Զուգակշիռ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեանց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Դ. ԹԱՏՐՈՆԸ

 

Ա. Արեւելահայ թատրոնը գերազանց է արեւմտահայ թատրոնէն

 

Եթէ վէպի վերլուծման մէջ իմ հակումս պայմանաւոր նպաստով մը յայտնեցի դէպի արեւելահայ արուեստը, թատրոնին առջեւ այս նախասիրութիւնս վճռական է՝ առանց պատէ պատ պայմաններու կաշկանդումին: Մինչ արեւմտահայ թատրոնը գրեթէ մէկ հատիկ իսկ յաջող գործ չունի մեզի կտակած, արեւելահայ թատրոնը թատերական միջին գրականութիւն մը ստեղծած է, ուր գլուխ գործոցներ չեն պակսիր:

 

Վերլուծումը մեզի պիտի տայ տարրերը այս գերազանցութեան:

Այսպէս՝

1. Արեւելահայերը չեն անցած Սխիթարեան ազդեցութենէն.

Երկար շրջան մը, աւելի քան կէս դար, արեւմտահայ թատրոնը կապանքի տակը մնաց Մխիթարեան հայրերու կողմէ մշակուած դասականութեան մը: Հեղինակ, թարգմանիչ, նոյնիսկ դերասան ու ժողովուրդ՝ [1] կանխակառոյց պատկերներու stéréotype ըսուելու չափ անսրբագրելի: Այնպէս որ, արեւմտահայ թատրոնը չկրցաւ ազատագրուիլ՝ կեանքին ճշմարիտ ուսումը ընելու համար: Այսպէս չեղաւ, [2] կ՚ենթադրեմ, [3] ծագումը արեւելահայ թատրոնին, որ առաջին իսկ իր շրջանին տիրական դէմքէ մը տիրապետուած՝ [4] մէկ հարուածով նետուեցաւ իրական կեանքի ճանաչումին, շահագործումին: Սունդուկեանց անուն մը ըլլալէ աւելի՝ խորհրդանշան մըն է: «Թշուառներ»ը . Դուրեան), բանաստեղծի մը արդիւնք, չրրաւ իր

 

Մխիթարեան ազդեցութեան սա պակասը անկարեւոր երեւոյթ մը չէ, քանի որ թատրոնը հաւաքական զգա ցումներու հետ գործ ունեցող սեռ մըն է: Այդ պատճառով կը բաւէ դիտել, որ [5] բոլոր կեղծ ազգայնական, հերոսապաշտական խաղերը անկարելի եղան անոնց մօտ:

 

2 Անոնց կանուխ ազատագրումը գերութենէն.

Գրականութեանց պատմութիւնը թատերական ստեղծագործութեան համար նախապայման կը նկատէ ազատութիւնը (ընկերային եւ քաղաքական): Որքան ալ խնդրական ըլլայ բաժինը ուրիշ այս կարգէ նախադրեալներու (մեծ ժողովուրդ, մեծ յաղթանակներ, մեծ խանդավառութիւն եւ հետեւանք մթնոլորտ) դիտուած է բան մը սակայն, այն ալ [6] Արեւելքի մեծ գրականութեանց մէջ թատերական սեռին գրեթէ չգոյութիւնը: Հնդկական հսկայ գրականութենէն Սաքունդալա պատառիկ մը կայ միայն եւ միակ: Չկայ անիկա դարձեալ պարսկական, թրքական, չինական գրականութեանց մէջ: Հռովմէական թատրոնին տկարութիւնը կարելի է բացատրել քովնտի ընդհանրացումներով:

 

Այս քիչ մը լայն նախամուտը պարզ յիշեցումի [7] մը դերը ունի հոս: Գերութեան հոգեկան անհարազատ մթնոլորտը կը վնասէ [8] թատերական գրականութեան մը զարգացումին: Ատկէ աւելի կարեւոր է միւս ազդակը, որ ռուսական շփումն է: Արեւմուտքի մեծագոյն թատերական նուաճումները, մանաւանդ թեքնիք, կատարուած են ռուսերու կողմէ: Թիֆլիսը պարզ քաղաք մը չէ, այլ՝ տեսակ մը մշակոյթներու խառնարան. [9] բնիկ տարրեր (վրացիներ, աղուաններ, հայեր), [10] այլեւ հարաւէն դէպի հիւսիս Իրանը, ինչպէս նաեւ Թուրքը՝ Ալթայի ստորոտէն մինչեւ Ալպեանները երկարող արիւնի [11] ալիքի մը ձեւով [12]: Արեւելքի հին այս ոստանին մէջ աշուղներու, գուսանները, պարողներու ամբողջ բանակ մը նախատարրեր կու տան թատերական ստեղծումին: Ռուսերը այդ ամէնը շահագործեցին սքանչելի ճարտարապետութեամբ: Արեւելահայ թատրոնը բախտը ունեցաւ ժառանգորդը դառնալու այս մեծ շարժումին:

 

3. Կանխահաս հանճար մը.

Ուրիշ բախտ մը սա ալ, որուն դերը ոչ նուազ [13] վճռական է գրականութեանց զարգացման համար: Վերցուցէք Պ. Դուրեանը մեր քնարերգութենէն, կէս դար ուշի նետած կ՚ըլլաք Մեծարենցը: Սունդուկեանց նման անձնաւորութիւն մըն է արեւելահայ բեմին համար: Առանց անոր անկարելի է Շիրվանզադէն: Կան այս մարդերը ամէն գրականութեանց մէջ, որոնք վճռական գլուխ-գործոցով մը կը կանխեն իրենց ժամանակը, ճամբայ յարդարելով գալիք սերունդներուն: Սունդուկեանցի դերը անհուն է այս տեսակէտով: Անիկա ո՛չ միայն տեղափոխեց ստեղծագործ հետաքրքրութիւնը, զայն առնելով գէշ կամ ռոմանթիզմով միայն ճանչցուած մեր դասական պատմութենէն՝ տանելու համար օրուան շրջապատին ու անոր իրականութեան, այլեւ տուաւ արտայայտութեան շատ թիփիք գործիք մը, ընթացիկ dialogue մը, որ կը շինուի տիպարէն ու տիպարին համար: Արեւելահայ թատրոնը բարեբաստ ձեւով մը պիտի չազատէր այս երկու մեծ ուղղութիւններուն ճնշումէն: Նիւթ եւ լեզու, - ահա՛ նուէրները Սունդուկեանցի թատրոնին:

 

4. Գրաբար ու դասական ողբերգութեանց ճաշակ.

Մինչ Մխիթարեան խողովակով Պոլիս իր թափանցումը ըրած դասական այդ ճաշակը գրեթէ ազգային ճաշակի պիտի փոխուէր՝ Զարթօնքի սերունդով ողողելով մեր հանդէսները (դպրոցական, ազգային, տօնակատարական, եւայլն) եւ որոնց ընթացքին յաճախ աշխարհիկ բարբառը կը փոխարինուէր դասական՝ հիւրմիւզեան [14] ոտանաւորով (թատերական ներկայացումը շփոթելու աստիճան պարգեւաբաշխութեան կամ անուան տարեդարձի հանդէսի մը հետ), [15] անդին՝ սկսող քաղքենի վերածնունդը թատրոնը կ՚առնէր իր պահանջները պարունակին մէջ: ԺԹ. ի կէսէն ասդին արեւելահայ մտաւորականութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ ու հաւատքով նուիրուած է թատրոնին: Տակաւին պէտք է աւելցնել աշուղական տարրեր, արեւելեան երանգ, ռուսական կնիք, ռեալիստ հանգանակ, յաջողապէս զարգացող վէպ, տնտեսական բարգաւաճ վիճակ, որոնք բոլորը մէկ կը ստեղծեն յարմար միջավայր եւ պայմաններ թատերական զարգացման:

 

5. Բեմ.

Պէտք չէ մոռնալ, որ շատ կանուխէն անոնց վիճակուեցաւ սեփական բեմի մը բախտը: Մինչ արեւմտահայերուն համար առհասարակ դպրոցներն են, որ սանկ-նանկ յարդարանքով մը՝ հետեւաբար ձախող կերպով, ներկայացման վայր կը ծառայեն, [16] Թիֆլիսի մէջ 70ական թուականներուն կ՚ապրէր հայ բեմ մը միմիայն թատերական ներկայացումներու յատկացուած: Փաստ՝ թէ գրական այս սեռը առաջին օրերուն իսկ ազատած էր ինքզինքը հանրային մուրացուած կեանքի մը դժբախտութենէն: Այս փաստը աւելի կ՚ամրանայ իր իմաստին մէջ, երբ յիշեմ հոս, որ արեւմտահայերը մինչեւ այսօր պահած են ամէն սրահ բեմի փոխակերպելու իրենց առհաւական միամտութիւնը եւ չեն խորհած, թէ արուեստի սեռ մը իրեն յատուկ վայրի մը մէջ միայն կը մշակուի:

 

6. Դերասան.

Անշուշտ Տիկին Սիրանոյշ, Թրեանց, Ֆասուլաճեան, Չափրաստ անուններ են, որոնց բեմական գործունէութիւնը Պոլսոյ խեղճ ու կրակ ներկայացումներէն սկիզբ կ՚առնէ: Բայց փաստ է, որ այս անուններուն մէկ կարեւոր մասը պարտաւորուեցաւ լքել բեմը՝ անցնելու համար Կովկաս կամ... թուրքերուն: Տիկին Հրաչեայ, Ադամեան, Փափազեան, Շահխաթունի, առանց Թիֆլիսին անկարելի պիտի դառնային: Եւ ասիկա անոր համար, վասնզի դերասանը գործաւորն է բարձրօրէն գնահատուած գրական սեռի մը եւ ոչ թէ Պոլսոյ մէջ եղածին նման դպրաց դասէն [17] կամ շուկաներէն հաւաքուած եւ իր սորվածը գոց քշող մարդ մը: Արեւմտահայ թատրոնին դժբախտութիւնը սիրողներու խումբէ մը կախուած ըլլալը եղաւ, որ գէշ կերպով խեղաթիւրեց արուեստի յղացքը, բեմէն ըսուած խօսքին մէջ, եւ ձայնը ճամարտակելով փոխարինեց ապրումը [18]: Արդէն իսկ հասկնալի չէ՞, որ ներկայացուցչական կեանքի մը համար բացառիկ ընդունակութիւններ անհրաժեշտ են Ո՞վ ըսաւ, թէ լաւ արտասանող մը լաւ ապրող մըն է:

 

7. Լեզու.

Ինքնագիր այդ գործերուն մէջ արեւելահայ թատրոնը պարտաւորուեցաւ պահել արտայայտման ցամաքութիւն մը, հարազատութիւն մը, որոնք անկարելի կը դարձնէին միանգամ ընդմիշտ Պէշիկթաշլեաններու, Դուրեաններու գեղակառոյց, բայց սին dialogue-ը: Պեպոյին լեզուն այս պայմաններուն կնիքին տակ, դաւելու աստիճան նոյնիսկ հայերէնի ոգիին, կաղապար մը պիտի դառնայ: Աւելի յետոյ՝ նոյն հեղինակին ուրիշ կտորները նմոյշներ կը բերեն բեմական առոյգ եւ ազնիւ լեզուի մը: Շիրվանզադէի եւ Սեղբոսեանի նուաճումները միշտ կու գան սկզբնական այս մղումէն:

 

8. Սեռին բնաշրջումը [19].

Խոշոր դէմք մըն է անշուշտ Սունդուկեանց իբրեւ ստեղծիչը, լարողը եւ առաջին կազմակերպիչը արեւելահայ թատրոնին: Բայց իր գործը իբրեւ իրացում վար կը մնայ իրմէ, թերեւս ասիկա անոր համար, որովհետեւ մշակուած գրագէտը շատ զօրաւոր էր այդ մարդուն մէջ, ըսել կուզեմ՝ իր արհեստին պահանջներուն բացարձակ անձնատուութիւնը կ՚երաշխաւորուէր գրագէտի իր խղճմտանքով: Շատ ուսումնասիրութիւնը, խղճմտութիւնը այս արդիւնքին կը հանեն մեզ: Այն քանի մը խաղերը, որոնք իր հասունութիւնը կը պատմեն մեզի, դժբախտաբար զուրկ են արուեստի հրաշքէն:

 

Արհեստը (métier), թեքնիքը, իրապաշտ հանգանակը զառածած են այս պատուական տաղանդը մեծ ու բարձր ստեղծագործութենէն: Ուրիշ է պարագան Շիրվանզադէի, որ ծնունդով վիպասան՝ փառասիրութիւնն է ունեցած թատրոն փորձելու: Չեմ զբաղիր այդ թատրոնին ինքնայատուկ արժէքով, [20] ըրած ըլլալով ատիկա ուրիշ տեղ  («Բարձրավանք»ի մէջ): Բայց դիտել կու տամ, որ Սունդուկեանցի թերութեանց խոշորացումն է, որ երեւան կու գայ Շիրվանզադէի գործին: Անշուշտ, Շիրվանզադէն աւելի փորձ թեքնիք մը եւ իբրեւ վիպասան աւելի ընդարձակ աշխարհ մը ունի իր տրամադրութեան տակ, բայց աւելի մեծ արուեստագէտ մը չէ եւ հոս է տագնապի բանալին. առանց ստեղծագործ գրագէտի թատրոն չի կրնար ապրիլ: Այս նկատողութիւններէն դուրս, [21] Շիրվանզադէի մէջ արեւելահայ թատրոնը իր բարձրագոյն նուաճումները ունի արձանագրած: Անձերու թիւը, անոնց տիպարային որակը, անոնց սեւեռած բարքերուն մթերքը ոչ ոքի քով ելած են այդ բարդութեան: [22] Այնպէս որ, արեւելահայ հասարակութեան մէկ որոշ դասակարգին՝ [23] քաղքենի տարրին կարելի պատկերացումն է անիկա:

 

Դժուար պիտի ըլլար Լեւոն Սեղբոսեանի պարագան ենթարկել արեւելահայ ազդեցութեանց: Թէեւ այդ հեղինակին թատրոնը զետեղելի ալ չէ արեւմտահայ թատերական գործունէութեան մէջ, բայց աւելի ճիշդ պիտի ըլլար զայն տեսնել իբրեւ առանձին պարագայ մը, որուն պիտի անդրադառնանք արդէն:

Բ. Նկարագիրները Արեւմտահայ թատրոնին

 

1. Վենետիկեան փորձեր.

Այն քիչ մը բանը, որ վերը ըսուեցաւ մեր ընդհանուր թատերական գրականութեան ծագման վրայ, այս paragrapheին մէջ իր ճիշդ կշիռը կը գտնէ: Անոնք, որ աւելի ուշ մեր ազգայնական խաղերը պիտի գրէին, ինչպէս պիտի երեւան բերէին խաղարկութիւն, անոնք աշակերտներն են Վենետիկի: Հասկնալի է, որ կրօնական այդ տիրապետութեան բացառիկ հանգամանքները եւ ճաշակը, ինչպէս նաեւ շրջանին պահանջները իրար ընդգրկեն՝ երեւան բերելու համար արեւմտահայ առաջին թատերական փորձերը, որոնք, իբրեւ խօսք ու խաղ, գործեր են ուսանողներու: Միւս կողմէ՝ դասական թատերգութեանց, իրենց բառով՝ ողբերգութեանց, շքեղ գրաբարով հայացումը զանցառելի ազդակ մը չէ այս տեսակէտով (Թղլեան, Ս. Հէքիմեան գրաբար խաղեր տաղաչափած են): Պէշիկթաշլեան, Թէրզեան պիտի շարունակեն դպրոցէն ստացուած այդ մղումը: Չզարմանալ, որ դեռ Վենետիկի մէջ կրնան ըլլալ մարդեր . Ս. Երամեան), որ յամառին ողբերգութիւն ներհիւսել --այս անգամ պարզ աշխարհաբարով:

 

Մեր գրականութիւնը այս խաղերէն որեւէ շահ չունեցաւ անշուշտ: Բայց անոնք էին, որ առաջին ուրուագիծերը բերին:

 

2. Գրաբար ողբերգութիւններ.

Թարգմանութեանց իբրեւ հետեւանք գլխաւորաբար Հէքիմեանի եւ Թղլեանի միջոցաւ 60ական, 70ական թուականներուն գրուեցան ողբերգութիւններ: Չեմ կարդացած անոնցմէ, վճռական բան մը ըսել կարենալու համար: Կը խորհիմ սակայն, թէ անոնք պէտք է նմանութիւններ ունենան Բագրատունիի եւ Հիւրմիւզի կողմէ հայացուած խաղերուն: Անշուշտ, այս հանգիտութիւնը պէտք չէ շատ յառաջ տանիլ, վասնզի «Գոթողիա»ն գլուխ-գործոց մըն է գրաբարէն առաջ՝ ֆրանսերէնին մէջ, եւ չեմ կարծեր, որ այդ հեղինակները ըլլային արժանի նման բախտի մը:

 

3. Դպրոցական խաղեր.

Զոյգ պէտքերու գոհացում կը հետապնդէին այս խաղերը: Վարդանանց նահատակութիւնը ԺԹ. դարուն ազգային մեծագոյն տօնը դարձաւ հետզհետէ. այդ տօնն է դրդապատճառը մեր շատ մը ողբերգութիւններուն: Չեմ զբաղիր անոնց վերլուծականով, քանի որ քաջածանօթ է զանոնք ոտքի հանող ըմբռնումը: Ասկէ զատ՝ դպրոցական հանդէսներ նոյն ոճէ եւ յղացքէ ներկայացումներ ներկայացուցած են ամավերջի հանդիսաւորութեանց, պարգեւաբաշխութեանց եւ այլ առիթներով:

 

Դիտելի է, որ մէկ-երկու աշխարհիկ զաւեշտ դարձեալ այդ պէտքին ծնունդն ըլլան: Միայն թէ տղաքը, աւելի մօտ երգիծական դերերու՝ տուած են տեսակ մը caractère, հարազատութիւն, նոյնիսկ ճիղճ արժէք, որոնք հիմնովին պակսեցան ողբերգութեանց:

 

4. Ռոմանթիք յօրինումներ.

Չզարմանալ, որ վաւերական տաղանդներ, ինչպէս են Պէշիկթաշլեան, Դուրեան, Թէրզեան, այցուած չըլլան թատերական ճիշդ հասկացողութենէ մը: Շատ են պատճառները, որոնք արեւմտահայ թատերական գրականութիւնը, ինչպէս թատրոնը, վիրաւոր ձգեցին: Ատոնցմէ մէկն է անշուշտ տաղանդի հարցը: Յիշուած անունները մեր ռոմանթիք բանաստեղծութեան մեծագոյն փառքերը կը ներկայացնեն եւ իբրեւ այդ տիտղոսուած են արժանաւոր փառքով: Ոչինչ կայ հակասական, երբ Դուրեան մը իր թատրոնը ըմբռնէ համաձայն իր բանաստեղծութեան հիմնական մղումին եւ գրէ ռոմանթիք յօրինումներ: Նոյնն է պարագան Պէշիկթաշլեանի եւ Թէրզեանի համար: Այս հիմնական պատճառէն դուրս՝ պէտք է հասկնալ նաեւ ժամանակը, որ mélodrameին տիրապետութիւնը կը նշանակէ այդ օրերուն: Այնպէս որ, արեւմտահայ թատրոնին մէջ վաւերական արժէքի մը պակասը մեզ կը տանի մէկէ աւելի ենթադրութիւններու:

 

5. Իրապաշտ փորձեր.

Չեղան անոնք ու չէին կրնար ըլլալ: Հասարակութիւն մը, որ տարին անգամ մը միայն «Վարդանանց»ի կ՚երթար՝ փիղերու բանակ ու պարսիկ մոգ տեսնելու, եւ կամ պարգեւաբաշխութեան հանդէսներ, տրամախօսութիւններ կը ծափահարէր միամիտ՝ որքան տգէտ, պիտի չունենար ընդունակութիւն արուեստի այդ գերազանց սեռը խորութեամբ եւ լրջութեամբ ըմբռնելու: Երկար տարիներ անիկա գոհացաւ պատմական հաստ մէջբերումներով եւ կամ գռեհիկ զաւեշտապաշտութեամբ մը: Օր մը մտքէն չանցուց արուեստի գործ պահանջել բեմին վրայ: Ի՞նչ փաստ, որ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակէ պահել այդ  անիմաստ անընդունակութիւնը: Երբ թղթատէք գրացուցակ մը թատրոնի բաժնի մը մէջ, շատ մը անուններ պիտի գտնէք, գործերու, որոնցմէ եւ ոչ մէկը արուեստի բարձրացած է դժբախտաբար:

 

6. Գրաքննութիւն եւ մեր թատրոնին կործանումը.

Գրական սեռերու մէջ թատերգութիւնը ամէնէն ուշ կազմակերպուողն է եղած: Մեր մօտն ալ նոյնն է եղած պարագան: Մեր բանաստեղծութիւնը իրականութիւն է 1870ին: Մեր վէպը 1890ին դէմք մը ունի: 1900ը սակայն մեր թատերական գրականութեան բացարձակ լռութիւնը կը հանէ մեզի: Երեւոյթին պատճառը՝ պատահական, վերագրելի է գրաքննութեան, որ նպատակ ունեցաւ գիրքերու հսկելու պատրուակին տակ ցեղային մեր ոգին խեղդել իր արտայայտութեան ամէնէն տաք ձեւերէն մէկուն՝ արուեստին մէջ: 1890ական թուականներուն ազգայնական ներկայացումները թէեւ դադրած են, բայց իրապաշտ եւ բարքի պատկերացումներ ընդհանրապէս արտօնուած են: Անկէ անդին՝ մինչեւ Սահմանադրութիւն, մօտ քսան տարի, մեր լեզուն արտօնուած չէ [24] բեմերու վրայով իջնել մեր ժողովուրդին:

 

Սահմանադրութենէն մինչեւ պատերազմ մեր բեմը ազդեցութեանը տակ մնաց արեւելահայ խաղերու եւ խաղարկուներու, այնպէս որ, սեփական ստեղծագործ ճիգ մը անկարելի՝ որքան աւելորդ դարձաւ: Պատերազմէն յետոյ եւրոպական խաղերը նոյն դերը կատարեցին: 1920էն ասդին, հանդէսներու մէջ տպուած բազմաթիւ խաղեր ժողովուրդէն չտաքցուած յօրինումներ են ու չեմ կարծեր, որ գրական պատմութեան վրայ բան մը աւելցնեն: Այնպէս որ, paradoxe-ը կ՚իրագործուի մօտ դարու մը գրականութեան, որ մէկ հատիկ իսկ յաջողած խաղ չունենայ արձանագրուած: Արեւմտահայ թատրոնը տխուր վրիպանք մըն է:

 

7 Սեղբոսեանի պարագան.

Ծագումով արեւմտահայ եւ կրթութեան մէկ մասը ստացած Պոլիս, միւսը՝ Կովկաս, անցած Եւրոպայէն, գործած արեւմտահայերու մէջ, Լեւոն Սեղբոսեան մեր թատրոնի պատմութեան հետ սերտօրէն կապուած անուն մը կը մնայ: Վիպող, տաղաչափ, արուեստի քննադատ, մանկավարժ ըլլալուն չափ ու աւելի՝ անիկա հեղինակն է բազմաթիւ խաղերու: Անոնցմէ մէկ քանին ժամանակակից կեանքէն՝ խորհրդապաշտական խորքի մը վրայ հետեւակ ու ձգտումնաւոր յօրինումներ են: Անոնցմէ ուրիշներ, մեր պատմութենէն վերցուած՝ նոյն խորհուրդի խորքով, բայց ռոմանթիք կառոյցով, խաղեր են որոնց մէջ ոմանք համբաւի ալ գացին («Հին աստուածներ»):

 

«Շղթայուածը» [25] խաղ մըն է՝ յօրինուած գերման խորհրդապաշտ եւ նորվէկեան գաղափարապաշտ հանգանակներուն վրայ:

 

Այս արագ թւումը մեր առջեւ կը դնէ մարդ մը, որ թատերական գրականութեան մեծ հարցերը ուսումնասիրած է խնամքով եւ աշխատած զանոնք փոխադրել մեր մէջ. ահա իր արժանիքը. այս արժանիքը ճշդելու ատեն ես կը զգուշանամ թատերական զգայարանքին, գեղարուեստական թափանցումի ընդհանուր հարկադրանքներով ճնշելէ անոր խաղերը: Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի անոր գործը անջատ ստեղծագործութիւն մըն է՝ հեռուէ հեռու թեթեւ կապով մը զանգուածին, եւ ճիշդ այդ մեղքով վիրաւոր: Պէտք է իր ճիշդ լոյսին մէջ տեսնել «Հին աստուածներ» խաղով յանկարծ եկած կեղծ խանդավառութիւնը, ուր արուեստէն աւելի բեմական միջոցներն են գերակշիռ: Ո՛չ արեւելահայ եւ ոչ ալ արեւմտահայ հոգեբանութեան հետ  ոչ մէկ աղերս` իր խաղերուն մէջ: Ցեղային տարրերու այս չէզոքացումը չի փոխարինուիր համադրական յղացքներու լոյսովը (Սեղբոսեան միշտ ալ յամառած է այդ լոյսին կառչած մնալ իր բոլոր յօրինումներուն մէջ):

 

Չեմ կրնար իր թատրոնը արձանագրել երկու հատուածներուն որեւէ մէկուն ներքեւ: Այս վերապահումս գրեթէ վճիռ մըն է

 

Գ. Արեւելահայ թատրոնը ըրած է նուաճումներ

 

1. Իրականին զգայարանքը չէ լքած երբեք. -- 

Բոլոր իր ինքնագիր խաղերուն մէջ այդ թատրոնը առնուազն յատակ ընտրած է անմիջական իրականութիւն մը, մտայնութեամբ, լեզուով, բարքով, նոյնիսկ տարազով պայմանաւոր: Ամուր այս զգայարանքը միս-մինակը բաւ է այդ խաղերուն գոյութիւնը եթէ ոչ փրկել, գոնէ մշակութային պատմութեան համար կողմով մը շահեկան ընծայել: Սունդուկեանցի մէկ խաղը, օրինակի մը համար [26] ` « Քանդուած օճախը », հակառակ յօրինուածքի թափթփածութեան, հոգեբանական աղքատութեան [27] եւ տիպարներու հարեւանցի գծագրումին (այս վերապահումները կը կործանեն գործը իբրեւ արուեստի գործ), դարձեալ շահ մըն է, քանի որ օր մը ապրուած իրական կեանքէն եւ իբր այդ գէթ, կը շահագրգռէ պատմութիւնը: Սա զիջումը չեմ կրնար ընել արեւմտահայ ամենայաջող խաղին համար իսկ: Մեղք որ այս զգայարանքը պիտի շփոթուէր աւելի վերջը գռեհիկ տեղական գոյնի մը եւ հարազատութեան պատգամներով: Ատկէ անկախաբար, իբրեւ ամբողջութիւն արեւելահայ [28] թատրոնը մեծ գիծերու մէջ սեւեռած է այն իրականութիւնը, զոր կը յաւակնէր բեմ փոխադրել: 

 

2. Կրցածին չափ պաշտպանած [29] է թատերական զգայարանքը.  

Մինչ ասդին՝ այդ զգայարանքը խեղդուած է լեզուական, գրական, ազգայնական, թերթօնական, բայց ոչ թատերական մտահոգութեանց տակ, [30] արեւելահայերը միշտ առաջին ակնարկի ուզած են պահել գործի մը թատերականութիւնը: Անշուշտ, մեծ արուեստագէտի մը պակասը չարաշուք [31] անդրադարձում կ՚ունենայ որեւէ սեռի մշակման վրայ: Սունդուկեանցի թատերականութիւնը, գրեթէ այլամերժօրէն արտաքին ազդակներու հաւատարիմ, չէ զօրացած հոգեբանական ներքին պայքարին կրակովը: Մինչ Դուրեանի մը խաղին մէջ թատերական ծանրութեան կեդրոնը ռոմանթիք յարդարանքն է, կամ Սեղբոսեանի մօտ՝ ընկերային գաղափարներու հակընդդէմ գաղափարը հինի եւ նորի, բախումի մը թարմացումը, Շիրվանզադէի խաղին մէջ այդ թատերականութիւնը պայմանաւոր է իրական անձնաւորութեանց փոխադարձ պայքարով, այսինքն՝ արիւնի [32] եւ ջիղերու լարուածքէ մը յառաջացող այն բաբախումով, որ ամէն ժամանակներու համար թատերական յուզումին արմատն իսկ կը նկատուի: Ասոր համար է, որ անոնց թատրոնը, իր բոլոր մեղքերով հանդերձ, թատրոն է դարձեալ: 

 

3. Սունդուկեանցով քանի մը տիպեր սեւեռած է [33].  

« Պեպօ »ն միայն անուն մը չէ գործի, այլ՝ ճշդորոշուած անձերու հաւաքավայր մը: Այդ մարդերը զուրկ չեն տիպար մը կարելի ընող ստորոգելիներէն: Անոնց հարազատութիւնը նոյնիսկ կրնայ բեմէն ազատ նկատուիլ, որքան գրագէտը այդ անձերը շինող կողմերը հաւաքուն եւ խիտ է տուած: Յետոյ մեր գրականութեան սահմանափակ նկարագիրը կ՚արտօնէ, որ այդ տեղերը ելլեն գրքերու աշխարհէն եւ քայլ փորձեն հասարակաց կեանքին վրայ: Նոյնիսկ անյաջող խաղերու համար, այս տիպարային ճշգրտութիւնը թանկագին առաւելութիւն մը կը մնայ իր մօտ: Իրականութեան կապուած մնալու իր ամուր պարկեշտութիւնը պատճառն է այս յաջողութեան: Անհատներ, քան դասակարգ, դուրս կու գան Սունդուկեանցի գործէն: 

 

4. Շիրվանզադէով դասակարգ բնորոշած է [34].  

Տիպարային այս առաքինութիւնները Շիրվանզադէի մէջ գտած են կարելիութիւն: Սունդուկեանցի թեքնիքին ամբողջ կշիռովը ծանրաբեռն են Շիրվանզադէի անձերը: Բայց ահա տարբերութիւնը. Շիրվանզադէի խաղերը կը յանգին դասակարգերու վերծանումին: Գրագէտը իւրաքանչիւր թիփի մէջ հասարակութեան որոշ խաւ մը պարփակել է աշխատած եւ իր աշխատանքը պսակուած է յաջողութեամբ: ԺԹ. դարու վերջին քառորդին մեր քաղքենին, [35] մեր «ինտելիգենցիան», մեր գիւղացին իր խաղերուն մէջ հաստատ ներկայացուցիչներ [36] ունին: Իրականութեան վրայ ձեւուած սա մարդոց պակսածը ընդհանուր պակասն է Արեւելահայ գրականութեան: 

 

 

Դ. Արեւելահայ թատրոնը վրիպած է`

 

1. Ստեղծագործական մեծ իրագործմանց մէջ.

Այս վրիպանքը թէեւ կու գայ Արեւելահայ գրականութեան ընդհանուր յատկանիշներէն, բայց զայն առանձին կը տեսնեմ հոս, քանի որ ամէնէն աւելի թատրոնին մէջն է, որ կարկառուն ստեղծումներ տիրական կը դառնան: Չեմ ելլեր պահանջելու դասական կամ ժամանակակից մեծ ստեղծումներու մօտեցող արժէքներ. ատոր չունինք իրաւունքը: Բայց ուշագրաւ է, որ թատերական ներուժ կեանք մը չպակսեցաւ անոնց. [37] ինքնագիր գործերու քով թարգմանածոյ մեծ խաղեր՝ երբեմն շատ մեծ արուեստագէտներու շնորհներով բեմադրուած՝ անոնց տուին նմոյշը կարելի գեղեցկութեան, բայց չեկաւ անոնց գործը, որ գագաթ մը ըլլար, ու մա՛նաւանդ նաեւ ժամանակէն անդին դիմանալու համար գոնէ երկրորդ սերունդի մը: Այս պակասը վճռական է: Եւ որովհետեւ արուեստի գործերը ստեղծում ըլլալով միայն կը փրկուին եւ ոչ թէ նմանութիւն, յայտնի է, թէ արեւելահայ թատրոնին որեւէ գործ իր ժամանակը չի կրնար անցնիլ:

 

2. Բանաստեղծութեան մէջ.

Այս բառին պէտք է տալ իր իսկական իմաստը, որ վեր է լեզուական, հռետորական, տաղաչափական յարդարանքներէն: Երկու վարպետներուն անսրբագրելի իրապաշտութիւնը գերագոյն հարուած մը եղաւ այդ ուղղութեամբ: Խաղերը, անձերը, կնճիռը, բոլո՛րը ենթարկուեցան այս անհորիզոն իրականութեան եւ անոր պահանջներուն: Արուեստը իրականութենէն կը մեկնի, դէպի ան կ՚երթայ, զայն վերածելով սակայն ուրիշ կարգերու, ուրիշ dimensionէ աշխարհի մը, կարգի մը: Այս պահանջին դէմ է, որ պակաս գտնուեցաւ արեւելահայ թատրոնը: Անիկա ոչ մէկ թռիչք ու կրակ ու ստեղծում անցուց իր ունկնդիրներուն: Այնքան որ, 1910ին արդէն յոգնութիւնը անհուն է Շիրվանզադէի ռեալիզմէն: Բոլորովին սխալ չեն անոնք, որոնք Լեւոն Սեղբոսեանի համբաւը այդ ձանձրոյթին մէջ կ՚ուզեն աճուն տեսնել, քանի որ այս վերջինին մտահոգութիւնը եղաւ այդ գետնաքարշ ոգիին մէջ քիչիկ մը խանդ ու երազ մշակել: Յետոյ՝ իրապաշտութեան չ՛երթար [38] իմ մեղադրանքս ամբողջութեամբ. բանաստեղծութիւնը անով ալ կարելի ստեղծում մըն է: Վկայ՝ Հանրի Պէքի «Les corbeaux» խաղը: Անմիջական իրականութենէն վերանալը (abstraction) բաւ պիտի ըլլար ստեղծելու համար պահանջուած բանաստեղծութիւնը. պարագայ՝ զոր չգործադրեցին երբեք արեւելահայ հեղինակները:

 

3. Լեզուական հարցին մէջ.

Նոյն այդ ռեալիզմն է, որ պիտի արտօնէ «Պեպօ»ի լեզուն, զոր թարգմանութիւն մը անգամ անկարող է հայացնելու: Ամբոխի մը ուղղուած սեռի մը մէջ արտայայտութեան միջոցը, փոխանակ ինքզինքը կերպադրելու ամբոխին ախորժակներուն եւ հասկացողութեան, պարտաւոր էր ամբոխը իրեն քաշելու եւ ինքզինքը պարտադրելու [39]: Լեզուական հարցին դէմ այս անփութութիւնը արդէն անոնց գրականութեան մեծագոյն վէրքերէն մէկն է: Ես շեշտեցի այս կէտը անոնց քերթողութեան վերլուծումին ատեն, երբ յանուն տեղական գոյնի, գաւառիկ զգեստի, բանաստեղծներ իրենք իրենց ազատութիւն կու տան… թուրքերէն բառերով քերթուածը խճողելու (Աւետիք Իսահակեան): Արեւելահայ թատրոնին մէջ լեզուն ոչ միայն չէ զարգացած, այլ նոյնիսկ վար է մնացած վէպին մէջ իրացուցած շնորհէն ու մաքրութենէն:

 

Չմոռնալ, որ տիեզերական գրականութեան մեծագոյն խաղերը գրուած են համապատասխան շքեղութեամբ լեզուով մը:

 

4. Յառաջահայեաց ազդակներու գործածումին մէջ.

Հակառակ անոր, որ թատրոնը դպրոցին հետ շփոթող պատրանքը գերազանց աստիճանով մը տարփողած են անոնք, հաւատարիմ մնալու համար իրենց օգտապաշտութեան, այդ թատրոնը յառաջխաղաց որեւէ ազդեցութիւն չէ ունեցած արեւելահայ ընկերային յեղաշրջման տեսակէտով. մարդիկ գացած են այդ խաղերը տեսնելու, կոշտ իրենց միջակութիւնը անգամ մըն ալ վայելելով՝ բեմէն իրենց լուսարձակուած: Չեն տարած իրենց հետ որեւէ ազնիւ զգացում, սարսուռ, կայծ ու երազ: Այս արդիւնքը անոր համար, որովհետեւ խաղերը յօրինուած են նախ ժողովուրդին հասակովը՝ ըսողներ կան նույնիսկ, որ դերասաններուն ընդունակութեանցը վրայ, այնպէս որ, այդ թատրոնը չի ունեցած որեւէ կշիռ սերունդ պատրաստելու համար:

 

5. Ռեալիզմէն չազատագրուելու  իր յամառութեանը մէջ.

Կ՚ըսեն, թէ Շանթի ամէնէն համբաւաւոր խաղերուն ներկայացման ատեն Շիրվանզադէ ոտք չէ դրած ներկայ ըլլալու այդ անիրական, թերեւս պէտք պիտի ըլլար ճշդել՝ անիրապաշտ բեմադրութեանց: Գրագէտի, արուեստակցի պարզ նախանձէ մը աւելի է շարժառիթը այս արհամարհանքին. ատիկա կու գայ ռեալիզմին:

 

Ե. Արեւմտահայ թատրոնը չի կրնար ինծի առիթ տալ սեւեռումներու

Անիկա չծնած մեռեալ (mort-né) երեխան է: Ի նպաստ իրեն քանի մը խօսք սակայն: Բոլոր իր անբնականութեան, իր մեղքերուն, իր անկանգնելի կործանումին հակառակ, անիկա ատեն մը ծառայած է մեր աշխարհաբարի կոկման, կանոնաւորման, ընդհանրացման: Պէշիկթաշլեանի լեզուին մէջ փոքր սրբագրումներ, անոր խաղերը կ՚ընեն այդ տեսակէտով շահեկան: Չմոռնալ, որ մեր աշխարհաբարին զարգացման բուն գետինը լրագիրը ըլլալով՝ այդ գործը անկէ առաջ լայն չափի մը վրայ կատարողը եղաւ թատրոնը: Աւելորդ չէ յիշել դարձեալ նոյն դերը, զոր ան կատարեց ազգայնական զարթօնքին մէջ Այսօր արհամարհուած այդ խաղերուն շուրջը ստեղծուեցաւ անդրանիկ ազգային գիտակցութիւնը, թերեւս շատ աւելի կենդանի կերպով մը, որքան չըրաւ մեր բանաստեղծութիւնը կամ վէպը: 

Երկու գրականութեանց մէջ ալ թատրոնը վար մնաց ընդհանուր միջինէն եւ ասիկա հասկնալի է, վասնզի անիկա ամէնէն դժուար սեռն է գրելու արուեստին, ամէնէն բազմապահանջը եւ ամէնէն մասնակի հանգամանքներու կառոյցը [40], որոնք պակսեցան մեզի, մասնաւորաբար քաղաքական, ընկերային աննպաստ դէպքերու բերումով

 

 


 



[1]          յաւելում՝ բութի

[2]          յաւելում՝ ստորակէտի

[3]          յաւելում՝ ստորակէտի

[4]          յաւելում՝ բութի

[5]          յաւելում բառի՝ որ

[6]          ան ալ, սրբագրուած՝  այն ալ

[7]          յիշողութեան, սրբագրուած՝ յիշեցումի

[8]          կը նպաստէ, սրբագրուած՝ կը վնասէ

[9]          յաւելում բառի՝  խառնարան.

[10]        յաւելում՝ ստորակէտի

[11]        արիւնէ, սրբագրուած՝ արիւնի

[12]       երկարող  .... ձեւով   ?

[13]        ոչ - նուազ, սրբագրուած՝ ոչ նուազ

[14]        հիւրմիզեան, սրբագրուած՝ հիւրմիւզեան

[15]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[16]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[17]        դպրոց, դասէն, սրբագրուած՝ դպրաց դասէն

[18]        ճամարտակելը փոխարինեց ապրումով, սրբագրուած ՝ ճամարտակելով փոխարինեց ապրումը

[19]        յեղաշրջումը, սրբագրուած՝ բնաշրջումը

[20]        յաւելում՝ ստորակէտի

[21]        յաւելում ստորակէտի

[22]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[23]        յաւելում՝ բութի

[24]        արտօնուած է, սրբագրուած՝ արտօնուած չէ

[25]        « Շղթայուած » ը, սրբագրուած՝ « Շղթայուածը »

[26]        ջնջ. ՝ կրկնուած բառեր՝ կողմով մը շահեկան ընծայել

[27]        աշխատութեան, սրբագրուած՝ աղքատութեան

[28]        արեւմտահայ, սրբագրուած՝ արեւելահայ

[29]        պաշտպանուած, սրբագրուած՝ պաշտպանած

[30]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[31]        չարագուշակ, սրբագրուած՝ չարաշուք  --  ?

[32]        արեւի, սրբագրուած՝ արիւնի

[33]        սեւեռուած է, սրբագրուած ՝ սեւեռած է

[34]        բնորոշուած է, սրբագրուած՝ բնորոշած է

[35]        յաւելում՝ ստորակէտի

[36]        ներկայացուցիչն, սրբագրուած՝ ներկայացուցիչներ

[37]        յաւելում՝ միջակէտի

[38]        չերթար, սրբագրուած՝ չ՛երթար

[39]        հակադրելու, սրբագրուած՝ հարկադրելու ?  պարտադրելու  ?

[40]        մասնակի  ..... կառոյցը  --  ?