Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՈՒՏՔԸ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ

1. ԹՈՐԳՈՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԳՈՒՇԱԿԵԱՆ (1874-1939)

ԺԹ. դարու վերջին քառորդը մեր պատմական եւ գրական հասկացողութեան մէջ կը յատկանշուի քանի մը տիրական մտայղացքներով։ Անշուշտ բոլորովին նոր չեն ասոնք։ Բայց մեր յեղափոխական գործունէութիւնը, որուն քանի մը կարկառուն կողմերը վերլուծումի անցան Արփիար Արփիարեանի առիթով, տարբեր նկարագիր ունի մեր պատմութեամբ մեզի դասական դարձած եղանակէն։ Եւ մեր կրօնական զգայնութիւնը, զարթօնքի սերունդին յայտնի գրապաշտութեան իսկ մէջէն, անաղարտ դուրս կու գայ։ Սրուանձտեանցի ազգայնական կրօնքը ու Խրիմեանի նիւթացած եկեղեցին, հայ հողը Պապիկ եւ թոռնիկ ») այնքան հարազատ մտայղացքներ, պիտի վերանորոգուին, ստանալու համար պատշաճ կերպարանք մը, մեր քաղաքական պայմաններուն կարկինովը ձեւուած մեր վզին։ Մեր իրապաշտութիւնը, մեր հայրենապաշտութիւնը իրողութիւններ են, որոնց վրայ հոս չէ որ կ՚անդրադառնամ։ Բայց այս շարժումներուն հետ, քովն ի վեր կայ ուրիշ մըն ալ, բաւարար կերպով չվերլուծուած, վասնզի շարժումին վարիչները չունեցան կեդրոնացեալ գործունէութիւն, երբ անցնող դարու վախճանին իրենց երիտասարդութեան բոլոր փառքովն ու եռանդովը ասպարէզ էին իջած։ Այս գործունէութիւնը իր մէկ գիրքին մէջ պատկերացուցած է Թորգոմ Սրբազան ( Դուրեան Սրբազան ին նուիրուած իր հատորը), առանց ծանրանալու անոր երկու մեծ զսպանակներուն հակամարտ նկարագիրներուն վրայ։ Արմաշականութիւնը իբրեւ իմացական, գրական, կրօնական երեւոյթ, մօտ կէս դար պիտի քալէ, այս ծագումին կնիքովը ու պիտի առնէ տեղին ու ժամանակին համեմատ իւրայատուկ կողմեր, պիտի իրագործէ տարբերակ տիպարներ։ Բայց անձնաւորութիւնը, որուն մէջ այդ երկու սկզբնական ուժերը, Օրմանեանի դրապաշտ վարդապետական ու կարգապահ աշխարհահայեացքը ու Եղիշէ Դուրեանի գեղապաշտ, ծփուն, բանաստեղծական ոգին կը համախառնուին, կազմելու համար ուրիշ տիպար մը. ատիկա Թորգոմ Սրբազանն է ապահովաբար։

Արմաշի շարժումը դատելու եւ հասկնալու համար, այս շեղումը իր ամենէն վերջին շառաւիղին վրայ զայն կեդրոնացնելու, կու գայ գլխաւորաբար այն արարքէն, ոչ անշուշտ այն անարդար, հաստ ու տգեղ վերագրումներուն փաստովը, որոնք Պոլսոյ նշանաւոր այդ պատրիարքին վերջին տասնամեակը թունաւորելու միայն ծառայեցին։ Վարդապետութեան ազատական, հաշտ, քաղցր մասն ալ, որով կը յատկանշուի Դուրեան Սրբազանը իբր իմացական ուժ, հերքուեցաւ այս ազգին մէկ ստուար հատուածէն։ Անոնք որ զինքը վար առին պատրիարքական աթոռէն (Պոլիս), կը հաւատային ազգին օգտակար արարք մը ըլլալ կատարած, ինչպէս ատենին Խրիմեանը նոյն այդ գահէն տապալողները կը սիրէին հաւատալ նոյն այդ արարքին։ Վարդապետութիւնը սակայն անցաւ այդ երկու ձախողանքներէն։ Անցաւ մեր պատմութեան հզօրագոյն ալ աղէտէն։ Ու 1920–էն վերջ Երուսաղէմի մէջ անոր վերափառքը անարժան չէ եթէ ոչ առաւելազանց, գէթ սկզբնական ձգտումներուն։  

Անշուշտ, գրականութեան պատմագիրին առաջին պարտքը համեստութիւնը պիտի ըլլար։ Արմաշականութիւնը ո՛չ չափազանցուած վարդապետութիւն մըն է, ո՛չ ալ ուրացման արժանի փոքր իրագործում մը։ Անոնք, որ այդ ոգիին անդրանիկ մշակները պիտի ըլլային, մարդեր էին, առաւելապէս աշխարհիկ տարրէն, մեր այդ լուսամիտ պահպանողականներէն, որոնք կը կարծէին ըստ բաւականի ճանչնալ իրենց ժողովուրդը, մանաւանդ զայն շրջապատող պայմանները, քաղաքական մարզէ։ Ու անձեր էին, որոշ սկզբունքներով, իտէալներով տոգորուած։ Պերլինի ձախողուածքէն վերջ, մեր հրապարակը պէտք ունէր ուրիշ ոգիով պատրաստուած վարիչներու։ Մեր քաղքենի դասակարգը անկարող էր ըմբռնել երիտասարդութեան կողմ է բանաձեւուած միջոցներուն դերը, օգուտը, արժէքը, կարելիութիւնը։ Կը հեռազգար վտանգը։ Ու այս վտանգին ասեղին տակ էր, որ երեւան եկաւ պահանջքը շարժումին, որ չըլլար յեղափոխական, բայց ըլլար բաւական հայրենասէր, արդիական բարեխառնութեամբ։ Անոր վարիչները ըլլալու էին հոգեւորականները, առնուած մեր գաւառներէն, կրթուած լայնախոհ ու արի սկզբունքներու մէջ։ Իր այս սահմանին մէջ զետեղուած Արմաշականութիւնը կը վերածուի ուղիղ, արդար, զգաստ մտահոգութեան մը։ Անիկա պատրաստելն է մարդեր, որոնք մեր պատմութեան զգայարանքը ունենան բայց չըլլան կատաղի, երկնանուէր միսիոնարներ կամ նեղմիտ, ազդադաւ դաւանամոլներ։ Որոնց բարոյական անձնաւորութիւնը ամուր ու արի պատկառանքի մը մէջէն իջնէ, իր շրջապատին մշտակարօտ, մշտանուազ հոգին ամրապնդէ իր հօտին։ Բայց որոնց իմացական հանդերձանքը ուժը թելադրէ արդի քննադատ մտածողութեան։ Այս կարկառուն գիծերուն ընդմէջէն Արմաշականութիւնը չփոթելի չէ Մխիթարեանութեան հետ։ Թուրքիոյ խեղճ ու պատառ մէկ գիւղին մէջ, մշակոյթի մը պայմաններէն, դիւրութիւններէն, միջոցներէն այլապէս զուրկ այդ կեդրոնէն չափազանցութիւն պիտի ըլլար պահանջներ բանաձեւել, մեր պատմութիւնը, բանասիրութիւնը, գրականութիւնը վերէն վար վերանորոգող հզօր շարժումի մը։ Յետոյ, Վենետիկն ու Վիեննան, քանի մը դարու իրենց գոյութեան, տրամադրելի միջոցներուն առատութեան քիչով ու աւելիով բախտաւոր եղան արդէն։

Այսպէս, վերածուած իր պարզ ու արդար իմաստին, զեղչուելէ վերջ մեր դժբախտութեանց հետեւանք կորանքներուն, որոնք ամէն շարժումի անպայման եւ ընկերանան մեզի պէս հալածուած, հարուածախոց ժողովուրդներու մէջ, պատմութեան անցնելէ առաջ, Արմաշականութիւնը իր արժանաւոր գնահատանքն ու նուիրագործումը չի սակարկեր մեր օրերուն, երբ հոգեւոր իրողութիւնը այնքան չարափոխուած է մէկ կողմէն մոլեռանդներու, միւս կողմէն յուսահատներու յարձակմանց տակ։ Անոր մէջ քաղաքական վրիպանք մը հաստատել, ինչպէս կ՚ընեն մեր ընկերաբան դպրոցները, ու հոգեկան ընկրկում մը կասկածիլ, ինչպէս ջանացին insinuer ընել անորակելի աղանդաւորները, տխուր իրապաշտութեամբ մը (երկինքը իրենց միայն սեպհականելու աղանդաւորութիւնը, որ զանազան անուններով Սփիւռքի հոգին կը պառակտէ). ու տրտում որքան տգեղ երեւոյթներ են։ Ոգի մը, որ մեր գրականութեան նուիրեց միջակէն վեր մէկերկու անուններ, մեր քնարերգութեան՝ քանի մը անմահ գոհարներ, բայց մա՛նաւանդ մեր կրօնական, ուսուցչական, վարչական մեծ կարիքներուն դիմաւոր՝ գեղեցիկ փաղանգ մը զարգացած, արի, մտաւորական եւ հոգեւոր մշակներու, աշխարհիկ որքան սրբազան, որոնք մեր հայրենիքին, եկեղեցիին, դարաւոր աւանդութեանց ու սրբութեանց, մեր ոգեղէն լինելութեան (devenir) պաշտամունքը տարածեցին, ամրացուցին մեր այլապէս նկուն, ուղեկորոյս զանգուածներէն ներս եւ անկումի խիստ օրերուն ընդդէմ, վերափառք մը բերին մեր հին ուխտերուն (վանական դպրոցներուն)։ Այդ ոգին մեր ընկերային պատմութեան մէջ իր արժանի գնահատումը ունենալուն չափ, մեր մտքին պատմութեան մէջ ալ արժանի է աւելի քան պարզ յիշատակումի մը։ Բենեդիկտէնի մը մտայնութեամբ, պատրաստութեամբ, աշխատասիրութեամբ ու գործօն, որքան գործնական բնազդներով գլուխէ մը, որպիսին էր Օրմանեան Սրբազան, ու խորունկ զգայնութեամբ բանաստեղծէ մը, ինչպէս նաեւ իմացական ամէն երեւոյթի հանդէպ բաց, թրթռուն, թափանցող ու մեծ շնորհներով օժտուած խառնուածքէ մը, որպիսին էր Դուրեան Սրբազան, շարժումին սկզբնածագ երկու զսպանակները մեր գրականութիւնը անկասկած շահած է անմոռանալի անուններ ու գործեր։

Գրականութեան հանդէպ ընկալուչ, զայն քաջալերելու մէջ արդէն լայն տեսակէտներու սպասարկու, մտածման արարքին համար խորունկ նախասիրութեամբ ու այդ արարքը գործնական նպատակներու ենթարկող իմաստուն ողջմտութեամբ զինաւոր, զգաստ հայրենասիրութեամբ, որքան խոհական թռիչքի հաւասարապէս հաղորդ սա ոգիին ամենէն յաջողակ համադրումը, ինծի կու գայ թէ սխալ պիտի չըլլար հաստատել անձին մէջը Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան նորոգ հանգուցեալ գահակալին։ Իր երկու վարդապետներուն չեմ ըսեր ներհակ, բայց որոշապէս «իրարմէ այլայլած հոգին սկիզբէն իսկ կը տեսնենք Թորգոմ Սրբազանի բովանդակ գործունէութեան մէջ»։ Անոնց ակօսովը։ Անշուշտ։ Բայց մանաւանդ անոնցմէ վերջ, երբ Սփիւռքի մէջ յուսահատութեան complexe–ը մեզ ըրած էր աւելի քան թշուառ։ Ան կը փակէ իր աչքերը, մտքի ու գործի մարզերուն վրայ արի, հաւատաւոր ու զգաստ զօրականի մը նման, « Բարւոք պատերազմը պատերազմելէ ետք »։

Անիկա Արմաշականութեան լրիւ արտայայտութիւնն է։