Երբ պատանի են

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ՍԻՐԱԾՆԵՐԷՍ

Բուբո՛ւլը

* * *

Մեր թաղին մէջ փուռ մը կայ, առջին ալանկով (հրապարակ) մը։ Հոն կը հաւաքուին հարսները՝ օրհարսակի շողին, պառաւները՝ կոչնակէն առաջ, տղաքը՝ ժամէն ետքը, ու մարդերը՝ մութը իջնալուն հետ

Իմ ինչո՞ւս պէտք, թէ ինչ կ՚ըսեն հարսները, երբ քիթ քիթի, իրարու բազուկներ բռնած, կը փսփսան իրարու, չմոռնալով իրենց մօտեցող տղաքը վռնտել։ 

Իմ ինչո՞ւս պէտք մանաւանդ պառաւներուն բամբասանքը, որ երբեմն թիւ, երբեմն ձայնաւոր պատարագի պէս էտինքին կը սկսի ու կոչնակին ազդարարութիւնովը հազիւ կը դադրի։

Ինծի համար գին չունի ալանկը, երբ դպրոցէն դարձիս, կզակէս կախած հացին չոր շերտը, կը նետուիմ մեր անկիւնը, որ իրարու եկած պատերուն ներսը, տեղ մը կը բանայ իրեն, ու մասով մը կը պատսպարէ նստողը

* *  *

Հոն են մեր խաղին աւերակները

Քարերով զատուած քառակուսիները մեռած են ընդհանրապէս ու մեր շինած պզտիկ տուներուն կմախքները գետինը կը պառկին

Իմ գործս է, ամէն իրիկուն, դպրոցէն դարձիս մաքրել մեր անկիւնին այդ քայքայումը, մինչեւ որ անիկա գայ

Ի՜նչ խենթ տղայ եմ ես։ Ամէն քար մը վերցնելուց՝ չեմ կրնար աչքերս ալ, նոյն ատեն, վեր չնետել, անոնց դուռը հսկելով։ 

Երբեմն սիրտս թաք կը զարնէ, երբ մշտաբաց դուռնէն անոր պտլիկ հասակը կը կաթի, բայց ձեռքէն կախ սափորով մը։ 

Այն ատեն ստիպուած եմ ձգել մեր անկիւնին պատսպարուած առանձնութիւնը ու անոր քովն ի վեր, քիչ մը տրտում, քիչ մըն ալ ուրախ, աղբիւր շտկիլ։ 

*  * *

Մենք պզտիկ ենք։ Մեր շուքերը իրարմէ մէյ–մէկ թիզ տարբերութիւն չունին ու ծերուկ Ակոյին գաւազանը մեր մէկուկէս անգամը կայ։

Բայց մենք իրար կը սիրենք։ 

Մենք ամէն առտու իրարու կը սպասենք փուռին առջին, ուր կը հաւաքուին, արծելու գացող ոչխարներուն նման, թաղին բոլոր տղաքը

Քիչեր զոյգ գտնելու բախտը կ՚ունենան մեր մէջ։ Ու առանց զգալու, թերեւս առանց ալ զգացնելու մենք կը թողունք , որ քաշուի մեր առջեւէն տղոց երամակը։

Այն ատեն է, որ ծուռումուռ փողոցներէն, մեր պզտիկ մարմինները իրարու դպցուցած, մենք կը քալենք, կամաց, քիչ անգամ խօսելով, բայց երջանիկ։

Կ՚ուզենք, որ չհատնի այդ ճամբան։

Դպրոցին առջին մենք կը զատուինք իրարմէ։ 

Թեթեւ տխրութիւն մը ինծի հետ կու գայ մեր ծաղկոցը, բայց քիչ ետքը կը ջնջուի Բուբուլն ալ, անոր հետ պտտելու հաճոյքն ալ, երբ վարժապետին սարսափը կը սկսի։ 

*  *  *

Մենք իրար կը սիրենք մանաւանդ իրիկունները: ՝ 

Մեր պատսպարուած անկիւնին առջին մեր ձեռակերտները՝ աւարտած, պատրանքը կու տան երազուած պալատներուն։ 

Մենք ունինք փայտէ եւ լաթէ շինուած զաւակներ, մանչ ալ, աղջիկ ալ։ Անոնց ծիծը տուած է Բուբուլը եւ կղմինտրէ օրանին մէջ պառկեցուցած զանոնք

Դուրսը մութ կայ, որ տուներուն դէմ կը սեւնայ, երկինքին մէջ քիչ մը տժգունելով։ 

Կը մարենք մոմը։ 

Այն ատեն է, որ մեր պզտիկ շրթունքները իրարու երեսները կը փնտռեն։ Մենք ատ բանը տեսած ենք հարսներէն։ 

Տաք ու թաց բան մը կը թուլնայ երեսիս վրայ։ Մանրիկ ակռաները անուշ խայթումով մը կը կճեն այտերուս միսը

Յետոյ կը բռնենք իրարու թեւէ ու դուրս կ՚ելլենք անկիւնէն։ 

Ու իմ ոտքերս գետին կը գամուին անոնց շեմին առջին։ Հօրքուրիս բերանը՝ կանչելէն մազ կը բուսնի։ Ես չեմ լսեր նոյնիսկ ուրիշներուն ազդարարութիւնը։

Շեմին վրայ կը նստինք նորէն քով քովի, անբարբառ, հեռուները տեսնելով մութին մէջ ու իմ երեսիս վրայ շարունակ կ՚այրի քաղցրութիւն մը, որ անուն չունի։ Ու իմ շրթներուս վրայ կայ շաքար մը, որ չի փախչիր ու սիրտս կը վազէ։ 

*  *  *

Տաղաւարնե՜րը: Անոնք օրհնութիւնն են, պարգեւուած բարիքը: Աստուած մեզի համար տուած է զանոնք

Մենք ժամէն շուտ կը դառնանք։

Ու մեկուսացած սենեակներէն ներս, մենք մեր պզտիկ սէրերը կը բերենք իրարու մօտիկ

Ի՞նչ կայ անոր մազերուն վրայ, որ շարունակ երեսիս մօտ ուզեմ ես անոնք։ Ի՞նչ կայ անոր աչքերուն մէջ, որ շարունակ անոնցմէ վազող բանը տաքուկ ու մեղմ կրակի մը պէս՝ իմ հոգիէն ներս ուզեմ։ 

Ի՞նչ կայ այդ պզտիկ տղեկին մարմինին վրայ։ 

Ես լաւ չեմ գիտեր։ Բայց անոր մերկ ոտքերը ես խածած եմ արիւնելու չափ։ Ու խեղդուելու պէս թոռմած է անիկա իմ բազուկներուս տակը, առանց հեծքի, մեռելի պէս երջանիկ, աչքերը գոցելով։ 

*  * *

Այգիներուն մէջ մենք քնացած ենք գիրկ գիրկի։ 

Ես երկնցուցած եմ անոր գլուխին՝ իմ բազուկս։ Տուած եմ իմ տղու կուրծքս անոր տաքուկ կուրծքին: Ու երես երեսի բերան բերնի ըլլալէ ետքը, մենք ժամերով երազած ենք իրարու

Մենք պզտիկ ենք, շատ պզտիկ։ Ակօ տէտէին գաւազանը մեր մէկուկէս անգամը կ՚ըլլայ

Մարդիկ մեր ետեւէն կը նային, ջուխտակ աղաւնիներու նման մեր օրօրուն գնացքին։

Բաղնիքին մէջ մենք նորէն իրարմէ չենք զատուիր, ու ես հակառակ օճառի կրակին՝ աչքերս չեմ գոցեր, գոնէ վայրկեան մը չփախցնելու համար անոր թրջած հասու մարմինը, ուռեցած փորը ու պղինձ դրամի պէս կարմիր իր ծիծերուն պզտիկ կալը:

Մարդիկ կը նային մեր ետեւէն, երբ դպրոց կերթանք ու մեծերուն լեզուն դժուար է հասկնալ։ 

*  *  *

Քիչ անգամ տղոց խաղերը մեզ կը տանին իրենց յորձանքին։

Պահուըտուքը միայն խենթի պէս կը փնտռենք։ 

Չպատմուող համ մը կայ՝ մութ մառաններէն ներս, հսկայ գուբերուն արձաններուն ետին կծկտած աղջիկը բռնելուն մէջ: Բերնով, ոտքով, ձեռքով ու աչքերով կը նետուիմ անոր վրայ ու կը սեղմեմ, կը սեղմեմ։ 

Անիկա ձայն չունի, ինչպէս չունին դաշտին համր խլուրդները

*  *  *

Ես խելօք տղեկ մըն եմ։ Խոյս կու տամ կռիւէ ու կը հաշտեցնեմ  գզուըտողները։ 

Բայց անողոք եմ, եբր մէկը համարձակի մատ վերցնել Բուբուլին։ 

Տղաքը կը զարմանան, չեն հասկնար։ Բայց յուզումին անկեղծութիւնը կ՚անցնի իրենց։ 

Ձգեցէք, տղա՛ք, անոր կնիկն է, հախ ունի։

Մենք խորհուրդին չենք հասնիր։ Բայց վտանգի առջեւ անոր համար ցոյց տրուած այս արիութիւնը յարգանք ու տաք համբոյր կը բերէ ինծի։

Ձմեռ իրիկունները հեքիաթ մտիկ ընելու ատեն, բոլոր տղոց նման, իրար չենք ուտեր, պատմողին ծունկին համար։

Ես կը կենամ ետ, ձեռքովս տեղաւորելով անոր գլուխը հորքուրիս ծունկին։ Ան նեղուելով, ինքզինքը պզտիկցնելով, կը ճարէ իմ գլուխիս ալ կտոր մը ծունկ

Մտիկ կ՚ընենք հեքիաթին հետ մեր սիրտերուն զարկն ալ։

Ի՜նչ քաղցր է տղայ մը գրկել ու ի՜նչ քաղցր է տղայ մը ըլլալը։ 

* *  *

Գլուխդ ողջ մնայ

Կ՚ըսեն տղաքը ինծի, գերեզմանէն դարձողներու նման, երբ գլուխս երկարած, վիզս ծուռ՝ կը նստիմ մէկդի, մաս չառնելով անոնց խաղերէն։ 

Առանց պատասխանի մտիկ կ՚ընեմ այդ կատակը, ուր հեգնութիւնն ու անկեղծ ցաւակցութիւնը իրարու կը միանան։

Կ՚ամչնամ հիմա երթալ դառնալու փուռին առջին։ 

Բուբուլը ներսն է ու չի նայիր ինծի։ 

Ինչո՞ւ այսքան շուտ կը մոռնան աղջիկները:

Անիկա դպրոց ալ չի գար։ Նշանուած աղջիկները ա՛լ մեծ կը սեպուին։ 

Մեր Հասա՞կը։ Ծերուկին գաւազանը գրեթէ անոր մէկուկէսն է նորէն։ 

Բայց Բուբուլը տան աղջիկ է։

Գլուխդ ողջ մնայ։ 

Մահուան պատկերը, կեղծ կամ իրաւ, արցունքի շատ մօտ է։ 

Կը վազեմ մեր փլած տունը, կը նետուիմ իր օճախին առջին ու մինակ, մինակ կուլամ ձայնով, կուլամ շատ բարձր

Ոչ մէկը կայ եկող ու գացող։ 

Մեռնողներուն վրայ արցունքը՝ հոգիդ կը պաղշտկցնէ։

Սիրողներուն մօտ արցունքը՝ ջուրի տեղ, զովութեան տեղ, կրակ կը բերէ։ 

* * *

Ինչո՞ւ այսչափ կանուխ դրիր իմ մէջ ատ կրակը, ո՜վ Տէր։ Ինչո՞ւ։