Երբ հիները կը կարդանք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Սայաթ–Նովայի տաղարանը աւելի քան իրաւ վկայութիւն մըն է այդ օրերէն։ Սուրիա, Կովկաս, հաւանաբար հեռու Արեւելքը (թերեւս Իրան, հեքիաթը կը թելադրէ Հնդկաստան, քանի որ ԺԸ. դարու  կէսերուն մերինները հոն պալատներու մշակոյթ մը կը վարեն), թափառումներ, բայց մա՛նաւանդ՝ իրաւ արքունիք մը, այն գլխաւոր երկիրներն են, ուր անոր քամանչան ո՛չ միայն իբր ձայն, այլեւ իբր խօսք, խորունկ բանաստեղծութիւն, հրաշքը պտըտցուց, իրաւ հրաշքը արուեստին, արուեստագէտին, դիտելով քանի մը ամենախոր ապրումներ, որոնց մեհենադրոշմ արձանագրութիւնը հասած է մեզի իր երգերուն մագաղաթովը։ Երեւակայե՞լ, որ անիկա այդ պալատին մէջ սրտեր է այրած, տագնապներ ստեղծած, լացած ու լացուցած։ Չապացուցուած իրողութիւն մըն է, որ իր տաղանդին բոլոր փառքին հակառակ, անիկա ըլլայ ստիպուած սքեմ առնելու, վանք քաշուելով, իր հոգին շահելու։ Չեմ հետեւիր աւանդութեան, որ զայն կը հանէ վանքէն, ծպտեալ, մասնակցելու համար աշուղական մրցանքներու։ Կը մտածեմ, որ աւելի բնական պիտի ըլլար, տանիլ իր հետեւանքներուն Ը. տաղին հոգեբանութիւնը, այսինքն՝ այդ սքեմառութիւնը ընդունիլ գործը պալատական զայրոյթին։ Այդ ու առջի դարերուն արքունիքի բարքերուն մաս կը կազմէր անբաղձալի, վտանգաւոր, պատուհասելի անձնաւորութիւնները վանք թխմել։ Զօրաւոր թրաժիք մը կայ այս պատիժին սկիզբն ու վերջը։ Սայաթ-Նովա իր հեքիաթէն վռնտուած անուն մըն է հիմա։ 1750ին անիկա թագուհիները նուաճող հզօր իսկութիւն մըն էր։

Այս տողերուն հետ իմ մտքին կը յառնէ մթին, հեշտանուշ, տաք ու արիւնոտ Արեւելքը, ուր իշխանութիւնը եւ իր սարիքը, վայելքն ու գեղեցկութիւնը իբր նիւթական հուրք ու խենթութիւն, կեանքի համն ու արեան ձայները, սերմը եւ մաղմաղ կրակը տարփանքին, սէրը եւ միսերուն խարտեաշ, ոսկի, ադամանդ արտերը, կինը եւ իրեն զուգորդ բոլոր եղերականութիւնները դժուար չէ զգալ, իրենց ամբողջ ուժգնութեան, կարկառին ու ճարտարապետութեան մէջ։ Երգիչը սրտին ճամբով, այդ ապրումներուն մռայլ հանդէսը գիտէ վերլուծել, տարրալուծել։ Ապակիին տեղ՝ ան ունի աղիքը իր քամանչային, ուրկէ այդ ամէնը, հոգեւոր, թրթռագին, տեսանելի ըլլալու չափ օթեկ, ա՛յնքան՝ որ եղանակը շրթունքի մը պէս կը դպի կիներուն միսին, պիտի մուրացուին սիրտերու դաշտին իբր թեւաւոր արեան սերմնացան։ Մեզի հասած երգերը, գրեթէ բոլորն ալ, կը բխին այդ հոգեղէն դրութենէն։ Տրուած ըլլալով, որ մեր ժողովրդական, որով եւ աշուղական երգերը, կը ներշնչուին կեանքի քիչիկ մը յուզումնահար պարագաներէն (սէր, կռիւ, արիւն, կրակ, մահ, ու ասոնց բացած եղերական ակունքները մեր ներսը), դժուար չէ Սայաթ–Նովայի երգերը շրջել, գտնելու համար ներքին երեսը  այդ ամէնուն, այսինքն՝ չըսուած, չգրուած տրաման։ Չեմ տեսած անոր թուրքերէն երգերը, ու կը ներէք, վրացերէն երգերը։ Բայց կը հաւատամ, թէ այդ երգերուն ետին կայ ու կայ մէկ ու նոյն տիվանէ ն, որուն համար պալատն ու փողոցը, գոզալն ու գեղջկուհին, իրենց վերջին կերպարանքներուն տակ կը դառնան նիւթ արցունքի եւ կրակի։

Բացի քամանչային ուղղուած ոտանաւորէն եւ ուրիշ քանի մը խրատական, բայց տարօրէն խորունկ, հեռահաս քերթուածներէ, որոնք մեր ժողովուրդին իմաստութիւնը, կեանքը ընդունելու իր բարոյական հասկացողութիւնը եւ աշխարհը իբր լրջութիւն ու պարտք ըմբռնելու իր իմաստասիրութիւնը (որ բոլորովին տարբեր բան մըն է իմաստութենէն) կը կերպադրեն, պարզ, իրաւ տողերու մէջ, մնացեալը ու կը հաւատամ նաեւ, որ վրացերէն ու թուրքերէն իր քերթուածները կու գայ մէկ ու նոյն տիրական զգացումէն։ Հարկ չկայ անոր նշանակութիւնը վերլուծելու հոս։ Այս հաստատումը իր իմաստին լիութիւնը կը հագնի, երբ մտածուի ուրիշ աւելի ընդարձակ իրողութեան մը, որուն համեմատ Իրանի, Թուրքեստանի, Աֆղանստանի ու նո՛յնիսկ Հնդկաստանի ժողովուրդները իրենց հոգիին լաւագոյն մասը բխման կը բերեն այդ զգացումին ընդմէջէն։ Պաշտօնական բանաստեղծ մըն է Փեթրարգը։ Գաղիացիք ունին Ռոնսարը։ Անգլիացիք՝ Սփէնսըրը։ Որոնք, համաձայն դարերու եւ ժողովուրդներու՝ երգած են այդ զգացումը։ Չեմ ծանօթ այս ժողովուրդներու ժողովրդական սիրային ստեղծագործութեանց, քնարականին մէջ, բայց կարդացած եմ ֆրանսացիներէն գիրի ինկած միջնադարեան սիրային պատառիկները։ Դժուար է այդ երգերուն մերժել համ մը, աղուաշ ու որոշ տաքութեամբ, բայց որոնց տարողութիւնը այնքան անկշիռ կը դառնայ, երբ բաղդատուի արեւելեան սիրոյ բիւրեղացումներուն։ Ֆիրտուսին, Սաատին, Մաարին, Սագին չեմ բացառեր, բոլորն ալ բանաստեղծներ, որոնց տիրական շեշտը մենք կը հաստատենք սէրէն անդին, ուրիշ ծանրակշիռ տագնապներու խորը։ Խայեա՞մը։ Ճէլալէտտին Ռումի՞ն։ Ասոնք ալ մարդեր, հաւանաբար պատրուած ու պարտուած, որոնք աւելի տարտամ իղձերու ներսը գտած ըլլալ կը յաւակնին իրենց հոգեղէն հաւասարակշռութիւնը աշխարհը, գինին, մահը, երկինքը ու ձգած մեզի մեծ գեղեցկութիւններ, դիւցազնաշունչ, աստուածգիտական, երկրային խռովքներու քանդակներ։ Չմոռնալ սակայն միւս փառքը։ Այս մեծ անունները աշուղներ չեն, այլ՝ մշակուած իմացականութիւններ՝ իրենց ժամանակներուն իմաստութիւնը լիովին սպառած գրականութիւնները մարսած ու իրենց միտքը այսպէս զրահելէ վերջ, իրենց զգայարանքներն ալ հանդերձած արքայական հեշտանքներու, կորանքներու, վայելքին ու զրկանքին, բոլորն ալ իրենց ճամբաներուն վրայ մատռուակած իրենց օրերուն, անփոյթ, բայց ճակատագրական։ Անոնք սուղ կը վճարեն հեշտ թոյնը այդ փառքին ու հաճոյքներուն, քանի որ ազատ չեն, առնուազն ըլլալով պարտքին տակը իրենց տէրերը, հիւրընկալները գովելու կամ պարսաւելու ու, մա՛նաւանդ՝ կը մնան ենթակայ պալատական անխուսափելի մակընթացութեանց եւ տեղատուութեանց։ Յաւիտենական է դաշտի ու քաղաքի մուկերուն առակը։ Սայաթ-Նովայի գործը զերծ է յիշուած քերթողներու ստեղծումները ճնշող սա կապանքներէն։ Վրացական արքունիքը անոր կեանքին մէջ տրամա մըն է անշուշտ։ Բայց հազիւ քերթուած մը, խորունկ բեկումի, որ այդ բարքերէն գայ մեզի։ Չեմ կրնար տրուած կտորները ընդարձակել ու, ուրուային ցոլացումները՝ պալատական բարքերէ՝ ընդունիլ իբր հարազատ ապրումներ։ Ինչ որ ակնբախ է ու անհերքելի, ատիկա կերպարանքն է, խորհրդանշային թանձրութիւնը, աս ու ան անունէն վեր, ինքնասեւեռ պատկերը ՝ սիրականի, իր բառովը՝ գոզալին (գեղեցիկ), որ հայերէն տաղերուն բոլորին ալ ո՛չ միայն ներշնչողն է, այլեւ՝ անոնց ներքին կենդանութիւնը։ Սա բացարձակութիւնը, մէկ ու միակ զգացումի մը սրտազարկէն բացուած քերթուածներու մէջ, անշո՛ւշտ որ պիտի կազմէր գերագոյն վտանգ մը, ինքզինքը կրկնելու, առնուազն միօրինակ դառնալու։ Սայաթ-Նովա այդ գոզալը չէ մասնաւորած։ Հազիւ թէ անկշիռ փշրանքներ տեղէ, պայմաններէ, որոնք չեն գրաւեր մեր ուշադրութիւնը։ Բայց արտօնուած ենք մտածելու մեր օրերու ալ մեծ սիրերգակներուն. ո՞վ կայ իբր սիրահար Պ. Դուրեանի տաղարանին ետին, բացի այդ տժգոյն տղայէն։ Տաղանդը, չըսելու համար՝ հանճարը, կը միջամտէ, որպէսզի այդ զգացումէն թափուին մէկդի տեղական, շատ մասնաւորեալ թեփերն ու փրփուրները ու մնայ մտատեսիլ խորհուրդը, որ մեր վայելքէն, տառապանքէն բխած, բայց անկէ անդինը, որով եւ մեզմէ աւելի մնայունը, դիմացկունը կը դառնայ մեր անցաւոր մարմինին անոնց «ի յաւիտենութիւն փոխակերպուած» վկայութիւնը։ Տարրացուցէք գոզալը, այսինքն՝ վերակազմեցէք թագուհի մը, արեւելեան հեշտախտաւոր պարիկ մը, իշխանուհի մը, նրբենի կին մը, անուշիկ ու պարզ գեղջկուհի մը, որոնք բոլորն ալ վերածելի են Սայաթ-Նովայի երգերով մեզի թելադրուած կերպարանքներուն, դուք ուրիշ բան պիտի ըրած չըլաք, եթէ ոչ՝ խորհուրդէ մը առնել իր հրապոյրին պատմուճանը, շղարշը լռին նուագը ու զայն դրած ձեւերու մէջ, որոնցմէ ըլլար ինկած իրենց անասելի քաղցրութիւնը, իրենց խենթեցնող ձգողութիւնը։ 

Այս աշուղը չէ՞ ունեցած ուրիշ ապրումներ։ Դա՞րը, Կովկա՞սը, բարքե՞րը։ Անշուշտ։ Ա՛ն՝ որ խղճմտութեամբ պիտի մօտենար այս հարցումներով թելադրուած ներքին իրողութիւններու, ուրիշ խօսքով՝ պիտի ուզէր վերարտադրել 1750 մը, Արեւելքի այդ անկիւնին, ծանր ուսումնասիրութիւններէ, հաւաքումներէ, ստոյգ վաւերաթուղթերու մթերքէ մը վերջ, թերեւս ըլլար ի վիճակի գլուխ–գործոց մը ստեղծելու, ինչպէս ըրած է Ֆլոպէռ Սալամպօ »)։ Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի աւանդութիւնը մեզի հասցուցած է տարօրէն իրաւ, կենդանի տրամայի մը բոլոր կմախքը։ Խօսեցայ իր քահանահութենէն։ Թելադրեցի այս իրողութեան մեզմէ ծածկուած խորհուրդը, անշուշտ անապահով ձեւով մը։ Բայց ոչ մէկ հակափաստ՝ այդ տրաման ազատելու համար պալատական էնթրիքէ մը։ Ուղղափառ պատմումը, որուն համեմատ աշխարհէն զզուած, հոգին շահելու հետամուտ մարդ մը ինքզինքը կը դագաղէ սքեմին մէջ, հաճելի, բայց անարձագանգ, գուլ լուծում մըն է։ Մի առարկէք ինծի, թէ Սայաթ-Նովայի տաղերէն դժուար է բարձրանալ նման տրամայի մը։ Ունիմ անունը Ովիտիոսին, որուն համար անեքթոտիք պատմութիւնը ձգած է տրամաթիք յիշատակութիւն մը։ Պալատական, Օգոստոսի աստուածացման քուրմ, անոր շնորհներուն լայնօրէն հաղորդ, ու անոր պաշտպանութեանը ճամբով մեծատարած գայթակղութիւններու մունետիկ ու հեղինակ, աղուոր առտու մը հրաւէրը կ՚ընդունի անաղմուկ, հեռանալ Հռովմէն… Սեւ ծովու ափունքները։ Հարուածը, վճռական, որքան անսպասելի, կը պատուհասէր պալատական ծանր գայթակղութեան մը հեղինակը։ Ձեր ինչո՞ւն պէտք անունը, անունները կնոջ, կիներուն, որոնց փէշերէն, պատմուճաններէն կ՚իյնան հանգոյցները նման տրամաներուն։ Ովիտիոս, որ բանաստեղծն էր « Արուեստ սիրոյ » քերթուածներուն, գնաց այդ ամայքին մէջ քալելու իր երջանկութիւնը։ Պատմութիւնը կ՚աւանդէ, որ անիկա իր ներումը աղերսող բազմաթիւ գիրեր ղրկեց Հռովմ, որոնք անբաւական մնացին սիրտերը կակուղ ընելու։ Այս դրուագը հոս, ա՛յն իմաստով, որ յիշուած մեծահռչակ տաղարանին, ինչպէս metamorphoseներուն մէջ մենք հազիւ կը զգանք դարը, Օգոստոսի պալատը, քաղաքին ծանրակոյտ մեղքերը, ինչպէս գայթակղութիւնները, կիները, որոնցմէ կայսեր քոյրը կը մասնաւորուի իր լրբութեամբ, բարուազերծութեամբը, իրաւ էին այնքան ու առաւել քան իրական։ Հիմա, ձեզի կը ձգեմ վերակազմել տրաման ո՛չ թէ Թիֆլիսի նման սանկ ու  նանկ քաղաքի մը մէջ, խամաճիկ թագակիրի մը պալատը իրեն բեմ ունեցող, այլ՝ Օգոստոսի Հռովմի ու այս բառին զուգորդ բիւրաւոր զգայութիւնները։ Դուք իրաւ գլուխ-գործոցի մը ո՛չ թէ կմախքը, այլ փառքը ունիք ձեր ճիգը եթէ փորձէք վարձատրող։ Սայաթ-Նովայի հետ մեզի տրամադրելի աշխարհը հեռու է Ովիտիոսին ընդարձակութենէն։ Ատիկա ամէնքս ալ գիտենք։ Բայց ունինք աւելի իմաստալից, նուաճումներու պատեհութիւն մը։ ԺԸ. դարու Արեւելքը, ի մասնաւորի Կովկասը, այսինքն՝ երկրամաս մը, ուր երեք աշխարհներու Արեւելք, Արեւմուտք ու Հարաւ, այսինքն՝ այդ օրերու քաղաքակրթութեանց մեծ հոսանքներուն աւազանները իրարու կը միանան, իբր յաղթանակ ու պարտութիւն, հեշտանք ու գերութիւն, խենթութիւն ու թշուառութիւն, ինչպէս է պարտքը ըլլալ այդ խառնածին կեդրոններուն։ Մեր գիտցա՞ծը այս ամէնէն, այս գրեթէ անծանօթ աշխարհէն։ Գրեթէ ոչինչ։