Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ԳՐԱԳԷՏԸ

Հակառակ անոր, որ մեր գրողներէն շատերուն նման Երուխան թերթ ու հանդէս [1] խմբագրած, պէտք չեմ տեսներ զատ գլուխ բանալ, ուսումնասիրելու համար հրապարակագիրը։ Լրագրական լայն գործունէութիւն դիտելի է փոքր ժողովուրդներու մօտ։ Մերը բացառութիւն պիտի չկազմէր։ Ու մեր բոլոր գրողները իրենց տուրքը տուած են այդ պահանջին։ Երուխան մէկն է անոնցմէ, որոնք զուրկ ծնած են հանրային ջիղէ, ինչպէս տարազ է հիմա յատկանշելու համար նոր օրերու մեր սպառազէն տիրացուութիւնը։ Իրականին մէջ ան չի ներկայացներ ո՛չ մէկը այն յարմարութիւններէն, որոնք գրագէտին վրիպանքէն վերջ պատրանք մը կ՚երաշխաւորեն կամ վրիպանքը կ՚ոսկեզօծեն։ Այսպէս էր պարագան Սուրեն Պարթեւեանի, որուն ոճին, գաղափարները ուռեցնելու սաստկութեան մէկ արձագանգը դժուար չէ հաստատել Երուխանի մօտ։ Ներքին ապրումներու, մենաւոր դիտողութեան մարդ, Երուխան միջոցը չունի ինքզինքը արժեւորելու մամուլի աշխարհին վրայ։ Ի՞նչ հեշտագին մթնոլորտ մըն է ատիկա Արփիարեանի, Բաշալեանի համար։ Ու ի՞նչ երջանկութիւն է, հանդէս մը նոյնիսկ Զօհրապի մը համար։ Այս մարդերը իրենց լրացուցիչ մասին մէջ կը զգային իրենք զիրենք, երբ թերթի կամ հանդէսի մը գլուխը կանցնէին։ Երուխանի խառնուածքին լուսանցային նկարագիրը՝ պատճառ է, որ չկարողանայ հագնիլ շարժումը, ուր նետած են զինք միշտ պարագաները։ Հայերէն գրել գիտնալու ընդարձակ մեղքն է արդէն պատասխանատուն մեր գրագէտներու կորուստին։ Ամբոխին հասնելու համար անհրաժեշտ է այն ըլլալ զիջել քիչ մը։ Ու ամբոխը, հոս, պարզուկ զանգուածը չէ համեստ խաւերուն, այլ իմացական բոպիկներու fluide հանդէսը, որոնք կ՚աղմկեն, կ՚ուզեն, կը սպառնան ու կը վարեն իրենց ժամանակը։ Հիմա կուսակցութիւնները ամբողջութեամբ աւազանած են այդ տարրերը։ Այն օրերուն վտանգը զգոյշ կընէր։ Ու լրագրական ամբոխը իր կուռքերը կը լինէր իրեն յատուկ օրէնքներով։ Երուխանի անհաղորդ նկարագիրը իր շուրջը առնուազն կը ստեղծէ անտարբերութիւն։ Ծնունդի սա խօթութիւնը ծանրացած է ուրիշ աւելի ծանր տկարութեամբ մը։ Ան չէ տեսած ուսման կանոնաւոր ընթացք մը։ Ասիկա հասարակաց դժբախտութիւն մըն է արդէն։ Բայց Երուխան հոս ալ կ՚առանձնանայ երբեք չսորվելու իր շքեղ մենագարութեամբը։ Լրագիրը, ան ալ հայ լրագիրը, անոր ուսուցիչն է ինչպէս դպրոցը։ Ու եթե նախասահմանադրական շրջանին անոր վարած թերթերը քիչիկ մը կը յիշեցնեն այժմու մեծամասնական ոգիով լոյս տեսնող աղանդաւոր օրկանները, «Արեւելք»ի իր խմբագրութիւնն ալ նման է այն աշխատանքին, զոր չեն արհամարհած մեր միտքի մշակները, տնտեսական կամ քաղաքական ձեռնարկներու վարիչներուն տրամադրելով իրենց միակ արժանիքը, կանոնաւոր հայերէն գիտնալը։ Միակ լաւ բանը, զոր կարելի ըլլայ ըսել Երուխանի սա վաստակին համար, ոճի որոշ աշխարհ մըն է, չըսելու համար ուժը։ Ան իր մտածումները կը կարծէ պողպատել (ի՜նչ ալ բախտաւոր եղաւ սա բառը), երբ կը չարչարէ զանոնք, մեծ վերադիրներու, ճչան տարազներու վստահելով, մարդերը զարմացնելու ձգտող իր միամտութիւնը վերածելով դպրոցի, Պարթեւեանէն լայնօրէն շահագործուած։ Չէ ծախած անշուշտ իր գրիչը այն դիւրութեամբ, սինիզմով, որ դժբախտութիւնը պիտի ըլլար Պարթեւեանի։ Բայց չէ ալ` ազատագրած անոր անկախութիւնը։ Սնափառութիւն, հացի հարց, քիչ անգամ հաւատք, զսպանակները տուին Երուխանի լրագրական գործունէութեան: Բայց չդատեց ան դաւելու հաճոյքին համար։ Ու ասիկա մեծ բան է արդէն։  


* * *

Երուխանի զգայնութիւնը քիչիկ մը տարբեր է դպրոցին հասարակաց զգայնութենէն, որ թերեւս կանխող սերունդին ռոմանթիզմին հանդէպ հակազդեցական կեցուածք մը կը յայտնաբերէ, քան թէ իրական չորութիւն մը զգացական սարուածէն։ Իրապաշտներուն համար յուզումը վտանգ մը կը թուի, գէթ այն երանգը, որով Պէշիկթաշլեանի, Դուրեանի, Չերազի քերթողութիւնը կը սիրենք այսօր խորհրդանշել։ Երուխան գրեթէ միշտ վրիպած է զգացական պահ մը ստեղծելու, զարգացնելու եւ իր լուծումին տանելու սրբազան պարտքին մէջ։ Խորունկ թշուառութիւն, աղեկտուր տրամներ իր մօտ չեն շահագործուիր, չեն հասնիր մեր զգացումներուն արձագանգին։ Ուղեղայի՞ն մը (ինչպէս է Չրաքեան)։ Բարքերով մտագրաւուած պատմի՞չ մը։ Ո՛չ մին եւ ո՛չ միւսը։ Ան զուրկ է ծնած մեծ արուեստագէտը յայտարարող յուզական առաքինութիւններէն։ Այս հաստատումը չի հերքեր անշուշտ անոր գործին գեղարուեստական տարողութիւնը։ Չեմ կրնար սա չորութիւնը բացատրել ջանալ, վկայութեան կանչելով հանգանակին իրապաշտ հարկադրանքը։ Կամսարական սրտառուչ վիճակներ տուած է մեզի «Վարժապետին աղջիկը»ին մէջ (թէեւ վրիպած է այդ յուզումին տիրապետելու իր բոլոր պատմուածք–պատկերներուն մէջ)։ Մնաց որ Երուխանի աշխարհը ջիղերէ զարնուածներու հանդէս մըն է աւելի շատ է, քան թէ կանոնաւոր զգայնութեամբ մարդոց շրջանակ մը։ Իր պատմուածքներուն տիպարները, մեծ մասամբ détraqué–ներ, ընդունակ գետիններ էին հոգեկան որոշ խորաչափումները, որոնք չեն կատարուած։ «Ձուկին փոխարէն»ը ճարտար խնամքներով սքողուն, վերջին էջին վրայ ինքզինքը թափող, տարազագործուած (industrialisé) յուզում մը կը հաղորդէ մեզի։ «Հարազատ որդի»ն իր վերջաբանին մէջ մեզ հաղորդ կ՚ընէ միայն մէկ անգամ՝, այդ ընդարձակ վիպակին մէջ, զգացական որոշ խռովքի մը։

Զօհրապ, Արփիարեան, Բաշալեան դրական դաւանանքի սիրոյն կը տեսնեն, կը ղեկավարեն իրենց զգայարանքներուն տուրքերը, միշտ երկրորդ, երրորդ փլաններուն մէջ խարսխած պատելով այդ տարրերուն արմատները։ Երուխան զերծ եղաւ նման մտահոգութիւններէ։ Արուեստի հանգանակները երբեմն անուշիկ վկայականներ են անուշիկ անկարողութեանց։ Իրեն համար ամէն բան ըսելը ջրհանկիրի անկեղծութեան վայել արարք մըն է։ Ասով իր իրապաշտութիւնը բոլորովին կը զատուի գիտուն, նրբացած, նազելաճեմ սեթեւեթէն, ուր կը գտնենք այսօր ընկղմած Լ. Բաշալեանի մը Փարիզեան, Միջերկրականեան պատկերները։ Երուխան իր կոշտութենէն, յանդգնութենէն իրեն արժանիքներ կը յաւակնի հայթայթել մէկ կողմէն, երբ իր մարդերը կը խօսեցնէ աննկարագրելի գոհունակութեամբ, կեանքին մօտ կենալու թաքուն հպարտութենէ մը պաշտպանուած, մինչ միւս կողմէն անհանդուրժելի գրականութեամբ մը անդադար կը խաթարէ իր վերլուծումները, մանաւանդ արտաքնայարդար խմբագրականները, զանոնք յօրինելով հեշտախորհուրդ խնամքով, առանց կասկածելու, թէ շրջուած ռոմանթիզմին իր դարպասը կ՚ընէ անգիտակցաբար։ Առնել փերեզակի մը, կուզի մը, ստահակի մը, բերացի կնիկի մը, լուացարարուհիի մը մարմինները ու դպրոցական տղու մը պէս, տոտիկ–տոտիկ, շինել անոր մասերը, ասիկա տարօրէն կը յիշեցնէ Եղիայի մը, Չերազի մը, Պէրպէրեանի մը, Թերզեանի մը, Պէշիկթաշլեանի մը օդանկար, երկնանկար սնոտիքը, մայիսները։ Զգայնութեան ի՞նչ սարուածէ կը բխին այդ էջեր գրաւող գոյները, որոնք «Ամիրային աղջիկը» գիրքը կընեն այնքան ծանրաբեռն, մանաւանդ երբ ներքին ապրումներու սպասին են կանչուած։ Չունիմ պատասխան։ Չեմ կրնար էջի պայքար (զայն լեցնելու) որակել այդ ամէնը։ Այն ատե՞ն։ Հոս է առեղծուածը արդէն։ Դաժան է Երուխանի զգայնութիւնը, հասկանալի պատճառներով։ Գրագէտի մը տրամադրուած կեանքի պայմանները օդային բառեր չեն ու կը թափանցեն անոր անձին, ինչպէս ասոր ծորումներուն արուեստի ելած գործերու ալ նեարդներուն։ Ու մենք գիտենք, թէ ի՛նչ տուինք Երուխանին։ Իր գործին մէջ իր անգթութիւնը առաջին ակնարկով կը զարմացնէ, բայց չէ անլուծելի։ Անշուշտ վրէժխնդրական խեղճ արարք մը չէ իր հսկայ սաթիրը («Ամիրային աղջիկը»), որուն մէջ մարդերը տարուած են ծաղրանկարէն ալ անդին։ Կը զգաս, որ այդ վէպին թելադրիչ ուժը կերպով մը իր սնունդը կ՚առնէ իրապաշտներուն արդար սրամտութենէն ընդդէմ շահագործող, էֆէնտի, ամիրայ դասակարգերուն, բայց չի փրկեր գրագէտին անբաւարարութիւնը։ Մեր զրկանքները մեզի կրնան նպաստ մը բերել, երբ մեր գործին մէջ մեր անձը ունինք իբր կեդրոն (քերթողները), բայց կը զառածինք, երբ մեր ակնոցին գոյնով կը մեծամտինք տալ այդ մարդերը [2] ։

Իր տիպարներուն մէկ մասին դէմ սա դաժանութիւնը այսօր չի զարմացներ զիս։

Ինչո՞ւ, իրապաշտներէն շատ վերջը գրուած «Ամիրային աղջիկը», մանաւանդ «Հարազատ որդի»ն, այնքան յայտնի հետեւանքով մը կը սպասարկեն աղտոտին, զզուելիին, գէշ երազանքներու, հեշտախտիկ զգայութեանց, երբ այդ ամէնը պատմութեան կը պատկանին (պարզ anomalie մը չէ այդ պարագան)։ Ինչո՞ւ կիսադարեան բարքերէ՝ քիչ մը բանաստեղծօրէն ոգեկոչուած, բայց երբեք պարկեշտութեամբ նուաճուած լայն տախտակներ տառապին յերիւրուածին, շփացուածին, կեղծուածին, սեւցուածին անծածկելի թելադրաթեամբը, երբ իրեն համար աւելի քան բնական պիտի ըլլար դէպքերուն, մարդերուն դիմաց պարզ, արի պարկեշտութիւն մը։ Ինչո՞ւ իսկապէս հարազատ իր զգայնութիւնը փողոցէն, շուտիկէն, ստահակէն, չարաճճի, զուարթախոտ, պարզուկ տղոցմէն (անոր «Խոնարհները» ուրիշ աշխարհ մը չեն) ան պիտի գործածէ սանթիմանթալ բողոքներու, աժան հայրենասիրութեան («Յուռութքը», «Կաղանդչէքը») ալ հանդէսին։ Ու վերջացնելու համար այս հարցումները, ինչո՞ւ իր վարած թերթերուն մէջ անոր ոճը պիտի հագնի պայմանադրական, չըսելու համար կեղծ լրջութիւնը, իմաստութիւն պատգամողի հանդիսութիւնը, պիտի ըլլայ ճչան, խոշոր, աղմկոտ, երբ ո՛չ մէկ կարիք կար ատոր [3] ։ Միշտ չունիմ համոզիչ պատասխաններ։

Մինչեւ 1896 (ծնած ըլլալով 1870–ին, կ՚ունենանք անդրանիկ երիտասարդութիւնը) Երուխան չազատագրեց իր տաղանդը, որ անդարման կերպով ենթակայ մնաց իրապաշտութեան ամենէն անփառունակ մէկ բռնութեան հասարակին, տգեղին, ներհակադիր շահագործումին։ Մինչեւ 1908–ը ան դարձեալ չազատագրեց իր տաղանդը, միշտ թերթերու գլուխ, բայց միշտ ալ ուրիշներու սպասարկում: Մինչեւ իր մահը (1915), ան անցաւ ճշմարիտ յաջողուածքին շատ մօտէն («Քաւութիւն»ը, «Հարազատ որդի»ն), բայց չնուաճեց։ Ինծի կը մնայ Երուխանի զգայնութիւնը պատասխանատու բռնել գրական իր վրիպանքին։ Ասիկա անարդարութիւն մը չէ։ Ո՛չ ալ միակը կամ առաջինը։ Անմոռանալի է իրմէ աւելի տաղանդաւոր, հզօր ապրումներով եւ հոծ զգայնութեամբ մեծահամբաւ Պարթեւեանը, իր աւելի քան անպարտելի վրիպանքով, պայմաններու նման հանդէսի մը մէջ։

Գրագէտ մը խառնուածք մըն է։ Լաբալիսեան այս ճշմարտութիւնը իմաստ կ՚առնէ արեւմտահայ գրականութեան մէջ հակադիր փաստերով, որոնք առատ են բաւական, հերքելու աստիճան վարկածը։ Ո՞ւր է այդ խառնուածքը մեր մեծանուն քերթողներէն, օրինակի մը համար։ Ալիշանի մէջ։ Ասորը պատասխանը չունին հարիւրաւոր քերթուածները պատկառելի աբբային, ո՛չ ալ «Յուշիկք Հայրենեաց»ները, ուր թացիկ, հալումաշ հայրենասիրութիւնը վերջ ի վերջոյ կասկածելի pontife մը կը դառնայ։ Յետոյ, հեղինակի մը կենդանութեան ատեն, խառնուածքը այնքան ալ ուժգին պաշտպանութիւն մը չերաշխաւորեր այդ հեղինակին գործին, բայց ասոր մահէն ետք անոր գործին մէջ մեր փնտռած, գնահատած ամենէն անմոռանալի, սիրելի արժանիքը կը դառնայ, ու ահա՛ փաստը։ Հակառակ գրագիտական (բառին տուէք դասագրական իմաստ մը) հսկայ զեղծումներու, նոյնիսկ ծիծաղելի մեղքերու, Մ. Պէշիկթաշլեանի տաղերէն մաս մը կը խօսի մեզի, այսօր ալ, թերեւս աւելի սրտառուչ յուզումով, եթէ այդ տաղերուն հեղինակը հրաշքով մը իր դամբանէն վեր առնէր իր դալկահար գլխիկը ու պտտցնէր իր հրդեհ աչուըները շրջավայրին, իր բարեկամներուն, իրենց մազերը «բազմաբուրեան հովերուն» տարածած կոյսերու, եթէ երբեք ասոնք կենային այսօր ալ: Անոնց փոխարէն, իր գործին մէջ կը զգանք զինք ու ասիկա նուէրն է մեզի իր խառնուածքին։ Մեր իմացական շնորհներէն շատ կարեւորներ մեզի հետ, երբեմն մեզմէ առաջ, գերեզման կիջնեն (որքա՜ն շատ է թիւը մեծահամբաւ հեղինակներու, որոնք իբրեւ հանգչած անուն մտան ստուերներու աշխարհը, իրենց փառքը հեքիաթի գետեզրին մերկանալու հարկէն ազատ թեթեւութեամբ մը)։ Երեսուն ու աւելի տարիներ Երուխանի գործը կը զատեն մեր օրերէն։ Ու հարցը կու գայ ինքնաբերաբար մեր շրթներուն. Որքա՛ն բան այդ գործէն, որ մեզի խօսէր այսօր «Առ զեփիւռի Ալեմտաղիի» քերթուածին չափով։ Պէտք չկայ փնտռելու այդ բաժինը Երուխանի խոշոր, ամեհի գոյականներուն (խմբագրականներուն, եւ նկարագրականներուն մէջ), ծանրաթաւալ ածականներուն, տեղական գոյնի ի խնդիր իր գռեհիկ խօսակցութեանց աժան սրամտութեան մէջ։ Այդ մասը հաւանաբար այն անվերծանելի քանակն էր ապրումին, կեանքին դէմ ջիղերը լարելու կերպին, որ մեր բառերով կը թարգմանուի խառնուածք։

Ըսի, թէ շատ պարզ, բայց բուռն կիրքերով տրորուած մարդ մըն էր ան, հազիւ մատով մը վեր իր տիպարներուն իմացական, զգացական, բարոյական բարեխառնութենէն։ Քիչիկ մը բիրտ, տարօրէն պարկեշտ, կեղծիքի, պիտակի, կենցաղական զիջումներու քիչ մը ատակ պոլսեցին, որ հերքումն է այս գիծերուն։ Պոլսեցին, եթէ կ՚ուզէք, բայց անոր ժողովուրդ տարրը, որ իրականութիւն է դարձեալ միւսներուն չափով, ամիրայ, վանական, պետական պաշտօնեայ, Արփիարեանի բառով էֆէնտի: Զուրկ էր անձնական հմայքէ, որ գիծ մըն է դարձեալ ու իր իմաստը կը ստանայ, երբ փոխադրուի գրագէտի մը վրիպանքը հասկնալու դժուարին գործողութեան մէջ։ Չունէ՞ր գիտակցութիւնը իր տաղանդին։ Չե՛մ կարծեր։ Բայց կը տառապէր յայտ արհամարհանքով, որ կը զարնէր այդ տաղանդը հետզհետէ ընկրկող ու ամփոփ։ 1910–էն մինչեւ իր մահը ան անուն մըն էր, երրորդական, չորրորդական փլաններու քաշուած։ Իր անճարակութիւնը ինքզինք պարտադրելու մասն է դարձեալ իր խառնուածքին, որ զուրկ էր թատերականութենէ, ցուցամոլութենէ, հպարտանքէ։ Եւ զարմանալի չէ, որ մեր ամենէն օժտուած գրագէտներէն մէկը ապրած ըլլայ ամենէն քիչ գրագէտի կեանք մը մեր մէջ։ Այս բոլորը կը լուսաւորուին իր խառնուածքէն ու կը լուսաւորեն նոյն ատեն անոր արուեստին անհաւասար, պղտոր, մռայլական պատկերը։ Կ՚ըսեն, թէ արուեստագէտի մը աշխարհը անուղղակի կ՚իյնայ ձգողութեանը ծիրին մէջ իր խառնուածքին։ Ու սխալ չըլլար օգտագործել վարկածը, « Ամիրային աղջիկը » ընդունելով իրը արտայայտութիւնը անհուն այն կարօտին, որ անոր պուկը կը բռնէր՝ բիրտ իր մատուըներովը տարագրութեան ծոցը, անոր հոգին կոծելով, քարկոծելով, հարիւրաւոր խռովքներով, դէպի փրկարար մանկական աշխարհի մը մէջ, որ միշտ ասելի կ՚արժէ քան մեր փառքին ուրիշ գօտիները (zone). իր խոնարհները կային հոն անշուշտ, ո՞վ գիտէ ի՛նչ անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր։ Բայց մեր գրողներէն քիչեր պիտի զգային այդ կեանքերուն ո՛չ թէ ողբերգութիւնը (հայը ողբերգական էակ մըն է, նոյնիսկ իր ամենէն երջանիկ օրերուն), այլ ատոնց օգտագործումը արուեստին համար։ Անշուշտ իրապաշտները բան մը ըրին այս դասակարգը արժեւորելու հարցին մէջ, բայց Հրանդի « Պանդուխտի կեանքէն » քրոնիկները, Մ. Աճէմեանի եւ Լ. Սեղբոսեանի քերթուածները քաղաքական արարքներ էին, խոնարհներու կեանքին ընդմէջէն։ Երուխան առանց ետին միտքի (եթէ յետին միտք մը չէ իրապաշտ հանգանակին հանդէպ սա մոլեռանդ յարգանքը իր մօտ), պիտի մօտենայ այդ աշխարհին, ու հոս ալ կը կենամ խառնուածքին ցուցմունքին վրայ։ Չեմ ըսեր, թէ անոնք ինքնանկատումներ են, բայց կ՚ըսեմ, թէ մեր մէջ սիրական պատկերները կը դիմանան, ի հեճուկս մեր բոլոր ուրացումներուն, խաչակրութեանց [4] ։  

Գրագէտ մը ժամանակ մըն է, չըսելու համար շրջանի մը ցուցանիշը։ 1890-1915–ը երկու սերունդի հոգեկան տախտակները ունի իր մէջ։ Որքանո՞վ է բիւրեղացուած այդ շրջանէն Երուխանի գործին մէջ ազնուազգի տարրը։ Ի՞նչ նպաստ կը բերէ ան այդ շրջանի հասկացողութեան։ Այդ շրջանին զգայնութեանց ո՞ր հատուածին յայտարար է անոր գործը։ Իրարմէ աւելի բարդ խնդիրներ։ Ըսուած է, որ արուեստագէտները երբ նօթ չեն ըներ իրենց աշխարհը կառուցանելու ատեն (հանրածանօթ են իրապաշտներուն carnetները), կ՚ապաստանին իրենց ապրումներուն։ Կ՚ենթադրեմ, թէ մեծ գիծերուն մէջ մարդը ծանօթ է մեզի։ Ու կ՚ենթադրեմ, թէ իրենց մեծ գիծերուն մէջ Երուխանի ապրումները ժամանակին անդրադարձումներով են պայմանաւոր։ Զրկանալից իր մանկութիւնը, ոչ նուազ խռովայոյզ իր պատանութիւնը, խանդավառ յուզումներու մէջ գօտեւորուած, բայց մէջքէն զարնուած երիտասարդութիւնը, 1896–ի աղէտին ջախջախուած իր հպարտութիւնը, տարագրութիւն, անօթութեան մղձաւանջ, Եգիպտոսը իր այլապէս ապականիչ, սպաննող ազդեցութեամբը, խաբուսիկ ազատութեան փոքր շրջանին մէջ իսկ (1908-1915), անոր պարտադրուած վարժապետի նկուն դիրքը բաւական բան կ՚ըսե՞ն արդեօք, որպէսզի մեր մտքին մէջ մարմին դառնան եղերական պատկերներ աստանդական, չհասկցուած, իր տառապանքն իսկ ծաղրանքի պաշտպանելու ստիպուած գրագէտէն, որ իր տաղանդը խաչի մը պէս քարշ կու տայ իր ետեւէն, հոն գամուելիք Աստուած մը իսկ չունեցող։ Հակառակ այս ամէնուն, անոր գործին մէջ ժամանակ մը չէ սեւեռուած։ Այս կամաւոր թէ բռնադիր վրիպանքը, անոր անձը, դերը, դիրքը, տեղը մանաւանդ այսօր կ՚ենթարկէ իր ճնշումին։ Իրապաշտներէն ամենէն քիչ հնարողն է ան, ինչ որ համազօր է շատ սեպհական ապրումներու օգտագործման։ Բայց մենք գիտենք, թէ իր հոգեկան փորձառութիւնները ո՛ր մարդերէն եկած են իրեն։ Այս է պատճառը, որ անոր գործը չըլլայ հասած իրեն արժանաւոր, յատկանշական իմաստի մը։ Տարագրութեան տասներկու տարիները անոր չտուին լայն սեւեռումներ, բարքերէ ու մարդերէ, ինչպէս պիտի տային Օտեանին, Պարթեւեանին։ Քանի մը կցկտուր, կեղծ, չըսելու համար ռոմանթիք նորավէպ։ «Յուռութքը», «Կաղանդչէքը» շինուած են, այսինքն Երուխանի կարելիութիւններէն դուրս ձախողանքներ են ու մեզ կը վրդովեն, գրագէտի իր հասկացողութիւնը փոքրելու աստիճան։

Իրեն համար գործածուած յատկանշումներէն մէկն ալ ինքնատպութիւնը եղաւ տարազ, որ 1890-1895–ին իմաստ մը ունէր, գէթ իր աշխարհին վրայ իբր պիտակ մը։ Բայց ինքնատպութիւնը, մանաւանդ վիպելու սեռին մէջ, առաւելութիւն մը ըլլալու չափ վտանգ մըն է։ Անշուշտ հեղինակի մը դէմքը արժէքի, ուշադրութեան հանող առաջնակարգ ազդակ մըն է, զայն կարդալու յանձնարարող մեծ շնորհ մը։ Բայց իր հետ ունի իր դատապարտութիւնը, երբ չի պաշտպանուիր ուրիշ աւելի համեստ, բայց աւելի հաստատ տուրքերէ տրամաթիքին զգայարանքը, բարքերու հետաքննութիւնը, կառուցման բնազդ, մանաւանդ սեպհական աշխարհ մը, ուր ժամադրուէին առնուազն սերունդի մը ամենէն խիտ ցանկութիւնները, մտայնութիւնն ու դիմաստուերը։ Ասոնք այլապէս արի, բարերար ազդակներ են հեղինակ մը արժեւորող, յետ մահու գնահատման տախտակներու մէջ, քան ոճին սրութիւնը, խածանութիւնը, շողիւնները, մեր ֆրազին փափկանուշ կամ թուլիկ նրբութիւնները, խոյանքները, աճպարարութիւնները։ Երուխան, իր հասանութեան գործերուն մէջ ինքզինք չէ հերքած անշուշտ, բայց չէ ալ գտած։ Ու ինքնատպութիւնը իր խոնարհներուն՝ գրական նորոյթի մը պէս կը տպաւորէ մեզ այսօր, երբ կը կարդանք իր պատմուածքները, 1890–ական թուականներու կաղապարեալ վիպակին փառքին շուքին։


* * *

Քիչ գրքունակ, աւելի շատ մարդկային, իր կերպովը հռետոր (արտայայտութեան մեղք մըն է ասիկա, զոր չենք կրնար ներել իրեն, իրապաշտներու իրապաշտին), դժբախտ, աստանդական գրողի իր ճակատագրին հակառակ, իր վաստակը ճշմարիտ արուեստին տանել ձգտող այս դէմքը տպաւորիչ է թէ՛ իբր խորհրդանշան, թէ՝ իբր իրագործում։ Ան ամենէն անճարակն է իր սերունդին։ Իր ողջուցը՝ դեր մը չունեցաւ մեր իմացական բարեշրջութեան վրայ։ Բայց ըրաւ բոլորէն աւելին մեր իրապաշտութիւնը իրմէն մեծ վարպետ չունի, եթէ երբեք բառը գրական հասկացողութիւն մը, հաւատք մը, անոնց իրագործումը կը թելադրէ մեզի։ Ան նման է Թլկատինցիին, որ գրական մեծ հարցի մը շուրջը աղմուկէ զգուշացաւ եւ չստորագրեց շքեղ, սին ճամարտակութիւններ գրական քննադատութեան, բայց ստեղծեց, գաւառական գրականութեան յղացքը կերպադրելով բոլորին աւելի յստակ։

Միջին գիծ մը իրարու կը յարաբերէ մեծ մասը մեր գրողներուն։ Անկէ դուրս մնացող բախտաւորներ շատ բան չեն փոխեր տարազին տարողութենէն։ Շատ մը որակումներուն մէջէն մէկը, այդ գիծին իբր անուն։

Տուէ՛ք ատոր ճակատագիրը հայ գրողին։ Բառին տակ զետեղուած իմաստներուն արձակումը զիս հեռուները կը տանի։ Կը հրաժարիմ ատկէ, բայց քով քովի կը գրեմ քանի մը անուններ Զարդարեան, Թլկատինցի, Հրանդ, Արփիարեան, Պարթեւեան, Թէքէեան, Չօպանեան։ Իրարու աննման խառնուածքով, արժէքով այս մարդիկը զետեղելի են նոյն անկիւնին մէջ, ուր կ՚իշխէ բացարձակ ողբերգութիւնը իրապաշտութեան մեծագոյն վիպասանին, Երուխանին։ Բոլոր այդ մարդերը փոխադրեցէ՛ք ուրիշ ընկերութեան մը մէջ, նոյնիսկ արեւելահայ ընկերութեան, պայմաններուն մէջ։ Անոնք իրենց տաղանդին միջին գիծովը պիտի արժանանան արդարութեան մը, գնահատման մը, որ համեմատական է գրողին ու իր ժողովուրդին ընդհանուր միջինին։ Բայց ահա՛ բացառիկը։– Մեր գրականութիւնը, քիչ շատ, երբեմն պակաս, երբեմն յորդ, ըրաւ արդարութիւն վերը յիշուած անուններուն ու դուրս ձգեց Երուխանը։ Աւելի՛ն. իր ողջուցը զլացուածը կը զլացուի մահէն վերջն ալ։ Ո՞վ պիտի շրջէր սա կշիռին թեւերը: Այսօր, մեր երիտասարդութիւնը (գրողները), երբ կռնակը դարձուցած մեր ամբողջ անցեալին, հասկնալի է, որ մնայ անտարբեր այդ անցեալին անիրաւութեանց, ինչպէս փչուած արդարութեանց։ Բայց ինչպե՞ս որակել քար լռութիւնը անոնց, որոնք, ի պաշտօնէ արժէքներու մունետիկներ, հոս–հոն բուսած կասկածելի արժանիքներ կ՚աճեցնեն, քնարերգօրէն, կամ վաղուց ցամքած հոյակապ զառամութիւններ կը շքաւորեն, բայց չունին ակնարկ մը իրապաշտ վէպ պի այս մեծ գործաւորի յիշատակին։

Լուսանցային իր կեանքը, լուսանցային իր՝ տաղանդը, լուսանցային իր գործը իր յիշատակին մէջ անիրաւ պիտի ըլլային։

 

 


[1]        «Շարժում», «Շաւիղ», «Վիպաթերթ» Վառնա հրատարակուածներուն անունները։ Աղեքսանդրիա՝ «Սիսուան»։ Արփիարեանի մահէն ետք խմբագրած է «Յուսաբեր»ը: Սահմանադրութենէն ետք Պոլիս՝ «Արեւելք» օրաթերթը: Աշխատակցած է բոլոր հանդէսներուն, թերթերուն: Ե. Գաղթական մէկն է իր ծածկանուններէն: Այս աշխատանքը բոլոր արեւմտահայ գրագէտներուն բռնադրուած շապիկն է։ Միայն «Արեւելք»ի իր աթոռը կը թուի հով մը բերել, եթէ երբեք շրջանին համար (1910-1915) թերթը չըլլար իր խորագոյն անկումին մէջ։

[2]        Նման կեցուածքի մը նմոյշներ են Ս. Պարթեւեանի մարդերը («Կայսրուհին» եւ «Քայքայում»ը), որոնք հանուած են այդ ծաղրանկարէն ալ անդին ինկող խոշորացումէն։ Կեանքը իր ուզածին պէս տալու սա անարդարանալի չարաշահութիւնը չ՚անցնիր անպատիժ: Ի զուր մեր գրագէտի շնորհները պիտի իջնեն կրկէս, մեզ պաշտպանելու համար։ Կեանքը ամենէն շատ ու շուտ կը խնդայ ներկին ու զարդին վրայ։ Ս. Պարթեւեան պատժուեցաւ, երբ հակառակ իր խոշոր տուրքերուն, ոչինչ տուաւ մեր գրականութեան իր տաղանդին արժանի։ Նոյնը չէ պարագան Կ. Զարեանի, որուն տաղանդի ուժը, իրաւութիւնը դուրս են կասկածէ, բայց որուն տուածը կը մնայ վիրաւոր նոյն մեղքերով։ Մեծ գործերը այս մարդուն կը տառապին կեանքին սա խեղաթիւրումով, զոր կը հաստատեմ Երուխանի վրայ։ Գիտելի է, որ Կ. Զարեան ծաղրանկարային իր մեծ շնորհքով հազիւ կը յաջողի իր մարդերուն այդ կողմը պարտադրել մեզի։ Երուխան ողբերգական խառնուածք մըն է ըստ բառականի, ըլլալու համար նաեւ հեգնող մը։ Հակառակ իր բոլոր ճիգին, չէ յաջողած` մեզ խնդացնել Բարթող Աղայի մը («Ամիրայի աղջիկը») կամ Կոստանդեանց ի մը (նոյն վէպը) հաշւոյն։

[3]        Աւելորդ չէ այս պարագան մերձեցնել Ս. Պարթեւեանի խմբագրականներուն մեծակառոյց, աղմկայարոյց ոճին։ Ու լսել ժամանակին տպաւորութիւնը այդ երկուքէն ալ։ Մէկը թէ միւսը կը դասուին կորովի հրապարակագիրներու շարքին մէջ։ Անշուշտ՝ չեմ դառնար՝ այս արձագանգներու փաստած տխրութեանց վրայ, անգամ մը եւս հաստատելու համար բաներ, որոնք մեր գրականութեան մեծ դժբախտութիւնները պիտի կազմէին ու կը կազմեն տակաւին։ 1910–ին մեր լրագրական ոճը պարկեշտ գործիք մըն է։ Կուսակցական գաղափարագրութիւնը, քաղաքական խռովքները, մեր արդար պահանջքները, գրաքննութեան բարձումը, խանդ ու երազ, փրոփականտ ու մեծակշիռ իտէալներ, նոր բարքեր ու նոր գաղափարներ եւ բաւարար յատակ մը կրնան հայթայթել թերթի մը պատասխանատու խմբագրին, երբ այս խմբագիրը իսկապէս հարազատ մարդն է իր ասպարէզին: Երուխա՞ն։ Մենք գիտենք, թէ ի՛նչ կ՚արժէր անոր իմացականութիւնը, ի՛նչ՝ քաղաքական հասկացողութիւնը, ի՛նչ՝ ընկերային դաւանանքը։ Այս ամէնէն իսկոյն կը հետեւի հակադրութիւնը։ Երկուքն ալ, Ս. Պարթեւեանն ու Երուխանը, երկուքն ալ մարդեր էին, որոնք լուսանցային իրենց հոգեբանութիւնը չուզեցին ընդունիլ ու անցան զանգուածներու գլուխը։ Արդիւնքը գիտենք։

[4]        Մաքսիմ Կորքի, Կնուտ Համսուն մարդեր են, որոնք իրենց խառնուածքին անդրանիկ փաստերը չեն աշխատած ի հաշիւ արուեստին շահագործելու ու չեն պատմած իրենց երբեմնի եսերը, օրուան զգայնութիւնները հակակշռելու ձգտող մտահոգութիւններով։ Ո՛չ ալ ըրած են յուշերու գրականութիւն մը։ Անոնք մարդեր են, որոնք մէկ ու երկար կ՚ապրին ու իրենց փառքին մէջ ալ կը մնան իրենց ընդոծին խառնուած. քին։ Ու իրենց գործը իբր այդ կ՚ըլլայ կրկնապէս թանկ։ Երուխանի «Հարազատ որդի»ն, դաժան որքան յարձակողական, քիչ բան ունի անոր խառնուածքէն։ Յետոյ, բացի Կամսարականէն, խառնուածքը միւս իրապաշտներուն համար գրական տարազ մըն է։ Դժուար պիտի ըլլայ Գ. Զօհրապ մը հանել իր նորավէպերէն կամ «Ուղեւորի էջեր»էն, ըսել կ՚ուզեմ մարդ Զօհրապը գտնել յաւակնիլ: կամ կերպադրել միշտ մարդը` Լ. Բաշալեանի պատմուածքներէն: Ո՞ւր է Սիպիլը, իր «Աղջկան մը Սիրտը»ին, թէ «Կնոջ հոգիներ»րուն մէջ, քանի որ իր քերթուածները այնքան գէշ, սուտ վկայութիւններ կը կազմեն իր խառնուածքէն։ Այս անուններէն ետք, Երուխան մշուշուած, բայց ճանաչելի յատակ մըն է իր աշխարհէն։ Ու այս բարիքը ես կը կապեմ իր խառնուածքին։ Բառը չշփոթել գրական խառնուածք որակուած տրտում, որձեւէգ յղացքին հետ։ Զայն ամենէն պայծառ կերպով կը հաստատեմ Եղիայի մօտ, որ ամենէն սուտ գրագէտը պիտի ըլլար իր սերունդին։