Գիրքերու քովն ի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՆԻէԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՀԱՑԻՆ ԵՐԳԸ »)

 

Եղերաբախտ բանաստեղծին յետ մահու այս հատորիկը ապահովաբար վերջացող տարիին գրական մեծ երեւոյթն է։

Տղաք՝ իր աշակերտները, համբուրելի մտածումն ունեցան հաւաքելու բանաստեղծին այն քերթուածները, որոնք իր վերջին հատորէն Հեթանոս երգեր ») ետքը լոյս տեսած են: Անոնց քով քանի մը հատ ալ բոլորովին անտիպ՝ կ՚ամբողջացնեն գիրքը:

 

* * *

Ուրիշ տեղ ես վերլուծումն եմ ըրած Դանիէլ Վարուժանի ընդհանուր գործին։

Այն ատեն, երկու հատորներու Ցեղին սիրտը » եւ « Հեթանոս երգեր ») անկորուստ փառքին դիմաց, ողջունած էի բանաստեղծը իբր ամէնէն հարազատ արտայայտութիւնը մեր օրերու զգայնութեան։ Անոր մէջ տեսեր էի մեր մեծագոյն բանաստեղծը, եւ յայտարարած ատիկա անվերապահ անկեղծութեամբ մը։

Ու արդարեւ, ինչ որ ալ ըլլայ քանակը այն մասերուն, որ անոր գործին մէջ հինցած են արդէն, անխորտակելի գեղեցկութեամբ քերթուածներ այլեւս դասական դարձած են անկէ, ու Վարուժանը վերջնական գնահատումի տանելու շրջանը մօտեցած կը թուի:

Անիկա, մէկ քանիներու հետ, բանաստեղծն է մեր սերունդին, այսինքն՝ այն սերունդին, որուն զգայնութեան կծիկը դրուեցաւ մեր պատմութեան ամէնէն մռայլ օրերուն առջեւ, որ տիրական երազի մը պատրանքին ետեւէն մեր դարուն տուաւ ամէնէն սրտակեղեք ողբերգութիւնը, միւս կողմէն՝ « մտքին հետքերուն » վրայ ի հանդէս բերաւ ամէնէն քաղցր ծաղիկները մեր իմացականութեան:

Այդ սերունդը տարաւ մեր յեղափոխութեան խաչը եւ մեր մտքին պսակը եւ գնաց ոճիրներուն ամէնէն անորակելիին մէջ իր երազովը քարկոծուելու:

Վարուժան իր անդրանիկ հատորով Սարսուռներ » ը հակափորձ մըն է ) ազգայնական լարը ազատեց անխուսափելի միջակութենէն, որ պարտուած ժողովուրդներուն երգը ըլլալ կոչուած է։ Մեր ջախջախուած մարմիններուն դէմ այդ գիրքը կեդրոնացման դրօշակի մը նման մեր հոգիին աննուաճ արիութիւնն ու գեղեցկութիւնն հոլանեցուց:

« Հեթանոս երգեր » ով ան մեր օրերու կեանքին կապեց զգալու ու ապրելու ձեւեր, որոնք հին դարերու շքեղութեանը մօտիկ չեն տժգունիր իրենց գիծերուն հարազատութեամբը եւ մարմարին ազնուութեամբը:

Այս երկու արտայայտութիւնները իր տաղանդին՝ այլեւս մեր քննադատութեան համար շահուած գետիններ են։ Ոչ մէկուն մտքէն կ՚անցնի ատոնց վրայ կասկածներ բանալ:

Յետ մահու հատորը, դարձեալ, բանաստեղծին ողջուցը, անոր ուղեղը տագնապեցնող մայր զգայնութենէ մը կը ծնի։ Նախորդ հատորներուն մէջ ամէնէն աւելի անցեալին հետ թրթռացող ու անոր վրայ իր քանդակները հիւսող արուեստագէտին համար պէտք մըն էր բոլորովին արդի լար մը փորձել։

 

* * *

Ու այդ լարը այնքան հարազատ է, որքան պատմութեան արիւնովը կարմրած ողբին լարը մեր մէջ։

Մեր ժողովուրդը քաղաքներունը ըլլալէ շատ առաջ ու մա՛նաւանդ շատ աւելի՝ լեռներունն ու դաշտինն է եղած։ Դժբախտութիւն մըն է, որ անոր գրագէտները չնչին բացառութեամբ բոլորն ալ քաղաքն ու անոր կենցաղը պատմած են։ Գիւղը, դաշտը, լեռը այնքան տժգոյն, վենետիկցիներուն համար, նոյնքան անիմաստ են ներկայացած պոլսեցիներուն, որոնք շատ ուշ կ՚անդրադառնան իրենց գրականութեան այդ անբնական զառիթափին։ 900 էն ետքը հակազդեցութեան շարժումը կու տայ քանի մը ջղուտ գրողներ, որոնք իրենք զիրենք դժուարութեամբ, բայց կորովով կը պարտադրեն քաղքենիներուն։

Վարուժան կը հաւատայ մեր ժողովուրդի բնազդներուն։ « Հեթանոս երգեր » ուն մէջ անոր գրիչը արդէն մասով մը մօտեցած էր կեանքի այն երեսներուն, որոնք քաղաքներու պայմանները կը ստեղծեն մեզի համար։ Ան երգեց բանուորներու արդի քաղաքակրթութեան շատ ախտաւոր մէկ քանի էջերը։ Իր գործին մէջ ատոնք դրուագներ էին ու հեթանոս զգայնութեան աւելի կամ նուազ իրենց աղերսովը տանելի։ Գիրքին նկարագիրը ատոնցմէ դուրս էր։

Բայց ամէն ճշմարիտ բանաստեղծի նման, որ իր ներշնչումին համար նոր աւազաններ որոնելու ստիպուած է, չկռնծելու համար երաշտէն, անիկա զգաց վտանգը, որ իրապաշտութեան գլխուն կը կախուի անխուսափելի սուրի մը նման եւ զանոնք կը հարկադրէ կամ հեռուները ապաստանելու ( հին քաղա քակրթութիւններու ոգեկոչումը ) կամ մեր օրերու տափակութեանը վրայ նետելու խորհուրդին մշուշը։

Անցեալէն նոր կու գար ան։ Բայց բաւական թափանցող չէր կրցած ըլլալ գուշակելու համար անկարելիութիւնը արուեստի մը, որուն իրագործումին համար կը վստահէր իր թեքնիքին ու մա՛նաւանդ իր գործիքին, ոճին:

« Հացին երգը » ապացոյց մըն է այդ տեսակէտով:

 

* * *

  Մեր մէջ արուեստագէտը կը շինուի շատ կանուխ, գրեթէ անգիտակից պատմութեան մը դուռներէն: Մեր ապրելու տեղը, շրջանակը տիրական հետքերով կը տեւեն մեր մէջ, երբ մենք կը կարծենք մոռցած ըլլալ զանոնք: Նոյնիսկ տարիներ, երբ կը շարունակենք ապրիլ մեր նոր կենցաղը բոլորովին նոր ոլորտներու մէջ, հինը, անդրանիկ շէնքը կը մնայ անաղարտ ու կը սպասէ։

Վարուժանի մօտ այդ նախակազմումի շրջանը կը պատկանի քաղաքին: Ու այդ պզտիկ մանրամասնութիւնը բանալին իսկ է, որ պիտի բանայ հանգոյցը։

Արդարեւ, « Հացին երգը » կազմող ոտանաւորներուն մէջ մենք, առաջին ակնարկով, կը ճշդենք նայուածքին ապահովութիւնը, գիծերուն կանոնաւորութիւնը եւ տեսիլքին կատարելութիւնը: Բայց անմիջապէս ու անվարան կը հաստատենք ուրիշ բանի մը պակասը:

Այդ պակասին նկարագիրը առաջին քերթուած ներուն մէջ այնքան ալ որոշ չ՚երեւար, բայց քանի կը յառաջանանք, այնքան պատկերը կը սկսի մարմնաւորիլ, ու արդէն չորս - հինգ կտորէ ետքը մենք գիտենք, թէ ինչ կը փնտռենք ու չենք գտներ։ Ու ասիկա ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլալ։

Դանիէլ Վարուժան երեւակայության բանաստեղծն է: Ան կրնայ իր այդ հրաշալի կարողութեան շնորհիւ անցեալները մեծ ֆրէսք նելու նման բռնել ու կախել իր ուղեղին դէմ, ժողովուրդներ ու քաղաքակրթութիւններ հանել իրենց գերեզմաններէն ու հասկնալ անոնց լեզուն ու տեսնալ գաղտնիքը անոնց գոյներուն, իր տեսածները պատմել թուղթերուն՝ եւ դարձեալ հարազատ ու շքեղ գիծերով, բայց չի կրնար անոնց միշտ կեանք հաղորդել: Բոլոր այդ տեսիլները կ՚անցնին մեր առջեւէն, հսկայական ու անօրինակ թափօրներու նման երազի մէջէն ընդնշմարուած, եւ որոնց կը վախնանք մօտենալու:

Դանիէլ Վարուժան գիծերուն ու մարմարին բանաստեղծն է ու իր պատկերները, որոնք անցեալէն կու գան՝ քանդակներ են առաւելապէս։ Ոչ ոք իրեն չափ ունի մեր մէջ փլասթիք եւ կորագիծ։

 

Բայց այս տարրերը գերազանցապէս կը յարմարին դիւցազներգակ ու ազգայնական յօրինումին, անոնք դարձեալ կը յաջողին քաղաքներն ու անոնց ստուերաւորումները համադրել։ Տեսանող՝ ( visuel ) այո՛. բայց երբ այս կարողութիւնը կը տանինք դաշտերուն շրջանին, իրաւ է, թէ հոն մեր մտքին բոլոր քաղցրութիւնները ( նոյնքան անհարազատ է մեղմութիւն բառը այս նրբերանգին համար ), պիտի տարածենք, ու բոլոր մեր տեսածներուն վրայ պիտի փռենք մեր նայուածքին պերճանքը, բայց պիտի չկրնանք մարդերը, իրերը ու անոնց առանձնայատուկ դիմագծութիւնները ազատել մեր գոյնին ողողումէն:

Վասնզի մենք, այսինքն՝ փլասթիքի վարպետներ, վարժուած մեր մեծ ձեւերուն ու կատարեալ շարժումներուն, պիտի չափենք արտերն ու կալերը մեր սեփական թեքնիքովը եւ պիտի տառապինք անոնց չկրնալ իջնալնուս: Ան ատենն է, որ զանոնք պիտի հանենք դէպի վեր, մեր հորիզոնին:

Արուեստի ամէն գործ վերելք մըն է: Բայց երբ սահմանները արհամարհուին, պարապին պաղն է, որ կը դիմաւորենք։

 

* * *

« Հացին երգը » կը պատմէ բանաստեղծին զգայնութիւնները, երբ անոր տրուեցաւ ունենալ անոնք՝ Եւրոպայէն դէպի երկիր դարձին:

Ուշ էր ալ։ Արուեստագէտը կազմուած էր շատոնց:

Ու Դանիէլ Վարուժան իր, այսինքն՝ վարպետի արուեստովը մեզի կու տայ այս հատորին մէջ պահեր, տպաւորութիւններ, տեսիլներ, պատկերներ, երբեմն անտիպ ստեղծումներ մտածման ու երեւակայութեան: .

Այս ամէնուն մէջ ան դրաւ իր երանգապնակին զմայլելի հարստութիւնը, իր գծագրութեան ամէնէն վստահ հիւսքը։ Ան տեսաւ ամէն բան, որ ինկաւ իր նայուածքի դաշտին, ծիածանովը իր տաղանդին ու իր գոյներուն բազմազան, ծանր ու կենդանի անձրեւը թափեց մարգերուն, կակաչին ու ցորեանին, կալերուն ու ջաղացին, ամէնո՛ւն, ամէնո՛ւն, որոնց հանդիպեցաւ:

Ատկէ դուրս ան նոթեց այդ քերթուածներուն մէջ մէկ քանին այն զգայնութիւններէն, որոնց փորձառութիւնը ունեցեր էր անձամբ։ Պէտք է աւելցնել, որ Դանիէլ Վարուժան դասական մշակոյթէ կու գայ եւ իր նիւթերուն նախատիպարը արդէն տեսած էր Վիրգիլիոսի մօտ։ Նոյնիսկ մեր օրերուն Հիւկոն իր մահիկին ոսկի մանգաղովը կայ իր քերթուածներէն մէկուն մէջ։ ( Տեսնել « Խաչբուռ » ը, էջ 56, ուր հասկերը գերանդիին տակ լուսնէն հնձուած ճառագայթի մը պէս ինկան ) ։

Բոլոր աս տպաւորութեանց դէմ անիկա կը հանէ իր գործիքը, որ ճակատագրական միօրինակութեամբ մը կա՛մ կ՚աղուորցնէ, կա՛մ կը գծագրէ: Ինչ որ ալ ըլլայ այս ոճին կախարդութիւնը, որքան ալ բանաստեղծը մեր աչքերը խղդել ջանայ ոսկիով ու ճառագայթով, բան մը կայ, որ կը յամառի խուսափիլ անոր տիրապետութենէն։

Ատ պզտիկ փախստականը, չտաշուած զգացումը գեղինն է, բուն, հարազատ գեղինը, որ ժլատ է չափազանց եւ գիտէ ինքզինքը չտալ առաջին այցորդներուն։

Իր գծագրութեանցը մէջ բանաստեղծը մանրամասնութիւնը կը սեւեռէ, բայց ատոնք կ՚իյնան դուրսի աշխարհին վրայ: Բնութեան մասնայատկութիւնը կամ պահին առանձին հրապոյրը կը մնան միշտ շրջապատին վրայ ու չեն հաղորդուիր հոգիին ( Մեծարենց այդ տեսակէտով աւելի բախտաւոր է։ Անոր բնութիւնը երկու աշխարհներուն, դուրսի եւ ներսի աշխարհներուն ալ կը պատկանի նոյն ատեն ) ։

Մանրամասն վերլուծում մը շատ է այս սիւնակներուն համար։ Ես կը բաւականանամ գիրքին ընդհանուր նկարագիրը արտաբերելով:

 

* * *

Հակառակ հեղինակին մտադրութեան՝ այս հատորը ամբողջական զգացողութեան մը հարազատ ու վերջնական արտայայտութիւնը չէ, ինչպէս եղած են նախորդ երկու հատորները:

Ան ունի աչքերուն պատրանք, խտղտանք բերող մասեր, փարթամ կնկան մը հրապոյրներուն նման խուսափուկ ու ատով տպաւորիչ:

Ան ունի քնարերգական խոյանքներ, որոնք գիրքին ամէնէն կենդանի հատուածները կը մնան ( ու զարմանալի չէ ասիկա, վասնզի բանաստեղծը դժուարաւ կը կապուի հողին ու անոր իրականութեանը ) եւ ուր իր երեւակայութեան առջեւ ինկած իր ոճը կը տանի զինքը « փրփրերախ երիվարին » նման « վարգելով »:

Ան ունի մա՛նաւանդ ապշեցուցիչ աւանդութիւն մը։ Նոր պատկերներու, որոնք կը փայլին փողերանոցէն դուրս ելած ոսկիներուն նման։ Այս տեսակէտով գրքին յաջողութիւնը դուրս է կասկածէ։

Բայց ինչ որ զգետնեց նոյնիսկ լաւ օրերու Հիւկոն, պատկերի այս անսովոր յորդութիւնը եղաւ: Մարդիկ չեն ներեր հարստութեան այս ցուցադրումը եւ կը հրաժարին հետեւելէ բանաստեղծին, երբ անիկա իր աչքերը կուրցնելու չափ հզօր լոյսեր ունի եւ կը փնտռեն ու փնտռեցին ուրիշներ, որոնք պատկերները մինակ չձգեցին, որոնք պատկերներուն տակը խորհուրդ, կեանք, արիւն դրին։

 

* * *

« Հացին երգը » մեզի գիւղ չի տանիր։ Պէտք ունինք այդ քիչ մը ռամիկ պահանջին:

Ինծի համար հարցր դժնդակ է:

Պիտի ուզէի վրիպած ըլլալ իմ այս վերապահումիս մէջ, որ իբրեւ գեղը ճանչցող գեղացի մը չ՚ուզեր աւելին բանաստեղծէ մը, որ քաղաքներուն պատգամները ու դառն կամ անուշ յուզումները պատմեց, որ ցեղը ոգեկոչելու հզօր ժեսթ ին մէջ գիտցաւ արմուկը ամուր բռնել, որ վերջապէս գիծերու գեղեցկագիտութիւն մը եւ անոնց արդիւնք՝ գեղեցկութեան ինքնատիպ արձան մը կերտեց սերունդներուն խունկին համար:

Պիտի ուզէի վրիպած ըլլալ՝ չգտնելուս համար այդ հատորին խորը անանուն ու անպատմելի այն թելը, որ գեղացիները իրարու կը ճանչցնէ աշխարհին, որ ծայրն ալ ըլլան անոնք, որ Ժիւլ Ռընարը կը մօտեցնէ մեր Թլկատինցիին, եւ որ հարազատ Francis Jammes ի այնքան անկատար ու աղքատ քերթուածներուն կը բերէ անհաւասարելի ու անհասկնալի գեղեցկութիւն։

Վասնզի տակաւին մարդերուն շատ շատը դաշտերուն մէջ կը մեռնին: Վասնզի քաղաքներուն աղմուկին ու խորութիւններուն քով անպարագրելի է լռութիւնը, որ քնացող արտերէն կը ծորի։ Վասնզի գեղացի տղայ մը ողբերգական է յաճախ աւելի քան հելլէն աստուածները եւ խորհո՛ւրդը, որ ժամի պէս կը լեցնէ գեղերուն փողոցները, եւ անոնց տուներուն գետինները շատ անգամ կ՚ակօսուին արցունքներուն ամէնէն ուժովը եւ փայլակներուն ամէնէն շքեղովը։

Կայ այդ գրականութիւնը, ու շատ աւելի մեծ է ան, երբ մօտեցողը սովորական ու ընթացիկ տաղանդէն դուրսը, ոճէն ու թեքնիքէն զատ հանճարին ջահովը կը քալէ անկէ։

Ու այն ատեն բոլոր այդ գեղեցիկ պատկերները պիտի դադրին նկարներ միայն մնալէ։ Ու այն ատեն կալերուն վրայ միայն ոսկի տեսնելու տեղ, թերեւս ամբողջ խորհրդերգութիւն մը պիտի պատարագուի մեր աչքերուն առջեւ։

 

1922