քննութիւնը անցընելու, եթէ կը ներուի այս շուտիկ նմանութիւնը։ Մենք ունեցանք շատ ու շատ անզուգականներ, եզակի քերթող Բագրատունիէն սկսեալ մինչեւ անզուգական քերթողուհի Սիպիլը ու մինչեւ Մամուրեան մեծը, միջանկեալ՝ բոլոր շքեղ փառքերը մեր հոսհոս հիացումներովը լաստակերտուած։ Իբրեւ Հայ գրականութեան ուսուցիչ, Oշական քանի՜-քանի՜ անգամներ տառապած է անկարող տառապանքը մարդեր ազատագրելու ու չէ կրցած։ Անոր աշակերտները չեն կրնար մոռնալ իր տագնապները։ Դասի պահուն կտորը կը դրուէր սեղանի վրայ։ Թող ըլլար ատիկա Վարուժանէն, Դուրեանէն, Մեծարենցէն, Թէքէեանէն, այդ մարդուն բառերը կը յորդէին, անշուշտ ոչ գրպաններէն, այլ կտորէն փրթող ուժերուն ճնշումովը, կը վերանային խօսողն ու մտիկ ընողը, վասնզի բառերէն անդին թելադրուած կեանքը չէր կրնար խաբել։ Թող ըլլար կտորը Թերզեանէն, Սէթեանէն, Պէրպէրեանէն, Սիպիլէն։ Օշական կը տառապէր այդ բառերուն ետին գտնելու համար իրաւ ապրումին ոստայնը։ Տղաքը կը զգային այդ տառապանքը։

Արեւելահայ գրագէտներու վրայ իր փորձերուն մէջ Օշական տուած է ընդհանուր գրականութեան սեպհականութիւնը եղող բազմաթիւ տեսակէտներ։ Անշուշտ որ ունի խոշոր համակրանք անոնց վէպին։ Կը յարգէ այդ վէպին հայեցի յատակը, հոն սեւեռուած բարքերուն մթերքը, հոն նուաճուած հոգեխառնութեանց արժէքները։ Կ՛ընդունի, որ այդ գրականութիւնը աւելի հարազատ, աւելի առողջ, աւելի ցեղադրոշ, մա՛նաւանդ նպաստաւորուած գեղջուկ արեան մը ուժովը, չենթարկուեցաւ այն դժբախտ նրբութիւններուն, նուաղկոտ, հեծագին փափկութիւններուն, որոնք անկման շրջաններու նկարագիրներ կը թելադրեն։ Կ՚ընդունի, որ ձեւին հանդէպ անտարբերու/310/թիւն, թափթփածութիւն մահացու մեղքերը չեն կազմեր անոր առողջ օրկանիզմը արատաւորելու չափ։ Բայց չի կրնար չյայտնել իր ցաւը այդ գրականութեան նախնականութենէն (որ քանի մը սեռերու վրայ բարիք` բայց ամբողջական կշիռին մէջ գրականութիւնը կը պահէ լրագրական ախորժակներու գիրկը գրեթէ), անբաւականութենէն, լեզուէն՝ ինչպէս յղացքներէ։ Կոստան Զարեան մը, այդ գրականութեան ոգիին հիմնովին անհաղորդ (արեան ձայնի պակասովը պայմանաւոր, քանի որ Զարեանին մանկութիւնն ու պատանութիւնը անցած են այդ միջավայրին հիմնովին օտար բարեխառնութեանց մէջ) գտաւ կերպը, նախնական այդ լեզուն գործածելու մեր օրերու ամենէն ձախ գաղափարաբանութիւնները (արուեստէ) նուաճելու, ու ամենէն յանդուգն տպաւորապաշտութեան ընդունակ ըրաւ հովիւներու բարբառ մը թուող արեւելահայերէնը։ Այս յիշատակութեան միտք բանի՞ն։ Ա՛ն՝ որ Արեւելահայ գրականութեան անբաւարարութիւնը կամաւոր, գրեթէ դիտումնաւոր սնապարծութեան մը հետեւանքը կը մնայ, քան թէ սկզբնական, բժիշկները տարազով մը՝ օրկանիք անատակութեան։ Կրկնեցէք նոյն սնապարծութիւնը՝ գրականութիւնը ենթարկելու իրմէն օտար ցանկութիւններու զարգացում, հրապարակագրութիւն, ընկերային փրոփականտ, յեղափոխական ախորժակներ դուք պիտի ունենաք նոյն պատկերը, 1860ի սերունդին վաստակին մէջ սեւեռուած։ 1860-ին Ստեփանոս Նազարեանց մտքի հսկայ մըն է ։ 1940ին Աւետիք Իսահակեան ուրիշ հսկայ մը, քանի որ շուտիկ իմաստութիւնն է ունեցած ազգային սրտառուչ աւանդութիւն մը, Մհերի հեքիաթը աժան փրոփականտի ապրանքի մը վերածելու, օրուան իշխանութիւնները հաճ ձգող։

Օշական Արեւելահայ գրականութեան դէմ բանաձեւած է խոշոր մեղադրանքներ։ Անոնց բանաստեղծութիւնը կը մերժէ միակտուր, հազիւ քանի մը փշրանքներ գտնելով հանդուրժելի։ Կը մերժէ անոնց քննադատութիւնը, միակտուր դարձեալ, անոր մէջ հաստատելով ամենէն տափակ, անարծաթ, հինաւուրց չափեր, արուեստի գործերը կշռելու համար։ Կը մերժէ անոնց թատրոնը (փոքր շեղումով մը Սունդուկեանցին) որ գաղթային հոգեխառնութիւն մը, Բաքուի եւ Թիֆլիսի մեծահարուստներուն ժամանցը միայն նկատի է ունեցած եւ երբեք՝ արուեստին իրաւ տագնապները։ Հատորի մը մէջ Զուգակշիռ ») անիկա որոշ ընդլայնումներով պաշտպանած է այս կեցուածքը:

1917էն ասդին, Արեւելահայ գրականութիւնը կը պարզէ ուրիշ պատկեր մը։ Ապշեցուցիչ անիմաստութեան, չըսելու համար անբա/311/նութեան փաստ է արժէքներու այն ցուցատախտակը, ուր արձանագրուած են մեր օրերու ամենէն ճիղճ, անկշիռ անունները իբր փառք։ Սարեան, Չարենց, Շիրազ, Վշտունի, Ն. Զարեան բանաստեղծներ են հոն։ Ինչու չէ, երբ ասդին Ամերիկայի մէջ Կ. Սիտալը, իբր արձագանգ կը դառնայ հսկայ քերթող։ Հասկացողութեան խոշոր ներհակութիւններ շրջաններու երկայնքին որքան յաճախադէ՜պ։ Օշականի վերապահութիւնները, հարկ կա՞յ յայտնելու, վերածուած են տրտում փոքրութիւններու, այդ կեցուածքը նոյնացնելու չափ գրականութենէ դուրս ազդակներու։ Հոս տեղը չէ Օշականի քննադատական դրութիւնը պարզելու։ Արեւելահայ գրականութիւնը անոր համար առանձին դաշտ մըն է անշուշտ, բայց չէ ուրիշ աշխարհ մը, ուր տարբեր օրէնքներ ունենային կշիռ մէկ ու նոյն երեւոյթները կշռելու համար։

Իր հարիւրամեայ հասակին մէջ Արեւելահայ գրականութիւնը պարզած է կերպարանքներ, որոնք թէեւ չեն դիտուիր Արեւմտահայ գրականութեան նոյնաժամանակ կեանքի վրայ, բայց կը հաշտուին մեր ժողովուրդին ընդհանուր ճիգին մէջ: Չեմ գիտեր, բաւական պա՞րզ են այս տողերը։ Աբովեան մը եւ Շիրազ մը արտայայտութեան նոյն մեղքերով վիրաւոր, իրարմէ հեռու են տաղանդի տեսակարար ծանրութեան հարցին մէջ։ Այն տարբերութիւնը, որ կը բաժնէ Պ. Դուրեանը եւ զինքը սրբագրող Սիմոն Ֆէլէկեանը կու տայ Օշականի չափերուն ալ տարբերութիւնը։ Մեծահռչակ քերթող մըն էր Խորէն Նար–Պէյը։ Այսօ՞ր։ Օշական չի կրնար հանդուրժել դուրսէն, բռնի, պարտադիր հանգանակներ։ Ահա ինչու մերժած է 1922ին, Խորհըրդային Հայաստանի մէջ, Արեւմտահայ գրականութեան դասախօսութեան իրեն առաջարկուած աթոռը։

Այսպէս թէ այնպէս, 1935ին Տիկին Եսայեանի հրաւէրը, դարձեալ նոյն համալսարանին համար, փաստ մըն է երկու գաղափարագրութեանց միջեւ փորուած խորունկ տարբերութեան։ Տիկին Եսայեանի « Պրոմէթէոս ազատագրուած »ը փրոփականտի փաստ, միջակ գործ մըն է։ « Սիլիհտարի պարտէզները » (կ՚ենթադրեմ, որ հոն է գրուած) գլուխ-գործոց մը։ Արդ, Զարեանի « Անցորդը եւ իր ճամբան », նոյն պայմաններէ, ու տպաւորութիւններէ ծնած, որոնք կ՚իշխեն « Պրոմէթէոս ազատագրուած »ին մէջ, գլուխ-գործոց մը, մինչ « Երկիրներ եւ աստուածներ »ը (Կ. Զարեան) ձախողանք մը։ Օշական կը սպասարկէ հանգանակներու, որոնք կրնան արտասովոր նկատուիլ։ Արեւմտահայ գրականութիւնը դատող այդ օրէնքները ստեղծած են խորունկ դժգոհութիւն։ Տարբեր չէր կրնար ըլլալ ճակատագիրը /312/ այդ օրէնքներուն, երբ կը գործադրուին արեւելահայ գրական վաստակին վրայ։

դ) Գրախօսականներ, թերթերու եւ հանդէսներու մէջ, օրուան գիրքերուն շուրջը։ Ոմանք՝ քանի մը սիւնակ։ Ուրիշներ՝ փորձի (essai) մօտեցող յօրինուածքով մը։ Այդ գրութիւնները երեւցած են ընդհանուր խորագիրներու տակ։ « Մեր բանաստեղծներ »ը, « Մեր վիպասանները » գրական կենդանագիրներ են, յիշեցնող Կուռմանը։ Աւելի ընդհանուր՝ քան քրոնիկը։ Աւելի համեստ՝ քան փորձը։ Բիրտ, աշխոյժ, անկեղծ կտորներ են ասոնք, մեր հրապարակին վրայ որոշ աղմուկով, անշուշտ առանց իր ուզելուն։ « Հարթենք »ը՝ ուրիշ պիտակ, բայց խորքին մէջ նոյն թեքնիքը, գաղափարաբանութիւնը սպասարկող։ Այս վերջին խորագիրին տակ անիկա նախափորձերը կ՛ընէ « Համապատկեր »ին, այսինքն՝ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ արժէքներու վերագնահատման մը։ Աւելի անդին ես կու տամ բաւարար ընդլայնում Օշականի ժխտական կեցուածքը պարզաբանող։ Գրական այս մանրուքը թող նկատուի անխուսափելի տուրք մը իրմէ՝ մեր լրագրութեան։ Այդ ձեւով գործադրուած քննադատութիւնը հրապարակագրութիւն է, իր կշիռին մէջ։

ե) Տպաւորապաշտ քննադատութիւն, որ փոխանակ իր շեշտը դնելու անհատներու կենդանագրումին, կը սիրէ երեւոյթներու, բարեխառնութիւններու, ճաշակի եւ ոճի հարցերու շուրջը դանդաղիլ։ Այս ձեւին տակ 1908էն մինչեւ 1944, Օշական ստորագրած է բազմաթիւ գրուածքներ, քանի մը հատորը յորդող։ Ահա այն քանի մը ընդհանուր խորագիրները, որոնք ծածկած են այդ աշխատանքը։ « Սերմնացան » (Եգիպտոսի « Արեւ »), « Անգղին կտուցին տակ » (Եգիպտոսի « Յուսաբեր »), « Ես ինծի » Կոչնակ »), « Վկայութիւններ » Սիոն »), « Մոռցուած բաներ » Սիոն », « Նոր գիր », եւայլն), « Գրականութեան համար » Զուարթնոց »)։

Ասոնք երեւոյթներու գրեթէ ամբողջութեամբ գրական լուրջ վերլուծումներ են, ուր մտածումը կը բանի մեր իրականութեան վրայ, բայց կը սնանի անկէ դուրս։ Սխալ չըլլար ատոնց մէջ տեսնել անդրադարձ մը տպաւորապաշտ այն եղանակին, որ պատերազմէն վերջ համբաւի բերաւ Թիպոտէն եւ Քիւրտիւիուսը, Քէյլէրլինկը եւ Ցուայգը, ու ստուերի տակ ձգեց Ա. Ֆրանսներու, Ֆակէներու, Պուրժէներու եւ Ժիւլ տը Մէթրներու քննադատական վաստակը։ Եթէ իրաւ է, որ գրելու շնորհ մը ունեցող ամէն զարգացած մարդ, նովին իսկ իրաւամբ, դատող մըն է, ապա ուրեմն Օշական կը փրկէ իր հակասութիւնը, քիչ մը շատ աղմուկով շեփորուած, քանի որ ի /313/ պաշտօնէ քննադատութեան անիկա մերժած է գրականութեան վրայ ո՛չ միայն որեւէ դեր, այլեւ՝ այդ գրականութեան իսկ պատկանելու իրաւունք մը։ Մէկէն, իր փարատոքսը ամբողջ արեւելակայ քննադատութիւնը եղջերուաքաղ որակելու կը գտնէ իր բացատրութիւնը, երբ նկատի առնուն գրելու շնորհին հիմնական պայմանը, այս կարգի գործերը պաշտպանող։ Յովհաննէս Գազանճեան անունով մարդ մը մօտ քսան տարի Պոլսոյ մէջ, ամէն տարի, շատ խղճամիտ խնամքով մը տեղեկագիրներ է ստորագրած տարեկան գրական արդիւնքին շուրջը նուիրած ընդարձակ գրախօսականներ գիրքերու, բայց առաջին անգամ կու գայ Օշականի գրչին տակ, ապացոյց մը կազմելու համար իր տեսութեան գրելու անընդունակ ծնած քննադատի մը անկարելութեան։ Ու տասնով, քսանով են այս մարդերը, մինակ Արուեստագէտ սերունդի հասակին, բայց որոնց անունները չեն անցնիր մեր գրականութեան։ Դուք թերեւս կ՚անգիտանաք, որ 1900ի դոներուն մենք Պոլսոյ մէջ ունէինք Գր. Մալխաս մը, Ս. Նաւաերան մը, Լ. Լարենց մը, (որ Եղիային վրայ գրքոյկ մըն ալ հրատարակած է), Օննիկ Չիֆթէ Սարաֆ մը, Ենովք Արմէն մը, Փայլակ մը, կիներու շքախումբ մը, Լեւոն Մեսրոպ մը, որոնք անծակ երանութեամբ մը կը լուսաւորեն իրենց հրապարակին մեծ անմահները Մեր անմահները » ո՛չ միայն վերնագիր մըն է գրողներու կենդանագիրները խորագրով, այլեւ կը տարածէ իր շքեղ փառքը ծաղրանկարներուն ալ վրայ) ու կը հաւատային մեր գրականութեան երախտաշատ վաստակ մը ձգած ըլլալ։ Այսօր դիւրին է ծիծաղիլ գրական քոտաքներու սա նանրամտութեան վրայ։ Բայց 1900ին Թէոդիկ երկտասնեակներով կը հանէր շրջաբերութեան իր ճանչուոր դէմքերու զարհուրավառ շարքը։ Զօհրապի « Ծանօթ դէմքեր »ը ոչ նուազ մեղաւոր սկիզբ մըն էր այդ ուղղութեամբ, զուտ լրագրական, բայց որ շփոթուեցաւ տպաւորապաշտ քննադատութեան հետ։ Սեռին եթէ կը ներուի այս որակումը այդ հիմնովին անսեռ, անկնիք, աճպարարութիւնը պատկերելու համար ոսկեդարն է այդ 1900ը, որ նմանապէս ոսկեդարն է արձակ քերթուածին, անհուն ու անշամանդաղ նկարագրումին, աստեղահեղ, ազատ քերթողութեան ։ Վերածեցէք այս գրուածքները իրարու, դուք պիտի ունենաք գրականութիւն մը, որուն էատարրը տպաւորութենէն կու գայ։ Impressionismeը արդէն արեւմտեան գրականութեան մէջ հսկայ ու շլացուցիչ տարազ է։ Այդ շրջանին կ՚իյնան Տիկին Եսայեանի արձակ քերթուածները, « Իւսկիւտարի վերջալոյսներ »ը, « Ներաշխարհ »ը։ Այսինքն՝ գրականութիւնը կը հպատակի, իր բոլոր մեծ կրթանքներուն մէջ, մերձա/314/ւոր ախորժակներու։ Բայց կը պակսին մեծ գործերը։ Ու ատոնց վրայ աշխատելու առիթ չունեցող քննադատութիւնը պիտի զառածի։ Մեր մէջ ասիկա է տպաւորապաշտ քննադատութեան խոնարհ, որքան չարաշուք սկիզբը։

1908–1915, մեր քննադատութիւնը հասարակ լրագրութիւն է, խղդուած օրաթերթին մէջ եւ կամ՝ հանդէսներու վերջին քանի մը թերթերուն նետուած։ Շրջանը, բուռն, քաղաքական կիրքերու սպասարկու, մոռցաւ 1900ին հեշտագին նազանքները աս ու ան քերթուածին, գրքոյկին շուրջը իր ոսկեճամուկ պարտադրութիւնները։ Դատելու ատեն չունէինք, պոռալէն, կանչելէն, ճառելէն հեւասպառ ու յիմար։ 1920էն ասդին մեր քննադատութիւնը կը սոփեստանայ, կը գռեհկանայ, կը փառասիրէ, կ՛ուրանայ, կը կործանէ հաւասար անփութութեամբ, աւելի քան արդարացնելով պատգամը ամէն մարդ ի ծնէ քննադատ մըն է մա՛նաւանդ քաղաքական գործուէութեան անկարելի դառնայով։ Նոր ժմնող տղաքը տոն պիտի ընեն իրենց աշկերտութիւնը։ Այդ քառորդ դարուն ստեղծագործ գիրքերու համեմատաբար համեստ թիւին դէմ, որքան շատ՝ թիւը քննադատական հատորներուն։

Oշական մէկն է հոսանքին։ Շատեր կ՛երթան առաջ այս զառածումին պատասխանատու նկատելու զինքը։ Կը խորհիմ, թէ վերագրումը անարդար է հաւանաբար։ Օշական իր քննադատական նշմարները անուշադրական էջեր դաւանելու չափ միամիտ մէկը չէր։ Բայց չէր կրնար չտեսնել ահաւոր փաստը երէկի տղուն յաւակնութիւններուն, հերիք է, որ անոր տրամադրուէին թերթէ մը, հանդէսէ մը քանի մը սիւնակ։ Հարիւրներու կը հասնին այդ թերթերը, հանդէսները այդ քառորդ դարու երկայնքին։ Ու պէտք կա՞յ յիշեցնեմ, որ բոլորն ալ ունին իրենց պաշտօնական, առնուազն տիտղոսաւոր դատողները։ « Հայրենիք » օրաթերթը (Ամերիկա) մեծատաղանդ տգիտութիւններու յանձնած է « Հայրենիք » հանդէսին մէջ լոյս տեսած հատորներու վրայ դատաստանական կարգուuարք մը։ Անխառն արուեստագէտ Տիկին Եսայեան իր « Երեւան » եռօրեային մէջ (Փարիզ) քննադատ է կտրած, այս անգամ լրջութեամբ։ Երանելի շատախօս մը, Սիմոն Յակոբեան, նոր արժէքներ կ՚առաջարկէ հիները դատելու համար, չափեր ՝ որոնք հեռուէ հեռու իսկ աղերս մը չեն պարզեր գրական յղացքին։ Ու 1900էն բրածոներ, օրինակ մը յիշելու համար՝ Յովհաննէս Ասպետ, գտած են կերպը նոր միջավայրին յարմարելու: Կը գործէ գրական ոստիկանութիւնը, երբ 1900ի գրականութիւնը անդարձ կորած է մոռացման մէջ, յանձին անոր նախարարապետին՝ /315/ միշտ Յովհաննէս Ասպետին։ Ու ո՞ր թերթին ալ գլուխ զարնէք, ընդհանրապէս կուսակցական, հայրենակցական, շահակցական, դուք պիտի բախիք քննադատին։

Մի հարցնէք ինչո՞ւ այս առատութիւնը։ Գոհացէք պատգամով ամէն մարդ քննադատ է առնուազն, եթէ հրապարակագիր իսկ չէ: Ես չեմ զարմանար, քանի որ գիտեմ, թէ քննադատութիւնը անկման շրջաններու մէջ կ՚ուռճանայ։ « Աղքատին տունէն հոգն ու կռիւը չեն պակսիր », ըսեր է մեր ժողովուրդը։ Ու մենք աղքատներ իսկ չէինք 1920էն ասդին։ Օշականի կտրուկ, բացորոշ վերապահութիւնը քննադատութեան դէմ ուրեմն փարատոքս մը չէ, ոչ ալ ինքնատպութեան հանդերձանք մը։ Եւ սակայն մեծ ստեղծագործի մը մօտ այսքան կտրուկ, բացորոշ հակո՞ւմ մըն ալ։ Պէտք է բացատրել տպաւորապաշտ քննադատութիւնը Օշականին մօտ, անցնելէ առաջ համադրական իր կառուցումներուն, որոնք քննադատութենէն անուն մը միայն ունին։

Ի՞նչ կ՚ընէ Ստեփան Ցուայգ Տոսթոեւսկիի մը, Թոլսթոյի մը գործերուն դիմաց։ Ի՞նչ կ՚ընէ Քիւրտիւիուս լատին մշակոյթին դիմաց։ Ի՞նչ կ՚ընէ Քէյզերլինկ ամերիկեան քաղաքակրթութեան դիմաց։ Ու ինչ կ՚ընէ Հանրի Պրէմոն ԺԷ. դարու Ֆրանսային դիմաց։ Անշուշտ ո՛չ ան, զոր ըրին 1860-ի մարդերը (Ռընան, Թէն, Սէնթ-Պէօվ, Հէկէլ, Նիցչէ) համապատասխան շրջաններու վրայ։ Տպաւորապաշտ քննադատը գրեթէ վիպասան մըն է, այնքան արատ՝ սեռին պահանջներուն յանդիման ու անոնցմէ վեր։ Իր ճի՞գը։ Մարդկային թափանցումը։ Մի աճապարէք։ Ու մի ըսէք ինծի, որ ուրիշ բան էին ըրած 1860ի մարդերը։ Մարդկային թափանցումը, բայց առանց նախադրեալ միջոցներու, առանց ապացուցանելի հանգանակներու յաւակնութեան։ Դատել հազար տարիներու գրական ճիգ մը, համաձայն կանխապատրաստ տուեալներու, թերեւս տպաւորիչ (imposant) արարք մըն է, երբ մա՛նաւանդ հեղինակը այդ դատախաղականին գրել ալ գիտէ։ Ու քիչ բան չէ ըրած Թէնը։ Հանրի Պրէմոնն ալ դատած է դար մը զգացումներու (Histoire littéraire du sentiment religieux en France), անշուշտ գործածելով նոյն նախանիւթը, մարդկային ապրումներուն մագաղաթեայ արձագանգները, դիրքերն ու մերձաւոր ուրիշ միջոցներ, նկար, շէնք, եւայլն։ Բայց Աբբա Պրեմոնը չառաջարկեր մեզի օրէնքներ ու անոնց ապացուցումին հեշտութիւնը չունի մեզի հաղորդելու։ Աբբա Պրէմոն կեանքը ունի իրեն աշխարհ, միջոց, ինչպէս նպատակ։ Ու առանց մեզ նեղելու իր հմտականով, առակումներով, վկայութիւններով, թիւերով, բնագիրներու կոկոզա /316/ վիզ փաստերով, մեզ կ՚ընէ շփման մէջ ապրած մարդերու, անոնց ներսը թափանցելու պարտքը, զանոնք եղածնուն պէս տեսնելու պարկեշտութիւնը, անոնց մէջ մնայունին բաժինն ու լարերը վերբերել մտադրելով, առանց կանխապաշարեալ գաղափարագրութեան մը։ Այնպէս որ, երբ հատորները կ՚աւարտէք, ձեր միտքը ո՛չ միայն լուսաւորուած կ՚ըլլայ, այլեւ՝ ապրած ։ Հարիւրաւոր էջերու կարիք կայ, տպաւորապաշտ քննադատութեան շրջափոխութիւնը պատկերելու համար։ Անիկա իր ներսը հալեցուցած է որոշադրապաշտ տեսութիւններուն կարծր օrէնքները, ծփուն խորհրդապաշտներուն շողակնափայլ նշուլումները։ Մեր դարուն սկիզբը կ՛ընդունի անգլիական essaiին լրջութիւնն ու գործնապաշտ ախորժակները։ Պատերազմէն ասդին հոն իրենց արձագանգներով կ՛երկարին հիւսիսի ժողովուրդներուն զգօն, խորացող ու սանձակոտոր զգայնութիւնները։ Զգացական, վարդապետական, հայեցողական, բարոյապաշտ է հաւասարապէս արդի քննադատութիւնը, չկրնալով ինքզինքը մասնաւորել ու չկրնալով յօժարիլ իր ձեռնհասութենէն դուրս նկատելու վերլուծումներ, որոնք 1860ի մարդոց համար մասնագիտական ըսուելու չափ անջատ, առանձնաւորուած կրթանքներ էին։ Գրականութիւն, բարքեր, գիտութիւն, ճարտարարուեստ, իմաստասիրութիւն, պատմութիւն ու կրօնքներ բոլորը նախանիւթ են անոր։ Ու այդ ամենէն տպաւորապաշտ քննադատը ունի ո՛չ միայն իր շահարկելի տարրերը, այլեւ կը տառապի այդ նախանիւթով կառուցանելի շէնքին վրայ դնելու նաեւ իր ալ կնիքը։ Սէնթ–Պէօվ մը գոհ էր, երբ իր վերլուծած գիրքերը, անդամահատած մարդերը, թափանցած բարեխառնութիւնները իբր այդ իրենք զիրենք պարտադրեր էին։ Գործին առջեւ գործաւորը կրնար մոռնալ ինքզինքը։ Նորերը չեն բաւարարուիր այդ արդիւնքներով։ Նորերը կը յաւակնին նաեւ նոր մարդը դնել իրենց վերբերումներուն ի վայելումն։ Արդի՞ւնքը։ Շատ պարզ է։ Այսօրուան տպաւորապաշտ քննադատը շատ մը կրթանքներու հպատակ, կը թուի տկարացուցած ըլլալ իր մէջ միութեան կնիքը։ Կը կարդանք զանոնք։ Կը տարուինք իրենց վերլուծական կիրքէն, պաշարին ապահով ճոխութենէն, թելադրած մթին, խորունկ, նուրբ ու խուսափուկ ալ զգայութիւններէն։ Բայց չենք սորվիր ։ Ամէն էջի մեզի կը մատուցին շատ մը թանկ նկատողութիւններ, ապրումի շեմաներ, սարսուռներ, որոնք գործերուն ներսը կը թուէին քնանալ, մարդերը կը պահէին անհասկնալին ու շրջանները կը պիտակէին աժան պատգամներու ձեւով՝ մէկէն կը փակուին իրենց բիւրեղացման դրութիւններէն, կը թափին մեր ներսը ու մենք օտար հեղինակէ մը կը զգանք մեզմէ բխիլ /317/ թուող խռովքներ։ Տարածեցէք հիմա այս թեքնիքը ընդարձակ քաղաքակրթութեանց վրայ, որոնք երկու կիսադարեր (ԺԹ. եւ Ի. ին կէսերը) կը յատկանշեն։ Գիտէ՞ք, թէ ինչ անհուն զանազանութիւններու պիտի բախի ձեր ձեռնարկը։ Նոր մարդկութի՞ւն մը։ Անշուշտ, եթէ նորը հասկնալ ուզէինք տպաւորապաշտներուն մտայնութեամբը։ Նո՛ր՝ նոյնիսկ այն ձգտումին մէջ, որ մեր օրերու մարդը մղած է ամենամութ անցեալներու վերադարձնումին։ Հիմա գիտենք հին քաղաքակրթութիւնները բոլորովին տարբեր գիտութեամբ մը, որքան ատիկա ստուերովի իսկ մատչելի չէր 1830ի ռոմանթիքներուն։ Հիմա մեր գիտութիւնը (պատմական ոգեկոչում) ապրում է եւ ոչ թէ ծանօթութեանց հաւաքածոյ։ Հիմա մեր արուեստը մաս է մեր փոքրութիւններուն, կիրքերուն, մեղքերուն, ըլլալէ ետքը երկու քառորդ դար առաջ մեր հպարտութիւնը, փառքը, սրբութիւնը։ Մեր արուեստը մերկ է ու տկլոր, մեր հոգիին նման, տանջահար ու ողորմելի, բայց անհունապէս մարդկային …։

Բայց այս թուումը վերջ չունի։ Հայ գրականութեա՞ն համար։ Պէտք է ըլլալ համեստ։ Կրնայ այդ տագնապը այցելել քանի մը բացառիկ, զարտուղի մտքերը, բայց ատով չի ստանար իրաւունք ինքզինքը պարտադրելու։ Տպաւորապաշտ քննադատութիւնը այն լայնութեամբ, որմէ թելադրանքներ ըրի քիչ վերը հանդիպելի է Զարեանի վէպին, տպաւորապաշտ նոթերուն, արուեստի եւ բարոյականի հարցերուն շուրջ նշմարանքներուն մէջ։ Ի՞նչ փոյթ, որ այդ ամենուն շուրջը Զարեանի մեզի թելադրել ուզածները ըլլան խնդրական, հակասական, երբեմն նոյնիսկ հիմնովին հերքելի, անյարիր ու փչողական։ Մենք պիտի տարուինք գրագէտին թափէն, կիրքէն, զգայութիւններուն համէն ու տաքութենէն, հազիւ մտածելով այդ մեզի մատուցուածը ենթարկել վերլուծման, ջոկել անպէտին, պիտանիին, սուտին, իրաւին, ներկուածին ու իրապէս գեղեցիկին բաժինները։ Այս մթութիւնը, քաոսային կերպարանքը, երկիրներն ու աստուածները քուրայի մէջ թափելու կախարդական ալշիմին Զարեանի խռովքներէն մէկն է ապահովաբար։ Օշական աւելի համեստ է, ըլլալով աւելի պարկեշտ, թերեւս աւելի քիչ հաւատաւոր մարդ մը։ Օշական հաղորդ է Զարեանի բոլոր միջոցներուն, մարդկային ստեղծումին ստեղներուն մէկ կարեւոր թեւին։ Բայց է մանաւանդ իր արիւնով, իր ժողովուրդով պայմանաւոր արուեստագէտը։ Օշական եսին իմացական candeurին ճնշումին տակ սիրած է ինքզինքը նուիրել իրական աշխարհին իր ժողովուրդին։ Անիկա չէ գրած օտար շարժումներու, դէմքերու, արուեստներու վրայ (Անաթոլ Ֆրանսի եւ /318/ Մագլէռի վրայ երկու լրագրական յօդուածներ կը յիշէ անիկա այդ ուղղութեամբ, բայց կը խոստովանի, թէ Տոսթոեւսկիի վրայ իր կարդացած բոլոր ուսումնասիրութիւնները անբաւական են եղած զինքը կշտացնելու։ Անոր վրայ հատոր մը ո՛չ միայն փառասիրութիւն մը, այլեւ թերեւս հոգեկան խորունկ յաղթանակ մը պիտի կազմէր, այնքան իրաւ են իր տպաւորութիւնները այդ կախարդական աշխարհէն։ Չէ ըրած, պարզապէս օտար գրականութեանց վրայ իր ուժերը վատնելու պարկեշտ վերապահութեամբը արգիլուած) հակառակ անոր, որ ԺԹ. դարը եւ քսաներորդը եւրոպական մշակոյթ ան ունի իր ջիղերուն բջիջային դրութեան մէջ։ Տպաւորապաշտ Զարեանին համար Սպանիան առիթ մըն է, Էլ Կրէկոն ոգեկոչելու։ Կը սահին էջերը, յայտնութենական, շքեղ, գունագեղ, բայց խնդրական, անձնական, որով եւ քերթողային, այսինքն՝ Կրէկոյին հետ հազիւ տարրական աղերսով մը։ Հոս է վտանգը տպաւորապաշտ քննադատութեան։ Քերթուա՞ծ մը։ Ինչո՞ւ չէ։

Oշական ամուր գծելով իր հասողութեան ու ցանկութեան շրջանակները, մա՛նաւանդ իր ժողովուրդին պարզած իրողութիւնը ստիպուած նկատի առնելու, տպաւորապաշտ իր քննադատականները վերածած է աւելի համեստ, բայց աւելի իրաւ աշխատանքի մը։ Չէր կրնար իմաստասիրական յաւակնոտ portulatներ իրեն օգնութեան կոչել, գետնի մը վրայ, որ իր ժողովուրդին պայմաններով էր կնքաւոր։ Ի՞նչ էինք ունեցած, որպէսզի Օշական անոր վրայ կիրարկեր այդ տեսութիւնները։ Անշուշտ Չօպանեան երբ Նարեկացի մը կամ Քուչակ մը մեզի առաջարկեց իբրեւ միջազգային մեծ փառքեր, կը գիտակցէր իր ըրածին այս ժողովուրդին մէջ հպարտութեան, փառքի, մեծութեան լռած քոմփլէքսները վերստին կեանքի կանչել։ Ձգտումը այսպէս որոշադրելէ վերջ, կը մնար անոր դատողութիւնը կշռել, նախ ինք իր մէջ, այսինքն՝ գրագէտի իր խղճմտանքին խորը, ապա միջազգային արժէքներու ատեանին։ Արդ, Նարեկացիէն որեւէ աղօթք, ամբողջութեամբ փոխադրելի չէ որեւէ օտար լեզուի, վասնզի վանեցի բանաստեղծը կ՛անգիտանար չափը, ներդաշնակին մտատեսութիւնը, կարգին ու բանաւորին կշիռը, դնելու համար շեշտը այս վերագրումերուն հակառակ կիրքերու վրայ։ Հետեւիլ զգացումին, մտածումին, յուզումին, ասիական ծայրայեղութեամբ մը, մոլեգնութեամբ մը։ Ու եթէ երբեք այս մեծ բռնութիւնները մեծ խառնուածքներու կը մնան յայտարար, արուեստի գործ մը կրնան վտանգել։ Այդ դարերին մենք ունէինք աւելի պարզ, աւելի իրաւ աղօթքներ, որոնց մարդկայնութիւնը մեզ կը յուզէ ամէն բանէ ա/319/ռաջ։ Հետեւաբար Օշական չի կրնար իր տպաւորութիւնները թողուլ, որ արշաւեն իր մտքին բոլոր արձակութիւններէն։ Ոչ մէկ նկատում զինքը պիտի արտօնէր մեծ, կատարեալ գրագէտ մը տեսնել այդ անհաւասար, կարգ մը տեղերու մէջ շատ խորունկ ու իրաւ, ուրիշ շատերու մէջ ծանծաղ ու հռետորեալ բանաստեղծին մէջ։ Ասիկա ահա չհասկցան մարդիկ, երբ տեսան սա իմացական պարկեշտութիւնը գործադրուած մեր օրերու արժէքներուն ալ վրայ։ Տպաւորապաշտ քննադատութիւնը, ուրեմն տոկման կը կործանէ, բայց պիտի ըլլայ զգաստ նոր տոկմաներ առաջարկելէ։ Մեր մէ՞ջ։ Անշուշտ։ Կարելի է հատոր մը գրել վանեցի եկեղեցականի մը, օրինակի համար Խրիմեանի մը վրայ, մեկնելով շատ հաստատ ու տարօրինակ հակասութենէ մը, որ այդ մարդուն գրական վաստակն է, գրեթէ բացարձակ ու շքեղ վրիպանք մը, բայց հասնիլ նոյնքան բացարձակ ու շքեղ արդիւնքներու, այս անգամ այդ մարդուն հոգին տաղաւարող ապրումներէն կամար կապած մեր պատմութեան մէկ շրջանին …։ Տպաւորապաշտ քննադատութիւնը մասամբ կարելի կ՚ընէ այս կարգի աշխատանք մը։ Գրագէտին նուաղումը իր հարազատ իմաստէն Օշական կը կարծէ փոխարինել անոր աշխարհին միշտ աւելի ընդարձակ, միշտ աւելի հաստատ թելադրանքներովը։ Որքան դիւրի՛ն այսօր մոռնալ այդ մարդուն դիրքերը, բայց որքան դժուար ստուերել զինքը։ Մենք նեղութեան մէջ չենք երբեմն մարդն ու գործը հաւասարապէս խորտակելու։ Ի՞նչը կ՛ազատի Թովմաս Թերզեան անունով պատմական փառքէն, գո՞րծը, թէ մարդը։ Հարցուցէք ու պատասխանը ձեզմէ դուրս, ասկէ ու անկէ նպատակաւոր գովեստների մի սպասեք։ Այդ պատասխանը չկայ այդ մարդուն մէջ, որ իր հասունութեան վերջին երեսնամեակը ծախեց թուրքերուն, միջուկ քառորդ դարը վատնեց սուտ ու փուտ բանաստեղծութեան մը արգահատումներուն ու առաջին քսանն ալ իր հասակի նիւթեղէնին։ Տպաւորապաշտ քննադատութիւնը անկարող է մեր 1870ը արժեւորել այդ մարդուն ընդմէջէն, քանի որ ունինք այդ շրջանը տիրաբար նուաճող ուրիշ դէմքեր, քերթողներէն, ինչպէս վարժապետներէն։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը շքեղ առիթ մըն է նման աշխատանքի մը համար։ Անբաւարար Մատթէոս Մամուրեանը կու տայ մեզի հաստատ պատեհութիւններ շրջանի իմացական բարեխառնութիւններէն։ Մամուրեան իր ամսականը կը նետէ իր թերթին կաթսային։ Թերզեան ֆրանսերէն քերականութիւններ, թարգմանութեան ընթացքներ կը հրատարակէ, որոնք իրեն կը բերեն ո՛չ միայն շահաւոր դասեր, այլեւ՝ նիւթեղէն սեր մըն ալ։ Այս տեսութիւնները քիչ անդին պիտի տարուին իրենց անդրագոյն հետեւու/320/թիւններուն։

« Համապատկեր »էն կը զատեմ Օշականի տպաւորապաշտ քննադատականները բոլորն ալ դէմքերէ աւելի երեւոյթներու շուրջ, երբեմն արագ, երբեմն խորունկ դիտողութիւններով պաշտպանուած, գէթ մեր հրապարակին համար հիմնովին նոր ու իրենց ներքին տարողութեամբն ալ բացարձակապէս զերծ հրապարակագրական սնոտիքէն, շողոմէն, շահադէտ հաճոյակատարութենէն։

« Վկայութիւններ »ը Մայր Սուրբ », « Աղաչեմ զանփոփոխելի ») վերլուծումներ են, մեր մէջ իրենց նմանատիպը չունեցող։ Օշական քառսուն տարիներու վրայ բացատրած է մեր գրականութիւնը իր աշակերտներուն։ Այդ դասերէն շատերը նոթագրուած են տղոցմէ։ « Հայ գրականութիւն » դասագիրքը ունի անոնցմէ նմոյշներ։ Բազմաթիւ ուրիշներ կը քնանան աշակերտներու տետրակներուն մէջ։ Oշական հեղինակներու արժէքը գնահատելու համար ունի անվրէպ չափանիշ մը։ Ատիկա անոնցմէ լաւագոյն նկատուած կտորին կամ կտորներուն մանրամասն վերլուծումն է, այնպէս՝ ինչպէս կ՛երեւի գործադրումները « Հայ գրականութիւն » հատորին նախաբանին կամ մարմինն ի վար։ Ամէն մէկ բառ, ըսելիք ունեցող գրողի մը, Oշականին առիթ կու տայ այդ թելադրանքները մէկիկ-մէկիկ հանելու։ Մէկ քառեակ քերթուած երբեմն ժամ մը լեցնող ծորումներու թելադրիչը կ՛ըլլայ։ Իր աշակերտները կը վկայեն յաջորդական ժամերու վրայ երկարող վերլուծումներու կտորներու շուրջ, որոնք, սովորական բացատրեալ ընթերցանութեան մէջ, կը՛լլան ձանձրոյթի անվրէպ պատճառ։ Եւ որովհետեւ կեանքի ապրուած ժամանակը հազիւ մեզի կը թելադրէ իր անհունութիւնը, մեռնելէ վերջը կը գտնէ իր շքեղ տարողութիւնը արուեստի գործին ներսը։ « Համապատկեր »ին ընթացքին մէկէ աւելի անգամներ Օշական կատարած է այդ աշխատանքը։ Տպաւորապաշտ քննադատութիւնը օրէնքներ չունի որոնցմով սպառնայ։ Մեր տպաւորութիւնները մենք մեր ապրանքները կը դաւանինք։ Ու չենք կասկածիր, որ անոնք յաճախ ներկուած, շինուած, պատրաստ կը ներկայանան մեզի։ Գործադրեցէք զգոյշ կեցուածքին մեթոտը ձեզի տրուած որեւէ կտորի վրայ, դուք պիտի տեսնէք, որ կը խաբուիք, խաբուած էք յաճախ։ Մի ըսէք, թէ առնուազն աւելորդ շնորհաբաշխութիւն կամ հակառակէն՝ անգութ շնորհազրկութիւն է Վարուժանի մը մէջ տեսնել կարծել բանաստեղծէն չմտածուածը կամ Թերզեանի մը այնքան գուրգուրագին խնամքով մը տրուածը վերածել սուտ բառակոյտի մը։ Կը ղրկեմ ձեզ Թերզեանին Համապատկեր », Կրտսեր ռոմանթիքներ), ուր վերլուծուած է այս մարդէն /321/ քերթուած մը։

Ի՛նչ է որ տեղի կ՛ունենայ, օրինակի համար, « Աղաչեմ զանփոփոխելի » վկայութեան մէջ։ Կ՚ընտրեմ այդ կտորը, վասնզի մեր օրերու բոլոր խնդրական, անխուսափելի նկատուած ազդեցութիւններէն հեռու կը մնայ։ Ի վերջոյ, մարդիկ Օշականին յարձակողականը Սիպիլի մը վրայ, ի բանաստեղծութիւն, կրնան բացատրել ջանալ իրենց մտքին ներկայանալի բոլոր խենթ ու խելառ նկատումներով կամ անոր խանդավառութիւնը ենթարկել դարձեալ նմանօրինակ ձգտումներու, Վարուժանի մը համար։ Նարեկացին դուրս է այս անտեղութիւններէն։ Ուրեմն՝ Օշական իր առաջին ունի 40-50 տող սովորական դարձած աղօթք մը։ Իր ընելիքը։ Ամենէն առաջ փնտռել այդ բառերուն ետին մարդ մը: Ասիկա անոր համար, վասնզի մեր բառերը շատ անգամ չէզոք, անկնիք հաւաքումներ, բառարանէն չոր-չոր հանուած ու քովէ քով դրուած։ Եկեղեցական գրականութեան մէջ այդ դժբախտութիւնը աւելի ընդհանուր է, որովհետեւ աւելի դիւրին։ Նոյն այդ Գրիգոր վանականը հարիւրաւոր էջերու վրայ այդ բառերու խաղն է խաղցած, բայց « Աղաչեմ զանփոփոխելի »ին մէջ, թերեւս առանց ալ գիտնալու, ինքզինքը իր բոլոր ցաւերովը, վախերովը, երազներովը պառկեցուցած է բացառիկ կենդանութեամբ մը։ Անգամ մը որ այս հաստատումը կատարուած է ընթերցողին կողմէն, այսինքն՝ գտնուած մարդը, բառերուն ետին, պարտքը կը ծանրանայ այդ մարդը ճանչնալու, ոչ իբրեւ մատենագրութեան հերոս մը, կամ եկեղեցական պատմութեան սրբազան աշխատաւոր մը, այլ ա՛ն՝ որ այդ վանականն էր այդ տասներորդ դարու վախճանին։ Ժամանակին միջամտութիւնը հոմանիշ է պատմութեան ։ Ու պատմութիւնը միշտ կեանք է, չենք մոռնար ատիկա։ Ուրեմն՝ Ժ. դարու վանական մը։ Ո՞ւր։ Հարցումին պատասխանը պիտի ըլլայ երկիր մը, կայք մը, ժողովուրդ մը։ Ու ահա իրարու ետեւէ ձեր մտքին մէջ պիտի շինուին տեքորը, դրուագները, տագնապները, դարուն յատկանշական խռովքները, ու ատոնց ճամբով շրջանային հոգեխառնութիւնները, իմացական դրութիւններ, լման մարդկութիւն մը ու լման տառապանքներ։ Այս բոլորը, նախապէս, որպէսզի ամէն մէկ բառ թաթխուի մեր վերակազմած հոգեղէն հեղանուտին մէջ։ Ասկէ անդի՞ն։ Բայց կը ղրկեմ ձեզ « Սիոն » հանդէսին, ուր յաջորդական երեք յօդուածներու վրայ կատարուած է բառերուն տարրալուծումը։ Հոն պիտի տեսնէք, որ այդ վանականը իւրաքանչիւր բառին ետին դրած է իրեն համար տարօրէն կենդանի, իրաւ, խորունկ զգայութիւններ, այն աստիճան, որ երկունքէն ասդին տասը դարեր անբաւական են /322/մնացած զանոնք պաղեցնելու։ Բայց այդ հաստատումը սկիզբ մըն է միայն, անխուսափելի պայմանը արուեստին։ Կը բացուին հետզհետէ, այդ զգայութիւններուն ճամբով, այդ դարերուն հոգիին հիւլէական դրութիւնը, եթէ կը ներուի այս նմանութիւնը։ Միշտ ու միշտ այդ զգայութիւններուն ճամբով մենք կրնանք ունենալ շատ աւելի յատկանշական, խորունկ, աւելի վար դարերու հրիտակ ուրիշ դրութիւններ, որոնց կրկնումով, կրկնումով, կրկնումով է, որ գոյաւորեր է այն դրութիւնը, որուն մէկ միութիւնն է Գրիգոր այդ վանականը։ Ասիկա անշուշտ ձեր մտքին մէջ կ՚արթնցնէ համբաւաւոր տեսութիւն մը, արուեստի գործը բացատրել յաւակնող ( հելլէն թէորին) բայց զերծ է անոր խստապահանջ պարտադրումներէն։ Քանի որ տաղանդին, հանճարին, բացառիկ կարողութեան (faculté maitresse) խորհրդաւոր, մթին տարազները կը վերածէ զգայութիւններով աւելի յաւակնոտ բառով մը՝ տպաւորութիւններով բացատրելի իրականութեան մը։ Ընդունուած է, որ զգայարանքները աստիճաններու անտուն տարբերութիւններ կը պարզեն մեր մէջ։ Ու անոնցմով մեր կրածը (դէպի կեդրոնական մեքենան, ուղեղը) հարկադրաբար կը կրկնէ այդ տարբերութեան թոնալիթէները ։ Գրիգոր վանականը, տպաւորութիւններու այս կարգի պաստառով մը օժտուած իր ուղեղէն պիտի անդրադարձէ անոնց ազդեցութիւնները եւ ուրիշ ոչինչ: Ասիկա գեղագիտական տեսութիւն մը չէ, ոչ ալ աժան–կարապետ տարազ մը դժուար ըմբռնելի իրողութիւնները գռեհկօրէն պարզաբանող։ Ամբողջ տագնապը կը կայանայ գտնելու մէջ աստիճաններու որոշ տախտակներ, որպէսզի նոյն ժամանակէն ու նոյն ապրումներէն, ինչպէս վերը դիտել տուի, Պետրոս Դուրեան մը հանէ անմահ քերթուածներ ու… Սիմոն Ֆէլէկեան մը անկշիռ քառակոյտ։ Դիւրի՞ն՝ քիչ մը աւելի սեղմել առաջարկուած տարազը, որպէսզի հասնինք ինքնատպութեան եւ ուրիշ խոշոր բառերով յոխորտագին իրենց փառքերը դարուց ի դարս լաստակերտած մոգական ուրիշ յատկութիւններուն սնոտիքին։ Մէկը պիտի խորացնէ իր տպաւորութիւնները, պիտի ապրի անոնց արթնցուցած խռովքը շատ աւելի երկար աստիճաններու վրայ, քան միւսը, որ պիտի գոհանայ առաջին իսկ շփումին յոյզերովը ու պիտի անցնի իր գործին, այսինքն՝ ուրիշ կարգի զգայութիւններու քաղին։ Ու ասիկա այսպէս, ամէն օր ու ամէն ժամ, մինչեւ որ տպաւորութեանց ուրուագծին մեքենականութիւնը գուլնայ, ընդունող գործարանը հաստնայ ու այլեւս երկուքն ալ կորսնցնեն իրենց հրաշահիւս առաձգականութիւնը, դառնալու համար իրենց դերէն ինկած, բժշկական բառով մը՝ sclerosé օրգան/323/ներ։

Ուրեմն՝ դուք « Աղաչեմ զանփոփոխելի »ն պիտի հասկնաք ա) իբրեւ մարդու մը ձայնը, բ) իբրեւ մտայնութեան մը փաստը, 4) իբր տեղի մը եւ ժամանակի մը արձանագրութիւնը, դ) իբր ժողովուրդի մը մասնաւոր ու հաւաքական ապրումներէն սուղ, ամփոփ, թելադրիչ վկայութիւն մը, ե) իբր գրականութեան մը կնիքը կրկնող վաւերաթուղթ մը եւ, վերջապէս, զ) իբրեւ գրական էջ մը ։ Ուրի՞շ։ Oշական տպաւորապաշտ թեքնիքին ծիրը կը յաւակնի ընդարձակել ու արուեստի գործին համար նախապայման նկատել իր, սեպհական տպաւորութեանց աստիճանը։ Կը զգաք վտանգը անշուշտ։ Օրէնքներ, խոշոր վարդապետութիւններ, մա՛նաւանդ իմաստասիրական ծանր պատգամներ պիտի ցցուին ձեր մտքին մէջ, այս աժան կառոյցը դատապարտելու համար։ Բայց մի յուզուիք ու անդրադարձէք հանդարտութեամբ սանկ սերունդի մը կեանքին մէջ այդ տեսութիւններուն, օրէնքներուն ճակատագրին։ Հեռու չեմ երթար։ 1900ին Սիպիլ անզուգական քերթողուհի մըն է, Արեւմտահայ գրականութեան կամահաճ ու վճռական հաւաստումովը։ Պատմեցի՞ ձեզի, թէ 1913ին հայ գիրերու գիւտին 1500ամեակին առիթով « Ազատամարտ » օրաթերթի բացառիկին մէջ անկէ ստորագրուած « Հայ լեզու » քերթուածը ինչ տրտում հեգնութիւն ու ցաւագին հիասթափման առիթ կը դառնար գրողներու այն խումբին համար, ուր հինն ու նոր իրարու կը բերէին իրենց հիացումները, խորունկ յարգանքով ոգեկոչելով թարգմանութիւններուն շքեղ իմաստը եւ կը մերժէին տասը տարի առաջուան մեծատարած փառքի մը իրաւատէր իշխանուհիի մը տկլոր շնորհ մը քերթուած մը գրելու։ Ու եղերականը հոն էր, որ իրաւ բանաստեղծ Վարուժանը եւ իրաւ գրագէտ Զարդարեանը, ինչպէս հերետիկոս Օշականը այդ տպաւորութեանց մէջ, այդ քերթուածէն, կը մնային տարօրէն հաւատարիմ իրարու։ Փոխուա՞ծը։ Անշուշտ։ Փոխուա՛ծը՝ լաստակերտեալ օրէնքներուն դրութիւնը, տարազներուն, պատուիրանքներուն մատեաններէն մեր ակնածանքը։

Այդ սկեպտութեամբ, Օշական աւելի մօտիկն է քիչ պատրուելու, քան անոնք, որոնք կը հաւատան գիրքերով ուսանելի պատգամներու կշիռին։ Եւ որովհետեւ տպաւորապաշտ քննադատութիւնը կը սնանի տպաւորութիւններով, զայն կիրարկող մը պիտի տայ ընթացք իր ալ տպաւորութիւններուն, որոնք կը յառնեն հետը, քովէն, ներսն ու դուրսը վերլուծուած գործին։ Կը կարդանք զանոնք որքան ատեն, որ շահեկանութիւն, նորութիւն, ջերմութիւն կը հաստատենք մեր տպաւորութեանց մէջ։ Վէ՞պ, ուրեմն, քննադատութիւնը։ Ի՞նչ գիտ/324/նամ։ Ի՞նչ է վէպը, եթէ ոչ կեանքը։ Ու ի՛նչ է քննադատութիւնը, եթէ անիկա մեր մէջը անկարող կը մնայ տպաւորութիւններ յուզելու իր աւագ, բացառիկ դերէն։

Քննադատութիւնը արժէքներու կրկէ՞ս մըն է։ Եթէ կ՚ուզէք։ Բայց այդ կրկէսը ըլլալէ առաջ՝ անիկա ապրումներու հանդէս մըն է։ Ու պէտք կա՞յ յիշեցնելու, թէ ո՛ր աստիճան ընդարձակ են մեր ապրումները։ Մէկ ժամուան մէջ քանի անգամ մենք կ՚անցնինք մէկ դրութենէն (հոգիի) միւսը, երբեմն տրամագծօրէն իրարու հակադիր։ Օշական անձեր, վիճակներ, մտայնութիւններ, դարաւոր նախապաշարումներ ենթարկած է վերլուծման, առանց բաւարար փաստեր դիզելու արժէքներու նժարին։ Մարդիկ այս ժլատութիւնը շփոթեցին յաւակնութեան ու չտեսան, որ իր իրագործումները, որոնք խորունկ հիմքերու կը կռթնին (զանազան տեղեր, զանազան հեղինակներու կտորներուն, գործերուն վերլուծումը անոր կարծէր բազմաթիւ էջեր։ Չորս տող Սայաթ-Նովա երբեմն իրեն կ՚արժէր դասապահ մը ամբողջ)։

Գաղափարները քննադատութի՞ւն մը։ Ինչո՞ւ չէ, քանի որ ամէն տպաւորութիւն վերջ ի վերջոյ կը վերածուի վերացեալ ձեւի մը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ համբաւաւոր գաղափարը։ Կ՚ըսեմ ասոնք պարզագոյն պարկեշտութեամբ մը։ Ի սկզբանէ էր ապրումը: Բայց այդ ապրումը կերպարանքի տակ ձգելու, անոր ներսը բաժիններ, խորշեր, աւելի խորունկ ու ընդարձակ թրթռումներ, յարաբերութիւն, փոխադարձ ազդումներ ընդունելու պէ՞տք մը։ Ինչո՞ւ չէ։ Ու կ՛ունենանք տեղէ տեղ, ժողովուրդէ ժողովուրդ, դարէ դար մէկ ու նոյն յատակէն բխած ապրումներուն ներսն ու դուրսը, բոլորովին տարբեր կերպարումներ։ Մշակո՞յթ։ Ի՞նչ գիտնամ։ Գիտեմ միայն, որ Ժ. դարու շարական մը, ճանկիւլիւմ՝ մը, Կոմիտասի յարդարած մէկ համերգը կու գան նոյն սրբազան աղբիւրէն, որ այս ժողովուրդին հոգիին ակունքն է, բայց որքան տարբեր մարմիններով։

Տպաւորապաշտ քննադատութիւնը դրութիւն մը չէ։ Ըսի, թէ չունէր օրէնքներ։ Ըսի՞, թէ կը մնար ենթակայ միայն ու միայն կեանքին, որ անիմաստ տարազ մը չէր, գէթ սա ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Օշականին վէպը, թատրոնը վերածելի եղան այդ մոգական տարազին։ Ի՞նչ կայ տարօրինակ, եթէ երբեք զայն կը գտնենք գետինի մը վրայ, ուր անոր դժուար կը թուի ընթանալ։ Բայց Օշականի համար մտածումն ու ապրումը նոյն երեւոյթին երկու անուններն են եւ ոչ թէ խրամատներով, անդունդներով իրարմէ բաժնուած, ի/325/րարու հակադրուած երեւոյթներ, առանձին, առանձին։

Խօսիլ նման ըմբռնումի մը առաւելութիւններէն, վտանգներէն, պիտի նշանակէր քննադատութեան քննադատականը։ Կարդացեք այդ մարդուն տպաւորապաշտ էջերը, միշտ փորձելէ ետքը նետել ձեր մէջէն հրապարակով տիրած նկատումներուն սարիքը։ Պիտի տեսնէք, որ այդ մարդը բան մը կ՚ըսէ։ Զոր ազատ էք մերժելու, եթէ երբեք դուք ունիք անկէ աւելին ձեր ներսը։ Բայց ի յառաջագունէ մի դատապարտէք զայն, միշտ ձեր սորվածին հակելով։ Մի արհամարհէք անոր առաջարկած զգայութիւններու փորձը, քանի որ այնքան դիւրին է ատոր հակակշիռը։ Առէք, օրինակի մը համար, Ալիշանի մէկ քերթուածը ու կարդացէք ուշադիր։ Եթէ զգացիք հոն ինչ որ հեքիաթը դրած է այդ քերթուածին ետին, այն ատեն երանելի էք։ Այսինքն՝ կը պատկանիք ուրիշ զգացական դրութեան մը, եթէ երբեք զգաք հոն ենթադրուածը։ Արդ, եղէք պարկեշտ, ձեր զգայութիւնները անաղարտ պահելու եւ ոչխարամտութեամբ չհետեւելու ասկէ–անկէ թելադրուած կարծրացած խօսքերու կշիռին։ Օշականին աս է պահանջը։ Ասիկա չի նշանակեր կոտրել, կործանել, թափել։ Ազգը իր սրբութիւններուն պատկառանքին մէջ չի պառակտուիր, եթէ երբեք հին ու նոր գրողներէ ձեր տպաւորութեանց հանդէպ դուք, այդ ազգին մէկ կտորը, ըլլաք պարկեշտ։

Կա՞յ տպաւորապաշտ որակուած քննադատութիւնը պաշտպանող առաւելութեանց գումար մը։ Ուրիշ խօսքով՝ այս տողերէն յիսուն տարի վերջը կարելի պիտի ըլլա՞յ կարդալ որեւէ տպաւորապաշտ էջ, ոեւէ քննադատէ։ Հոս է ահա տագնապին ծանրութեան կեդրոնը։ Գիտենք պատմութենէն, որ քննադատական ամենէն կազմակերպուած դրութիւնները, ինչպէս իրաւ գրագէտներէ ստորագրուած շատ ու շատ փառաւոր էջեր այդ կրթանքէն, այսօր մեզ կը ձգեն հիմնովին անտարբեր։ Նորութիւնը, թելադրականութիւնը, գրուածքին կատարելատիպ յաջողուածքը շատ–շատ սերունդի մը քով կշիռ մը կը ստանան, յաջորդին մօտ աղօտելու, աւելի յաջորդին մէջ փոշիանալու ճակատագրով մը։ 1895ին մարդիկ հիացումով կը վայելէին՝ « Ծանօթ դէմքեր »ը (Զօհրապ), տասը տարի վերջ Նորավէպի Իշխանին այլապէս պերճ փառքը կը պաշտպանէր զանոնք տակաւին։ 1920ին այդ կտորները, տպաւորապաշտ քննադատութեան թեքնիքովը ուրուագրուած, արդէն ցուրտ մեռելներ էին։ Ու ո՛վ դժբախտութիւն, անոնց հեղինակին վրայ Արշակ Ալպօյաճեանէ հաւաքուած կենսագրական տեղեկութիւններու շարքը կը գտնէր շատ աւելի պարկեշտ դեր մը, ըսել կ՛ուզեմ՝ թիւերուն ու ծանօթութիւններուն /326/ ստերջ, անանձն բարիքը։ Մարդիկ այլեւս չէին զգար « Ծանօթ դէմքեր »ը այնքան համեղ, սրամիտ, կենդանի ընծայող շեշտը տաղանդին ու գոհ էին, որ անոնց հեղինակին վրայ անկնիք, չոր, հետեւակ տեղեկութիւններ կը լիացնէին իրենց հետաքրքրութիւնը։ Ու աւելի մեծ գրականութեանց մէջ ուրիշ չեղաւ բախտը այդ քննադատութեան։ Հիացիկ հեշտանքով վայելուած հատորները (Պուրժէ, Ա. Ֆրանս, Ժ. Լըմէթր) տպաւորապաշտ քննադատութեանց այսօր աւելի քան մեռեալ տարր են, մինչ այդ անուններէն մեզի եկած ստեղծագործական ուրիշ վաստակներ դեռ կը պահեն կեանքի որոշ, թէեւ շատ աղօտած ջերմութիւն մը։

Օշական պատրանքի մարդը չեղաւ։ Ու այդ գետնին ալ վրայ անիկա պիտի մնայ հաւատարիմ իր զգայութիւններուն։ Օսքար Ուայլտի intentionները գրուած են անցեալ դարավերջի ամենէն շլացիկ ոճովը ու պատճառած են մեծ խռովքներ։ Այսօր այդ մարդուն անյաջող մէկ թատերախաղը աւելի տեղ ունի մեր հետաքրքրութեանց ծիրէն ներս։ Նոյնն է պարագան Անտրէ Ժիտին, որուն տպաւորապաշտ նշմարանքները կը կրկնեն intentionներուն ճակատագիրը։ Իր վրայ խօսեցուցած « Ի՞նչ է արուեստը » (Թոլսթոյ) հատորին փառքը մոխիր իսկ չունեցաւ։ Ու, աւա՜ղ, ստիպուած եմ հոս յիշել մեծագոյն գրագէտին ալ կորանքը, կործանումը նոյն այդ գետինին վրայ։ Խօսեցայ առաջները, Տոսթոեւսկիի essaiէն Պուշկինի վրայ։ Հոս կը խօսիմ նոյն հեղինակին « Գրագէտի մը օրագրէն » (Le journal d՛un écrivain), որ հիմնովին անշահեկան է գրեթէ իր բոլոր մասերում մէջ։ Տոսթոեւսկի իր վէպերը ըրած էր մրցարան այդ հարցերուն, որոնց կորիզները կը կազմեն « Օրագիր »ին մտածումները, նկատողութիւնները։ Ո՞ր հրաշքին գնով այդ հարցերը, վէպերուն ներսը, այսօր ալ կը պահեն իրենց շահեկանութիւնը, երբ չեն կարդացուիր « Օրագիր »ին մէջ։ Բայց գաղտնիք չէ շահեկանութիւնը Կոնքուր եղբայրներու օրագիր ին։ Ֆլոպէռի թղթակցութիւնները տպաւորապաշտ էջեր են, քիչ մը անձնական տարողութիւնով։ Նոյնիսկ թխածոյ օրագիր ը Ամիէլին մեզ կը հետաքրքրի որոշ մասերուն մէջ։ Այս յիշատակութիւնները կը ձգտին բան մը ապացուցանել։ Տպաւորութիւնները երբ կու գան կենդանի իրականութենէն, իբր այդ կը պահեն բաներ մը օր մը կրկին մեզ յուզելու։ Բայց երբ կու գան թուղթերէ, այսինքն՝ շուքերէ, դատապարտուած են գրեթէ անվերադարձ։

Oշական գիտէ այս ամէնը։ Ու կ՚ըսէ ահա պարզութեամբ, որքան քաջութեամբ։ Հիմա կը խորհիմ, թէ ընթերցողը չի դժուարա/327/նար Օշականի կեցուածքը հասկնալու քննադատութիւն որակուած իրողութեան դէմ։

Թէ այդ էջերուն մէջ անիկա դրած է շատ տեղեր անձնական ապրումներ, բաւական չէ, որպէսզի պաշտպանուին այդ կտորները։ Թէ այդ էջերը ստեղծած են իր վարկը, դէպի փառքը ինչպէս քարկոծումը, դարձեալ ոչինչ կը փոխէ անոնց ճակատագրէն։ Թէ այս ամէնը իր մտքին մէջ յստակ ունեցող ու մա՛նաւանդ նիւթական անբաւարար իր միջոցները այսքան ապերախտ վաստակի մը վրայ լիաբուռն սպառող յիմար մը, իր ձեռքերովը կործանած է իր բուն գործը, ստեղծումին գործը, այսօր այլեւս անծածկելի ողբերգութիւն մըն է։ Անիկա չէր ալ սպասարկեր արուեստին օտար ազդակներուն։ Թերեւս իր ձախողանքին մէջ առաւելազանց դերը իր քննադատական յարձակումները ունեցան։ Բայց «ինչ արա՜ծ»։ Մենք կ՚ընենք ո՛չ թէ մեր ուզածը երբեմն, այլեւ՝ անոր ճիշդ հակառակը։

Չափով մը անշուշտ ներելի արկածախնդրութիւն, իր տպաւորապաշտ քննադատութիւնը։ Բայց ինչպէս խուսափիլ ծանրագոյն մեղադրանքէն, որ « Համապատկեր »ն է, ընդարձակագոյն կառոյցը մեր մէջ քննադատութեան։ Ի վերջոյ աւելի քան չորս հազար էջերու վրայ թափել իր այնքան լրջօրէն վտանգուած ուժերուն վերջին կայլակները, կարդալ երեք-չորս սերունդի վաստակը խղճմտութեամբ, տառապանքով, խորագրգիռ ու հեւասպառ, այս ընթերցումին պարտադրել դրութիւն մը, պատմական կառոյցի մը կերպարանքը։ Ոսկանի վրայ գրած պահուն հալածել Պարթեւեանին ուրուականը։ Մամուրեան մը իր ճիշդ չափին բերելու համար խղդուիլ այդ մարդուն իր հետ գերեզման իջեցուցած փառքին փոշիէն։ Ալիշան մը արժեւորելու համար աչք առնել ամենէն ստորին խաղարկութեան մը հետեւանքները։ Ու տարիներով խաղալ իր կեանքին հետ։ Վսե՜մ է, արդարեւ այս յիմարութիւնը։ Բայց դարձեալ, «ի՜նչ արած»։

 


 



[1]     Աշխատանքէն լոյս տեսած կտորներն են « Եղիշ է» ( Բալուեանի « Զուարթնոց »ը), « Փարպեցի » (Ազգային Հիւանդանոցի « Տարեցոյց » մը, չեմ յիշեր տարին), « Մովսես Կաղանկատուացի » Սիոն », չեմ յիշեր տարին)։ Ահա ցանկ մը « Գողթան երգեր », « Ագաթանգեղոս », « Փաւստոս Բիւզանդ », (որ լոյս տեսած է Թէոդիկի « Տարեցոյց »ներէն մէկուն մէջ), « Յաճախապատում », « Եզնիկ », « Խորենացի », « Յովհաննէս Կաթողիկոս Դրասխանակերտցի », « Գրիգոր Նարեկացի », « Գրիգոր Մագիստրոս », վերջին երկուքը բաւական ընդարձակ։ Ու ԺԲ. դարը ամբողջ « Ներսէս Շնորհալի », « Ներսէս Լամբրոնացի », « Յովհաննէս Սարկաւագ », « Մատթէոս Ուռհայեցի », « Մխիթար Հերացի », « Մխիթար Գօշ »։ Այդ շրջանին նկարագիրները քիչ մը աւելի լայն արտահանուած։ Ամբողջական պարագրկումին համար պակսածը նիւթեղէնն է ու... ժամանակը: Այս անուններէն Մագիստրոս, Նարեկացի, Շնորհալի, Լամբրոնացի գտած են լրիւ ուսումնասիրութեան մը նախապայմանը արդարացնող յօրինուածք։ Օշական այդ մարդերը թաթխած է իրենց շրջաններուն հոգեխառնութեանցը ծոցը ու հետապնդած անոնց մէջ ցեղային գիծեր, հայ հոգիին շառայլները։

[2]     Մշակումը Օշականի աշխատանքին մէջ ունի սեպհական նկարագիր: Մի շփոթէք զայն ամբողջացման, յարդարման ու արդուկի սովորական խնամքին հետ: Օշական երբեք չէ աւրած։ Մշակումը նախագիծը վերածելն է, իր մօտ, մարմինի։ Գիծերը չեն հանուիր անշուշտ, ուրիշներով փոխարինուելու համար։ Գիծերը կը լեցուին միսով, որպէսզի ստանան կենդանի մարմինին կերպարանքը։ Այս հաւաստո՛ւմը՝ որպէսզի դադրին տարակոյսները, որոնք գրական քննադատութիւնը մեր մէջ ըրած են տրտում փառասիրութեանց օժանդակ զէնք մը։ Իր մտածումին յատակը Օշական պահած է մէկ ու անայլայլ։ Մարդիկ, գէշ կարդացողներ, գէշ վարժութիւններու իբր արձագանգ, Օշականի էջերը կը հասկնան այնպէս՝ ինչպէս կը փափաքին: Ատոր հարիւրաւոր փաստերը ստիպուեր եմ հանդուրժել։ Տարիներ առաջ Արշակ Չօպանեանի անձին եւ գործին շուրջ « Սիոն »ի մէջ հատուած մը « Համապատկեր »էն առիթ եղաւ այս կարգէ շփոթութեան մը: Ամերիկայէն գրողներ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին ինծի, որ վերջապէս արդարութեան զգացումը արթնցեր էր իմ ներսը։ Իրականութիւնը բոլորովին ուրիշ ծալքեր կը պահէր իր տակը։ Իմ վաղ պատանութենէս մինչեւ ալեւոյթս ես իմ խորունկ գորովը չեմ ծածկած Արշակ Չօպանեանի աշխատանքէն, դերէն, բայց երբեք չեմ ալ փոխած իր գրական հարազատ տարողութիւնը ճշդող իմ չափերը։ Ամէնքս ալ իր աշակերտներն ենք: Ահա իրաւ, «անստուեր» խօսք մը։ Բայց նոր չէ, որ աշակերտները անձերու սիրոյն պիտի մերժեն խելքին փաստերը։ Արշակ Չօպանեան « Համապատկեր »ին մէջ ունի իր աշխատանքին սրտաբուխ վարձատրութիւնը, վասնզի « Համապատկեր »ը չոր բեմ մը չէ վճիռներ արձագանգելու: Հոն իրենց տեղը կ՚արժեւորեն ոմանք` իրենց արդիւնքներով, ուրիշներ՝ իրենց դերովը, շատեր՝ իրենց նուաճածին կշիռովը: Կը զգա՞նք, թէ ինչպէս ծագում կ՚առնէ շփոթանքը։ Կը խանդավառուինք Արշակ Չօպանեանի դերովը, գրական սեռերու մշակման մէջ իր հետապնդած արդիւնքներուն քաղցր փառասիրութեամբը, բայց կը տրտմինք իր նուաճումներուն անկշիռ փաստին առջեւ։ Ու ասիկա այսպէս շատ մը տաղանդներու հետ: Օշականի գրական գաղափարները չեն, որ կը շրջուին, այլ գրականութեան մէջ ուրիշ ազդակներ շահարկելու իր զիջումն է, որ ծնունդ կու տայ անհեթեթ կարծիքներու։ Չեմ ըսեր, որ քսան տարուան պատանին ու վաթսուն տարեկան ալեհեր մարդիկը նոյն ակնոցները կը գործածեն։ Ատիկա անմարդկային պիտի ըլլար։ Բայց քսան տարուան պատանին ու վաթսուն տարեկան ալեհեր մարդը հազիւ թէ երանգային տարբերութիւններով կը կենան կեանքին հզօրագոյն իրողութեանց դիմաց ցաւ, սէր, երազ, փառք, խանդ կամ յուսահատութիւն։ Ու արուեստը այս տարրերով է կանգուն։ Ու այս տարրերը զգալու մէջ տարիքը, ըսի, շատ անկշիռ փոփոխութիւններ կարող է ներմուծել։ Ահա թէ ինչու Օշական` չէ շրջափոխած։ « Զուգակշիռ »ին մշակումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ տրուած որեւէ մտածման, դատումի, գնահատման փաստերը թափել սեղանի վրայ, որպէսզի գոհացում ստանան մարդոց հետաքրքրութիւնները: Դարձեալ մշակումը կը նշանակէ գրել, այսինքն՝ խօսքը գիրին տանող տիրական ծանրութիւնը գտնել, արտայայտութիւն (ոչ խնամքէ) կորով, շնորհ, գեղեցկութիւն մեր մէջ մէկ անգամէն չեն ամբողջանար, երբ դէմքի մը առջեւ ենք։ Խօսքը շփումն է, անդրանիկ ու անդարձ: Գիրը խօսքին բաշխումն է հոգիին ամբողջութեանը վրայ։

[3]     Թերեւս բանի մը կը ծառայէ հոս յիշել, թէ այդ տետրակէն դաս մը, « Վահան Թէքէեան », առաջին մշակումով մը պիտի վերածուի հարիւր էջնոց essaiի։ Վահան Թէքէեան տեսած է զայն։ Այդ essaiն, երկրորդ մշակումով մը, պիտի գրուի, ըլլալու համար երեք հարիւր էջնոց հատորը, որ ներկայացուած է Ս. Թարգմանչաց Դուրեան մրցանակին: Սկզբնական դասին վեց էջերը կրնանք կորիզը նկատել երեք հարիւր էջնոց հատորին։ Այս է ահա Օշականի մօտ մշակում կոչուած իրողութիւնը: Պատմեր եմ ձեզի, թէ « Մնացորդաց »ի Ա. հատորին Ա. գիրքին մէջ Հաճի Արթինին կենդանագիրը կը մեկնի սկզբնական չորս էջերէ։ Գրողի մը աշխատանքի եղանակը անշուշտ երկրորդական իսկ ազդակ մը չէ անոր գործին գնահատման համար, բայց անհրաժեշտ՝ այդ գործը հասկնալու ատեն։ Հեղ մը տուած եմ օրինակը լուղորդին, որ իր բազուկներուն ծիրովը կը փոխադրէ խորքին ջուրերը: Իր գրկա՞ծը. առա՛ծը։ Յաջորդական գրկաչափումները պիտի փոխադրեն աւելի վարերէն շատ աւելի մթերք։ Այսպէս կը բացատրուի խորութեան զգայութիւնը կարգ մը գրողներու գործին մէջ։