Ա.
[ՄԱՐԴԸ,
ԽՄԲԱԳԻՐԸ,
ԳՐՈՂԸ]
Չեմ
գիտեր
կա՞յ,
անհրաժեշտութիւն
մը
Գեղամ
Բարսեղեանի
գրական
վաստակը
ջոկելու
որոշ
բաժինները,
որոնք
տառացի
ըսուելու
չափի
հարազատ
անդրադարձն
են
սակայն,
անոր
գործօն
կեանքի
կարճ
շրջանին
մէջ,
նոյնքան
որոշ
պայմաններու։
Անոնք,
որ
աչքէ
կ՚անցընեն
քիչ-շատ
արտայայտիչ
հաւաքածոն
Նահատակ
Գրագէտներու
Բարեկամներու
ջանքովը
լոյս
տեսած,
կ՚այցուին
հակընդդէմ
տպաւորութիւններէ։
1909–ը
սահմանագիծ
մըն
է
այս
գործին
մէջ
երեւցող
կտորները
իրարու
եթէ
ոչ
հակադրող,
գէթ
իրարմէ
բաժնող։
Ընթերցումին
խորացումը
տակաւ
կը
յստակէ
այս
անդրանիկ
զգայութիւնները։
Մինչեւ
թուրքերու
սահմանադրութիւնը
(1908),
ան
պոլսեցի
խմբագիր
մըն
է
[1],
1900–ի
մարդոց
հասարակաց
յատկանիշներով,
նուազ՝
անոնք,
որոնք
խմբագրելը
կ՚ընէին
տրտում
սպասարկու
անձնական
փառասիրութեան,
մեծ-մեծ
ջարդելու,
պատգամներ
որոտալու
ու
երբեմն
ալ
գրական
շանթաժի։
Գեղամ
Բարսեղեան
հանդէս
մը
վարել
մտքէն
պիտի
չանցընէր
այդ
թուականէն
առաջ։
Երկու
այդ
շրջաններէն
առաջինը
կը
բացուի
այս
դարու
սկիզբէն,
երբ
«Սուրհանդակ»
(1900)
օրաթերթին
մէջէն
իր
մուտքը
կ՚ընէ
արեւմտահայ
գրականութեան
սպասին,
մեր
բոլոր
գրողներուն
նման,
խմբագիրներուն
ճամբովը։
Տասնեօթը
տարեկան
այդ
պատանեակը
(երեսունին
հազիւ
պատանի
մը
կրցեր
էր
ըլլալ),
առանց
կանոնաւոր
ուսման,
նոյնիսկ
նախակրթութեան
մը
ամուր
բարիքին,
մեր
օրերուն
հաւանաբար
ելեկտրական
հաստատութիւն
մը,
շատ–շատ
կարաժ
մը
պիտի
վազէր
ու
խելքը
պիտի
վաճառէր
մեքենային։
Այն
օրերուն
խմբագրատունը,
աւելի
համեստ՝
գրավաճառատունը
կը
մնային
«մռայլ
խորհուրդ
մը»,
անբացատրելի
ձգողութեամբ
մը,
իրեն
համար,
ինչպէս
կը
սիրէր
պատկերել
ինծի
իր
այդ
կանխատրամադիր
վիճակը
միտքի
սպասին։
Ատկէ
առա՞ջ։
Այսինքն՝
տագնապի
տարիներուն,
երբ
մեր
մարմինը
դանդաղ
բան
մըն
է
տակաւին,
կեանքի
փոթորիկներուն
դիմանալու
համար
չափազանց
թոյլ,
անոսկոր։
Լսեր
էի,
որ
տասնհինգը
անոր
անցել
էր
փերեզակի
խանութէ
մը
ներս,
անշուշտ
հօրը
քով,
որ
իր
հօրմէն
ժառանգած
էր
այդ
բոյնը:
Իր
գործին
մէջ
որոշ
էջեր,
գործարաններու,
պզտիկներու
կեանքէն
ինկած
են
անոր
անգիտակցութեանը
մէջ
դեռ
այդ
օրերէն։
Ասով
ան
չէր
նմաներ
մեր
գրողներուն,
որոնք
վարդապետութեամբ
կ՚իյնան
գրականութեան,
ու
կը
նման
էր
այն
հազարաւոր
տղոց,
քաղաքներէ,
որոնք
գլուխնին
կը
զարնեն
դռնէ
դուռ
գործ
մը,
աշխատանք
մը,
հային
գինը
ճարելու,
միշտ
ապառիկ
յոյսերով
ճամբու
դրուած,
մինչեւ
որ
ստահակ
մը
կամ
ծառայ
դառնան։
Գեղամ
Բարսեղեան
պիտի
մտնէր
մեր
մամուլին
ծառայութեան։
Տարիներ,
մինչեւ
1909–ը,
անոր
ստորագրութիւնը
ցանցառակի
պիտի
գտնէք
Ճիվէլէկեանի
թերթին
մէջ
(«Սուրհանդակ»),
բայց
աշխատանքի
ամբողջ
ժամերը
անստորագիր
վատնուած՝
թերթը
լեցնելու։
Յետոյ
պիտի
անցնի
Գայսէրլեանին
(«Մանզումէ»),
անկէ
ալ
Քէչեանին
(«Բիւզանդիոն»)։
Խմբագիրներու
սա
անունները
ձրի
լիւքս
մը
չեն
սա
տողերուն։
Անոնք,
մա՛նաւանդ
վերջին
երկուքը,
խորհրդանիշ
կոչուելու
արժանի
համադրութիւններ
են,
նուիրուած
մեծագործութեան
վերածուելու
չափ
այլամերժ
աշխատանքի։
Դպրոց
մըն
էր
առանձին
Բիւզանդ
Քէչեանը,
իր
օրինակովն
ու
նուաճած
վարկովը։
Ուրիշ
դպրոց՝
«Մանզումէ»ի
անանուանելի
տէրն
ու
տնօրէնը,
որ
հայերէն
թերթ
կը
վարէր,
առանց
մեր
լեզուն
խօսիլ
իսկ
կարենալու։
Ասոնց
թերթերուն
ընդերքին
մէջն
է,
որ
Գեղամ
Բարսեղեան
պիտի
արժանանայ
խմբագրական
մասնագիտութեան,
որ
համազօր
է
Արփիարեանի
«Ոսկի
ապարանջան»ին։
Սեւ
աշխատանքը,
բծախնդրօրէն
կանոնաւոր,
ատոք,
անողոք,
մեքենական։
Չն
լայննար
դէպի
խնդրական
համադրումներ,
հետեւութիւններ։
Գեղամի
մէջ
աշխատանքին
իրաւութիւնը,
լրջութիւնը,
խոր
տեւողութիւնը
փաստեր
են,
որոնցմէ
այնքան
ամուր
էին
եղեր
իմ
տպաւորութիւնները։
Աւելի
վերջը,
«Ազատամարտ»ի
աւագորեարին
անպէտ
շքախումբին
մէջ,
միս-մինակը
թերթը
լոյս
ընծայող։
Աւելցուցէ՛ք
1900–ի
մասնաւոր
ալ
պայմանները
ըսել
կուզեմ
յեղափոխական
ահաւոր
սպասը,
Պոլսոյ
մէջ
այնքան
հսկուած,
անկարելի
ըսուելու
չափ
դժուար,
ասպարէզին
տրտում
մեքենականութիւնները,
մանաւանդ
գրական
փառասիրութեանց
հնհնուքը,
դուք
կ՚ունենաք
առաջին
Գեղամը։
Այս
տղուն
անդրադարձն
են
իր
բոլոր
այն
կտորները,
որոնք
գրուած
են
1909–էն
առաջ։
Երկրորդ
Գեղամը
հինգ-վեց
տարիներու
շրջանին
երիտասարդն
է,
յատակին
մէջ
անփոփոխ
գործունէութեամբ
մը,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
սեւ
աշխատանքի
նոյն
աննահանջ
զինուորը,
բայց
որուն
ապրումները
այնօրէն
գունաւորուած
եղան
շրջանին
խորագոյն
յոյզերովը։
Չեմ
պատմեր
այդ
տարօրինակ
տարրը,
անգամ
մըն
ալ՝
ընթերցողը
կրնայ
տրուածին
վրայ
աւելցնել
կուսակցական
անարգել,
յիմար,
տենդագին
գործունէութեան
մը
տառապանքը,
զոր
պիտի
չուշանար
դատել,
այնքան
համբերատար
ու
ինքնասոյզ
բանուոր,
տաժանագին
զգացումներով,
«անգործ»
կամ
իրենց
համար
գործ
«լաստակերտող»
նորօրինակ
ասպետներուն
դիմաց,
փառքով,
պարարումով
ու
որոշ
ալ
արհամարհանքով
ընդելոյզ։
Ո՛չ
միայն
ուրեմն
խմբագրապետ։
Ո՛չ
միայն
սպայակոյտը
կուսակցութեան։
Երեւան
էին
եկած
սանկ
ու
նանկ
մարդեր,
ո՛չ
գրիչ,
ո՛չ
ալ
հրացան
բռնած,
որոնց
հարուստ
էին
միջոցները,
թերթին
կռնակէն
ապրելու,
ապրեցնելու
տուն
ու
կնիկ,
երբեմնի
հոմանիշ,
միշտ
լաւագոյն
զգեստներով,
որոնք
այնքան
ծանր
կը
կշռէին
Գեղամին,
միշտ
«առանց
մատերնին
մոխիրին
թաթխելու»,
բանախօսութենէ
բանախօսութիւն,
ակումբ-
ակումբ
թռչելով,
պաշտօնական
«փողկապը»
դրօշակ
ըրած։
Մեծ
մասը
Եւրոպայէն
Պոլիս
թափած,
իրենց
դասախօսներուն
անունները
միայն
լսած
ու
զանոնք
պոռալու
մէջ
դնելով
բարձր
ալ
հպարտութիւն։
Գեղամ
կը
տառապէր։
Գլխուն
գնովը
կատարուած
սպասը
աժան
շանթաժ
մըն
էր
հիմա,
ամենէն
անարժաններուն
հասողութեանը
իջած։
Չկրցայ
զինքը
արգելել
իր
Եւրոպայէն
սակայն։
Զինուորութենէ
փախուստը
պատրուակ
մըն
էր
միայն։
Հոն,
ան
կանչուած
էր
ապրելու
թերեւս
ամենէն
ահաւոր
յուսախաբութիւնը։
Կը
գուշակէի
իր
անճարակութիւնը
օտարութեան
մէջ։
Պատռտա՞ծ,
երեսին
կաշին
պատռա՞ծ։
Առնուազն
թափանցումի
անընդունակ
այդ
երիտասարդը
ունեցաւ
յուսահատութեան
օրեր։
Իր
Փարիզը
կրկնութիւնն
էր
մեր
իրապաշտներու
Փարիզին,
բայց
աւելի
ինքնապաշտ,
դէպի
պատերազմ
իր
մղձաւանջին
մէջ
աւելի
այլամերժ
ու
օտարատեաց…
Բաշալեանի,
Չօպանեանի,
Օտեանի
հեղինակութիւննե՞րը։
Եւ
սակայն
Գեղամ
Բարսեղեան
տկլոր
պոլսեցի
մըն
էր։
Չունէր
ո՛չ
Չօպանեանի
toupet–ն
եւ
ո՛չ
ալ
Պարթեւանի
իշխանազուն
ձեւերը,
մանաւանդ
արքենի
մարմինը։
Այդ
բոլորին
մէջ
անպէտ՝
սեւ
աշխատանքի
իր
մասնագիտութիւնը։
Ու
ան
անհաղորդ
էր
դարձեալ
կախարդական
գիտութեան
«Ոչ
միայն
հացիւ
կեցցէ
մարդ»։
Անշուշտ
արձանները,
մեծ
պուլվարներու
ստուերակուռ
թախծութենէն
սեւցած,
այդ
ա՛լ
քարացած
քաղաքացիները
օրինակ
չէին
ծառայեր։
Պէտք
պիտի
ըլլար,
գոնէ
քանի
մը
օրուան
համար,
անօթի
պտըտցնել
Գալիլիացի
սակաւապէտ
Ռապպին,
Շանզէլիզէի
պողոտային
վրայ,
որպէսզի
ըլլար
ստիպուած
նուազ
միամիտ
դառնալու,
զինքը
մտիկ
ընողներու
նկատառման
մէջ
ու
հերքել
իր
նշանաւոր
պատգամը,
հասկնալի՝
Յուդայաստանի
խեղճ
ու
պատառ
հովտակներուն
ներսը,
ուր
առնուազն
չոր
քարը
առատ
է
ուտելու
համար։
Ունէի
իր
նամակը,
ուր
կը
խօսէր
գիշերներէն,
այնքան
տարբեր
քսան
մը
տարի
առաջ
Լեւոն
Բաշալեանի
կողմ
է
համբաւաւոր
նկարագրութենէ
մը,
արձանացած
«Փարիզի
գիշերներ»էն։
Ո՛չ
միայն
գրողները
փոխուած
էին,
այլ
թերեւս
ինքը
քաղաքը
փոխված
էր
իր
գիշերները։
Քառորդ
դար
յետոյ
Գեղամէն,
այդ
գիշերները
ես
տեսայ,
լոյսերու
խաղին
մէջ
այնքան
մռայլ,
այնքան
հասարակ
ու
թշուառ…։
Քաղաքակրթութեան
այդ
բարձրագոյն
ոստանին
մէջ
ութը–տասը
իր
ամիսները
Գեղամը
սրբացուցին։
Ոսկեզօծ
այդ
տառապանքը
հարիւր
անգամ
աւելի
նուաստ
կ՚ընէր
իր
հոգին
բան
Պոլիսը,
որ
թուրքին
բոլոր
թրքութեանը
հակառակ
տաքուկ
գիշերներ
ունէր։
Դարձին,
ան
իրաւ,
անդարման
կերպով
տրտում,
գրեթէ
մահուան
համար
հասունցած
մարդ
մըն
էր։
Սորվեր
էր
շատ,
շա՜տ
բան։
Ու
աւարտական
թեզ
մըն
էր
բերնին
վրայ,
ինչ
որ
Պոլիս
իր
աչքերուն
տարօրինակ
«քմայքն
էր
բախտին»։
Գիտէր,
թէ
տաղանդ,
պարկեշտութիւն,
իրաւութիւնը,
ճակտի
քրտինք
ու
իր
գինը՝
ցամաք
հացը,
նոյնիսկ
աշխատանքը,
իր
բոլոր
սեւ
ու
հաստ
կերպարանքներուն
տակ,
անզօր
էին
հակակշռելու
թեթեւ,
սպրիկ,
յիմար
առաքինութիւններ,
չամչնալը,
օրինակի
համար,
սուտը,
ուրիշներուն
հաճոյանալու
հազար
ու
մէկ
փոքրութիւնները,
նոյնիսկ
այն
պարագային,
երբ
իյնայիր
անոնց
ճամբուն։
Պոլիսէն
իր
տարած
դրամագլուխը,
որ
կը
բաղկանար
հաւատքէ՝
արուեստի,
գեղեցկութեան,
իմացականութեան
արժէքներուն
վրայ,
ան
սպառել
էր
դեռ
առաջին
շաբաթներուն։
Ինծի
գրուած
նամակի
մը
մէջ
«տկլոր
բնակիչներ
են
այդ
բառերը
Հայկազեան
բառարանին»
կ՚որակէ
այդ
ամէնը,
որոնց
շուրջը
մենք
ժամերով
շունչ
կը
սպառէինք...
։
Տեսեր
էր,
թէ
պուլվարներուն
վրայ
ժամ
մը
ոտքի
վայելքը
կ՚արժէր
առնուազն
գործարանի
տասը
ժամ
քրտինք,
նստուկը՝
շաբթուան
մը
աշխատանք,
կամ
աւելի
անասելի
տրտմութիւն,
գինը՝
չծախուելիք
բաներու...
կնկան,
աղջիկի...
։
Արուե՞ստը։
Անշուշտ
հոն
էին
պալատները
ու
իրենց
ցուրտ
զարդեղէնը,
հինցած,
անկարելի
մարդկութեան
մը
ունայնամտութենէն,
անասնութենէն
պատմող
կտաւներուն
վրայ
իրենց
մեղքերը
ոսկեզօծող։
Հոն
էին
թաքթաքուր
սենեակները,
արքայական
շնացումներու
պաշտպան
սանդուխներով,
մուտքերով
եւ
անտես
ելքերով։
Հո՜ն
էին
գիրքերն
ալ,
Գեղամի
սիրելիները,
որոնք
անցագիր
կը
ծառայէին
իրար
խաբող
զոյգերու։
Իր
դառնութիւնը,
այդ
Փարիզէն
դարձին,
իր
բառերուն
կու
տար
անհուն
իրաւութիւն։
Քիչ
խօսող
այդ
պատանին,
այդ
տեսարաններուն
կսկիծին
մէջ,
եղեր
էր
պերճաբան
պարսաւազէնք
մը։
Կը
ճօճէր
գլուխը,
այսինքն՝
կ՚իյնային
մազերը
երեսին։
Կը
լռէր,
շատ
ըսած
ըլլալու
տարտամ
վախով
մը։
Փղշտացիին
յաճախանքը։
Պարզ
էր
իր
արհամարհանքն
ալ
հոն
տրուած
ուսումին,
ինչպէս
պարզ
էր
նոյն
այդ
տրամադրութիւնը
այդ
ներկ
ու
փոշի,
մանաւանդ
անմարդկային
արուեստին,
ոչ–իրաւ
այն
ձգտումին,
պրկումին,
տենդին
վրայ,
որոնք
դուրսէն
հրուած
զարկեր
կը
թուէին
հսկայ
քաղաքին
կենսական
ամենէն
խորունկ
կեդրոններուն։
Պոռնիկ
քաղաքն
էր
անիկա։
Ու
չէի
զարմանար։
Բայց
մանաւանդ
սուտ
քաղաք։
Գեղամ
Բարսեղեան
երջանիկ
էր
սակայն,
իր
տպաւորութիւնները
կու
գային
իրաւ,
տառապող
մարդերէ։
Առաջին
մեծ
պատերազմին
կանխող
քանի
մը
տարիներուն,
շուայտութեան
այդ
կեդրոնին
մէջ
Տիրոջը
սարսափը
լրջութիւն,
առնուազն
զգաստութիւն
կը
թելադրէր։
Գերմանները
մռայլ
մղձաւանջն
էին
այդ
ցոփութեան
վերեւ…
–
Դուն
ալ
պէտք
է
տեսնես
այդ
ամէնը,
–
կ՚ըսէր
ինծի
աչքերը
փակելով,
–
անպայման
կը
փոխուիս։
Այդ
մարգարէութիւնը
պիտի
կատարուէր
այդ
օրերէն
քառորդ
դար
վերջը
իմ
մասին
[2]
։
Սիրտ
չունիմ
իր
պատրանաթափութիւնը
մեծացնելու,
գլխաւորաբար
այն
պատճառով,
որ
հիմա
ամբողջ
աշխարհ
իր
պատմութեան
պատրանքովը
խեղդուելու
չափ
լեցուած
էր
արդէն։
Ու
պատերազմին
վայրագութենէն
աւելի,
զայն
քնարերգող
յիմարութիւնը
խենթեցնող
ըլլալէ
անդին
անցած
էր
շատոնց։
Թերեւս
բարիք
մը
պիտի
ըլլար
պարտուած
մարդկութեան
համար
կործանել
ինքզինքը,
ըսել
կ՚ուզեմ
բոլոր
այն
արժէքները,
որոնցմով
հպարտ
ըլլալ
կը
յաւակնէր
առնուազն
երեք
հազար
տարիէ
ի
վեր։
Այն
ատեն
ջնջումովը
սա
թշուառութեան
ազդակներուն
–
միտք,
տաղանդ,
սիրտ,
բարոյական
զգացողութիւն,
առնուազն
մարդկային
արժանապատուութիւն
–
փարատած
պիտի
ըլլայինք
մեր
ողբերգութիւնը։
Ես
կ՚ողբամ
իմ
ժողովուրդը,
որ
չարիքի
ուժերը
կոտորեցին
սպառսպուռ:
Ատիկա
իրենց
իրաւունքն
էր։
Բայց
ինչ
որ
գտայ՝
անհուն
պատրանք
մը
նորէն։
Ատիկա
ալ
այդ
արարքը
որակելու,
դատելու
ճիւաղութիւնն
էր։
Քաղաքակիրթ
աշխարհը
խաղաղութեամբ
մարսեց
մէկ
ու
կէս
միլիոն
անմեղներու
կոտորածը
ու
արդարացուց,
վաւերագրեց
ՈՃԻՐԸ։
Այդ
Փարիզն
էր,
որ
ստամոքսը
կու
տար
սա
մարսողութեան։
Որքա՜ն
ծանր
պիտի
քաւէր
քառորդ
դար
յետոյ
անիկա
իր
պետերուն
սա
անորակելի
ստորնութիւնը։
Իմ
ժողովուրդը
երբե՛ք
չէ
զովացած
ուրիշին
դժբախտութեանցը
հովէն։
Կը
գրեմ
այս
տողերը
գրականութեան
մը
պատմութեան
մէջ՝
անոնց
անտեղիութիւնը
քաջ
գիտնալով,
ինչպէս
կ՚ըսեն։
Բայց
գրականութիւնը
մանրապատումներու
զբաղում
մը
չէ։
Անիկա
կեանքն
է,
ու
իմ
ժողովուրդիս
մահուան
գինն
է
ներկայ
քաղաքակրթութեան։
Արդարութեան
ծարաւը
ո՛չ
ռոմանթիզմ
է,
ո՛չ
ալ
տկարութիւն։
Հիմն
իսկ
է
անիկա
ամէն
իրաւ
մշակոյթի։
Դուք
կրնաք
խաղալ
անոր
լրջութեան
հետ,
ծաղրել
անոր
կարօտովը
ապրող
զանգուածները։
Պիտի
գայ
օրը,
ուր
պիտի
քաւէք
այդ
ամբարշտութիւնը։
Ո՞ւր
կը
տարբերի
մարդ
կոչուած
երկոտանին
անտառներու
գիշակերներէն։
Ի՞նչ
բան
կը
բաժնէ
քաղաքակիրթ
որակուած
ժողովուրդները
վագրի
մը
մշակոյթէն,
երբ
պիսակաւոր
իր
թաթերը
անբան
այդ
ուժը
կը
մխրճէ
եղնիկին
փորը…։
Գեղամին
հետ
այդ
ամէնը
չխօսեցայ
անշուշտ,
երբ
իր
ուրուականը,
կտոր–կտոր
իր
գանկը
ափին,
հետեւէր
ինծի
Պանթէոնը,
Լուվրը,
Նոթրը
Տամ
տը
Փարին,
պալատներու
պալատ
Վերսայլը։
Ամէն
երազի
ճակատագիրն
է
աղօտիլ,
իրականութեան
հետ
երբ
կու
գայ
շփումի։
Ո՛չ
մէկ
նախապաշարում,
ո՛չ
մէկ
վախ։
Ու
ո՛չ
մէկ
անուշութիւն,
կամ
յիմար
մեծամտութիւն։
Գիտեմ,
թէ
Լուվրի
պալատին
լռին
ու
երջանիկ
բնակիչները,
այդ
կտաւներուն
վրայ
պառկելէ
առաջ,
կեանքն
էին
հողին
երեսին
ու
ասկէ՝
արուեստագէտին
ջիղերու
ցանցին
վրայ։
Ու
գիտեմ,
աւա՜ղ,
որ
ամենէն
գեղանի
մեռելը
չ՚արժեր
ամենէն
խոնարհ
ապրողին
ջերմ
իրաւութիւնը։
Ատկէ
պատճառը,
որ
չդատեմ
դարերու
հիացմամբ
պսակագեղ
այդ
հրաշակերտները,
որոնք
նման
են
մեր
բոլոր
հրաշակերտներուն,
այսինքն
կ՚արժեն
մեր
անոնց
մէջ
դնել
ուզածին,
դնել
կրցածին
համեմատութեամբը։
Ու
չեն
աւելին։
Զգայութիւններու
անհուն
յոգնութիւն
մը,
սպառում
մըն
է
բոլոր
սալոններուն,
ցուցահանդէսներուն,
փարատներուն
մեզի
տալիք
բարիքը,
ինչպէս
չարիքը։
Պատմութիւնը,
այդ
պէս
հրապարակներու
վրայ
ահաւոր
տգեղութեամբ
արձանակոյտերու
դէզին
մէջէն
ի՜նչ
չարագուշակ
էր
ինծի։
Ու
ի՜նչ
արգահատելի
էին
պալատներու
դարպասներն
ի
վար
կծկտած,
սեւամաղձոտ
արձանները,
գանելի,
որքան
ծիծաղելի։
Ես
տառապեցայ,
անոնց
ալ
հաշւոյն։
Ու
արուեստներու
եւ
գրականութեան
ոստանը
խորունկ
բեկում
մըն
էր
իմ
մէջը։
Փարիզը,
ինչպէս
հաւանաբար
Լոնտոնը,
Հռոմը
ընդարձակ
ու
պատմութեամբ
աղարտուած
ընդարձակ
իրողութիւններ
են։
Զանոնք
նուաճել
փորձել
միտքի,
ոտքի,
աչքի
ճամբաներով
թերեւս
պատճառ
է
սա
հակընդդէմ
զգայութիւններուն։
Իրենք,
փարիզցիները,
իրենց
քաղաքին
բանաստեղծութիւնը
իրենց
գրականութեան
մէջ
ի՜նչ
շքեղ
գեղեցկութիւններու
բարձրացուցած
են։
Ըսի՞
ձեզի,
թէ
ի՛նչ
գտայ
ես
անոր
պարտէզներուն
մէջ։
Ծառ
ու
ծաղի՞կ։
Անշո՛ւշտ,
որոնք
սեւ
կը
թքնէին
սակայն։
Ըսի՞,
թէ
ի՞նչ
էր
իրենց
երկինքը։–
Լուացքի
ջուրի
անհուն
տաշտ
մը,
իմ
գլխուն
վերեւ
շրջուած։
Ամրան
երեք
ամիսներուն
ես
մոռցայ,
թէ
կապոյտ
ըսուած
բան
մը
կար
աշխարհի
երեսին։
Ու
ասիկա
այսպէս
կեանքին
բոլոր
միւս
երեւոյթներուն
համար։
Տուները
–
ոչ
պալատները
–
ճշմարիտ
խղտիկներ
էին,
որոնց
ներսը
արգիլուած
ըլլար
արեւին
մուտքը։
Այցելեցի
մեծահամբաւ
բժշկապետներու
քլինիքը:
Ամէն
կողմ
լոյսին
տեղ
արեւուն՝
ելեկտրական
լամպերը։
Ու
մռայլ,
քաւարանեան
սենեակները
հիւանդանոցներու,
ուր
ծառերն
ալ
կը
թուէին
վարակուած։
Ու
անոնց
տրտմաթախիծ
Սորպոնը,
որ
կը
յիշեցնէր
Արեւելքի
խաները,
բայց
կոյտ
առ
կոյտ։
Դպրոցները,
որոնք
ցուրտ
էին
ամրան
տօթին
հակառակ։
Կը
խորհիմք,
թէ
այս
ամէնը
իրենց
կարգին
կեանքն
են
թերեւս։
Դանդաղօրէն
զգացուած
զգայութիւններ,
ժամանակին
մանր
թափանցումովը
մեր
ներսը
տեղաւորուած,
տարիներ
վերջը
կրնան
իրենց
կարգին
գեղեցկութիւն
մը
դառնալ։
Բայց
այդ
օրէնքը
օրէնք
է
ամենէն
խոնարհ
գիւղակին
համար,
որուն
բնակիչները
իրենց
թրիքոտ
ճամբաները
ո՛չ
մէկ
գնով
պիտի
յօժարէին
փոխել
սա
պուլվարներուն,
ինչպէս
հաստատեցին
ատիկա
իմ
գիւղացիները.
ամէն
մէկը
իր
թաղը,
տունը,
արտը
արցունքով
ոգեկոչելով
Քոնքորտի
հրապարակին
վրայ,
Յաղթութեան
կամարին
ներքեւ...
։
Գեղամ
Բարսեղեան
Փարիզէն
չունի
խորունկ
տպաւորութիւններ։
Այն
էջերը,
որոնք
ստորագրեց
անկէ
դարձին,
գլխաւորաբար
«Մեհեան»
հանդէսին
մէջ,
տարտամ
հետքն
իսկ
չեն
կրեր
սա
մռայլ
զգայութիւններուն,
ըլլալով
երկարաձգուած
արձագանգները
սէմպոլիսթ
վարպետներու
աշկերտութեան
շրջանին
(1900),
քիչ
մը
աւելի
ճարտարանքով,
չըսելու
համար
ջերմութեամբ։
Եւրոպան,
այսպէս
չէզոքացնելէ
վերջ
անոր
էջերուն
վրայ,
ստիպուած
եմ,
սակայն
անոր
ստորագրութիւնը
արժեւորել
աշխատել։
Այս
ուսումնասիրութեան
սկիզբը
անիրական
որակումը
կ՚ընդգրկէ՞
նաեւ
անոր
գրականութիւնը։
Ուրիշ
խօսքով՝
սո՞ւտ
է
ինչ
որ
եկած
է
մեզի
իրմէ։
Պատասխան
մը
ճարելէ
առաջ
այս
հարցականին,
ընթերցողը
կը
հրաւիմ
երկարօրէն
կենալ
1900–ի
վրայ,
ուր
սովորական
տաղանդը
սնոտիքին
թթուին
մէջ
կարծես
կը
լուծուի։
Այն
անունները,
որոնք
շրջանէն
կ՚ազատին,
արեւմտահայ
գրականութեան
մեծագոյն
անուններն
են։
Այդ
ազատագրումը
սուղ
է
նոյն
ատեն։
Մեծարենցին
երե՜ք
չորրորդը
բառակոյտ
է։
Չրաքեանի
«Ներաշխարհ»ը՝
անհասասար
իրագործում։
Սիամանթօն
խաւարման
մէջ,
չեմ
ըսեր
վերջնական,
այլ
առայժմ
ամբողջական։
Վարուժան
տակաւ
կը
պաղի։
Տիկին
Եսայեան
քանի
մը
հատորիկներ
ու
մեծ
քրոնիկ
մը
(«Աւերակներու
մէջ»)
միայն
յաջողած
է
ազատել
այդ
բնութենէն,
Թլկատինցին
եւ
Զարդարեանը
շրջանին
կը
պարտին
իրենց
տկարութիւնները
եւ
իրենց՝
իրենց
յաջողակ
էջերը։
Գեղամ
Բարսեղեան
երկրորդ
գիծի
գրող
մըն
է,
խմբագրութեան
մէջ
հասունցած,
ու
այդ
մանրումին,
յարմարում
էին
(adaptation)
անժխտելի
կնիքովը
վիրաւոր։
Իր
գործին
մէջ
յեղափոխաշունչ
մասը
հիմնական
վրիպանք
մըն
է։
Չեմ
զարմանար։
«Ցայգալոյս»ին
մօտ
մէկ
երրորդը
խարանաւոր
է
արդէն
միեւնոյն
մեղքով։
Երկուքն
ալ
թուղթի
վրայ
յեղափոխականներ
էին։
Ու
մորթային
զգայութեանց
փոխարինումը
կարծեցին
գտնել
բառերուն
պերճանքին,
ֆրազին
կորովին
ու
ոգեկան
ուժին
մէջ։
Արդիւնքը
մէջտեղն
է։
Նոյն
այդ
նիւթեղէնէն,
առանց
արուեստի
տարրական
իսկ
զգայարանքի,
ուրիշներ
կենդանի,
ապրող
էջեր
տուին
մեր
գրականութեան։
Անշուշտ
չի
ներուիր
հոն
գրականութեան
հիմնովին
օտար
գործերու
անունը։
Բայց
միւս
կողմէն
ալ
չի
հերքուիր
այն
իրողութիւնը,
ըստ
որում
մեր
յեղափոխական
շարժումը
ստիպուած
ըլլանք
փնտռել
կրցածնուս
չափ,
գտնել
այն
անճարակ
յուշերուն
մէջ,
որոնք
«Հայրենիք»
(Ամերիկա)
հանդէսին
հաւաքածոները
կ՚ուռեցնեն։
«Կարմիր
ժամուց»ը
դրուագային
աննշանակ
բան
մը
կը
դառնայ,
երբ
դրուի
մօտիկը
մի
ոմն
Մալխասի
ապրումներուն,
որ
բացի
կարդացուելու
առաքինութենէն,
գրականութիւն
չըլլալու
արժանիքն
ալ
ունի
իրեն
հետ։
Անտանելի,
կեղծ,
սուտ
ու
փուտ`
«Տատրագոմի
հարսը»
(Կ.
Զարեան)
Ռուբէնի
յուշերուն
մէջ
գողտրիկ,
սրտառուչ
դրուագ
մըն
է։
Ռուբէն
մտքէն
չէ
անցուցած
գրագէտը:
Գեղամ
Բարսեղեանի
գործին
մէջ
այս
տարականոն
իրողութիւնը
աւելի
է,
քան
պարզ
ընդգծումը։
Թէեւ
խմբագիր,
բայց
զերծ
էր
ասպարէզին
մեծ,
կործանարար
սեթեւեթէն,
շուտիկ
փոքրութիւններէն
[3]
։
Գրագէ՞տ,
այն
ատեն։
Դժուար
է
վճիռը,
եթէ
երբեք
բառին
ետին
պիտի
տեսնենք
ընդարձակ
իր
ժողովուրդին
մէկ
քանի
մեծ
խռովքները,
բարքի
քանի
մը
ընդարձակ
տախտակները,
ամենէն
քիչ
շրջանի
մը
տիրական
մէկ
քանի
զգացումները
նուաճող
բառի
աշխատաւոր
մը
ունինք
նկատի։
Աւելորդ
է
դիտել
տալ,
սա
արարքները
ստուերային
հանգամանքով
մը
հազիւ
զգալի
են
Գեղամէն
մեզի
հասած
էջերուն
մէջ։
Ըսի,
թէ
խմբագրական
իր
ճարտարանքը
սեւ
աշխատանքին
մարտիրոսութիւնն
էր։
Բայց
խմբագիրը
1880–էն
մինչեւ
1914
մեր
իրականութեան
եթէ
երբեք
ճշմարիտ
ուժ
մը
չէր
(էին
այդ
ուժը
Պարոնեան,
Մամուրեան,
Չօպանեան,
Բաշալեան,
Հրանդ
Ասատուր,
Պարթեւեան,
նոյնիսկ
յիմար
Եղիան),
դասակարգ
մըն
էր,
որ
տաղանդն
իր
նիհարութեան
(ի
գրականութեան)
բնատուր
զրկանքը
քառապատիկ
առաւելութիւններով
գիտէր
դիմաւորել։
Լեգէոն
էին
այդ
մարդիկը
մանաւանդ
1900–ին,
կոտրող,
թափող,
պատգամող,
արժէքներ
lancer
ընող
կամ
թաղող։
Իրենց
լրբութիւնը,
բարքերի
տկարութիւնը,
սուտն
ու
փուտը
գիտէին
ներկել
ու
ստեղծել
շփոթութիւն
յաճախ
ընդոտնելու
չափ
վաւերական
տաղանդները։
Քսան–երեսուն
տարի
այս
ժողովուրդը
պատկառանքով
մտիկ
ըրաւ
Բիւզանդ
Քէչեանը,
հանդուրժեց
Երուանդ
Տէր
Անդրէասեանը,
վախցաւ
Արամ
Անտոնեանէն,
խորունկ
մարդ
մը
գտաւ
Յովհաննէս
Ասպետի
մէջ
ու
գանելով
հանդերձ
Ս.
Պարթեւեանի
անձէն,
զայն
չհամարձակեցաւ
դիմակազերծ
ըլլալու
ստիպել։
Անշուշտ
աւելորդ
չեն
սա
նկատումները։
Գեղամ
Բարսեղեան
խմբագիր
մըն
էր։
Ոչ
ոք
գիտէր
սակայն
ատիկա,
բացի
մօտիկ
բարեկամներին,
ինչ
որ
հոմանիշ
է
դարձեալ
մթին,
գաղիացիք
կ՚ըսեն
obscur
բնաւորութեան։
Գրեցի
այս
տողերը,
սա
անկարելի,
անիրական
տղուն
գործին
համար
գոյութեան
արդար
իրաւունք
մը
ճարելու
մտահոգութեամբ։
Ինչպէս
որ
չենք
կրնար
Ն.
Ռուսինեանը,
Նիկողայոս
Զօրայեանը,
Գրիգոր
Օտեանը
մերժել
մեր
գրականութենէն,
գէթ
առայժմ,
նմանապէս
չենք
կրնար
ներս
չառնել
Գեղամ
Բարսեղեանը։
Բոլորին
գործը
անբաւական
կու
գար
այդ
արարքին
համար։
Բայց
յատկանշական
վարդեր
էին։
Գեղամը
անշուշտ
չի
բաղդատուիր
Զարթօնքի
սերունդին
այդ
մեծ
ռահվիրաներուն,
բայց
կ՚արժէինք
իրեն
հաշւոյն։
Խմբագիրներուն
մէջ
ամենէն
իրաւն
էր
ան։