Գիրքերու քովն ի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՔՈՎՆ Ի ՎԵՐ

Սփիւռքի իմացական վաստակին մէջ, ատեն մը, տխրօրէն ուշագրաւ է եղած աստիճանական նահանջը՝ դէպի միջակութիւն կամ եսակեդրոն նարկիսականութիւն մը՝ այն սեռի, որ մերձաւոր մեր անցեալին մաքրագոյն փառքն էր կազմեր։ Անիկա արեւմտահայ քերթողութիւնն էր։ Մշակները կամ ընթերցողը չէ, որ պակսած են մեզի։ Մեր հանդէսները միշտ, օրաթերթերը երբեմն լայն տեղ կը շնորհեն աստուածներու բարբառով տողուած կտորներու։ Նոյնիսկ, եղան տարիներ Աղէտէն ասդին, որոնց մէջ մեր իմացական ճիգը ինքզինքը յայտնաբերեց քերթողական տարազով: Ատոնցմէ մէկն է ապահովաբար վերջացող տարին։

Տեղը չէ հոս նրբահիւս ու խուսափուկ տեսութեանց ապաստանիլ, բացատրելու համար քերթողական այն տագնապը, որով կը տառապի Արեւմուտքը ընդհանրապէս, ու խօսիլ անհուն խոնջէնքէն ու սպառումէն, որոնք երկարատեւ պատերազմին շնորհներն են մեր ջիղերուն։ Քառորդ դար երկարաձգուող ուրիշ պատերազմ մը, կանխող դարուն առաջին քառորդին, ծնունդ էր տուած շքեղ քերթողութեան մը, արեւմտեան ազգերուն գերագոյն բանաստեղծները իր ծիրին մէջ համախմբող։ Անունները աւելորդ են։ Մեր ալ մեծագոյն քերթողները անցած են 96էն։

Կար ատեն մը, ոչ-շատ հեռու, երբ քերթուածներու հատորիկ մը, տպուած թուղթ կամ նուաճուած փառասիրութիւն ըլլալէ առաջ, արձագանգ մըն էր շատ մը սրտերու, հեղինակին հետ նույն խռովքներէն հարուածուած կամ նոյն յոյսերով թեւաւոր։ Արուեստին ու անոր հում, այսինքն՝ չմշակուած ձեւին, կեանքին փոխադարձ կամ համանուագ աղերսը դժուար է հերքել։ Այսօ՞ր: Չեմ զբաղիր միջակութիւններով, որոնց պատիժը բաւ է իրենց։ Բայց անո՞ք՝ որոնք քերթողութիւնը նոյնացուցած են իրենց անմիջական, անշրջասփիւռ եսին պաշտամունքին, ու իրենց տաղանդը կը զլանան հաւաքականութիւնները յուզող հարցերուն: Որոնք՝ իրենց կործանած ժողովուրդին դադրած են պատկանելէ, թէեւ կը գրեն անոր լեզուովը։ Ճիշդ այս տպաւորութիւնը առի ես այն քանի մը հատորներէն, որոնց մէջ մեր տղոց տաղանդը կը թուի կանչուած ըլլալ կա՛մ շատ անձնական բաներ միայն պատմելու, կա՛մ խօսելու բաներէ, որոնց պարագրկումը մեր ժողովուրդին տարողութիւնը կ՚անցնի։ Անշուշտ արուեստը անձնական է ամէն բանէ առաջ: Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ անձերը ունին միշտ տեսակարար կշիռ մը ու պէտք է թելադրեն, իրենց մասնակի իմաստին քով, հաւաքական զգայնության որոշ քոլորի ։ Այսպէս, ամէնէն անձնական տաղարանը մեր քնարերգութեան, Պ. Դուրեանի հատորիկը խորագոյն հաղորդակցութեան փաստ մըն է, ամբողջ սերունդի մը զգայնութիւնը համադրող։ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Մեծարենցի հատորները աշխարհներ են, իրենք իրենց համար, ինչպէս կոթողները մեր խորագոյն զգացմանց: Միւս կողմէն՝ բանաստեղծական երկի մը առանձնութիւն ը, չըսելու համար անանձնութիւն ը ունի այլապէս բարդ իր պատճառները, որոնք լայն վերլուծումներու նիւթ կարող են հայթայթել։ Քառորդ դարը կ՚անցնի այն օրերէն, երբ «Հրաշալի յարութիւն»ը կազմուեցաւ իբր արուեստ ու զգայնութիւն։ Ու անով տաղաւարուած իմացական ու հոգեկան վիճակները դեռ չեն գտած համապատասխան անդրադարձ զանգուածէն ներս։ Այս կարգի մեկուսացումներ արձանագրուած են գրականութեանց պատմութեան մէջ։ Անոնցմով ա՛լ չեմ զբաղիր։

Բայց ինչ որ չեմ ըսեր մտահոգիչ, այլ անսիրելի կը դառնայ մեզմէ շատերուն, մեր նոր քերթողներուն գործին մէջ, ատիկա այն այլամերժ, մերթ արհամարհոտ այլուրութիւնն է ցեղային հոգեբանութենէն, այս բառը ընդարձակելով դէպի լայնագոյն իր իմաստը, ընելու չափ տարազ մը, ուր մուտք ունենար դարերու վրայ մեզ կանգուն պահող կերպը զգալու, մտածելու, ըլլալու: Տարիներ առաջ, անոնցմէ մէկը, իր մէկ փունջովը, « Անջրպետի մը գրաւումը » . Սարաֆեան) դժնդակ փաստ մը կը բերէր այդ արուեստին, ուր՝ արտայայտման նորութիւն ու յանդգնութիւն, զգայնութեան հիւանդոտ ըսուելու չափ սրութիւն ու զայն մերկօրէն տալու նոյնքան յամառ խնամք, ուղեղ ու երեւակայութիւն բոլորը իրարու կ՚աւելնային թելադրելու համար պատկերը անոնց, որ կու գային: Անհայրենիք, անտուն, աներազ, պատրանազերծ՝ այդ եկող ները իրենց ուրացումներովը, կործանումներովը չէ, որ մեզ կը խռովէին ու կը խռովեն դեռ, այլ իրենց հոգիին պարապովը բոլոր այն բաներէն, որոնք մերը, այսինքն՝ զիրենք անմիջապէս կանխողներունը եղեր էին։ Անջրպետներ գրաւել ձգտող սերունդը, բոլոր սե– րունդներուն պէս, ունէր իր նորատիպ զէնքերը, փոխաբերութեանց ու պատկերներու մարտկոցները, իր ատելութեանց ու քէներուն, հաշիւներուն ռումբերը մա՛նաւանդ չոր, հատու, յարձակողական, չըսելու համար պողովատիկ ոճը, հասարակաց յատկութիւններ բոլոր այդ տղոց գրուածքին: Բայց չունէր տառապանքը իր մինակութեան, այսինքն՝ չէր զիջաներ ունենալ։

Տարիներ անցան։ Բայց չանցաւ այդ մենապաշտութիւնը, հետզհետէ վերածուելու համար հոգեկան՝ ինչպէս գրական նարկիսականութեան մը։ Մեր շուրջը կամաց–կամաց կը ծանրանայ ամայութիւնը ու մեր քերթողութիւնն ու վէպը մտած են մղձաւանջային նոր մութի մը մէջ։

Այսօր, բոլորովին նորեր կը շարունակեն ճիգը։

Պէտք է առանց սակարկութեան արդարութիւն ընել իրենց թեքնիքին, որ ոչինչով պակաս է կանխող սերունդէն գործածուած արուեստէն, իբրեւ ձեւ ու կաղապար, իբրեւ լեզու կամ գրականութիւն: Թերեւս չափը զանցած չեմ ըլլար, երբ իրենց արտայայտութեան եղանակին մէջ տարուիմ գտնելու աւելի փայլ ( lustre ), աւելի կորով, նրբութիւն ու պատկերուն առաքինութիւններ, բոլորն ալ նուէրները շքեղ ոստաններու, ուր այդ տղաքը ստիպուեցան մխրճել արմատները իրենց տաղանդին։ Միւս կողմէն՝ ինչ որ հասարակաց է դարձեալ բոլորին, զգայնութեան այն սեղմութիւնն է, կծծութիւնը, որով անոնց գործը անկարող է լայննալ դէպի հաւաքական իմաստ մը, ըմբռնողութիւն մը, դէպի այն վճռական նկարագիրները վերջապէս, որոնք փախստեայ, ժամանակաւոր տարրերու փաթաթի մը մէջ կալանաւոր, օր մը ազատագրուին պիտի անոնցմէ, վերածուելու համար ցեղին հոգին երեսաւորող անկորուստ գիծերուն։ Ամէն ճշմարիտ արուեստագէտ կնիքին տակն է այս օրէնքին: Պարագայականին, պայմանաւորին գաճը կը թափի ժամանակին անխուսափելի հարուածներէն, երեւան բերելու համար մարմարը, որ զինքը կ՚արհամարհէ։ Դուրեանին ռոմանթիզմը անզանազանելի ըլլալու աստիճան նոյնացած է անոր տաղանդին հետ։ Մեծարենցի rococo ն շատոնց դադրած է կշռելէ իր գործին վրայ։ Երբ ժամանակը քալէ այն հատորներուն վրայէն, որոնք լոյս տեսան անցնող տարիներուն, պիտի խնայէ՞ մաս մը կարկառ անոնց յաւակնութիւններէն, կամ պիտի թողո՞ւ չթաղուած քանի մը փշրանք, որոնք նշխարներու նման խորհրդանշէին սա մեր վերջալուսային օրերը։ Ո՞վ գիտէ։