Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ժ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

/554/ «Երբ [1] այս տողերը կը յանձնուին մամուլին, հայոց գրականութիւնը գտած է իր օրկանիք միութիւնը, վերջ մը դնելով ափ մը ժողովուրդի մէջ մէկէ աւելի բարբառներու գայթակղութեան, մա՛նաւանդ մէկէ աւելի գրական հակամարտ ճակատներու։ Ա՛ն՝ զոր մտատեսութեան երջանիկ րոպէի մը Յ. Oշական պատգամած էր իբր հայաստանեայց գրականութիւն (1914, « Մեհեան » հանդէս, Պոլիս) իրականութիւն է այսօր։ Մեր այսպէս միացած, զօրացած, իր ճշմարիտ իմաստին արժանաւորուած գրականութիւնը ուրախ ենք, որ կը զգուշանայ սխալէն, կիրքէն, կոտորածէն, զորս կանխող դարու սկիզբները մենք կը հաստատենք արեւմտահայ գրական վաստակը կշռող աշխատաւորներուն մօտ, որոնցմէ ամենէն խստեռանդն ու աղմկայոյզ ներկայացուցիչ մըն էր Յակոբ Օշական։ Գրականութիւնները մարդկային է, որ պարզեն մարդոց առաքինութիւններն ու թերութիւնները։ Մենք, նորոգուած հայրենիքին աւելի բախտաւոր զաւակները պիտի չներենք մեր երջանկութեան նսեմ ապրումները, որոնց արձագանգը կը հաստատենք այսօր, երբ քիչ մը աւելի ուշադիր ու համակրագին, հետազօտենք մեր հեռու, մա՛նաւանդ մօտիկ անցեալին գրական վաստակները, աւելի ձերբազատ մտքով ու աւելի հաշտ, հայեցի հոգիով մը։

Իրականութիւն է, որ Արեւմտահայ գրականութիւնը իբր մտայնութիւն, ձգտում է իրագործուած արդիւնք ու գեղեցկութիւն ամբողջութեամբ այսօր կը պատկանի մեր անցեալին (թէեւ դեռ հոս ու հոն երեւին այդ գրականութեան վերջորդ փշրանքներ, մելամաղձոտ ոգեվարի հառաչներու նման, ինչպէս 1900ին հոս ու հոն կ՚ե/555/րեւային Մխիթարեան գրաբարով ու ոգիով գրական կտորներ Պոլիս ու այլուր) ա՛յն նշանակութեամբ, թելադրանքներով, որոնք կ՚առնենք Ոսկեդարու, տասներկուերորդ, տասնիններորդ դարերու գրաբարով [2] մեզի հասած գրականութիւններէն։ Ճիշդ է, որ այդ արդիւնքներուն մէջ արտաքին ու աճապարոտ նայուածք մը չգտնէ մեզ խանդավառող փաստեր, նուաճումներ, հարստութիւն ու մա՛նաւանդ թղթեղէնին մեծածաւալ դէզին առջեւ այցուի դառնութենէ, տրտմութենէ, բայց պուտ մը իմաստութիւն, զգաստութիւն պիտի ըլլան բաւական, որպէսզի այդ դէզին մէջ մենք հաստատենք պատառիկներ, հոգ չէ թէ թիւով քիչ, որոնք մեր ժողովուրդին հոգեշրջութիւնը կը վկայեն անառարկելի հարազատութեամբ, ինչպէս սկսած են ընել ասիկա, անսպասելի կերպով մը մեր հին մատենագրութեան նշխարները, ձեռնհաս, թափանցող, վերակազմող մտքերու զննութեանց ներքեւ, իրենցմէ ծորելով զիրենք ստեղծող ժողովուրդին հոգեղէնէն անմար իսկութիւններ։ Երկար դարեր Փաւստոս Բիւզանդ մը սանկ ու նանկ քրոնիկ մըն էր։ Նոր վերլուծումներ գտան այդ գիրքին մէջ մեր զգայնութեան արշալոյսը։ « Նարեկ »ը աղօթագիրք մըն էր։ Հիմա գիտենք, որ մեր զգայնութեան մէկ ուրիշ աշխարհէն մռայլ վկայութիւն մըն է անիկա։

Այս արդիւնքներէն քաջալերուած ու ապահովուած, ուսումնասիրել Արեւմտահայ գրականութեան հարիւրամեայ կեանքը չի նշանակեր անիմաստ զարդարանք, հոսհոսական սեթեւեթ, սուտ ապրում ու կամաւոր բռնազբօսում միայն ունենալ դատապարտելի, ինչպէս վարժուած ենք բանաձեւելու մեր զգայնութիւնները ամէն անգամ, որ փորձենք մօտենալ այդ շարժումին արդիւնքին։ Արեւմտահայ գրականութիւնը արտայայտութիւն մըն է։ Ասիկա ընդունիլ հոմանիշ է այդ արտայայտութիւնը սեպհականութենէն հանել դարձեալ մեր ժողովուրդին։ Մշակոյթը միշտ ոսկիով չէ պայմանաւոր։ Երբեմն կոշտ քարի մը վրայ, ժողովուրդ մը կրցած է դնել իրմէ այնքան բան, որքան ամենէն ընտիր մարմարին վրայ նուազ օժտուած արուեստագէտ մը անկարող էր մնացած դնելու։ /556/ Զառածիլ Արեւմտահայ գրականութեան տկարութիւններով կը դառնայ անխելքութիւն, եթէ ոչ՝ ապերախտութիւն։ Յետոյ, երբ կը դատապարտենք Նար–Պէյը, Պէշիկթաշլեանը, Ալիշանը, իրենց ներշնչումներուն ու արուեստին ապայժմէ, հնադրոշմ ու կեղծ կերպարանքներուն համար, ինչո՞ւ կ՚ըլլանք կոյր հակառակէն թերութեանց վրայ այս անգամ ազգային որակուած Նալպանտեանի, Քամառ-Քաթիպայի ոտանաւորներուն դիմաց, որոնք նոյնքան հնադրոշմ, կեղծ կը թուին այսօր մեզի։ Ուսումնասիրել Արեւմտահայ գրականութիւնը կը նշանակէ առնուազն վեր բերել ազդակներ, որոնք թելադրած են այդ գործերը։ Անմահ գեղեցկութիւն մըն է մեր ժողովրդական երգը։ Ինչո՞ւ։ Մի հարցնէք։ Բայց արբեցուցիչ խանդավառութիւն, խռովք, ամենահոս յուզում էին հոսհոսներուն ազգային երգերը 1860ին։ Մարդիկ կը պոռային ու կու լային այդ երգերուն բառերուն, ինչպէս եղանակներուն հետ։

Անշուշտ տրտմութիւն է, որ այդ արդիւնքին մէջ այնքան ըլլայ շատ բաժինը անպէտին, պարագայականին, ընդմիշտ մեռածին ու քիչ՝ շահեկանը, յատկանշականը՝ դեռ չպաղածը, որոնք ներշնչէին մեզի մերձաւոր զգայութիւններ։ Բայց ո՞վ կ՚երաշխաւորէ, որ այս համեմատութիւնը իր բոլոր ծանրութիւնը չի հնչեր մեր ուրիշ արդիւնքները։ Որքան հսկայ է գռեհիկին բաժինը նոյն այդ ժողովրդական երգին մէջ։ Շարականները հազարով կը համրուին։ Չունինք սակայն այդ հազարներէն մէկ քանի տասնեակը գերազանցող գեղեցկութիւններ «էլի էսօր», մեր յաւակնոտ քերթուածներուն մէջ։ Ահաւոր առատանքը երկրորդականի պատճառ մը չէ, որ ստուերուի հազուադէպ իրականութիւնը առաջնակարգին։

Դեռ անցեալ դարուն մեր քննադատութիւնը վարժապետներու, գործիչներու, լրագրողներու փաղանգէ մը գլխաւորուած կ՚ուրանար, անծակ երանութեամբ մը, միակտուր՝ Արեւմտահայ գրականութիւնը, անշուշտ խորունկ տառապանքին մէջ ինքզինքը կորսնցուցած, որ գինն էր Վոսփորի գեղազուարճ ափերուն Վենետիկէն փոխադրուած անիրական քերթողութեան, առանց անդրադառնալու, որ այդ բանաստեղծութիւնը մէկ ուրիշ կերպարանքն էր արեւելահայ ժողովրդապաշտ տարփանքներուն։ Ո՞ւր կը տարբերին իրարմէ « Լեւոնի վիշտ »ը եւ « Հայկ դիւցազն »ը, եթէ ոչ՝ լեզուին վրայ։ « Պլպուլն Աւարայրի »ն եւ « Մայր Արաքսի »ն կու գան մէկ ու նոյն ակունքէն։ Իրար մեղադրելը, ողբալը մեզ տեղ մը չի հաներ։ Այսօր կը ջանանք հասկնալ Արեւմտահայ գրականութիւնը եւ օգտագործել մեր կարիքներուն համեմատ փխրուն, բայց նշանակալից /557/ փաստեր։ Այսպէս, կրնանք առանց վախի յայտարարել, որ միայն ու միայն մասսա ներուն խօսող հաստ, իրական ապրումներ անբաւական են գրականութիւն մը ազատագրելու, ինչպէս միայն ու միայն ընտրեալները հաճեցնող նրբենի, մանտարինեան ներշնչումներ ու խնամուած, բարակցուած, զարդի ու ներկի մէջ խեղդուած յօրինուածքներ չեն հասնիր իրաւ, խորունկ կեանքին, որով միայն կ՚ազատագրուին մեր ստեղծումները։ Այսօր կրնանք ըսել, որ ժողովուրդին մօտ մնալու ձգտումը արուեստը կը սահմանափակէ, ինչպէս անսանձ խոյանքներուն կիրքը արուեստագէտը կը սահմանէ իր պզտիկ եսին պաշտամունքին։ Ասոնք ապացուցուած եզրակացութիւններ են, մեր մօտիկ գրական անցեալէն։

Բոլոր այս ու նման վճիռները անբաւական են մնալու սակայն, իբր անպէտ դատապարտելու համար սերունդներու հաւաքական վաստակը։ Հիմա ընդհանրացած է Ե. դարու մեր գրական զարթօնքը մերկացնել իր խորհրդանշական փառքէն, անոր ետին դնել մտայնութիւններ ու ախորժակներ, որոնք աւելի իրական, իրապաշտ կը թուին մեզի ու քանի մը հզօր պատրանքներ, գործ՝ մեր կղերապաշտ հոգեբանութեան (վերջին դարերու), տարտղնել, շարժումին զսպանակները փոխադրելով գրականէն դուրս դրութիւններու ծոցը, կրօնականին ու վարժապետականին: Պարագլուխներուն ուղեղին մէջ ենթադրել մեր օրերու գաղափարաբանութիւններ, մտահոգութիւններ ձրի վերագրումներու մեր ախորժակը աւելորդ անգամ մըն ալ փաստել կը նշանակէ։ Մեծ մարդե՞ր։ Անշուշտ։ Բայց իրենց ճամբովը, ձեւովը եւ ոչ թէ ԺԹ. դարու աժան ընդհանրացումներուն լպրծուն փառքին ընդմէջէն։ Ինչո՞ւ գտան մեր նշանագիրները մարդեր, որոնց քաղաքական զգայարանքը հիմնովին հեռու էր մեր օրերու ոսկեզօծ խայծերէն։ Գտան, որպէսզի պաշտուէր մեր կրօնքը աւելի գեղեցկութեամբ, աւելի խորութեամբ, աւելի դիւրութեամբ։ Գրականութի՞ւն։ Ս. Մեսրոպ խորունկ կիրքերու մարդ մըն էր ու կը հաւատամ, թէ կը բաժնէր եկեղեցւոյ հայրերուն . դար) նոյնքան խորունկ հակակրութիւնը արուեստէն, գրականութենէն, որոնք հեթանոս յղացքներ էին գերազանցապէս։ ԺԹ. դարու Զարթօնքի սերունդին խաչակրութի՞ւնը։ Իմացական ու տնտեսական ազատագրում, երբեք գրական տագնապ։ Ահա թէ ինչու երկու շարժումներն ալ, մեծ ու գեղեցիկ, մեր գրականութեան չըլլան ձգած իսկապէս տարազը արդարացնող գործեր։ Հինգերորդ դարու մեր ընտրանին կը հաւատար, որ մեզ շրջապատող բարձր մշակոյթների փոխադրական գրականութիւն մը մեզի համար կարելի գործօնութիւնն էր։ Չու/558/նէի՞ն պարսիկները իրենց դիւցազներգութիւնները, քերթուածները, պատմական շեղումները, առնուազն մեր պատմութիւնը շահագրգռող քրոնիկներ, բոլորն ալ գրական զգայարանքը լայնօրէն թելադրող։ Սքանչելի հմտութիւն [3] ունէին մեր հինգերորդ դարու կրօնական դէմքերը, պետական մարդերը պարսիկ լեզուէն ու գրականութենէն (ինչպէս ԺԹ. դարուն արեւմտահայ գրողները առհասարակ թուրք գրականութենէն, մա՛նաւանդ լեզուէն, զոր կը խօսէին ու կը գրէին երբեմն մայրենի լեզուին չափ հարազատ շեշտով ու անթերի հասկացողութեամբ), բայց մտքէ չանցուցին էջ մը բան թարգմանել անկէ, ինչպէս չըրին ատիկա Զարթօնքի սերունդին պետական մեծ պաշտօնատարները։ Քաղաքականապէս կործանած ժողովուրդէ մը մենք այդ դարուն փոխադրեցինք լայն գործեր (ասորիները), բայց զգոյշ եղանք տիրող ազգին (պարսիկ) նշանագիրն անգամ մեր անգիր բարբառին պատշաճեցնելէ։ Ասորերէն, յունարէն այդ թարգմանութիւնները կը վկայեն քաղաքական, որքան կրօնական արտաքին թէ խորունկ մտահոգութիւններէ, բայց երբեք գրականէն։ Մեզի հասած գիրքերը աւելի դրապէս, իմաստնապէս բացատրելով, այսօր կրնանք հասկնալ մեր պապերուն հարազատ գաղափարագրութիւնները։ Ի՜նչ ողբերգական դէմք է Ս. Մեսրոպը, որ ներսէն, ինչպէս դուրսէն հալածական, հսկայ կառոյցներէ յաճախուած կը վազէ երկրին բոլոր անկիւնները ու վստահ եղեք, րոպէ մը մտքէն չէ անցուցած գրական պերճանքը այդ լեռնական մարդոց համար թերեւս անօգուտ, նոյնիսկ վնասակար։ Մեր պապերուն չվերագրենք ինչ որ չեն մտածած։ Ըսի, թէ դատապարտեցինք միակտուր, Արեւմտահայ գրականութիւնը։ Հարիւր տարին բաւ է սակայն, որպէսզի վերաքննուէին մեր վճիռները։ Անշուշտ, մեր օրերուն ո՛չ ոք միտքէ կ՚անցնէ գրել Մխիթարեաններուն լեզուովն ու մտայնութեամբը եւ կամ 900ի մարդոց սեթեւեթեալ ոճովն ու ապազգային ոգիովը։ Բայց, վերէն վար տեսնուած, այդ գրականութեան մէջ կան գործեր, որոնց պակասը հայ հոգիին հաւաքական /559/ կերպարանքէն կողի մը, մասի մը, յատկանիշներու մը պակասը պիտի նշանակէր։ Հարիւրը կ՚անցնի այդ գործերուն գումարը, բոլորին մէջ ալ մեր պապերուն ու մեր արեան փայլը ինկած։ Ներկայ ուսումնասիրութիւնը նուիրուած է այդ գրականութեան մէջ իր ատենին աղմուկ հանած գործի մը։ Առանց գրական հանգանակներու սպառնալիքին, ու առանց հեքիաթին աղաւաղումներուն մենք այսօր ի վիճակի ենք ըլլալու աւելի պարկեշտ, հետեւաբար աւելի արդար։ Կրնամ կատարեալ անտարբերութեամբ անցնիլ լուռ Յակոբ Օշական անունին զուգորդ նանրահիւս վէճերէն, հաստաբուն կիրքերէն, անարդար, որքան նենգ, հոսհոսական ուրացումներէն ու անհակակշիռ ապաթէոզէն: Կայ իրողութիւն մը, յստակ ու անհերքելի ատիկա մեծածաւալ գործն է այդ մարդուն։ Աւելի քան կէս դար տեւողութիւն մը մեզ կը բաժնէ այդ գործէն։ Զայն թելադրող, սնուցանող ու ոտքի նետող ժողովուրդը այսօր կորսուած է հետախաղաղ։ Մի մոռնաք ասիկա։ Ու կորսուած է արեւմտահայ ժողովուրդը ամբողջութեամբ։ 1920էն վերջ Օշական քաղաքական կիրքի կը վերածէ մնացորդացը ազատելը։ Մարդիկ հազիւ թէ հասկցան այս սրբազան մտահոգութիւնը։ Օշական շատ բնականութեամբ, առանց մեծ տոյժի կրցած է մերժել 1800ի ոգիով սնած գործերը Թաղիադեանցի, Ալամդարեանի, Վանանդացիի, բոլորն ալ իր ժողովուրդին օտար՝ թէ՛ իբր ապրում, թէ՛ իբր կերպարանք։ Օշականի գրականութիւնը կերպարանքէն կու գար իր ժողովուրդին, բայց 1930ին մարդիկ չընդունեցին զայն, քանի որ չէր խօսեր այդ գործը Սփիւռքին դժոխքէն։ Մեր անցեալը անծանօթ է մեզի, իր խորագոյն խաւերուն մէջ։ Մեր շատ մերձաւոր անցեալն ալ, հակառակ փաստերու առատութեան, կը քալէ անողոքաբար նոյն ճակատագրին։ Մենք մեռելները չենք ապրիր, բայց զանոնք անարգելու, անգիտանալու մեղքերն ալ վերածելու չենք արդիականութեան վկայականներու:

Այնքան ընդարձակ վաստակի մը դիմաց, տարրական զգացում մը արդարութեան ինծի պարտք կը դնէ չխնայել իմ կարելին, երեւան բերելու համար այդ գործին ներսը, ետին գիծեր, կողմեր, որոնք ժողովուրդի մը հոգեղէն դրութեան վրայ յստակ թելադրանքներ ունենային։ Ու կ՚աելցնեմ անմիջապէս, որ ընդմիշտ դադրած են այսօր այդ գործը պաշտպանող ոճային սուր, առինքնող յաջողուածքները, ծանր, վիճելի, բայց անվրէպ հրապոյրը իր արտայայտութեան, որ դեռ չէ պաղած իր ներքին հուրքէն, գրագէտի իր շատ ապահով, հարուստ, յորդ խառնուածքը, որ բազմատեսակ միջավայ/560/րերու, ազդեցութիւններու տարբաղադրիչ դերը գիտցած է չէզոքացնել ու ճարել կերտուածքի միութիւն մը, ոճ մը, յանդգնութիւնն ու խորութիւնը ձգտումներուն (երազները կշռելի չեն) որոնք իրացած կամ վրիպած խորհուրդ մը, ձգողութիւն մը կը ճարէին, իր բարեդէպ կամ չարաղէտ ազդեցութիւնները (երկուքն ալ ըսուեցան իր անունին հետ, ետեւէն մինչեւ գերեզման ու անկէ անդին տակաւին) իր քրմական դժգոհութիւնը, որ յայտարարուեցաւ հերետիկոսութիւն, իր մտքի տէնտիի անտարբերութիւնը, որ ինքնատպութեան հետ շփոթելի մեղքի մը վերածուեցաւ։ Այս բոլորը այսօր ինկած են գործին ներսն ու դուրսը իրենց դերէն։ Օշական, պայծառ մտատեսութեամբ մը, արդէն զգացած էր այդ շատ անձնական, որով եւ շատ փխրուն արժանիքներուն անվստահելի նպաստը, գուշակած՝ անոնց վաղափոյթ թառամումը ու արեւմտահայ գրական վաստակը դատելու ատեն ջանացած էր օգտագործել աւելի կայուն, հաւատարիմ արժետարրեր։ Արդար է, որ մենք ալ, մեր կարգին, գործածենք իր եղանակը իր գործը կշռելու համար։

Իր պահանջներէն մէկն էր արուեստի գործ մը վերջնական արժեւորման համար փնտռել ժամանակի որոշ խաւ մը, թանձրութիւն մը, որոնք փորձի ենթարկէին գործին ներքին յօրինուածութիւնը, չըսելու համար ոսկրային դրութիւնը։ Իր բառերով՝ որքան շա՜տ ասոնց ոսկորի փառքերուն թիւն ու լրբութիւնները։ 1850ին, միշտ Օշականի հաւաստումով Բագրատունիին « Հայկ դիւցազն »ը շքեղ, կոթողաբարձ յաղթանակ մըն էր, եւրոպացիներն իսկ ափ ի բերան ձգող։ Քառորդ դար յետոյ՝ աւերակ մը, ամայի, որքան բացարձակ։ Ժամանակը կոտրել էր այդ աբբային տաղաչափութեան ո՛չ միայն ոսկորները, այլեւ՝ լման մարմինը։ 1900ին անզուգական քերթողուհի մըն էր, միշտ Oշականի հաւաստումով Տիկին Սիպիլ անունին տակ տաղաչափ մը, ինչպէս եղեր էին այդ գիծէ քերթողներ 1880-ական թուականներուն։ 1920ին մարդիկ կը տառապէին այդ փառքերուն ոչ թէ առասպելէն, այլ՝ կարելիութենէն։ 1860-ին « Վէրք Հայաստանի »ն խանդավառութեան ու հպարտանքի կոթող մըն էր արեւելահայ մտաւորականութեան աչուըներուն, բայց կը պահէր անթառամ այդ փառքը: Օշականի սերունդին ալ համար։ 1900ին ու քիչ մը աւելի վերջը եզական թատերագիր մըն էր Շիրվանզատէ։ 1920ին՝ թատրոնի աղուէս մը։ Այսօր մենք իրենց ժամանակին չենք համարձակիր դուրս հանել այդ մարդուն թատերական վաստակը, բայց « Վէրք Հայաստանի »ն կը դասենք համահաւասար մեր մատենագիրներէն մեզի հասած ամենէն բազմերախտ արդիւնքներուն։ Ժամանակը ուրեմն դեր մը եւ /561/ կշիռ մը ունի։ Ուրախ ենք ըսելու, որ իր պահանջը, գործ մը կշռելու համար, յարգուած է իր մասին։

Արուեստները միշտ առանձին ոգի չեն։ Անոնք կը գործածեն այդ ոգին նուաճելու սահմանուած արտաքին տարրեր, որոնք հասարակաց են առաջին հանդիպողին։ Խոշորկեկ կտորէ մը ժայռի՝ գիւղացի մը ջաղացքար մը պիտի հանէր, քանդակագործ մը՝ անմահ արձան մը։ Գրականութեան գործածած տարրերը եւ միջոցները բառեր եւ ասոնք գործածելու գիտութիւնը, քերականութիւն անունին տակ նուազ կայուն, դիմացկուն են, քան ներկը, քարը, որպէսզի Օշականի վաստակը արժեւորուի քիչ մը աւելի դիմացկուն կշիռով մը։ Ինք կը խոստովանի, որ գրագէտ մը արժեւորելու համար տրամադրելի ունենալ անոր լեզուն, ոճն ու նախադասութեանց լարումը (tension), գնացքը, կը նշանակէ գրեթէ ըսելիք գտած չըլլալ այդ գրագէտին վրայ։ Ինչ որ ալ ըսենք, լեզու մը, ինքիր գլխուն, անբաւական է պաշտպանելու արուեստի գործ մը երկու սերունդի համար նոյնիսկ։ Մարդիկ 1820ին կ՚ապշէին Պայրընի նախադասութեան կորովէն ու գոյնէն։ 1850ին Հիւկօ տիեզերական փառք մըն էր նոյն շնորհներով։ 1920ին այդ փառքերուն համար քննադատները կ՚ամչնային մեր ճաշակին, խելքին այդ աստիճան մեծատարած նանրանքէն։ Ազազուն մարմինը, ամենէն շքեղ պատմուճաններով իսկ չի փրկուիր։ « Վէրք Հայաստանի »ն լեզու մը չունէր, բայց իր ներքին հարստութիւնը ո՛չ միայն ծածկեց այդ թերին, այլեւ լեզու մը տուաւ։ Օշական ու գործին ամենէն հրապուրիչ, շլացիկ մասը ուրեմն թռած, անդարձ հեռացած է անկէ։ Ու ա՛լ չեմ դառնալու հարցին, քանի որ ինք գործադրած է այդ եղանակը երբ դատած է հիները, ժամանակակիցները։ Ինչ որ ալ ընենք մենք՝ չենք կրնար ապրիլ հեշտանքը, զոր 1860ին Վենետիկի մէջ ուսում տեսնող տղաքը կ՚ունենային Հիւրմիւզի մը, Ալիշանի մը տողերէն։

Կը մնայ քննել մնայունին բաժինը Օշականի գործին մէջ։ Բայց ատկէ առաջ, ճշդում մը։ Օշականի դարուն ընդհանրացեալ կարծիք էր, որ գործի մը մէջ մեռելներուն բաժինը առնուազն հաւասար էր ողջերուն դրածին։ Մենք շատոնց թօթափած ենք այդ սիրուն, հաճելի, բայց հաստատ բանի մը ոչ-ներկայացուցիչ աֆորիզմ ները։ Մենք գիտենք, որ անցեալը կ՚ապրի, բայց կ՚ապրի իր հաշւոյն, համաձայն իր ներսը դեռ չսպառած հոգեղէն բջիջներու ուժին։ Մտէք հայկական մատուռ մը, ու պիտի զգաք, որ այդ համեստուկ պատերը, աւելի համեստ, գիրերէն իսկ մաշած գերեզմանաքարը կ՚ապրի, երբ անդարձ մեռած է անոր տակը հանգչողը։ Ասիկա ո՛չ տարօրինակ է, /562/ ոչ ալ անբացատրելի։ Անցեալէն դաս առնելու իմաստութիւնն ալ ուրիշ անիմաստութիւն։ Մենք չենք արհամարհեր անցեալը ո՛չ անոր համար, որ անկէ ունինք սորվելիք, այլ անո՛ր համար, որ կ՚ուզենք ամբողջական կեանքը։ Կ՚ուզենք գիտնալ ժամանակի մը կտաւին ինկած ձայներուն, ձեւերուն ամբողջ յաջորդութիւնը, վասնզի եթէ կեանքը չկայ ժամանակն ի վար, կայ յաջորդութիւնը։ Կեանքը ետ չի դառնար մարդերէն, ինչպէս ազգերէն։ Ըսել, թէ մեր մշակոյթը կու գայ մեր պապերէն, ըսել է, թէ մեր պապերը յաջողած են իրենց ապրումներէն մնայուն տարրեր կտակել մեզի, մեր արիւնին մէջ դեռ լողացող ու տինամիք ։ Բայց մենք շատոնց տարտղնած ենք դարերու կուտակած հիացումներուն ուրուականները, մեր մտքին տաճարին ներսերէն։ Կը զբաղինք մեր անցեալով ո՛չ թէ անկէ դաս առնելու, այլ զայն գիտնալու խորունկ ցանկութեամբ։

Արդ, Օշական, իր օրին, կատարած է սա աշխատանքը զինքը կանխող սերունդներու վաստակին վրայ, հաստատ միջոցներով, երբ կը փնտռէ ասոր մէջ մնայունին բաժինը, ինքը իրեն համար։ Այդ մնայունը, հարկ չկայ ծանր բառերու, չէ պայմանաւոր ոճով, ծփուն շնորհներով, լեզուական փառքերով եւ կամ աս ու ան ձեւերով, աղբիւրներով ճարուած գովեստով, հիացումներով։ Այդ մնայունը, հարկ չկայ ծանր բառերու, պայմանաւոր է հաստատ մթերքով մը կեանքէն, ապրումներէն։ Օշական գտած ու գործածած է իր գրականութեան համար իբրեւ դրօշ՝ կենսապաշտ տարազը։ Թէ այդ կեանքը երաշխաւորուած չէ այս ու այն տարազներով, դարձեալ դուրս է կասկածէ։ Բայց կայ միջին ողջմտութիւն մը։ Կ՚առնենք, Օշականին ցուցմունքով՝ « Նուագք » տաղարանը։ Անուրանալի է, որ այդ հազարաւոր տողերը առնուազն Ալիշանին ներսէն կու գային։ Այն ատե՞ն։ Չե՞ն անոնք կտակները կեանքի մը։ Բայց կեանքը կ՚արժէ իբր յաջորդութիւն մը։ Որքան բան այդ տողերէն, իբր յաջորդութեան տարր, անցած է մինչեւ մեր օրերը։ Հոս է բանալին առեղծուածին։ Ու երբ կ՚ըսենք յաջորդութիւն, կը հասկնանք ապրումներ, որոնք մերը կ՚ըլլան շատ քիչ տոյժով մը։ « Նուագք» տաղարանէն հարիւրաւոր քերթուածներ մեզի համար բառերու հանդէս մըն է։ Դատելը մեր գտածը, այս մտածուներու լոյսին մէջ, չի նշանակեր կործանել փառք մը։ Այլ՝ կապել իրարու սերունդներու զգայնութիւնը։ Մարդիկ մեծ գայթակղութիւն անուանեցին Օշականի « Համապատկեր »ը, վասնզի հոն կը կիրարկուէր կեանքին մեթոտը։ 1940ին ի՞նչ էր գտնելու Օշական Ալիշանին, Ծերենցին, Պէշիկթաշլեանին գործերուն մէջ, որ խօսէր իրեն։ Գրականութիւնը գիտութիւն մը չէ, որ /563/ նախորդ ստացումները կը շահագործէ, առանց տառապանքի։ Անոր էապայմանը այդ ստացումները նորոգելն է եւ կամ վերստեղծել։ 1940ին Ալիշանի ամենէն շքեղ կառոյցները (պատմական կալուածէն) հինցած էին փառաւոր արագութեամբ մը։ Ամենէն հանրահռչակ քերթուածները կը մնային անայց ու սառած։ Ըսել ասոնք, առանց նախապաշարման, չէր նշանակեր հայրենադաւութիւն, սերունդները մոլորեցնել, այլ՝ ըլլալ անկեղծ։ Անիկա չէր ուրացած օրինակը, աշխատանքը, նուիրումը Ալիշանի եւ յաջորդներուն ու այդքան։ Գայթակղութիւն չէր տապալել փառապսակ սերունդի մը հեքիաթը, քանի որ այդ սերունդին գործին խորը մնայունը կը պակսէր անդարման կերպով մը։ Հարիւր տարին ապացոյց է, որ այդ գետինին վրայ Օշական ճիշդ էր տեսած։ Անոր կշիռին մէջ Ալիշանի պատկառելի վաստակը եւ մեր հին մատենագրութեան Տաթեւացիի նոյնքան պատկառելի վաստակը իրար կը հաւասարակշռեն։ Ինչ յուզում ու խռովք, որ մարդիկ կ՚առնէին Ալիշանի պատմական եւ քերթողական գործերէն, նոյնը կ՚առնէին Տաթեւացիի ժամանակակիցները անոր քարոզներէն։ Անշուշտ Գրիգոր Տաթեւացի եւ Ալիշան պենետիկտէնը իրենց գործերը երկնեցին այն կիրքով, ջերմեռանդութեամբ, բանասիրողի գիտակցութեամբ, որոնցմով երկնուած են գործերը… Յովհաննէս Չամուրճեան պատուելիին, Րաֆֆիին, Յ. Օշականին։ Այս մասին ո՛չ մէկ կասկած։ Ու ո՛չ մէկ կասկած դարձեալ, որ Ռասին մը, Փասքալ մը, Ռուսօ մը, Իպսէն մը, Փրուստ մը մեզի ունին ըսելիք։ Ժամանակը քիչ փոփոխութեան խմոր պիտի նետէր այդ ըսելիքին հիմնական տարողութեան մէջ ու ասիկա ո՛չ անոր համար միայն, որ մարդկային հոգին իր հզօրագոյն տագնապներուն մէջ քիչ կը զարտուղի ընդհանուր միջինէն, այլ որովհետեւ իրաւ, խորունկ գրագէտին մենաշնորհն է կարծես այդ միութեան ակօսը կարելի խորութեամբ պաշտպանել։ Անշուշտ իր ժամանակին հետ ու մէջ։ Բայց մա՛նաւանդ իր ժամանակէն վեր, որպէսզի յարգուին խուլ օրէնքները յաջորդութեան, ինչպէս ֆիզիք, նոյնպէս ոգիի մարզերուն վրայ։ Ի՜նչ անիմանալի միջոցներու կը դիմէ ապրումին բնազդը, մեզի ծանօթ աշխարհի երեսին, գոհացում տալու յաջորդութեան, տեւողութեան պատգամին։ Կեանքը անհունապէս վեր է իմացականութենէն, որ առաջին գործաւոր մը իբրեւ իր սկիզբը ըրած է գոնէ կենդանական թագաւորութեան մէջ, գործածելու համար տասնութերորդ դարու շրջաբանութիւն մը։ Ծիծաղելի չեն անշուշտ դասական գրականութիւնները, որոնք իրենց օրերուն կեանքի դրութեանց անդրադարձներ էին, ժամանակէն վեր, անդին, ձգտումներու դարձեալ /564/ մարդկային տագնապի մը սրտառուչ ապացոյցները։ Ծիծաղելին՝ այդ գրականութիւնները փառազարդելու ճիգը։ Մենք ունինք ատոր ամենէն անհեթեթ վկայութիւնը տասնիններորդ դարուն, երբ Վիեննայի Մխիթարեանները գտան հինգերորդ դարու առաջին նկարագիրներով հայերէն մը ու toupetն ունեցած այդ լեզուով գրականութիւն ընելու։ Ծիծաղելին՝ մարդոց ծանծաղամտութի՛ւնը՝ թարգմանչական մարզանքները գրականութեան հետ շփոթելու, տասը, քսան դար հեռուներու օրէնքները (գրելու մէջ) ներկայ ապրումին ու մտածումին պարտադրելու։ Oշական իր բոլոր իրաւունքին մէջն էր ուրանալու այս բառախաղացութիւնը (իրն է բառը)։ Անոր կարծիքը իրաւ է մինչեւ այսօր ալ, որուն համեմատ ամենէն վաւերական Հոմերոսը պիտի տժգունէր մեր օրերու խոնարհագոյն պատմողին իրականութեան դիմաց։ Ասիկա անշուշտ չի նշանակեր Հոմերոսները, Լուքրէտիոսները, Թուկիտիտէսներն ու Վիրգիլիոսները կործանել։ Ասիկա կը նշանակէ կործանել ծանծաղամտութիւնը վարժապետներուն, որոնք տղոց հիացումին կ՚առաջարկեն այդ մարդոց ո՛չ թէ փառքը, այլ՝ գրականութիւնը, այսինքն՝ կեանքը ապրած ըլլալու փորձառութիւնը։ Փառքը չի կշտացներ ըլլալով հանդերձ անկէ աւելին։ Գրականութիւնը կնիքին տակն է յաջորդութեան, կայուն ապրումներու անհերքելի օրէնքներուն։ Մի նեղէք ուրիշները, որ չկարենան շահագրգիռ ըլլալ իրենց չպատկանող ապրումներով։ Կարդացուցէք Հոմերոսը որեւէ տղու, որ չըլլայ անցած տասնըհինգը ու նշանակեցէք այն հատուածները, որոնք խօսէին անոր զգայարանքներուն եւ մտքին։ Երբ գտաք բաւարար քանակով այդ հատուածներէն, ընթերցումի ընթացքին, մի՛ ոսկեզօծէք այդ փաստը, գնելու համար կարդալը անկարելի մթերքին ջախջախիչ փաստը։ Ու մի մոռնաք, որ տղոց վրայ է, որ կը կատարէք փորձը։ Այսօր միջին միտքով ոեւէ արհեստաւոր հեշտագին կը վայելէ իր թերթին թերթօնը, բայց կը քնանայ Պլուտարքոսի « Զուգակշիռներ »ուն վրայ։ Ասիկա անշուշտ չի նշանակեր, թէ կեանքը (թերթօններով մատուցուածը) կ՚արժէ աւելի, քան հելլէն կենսագրողին կենդանագրերով մեզի հասած զուսպ, խորունկ տրաման։ Բայց կը նշանակէ, թէ որքան քիչ է մնայունին բաժինը Պլուտարքոսին մօտ։ Օշականի կարծիքով յիմարութեանց յիմարութիւն էր ընդունիլ արեւմտեան մշակոյթը իբր յաջորդութիւն դասական մշակոյթին։ Մեր այսօրուան լեզուն անշուշտ իր մթերքը կ՚առնէ մեր մատենագրութենէն, բայց անով մեր ըրած գրականութիւնը որեւէ աղերս չի պարզեր մեր դասական գրականութեան հետ։ « Կեա՛նքը, ամէն տեղ ու ամէն առիթով »։ Իրեն /565/ հետ ենք, երբ այս տարազը կը պարտադրէ շրջաններու։ Բախտ՝ եթէ երբեք այդ կեանքը մեզի ըլլայ պատուած ձեւի որոշ ալ շնորհներով։ Հո՛ն՝ ուր կեանքին տեղ բառերը կ՚իշխեն, Օշական անողոք է։ Ասկէ իր լայն զիջումները մեր գրականութեան մէջ մարդոց, որոնք կեանք են ազատած, թէկուզ նախնական արուեստով մը, իր խոշոր վերապահումները հանդէպ ուրիշներու, որոնք ձեւ են խաղցուցած կամ կոկիկ են գրած ազազուն, կեանքէ աղքատ բաներ։ Ատեն մը Ոսկեդարու փառքն էր Եզնիկը, որ ուղիղ գրուածք մըն էր, ան ալ թարգմանութիւն։ Մարդիկ անոր կը սպառնային աշխարհաբարին, առանց տեսնելու իրենց աչքերուն՝ փաստը անուղիղ գրուածքին Վէրք Հայաստանի »), որ միս-մինակը բաւ պիտի ըլլար հրապարակէն քշելու կոնդակներու գրականութիւնը։ Հարիւր տարի առաջ գրական գործ մը վերլուծել ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ զբաղիլ քերականական, ստուգաբանական, լեզուական մասնայատկութիւններով, հեշտանալ ոճի խաղարկութեամբ կամ վերաքաղը ընել պատմական իրողութեանց։ Գիրքի մը կը փնտռէին թուական, անուն, կենսագրելի տարրեր, իրողութեանց կշիռ, քերականութիւն, բայց կը մոռնային այդ գիրքին հոգին, որ իբրեւ սառած խորհուրդ կ՚ապրէր անոր կողերուն ներքեւ ու կը սպասէր զինքը արթնցնելու ընդունակ շունչին։ Նոյնիսկ յայսմաւուրքեան պատմում մը փաստ էր ծանր կեանքերու։ Ի՞նչ ըրին Մխիթարեանները։ Անշուշտ երախտապարտ ենք իրենց մեր պատմութեան զգայարանքը գտնելու իրենց ջանքէն ու կորովէն։ Բայց այդ արարքը անոնք վերածեցին թանգարանային հոգեբանութեան մը փաստին, երբ իրենց գտածները տարին դիզելու անայց կամարներու Ներքեւ։ Պատմութիւնը կ՚արժէ միշտ իբր յաջորդութիւն, տեւողութիւն։ Մենք ունինք այսօր մեր պատմութիւնը, բայց ո՛չ՝ մեր կեանքը (այդ անցեալէն)։ Կը մերժենք քննադատութիւնը, որ թանգարաններու համար կ՚աշխատի։ Մեր վերածնունդին երկու վերջին դարերը մեզի տուին նաեւ ուրիշ կրթանքներ։ Ատոնցմէ արեւելահայ թեւը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, հետզհետէ աւելի կատարելագործելով իր մեթոտները եւ թեքնիքը, մեր ժողովուրդը գտնելու, իր արտայայտութեան բոլոր կերպարանքներուն տակ։ Անոնցմէ ուրիշներ (մասնաւորաբար արեւմտահայ գրական քննադատութիւնը) արդէն իրենց մահուան տարրերը կը կրէին իրենց երակներուն մէջ։ Կը դատապարտէին ու կը գովէին հաւասար այլուրութեամբ մը վաստակներ, որոնց վրայ խոտն իսկ չէր կրնար արմատ արձակել, այնքան անոնց տակը հանգչողը կեանքէն զուրկ էր ծնած, գերեզման աւիշ փոխադրելու համար եւ կամ այն միւսները, որոնց վրայէն աղուա/566/մազն իսկ դեռ չէր թափած, այսինքն՝ հիմնովին խակ։ Մենք թաղած ենք, անվերադարձ, այդ տպաւորապաշտ, անկայուն, ոճամոլ, ֆրազէօր քննադատութիւնը։

 

Կը մօտենանք ուրեմն Օշականին, իր ճամբով, բայց ո՛չ՝ իր արժէքներու ցուցանիշներով, կշիռներով։ Այսինքն՝ կը հանդերձուինք դատել Օշականի գործին մէջ կեանքին, մնայունին բաժինը, ինչպէս ինք յաւակնած էր ընել մեր անցեալին ու իր օրերուն համար։ Այսօր չենք ծիծաղիր իր « Համապատկեր »ին վրայ անո՜ր համար, որ իր գործը, անձը, ապրումները վերլուծելու պարտքը ինք էր ստանձնած, ուրիշներէն շատ աւելի ինքզինքը իրաւասու, ձեռնահաս զգալով նման աշխատանքի մը։ Չենք փաթթեր մատի իր քննադատութեան մէկ պահանջին հանդէպ (տեւողութեան կշիռը գործի մը վրայ, այսինքն՝ գոնէ երկու սերունդի փորձէն անցնիլ մը) իր զանցումը, երբ գրեց իր գիրքը, իր վրայ, առանց ժամանակի կշիռին պաշտպանութեանը։ Չենք փաթթեր մատի, որովհետեւ այդ գործը կշիռներու հանդէս մը ըլլալէ աւելի, ապրումներու յաջորդութիւն մըն է։ Ու կ՚ըսենք աւելին ալ, այսինքն՝ մեր գոհունակութիւնը՝ գրական քննադատութիւն որակուած սնոտիքին մէջ իրն են բառերը, ինչպէս կեցուածքը գրած ըլլալուն քանի մը իրաւ վերլուծումներ։ Ատոնցմէ՝ իր զգայնութեան գումարը, իր իմացական կառոյցին վրայ յստակ պատուհաններ, իր ապրումներէն որոշ արձագանգներ, որոնք ըլլան բաւական մասնաւորուած, մեր շփոթանքը հակակշռող։ Օշական թուրքը տուած է տարօրինակ հարազատութեամբ, որուն քով կը նսեմանան ֆրանսական կամ գերմանական վիպայնացած շփացումները այդ ժողովուրդին կեանքէն։ Արդ, այս յաջողուածքը մեզի պիտի մնար անհասկնալի, եթէ երբեք իր գիրքին մէջ մեզ չդընէր շփման մէջ իր զգայնութեանց ակունքին։

Oշական տարակոյսներ ունէր, յստակութեամբ բանաձեւուած, իր քննադատական վաստակին վրայ։ Չենք կրնար արդարացնել իր յոռետեսութիւնը, ո՛չ անոր համար, որ իր գործը այդ գետինին վրայ տակաւին կը պահէ ծանր իր կշիռը, այլ որովհետեւ գործէն որոշ մաս մը անփոխարինելի է, ինչպէս ինք նախազգացած էր արդէն։ Ատիկա անձնական իր յարաբերութեանց արդիւնք տպաւորութիւններն են իր կենդանագրած հեղինակներէն։ Ինքը շատոնց փոշի մըն է, բայց իրեն նուիրուած գիրքէն այն մասը, որ կը խօսի իրմէն, կը մնայ վերջնականապէս ազատագրուած։ Յետոյ, ինք նախազգացած էր տակաւին գրական դատաստաններուն փոփոխականութիւնը։ Իր « Համա /567/ պատկեր »ին մէջ անշուշտ մենք կը հաստատենք ատեան մը, դատման դրութիւն մը, օրէնքներու կերպարանք մը, բայց բոլորին ալ յատակը կը գտնենք կեանքը, որուն մեծ հոլովոյթը գոնէ այսօր շատ է դարձեալ։ Ինք տեղ մը յայտարարած է, որ Արեւմտահայ գրականութիւնը մեծ վէպ մըն էր իրեն համար, որուն հերոսները կու տային մեր գրողները։ Կը ցաւինք ըսելու, որ այդ յանդուգն մտատեսութիւնը ըլլայ անիկա գործադրած քիչ չափերու վրայ։ Կեցէք, ի վերջոյ, Խաչատուր Աբովեան անունին դիմաց, որ կը պակսի մեր զգայութիւններուն իբրեւ զգայարանական իրողութիւն ահա կայ երկու դար։ Առէք իր գործերը ու ջանացեք վերակազմել իր դէմքը։ Դժուար թէ կարողանաք շուքէն անդին անցնիլ, այսինքն՝ իրական մարդ մը պառկեցնել թուղթին։ Բայց կը զգաք, ձեր վրիպանքին դառնութեանը ընդմէջէն, թէ որքան երախտապարտ պիտի ըլլայիք մէկուն, որ 1860–ին ըլլար սեւեռած դեռ չպաղած փշրանքները անոր հոգիին։ Ամբողջ ժամանակաշրջանի մը ու ամբողջ մտայնութեան մը նուաճումը երկրորդական բարիքներ էին մնալու հիմնական բարիքին դէմ, որ այդ մարդն էր՝ իր ջիղերուն բոլոր կծիկներովը, իր ճակատագրին բոլոր փուլերովը, իր արի, խենթ, տարուած հոգիին անդիմադրելի խռովքներովը։ Գերմանիա մը, Ռուսիա մը, Արեւելք մը (Կովկաս, Իրան, Թուրքիա), իր ժողովուրդը այդ մարդուն մէջէն պիտի գային մեր ընկալչութեան ու ասիկա իր գիրքին չափ բարիք մըն է մեզի այսօր։ Քննադատութիւնը կենսագրութիւնը չէ անշուշտ, բայց կեանքէն հեռանալու ու գաղափարներով, գրական ճաշակին փոփոխմամբը պայմանաւոր կամ գիրքերու տպագրումին աղմուկներովը սնանող ձգտումներով կը վտանգէ թերեւս իր յաջողութեան կարելի ազդակը։ Կ՚ըսենք այս ամէնը, ցաւին մէջ մեր գտած քիչէն։ Յետոյ, կան իրագործումներ։ « Համապատկեր »ին ամենէն յաջող մասը Զարթօնքի սերունդն է, մեր ներկայ կշիռով։ Արդ, տարօրինակ է, որ վրիպած սերունդի մը կենդանագրումը Օշականը ըլլայ ըրած այդքան յաջողութեամբ, երբ աչքէ հեռացնենք կեանքին շահեկանութեան գերազանցութիւնը գրական հետաքրքրութեան վրայ, Օշական ճիղճ փշրանքներու, խեղճ ու պատառ արդիւնքներու ու հոս–հոն ինկած կենսագրական նշմարներու համադրումէն բարձրացած է կեանքի ծանր, լուրջ հանդէսի մը։ Իր հետն ենք, երբ սերունդին գործաւորները կ՚աճեցնէ, հեքիաթին հսկաներուն հասակովը։ Ի՜նչ փոյթ, որ լեռները երբեմն մուկ կը ծնին։ Լեռները կ՚ապրին իբր լեռ ու երախտապարտ ենք անոնց, որոնք այդ ապրումը կը յաջողին սեւեռել։ Ասիկա անգամ մըն ալ կապացուցա/568/նէ, թէ ուր են ճամբաները, որոնք յաջողութեան կը տանէին քննադատները։ Այսօր, մենք չքացուցած են այդ ճպուռները, հացկատակները, շատախօսները, ներքինիները, պատուելիները բոլոր անոնք, որոնք հին կարգերու պազիրկեանները կը յիշեցնեն, երբ կ՚առնէին արտադրողէն ու երկու զեղ անդին կը տանէին այդ առնուածը ծախելու, յաւելեալ ու ճոխացեալ։ Քննադատը հիմա յիշատակ մըն է։ Բայց Օշականի օրերուն հզօր փառք մըն էր ու ամենէն նախանձելի մունետիկը արժէքներու շուկային։

Ի՞նչ են իր չափերը, կշիռները։ Ատոնք մէկիկ-մէկիկ չունինք միջոց հոս կրկին փորձութեան քարին զարնելու։ Կը գոհանանք ուրեմն հիմնական քանի մը ցուցմունքներով։ Օշական կատարած է ընդարձակ թաղումներ։ Կործանած իր փառքերը անշուշտ չաւլուեցան մեր մշակոյթին ատենագրութիւններէն։ Թովմաս Թերզեան մը անուն մըն է «էլի» այսօր։ Բայց որեւէ պատանի պիտի չտառապի, իր խորագոյն անկեղծութեանը մէջ իր մտքին դէմ, երբ ձեռք առնէ այդ քերթողին անունը կրող տաղարանը ու զայն կարդալու ատեն զգայ իր մէջ զօրացող անտրամադրութիւնը։ Նոյն այդ պատանին այսօր չունի այդ դժնդակ փորձութիւնը ուրիշ, այդ մարդուն ժամանակակից բանաստեղծի մը, օրինակ, Պետրոս Դուրեանէն, աւելի հին քերթող մը՝ օրինակ, Սայաթ-Նովայէն կամ Քուչակէն։ Այսօր ահա այդ տրտմութիւնը փարատած է մեր գրական խղճմտանքներէն։ Օշական շատ կանուխէն պոռացած է այդ կեղծիքին դէմ, ու ընդդէմ աշխարհ մը արգելքներու, հալածանքի չէ վախցած՝ այդ աժան հիացումները վերածել իրենց ճշմարիտ իմաստին։ Անիկա դատած է Մխիթարեաններու դիւցազներգութիւնը եւ քնարերգութիւնը, միշտ ընդդէմ ընկալեալ պաշտամունքներու։ Թարգմանուած այսինքն՝ մեր բարբառին վերածուած « Հայկ դիւցազն » մը կամ « Եւայի հարսնիք » մը մեզի պիտի խօսէին այնքան քիչ, որքան քիչ կը խօսի « Դրախտ կորուսեալ »ը, առանց թարգմանուելու, անգլիացի իրաւ զգայնութեան: « Սասունցի Դաւիթ » մը (ժողովրդական յեղումը) մեր օրերու լեզուով պիտի ըլլար անիմաստ տաղաչափութիւն։ Օշական ծանր բառերով դատապարտած է այդ կեղծիքը, Վենետիկէն Պոլիս երկարաձգուած բանաստեղծութիւնը, անկնիք, հրապարագրական, գիտապաշտ վաստակը Զարթօնքի եւ յաջորդ սերունդին, 1900ի մարդոց ոճապաշտ սեթեւեթը, նրբութիւնները, Սփիւռքին ազգադաւ, նենգ, անոգի, խաղարկութիւնները, նորափետուր պատկերապաշտութիւնը, գաղափարներու խորտակեալ մատուցումը ու հաւատքէ պարպուած մարդոց արտաքին ջերմեռանդութիւնը։ Միակտուր կ՚ընդունինք այսօր /569/ այդ ամէնը։ Իր հարթումները, թէեւ թատերական, աղմկայոյզ, հաստ ու բարբարոս, ապագային առջեւ արդարացան լիուլի։ Սիպիլ մը այսօր բանաստեղծ մը չէ, ինչպէս չէ այդ բանաստեղծը Արշակ Չօպանեան, չեն այդ բանաստեղծը Թէրզեանը, Պէրպէրեանը, Եղիան եւ ընկերութիւնը։ Ոչ ոք պիտի յիշէ ցօղաթուրմ փառքը Յովհաննէս Ասպետի մը։ Օշականի արժեւորումները, մեր գրական դպրոցներու ժխտական արդիւնքներէն կը նկատենք վերջնական։ Ո՛չ մէկ հրաշք այսօր մեզի ընդունելի պիտի ընէր իբրեւ բանաստեղծութիւն արեւելահայ ազգայնական ու հաստ քերթողութիւնը, ռոմանթիքներուն ջրվրայ ու անիրական, նուաղկոտ մլաւիւնները լուսիններուն, սոխակներուն, զեփիւռներուն, վտակներուն ետեւէն, Շիրվանզատէի թատերական գործին լրջութիւնը, Իրապաշտներուն հաստ, նկարագրապաշտ, պատմամոլ տաղաչափութիւնը ու 1900ի մարդոց մեծ մասին բռնազբօսեալ, անորակելի գրականութիւնը։ Ասոնք վճռական են։ Բայց մարդիկ իրենց ժխտումներովը քիչ անգամ կ՚ընեն բարիք։ Աշխարհի կարգերէն է, որ յաճախ մեր գերաճման տարած փուճ փառքերը սմքին իրենք իրենց։ 1910ին, առանց որ մէկը մտքէն անցընէր դպիլ Սիպիլի մը փառքին, անզուգական քերթողուհին ինքնիրեն գտած էր իր կործանումը։ Օշականի հարթումները, ուրացումները, ինչպէս ամէն հարթում եւ ուրացում, փութացուցին միայն այդ ճակատագրական հաշուեյարդարը։ Անոնցմով ապագան կրնար չզբաղիլ։ Անոնք խառնուածքի բխումներ են։ Մարդիկ միշտ կ՚արժեն իրենց հիացումներովը ։ Հո՛ս է, որ Օշական կ՚իյնայ դատապարտութեան։

 

Oշական աղմկոտ անկեղծութեամբ մը, չըսելու համար անհակակշիռ մոլեռանդութեամբ մը՝ պաշտպանած է Արեւմտահայ գրականութիւնը ընդդէմ արեւելահայ քննադատութեան, որ «աչքը բացած օրէն» խորունկ արհամարհանքով մը դատապարտութեան սիւնին գամեց այդ գրականութեան ամբողջական վաստակը, եթէ չուզենք իր զիջումը ընդունիլ Յակոբ Պարոնեանի փառքին ու արժէքին համար։ Այդ զիջումը, զոր այդ քննադատութիւնը կ՚ընէր նաեւ որոշ չափով Պետրոս Դուրեանի քնարերգութեան, 1920էն վերջ արեւելահայ երկրորդ խմբակը ետ առաւ ու միացաւ իր երէցներուն արհամարհանքին։ Մենք չենք ուզեր նորոգել հինցած, հրապարակին շատոնց քաշուած այդ վէճը։ Օշական արեւելահայ քննադատներուն չափ խիստ վճիռներ ունի այդ գրականութեան արդիւնքներուն։ Չենք տար իր արժեզրկած փառքերուն ցանկը վերստին։ Կ՚ըսենք միայն, /570/ որ իր հիացումները այդ գրականութեան փառքերէն, այսօր կը դառնան կասկածելի, վիճելի։ Արեւելահայերը չեն համաձայնած այդ արժէքներուն ներքին տարողութեանը մասին։ Անոնք պահ մը գորովագին զգացումներ կարծեցին ունենալ Պետրոս Դուրեանէն, բայց յետ–Հոկտեմբերեան սերունդը այդ բանն ալ աւելորդ նկատեց։ Oշական ցեղային ձայն, գեղեցկութիւն, գոյն ու կնիք կը գտնէր Պ. Դուրեանի, Դանիէլ Վարուժանի, Միսաք Մեծարենցի, Վահան Թէքէեանի, Վահան Տէրեանի քերթողական դիւաններուն մէջ։ Այսօ՞ր։ Մենք հիմնովին կ՚անգիտանանք այդ բանաստեղծներուն մէջ Օշականէ յայտարարուած արժանիքները։ Ու բացատրելու համար այս անբնականութիւնը, չենք վարանիր դարձեալ իր մեթոտը գործադրել իր դատապարտումին։ 1910ին, 20ին, 30ին այդ բանաստեղծներէն միայն Պետրոս Դուրեանն է, որ վճարած է ժամանակին տուրքը ու անցած դժոխքին ջուրէն միւս ափը։ Մնացեալնե՞րը։ Դանիէլ Վարուժան տակաւ կը դառնայ իր ընդոծին կերպարանքին։ Մարդն է անիկա, որ իր ժամանակէն աւելի հեռուները, պատմութիւնն ու հեթանոսութիւնը նախասիրած է տեսնել։ Անշուշտ իր գործերը չեն բաղդատուիր ռոմանթիք տաղաչափութեանց կամ իրապաշտ տաղաչափեալ պատմումներուն։ Բայց անոնց մէջ այնքան քիչ է իր ժամանակը, որ մարդ կը տարակուսի անոր հարազատ տաղանդէն։ Օշական զգացած էր արդէն այս խոցելի կողմերը այդ գործին։ Յստակ էր իր վերապահումը « Հացին երգը »ին համար, հոն գտած չըլլալուն իր ժողովուրդին հարազատ ապրումներուն անդրադարձը։ Ապագան անշուշտ նկատի առաւ այս վերապահութիւնը, բայց չբաժնեց Օշականի հիացումը ազգային բանաստեղծի անոր վարկէն։ Դանիէլ Վարուժան հինցած է այն արագութեամբ, որով հինցած են Ալիշանն ու Նար-Պէյը, նոյն մեղքերուն համար։ Աղբի՞ւրը պատրանքին։ Հաւանաբար արտայայտութեան շնորհները։ Բայց չենք ներեր Օշականին այդ գետնին վրայ սա անբաւարարութիւնը։ Ինք ծանր մեղադրանքներ ունէր Գրիգոր Մագիստրոսի մը շատ խնամուած, շատ բռնազբօս ձեւերուն համար։ Բայց որքան մօտիկն են այդ դատապարտութեան ոճերը Եղիայի մը կամ Չրաքեանի մը, որոնք Oշականէն խնայուած են միայն ու միայն այդ զգայարանական արժանիքներուն սիրոյն։ Պատկեր, փոխաբերութիւն, հռետորութիւն, փարթամ ձեւեր, կարճ՝ լեզուական այն կատարելութիւնը, որուն անդրանիկ նմոյշը Եզնիկի մը վրայ Մխիթարեան մեծատարած պատրանք արժեց աւելի քան հարիւր տարի, անկշիռ գիրք մը Ոսկեդարեան գրականութեան գլուխ–գործոցի մը փառքին առաջնորդող։ Միւսնե՞րը իր հիացումներէն։ Բոլորն /571/ ալ նման ասոնց։ Մեծարենցի մօտ աչքը, որուն մէկ արժանիքը քիչիկ մը տաք ըլլալն է հաւանաբար, երբ այդ հազար ինըհարիւրին գրելը համազօր էր նկարագրելուն ու զգալը խոտելի։ Թէքէեանի մօտ՝ միտքը, որ անխելք, չըսելու համար անմիտ քերթողութեան մը մէջ միշտ այդ հազար ինըհարիւրին, արժանիք մըն էր անշուշտ, մասամբ հակակշռող նկարագրամոլ կամ մսապաշտ հեշտանքները նրբենի տաղաչափներուն։ Տէրեանի մօտ ականջը, իր կարգին, բացատրելի, երբ արեւելահայ բանաստեղծը պոլսեցիներէն ալ միամիտ էր ոտանաւոր արժեւորելու արհեստին մէջ ու տողերը տաղաչափօրէն կոտրտելով, յարդարելով, կը հաւատար «մի լաւ քերթուած» գրած ըլլալուն։ Տէրեան առնուազն կշռոյթի զգայարանք մը բերաւ։ Բայց այս անունները մեզի չեն ձգած լայն, տիրական յաջողուածքներ, որպէսզի արդարանային Օշականի լաւատեսութիւնն ու կշիռները այդ քերթողներուն ապագայէն։ Հետաքրքրակա՞ն, արդեօք, թարմացնել հոս իր հիացումները Եղիշէէն, Փաւստոսէն, Փարպեցիէն, Նարեկացիէն, Շնորհալիէն, նոյնիսկ յունաբան դպրոցի բառամարտիկներէն (գոված է Քռթենաւորը), բոլորն ալ ձեւի որոշ ինքնութեամբ պաշտպանուած, բայց որքան քիչ՝ ցեղային ընդհանուր զգայնութեան փաստերով։ Այս յիշատակութիւնը՝ որպէսզի հասկնալի դառնայ գրականութիւն մը կշռելու ատեն Օշականի արժէքներուն տարողութիւնը։ Այս մարդը մեղադրեցին իբր ջարդարար, երբ իր զիջումներն իսկ այսօր մենք չենք ներեր իրեն։ Մենք այսօր շատ բառ կը գտնենք Վարուժանի մօտ, շատ ձայն՝ Տէրեանի մէջ, շատ նրբութիւն՝ Մեծարենցի մէջ, ու շատ խելք՝ Թէքէեանի մէջ։ Յետոյ, Oշական խորունկ անկեղծութեամբ մը քնարական փառքի է տարած մեր ժողովրդական բանաստեղծութիւնը։ Քուչակն ու Սայաթ-Նովան անոր մօտ գտած են խորունկ թափանցում ու հիացում։ Այս փաստը անտեղի չէ ընդհանրացնել ու գտած ըլլալ իրաւ բանաստեղծութեան իր մտայղացքը, որով կը կերպարանուին բոլոր ժողովուրդներու ամենէն վերջնական բխումները քերթողականէն։ Հարազատ բանաստեղծութիւնը չի կրնար հիննալ ։ Օշական ունեցած է այդ մտատեսութիւնը, բայց զայն չէ վերածած դրութեան, օրէնքի, թերեւս անո՛ր համար, վասնզի գործադրութեան պարագայ մը իրեն պիտի արժէր իր քանի մը հիացումներն ալ։ Չի բաւեր ընդզգալը (իրն է բառը)։ Oշական հասած է սեպհական ըմբռնողութեան մը գէթ մեծ, իրաւ, անխառն արուեստէն։ Կը մեղադրենք զինքը իր գնահատումներուն մէջ այդ ըմբռնողութիւնը գործադրած չըլլալուն։ Հեռազգալ նուաղումները, տկարութեան կէտերը, փուտին, ապականացուին վառա/572/րանները քննադատի մը մօտ՝ անշո՛ւշտ պատիւ կը բերէ։ Բայց իր խառնուածքին պարտադրանքն էր այդ ամենը ուղղակի պոռալը, ամէն նկատումէ ու վախէ զերծ արիութեամբ մը։ Ինչո՞ւ սա զգուշաւոր, չափազանցեալ խղճահարութիւնը իր արժեւորած քերթողներու ճակատագրէն, երբ չէր վարանած իր ախտաճանաչումը պոռալ նոյնքան փառաւորեալ, «բարեբանեալ» համբաւներու երեսին ու յիշատակին, որպիսիներն էին Թերզեանը, Սիպիլը, Չերազը, Պէրպէրեանը, Սէթեանը։ Այս անունները աւելի էին, քան փառքը։ Ալիշան իրական աստուածութիւն մըն էր ու Սուրէն Պարթեւեան հնդկական կուռքի մը չափ խորախորհուրդ գրագէտ մը։ Կը խորհինք, թէ իր գնահատումներուն մէջ սխալանքի հիմնական ազդակը կու գար ի՛ր իսկ գրագէտի նկարագրէն։ Կեանքին անունով երդում ընող, կոտրող-թափող ու հալածող այս գիւղացին մեր գրականութեան մէջ տառապագին երեւոյթ մըն է ձեւով, զգացական (ինք կ՚ըսէր զգայարանական ) տարրերով օժտուած գրականութեան մը համար։ Ինքն է, որ կը յաւակնէր պարզ գրել, երբ ամէն տողի մէջ նորակերտ պատկերներ նետելու բուխքը կը վերածէր հակադիր մոլութեան մը, ա՛յնքան՝ որ մարդիկ կը մնային շփոթ բառերու այդ կայծկլտումներուն դէմ, որոնք կեանքէ մը կը փրթէին թէեւ, բայց այնքան բարակցած, հինցած կեանքէ մը։ Ուրիշ չեն գրուածքները 900ի արձակ քերթողներուն։ Օշականի համար հնչական, նոր, թելադրող ու շլացիկ տաղ մը միշտ արժէք մըն է, երբ յայտնուի անիկա նոյնիսկ թանձր հասարակութեանց ծոցին։ Մենք բանաստեղծ մը տողերով չէ, որ պիտի կշռէինք, ոչ ալ տաղերով։ Այդ տողերն ու այդ տաղը ունին գոյութիւն Թովմաս Թերզեանի հաւաքածոյին մէջ, բայց չունի գոյութիւն Թովմաս Թերզեան անունէն թելադրելի զգայնութեան մասնաւոր տեսակ մը, ուր ներուէր մեզի մարդ մը, զգացումներու սարիք մը, առնուազն պահ մը ու տեղ մը ճանչնալ։ Դիւաններ, տաղարաններ, ամբողջական գործեր իսկ կը նկատենք անբաւական, որպէսզի զիջինք որոշ հանդուրժողութիւն իրմէ պաշտպանուած քերթողներու։ Չէ խաբուած անշուշտ՝ շատախօս ու յաւակնոտ բառախաղացութիւնը շատ կանուխէն զգալու Եղիշէ Չարենցին մէջ, որ սակայն իրմէ որոշ վարկ վայելած Սիամանթոյին կը մնար այնքան մօտիկ, որպէս հռետոր տաղաչափ մը։ Օշականի ընդարձակ գործին մէջ կայ դատումներու միութիւն մը, չըսելու համար դրութիւն մը։ Իրը չէ անշուշտ գիւտը հայեցի գրականութեան (քանի մը սերունդի գեղագիտական ու ազգային տագնապը կը գուշակենք երեւոյթին ետին), բայց իրն է վստահ գործադրումը տարազին։ Գաւառական /573/ երակը (1900ի գրական խմբակցութեան մը իբրեւ դրօշ) Oշական վերածել յաւակնեցաւ հայեցի երակին ու իր զարդարուն, պոլսեցիներէն իսկ նախանձելի նրբութիւններով ծանրաբեռն ոճին չվարանեցաւ պարտադրել գիւղացիներ, հասարակ մարդեր նուաճելու դժուարին ճիգը։ Իր վիպական եւ թատերական գործը Արեւմտահայ գրականութեան մէջ լաւագոյն կերպով գրուած, այսինքն՝ մեծ խնամքներով սնած աշխատասիրութիւն մըն է ու հոս է իր հակասութիւնը։ Սփիւռքը (1918էն ասդին) Օշականին գրական հանգանակին համար մահաբեր շրջան մը պիտի ըլլար։ Բայց դարձեալ անիկա ըրաւ կարելին, ինքզինքը խնայելով իր ժամանակէն, քիչ մը բան փրկելու իր ժողովուրդէն։

Օշական, իր բոլոր ճիգին հակառակ, չէ յաջողած ինքզինքը ազատագրել մեր 1900էն։ Անիկա կը պատկանի այն խումբին, որ ձեւն ու գոյնը, կարկառն ու շլացիկը ունեցաւ իր հաւատամքին վրայ ու իր հակազդեցութիւնները, առանց նիւթի սերունդի մը իր դժբախտութիւնը յաւակնեցաւ գնել արուեստէն, որ հոս կը նշանակէ բառ ու զարդ, ներկ ու կոտրտուք։ Հաստ գիւղացի մըն էր ինքը։ Բայց իր վիպակները, հեքիաթները կը կրէին ջնարակը ամենէն նրբենի յօրինումներուն։ Իր փառաբանած Թլկատինցի՞ն։ Անշուշտ։ Բայց այս մեծարժէ մարդը կը գրէր իր մարդերուն, աշխարհին լեզուովը։ Օշական գրեց իր լեզուովը։ Ու ասիկա ձրի վերագրում մը չէ։ Օշական, առանց ծանր տառապանքի, իր զգայնութիւնը ըրաւ հաղորդ Աբովեանի մը փաթեթիքին։ Զգաց այն սարսուռը, որով ԺԹ. դարու քանի մը մեծ եւրոպական միտքեր գտան միջին դարը ու անոր բանաստեղծականը վերանորոգեցին՝ իրենց օրերու տագնապանքները սեւեռելու (Վակնէր, Հաուփթման, Իպսէն)։ « Սասունցի Դաւիթ »ը իրեն համար համարժէ գիւտ մըն էր։ Անկէ ձեւած իր տրամա՞ն։ Գրեթէ ոտանաւոր պատմում մը (մենք գործին հետ, մէջ, կը մոռնանք գործաւորին պայմանները։ Կ՚ընդունինք իրեն հետ մեր ընկալչութեան նախնական աստիճանը, մեր բեմին տղայական կերպարանքը, մեր դերասաններուն աւելի ողբագին անբաւարարութիւնը, բայց չենք ընդունիր, որ այդ ժխտական ազդակները գործածուին անբաւարար գործեր պաշտպանելու համար ապագային առջեւ։ Ո՞վ կը բռնանար վրան, որպէսզի ցրուէր « Սասունցի Դաւիթ »ը), երբ իր հետն էր կարելիութիւնը ցեղային տարողութեամբ հուժկու գործ մը ոտքի նետելու։ Այդ նախնական զրոյցին մէջ մենք կը հաստատենք մեր ժողովուրդին ո՛չ միայն բարոյական խառնուածքը, այլեւ՝ արուեստին հարազատ զգայարանքը։ Իր « Ստեփանոս Սիւնեցի ՞»ն։ /574/ Գրեթէ շրջուած, յետահայեաց ռոմանթիզմ, երբ նիւթը այնքան ընդունակ էր մեծ սեւեռումներու ո՛չ միայն մեր միջին դարէն, այլեւ՝ մեր հաւաքական զգայնութենէն։ Չափաբերեալ այս երկու կառոյցները կը կազմեն Օշականի քերթողականէն հաստատ վկայութիւններ։ Ու ինչպէս դիտել տուինք, իր հիացումներուն համար, հոս ալ կը գտնենք նոյն ազդակը, որ կը վարէ այս անբաւարարութիւնը, իր բառով՝ վրիպանքը։ Հաւաքական զգայնութենէ իր նիհարութիւնը անիկա հաւատացած է դարմանել ձեւի մեծ, յանդուգն, անտիպ նորոգումներով։ Ու ինչպէս որ բանի ու բառի մեծ սպառող Կոստան Զարեանի քերթուածները չեն պատկանիր բանաստեղծութեան, Օշականին վճիռերն ալ (քննադատութեան մէջ), ծնունդ ձեւի նոյն պաշտամունքին, դալկացան, տարտամեցան, ոչ՝ իրենց բնական ճամբովը, այլ՝ ներքին հուրքէ արագ պարպումով մը։ Մարդիկ չէին կրնար չկարդալ իր կենդանագիրները, տաք, հաղորդական, թելադրիչ, ամէն տողի մէջ գտնելով խառնուածքին համը, բայց չէին սորվեր, այսինքն՝ իրենց միտքերը չէին նետեր իրենց զգայարանքhերուն ակօսին։ Հիննա՞լը։ Բայց ուրիշ բան է ասիկա։ Գիտենք, որ քննադատութեան ճակատագիրն է ո՛չ թէ հիննալը, այլ՝ անվերադարձ մեռնիլը։ Ատեն մը եւրոպական միտքը աշխատեցաւ անոր համար ճարել քիչ մը աւելի քաղցր ճակատագիր։ Շուքի վրայ աշխատանք մը (ուրիշ բան չէ քննադատութիւնը) տարօրինակ էր, որ ամբոխները իրեն կապուած ունենան լման երկու դար։ 1950ի դուռներուն մարդիկ քննադատութիւնը բարեխառնեցին աշխարհագրական, ցեղագրական, բարոյագրական դիտողութիւններով ։ Մինչ կը մեռնէր գեղագիտութիւնը իբր բառերով կանգուն ու կեանքէն անպաշտպան կրթանք մը, թիպօտէներու, քէյզերլինկներու, քուրտիուսներու տպաւորապաշտութիւնը կը ջանար գրաւել ամայի մնացած տեղը։ Մինչ կը մեռնէր պատմութեան իմաստասիրութիւնը, որ լման ԺԹ. դարը ափիբերան պահեց իր այնքան փցուն, կամայական տարազներով, առաջարկներով, կ՚ազատագրուէր պատմութիւնը, ըլլալու համար աշխարհագրական, տեղագրական բարոյագրական ։ Երկու կրթանքներուն ալ հասարակաց՝ իրաւ ապրումին կնիքը։ Օշական շփուեցաւ երկուքին ալ։ Բայց մնաց անբաւարար։ Զգաց, որ չէր գրուած հայոց պատմութիւնը: Գիտէր, որ չէր գրուած հայոց գրականութեան պատմութիւնը: Փորձեր են մեր հիները վերլուծելու իր փշրանքները, անշուշտ քիչ մը աւելի լուրջ, քան պատմութիւն հայ մատենագրութեան անուններու տակ ծանօթ յայսմաւուրքները կամ գրացուցակները։ Բայց չեն հայոց գրականութեան հարազատ պատ/575/մութիւնը։ Այս թելադրանքները կը ճշդեն իր վրիպանքը, բայց չեն բացատրեր։ Մեր օրերուն իր պատրաստութեամբ, կեանք հաղորդելու իր ուժով, գաղափարներ համադրելու իր ընդունակութեամբ գրագէտ մը հազիւ պիտի ըլլար ի վիճակի մեր գրականութեան առաջին շրջանը (նախաքրիստոնէութիւն, Ոսկեդար, Միջին ժամանակներ) կիսադարեան աշխատանքէ մը վերջ միայն նուաճելու։ Իր տկլոր միջոցներով, հալածուած, անօթի, հիւանդ վարժապետի իր անապահով հոգեբանութեամբ այդ վսեմ գիւղացին փորձած է ահա այդ tour de forceը, իր ուժերէն անհամեմատ վեր արդիւնքներ հետապնդելու։ Ու ինկած է իր աշխատանքի ակօսին։ Մեզի համար, հեռուներէն դիտուած, սա ճակատագիրը սրտառուչ է ու գեղեցիկ։ Դադրած են իր անունին, յիշատակին ետեւէն հայհուչն ու ապուշ հիացումը։ Կը գորովինք իր օրինակէն, բայց չենք կրնար յիշել իր ալ գորովանքը Ալիշանի մը վաստակէն, ինչպէս ետքն ալ իր իսկ բանաձեւած վճիռը Ալիշանի այդ վաստակին։

Ինք կը մերժէր գրելու անընդունակ քննադատութիւնը, արդար ցասումով մը պահանջելով, որ գիրքերը, տարազները առնուազն սորված ըլլային իրենց արհեստը։ Մենք չենք շրջեր իրեն ընդդէմ իր տարազը, որպէսզի գրել կրցողներու դատաստանները ընդունինք։ Նոյն բաները չեն գրելն ու դատելը: Ընդարձակ վէճերու ծնունդ է տուած ակադեմական, դասախօսական, հմտական, կենսագրական քննադատութիւնը, երբ կը յաւակնէր իր խօսքը արժեւորել գրական արդիւնքին վրայ։ Օշական մերժած է ոեւէ լրագրողի՝ իրաւունք մը, իր երբեք չփորձած վէպին վրայ դատաստան մը ընելու։ Մերժած է կեանքին մէջ խաղ մը չլաստակերտող վարժապետին՝ ձեռնհասութիւն, թատերական գործ մը դատելու։ Ասոնք առողջ ու արդար պահանջներ էին, առնուազն աւելի տանելի, քան այն միւսները, որոնք կու գային աս ու ան լրագրողին, մտաւորականին խելապատիկէն։ 1900ին ամէն գրիչ բռնող քննադատ մըն էր։ Օշական ունի չքմեղանքը իր դատածը ո՛չ միայն հասկնալու, այլեւ՝ գործադրելու։ Հոս անիկա կը զատուի մեր գրականութեան ծանօթ բոլոր դատաւորներէն։ Ու այս իսկ հանգամանքով, իր անբաւարարութիւնը կը դառնայ աւելի ծանրակշիռ ու ճակատագրական։

Այսօր, մենք կը կարդանք Օշականի հիացման արժանացած քերթողները՝ Մեծարենցը, Վարուժանը, Թէքէեանը, Տէրեանը, բայց ճիշդ այն հոգեբանութեամբ, որով ինք կը կարդար Սէթեանը, Թերզեանը, Պէրպէրեանը, Եղիան, այսինքն՝ իբր գործեր, որոնք մեզի կը թուին, բոլորովին հինցած, որով եւ մեր օրերու զգայնու/576/թեան հետ որեւէ աղերսէ զուրկ գեղօններ։ Բայց այդ տպաւորութիւնը չենք առներ Պետրոս Դուրեանէն, Սայաթ–Նովայէն, ժողովրդական երգերէն, միշտ մնալով քնարականին պայմաններուն մէջ։ Օշական, իր դարուն զգացած էր ասիկա։ Ի՞նչն էր հեղինակը իր պատրանքին, որ Քուչակն ու Մեծարենցը իր զգայնութեան մէջ կը զետեղէր նոյն գոլի, երանգի ներքեւ։ Ուրիշ խօսքով՝ ինչո՞ւ չըլլար անիկա ազատագրած իր զգայնութիւնը իր ժամանակին ճնշումէն ու քանի մը սիրուն, համով յաջողուածքներուն փաստին առջեւ տկարանար, մեծ, ցեղային բանաստեղծ մը գտնելու աստիճան տաղանդաւոր, բայց անբաւական քերթողին մէջ, որ անուն ունի Միսաք Մեծարենց [4] ։

Կը բաժնենք սակայն իր բիրտ, կորովի, արդար ուրացումը արեւելահայ չափաբերեալ խօսքին վրայ։ Դպրոց կազմած էր մեր մէջ վենետիկեան տաղաչափութեան մէկ փոփոխակը, ուր ոտանաւոր գրելը, այսինքն՝ հատածով ու յանգով տողեր տակէ տակ շարելը մարդիկ կ՚անուանէին բանաստեղծութիւն։ Օշական դատած ու դատապարտած է « Հիւսիսափայլ »ի սերունդին հիմնական անբանաստեղծութիւնը։ Օշական անուշ բառեր չունի մեր ազգային մեծ բանաստեղծ Քամառ-Քաթիպային ու Մխիթարեան հերոսապատումը կամ /577/ անբանաստեղծ տաղաչափումը իրեն օրակարգ ընտրող դպրոցին վրայ։ Կու տար յարգանք արեւմտահայ վէպին, որոշ կշիռ՝ արեւելահայ թատրոնին (Սունդուկեանցի անձին վրայով), բայց կը մերժէր արեւմտեան ըմբռնումով գրականութեան մը գոյութիւնը մեր երկու հատուածներուն մէջ։ Մինչեւ 1917ը, Արեւելահայ գրականութիւնը կը զարգանայ Աստուած միայն գիտէ ուրկէ եւ ինչպէս ճարելով անուններ։ Օշական չէ ուրացած Րաֆֆին, բայց չէ իսկ զիջած լուրջի առնելու Իսահակեանը, Յովհաննիսեանը, Ծատուրեանը, մա՛նաւանդ արեւելահայ քննադատութիւնը, որուն զլացաւ տարրական շնորհ մը իր անունը արդարացնող։ 1930ին Սփիւռքը, ինչպէս Հայաստանը Եղիշէ Չարենցին մէջ մեծ բանաստեղծ մը կ՚ողջունէին։ Oշական զայն պիտի վերածէր իր արժէքին, այսինքն՝ գռեհիկ տաղաչափի մը ոչ իսկ կարկտան փառքին։ Ապագան, բաւական պատրանքներէ փորձառու, վաւերացուց այդ վճիռը, քանի որ մեր քնարերգութիւնը, 1917էն մինչեւ երկու-երեք քառորդ դար այդ աժան, դիւրին, հռետոր քերթողութիւնը իբր մեղք մը, առնուազն պարտք մը քաշքշեց այդ անունին բուքին ընդմէջէն ու անդրադարձաւ, որ « երկաթերգակ », « ռատիոերգակ » (Օտեանին են բառերը) այդ բառամարտութիւնը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ վերանորոգել մխիթարեանութիւնը, հոսհոսութիւնը 1860ի պոլսեցիներուն։ 1900ին Աւետիք Իսահակեան ո՛չ միայն հարազատ, աշուղազարմ, հայնէատիպ, այսինքն՝ տարօրէն իրաւ բանաստեղծ մըն էր, այլեւ ազգային, մեծահանճար, տիեզերական, ժխտող, փիլիսոփայ գրագէտ մըն էր, որուն տկլոր անունը արեւելահայ քննադատները, թուքերնին կուլ տալէն, չէին ամչնար քովիկը դնելէ եւրոպական ամենէն բարձրորակ մտածողներուն։ Օշական Աւետիք Իսահակեանի մէջ հասարակ, անտաղանդ, ժողովրդականը կեղծող ու երբեք բանաստեղծ աշուղ մը գտաւ ու անոր ժխտումները որակեց սուտ ու փուտ խօսք, հեղինակին տալով աճպարարին նախանձելի փառքը։ Մարդն էր այդ մտածողը, փիլիսոփան, ազգային մեծ բանաստեղծը, որ յանուն ինքնատպութեան, իր փոխ առածը շուկայ կը հանէր իբրեւ իրը ծախելու ու իր չունեցած ազգային զգացումը կը տրամադրէր միամիտներուն հիացումին։ Պէտք կա՞յ, կրկնելու, որ այս վճիռները տարօրէն հաշտ են մեր օրերու ըմբռնումներուն։ Չարենցը հայ յեղափոխութեան բանաստեղծն է, եթէ երբեք այդ յեղափոխութիւնը ուզենք տեսնել 1900ի մարդոց աչքերով, Սիամանթոյի, Վարուժանի ճամբաներուն վրայ սլքտացող, բայց ասոնց արուեստէն ալ անմասն տաղաչափ մը։ Իսահակեանը ազգայի՜ն բանաստեղծ, երբ ազգը ուրա/578/նալը պիտի յայտարարէր այդ մարդը ինքնատպութեան իբրեւ պսակ։ Oշական Թումանեանը վերլուծեր էր ժլատ, չկամ հոգեբանութեամբ մը, անոր քնարերգութիւնը յայտարարելով անբաւական, անոր պոեմաները գտնելով նախնական, անոր հովուերգութիւնը՝ աշուղական, բայց ընդունելով անոր մէջ պարկեշտ աշխատաւորը, ցեղային գիծերով հարուստ ներքին իրականութիւն մը, շրջանէ մը մնայուն երեսակներ ու պատմումի որոշ շահեկանութիւն։ Այսօր այդ վերագրումները չեն մաշած, պահելով համեմատական ճշդութիւն։ Իրաւ բանաստե՞ղծ մը գրեթէ։ Իրաւ է բանաստեղծը, երբ իրմէ առաջը կը սեւեռէ վերջնական կերպարանքով կամ իրմէ վերջը կը թելադրէ հիմնական գիծերով։ 1900էն ասդին, հայ ժողովուրդը կ՚ենթարկուի հոգեբանական շատ խորունկ, արմատական փոփոխութեանց ու չափազանց արագ։ 1850ին՝ Խրիմեան մը հարազատ գրագէտ մըն էր, մեր կանխող հոգեբանութիւնը ցոլացնող։ 1880ին՝ մարդիկ մա՛նաւանդ պոլսեցիները մոռցեր էին այդ մարդուն հոգին իսկ։ Թումանեան 1900էն առաջը սեւեռած է անվերածելի հարազատութեամբ, հակառակ անոր, որ Թիֆլիսը ըլլալու վրայ էր մեր նոր մայրաքաղաքը ու Բաքուն միտքի կեդրոն կը դառնար, այսինքն՝ հայ հոգին կը ստեղծէր նոր Պոլիս մը ու աշխարհիկ Վենետիկներ։ Թումանեան աշուղ մը չէր անշուշտ, ինչպէս եղեր էին Քուչակը, Սայաթ-Նովան, այսինքն՝ անխառն. բանաստեղծ, բայց չէր ալ հասարակ տաղաչափ մը նման Ալիշաններու, Նար-Պէյներու, Թերզեաններու, որոնց անունով մեզի հասած քերթուածները այսօր չենք կրնար ճանչնալ, առնուազն ըսել, թէ ո՛ր ժողովուրդին բախումներն են այդ բառակերտ բաջաղանքները, վասնզի այնքան անլուրջ, անիրական, հոսհոսական չէր կրնար եղած ըլլալ մեր ժողովուրդը այդ մարդոց օրերուն։ Օշական գնահատանք ունի Խ. Աբովեանի հատուկոտոր նշխարներուն, ինչպէս արեւմտահայ գրագէտ Թլկատինցիի տաղաչափեալ պատառիկներուն, ու խորունկ արհամարհանք՝ Շահազիզի, Նալպանտեանցի, Որբերեանի, Սիպիլի, Կոստան Զարեանի քերթուածներուն, ընդդէմ այս անուններուն ընկալեալ, մեծատարած ալ փառքերուն։ Այս փաստերը նշաններ՝ թէ անիկա ներքին վկայութեամբ մը կը հասկնար հարազատ բանաստեղծութիւնը, որ թէեւ կը հագնի բառեղէն զգեստ, բայց կը պահէ մա՛նաւանդ հոգեկան մերկութիւն։ Ժողովրդական քառեակ մը միս դարձած հոգի է տեսնել կրցողին, այնքան քիչ է կշիռը բառերուն, անով մեզի մատուցուած հոգեղէնին վրայ։ Մեզի չեն հասած Օշականէն քերթուածներ, որպէսզի ըլլայինք աւելի ազատ իր պայմանը գործադրելու իր ալ արդիւնքին /579/ վրայ։ Գիտենք, որ կ՚ուրանար խօսելու իրաւունք ամէն անոնց, որոնք տրուած սեռի մը չէին տուած փաստը նուաճեալ գործադրութեան մը։ Խորագոյն դատապարտութիւններ բանաձեւած է իր օրերու արեւելահայ դատողներուն, որոնք տող մը քերթուած գրելու անկարող, կը յաւակնէին Պետրոս Դուրեանը վերլուծել…   իբրեւ բանաստեղծ։

Օշականի քննադատական կառոյցը հինցած է անշուշտ։ Ատիկա մեզմէ առաջ ինք զգացած էր, դարձեալ ներքին յստակատեսութեամբ մը։ Զայն մեղադրեցին իմաստասիրական հիմունքներէ զուրկ արկածախնդրութիւն, առանց անդրադառնալու, որ ԺԹ. դարու մեծագոյն քննադատական դպրոցները հետախաղաղ կորսուած են ու մենք ցաւով կը պրպտենք այդ կառոյցներուն աւերակները, աւելի քան իմաստասիրական հիմունքներով փառազարդ սակայն, երբ ոտքի էին, ամբոխներուն շլացած աչքերուն առջեւ։ Զայն մեղադրեցին հաստատ օրէնքներէ, կշիռներէ աղքատութիւն մը իբրեւ, երբ այդ օրէնքներուն, կշիռներուն ամբողջ բռնութիւնն ու ծանրութիւնը մեր մէջ ուրիշ բան չէին ըրած, եթէ ոչ ստեղծել Մխիթարեան եւ Հիւսիւսափայլեան բանաստեղծութիւնը։

Մեզի կը մնայ սակայն իրական ցաւ մը Օշականի յամառութենէն, երբ այս ամէնը գիտակցաբար դատելէ վերջ, այս տարօրինակ աշխատաւորը իր անբաւական (հիւանդ մըն էր) ուժերը չսակարկեց մեր մէջ անսովոր ընդարձակութեամբ կառոյց մը գործադրելու։ « Համապատկեր »ը դասական պատմութիւն մը չէ, որուն համար ատաղձը հասարակաց է քիչ մը։ Արեւելահայերը գրականութեան պատմութիւնը վերածած էին ուրիշներուն գործերը իրենց կարգին համառօտեալ պատմելու։ Նման ձեռնարկ մը ո՛չ սպառում, ոչ ալ մտածում կ՚արժէր զբաղողին։ Օշական գրեթէ չէ պատմած գործերը ուրիշներուն։ Այլ այդ գործերուն իր ներսը արթնցուցած ապրումները իր կարգին ապրած է։ Ուրիշ խօսքով՝ անիկա գրականութիւնը (արեւմտահայ) իր ամբողջ լայնքին մէջ կտրած-անցած է, այն հոգեբանութեանց ընդմէջէն, որոնք ի զօրու էին գործերուն ընթացքին։ Ասով այդ վաստակը կ՚ըլլայ պարզած իր հրապոյրին, ինչպէս տկարութեան բարդ խորհուրդը։ Քննադատութիւնը արուեստի բարձրացնողները, այսինքն՝ գրական յատկանիշներով ապահով մարդոց միջոցով գործադրելի կրթանք մը դաւանողները սիրեցին այդ ընդարձակ մենագրութիւնները, որոնք վէպը կը յիշեցնեն, կը յուզեն ու կը թելադրեն, կը դպին մեր զգայնութեան։ Քննադատութիւնը հաստատ ծանօթութիւններու կրթանք մը յայտարարողները Օշակա/580/նի կառոյցին մէջ կը տառապին հմտութիւնը, թիւերուն ապահովութիւնը, ժամանակը պատկերող բոլոր պզտիկ իրողութիւններուն հանդէպ անտարբերութիւնը անկշիռ փառասիրութեանց վերածող մտքի կեցուածքէ մը։ Ուզած էր հմտութիւն չհոտիլ ։ Ուզած էր տեսութիւն չդնել ։ Բանից դուրս կու գայ, որ անիկա չէ կրցած չընել եւ ո՛չ մէկը այս երկու տարբեր կրթանքներէն։ Մեր կարծիքով, Օշականի այս վաստակին դէմ, շատ կանուխէն ծագում առած սա երկուութիւնը կու գայ գործին իսկ յղացքին նկարագրէն։ Վէ՞պ մը։ Ինչո՞ւ չէ։ Վկայ՝ Մուտքը ։ Պատմութի՞ւն մը։ Ինչո՞ւ չէ։ Վկայ՝ այն յստակ տպաւորութիւնը, զոր ամէն ընթերցող կ՚ունենայ անկէ երբ կը մտնէ հարիւրամեայ մեր գործունէութեան մեծ համայնապատկերին ներսը, ուր մարդերն ու դէպքերը, թիւերն ու ապրումները, երազներն ու ցաւերը հաշտ ու հաւասար, կը քալեն շրջանէ շրջան ու բարեխառնութենէ բարեխառնութիւն։ Բայց սեռին իսկ մատը ծուարած էր սեռին ծոցը։ Օշականի քննադատութիւնը դպրոց չէր կազմած։ Բայց իր ժխտական մասերովը անիկա ըրաւ որոշ բարիք։ Դուք տեղեակ էք անոնց մէկ քանիներուն։ Հիննա՞լը։ Բայց ի՜նչն է չհինցողը սա մեր աշխարհին։ Գործերը կը մեռնին, բայց անոնցմէ աւելի արագ ու առաջ՝ անոնց վրայ շահարկութիւնները։

Մարդիկ կը քաւեն իրենց ուրացումները… շատ–շատ յետս կոչումով մը ու վերստին մուտք կը գտնեն ուղղափառներու փարախէն ներս։ Օշական ո՛չ մէկ զիջում է ըրած, վերադառնալու համար հասարակաց գնահատութեան, եթէ երբեք չուզենք իր ճիշդ իմաստին մէջ արժեւորել խոշոր իր զիջումը… իր անձին դէմ, որ մարդկայինին պայմանէն դուրս վիճակի մը կը մօտենայ, երբ առնուի ուշադրութեան։ Ուրիշներուն զիջումը Oշական փոխանակեց իր անձին ըրած զիջումով մը ատիկա չկարդալն էր իր վրայ գրուած որեւէ բան։ Բայց երբ վերլուծենք կեցուածքը պիտի գտնենք զմեզ իրարու հակադիր երկու վիճակներու առջեւ։ Ատոնցմէ մէկն է հասարակաց խօսքը արհամարհել, ինքզինքը շատ մեծ տեսնելով։ Ատոնցմէ միւսն է փաստը տուած ըլլալ մարդկայինէն վեր, չըսելու համար գերմարդկային խառնուածքի մը։ Իր գործին պատմութիւնը ունի սրտայոյզ մանրամասնութիւններ։ Ու դժուար է չհարցնել որո՞ւն համար ուրեմն մենք պիտի յօժարինք զրկանքին սա չափերուն, երբ համոզուած ենք մեր աշխատանքը պիտի արժեւորուի այնքան հեռու, տարբեր մեր մտադրութենէն։ Քաղցրութիւն, թեթեւացման պահեր սպասելի չե՞ն՝ սա մեր սեւ կեանքին վրայ պուտ /581/ մը լոյս սփռող։ Օշական չէր ալ փառաւորուեր անմարդկային ով, որ ատեն մը, մա՛նաւանդ քսաներորդ դարու սկիզբները գրողներուն մէկ որոշ խմբակին համար ինքնատպութեան ազդակ մը պիտի դաւանէր։ Օշական չի պատկանիր էսթէթ ներու փաղանգին, որոնք մարդոց խոնարհ, միջին խաւերուն տրտմութիւնները, փոքրութիւնները, փոքրոգութիւնները կ՚աճեցնեն, որպէսզի արդարացնեն իրենց մեկուսացումը, զարտուղումը, ու հասարակէն, ծիծաղելիէն ազատագրութեան ջանք մը վերածեն բարձր արժանիքի, տաղանդի, արուեստի։ Օշական գրականութիւն ըրաւ, անկէ ոչինչ սպասելու բացարձակ տրամադրութեամբ մը։ Տուաւ բացարձակ վստահութեամբ մը ոչինչ առնելու։ Բայց իր բախտը այնպէս տնօրինեց, որ նման անշահախնդրութենէ գալիք բարիքն ալ դառնար չարիք, տրտմութիւն: Անիկա չհասաւ համբաւի, վասնզի կ՚ուրանար, բայց հերետիկոսները ո՛չ միայն երրորդ դարուն, այլեւ քսաներորդ դարուն չէին կրնար խուսափիլ բանադրանքէն։ Անիկա կը նկատուի դաժան հերձուածողը ու ըստ այնմ կը նզովուի մինչեւ այսօր։ Բայց անիկա չարժանացաւ միջին ալ երանութեան, որ հոմանիշ է աշխատանքով պայմանաւոր, միջին խաղաղութեան, երբ մեր ուժերը, շնորհը, օրը կը գործածենք մեր հասկցած ձեւով։ Անհանգիստ ըրին զինքը, որովհետեւ չէր գովեր։ Յետս կոչումը՝ սառնութիւն, հպարտութիւն, կամակորութիւն։ Անգիտանալը՝ ինքնատպութիւն ու էսթեթութիւն։ Համակերպի՞լը։ Անկարողութիւն։

Մարդիկ պարտաւոր են սակայն վճարել, կանխիկ, իրենց հաշւոյն, իրենց հիացումները, երբ ասոնք կը դրուին հրապարակ անխելք անկեղծութեամբ, զիջումով։ Ու Օշական մինչեւ յետին բնիոնը վճարեց զանոնք, իր հիացումները, շքեղ առանձնութեան մը մէջ, իր կեանքին գինը դնելով նժարին։ «Բաներ կան, որ պատմուելու չեն», ինքն է գրողը ու դժուար չէ ատոնք մեր մտքով վերակազմել։ Մեզ յուզողը այսքան հեռուէն այս ամենուն իրմէն ընդառաջումն է ազատ ու վճռական։ Ու ասիկա հերոսութիւն է ահա։ Մեր դժբախտութիւնները կշիռներ են մեր իսկ հեղինակութեամբ։ Մեր անձին վրայ մեր գործադրած զրկա՞նքը։ Ինք կը գրէր, որ ամեն ինչ տեղի էր ունեցած իր ուզելովը։ Երբ կը քրքրենք անոր վրիպանքին հեռաւոր ազդակները, կ՚այցուինք այս տրտմութիւններէն, այս անգամ առանց ուզելու: Յաջողակ կեանք մը կը հաւատանք, որ այդ գործին համար պիտի ստեղծէր ուրիշ ճակատագիրը։

Չենք ուզեր այսօր, իրմէ, հաշիւը իր կործանումներուն, որ/582/րոնք, կը հաւատանաք, պիտի ըլլային իրենք զիրենք իրագործած, առանց իրեն ալ։ Ինք իր աչքերուն առջեւ ապրեր էր մոխրակոյտը իրեն հասած մեծափառ կաթողիկէներուն ու հանգիտութեամբ մտածելը իրեն, ինչպէս մեզի արգիլուած զբաղում մը չէր։ Հիմա այնքան քիչ է կշիռը իր սեպհական հարթումներուն, որ կը ցաւինք անոնց համար վատնուած իսկ թուղթին։ Բայց կը պահանջենք տոկոսները նոյնիսկ իր հիացումներուն, որոնք, կը կրկնենք, անհանդուրժելի են մեր մտածողութեան։ Արուեստը մէկ չէ անշուշտ։ Բայց իր հերքումն ալ չէ ամէն կէս դարու վրայ հիմնովին կերպարանք փոխող։ Oշական կ՚ուրանար որեւէ դեր, կշիռ քննադատութեան։ Այդ մասին բացարձակ, որքան յստակ են իր վկայութիւնները։ Մենք իր չափովը պիտի չըլլանք արմատական։ Իր հարթումները անշուշտ անկարելի չդարձուցին մեր «կլոր» տափակութիւնները։ Որքան շա՜տ է թիւը այդ տափակութեանց, որեւէ գրականութեան մէջ։ Իրմով վերջ չգտան անշուշտ մեր գրական զառածումները։ Իր խիստ, բիրտ բառերը, որոնք կը խարանեն շրջուած հռետորութիւնը Առաջին Մեծ պատերազմին յաջորդ բանաստեղծութիւնը, չունեցան անհրաժեշտ ազդեցութիւնը, որպէսզի հարիւրաւոր բանաստեղծներ, Սփիւռքէն, ինչպէս հայրենիքէն, չիջնային հրապարակ, «սազը ձեռին», երգելու համար այնքան հասարակ բաներ։ Այսօր կ՚ամչնանք այդ խոստովանութեան իսկ հաշւոյն, բայց տրտմօրէն կը յիշենք Օշականը, որ քննադատութիւնը գրական լրագրութիւն էր որակեր։

Ճաշակ մը, գրելու արուեստ մը իրմով չընդհանրացան մեր մէջ (ամէն տաղանդաւոր մարդ իր ազդեցութիւններով կը ստեղծէ անտաղանդներու վոհմակը)։ Իր ժողովուրդին զգայնութեան մէջ ծաւալուն ներքնամասն ալ չինկաւ սեւեռման իր գործէն ներս։ Մարդիկ ըսին այս բաները իբրեւ մեղադրանք, իր յիշատակը անարգելու անարգ աճապարանքով մը։ Կիրք, հաշիւ, նախանձ, ատելութիւն մարդոց իմացական մարսողութեան ամենօրեայ սնունդն են։ Օշականի քայքայիչները մարդեր էին, իրեն նման, ու կ՚ուտէին փառքը, ինչպէս կիրքը, հաւասար այլուրութեամբ մը, անհոգութեամբ մը արուեստէն։ Մենք կը մերժենք նման անգթութիւններ, անհեթեթութիւններ։ Գրականութիւնը բարիք մըն է իր կորուստէ փրկածովը։ Բայց բարիք է դարձեալ իր թելադրել ուզածովը։ Երախտապարտ ենք հիներուն, որոնք մեր կեանքին ընդմիշտ մեզմէ վերցուած բաժիններէն կարելի տախտակներ սեւեռեցին։ Օշականին հետ ենք, երբ գրողէ մը մեր ամենէն թանկ արժեւորումները կը հաստատենք այս գետնին վրայ։ Օշականին հետն ենք, երբ հեղինակներու ազդեցութիւնը իրենց /583/ ժամանակին վրայ չենք բարձրացներ երախտիքի նոյն խորաններուն։ Կը յիշենք բազմարդիւն կեանքերը Նալպանտեանի մը, Ալիշանի մը, Չօպանեանի մը, կը գորովինք անոնց եռանդէն, կիրքէն, բայց մեր երախտագիտութիւնը կը մասնաւորենք Րաֆֆիի, Թլկատինցիի, Շիրվանզատէի մեզի ձգածներուն, որոնք որքան ալ չխօսին իրենց հնոտի ձեւերովը մեր ճաշակներուն, մեր կեանքն են, առանց կեղծիքի։ Ինչո՞ւ մենք չունենայինք քաղցր պարտքը, հաճոյքը նոյն գուրգուրանքով ըսելու մեր երախտագիտութիւնը Ալիշաններու, Թերզեաններու վաստակին համար ալ։

Oշական ի յառաջագունէ կը մերժէր տաղանդէ տաղանդ ազդեցութեան գրական թեման: Իր համոզումն էր, որ մենք ո՛չ ոքի կ՚աշակերտինք։ Ասիկա իր առանձնութիւնը, առանձնացումը բացատրող տեսութիւն մը չէր։ Ըսին, թէ հանրային ջիղ չունէր ։ Ըսին, թէ կ՚ամբարէր իր հաշւոյն ։ Ըսին, թէ տարփաորն էր իր արուեստին ։ Այս տողերը չեն գրուիր հինցած կիրքեր վերարծարծելու։ Պարկեշտութիւն, միամտութիւն, հաւատք, մեր օրերուն չափազանց տժգոյն յատկութիւններ են, որպէսզի համարձակինք բանալ այդ մոռցուած բաներուն դառն, խորունկ խտութիւնները։ Քիչ գրող այնքան իրաւ եղած է իր սիրոյն մէջ, որքան Օշականը։ Օշականի քննադատական աշխարհը, իր վիճելի, խնդրական, հինցած, մեռած բաժիններով անգամ դեռ չէ մշուշուած, մեր հայեացքին պարզելու աստիճան անդարման ամայքը, զոր կը զգանք Տէրոյենցի մը, Ալիշանի մը աշխարհներուն դիմաց, որոնք իրենց ժամանակներուն համար եղած են ընդարձակ կիրքի, գուպարի մրցարաններ։

 

Այս յետադարձ տողերը մենք չենք գտներ երկար աշխատանքի մասի մը վրայ, ուր այնքան սիրտ, ժամանակ, արիւն է վատնած այդ կործանած աշխատաւորը։ Օշականի մեզի ձգած վաստակէն ամենէն վիճելին մեզի առաւ այս էջերը։ Չենք կրնար նոյն համեմատութեամբ վարուիլ իր վէպին ու թատրոնին համար, վասնզի ասոնք կը պահեն առատ բարիքներ։ Այս մարզերուն մէջ անիկա հանգամանաւոր, որակեալ բանուոր մըն էր, որ ո՛չ միայն կը հասկնար ուրիշներէ մեզի եկածը, այլեւ ի վիճակի էր իրագործելու այդ սեռերէն ամենէն յառաջաւագն մտայղացքները։ Անոր վէպը իբրեւ որակ ու ծաւալ կը մնայ պատկառելի, մեր ամենէն նպաստաւորեալ վիպողին գործին առջեւ չտժգունող կենդանութեամբ մը։ Անոր թատրոնը միշտ իբրեւ որակ ու ծաւալ, կը պահէ նոյն կշիռը, երբ բաղդատուի մեր ոեւէ թատրերգակի մեզի ձգածին։ Թէեւ « Համապատկեր »ը մասնաւորուած /584/ ձեռնարկ մըն է արեւմտահայ գրական վաստակը վերլուծող ու արժեւորող, բայց անոր ընթերցումին հետ, ամէն էջի կը մնանք գիտակ հիմնական բաներու։ Հոն է, որ կը զգանք, թէ ոեւէ մէկու մը վրայ խօսած պահուն այդ գրականութենէն, անիկա իր մտքին խորը ունի իբր աւարտուն շէնք ու կառոյց՝ ամբողջ արեւմտահայ վէպն ու թատրոնը։ Օշական չէ ուրացած Րաֆֆին, Շիրվանզատէն (վիպասան) Մուրացանը (թատերագիրը կը դատապարտէր այդ մարդուն մօտ, ինչպէս պատմական վիպողը), Նար-Դոսը, Ստեփան Զօրեանը, Երուխանը, Կամսարականը, Զօհրապը, Արփիարեանը, Բաշալեանը, Զարդարեանները (հայր ու տղայ), Համաստեղն ու Շահան Շահնուրը, բայց ուրացած է աղմկայոյզ վէպը Կոստան Զարեանի։ Առաջին շարքին անունները մեր վէպին մէջ յուռութքներ էին ու խորհուրդ միանգամայն, ճիշդ ա՛յն շուքով, խանդավառութեամբ, որոնցմով պատուեր էինք կանխող սերունդին վիպական վաստակը Յուշիկք հայրենեաց »ը, « Սեւ լերին մարդը », « Երկունք »ը, « Մայտա »ն)։ Արդ, « Կարմիր ժամուց »ը իր բովանդակ անբաւարարութեամբը արժէք մըն է եւ այսօր, ու արժէք է՝ իր փրկածին հարազատ վկայութեամբը։ Ո՞վ պիտի առնէր ձեռք « Անգլիական նամականի» ն (վէպ մըն է ասիկա), « Թէոդորոս Ռշտունի »ն մեր օրերուն, երբ այդ մէկը ուզէր ճանչնալ մեր 1860ը կամ մեր պատմութեան որոշ մէկ շրջանը։ Թէ՛ Մամուրեան, թէ՛ Ծերենց աշխատած են քմայքին վրայ ու բոլոր աղմուկները, ծաղկեպսակները չեն փոխեր քմայքին ճակատագիրը։ Կա՞յ, « Սիրանոյշ » անունով կնիկի մը տիպարը 1870ին, այսինքն՝ Տիւսաբի վէպը ո՛ր ընկերութեան ո՞ր խաւերը պատած է կորուստէ։ Պիտի գտնէք, որ այդ անունին ետին ո՛չ ոք կայ, բացի Տիկին Տիւսաբի քմայքէն։ Բայց ամենէն խոնարհ պատմումին ետին Զօհրապին պահու մը, բարքի մը մատը կայ։ Ուրեմն վէպը կը հիննայ, ո՛չ իր ոճէն կամ կառոյցէն, այլ՝ ծնունդին իսկ անբաւարարութենէն մատնուած։ Ահա յստակ դատումներ։ Կեցէք այս ճամբով, արեւմտահայ ու արեւելահայ վէպին դաշտերուն։ Մեռածնե՞րը։ Որքան կ՚ուզէք։ Աղայեանցի վէպերը մեռած են, վասնզի ծնած էին մեռած։ « Սամուէլ »ը մեռած է, վասնզի ծնած էր մեռած։ Բայց կ՚ապրի տկլոր « Ոսկի աքաղաղը », գրուած առանց յաւակնութեան, կեանքի միայն հպատակ հոգիով մը։ Չէ մեռած « Ամիրային աղջիկը » վէպը ո՛չ իբրեւ գործողութիւն ու կառոյց (որոնք չէին նուաճուած պոհեմէն, որ կը կոչուէր Երուխան), այլ՝ իբր բարքերու հանդիսարան, որքան ալ այս մթերքին մէջ հաստը, յերիւրածոն, թխածոն բռնանան խորին, իրաւին, անհրաժեշտին քանակին։ Ու չէ հինցած Օշականը, ո՛չ միայն իբրեւ գործողու/585/թիւն ու կառոյց (որոնց զգայարանքը անիկա պահեց մինչեւ իր վերջին գործը, խստեռանդ փոյթով մը զանոնք պահելով իր հանգանակներուն կշիռին տակ, աչքը առած նոյնիսկ չկարդացուիլը, երբ այնքան դիւրին էր ամենուն ուզածը տալ ամենուն), այլեւ՝ իբրեւ բարքերու անփոխարինելի մթերք, շտեմարան։ Օշականի վէպը հոս չի վերլուծուիր։ Ատիկա ինք ըրած է կանխաւ։ Մեր ընելիքը սակայն՝ մեր չափերուն զարնելն է այդ վաստակը։ Ու ասիկա դժնդակ, որքան ապերախտ գործ մըն է։ Մեր նոր գրականութեան վաստակաւոր վիպասաններուն վրայ իր մեղադրանքները անիկա չէ վերածած դրութեան, ինչպէս ըրեր էր արեւմտահայ վէպին համար։ Բայց յայտնած է հեռահաս գաղափարներ, այդ վէպին յեղաշրջումը տարօրէն լուսաւորող։ Ինքն է, որ մեղադրած է արեւելահայ վիպասանները իրենց թեթեւութեանը համար։ Գաղտնիք չէր, որ 1860–70ին արեւելահայ վիպասանները կը գրէին, կը ստեղծէին ազդեցութեանը տակ արեւմտահայ թարգմանութիւններով ընդհանրացուած թերթօններուն Թափառական հրեան », « Թշուառներ », « Մոնթէ Քրիսթօ » եւայլն), երբ աւելի քան շքեղ էր ու վսեմ Տոսթոեւսկին, զոր իր բնագրին մէջ կարդալու գեղեցիկ բախտ մըն ալ ունէին անոնք։ Արեւելահայ վէպը թող զարգանար ռուս վիպասանին գոլին ընդմէջէն ու մենք մեծ գրականութիւն մը պիտի ըլլայինք ժառանգած։ Րաֆֆին գործողութիւն մը վարելու մէջ արեւմտեան մեծ վիպասաններէն վար չի մնար։ Բայց « Կայծեր »ը, « Խաչագողի յիշատակարանը » պէպէքներ կը թուին մեզի, երբ մօտիկը դրուին « Մահուան տունի մը յիշատակներ »ուն։ Կ՚ընդունինք Oշականին վճիռը, մա՛նաւանդ, որ անոր ետին գրականութիւնը ըմբռնելու եւ ընելու մասնաւոր եղանակ մըն ալ կայ։ 1880ին արեւմտեան թերթօնները հայ միտքին վրայ ահաւոր ճնշում էին ու քաքայում։ Օշականին արժանիքը թերթօնէն փախուստն է անշուշտ։ Բայց մա՛նաւանդ ընտրութիւնն է իր վարպետներուն։ Անոր վէպը կու գայ Տոսթոեւսկիէն, Թոլսթոյէն, Տիքընզէն, Պալզաքէն, Սթանտալէն, Մարսէլ Փրուստէն, Ճէյմս Ճոյսէն, այսինքն՝ արեւմտեան արուեստին մեծագոյն վարպետներու թեքնիքէն, փառասիրութիւններէն, խառնարանէն։ Չենք տար երկրորդական անուններ (Ֆլօպէռ, Զոլա, Հիւփշման, Տոտէ, Ռոմէն Ռոլան, Ժիւլ Ռոմէն, Անաթոլ Ֆրանս, վասնզի այդ անունները չեն ազդած անոր մտայղացքին), բայց կը դիտենք այդ մեծերուն ներքին զանազանութիւնը։ Այդ վարպետները իրարու հակադիր խառնուածքներ էին ու Օշական գիտցած է զանոնք հաշտեցնել նախ իրեն, ապա՝ իր գրականութեան ընկալչութեան։ Իր չկարդացուիլը ոճի մեղքի մը ծնունդը չէ, այլ՝ այդ /586/ փառասիրութիւններուն անդրադարձը։ Այս ճշդումները անո՛ր համար, որպէսզի գանք հիմնական մեղանդրանքին։ Կը հարցնենք. ո՞ր գործին մէջ Օշական գոհ ձգած ըլլալ կը կարծէր իր վարպետները: Ասիկա հետեւակ աշակերտութեան գովեստ մը չէ հոս։ Կը փոխենք հարցումին կերպարանքը ու կը դնենք սա բառերով մեր պահանջը. պիտի սիրէ՞ր իր « Սիւլէյման էֆէնտի », « Շարթրէօզ տը Փարմ »ին հեղինակը։ Պիտի սիրէ՞ր « Մնացորդաց »ը Մարսէլ Փրուստ։ Ահա ճակատագրական հարցումներ։ Օշականին վարպետները ոչ միայն մեծ գրագէտներ էին, այլեւ՝ դրօշակիրները իրենց ժողովուրդներուն ամենէն խորունկ, բարձր ձգտումներուն, կիրքերուն, յոյզերուն։ Մեծ գրագէտին հերոսները աւելի են, քան իրականութեան ճարտարապետած մարդերը։ Օշական քանի մը սրտառուչ տիպարներ սեւեռած է անշուշտ։ Բայց հայ ժողովուրդը չէր բաղկանար խոնարհներէ, տիրացուներէ կամ գազան ախորժակերով գրագէտներէ։ Հայ ժողովուրդը կա՞յ, Օշականին մէջ։ Ահա՛ խնդրականը։ Յետոյ Օշական շատ լաւ գիտէր, թէ իր վարպետները ինչ կ՚ուզէին կեանքէն, արուեստէն, երկինքէն ու երկրէն։ Օշականի վէպը ո՞ր ժողովուրդին կը պատկանի: Մի՛ կարծէք, թէ ես եմ, որ այս հարցականը կը բանաձեւեմ։ Ինքն էր, որ մեզմէ շատ առաջ դրած էր այդ չարաչար հարցումը իր վէպին, թատրոնի մասին։ Ու չէր պատասխանած։ Սա անկարողութիւնը մենք կ՚ըլլանք արդարացուցած, երբ յայտարարենք, որ Օշականի վէպը կը պատկանի Օշականին, որ հայ գիւղացի մըն է, անցած քաղաքէն, շփուած Եւրոպայի, բայց ո՛չ՝ բաւարար թափանցումով։ Երեք տարբեր բարեխառնութիւններ համադրելը ծանրագոյն տագնապն է մեր ջիղերուն բեռցուած։ Պալզաք, որ կը նկատուի մեծագոյն վիպողը, ֆրանսացի, անճարակ թերթօնագիր մը կամ ռոմանթիք բանաստեղծ մը (արձակ բանաստեղծութեան գէշ գլուխ-գործոց մըն է « Շուշանը հովտին մէջ »ը), ճիշդ ու ճիշդ Տիւմային ու Ժորժ Սանին պէս, երբ ազնուական դասակարգէն ըլլար կանչուած պատմելու կամ խօսք առնել-տալու։ Ու մի մոռնաք տակաւին, որ ինք ծնած էր կախարդական ալ մասնիկով (գաղիացիներուն deն, գերմաններուն vonը)։ Այս վրիպանքը այսօր շատ պարզ է մեզի, քանի որ գիտենք, թէ վէպի հսկային ընկալչութեան տարիները (մանկութիւն եւ անդրանիկ պատանութիւն) այդ ազնուականութիւնը անուն էր միայն, երբեք հոգեխառնութիւն։ Պոնափարթի ազնուականութիւնը չարչիներու գումար մըն էր։ Գիւղ մը կայ Օշականին մէջ, չենք կրնար հերքել։ Բայց ո՞ր գիւղը: Հո՛ս է տագնապը։ Այդ գիւղը ո՛չ Տարօնէն, ո՛չ Վասպուրականէն, ո՛չ Կարինէն, ոչ ալ Խարբերդէն /587/ կու գայ, անուններ ասոնք, որոնք Արեւմտահայ գրականութեան մէջ հետքեր են ձգած, բայց այնքան յատկանշական, որ կրնանք այդ փշրանքներէն բարձրանալ դէպի հայ գիւղը: Այն ատե՞ն։ Ո՞ր ժողովուրդին գիւղն է Օշականին գործին կէսէն աւելին տուող ընդարձակ կառոյցը։ Չենք ըսեր, որ սուտ են այդ մարդերը, բարքերը։ Թէ՝ հնարովի, թերթօնային է այդ կառոյցները վարող գործողութիւնը։ Բայց կ՚ըսենք, որ այդ ամէնը չեն պատկանիր մեր ժողովուրդին ու մեր գեղին ու իր բարքերուն։ Ասիկա բացարձակ է։ Նոյնիսկ այն պարագային, որ ընդունինք իր խնդրական թեզը, որուն համեմատ արուեստի գործ մը պարտաւոր է բան փրկել կորուստէ, իր գործով ազատուածը մենք այսօր չենք կրնար հաւասար ընդունիլ Խրիմեանի, Թլկատինցիի, Զարդարեանի, Համաստեղի վիպակով, վէպերով ազատուածին։ Ասիկա չի նշանակեր, թէ Օշական անոնց չափ գրելու կարողութիւն չունէր։ Բայց Օշական ոճը, գրագիտութիւնը ստացած էր դարձեալ խոտոր, թատերական պարզութեամբ մը։ « Ծակ–պտուկը » գրուած մեծ գործ մըն է։ Համաձայն ենք։ Բայց ինքն է ըսողը, որ գրողի մը ոճը, գրելու կարողութիւնը գովելը համազօր է այդ գրողէն խօսելի ոչինչ գտած ըլլալու։ Ուրե՞մն։ Կը տարածենք վերլուծումը ու կը հեռանանք մեր գրականութեան սահմաններէն, ինչ որ կը նշանակէ մօտենալ մեծ գրականութեանց արձակութիւններուն։ Թարգմանութեան մը պարագային « Շահպազ »ը պիտի ունենա՞ր « Տէր եւ ծառայ » վիպակին (Թոլսթոյ) կշիռը։ Թարգմանութեան մը պարագային Օշականի « Հաճի Մուրատ »ը պիտի հակակշռէ՞ր Թոլսթոյի նոյն անուն թերթօնը Հաճի Մուրատ »ը)։ Կը տարածենք կշիռին եզրերը, միշտ օտար լեզուի մը վերածուած, « Մնացորդաց »ը պիտի բարձրանա՞ր այն յարգին, զոր ալ չենք սակարկեր A la recherche du temps perduին համար։ Այս եղանակը նոյնութեամբ գործադրեցէք իր խաղերուն համար ալ ու պիտի տեսնէք, որ Օշական վրիպած է իր ամենէն խորունկ փառասիրութեան մէջ։ Այդ փառասիրութիւնը կը խոստովանինք, որ ճիղճ ու եսական չէր, ոչ ալ արկածախնդրական։ Մենք մինչեւ Օշականին հրապարակէն քաշուիլը գտեր ենք բազմաթիւ թարգմանութիւններ մեզմէ օտարներուն։ Անմոռանալի են փառքերը իբր սուտ ու յերիւրածոյ « Աբու լալա Մահարի »ին, « Երեք երգեր »ուն, « Սամուէլ »ի, « Ցայգալոյս» ի, « Չար ոգի »ի, « Հին աստուածներ »ուն, յիշելու համար քանի մը շատ ճարտարութեամբ վարուած գրական խաղարկութիւններ, որոնք իրենց հետապնդած արդիւնքին հակառակը միայն ապահովեցին, այսինքն՝ հայ գրականութիւնը ներսէ կործանելու չարաշուք արդիւնքը։ Օշական պատմած է, թէ ինչ /588/ արցունք էր արժած «Հարճը» դիւցազնավէպին սպառ սպուռ կորանքը ֆրանսերէնի վերածուած, իր հեղինակին . Վարուժան)։ Ուրեմն թարգմանութիւնը (Օշականի վէպին սահմանուած է նոյն ճակատագրին։ Այդ վէպին գիւղ մասը չափազանց մասնաւոր, չափազանց էթնոկրաֆիք, զուրկ է բախտէն հետաքրքրելու այդ ամենուն օտար հոգեխառնութիւնները, իմացականութիւնները։ Չեմ կրկներ օրինակները օտար բարքերուն, տիպարներուն, որոնք մեր լեզուին փոխադրուելով կը պահեն իրենց մարդկային արժէքը։ Ահա՛ ողբերգականը։ Մեր գրականութիւնը չէ կրցած ծնունդ տալ գործերու, որոնք իրենց ներքին միջավայրէն դուրս ուրիշ գօտիներու վրայ ալ փաստը տային կեանքին։ Հետաքրքրուած են օտարները « Վէրք Հայաստանի »-ով, որ առնուազն հաստ, անմշակ կերպարանքներու տակ մարդեր ու հոգեբանութիւններ էր փրկած։ Բայց թարգմանեցէք « Սօս եւ Վարդիթեր »ը, « Քաոս »ը, « Ոսկի աքաղաղ »ը, « Սամուէլ »ը, « Ամիրային աղջիկը », « Շնորհքով մարդիկ »ը, այսինքն՝ հայ վէպին լաւագոյն արդիւնքները ու պիտի տեսնէք, որ այդ բոլոր փառքերը պիտի ընկղմին անուշադրութեան, մոռացման ծոցը։ Մարդկային արժէքէն սա նիհարութիւնը Օշական կրցա՞ծ է հակակշռել ազգային բացառիկ նկարագիրներով։ Ուրիշ խօսքով՝ օտար հասարակութիւն մը պիտի հետաքրքրուէ՞ր Օշականի գիւղովն ու քաղաքովը անոնց մէջ գտնելու բախտով մը առնուազն ցեղագրական, տարաշխարհիկ ապրումներ, տեսարաններ, բարքեր։ Ասիկա եղած են գուշակողներ։ Մենք կը տարակուսինք։ Կը տարակուսինք, վասնզի այդ հանգամանքները բնագրային վիճակի մը մէջ անգամ չենք հաստատած այդ գործին ներսը։ Այո՛։ Կ՚ընդունինք, որ Օշականի աշխարհը անսովոր ընդարձակութիւներու, մա՛նաւանդ մեր մէջ չփորձուած խորութիւններու կը հասնի. բայց ո՞ւր։ Կիրքերու ծովերուն ։ Ու մարդիկ կիրք չեն միայն։ Մարդիկ ե՛ն եւ ազնիւ, իրաւ, քաղցր դժբախտութիւններ։ Օշականի բոլոր յաջող տիպարները ժխտական կիսաշխարհին կը պատկանին։ Իր կիներու շարանը, անհասկնալի, որքան ահաւոր, հազիւ քանի մը անուշիկ դէմք կը պարունակէ, ան ալ թուրքերէն։ Հայ կի՞նը։ Պէտք է կարդալ « Սահակ Պարգեւեան »ը, թատրոնները, համոզուելու համար այդ տիպարային դժբախտութեանց։ Օշականի գիւղը իր բարքերով ալ անհարազատ կը թուի այսօր։ Չեմ ըսեր, որ Օշական բարքեր ըլլայ ստեղծած։ Բայց կ՚ըսեմ, որ բարքերէն տեսած, զատած է միայն իր տիպարներուն համար անհրաժեշտ խաւեր։ Ամբողջապաշտ վիպասանը (Oշական կը յաւակնէր նման տիտղոսի մը) պարտքին տակն էր հայ ամբողջական գիւղը տալու։ Ասոր օրինակները, աւելի քիչ ծաւալի /589/ վրայ մենք կը գտնենք շքեղ յաջողուածքով մը Զարդարեանի, Թլկատինցիի, Համաստեղի գիւղերուն մէջ։ Ինք հիացում ունէր Օհան Կարոյի, Վահան Մանուէլեանի վրայ, անշուշտ բնազդաբար զգալով այս մարդոց մօտ գեղին կատարելութիւնը, իր տուածին թէեւ շքեղ, բայց հատուածական նկարագիրներուն մօտիկ։ Ըսել, թէ բան մը պիտի չպակսէր հայ հոգիին հասկացողութենէն, եթէ պակսէին Օշականին վէպերը, պիտի նշանակէր գործադրել անմեղ մեղք մը։ Բայց ըսել, թէ Օշականի գիւղին մէջ մեր ժողովուրդը կը պակսի (իրն են այս պատկերներուն բացատրութիւնները), պիտի նշանակէ գործել թեթեւութեան մեղքը։

Քաղա՞քը ։ Կայ անշուշտ անոր գործին մէջ վէպ ու թատրոն, բայց մեր կարծիքով նոյն անբաւարարութեամբ վիրաւոր դարձեալ։ Իրաւ է, թէ զուտ թրքական բարքերէ վերցուած մասը այդ վէպին եւ « Մնացորդաց »ին խառնուած ուրիշ ընդարձակ ապրումներ մեզ կը հետաքրքրեն այսօր, երբ գիտենք, թէ թուրքերը որքան հեռու են այդ ամենէն։ Կը մնայ մանրամասն պրպտումներով հաստատել « Հարիւր մէկ տարուան » շարքէն, « Մնացորդաց »էն, « Սահակ Պարգեւեան »էն այդ քաղաքը տալ յաւակնող տեքորը, բարքերու վաւերականութիւնը, որոնք արուեստի գործէն ամենէն ուշ քայքայուող տարերք մը կը նկատուին։ Կը տպաւորուինք անշուշտ այդ ամենէն, բայց կը դժուարանանք անոնց շնորհելու այն բարեհաճ հաւանութիւնը, որով դիմաւորած ենք մեր միւս վիպասաններուն մեզի ձգածը։ Ատիկա կու գայ Օշականի վէպերուն մէջ ամէն տեղ տիրական, բայց միջին գիծը զանցող հոգեբանութենէ մը։ Մարդերը կը գտնենք տարօրինակ արարքներու, վճիռներու մէջ, որոնք մեր ներսը կը ստեղծեն խորունկ անվստահելիութիւն։ Այդ զգացումը, հոգեկան կասկածը մեզի չեն բռնանար իր վարպետին՝ Տոսթոեւսկիին մօտ, որ նոյնքան արտակարգ տրամաներ վարած է, բայց պաշտպանութեան մը տակ իր ժողովուրդին շքեղ ճնշումին, ձգողութեան։ Ու ահա աւելի տարօրինակը։ Օշականի թուրքերը մեզի կը թուին առաւել, քան բնական, նոյնիսկ քնքուշ՝ կիներու բանաստեղծական տառապանքներուն ընդմէջէն, ահաւոր այրերու անըմբռնելի անգթութեանց ու ոճիրներուն հակառակ։ Ուրկէ՞ եւ ինչո՞ւ այս շատ յստակ տպաւորութիւնը, երբ շատ լաւ համոզուած ենք Oշականի գիւղը, հայերը, ապրումները առաւել քան երբեք իրաւ էին։ Գիւղին չենք դառնալու։ Քաղաքը անոր վէպին մէջ ունի մարդեր, որոնք չես կրնար զետեղել ոեւէ ժողովուրդի միջին նկարագիրներուն մէջ։ « Մնացորդաց »ի Պրուսան իր առաջնորդովը, Սուքիաս էֆէնտիովը, խարբերդցի խոհարարովը, տէրտէր/590/ներով, անշուշտ հանդէս մըն է քրոքի ներու։ Բայց վէպին մէջ քրոքին աղն ու համեմն է։ Տիրական մարդե՞րը։ Պրուսան մեր քաղաքին դասին փարթամ մէկ միջնաբերդն էր ԺԹ. դարուն վերջը։ Օշականին չարչին, պազիրկեանը, վաճառականը, ֆապրիքաթէօրը, միջնորդները, բոլորը կը վախնային այդ ու նման ոստաններուն մէջ։ Ո՞ւր են ատոնք։ « Ամիրային աղջիկը » արժէք է 1870ի տիպարներէն փրկածովը։ Օշականի միակ վէպը, ուր շքախումբը ամբողջութեամբ ըլլայ կազմուած քաղաքէն, « Սահակ Պարգեւեան »ն է։ Այդ վէպին տիպարները հազիւ թէ պայմանաւոր են քաղաքով, քաղքենիով։ Հզօր յօրինում մըն է Մանաս Մարանը այս վէպին, գրագէտը, կինը, աղջիկը։ Բայց չեն գար դասակարգէ մը, չեն ներկայացներ բարքերու ամուր, յստակ տախտակներ ու չեն թելադրեր ցեղային նկարագիրներու զօրաւոր զգայութիւն։ Ու ողբերգականը հո՛ն է, որ այդ վէպին մէջ ո՛չ մէկ յօրինուած մարդ կայ։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ բոլոր գործող անձնաւորութիւնները առնուած են պատմական իրողութիւններէ։ Պատմական ալ անձեր են։ Հոն ուրուացող Ճիվանզատէ թատերագիրը արեւելահայ գրագէտ Շիրվանզատէն է ամբողջութեամբ։ Ու միւս անձնաւորութիւններն ալ ընդօրինակուած են իրականութենէն։ Այսօր մեզի կը թուին ուրիշ ժողովուրդի մը պատկանող։ Չշփոթել այս տպաւորութիւնը այն միւսին հետ, որ կը յառնէ մեր ներսը Մամուրեանի, Տիւսաբի վէպերէն։ Այս մարդոց գործին մէջ հերոսները սուտ են, կեղծ, մտացածին ու անկշիռ։ Օշականի մարդերը իրաւ են, վաւերական, կեանքէն հանուած ու տարօրէն շահեկան։ Բայց փորձեցէք զանոնք քովիկը դնել Կամսարականի, Զօհրապի անձնաւորութեանց։ Պիտի զգաք, որ այս վերջիններէն ձեր գտած մարդերը շատ յստակ կերպով կը կրեն իրենց դասակարգերը, մտայնութիւնները, բարքերը ու ատով կը թուին գնած ըլլալ, մեր նկատառման մէջ, իրենց արուեստի հումութիւնը, անբաւարարութիւնը։ Օշականի մարդերը հում չեն, լեցուն ու յորդ են, բայց կը զանցեն իրենց ժամանակը։ Դէպի ո՞ւր։ Այսօր այդ մարդերը փոշիացած են ընդմիշտ։ Ուրեմն տեղ մը չէին քալեր Օշականի զարտուղի հերոսները։ Այս բոլոր խնդիրները յուզելով Օշականի գործին հետ, մենք չենք հետապնդեր այդ մարդոց մօտ մեր զգացած թանձր, խռովիչ գեղեցկութիւնները արժեզրկել։ Կը մտածենք աւելի պարկեշտութեամբ առեղծուածին լուծումը գտնել։ Ինչո՞ւ այսքան իրաւ արուեստագէտէ մը, այսքան իրաւ մարդերէ, այսքան իրաւ ապրումներէ մենք չունեցանք այսօր գործ մը, որ մեր գնահատման մէջ տեղը բռնէր իր վարպետներուն փառքին։ Ոչ Պալզաք, ո՛չ Տոսթոեւսկի չեն հինցած։ Օշականը առանց հիննալու օ/591/տարացած է, հեռացած է մեզմէ։ Անիկա ուրիշ աշխարհի մը ճարտարապետն է, ուրիշ հոգեխառնութեան մը խտացուցիչը։ Մեզի խօսող ոչինչ իր մօտ, եթէ երբեք զեղչենք արուեստով նուաճուած իր տրաման, իր հերոսներուն շքեղ պատկերաշարքը, իր աշխարհը, որոնք կը տառապին որեւէ մշակոյթի մը պատկանիլ չկրնալու տառապանքը: Այս վերապահումները չեն նմանիր անոնց, որոնք չպակսեցան անոր հասցէին երբ ողջ էր։ Այս վերապահումները չենք վերլուծեր։ Իր բախտն է անշուշտ հեղինակը իր հեքիաթին, ինչպէս տառապանքին։ Բայց տարօրինակ է, որ այդ բախտը դարձեալ վար դրած կ՚ըլլայ իր զէնքերը մահէն ալ ասդին։ Մենք ո՛չ վերափառք, ոչ ալ վերադարձում կը հետապնդենք մեր այս ուսումնասիրութեամբ։ Խռովիչ օրինակ մըն է գործ մը, ուր կը զգանք այնքան ծանր ձգտումներ, բարձր առաջադրութիւններ, խառնուած անմարդկային կոչուելու չափ պարզութեան մը, սովորականութեան մը։ Բայց աւելի խռովիչ, ինքը, մարդը, որ ապրեցաւ մշտահալած, այլուրային ու դարձեալ անմարդկային, « ընդմէջ երկու աշխարհաց »։ Շիրվանզատէի մը հետ, որ մեծ վաստակաւոր մըն է, շրջանէ մը իր սեւեռումներովը, մեր մտքէն չանցնիր այսօր դնել արուեստի, կեանքի, ճակատագրի այն հարցերը, որոնք Օշական անունին հետ կը յառնեն մեր ներսը, իրարմէ յուզիչ, թանձր ու եղերական։ Շիրվանզատէ բոպիկ իմացականութիւն մըն էր, իր արհեստին (վէպ գրելը միայն հիմա արհեստ մը չէ) ճարտար գործաւորը, ծիրին մէջը երջանիկ՝ իր քլուպի խաղընկերներուն, դերասաններուն, իր մակաբուծած նաւթի իշխաններուն։ Կը սիրէր, պարզ ու հեշտագին իր թամատայութիւնը, իր միտքին շքեղ միջակութիւնը, միակտուր ու անծակ, ու անցած էր կեանքէն կատարեալ դերասանի մը անփութութեամբը։ Գրելը իրեն համար դեր մը ներկայացնել կը նշանակէր։ Ո՛չ մէկ արկածախնդրութիւն։ Կանչուածն էր անիկա։ Ու կանչուողներուն հետ ըլլալու իր իմաստասիրութիւնը արժեւորեց դժբախտաբար իր գործին ալ ներսը, որ իբր այդ եթէ երբեք շրջանային հարստութիւն մըն է բարքերէ ու մտայնութիւններէ, արուեստին համար անկնիք, անկշիռ վրիպանք մը։ Օշականի գործը մինչեւ այսօր մեզ կը դնէ անակնկալի մէջ, այնքան խորունկ ձայներ, սարսուռներ կը լսենք մենք անոր մթին ծալքերէն։ Շատ ուզող։ Անշուշտ։ Իր փառասիրութիւնն էր գիւտը իր ժողովուրդին։ Մտածեցէք լրջութեամբ ու պիտի զարհուրիք սա երազին շքեղ անկարելիութեան դիմաց։ Ժողովուրդ մը երկիր մը չէ, որ գէթ չի փախիր։ Գտնել հայը, իր պատմութեան բոլոր դարձուածքներովը, այսինքն` ապրիլ մեր պապերը, իրենց դարերուն բոլոր ող/592/բերգութեամբը, ահա՛ թէ ինչ կը նշանակէ շատ ուզել։ Օշական միայն ետ չէ նայած։ Նայած է մա՛նաւանդ առջին։ Անիկա անծանօթին հետախոյզ արկածախնդիր մըն էր։ Ու փորձառութեամբ գիտենք, թէ քիչ, շատ քիչ անգամ հովին ձգուած մեր նաւերը Ամերիկաներու վրայ կ՚իյնան։ Ափունքի ապառաժները կամ ովկիանին ամայքները կը դնեն վախճանը այդ ճամբորդութիւններուն։

Պէտք կա՞յ, յստակ, հիները պիտի ըսէին «աներկեւան» այս խօսքերը բարեխառնել կակուղիկ, դիւանագիտական տարազներով, ներքինի բացատրութիւններով, ոգեկոչել՝ Օշականի հասարակութիւնը (թէ՛ իբր թելադրիչ, թէ՛ իբր կործանիչ), արուեստի նման փառասիրութիւններ հասկնալու, հանդուրժելու անընկալչութիւնը անոր, պայմաններ՝ տրամադրուած հերակլէսեան սա բանուորէն, որ գլուխ հանեց միս–մինակ, ինչ որ տասը մարդ անկարող պիտի գային նուաճելու։ Ծաւալը չէ, որ թելադրիչն է սա եզրակացութեան։ Օշականին փառասիրութիւնները խորքի տագնապներ են։ Գրական երեք մեծ սեռերու վրայ Օշական հետապնդած է ծայրագոյն խտութիւններ։ Ու հո՛ս է թերեւս իր ճակատագրական կորանքին բացատրութիւնը։ Օշական գրած է, թէ կը մեռնէր, Պալզաքին նման, իր երազի սեմին։ Գրած է, թէ հողին կը տանէր իր գործին ամբողջական հանդէսը, մտքին մէջ լիակառոյց, զոր չէր կրցած արտաբերել, դաւաճանուած իրմէ ու իր ժողովուրդէն։

Եղան, որ տարագրել ուզեցին իր վէպն ու թատրոնը մեր գրական ժառանգութեանց թանգարանէն, անոնց մէջ չգտնելով ինչ որ այդ մարդուն շրջանը կը յատկանշէր ուղղափառ հարազատութեամբ։ Ի՞նչը կար հայ ժողովուրդին այդ գործին մէջ, հարցուցին, կրկնելով իր մեթոտը, շրջելով անոր զէնքերը, անոր գործին վրայ։ Օշական հարցուցած էր. « Ի՞նչ կայ Թովմաս Թերզեանի տաղարանին մէջ, հայ ժողովուրդին պատկանող »։ Մարդիկ գայթակղած էին, բայց չմոռցան հարցականին խռովքը։ Դրեք այս հարցումը « Ծակ–պտուկը »ին, « Մնացորդաց »ին համար։ Ու պիտի զգաք, թէ որքան իրաւ հայ ժողովուրդ մը կայ այդ գործերուն խորը։ Եղան, որ իր վրիպանքը կապել ուզեցին գրագէտի անբաւարարութեան մը։ Ասիկա կը նշանակէր ուրանալ արեւը։ Մենք չենք կրնար մեր ձեռքէն ձգել Օշականի որեւէ գործ, երբ մտնենք հոն առանց նախապաշարումի։ Իր անժողովրդականութի՞ւնը։ Անշուշտ։ Բայց ո՞վ ըսաւ, թէ ամէն գրող պարտաւոր էր Րաֆֆի մը ըլլալ։ Արուեստը գինովութիւնն է։ Ոմանք գինիով։ Ոմանք օղիով։ Ոմանք խի՛տ խմիչքներով պիտի հաղորդուին այդ խենթութեան։ Իր հերետիկոսութի՞ւնը։ Ամէն արուեստագէտ այդպէս կը /593/ սկսի։ Բախտ՝ եթէ երբեք ժամանակը յարդարէ այդ զարտուղումը։ Օշական, ըսինք անգամ մը, ոչինչ սպասեց գրական փառքէն։ Կը հասկնանք իր անզիջողութիւնը հերետիկոսի իր բեմէն։ Եղան, որ այդ գործը յայտարարեցին ապազգային, մանտարինական, այլասերեալ։ Ինք չէ պաշտպանած ինքզինքը։ Բայց գրած է իր գիրքը ։ Կարդացէք ուշադիր ու պիտի զգաք, որ այդ մարդը իր ժողովուրդին ամենէն հարազատ զաւակն էր, անոր մեղքերուն ու առաքինութիւններուն, ճակատագրին ու խորհրդանիշ յատկութիւններուն հանգոյցը։

Ինք ստեղծեր էր առանց տարակոյսի: Այսինքն՝ առանց ազդուելու զինքը հալածող հայհուչէն, ինչպէս իր շուրջը, հանգամանաւոր վայրերու մէջ, հիւսուած արծաթ լռութենէն։ Բայց ստեղծեր էր առանց յոյսի ։ Ասիկա չի նմանիր ուրիշները անգիտելուն։ Ասիկա ճակատագրական սեւ շապիկն է, որ մեզ կը փաթթէ, մեր գործին վախճանը մեզմէ ծածկող։ Գրել՝ խուլ գիտակցութեան մէջ ո՛չ միայն չկարդացուելու, այլեւ՝ լոյսին չարժանանալու։ Ասիկա տրամ մըն է։ Ողջուցը ոչինչ սպասող սա աշխատաւորին յիշատակը անարգել պիտի նշանակէր անշուշտ վերաքննութեան սա փորձը, ուր անոր յաւակնութիւններն ու իրագործումները իրար հակակաշռէին։ Օշական կը հաւատար, թէ հայ վէպը աճած էր իր գործով։ Կրնայ ըլլալ։ Մենք կ՚ուզենք, որ այդ աճումը ըլլար հաստատելի, գործէն այսքան վերջը։ Պիտի ցաւէինք, եթէ երբեք այդ յաւակնութիւնները մնացին յաւակնութիւն։ Ունի՞նք միջոց մը այս եզրակացութեան հասնելու։ Կը խորհիք՝ թէ այո։ Թարգմանել այդ գործը եւրոպական որեւէ կարեւոր գրականութեան։

Թարգմանեցէք այդ գործը։ Այն ատեն պիտի դադրէին, ինքնաբերաբար, այդ գործը մինչեւ այսօր հալածող տարակարծութիւնները։ Գաղտնիք չէ, որ հայ գրականութենէն օտարներու փոխադրումները, անոնք, որ լուրջ ձեռնարկներ են ու ատով արժանի նկատառման, կը պատկանին առաւելապէս պատմա-բանասիրական կալուածին։ Գրականութենէ եկող փոխադրումները կը մնան ենթակայ տրտում ազդակներու։ Յաճախ արուեստի խաչագողները կերպը կը գտնեն իրենք զիրենք կրկէս արձակելու, եւրոպական աղմուկի մը մեծիմաստ փաստը ախորժելով աւելցնել իրենց այլապէս հանճարազարդ ճակատներուն։ Մենք մեր մօտիկ անցեալէն առած ենք այդ դասերը մեծ հայ բանաստեղծներուն, վիպասաններուն, թատրերգակներուն, որոնց գործերը իրենց բնագիրներուն մէջ իրենց համբաւը հազիւ յաջողեր էին ազատագրել։ Նանրամիտներու ձեռնարկնե՞րը, դրամական, տոնքիշոթական հայրենասիրական մտահոգութեանց /594/ հպատակ։ Մենք դուրս ենք այս պարունակներէն։ Փոխադրել Օշականի գործը օտար լեզուի՝ կը նշանակէ այդ գործին մէջ փորձի ենթարկել մարդկայինին տարողութիւնը։ Չենք գործածեր համամարդկային ոuին տարազը։ Ի՛նչ որ թարգմանեցինք մեզմէ, չհասաւ միջին իսկ շահեկանութեան։ Կը դիմանա՞յ Օշականը։ Չենք գիտեր։ Բայց մինչեւ այդ վճռական փորձը, այդ գործը գնահատելու համար մեր ըրածը պիտի չըլլար ուրիշ բան, եթէ ոչ տարբեր ձեւով մը շարունակել խաչակրութիւնը, անհասկացող ու բութ, որով քալեցուցինք այդ տարօրինակ աշխատաւորը։ Աւելի քան կէս դար անիկա մնաց պատնէշի վրայ, երբ շուրջը ինկան իր քիչ բարեկամները, իր սուղ երազները, հանգանակները, իր ժողովուրդը։ Անոր ոսկորներուն զլացուեցաւ խաղաղութիւնը, երբ ասոնց մէջ հոսուն էին կեանքին ջուրերը։ Այս խաղաղութիւնը դարձեալ չեն գտած այդ ոսկորները, որոնք հողին տակն իսկ կը թուին տառապիլ։

Այս տողերը կը գրուին առանց նախապաշարումի, սերունդի մը կողմէ, որ կը սպասարկէ տարբեր ձգտումներու, արուեստը կ՚ըմբռնէ Oշականէն հիմնովին հեռու դերերու վրայ ու համար, բայց կը գրուին մեր անցեալին խորունկ յարգանքին մէջը։ Կը գրուին մա՛նաւանդ այդ անցեալէն հարազատ մերը գտնելու հաստատ առաջադրութեամբ։ Արեւմտահայ գրականութիւնը թէեւ այլեւս չի մշակուիր, աշխատաւորին պակասովը, ինչպէս հասարակութեան մը չգոյութեամբը զարնուած, բայց մեր հասարակաց սեպհականութիւնն է այսօր, մեր ժողովուրդին արժանիքներէն խօսող ու մեզ յուսադրող։ Այս գրականութիւնը երկար ատեն գամեցինք անարգութեան սիւնին, անըմբռնելի չտեսութեամբ մը, առանց անդրադառնալու, որ անիկա այս ժողովուրդին մէկ զօրաւոր թեւին ծնունդն էր ու իբր այդ չէր կրնար զօրաւոր տարրեր չբովանդակել անոր հոգեղէն դրութենէն։ Այո՛, մեծ է բաժինը այդ դրութեան մէջ սուտ ու փուտին, հոսհոսականին, գործածելու համար նուիրականացած բացատրութիւն մը։ Բայց այդ հաստին բաժինը նուա՞զ թանձր է արեւելահայ արդիւնքին վրայ։

Արեւմտահայ գրականութենէն հանուելիք ամէն գեղեցկութիւն ու կը հաւատանք, որ շատ է այդ գեղեցկութեանց քանակը շահ մըն է մեր հաւաքական թանգարանին։ Այսօր աւերակոյտ մը՝ անունով միայն ծանօթ ոստանի մը, անիկա թաղուած ունի իր խորքերուն մէջ անգնահատելի գոհարներ։ Մեթոտիկ, հոգածու, մա՛նաւանդ լայնամիտ աշխատանք մը անհրաժեշտ էր այդ աւերակը ծածկող հողն ու փոշին ընելու մէկդի, հասնելու համար իրաւ, իրենց /595/ փայլէն անաղօտ գանձերու մթերքին։ Որքան ծանր է թղթեղէնին փոշին մեր գրական կալուածին վրայ։ Մենք կը հաւատանք, թէ անոր տակը կը սպասեն ծանրակշիռ հարստութիւններ։ Մարդիկ քաղաքներու փոշին կը նետեն մէկդի, գտնելու համար մշակոյթի անբարբառ վկայութիւներ։

Oշականի գործը կրնայ ըլլալ մէկը այդ ծածկուած դամբարաններէն։ Կ՚ըսենք կրնայ ըլլալ, վասնզի իր բախտէն այդ գործին հանդէպ երկուութիւնը մշտնջենաւորուած կը թուի մեզի։ Զայն տանիլ մեզմէ դուրս ճաշակներու վայելումին, մեր կարծիքով կը նշանակէ մեծ, թերեւս անգութ միջոց մը գործածել։ Չենք ըրած այս փորձը մեր ո՛չ մէկ գրագէտին, հաւանաբար վախին մէջ չարաշահութեան, որով կատարեցինք այդ աշխատանքը, երբ հանդիպած խաչագողին տուինք պատեհութիւն, ինքզինքը ծախելու, ու չանդրադարձանք այն վարկաբեկումին, որ գինն էր միջակ գործերու փոխադրումին։ Այսօր գրականութիւնը կը վայելէ պաշտպանութիւնը պետութեան։

Այն պարագային, երբ այդ գործը փոխադրուելով օտար գրականութեան մը, ըլլար ընդունակ որոշ շահեկանութիւն մը ստեղծելու, մենք պիտի ողջունէինք առաջին հայ գրագէտին յիշատակը, որ ըլլար կոտրած չարաշուք պարունակը ազգային գրականութեան հետը հասկցէք բոլոր ազդակները, որոնք կը գործեն գրողին, ինչպէս հասարակութեան ներսը ու կը վճռեն այնքան անգութ չափերովը տաղանդն ու գործը, առաջինին արգելելով ինքնիր իրագործումը, երկրորդը պահելով մեր տնավարի ճաշակներուն, հասկացողութեան ճնշումներուն ներքեւ ու մտնէր կրկէսը մեծ ազգերու գրականութեանց, այսինքն՝ տեղ մը, ուր աշխատաւորը իր տաղանդը ունենար իրեն մտերիմ ու մարդկութիւնը իրեն ընկեր։ Ու մտնէր առանց վախի, առանց յետին նպատակներու օտարաքարշ մեղքերուն։ Մինաս Չերազ մը, քաղաքական փրոփականտի համար իրեն ներեց սրբապղծութիւնը Պետրոս Դուրեան եւ ուրիշ բանաստեղծներ թարգմանելու։

Մեզ պէտք է լաւ հասկնան։ Օշական մեռած գրագէտ մը չէ։ Համաձայն ենք։ Բայց հանդարտած գեղեցկութիւն մըն ալ չէ։ Ա՛ս ալ չենք կրնար ուրանալ։ Անոր հիացողները կը պահեն անոր հանդէպ չբացատրուած զգացումներ։ Անոր կործանիչները կը գործածեն անոր գործին հանդէպ այն չափերը, միջոցները, որոնք այնքան առատ եղան, երբ ողջ էր։ Կ՚առաջարկենք անցնիլ անդին այս դիրքերէն ու մեր ցոյց տուած փորձը ատիկա կարելի ընող ու գրեթէ /596/ անվրէպ գրաւական մըն է։

Գրագէտ մը յաճախ միջակութիւն մըն է, զոր պարագաները այլակերպած են այնքան անճիշդ կերպարանքներով։ Գրագէտ մը քիչ անգամ ազգային փառք է, որ կ՚անցնի աննշմար։ Օշական կրնա՞յ, դիմաւորել փորձը։

Ահա՛ մեր պահանջը։

 



[1]     Ենթադրեցէք՝ սկիզբները ԻԱ. դարու (ծանօթութիւն Յ. Օշական)։

[2]     Ներկայ ուսումնասիրութիւնը փորձ մըն է արեւմտահայ բարբառին արժէքը վերստին ենթարկելու կեանքի մրցանքի մը։ Բայց մի շփոթէք այս փորձը Մխիթարեաններու գրաբարով մեզի ձգած փառասիրութեան։ Մենք չենք յաւակնիր արեւմտահայ բարբառը հայութեան ընդհանրական լեզուն իբրեւ պարտադիր դարձնել։ Մեր մտածողութեան բոլոր նրբութիւնները արտայայտելու ընդունակ բարբառ մըն էր արեւմտահայ բարբառը։ Ներկան փաստ մըն է ատոր։

[3]     Շքեղ էջ մըն է Փարպեցիէն հատուածը, որուն մէջ Սուրբ Սահակ կը ներկայանայ արքայից արքային ատեանը, հոն պաշտպանելու համար քանի մը հզօր առաքինութիւններ, որոնք իշխողները կը սահմանեն, ցեղային խորունկ համոզումէ մը բխող։ Քրիստոնէութիւնը անշուշտ այս մտածումները զարգացուցած է, բայց անոնց սերմերը Պարթեւ հայրապետը իր արեան մէջ ունէր դարերէն ժառանգած։ Կը խօսէր անիկա այդ աւագաժողովին մէջ, պատմիչ մը կ՚ըսէ «կայծակնաճաճանչեցուցեալ», պարսիկներուն լեզուն։

[4]     Կարիք կա՞յ արդեօք անդրադառնալու ուրիշ ալ իրողութիւններու, ըստ որոնց մեր ներկայ վերապահութիւնը այդ ու նման բանաստեղծներէն բոլորովին տարբեր աղբիւրներէ կ՚առաջանայ ու երբեք չի պաշտպաներ անորակելի ծանծաղամտութիւնը մարդոց, որոնք լրագրող ու խաչագող՝ հալածեցին Թէքէեանը, Վարուժանը, Մեծարենցը։ Շիրվանզատէ մը այնքան քիչ կը հասկնար բանաստեղծութենէն, որքան Ենովք Արմէն մը: Այդ մասին ոչ մէկ տարակոյս: Երկար ատեն, պղտոր ու տրտում հաշիւներ Թէքէեանը չընդունեցին իբրեւ բանաստեղծ, մինչ այդ չքնաղ պատիւով փառազարդ ապրեր էին անորակելի թշուառութիւններ, քնարական մարզի վրայ։ Մեր նկատողութիւնները դուրս են այս փոքրութիւններէն։ Ամէն սերունդի չէ վիճակուած բանաստեղծ ունենալ։ Արեւմտեան մեծ գրականութիւնները կու տան համոզիչ փաստեր այս իրողութենէն։ ԺԶ. դարուն ֆրանսացիք ունին մէկէ աւելի իրաւ բանաստեղծներ (Վիլոն, Ռոնար, Տիւ Պէլէ) բայց ԺԷ., ԺԸ. դարերուն այդ երակի արուեստագէտը իրենց կը պակսի։ Այդ գրականութէան ԺԹ. ու Ի. դարերուն մէջ հազիւ քանի մը անուն դարձեալ (Պօտլէռ, Վեռլէն), որոնք արդարացնեն քնարերգակ բանաստեղծին վարկը։ Լամարթին, Վինյի, Հիւկօ անշուշտ տաղաչափներ չեն, գործածելու համար Օշականեան բացատրութիւնը, բայց շատ քիչ անգամ իրաւ բանաստեղծներ: