Երբ հիները կը կարդանք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ.

Որքան արգահատելի մէկն ես, պարոն քննադատ, չցաւիս։ Կը սիրես, որ մարդիկ բառերը չներկեն, չփաթթեն վաթկայի ու նետեն այնպէս՝ ինչպէս կու գան անոնք մեր սիրտէն։ Ատ է, որ կ՚ընեմ հիմա։ Բայց դարձեալ չեմ սա ժամուն հոս, որպէսզի մեղքերուդ բուրգերը դիզեմ հոգիիդ տաշտերուն։ Ատիկա ըրին տարիներ ու տարիներ անմեղն ու մեղաւորը, տգէտն ու իմաստունը։ Դուն կուշտ ես փառքէն ու պարսաւէն։ Հաստ գիւղացիի գլուխդ ա՛լ չի կրնար բարակնալ՝ հոն ընդունելու համար քու Սփիւռքին կշիռները, պարսաւ թէ դրուատիք։ Բայց եկեր եմ քեզի օգնելու, որ չարչարանքիդ չափ մը դնես, ու չվատնես վերջին ուժերդ՝ փնտռելու համար պարզագոյն բաները, որոնք շուրջդ են ապրեր, խառնուեր քեզի, յուշեր քու ամբարիշտ հպարտութիւնը, արժեր քեզի սրտանց արցունքներ։ Ասոնք քու ժողովուրդիդ խորհուրդին տարրերն են ու դուն փոխանակ զանոնք հաւաքելու քու ճամբէդ, քու կէս դարէդ, ելեր ես ճամբայ, պատմութիւնն ի վար, անձնաւորելու այդ խորհուրդէն ամէնէն յստակ կերպադրող ապրումներ։ Մա՛րդ Աստուծոյ, ի՜նչ իրար ես անցեր։ Ես քեզի խօսեցայ բաներէ, որոնք քուկդ էին եղեր, քու արուեստիդ հիմնատարրը։ Խորհուրդ մըն է քու պատկերը, զոր ամէն րոպէ կը խնկարկես մոլեռանդ սարկաւագի մը նման մահաբեմին հանուա՜ծ, հեռու՝ բոլոր սիրելիներէդ, մտքիդ՝ քու գեղի սօսին, անոր տակ տէրտէրը, քոքուրները, ընկերներդ, մեծն ալ, պզտիկն ալ, խաղաղ, գոհ ու երջանիկ, որ քեզ կը յանձնեն պապերուդ գերեզմանին, իրենց մատներէն հողը հոսելով, որպէսզի փակուին, կշտանան զգայարանքներդ։ Ատիկա քու հոգեվարքդ է, ամէն օր կրկնուող ու երբեք չաղօտող։ Կը զայրանաս քեզի սպասող փոսէն, որ չոր է ու անծաղիկ, օտար է ու արեւակեզ, յիմար է ու անարգաւանդ։ Հիմա, գործած է խելքդ, ինծի հետ ու քեզի համար։ Դուն մասնագէտ ես կեանքը գիրքի վերածելու յիմարութեան։ Թափ տուր ուժերուդ։ Պիտի չըլլա՞ս խանդավառ պատկերէն, որ քու գերեզմանն է, հեռու՝ քու բոլոր պաշտումներէդ։ Այսպէս է գրուած գիրը կարգ մը ժողովուրդներու։ Դուն ես ըսողը։ Հայեցի խորհուրդին մէկ սրտառուչ միութիւնն է սա անխուսափելի գիրը ըմբռնելու պարկեշտութիւնը։ Շատ, շա՜տ բան է մեռնիլը։ Ասիկա մի կարծեր, որ տխուր է, երբ կ՚ըսուի։ Ասիկա ապրեցաւ քու ժողովուրդդ, կեանքին տեղ, այսինքն՝ անոր լայնագոյն բաժինին փոխարէն։ Ուրիշներու համար անիկա պսակ մըն էր։ Քու ժողովուրդիդ համար բռնաքանդ ընդհարում մը։ Խորհէ թիւին միլիոններուն, որոնք երիտասարդ ու պատանի, իրենց մարմիններուն բոլոր ուժերը առած՝ իջան հող։ Այս չէ՞ր անշուշտ գիրը ուրիշներուն։ Մեռնիլը գերութիւն մը չէ, ոչ ալ՝ պարտք մը։ Գեղեցկութի՞ւն մը, ո՞ւժ մը, կեանքի հրաւէ՞ր մը, դա՞ս մը։ Ինչո՞ւ չէ։ Քու ժողովուրդէդ բիւր բիւրերու աչքերը այդ մահը տեսան օտարութեան անդունդներուն, ջարդի դաշտերուն, կրակներու կարմիր պատանքին, բայց չտկարացա՜ն, տղա՛ս։ Աս ալ քու հպարտութիւնը ըլլայ։ Մահը կեանքին յանգումը դաւանելու չափ տափակ վարժապետ մը չես։ Բայց չես յիմար ոճաբանն ալ՝ զայն կեանքին սկիզբը յայտարարող։ Հայեցի խորհուրդին ամէնէն սրտառուչ մասը մահուան հանդէպ սա ընկալչութիւնն է, մահէն անդին քու նիւթական կեանքին երկարաձգումն է։ Դուն ինքդ գրած ես քանի՜–քանի՜ տեղ, որ մեռելոցները մեր ամէնէն ուրախ, հոգելից, սփոփարար տօնախմբութիւններն են։ Իր պապերը կանչել, անոնց յաղթանակները լսելու իրենց բերաններէն, վարժութիւն մըն է ու ախորժակ մը։ Թուրքերը իրենց մեռելներէն այդ միայն ուզեցին։ Իր պապերը  կանչել, անոնցմէ լսելու համար իրենց նահատակութեան վկայութիւնները, անոնցմէ առնելու համար դասը մահուան, իրա՛ւ որ բացառիկ է ու կը կազմէ հայեցի խորհուրդին ամէնէն սրտառուչ միութիւններէն մէկ ուրիշը։ Ահա թե ինչու գեղեցկութիւն, ուժ, կեանք, դաս, լաւատեսութիւն բառեր ըլլան, որոնք մեզի երբ բացուին, կը տանին «մահուամբ մահը կոխելու» աստուածային տարազին, զոր պզտիկուց երգեցիր գեղիդ եկեղեցին, հաւանաբար հեռու անոր իրական հասկացողութենէն։ Բայց այս գերութիւնը (մահուան)՝ քու մասնագիտութիւնդ։ Ըրիր գրականութիւն մը, որուն խորագոյն ալքերը մինչեւ այդ գերութիւնը ճառագայթալիր կը տիրապետէ։ Հայեցի խորհուրդը, երբ ուզես տեսնել բառերու տաշեղներէն դուրս, այս պարզութիւնն է ահա աշխարհի ամէնէն անըմբռնելի խորհուրդը ազգայնացնելու։ Չեմ ըսեր, որ հայ մահ մը կայ, թուրք մահուան մը դէմ։ Բայց վստահաբար կը յայտարարեմ, որ հայն ու թուրքը մէկ չեն մեռնիր։ Այսինքն՝ հայուն մեկնումը մնացողներուն համար հիմնովին տարբեր զգայութիւններու հանդէս մըն է, երբ բաղդատուի թուրքին մեկնումէն վերջ այդ շիջումը դասաւորող, հասկցող, արժեւորող հոգեխառնութեան։ Հայեցի խորհուրդին ուրիշ միութիւննե՞րը։ Անշո՜ւշտ։ Ու նոյն կարեւորութեամբ, նոյն գեղեցկութեամբ։ Ապրիլը, տղա՜ս, ապրի՛լը, որ զարմանալի կերպով կենսաւէտ կարգախօս մըն է քու ժողովուրդիդ, ո՛ւր որ ալ նետեն զայն իր ճակատագրին փոթորիկները։ Ապրի՜լը, չոր գետնի, քարին վրայ, ինչպէս կ՚ըսէ երգը։ Ապրի՜լը, պալատներու խորը: Ապրի՜լը, իր խրճիթին սուգ ու շիւանին մէջն ալ ։ Լայն է ծիրը այս բառով ընդգրկելի իրականութիւններուն։ Դուն պիտի յոգնիս ու կեանքը պիտի չդադրի խուժելէ կախարդական այդ շրջանակէն ներս։ Դուն պիտի մնաս անբաւարար, հոն սեղմելու համար այն ամէնը, զոր քու ժողովուրդը պարզած է, իր հոգեղէն դրութիւնը բիւրեղակերպ յօրինելու ատեն, անսալով լուռ, բայց հզօր ձայներու: Դուք գիտե՞ս, թէ ի՜նչ կը լսեն թուրքերը իրենց միսերէն։ Մտածէ ու պիտի գտնես այդ ձայներուն ոճը իրենց պատմութեան ներսը, որ միասին մոխիրն է, բայց միսը բացատրող։ Չեմ բացուիր։ Իմ ինչո՛ւն է պէտք թուրքը։ Դուն «անկաճ արա» այդ ձայներուն, ու պիտի տեսնես, որ ամէն մէկ շարժում քու պապերէդ, նախորդներէդ, ժամանակակիցներէդ լայն, անուշիկ, պարզուկ կամ արքենի պողոտայ մըն է դէպի շէնքը, այսինքն՝ անխելք քարին ոճի մը հպատակիլը, անբեր դաշտին՝ կանչւորիլը, ճահիճին՝ խարտեաշ մարմնով արտ մը դառնալը։ Ամէն ձայն ճամբայ մըն է դէպի ապսէդ, այսինքն՝ այն հոծ, հարուստ կերպարանքները որոնք բլուրի մը փէշերը կը հագուեցնեն ներքին, դաշնակաւոր ձեւերով, տուն, խրճիթ, պալատ, կաթողիկէ, մայր տաճար ու անխելք, ամայի տեղի մը իմաստութեան յորդ խռովքները կը ստեղծեն կեանքին։ Ճամբաներ են, այդ ձայները՝ դէպի գեղեցկութիւնը, զոր քու ամբարիշտ, մանաւանդ մսապաշտ տատդ վերածած է նիւթեղէն տարազի, բայց որ, երբ դիտուի ներքին աչքերովը ժողովուրդներուն, կը դառնայ անբացատրելի համադրութիւն, այն անուշիկ, գրաւիչ, պարզ, բայց ազնուական շէնքը, որ մարմինն է բուսած, բխած հողէն ու ջուրէն, հագած՝ արեւին ոստայնը իբրեւ դիմակ, իւր երեսներուն, ու ճարած ներդաշնակ կաղապարը, համաչափ կերպարանքը, զոր կու տան խոնարհող ու ամբարձող ալիքները մեր հողերուն, մեր անտառներուն ծառերը ու մեր լեռներուն թուփերը։ Մի՛ ըսեր ինծի, որ կը նետեմ ու կը բռնեմ, ինչպէս քու օրերուդ քննադատները։ Կայ գեղեցկութիւնը ու անոր օրէնքներէն առաջ, զայն ըլլալո՜ւ գիտութիւնը։ Պարապ տեղը չէ, որ աւելի քան վաթսուն տարի իմ քամանչան ու իմ լռին նուագը զովքը ըրին այդ խորհուրդին։ Պարապ տեղը չէ, որ իր արտաքին կեղեւանքէն երբ ազատես մեր ձեւերը, դուն պիտի սերիս քու զգայութիւններուդ սիրտ առնող քաղցրութենէն։ Հողերը հոգի մը ունին ու կերպարանք մը։ Ծաղիկը փոխադրէ Արագածի ոտքերէն Ափրիկէի անապատները, ջուրերուն յորձանքին ու պիտի տեսնես, որ ամէնէն առաջ այդ ծաղիկէն փոխուածը հոգին է։ Ու կարճ, կա՛րճ, կա՜րճ պէտք է ըլլալ, այնքան ամէն բան իմ հոգեղէն աչքերուն հագած է իր բուն կերպարանքը։ Երբ կը պտըտէի քամանչան ուսիս, մեր կանանչներուն, այգիներուն, արտերուն եզերքները, կ՚ազդուէի, բայց հեռու էի հիմակուան զգայութիւններէն։ Այդ բարիքները ես կը դնէի ինձմէ, իմ ժողովուրդէն դուրս ազդակներու ծիրին։ Հիմա կրնամ ըսել, որ հոգի բուսնող հողեր կան աշխարհի երեսին։ Երկիրները անշուշտ իր դնեն իրենց կնիքը զիրենք վարող ժողովուրդներուն։ Բայց շրջէ տարազը, ու պիտի գտնես, որ մենք ենք, որ մեր հողերուն գրած ենք մեր կնիքը։ Արիւն ու կրակ արդիւնաբերող հողե՞րը։ Անշո՜ւշտ, բայց աւելի ճիշդ՝ հողէն աւերակ ստեղծող ժողովուրդնե՜րը։ Ու կը հասկնաս։ Ամէնէն անժուժելի զրկանքներուն, անդիմադրելու արգելքներուն հակառակ, քու ժողովուրդդ քարն ու աւազը, ձիւնն ու կարկուտը, երաշտն ու սառուցիկ քամին իր հոգեղէն քուրային մէջ որքան բնական կերպով մը վերածեց կաթի եւ մեղրի, իւղի եւ ցորենի, մետաքսի ու ոսկիի։ Ընդարձակէ այս կախարդական ալշիմին, աւելի անդին, քան նիւթին սահմանները, ընկալչութիւնը, ըսել  կ՚ուզեմ՝ գործադրէ փոխակերպման նոյն տարազները ոգիին ալ մթերքին վրայ, որպէսզի ըլլաս խելամուտ, թէ ի՛նչ անըմբռնելի ծորումներու ազդեցութեամբ բոլոր երիտասարդ նահատակներուն արիւնը ըլլար ողջերուն վառ երազ, մօտիկ ու անդիմադրելի։ Որպէսզի դադրէր իր հրաշքէն ու դառնար ըմբռնելի պատմութիւն մը, որ անընդմէջ կործանումներու շարայարում մըն է, քան թէ իրարու յաջորդ սերունդներու արդիւնքներուն մթերագիրը։ Որպէսզի հասկնայիր, թէ ամէն դարու առնուազն քանի մը անգամ մինչեւ իր ընդերքները տրորուող, քարուքանդ փորուող, հերկուող մեր երկիրը յարդարէր իր աւերմունքը, բերէր քով քովի մատուռն ու խրճիթը, մաքրէր սեւերը այրուցքին, ծառերէն ու հողերէն ու դառնար սկզբնատիպ ոճին, որուն կարկինը մատները եղան իմ ժողովուրդին, որուն օրէնքները ձեւ առին իմ ժողովուրդին ուղեղէն, որուն գեղեցկութիւնը, կնիքը տուին մեր սիրտը, արիւնը, հոգին։ Շէնք ու շինութիւն։ Բերք ու բարիք։ Ջերմութիւն ու հրապոյր: Ոգեղէն փարթամութիւն ու նիւթեղէն գեղեցկութիւն։ Սխրանք ու գինովութիւն: Պար ու սլացք։ Արիութիւն ու չարքաշութիւն ։