Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ԿՈՂՄԵՐԸ ԻՐ ՏԱՂԱՆԴԻՆ

Գործին տրոհումը կերպով մը տրոհումն է Թլկատինցիի տաղանդին կողմերուն։ Այսպէս.

Անոր մէջ կայ քրոնիկագիր մը, ո՛չ պոլսական եւ ո՛չ ալ դասական առումով։ Չրաքեանի մը, Չէօքիւրեանի մը, Սեւակի մը համար գործածուած՝ այդ վերադիրը կրնամ փոխարինել տպաւորապաշտ (impressioniste) աւելի հարազատ ու ընդարձակ տարազով, որուն տակ զետեղելի են դարձեալ Գ. Զօհրապի « Էջեր ուղեւորի մը օրագրէն »ը, Գ. Օտեանի « Վիսպատ »ը, յիշելու համար քանի մը յատկանշական օրինակներ։ Թլկատինցիի քրոնիկները, ինչպէս դիտել տուի քիչ վերը, ծփուն բաներ են ընդմէջ reportage–ին ու գրական տպաւորութեանց։ Անոնց յատակը կու գայ վաւերական աշխարհէ մը, իրաւ մարդերէ, հարազատ հոգեբանութենէբայց անոնց շէնքը ենթակայ է հեղինակին անձնական տրամադրութեանց, որոնք մշտապէս կը միջամտեն ու տրուածը կ՚ընեն սանկ անվարանելի, այլայլուն պատկերացում մը, եթէ երբեք պատահելի, պատահած իրականութիւններ տեսնել ուզենք անոնց ետին: Բայց որոնց տարողութիւնը շատ աւելի բարձր է, քան թղթակցութեան մը վաւերագրական փառքը։ Ո՛չ ոք, մեր գրողներէն այնքան մնայուն, թանկ նուաճումներ ըրած է մեր բարքերէն, քրոնիկի միջոցաւ, որքան Թլկատինցին։ Այս արդիւնքին առջեւ ես շուտով պիտի ազատագրէի ինքզինքս Արփիարեանի հրապոյրէն, որ անոր քրոնիկները գրական ճշմարիտ վայելքի մը կը վերածէ թէեւ, բայց քիչ բան կը փրկէ, հասարակաց հարստութեան վրայ գումարուելիք։ Դարձեալ, Հրանդի քրոնիկները կը թուին միօրինակ կաղապարներ, լրագրական կնիքով, թէեւ այլապէս ճոխ կեանքի մթերքով, երբ մօտիկը դրուին Թլկատինցիի մշտաշարժ կերպին։ Պատիւ մըն է, գաւառացիի անզարդ այս գրողին համար, լրագրական սեռ մը այսպէս մէկ անգամէն վերածել գրական ճշմարիտ սեռի մը ու իրագործել, մեր պայմաններուն պարտադրանքէն անդին արժէքներու աշխատանք մը, որ անգնահատելի ալ արդիւնքով մը մեզ երախտապարտ է ձգած։ Քրոնիկը գրականութիւն է Թլկատինցիի գրչին տակ։

 

Անոր մէջ կայ վիպող մը, պոլսական ընթացիկ տիպարէն բոլորովին տարբեր։ Երկարաշունչ գործի մը պակասը, այս սեռին մէջ՝ անշուշտ ցաւ մըն է մեզի համար։ Ստոյգ ալ չէ մտքի մէջ նկարագիրը այդ կարգէ գործի մը։ Թլկատինցիին պատմուածքները այնքան քիչ կը պատկանին քաջածանօթ կաղապարին (իրապաշտներուն կերտածը) ու այնքան դժուար իրագործումներ են, որ մարդ կը վարանի զանոնք զատել սանկ քրոնիկէ մը։ Պատմում, աշխարհ, մարդեր, ոգի, միայնութիւն նոյնն են՝ ինչպէս որ կը ներկայանան անոնք քրոնիկներուն մէջ։ Ու երկար ատեն չես կրնար ճշդել, թէ հնարովի՞ (fictif), թէ առօրեայ իրականութիւնն է կտորին նկարագիրը: Յետոյ, մշտապէս այցուած մարդերը խօսեցնելու տիրական պէտք մը` ան երբեմն տրամախօսութեան էջի մը կը վերածէ պատմումը։ Ուրիշ անգամ ուղղակի կ՚օգտագործէ հեքիաթին ազատութիւնը։ Արեւը, ամառը, պարիկներ, ան չի վախնար հերոս ունենալու իր պատմումը առաջ տանելու, ինչպէս մարդերը իրարու հետ խօսքի կը պահէ երբեմն ալ, միշտ պատմումը գործադրելու համար։ Այս ազատութիւնը, կաղապարէ զերծ ըլլալը, քմայքին ու սրամտութեան ապաստանելու հնարքները բարեբախտաբար չեն վտանգեր նիւթը, որ հայ կեանքէն է հայթայթուած, հարազատ ու այսօր անգին, քանի որ ա՛լ չունինք կարելիութիւն այդ կորուստը վերագտնելու:  

Անոր մէջ կայ թատերագիր մը, միշտ նոյն մասնակի, զարտուղի յօրինուածութեամ բ։ Ըսի, թէ իր պատմուածքները տրամախօսուած կտորներ են երբեմն։ Իր երկարաշունչ խաղերը իրենց կարգին ընդարձակ պատմումներ են։ Թատերագիր մը պատահական յաջողուածք մը չէ ոեւէ տաղանդաւոր մարդու մը մէջ երեւան եկող։ Գրական սեռերէն միակն է, ուր մասնաւոր ընդունակութիւնը, ծնունդը տիրական են։ Ստացովին կը նպաստէ այդ շնորհներուն բարեշրջման, կատարելութեան, բայց չի կրնար փոխարինել ընդոծինը։ Մենք, միշտ նկատի ունենալով տաղանդի որոշ քանակ մը, եւ քանքարը, կերպը պիտի գտնենք աշխարհին ու մարդերէն մեր տպաւորութիւնները մեզի համար անձնաւորելու ու պիտի տանք մաս մը բան, որ շահագրգռէր մեզմէ դուրսը: Այդ տալու աշխատանքը կրնայ ստանալ շատ ձեւեր, քերթուած, պատմում, վկայութիւն, բայց երբեք՝ թատերական յօրինում, որ պայմանաւոր է բացառիկ միջոցներով։ Թլկատինցին ունի՞ թատերագիրի խառնուածք։ Այս մասին ո՛չ մէկ կասկած։ Ի՞նչ կ՚արժէ իր թատերական վաստակը։ Պիտի տեսնենք պատասխանը իր տեղին մէջ։

 

Գրական երեք սեռերու վրայ իր կնիքը ամրօրէն դնող այս տաղանդաւոր մարդուն անուղղակի մէկ իրագործումն ալ հայեցի գրականութեան մը յղացքը մարմինի վերածելը պիտի ըլլար։ Չըրաւ գրական քննադատութիւն, ինչպէս չըրին Խրիմեան, Սրուանձտեանց, Հրանդ, Օհան Կարօ, այդ գրականութեան ամենէն հարազատ մշակները։ Բայց խօսքէն անդին անցաւ ան ու գործ դրաւ մէջտեղ։ Այդ գործը կեդրոն մը կը նկատեմ։ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ իրմէ առաջ հայեցի գրականութիւնը տարտամ փափաքներու, անգիտակից ցանկութիւններու, մանաւանդ անվստահ խարխափումներու պատկեր մըն է։ Անոր ամենէն խանդահար մշակներէն Խրիմեան եօթանասունէն վերջ միայն պիտի տար ճշմարիտ գրական նկարագիր ունեցող գործ մը, մինչ իր տաղանդին, ուժին, միջոցներուն լաւագոյնը պիտի վատնուէր գրականութեան հետ գրեթէ անաղերս աշխատանքներու վրայ։ Անոր երկրորդ բազմերախտ բանուորը, Սրուանձտեանց, չէ իսկ իւրացուցած գրականութեան որոշ ըմբռնողութիւն։ Իր վարպետը մուսաները կը դարպասէր փողփողինէջ գրաբարով ու չէր հասկնար, թէ ո՛րքան ծիծաղելի էին իր « Հրաւիրակ »ները։ Ինք չի զգար, թէ աւելի քան ծիծաղելի է « Շուշանն Շաւարշանայ » գրել (թատերական տրամախօսութիւն մը, Վարդանա՜նցը ), երբ գրականութիւնը գեղեցիկ բացագանչութիւններու հանդէս մըն էր իրեն համար։ Թլկատինցին, անոնց ոգիին ժառանգորդ մը եւ հիացող մը, առաջին դէմքն է, որ այդ պղտոր զգայութիւնները պիտի աշխատի բիւրեղացնել ու գրական յղացքը պիտի ազատագրէ թարմատար որոշ տկարութիւններէ։ Անշուշտ իր մօտ ալ անխառն չէ եղած ամէն բան։ Բայց՝ գրականը իրողութիւն է։ Այնպէս որ հայեցի գրականութեան մը յղացքը ամենէն առաջ իր մէջ ունեցող, բայց զայն մարմնաւորելու արարքին մէջ անհրաժեշտ ազատութենէն, միջոցներէն զուրկ այս տաղանդին իրաւունքն է շարժումին մեծագոյն զսպանակը նկատուիլ [1] ։ Ըսի, թէ կեդրոն սիւն էր ան։ Արդարեւ, իրմէ վերջ Զարդարեան, աւելի վերջը Համաստեղ, Օհան Կարօ, Բ. Նուրիկեան պիտի մաքրագործեն յղացքը։ Զարդարեան պիտի տալ մեր պատմումին մէկ–երկու գլուխ–գործոցները, բայց պիտի տառապի անտեղի կարկասականութեամբ մը։ Համաստեղ պիտի փրկէ Մնացորդացը, առանց յաւակնութեան։ Օհան Կարօ պիտի բաժնուի ինք իր մէջ, Փարիզէն վճարելու համար պարտքերուն ամենէն տարտումը, իր քերթուածները։ Նուրիկեան դեռ չէ տիրապետած իր արուեստին։

Այս նկատողութիւնները կը ձգտին ճշդելու տեղը Թլկատինցիի դերին, հայ գրականութեան յեղաշրջումին մէջ։ Երբ, աւելի անդին, յօրինուի անոր գրագէտի դէմքը, ես կը ծանրանամ այս մասնայատուկ կողմերուն վրայ։

 

Շունչը կարճ, բայց խորքով մեծ բանաստեղծ մըն ալ կայ այս մարդուն մէջ։


 



[1]        1900–ին գրաքննութեան արգելքը տարազը հրապարակ դրաւ « Վաղուան գրականութիւն » այսօր անիմաստ, բայց այն օրերուն խորհրդաւոր այդ ձեւով։ Գաառական գրականութեան յղացքին շուրջ բաւարար ընդլայնումի համար տեսնել այս հատորին մէջ, « Ռ. Զարդարեան » ուսումնասիրութեան . Օշական) յառաջաբանը, ուր հանգամանօրէն տրուած են շարժումին մեծ գիծերը, դերակատարները: Թլկատինցրին բաժ ինը ոգիի հարց մըն է։