Երբ պատանի են

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ծանօթութիւն 

(Տետրակի մը պէս, որուն տեղը կը մոռնայ մարդ եւ որ, օրին մէկը, անակնկալ ու փոշոտ՝ կը դողայ մատներուդ մէջ, երբ ժամանակին հողը կը նետես անոր կողերէն, ես կը բանամ անիկա:

Անոր մուտքը շիներ եմ ատենին, բոլոր երազողներուն նման, զարդի եւ ոսկիի արշալոյսի մը մէջէն, միամիտ՝ ինչպէս սիրտը տղուն, որ խորաններու կը պատրաստուի եւ մինակ է անոնց խորհուրդին նման

Ու կախեր եմ անոր պատերէն դէմքերը բոլոր անոնց, որոնք օր մը եկան կենալու այդ խորանին ստուերին մէջ

Հիմա, երբ թերթերը կը դարձնեմ, պզտիկ սեղմումով, ես կեանքի կը կանչեմ անոնք, մեռածներն ու ողջերը նոյն խանդաղատանքով, քանի որ հոգիները մանաւանդ ամէնէն շուտ կը մեռնին, իրարու զարնուելէն ետքը

Ոչ մէկ բան արցունք ունի այնչափ, որչափ անջրպետումը իրարու փաթթուած հոգիներուն։ 

Ու հոգիները գերեզման ալ չունին: )