Մինչեւ ե՞րբ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ը
       Երկու բանուորները, որոնք Մելքոնը Հիւանդանոցին գրասենեակը տարած էին, առտու մը նոր լաթերնին հագած եւ նորեկ ղարիպը իրենց ետեւը ձգած, Ղալաթիա գացին, Պահթիար խանը։ Օտա ուշաղի Կարապետը զիրենք աղէկ կը ճանչնար, խնդումերես բարեւեց։ Աղան ներսն էր, մենակը, իրենք երկուքը մտան, Մելքոնը դրանը ետեւը կայնեցուցին։ Ճարտարապետը այցելուներուն յարգական ընդունելութիւն ըրաւ։ Աթոռին վրայ սանկ մը շարժելով, եւ ձեռքին երկու իրեք մատերն ալ քթին մօտեցնելով, իբրեւ բարեւ։ Ասոնք պիտանացու, առաջնակարգ գործաւորներէն էին, պատուել պէտք էր։ «Ընտո՞ր էք» մըն ալ հարցուց։ «Ողջ ըլլաս, աղա՛, աղօթող ենք», պատասխանեցին։ Սուրճ ալ հրամայեց, ու մէյմէկ ալ սիկառէթ հրամցուց, զոր մարդիկը ի յարգանս, թէմէննահով առին, բայց ձեռքերնուն մէջ պահեցին, առանց ծխելու։ Աղային առջեւը սիկառա՞ պիտի քաշէին։ Ան իր աղայութիւնն էր ըրած, հրամցնելով։
       Բանուորները սակայն լուռ կը մնային, կ՚երեւա՛ր, թէ շա՛տ ծանր թէքլիֆ մը ունէին ընելիք, ուստի վարանոտ կը մնային։ Վերջապէս, «ի՞նչ ունիքը» աղան ինք հարցուց։ Երկուքը իրարու երես նայեցան, աւելի տարիքոտը համարձակեցաւ բերանը բանալ։ Ճարտարապետը քիթը բերանը ծռմռկեց, հերսոտած, Թորոսին անունը լսելուն պէս, ու տղուն գալն ալ իմանալով։ Առաջարկնին լսեց, դժկամակութիւն յայտնեց, բայց վերջապէս զիջում ըրաւ, «խաթերնուն համար»։ Նուազ տարիքոտ վարպետը ուրախութեամբ ելաւ դուռը բացաւ. Մելքոնը ետին կայնուկ էր. ներս մտցուց։
       —Հայտէ՛, աղային փէշը պագ տէ, աղօթք ըրէ, քեզի րէնչպէրութեան գործ պիտի տայ, հինգ ղուրուշ օրական։
       —Շա՜տ է, շա՜տ, գոչեց աղան։
       —Աման աղա՛, պաղատեցան, պարտք ունի, անդին պիտի ղրկէ, ասդին պիտի ուտէ, վէրկի պիտի տայ. սեպէ քի սատախայ կու տաս։
       —Է՛յ, բէ՛ք աղէկ, ըսաւ աղան վեհաշեշտ ձայնով։
       Մելքոնը բարձր հասակը խոնարհեցուց, աղային «էթէկը առաւ» ու նորէն կանգնեցաւ եւ խաչ—բարեւ առջեւը կեցաւ։
       —Ամա, հօրդ պէս նամքէօր պիտի չըլլաս, մրմռաց աղան, մեռե՞ր է, հա՞։
       —Հրամմեր ես, աղա՛, պատասխանեց տղան։
       —Էյ հայտէ՛, վարպետներուն խաթերն համար աֆ ըրի։
       —Ողջ ըլլաս, աղա, ասիկ անանկ տղայ չէ, յայտարարեցին երկու վարպետները միաբերան, քէֆիլը մենք ենք։
       Ու տղային արեւշատութեանը համար օրհնէնք տալով, մեկնեցաւ, Մելքոնը՝ իրեն եղած աչքով նշանին վրայ՝ անգամ մը նորէն ծռելով ու աղային քղանցքը կրկին պագնելէ յետոյ։