Մինչեւ ե՞րբ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ
       «Աղա»—ն՝ Ճամառեան ճարտարապետ Գասպար էֆէնտին, դեռ քսան տարի առաջ, շալվար հագած բանուոր մըն էր, տիւրկէր Գասպարը։ Թորոսին եւ ուրիշ քանի մը արհեստակիցներու հետ, ամէնքն ալ հիւսն, այդ միեւնոյն Չուխուր—Չէշմէին խանը կը պառկէին կ՚ելլէին, մէկ օտայի մէջ. մէկտեղ կ՚եփէին, մէկտեղ կ՚ուտէին, մէկտեղ կը թափէին։ Իսկ հիմակ, «տիւրկէր Գասպարը» ա՛լ պարզապէս «Ճամառեան էֆէնտի» էր, բանուորներուն համար՝ «աղա», օրագրութեան մէջ տիտղոսը՝ «Վսեմ. », Թաղական՝ Գատը Գեղի ժամուն, Երեսփոխան՝ Ազգային Ժողովին, անդամ «Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական Ժողովոյ», կառավարութեան առջեւ՝ Հայ ազգին երեւելիներէն «միւթէպէրանը միլլէթը էրմէնիան»ին պատկանող։
       Երկրէն՝ Բալուայ Հաւաւ գեղէն՝ տասնեօթ տարեկան եկած էր։ Երկիրը «ոտքը չէր կապած», այսինքն, առանց կարգուելու մեկնած էր, «ո՞վ գիտէ Սթամպոլ ի՞նչ կ՚ըլլայ ի՞նչ չըլլար» մտածելով։ Արքունի ճարտարապետ Պալեաններուն շինութեանցը մէջ հող կրելու գործ մը ճարեց։ Բայց, պապուն կողմէն հեռաւոր ազգական մը, որ Պալեաններուն գործին մէջ էր, իրեն պաշտպանութիւն ըրաւ։
       Առաջին վաստակէն քերական մը գնեց ու կարդալ գրել գիտցող բանուորէ մը ընթերցման դասեր առաւ խանին մէջ։ Ետքէն հետզհետէ հեգարան մը, Սաղմոս մըն ալ առաւ. ասոնք դեռ մինչեւ հիմակ կը պահէր։ Երբեմն երբեմն հայատառ թրքաբարբառ թերթ մը կը գնէր, զոր կարդալով բերնուց կը սորվէր, տաճկերէն խօսելու վարժութեան համար։ Ետքէն, Քրիստոստուր Ղազարոսեանին կիրակնօրեայ դասախօսութեանց հետեւեցաւ, Ղալաթիոյ Լուսաւորիչ Եկեղեցիին կից դպրոցը։ Կիրակի մը բացակայ չգտնուեցաւ։ Քիչ մը գրաբար քերականութիւն սորվեցաւ։ Ականջները տնկած, «Թեսաւրոս»ին իմաստասիրութեան մեկնութիւնը մտիկ կ՚ընէր, ջանալով բան մը հասկնալ, միտքը բան մը պահել։ Թիւ գրել, կարդալ եւ չորս գործողութիւններն ալ սորվեցաւ։ Կիրակնօրեայ դպրոցը այցելող երիտասարդէ մը քիչ մըն ալ տաճկեվար գրել կարդալու դասեր առաւ։
       Ինքնամփոփ, լռակեաց երիտասարդ մըն էր։ Խանը, հայրենակիցներուն հետ շա՛տ չէր խօսեր, անոնց երես չէր ի տար։ Կիրակի օրերը դպրոց յաճախելուն պատճառաւ, միւս բանուորներուն հետ տեսնուելու, մէկտեղ պտըտել երթալու, ախպապութիւն ընելու նիւթապէս ժամանակ չէր ունենար։ Երբեք տօնի մը, բանայիրի մը, հագուած սգուած զբօսանքի չգնաց։ Արուեստակիցներուն վրայ իր գերազանցութեան գիտակցութեամբը անզգալաբար հպարտ էր։
       Չափազանցօրէն խնայող, ժամ չէր երթար, որպէսզի ո՛չ մոմ վառէր, ո՛չ ալ թապախները ստակ ձգէր. սիրտը սաստկապէս կը նեղանար ամէն անգամ, որ երկիրը մօրը քիչ մը ստակ զրկելու հարկադրուէր։ Հայրը արդէն մեռած էր, օր մըն ալ մօրը մահուանը լուրը առաւ. քիչ մը տխրացաւ, աչքերը սրբեց. մխիթարուեցաւ, տարին քանի մի հարիւր ղուրուշ աւելի մէկդի պիտի դնէր։ Երկու կարգուկ քուր ունէր. քեռայրները եկան, երես չտուաւ։ Քանի մը ղուրուշ փոխ ուզեցին, «չունիմ» պատասխանեց, կտրուկ մը։ « Սըչան կէչէր եօլ օլուր մուկը կ՚անցնի, ճամբայ կը բացուի մտածեց. այսօր չեյրեկ մը կ՚առնեն, վաղն ալ մէճիտիյէ մը, միւս օրն ալ ոսկի մը, ետքէն ալ թէքմիլ վաստակդ»։
       Մօրը մահուամբը խնայած ստակին մէկ մասը վարժապետի յատկացուց, գծագրութեան դասեր սկսաւ առնել։ Կիրակի օրերը ա՛լ Ղազարոսեանին դասերուն չէր երթար, սորվելիք բան մը չէր մնացած։ Ժամանակը թուաբանութեան եւ գծագրութեան նուիրեց, քիչ մըն ալ երկրաչափաութիւն սորվեցաւ։ Մէյմէկ շաբաթ փոխ ընդ փոխ «Մասիս» եւ «Մանզումէ» կ՚առնէր, թէ՛ հայերէնի, թէ՛ տաճկերէնի մէջ զարգացման համար։ Երբեմն գիրք ալ կը գնէր։
       Ա՛լ րէնչպէրութիւնը շատոնց թողած, հիւսն եղած էր։ Անխոնջ, ճարպիկ աշխատող մը, ազգական պաշտպանին միջնորդութեամբը Պալեաններուն գծագրութեան սենեակը՝ րէսիմի օտան մտաւ, այսինքն՝ ճարտարապետութեան սպայակոյտին մէջ։ Աչքը բանալով, գծագրութեան ճարտարապետական ճիւղերուն աղէկ մը հմտացաւ, ու միանգամայն հիւսնութիւն ալ կ՚ընէր, բայց քարուկիր շէնքերու վրայ, ուր արհեստաւորը արուեստագէտ երեւան կու գայ։
       Յաջողեցաւ Պալեան Յակոբ Պէյին ուշադրութիւնը գրաւել։ Գեղարուեստասէր ճարտարապետը, ընդունակութիւն ցոյց տուող երիտասարդներուն պաշտպան, ձեռք դրաւ հայաստանցի բանուորին վրայ, որ «մարդ ըլլալու» յոյս կու տար. տեղ տեղ շէնքերու վրայ վերակացու, ըրաւ իր հսկողութեանը ներքեւ։ Գոհ մնալով, մանր մունր շինութիւնները անոր յանձնեց։ «Գասպարը»՝ «Գասպար աղբար» եղած էր. ետքէն, «ուստա Գասպար» եղաւ։ Օր մըն ալ խանէն ձգեց ելաւ. բնակութիւնը Պէշիկթաշ հաստատեց, գործին մօտ ըլլալու համար։ Քիչ մը սուղկեկ կ՚ապրէր, բայց օրը քանի մը ժամ կը վաստկէր երթեւեկէն։ Ու մանաւանդ, երկրացիներէն հեռո՜ւ, հեռո՜ւ կը մնար։ Ամէնուն հետ աւրուած էր. ոչ մէկուն փարայ մը փոխ տուած էր, ինքը պարտք չունէր ու առնելիքուոր ալ ըլլալու փափաքող չէր։ Պէշիկթաշ շալվարը հանեց եւ ալաթուրքա երկայն սէթիրի հագաւ, ֆէսին բոլորտիքէն եազման ալ քակեց, եւ ուստա Գասպարն ալ եղաւ «խալֆա Գասպար»։
       Արքունական ու պետական շինութեանց աշխատելով հանդերձ, ի հաշիւ անհատներու ալ տուն եւ խանութ կը շինէր։ Երբ դժբախտ պարագաները Հայոց մենաշնորհ արքունի ճարտարապետութիւնը կործանեցին, խալֆա Գասպարն ալ կապուտ-կողոպուտեն յաջողեցաւ իրեն բաժին մը շոպել. սպարապետութեան շէնքերուն կառուցումը իրեն յանձնուեցաւ։ Պալեաններու ձեռքին տակը բանած ատենը տաճիկ պաշտօնակիցներ ունէր, «խաբու եօլտաշ»եր, որոնց հետ մեղսակցութեամբ «բացառիկ շահերու» գործը շատ դիւրացուցած էին իրարու, ինքը խալֆա եղաւ, անոնք ալ պէյ, փաշա. իրար բռնեցին, իրարու արհեստակցական լեզուէ աղէկ հասկնալով։
       Խալֆան բաւական հարստանալով, Հայոց ընկերութեան մէջ «Ճարտարապետ Գասպար էֆէնտի» ճանչցուեցաւ։ Ա՛լ «մարդ եղած», ուզեց կարգուիլ, տուն տեղ ըլլալ, դիրք մը գրաւել։ Գատը Գեղ անցաւ. հոն, «դրամի ազնուականութիւնը» նոր ծլիլ սկսած էր, եւ շատ բարակ կրթութեան մը պէտք չկար փայլելու համար։ Կեսարացի հարուստ ընտանիքէ աղջիկ առաւ, թաղեցիները զինքը Թաղական Խորհուրդին անդամակցութեան կոչեցին։ Յետոյ, Գատի Գեղէն Ազգային Երեսփոխան ընտրուեցաւ, ու Ազգային ժողովն ալ զինքը Քաղաքական ժողովին տասնչորս անդամներէն մին ըրաւ։
       Գատի Գեղ փոխադրուելէն յետոյ, ճարտարապետ Գասպար Էֆէնտին կամաց կամաց «Գասպար Էֆէնտիի» վերածուեցաւ։ Ուրիշ նշանաւոր անձնաւորութեանց անունները իրենց արհեստին յայտարարութեամբը չէ, որ կը ծանուցուին։ Բայց պարզ «Գասպար էֆէնտի»ն ալ շա՛տ անգլուխ, անպոչ երեւոյթ մը ունէր։ Մարդը իր պապենական մականունը փնտռեց. «Չամուռեան» էր, «Ճամուռեան» ընելով վերանորոգեց. օր մը լրագիրներէն մէկը տառասխալով «Ճամառեան» գրեց։ Սխալը շիտակ հռչակուեցաւ։ Ու թէեւ «Վսեմ»ի իրաւունքը չունէր, բայց «Մեծապատիւն» ալ քիչ էր։ Դեռ այն ատեն փոխանցումի միջնորդը ստեղծուած չէր. «Ազնուաշուքը» յղացուելու վրայ էր, բայց ծնունդի ժամանակը հասած չէր։ Աներոջը միջամտութեամբը լրագիրները «Վսեմ, Գասպար Էֆէնտի Ճամառեան»ը տեղը կար չկար, քշեցին։ Մարդը եղաւ Վսեմաշուք կամ Վսեմափայլ։
       Այսպէս, «Աղան», ըստ ընթացիկ բացատրութեան, իր գործերուն զաւակն էր։ Սակայն պերճանքին ու փառքին մէջ իր նկարագիրը չթուլցաւ, չտկարացաւ։ Այդ բիրտ դէմքին վրայ ժպիտ մը չէր սահեր։ Միշտ ծանր էր, ո՛չ ոքի երես կու տար, կնոջմէն ու զաւկներէն սկսեալ։ Վախ ազդող չեչոտ դէմքը ամէնքը իրմէն հեռու կը պահէր։ Երկայն ծնօտին վրայ խոշորկեկ քիթ մը կը հանգչէր. քիչ մը շեղ զետեղուած երկու փոքր, բայց սուր ականողիքը միշտ կը պլպլային, ինչպէս մթութեան մէջ կատուին աչքերը։ Չոր, երկայն իրանը միշտ կանգուն կը մնար. ու տարիքը առած ատենը իսկ մազերը սեփ սեւ կը փայլէին. հա՛տ մը ինկած չէր։ Ժուժկալ կեանքը զինքը քաջառողջ կը պահէր, գլխէն սկսած։
       Ճամառեան Էֆէնտին կրնար Պոլսոյ մէջ «հարուստ» համարուիլ։ Բայց ո՛չ աշխատութիւն, ո՛չ կառուցումներու անպակասութիւն պիտի կրնային տասնհինգ տարուան ժամանակամիջոցի մը մէջ իրեն պարգեւել այն գումարը, որ թիւրքիացիներուն համար «պատկառելի» կը համարուի։ Ճարտարապետը կը հարստանար այն միջոցներովը, որոնք «բացէն վաստակ» կը կոչուին։ Սակայն իւրովի միշտ կը գանգատէր, թէ «միսը շուները կ՚ուտեն, ոսկորները իրեն կը թողուն»։ Շուները՝ իր Թիւրք ընկերակից պաշտպաններն էին. «միսը» հանրային շինութիւններէն գողցուած դրամին է՜ն պարարտ մասը. «ոսկոր»ները, բնականաբար, թափթփուկները։
       «Հարկը մարդս հնարիմաց կ՚ընէ», ըսած են։ Ճարտարապետն ալ խելք բանեցուց եւ հասոյթի աղբիւր մը ստեղծեց, որմէն հոսումը ամբողջապէս ինքը պիտի վայելէր, իբրեւ իր արդար, անարատ վաստակը։
       Շարունակաբար հինգ—վեց հարիւր Հայ գործաւոր կը բանեցնէր. որոշեց ասոնցմէ իւրաքանչիւրին երկուքէն հինգ ոսկի պարտական մնալ ամէն տարի, որով, բացէն, տարեկան 2, 000—2, 500 ոսկիի եկամուտ մը կ՚ապահովէր։ Յղացած խորհուրդը գործադրեց, ամէն մէկ բանուորէ վար դրած ստակին մէկ մասը յաջորդ տարուան սկիզբը կը վճարէր. պարտքը ամենավերջին կ՚աւելնար։ Եւ ա՛յսպէս, բարդում բարդումի վրայ։ Գործաւորները կը տխրէին, կը նեղանային, իրենք իրենց մէջ կը բարկանային, բայց առանց ըմբոստացման։ Ճարտարապետը միշտ գործ ունէր, անոր ձեռքին տակ բանողին վախ չկար, թէ պարապ կը մնար։ Գործաւորին պահանջը տարուէ տարի կ՚աճէր անզգալաբար։ Երբ մարդը երկիր պիտի երթար, առնելիքը կա՛մ ի հաշիւ կ՚անցընէր, կա՛մ իր տեղը անցնողին կը փոխանցէր, որ ընդհանրապէս կա՛մ զաւակ մըն էր, կա՛մ եղբայր մը, կա՛մ մօտաւոր ազգական մը։ Իւրաքանչիւր գործաւոր «աղայ»ին հետ երսունէն մինչեւ յիսուն ոսկի «առկախ հաշիւ» մը ունէր։ Այսպէս կտրուած օրականներու համագումարը իբր «հավայէն վաստակ» 30, 000 ոսկիի կը յանգէր ճարտարապետին հաշուետետրերուն մէջ, ուր Թորոս աղբարն ալ քառսուն ոսկիի առնելիքուոր կը ներկայանար. բայց մարդը, ձգելով, անցած էր ուրիշ ճարտարապետի մը քով։
       Հիմակ, տագնապի մէջ, հիւանդ ծերուկը փրկութեան ուրիշ յոյս չունենալով, այդ առնելիքը յիշած էր։ Զայն պահանջելու փորձութիւնն էր, որ «արսըզ ճանճի պէս» ուղեղին շուրջը ոլրտկած էր Բարեկենդանին օրը, երբ անկողնին վրայ երկնցած կը հծծէր։ Ինքզինքին սիրտ տուած էր, յիշելով, թէ «ծովը իյնողը օձուն կը փաթթուի»։ Իրաւ է, թէ օձը երբեմն կը կարեկցի պաղատող աչքերու, գոնէ՛, առասպելապատում մասալ ներու մէջ։ Բայց խեղճ հայաստանցին մտքէն չանցուց, թէ ո՛ եւ է առասպելաբանութիւն իսկ երբեք երեւակայած չէ ստեղծել մասալ մը, որուն մէջ Գասպար էֆէնտի մը, օր մը օրանց գէթ օձին չափ գթասիրտ երեւնար։